Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

JW.ORG կայքին գլխաւոր էջը գործածէ ծառայութեան մէջ

JW.ORG կայքին գլխաւոր էջը գործածէ ծառայութեան մէջ

Մեր կայքին գլխաւոր էջին վրայ կան յօդուածներ եւ վիտէօներ, որոնք կրնան Վկայ չեղող անձերու ուշադրութիւնը գրաւել (Գործք 13։48)։ Հոն ընդհանրապէս կը գտնենք նիւթեր, որոնք լուրերուն մէջ կը լսենք կամ մարդոց օրուան նիւթն են։

Ինչպէ՞ս կրնաս jw.org կայքին գլխաւոր էջը գործածել ծառայութեան մէջ։

  • Միշտ կայքը աչքէ անցուր։ Նկատի առ այն նիւթերը որոնք էջին վերի մասը կը գտնուին՝ «Աչքառու նիւթեր» բաժինին տակ։ Տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոնք գործածել հետաքրքրուած անհատի մը օգնելու (վերջերս գլխաւոր էջին վրայ անցած ուրիշ նիւթեր գտնելու համար, սեղմէ «Ուրիշ» կոճակը)։ Կայքը միշտ աչքէ անցընելը քեզի կ’օգնէ որ նոր գաղափարներ գործածես ծառայութեան ատեն։

  • Գլխաւոր էջին վրայ գտնուող յօդուածները եւ վիտէօները գործածէ խօսակցութիւն մը սկսելու մէկու մը հետ։ Ատոնք մեզի գաղափար մը կու տան որ մարդիկ ի՛նչ նիւթերով հետաքրքրուած են այս օրերուն։

  • Մարդոց ցուցուր գլխաւոր էջը։ Անհատին ուշադրութեան յանձնէ որոշ նիւթեր եւ ցոյց տուր որ ինչպէ՛ս կրնայ տեղեկութիւններ գտնել կայքին վրայ։

  • Կապ (link) մը ղրկէ։ Կարգ մը մարդիկ չեն ուզեր մեզի հետ երես–երեսի խօսիլ, բայց խնդիր չունին մեր կայքը այցելելու։ Ուրեմն կրնաս հետաքրքրուած անհատներուն ղրկել գլխաւոր էջին կապը կամ հոն գտնուող որոշ յօդուածի մը կամ վիտէոյի մը կապը։