Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ Աստուծոյ տուած իմաստութիւնը ունենան

Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ Աստուծոյ տուած իմաստութիւնը ունենան

Ո՛վ ծնողներ, երբ ձեր զաւակներուն կ’օգնէք որ ժողովներէն օգտուին, անոնց օգնած կ’ըլլաք որ Աստուծոյ տուած իմաստութիւնը ունենան։ Ժողովներուն ընթացքին, ի՛նչ որ անոնք կը տեսնեն, կը լսեն եւ իրենց պատասխաններուն մէջ կ’ըսեն, կրնան իրենց օգնել որ Եհովային մասին սորվին եւ իր բարեկամը ըլլան (Բ. Օր. 31։12, 13)։ Եթէ ծնող մըն ես, ինչպէ՞ս կրնաս զաւակիդ օգնել որ ժողովներէն օգտուի։

  • Լաւագոյնդ ըրէ որ ժողովներուն ներկայ ըլլաս թագաւորութեան սրահին մէջ (Սաղ. 22։22)

  • Ժամանակ տրամադրէ որ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ընկերակցիս ժողովէն առաջ կամ վերջ (Եբ. 10։25)

  • Վստահ եղիր որ ընտանիքիդ ամէն մէկ անդամ ունի ժողովին ընթացքին սերտուելիք հրատարակութիւններէն օրինակ մը, ըլլա՛յ ելեկտրոնային ձեւով կամ տպուած

  • Զաւակիդ օգնէ որ իր բառերով պատասխան պատրաստէ (Մատ. 21։15, 16)

  • Լաւ բաներ խօսէ ժողովներուն մասին եւ մեր սորված բաներուն մասին

  • Զաւակներուդ օգնէ որ մասնակցին սրահը մաքրելու եւ տարիքով մեծ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ խօսելու

Շատ ջանք կ’ուզէ որ զաւակներուդ օգնես որ Եհովային մօտենան։ Ատիկա ատեններ կրնայ ուժդ սպառել։ Բայց կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ (Եսա. 40։29

ԴԻՏԷ Ո՛Վ ԾՆՈՂՆԵՐ, ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԵՒ ԻՐ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀԵՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Յոգնութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէր Զէքին եւ Լիային։

  • Ծնողները ինչո՞ւ պէտք է Եհովային զօրութեան վստահին։

  • Զէքը եւ Լիան ի՞նչ կերպերով Եհովային վստահեցան։