Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 3

Եհովային համար արժէքաւոր ես

Եհովային համար արժէքաւոր ես

‘Մեր նուաստութեան մէջ մեզ յիշեց’ (ՍԱՂ. 136։23, ԱԾ

ԵՐԳ 38 Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Եհովայի ծառաներէն շատեր ի՞նչ պարագաներ կը դիմագրաւեն, եւ ինչպէ՞ս կրնան ազդուիլ։

ՆԿԱՏԻ առ հետեւեալ երեք պարագաները. բժիշկը երիտասարդ եղբօր մը կ’ըսէ, որ ահռելի հիւանդութիւն մը ունի, որ զինք օրէ օր պիտի տկարացնէ։ Միջին տարիքի աշխատասէր եղբայր մը իր գործը կը կորսնցնէ, եւ շատ ջանք կ’ընէ որ ուրիշ գործ մը գտնէ, բայց չի գտներ։ Տարեց հաւատարիմ քոյր մը չի կրնար ընել ինչ որ անցեալին Եհովայի ծառայութեան մէջ կ’ընէր։

2 Եթէ նշուած պարագաներէն մէկը կը դիմագրաւես, թերեւս զգաս որ այլեւս բանի՛ մը չես ծառայեր։ Այդ պարագաները կրնան ուրախութիւնդ խլել, ինքնայարգանքդ քանդել եւ ուրիշներու հետ փոխյարաբերութեանդ մէջ խնդիրներ պատճառել։

3. Սատանան եւ իր ազդեցութեան տակ եղող մարդիկը ինչպէ՞ս կը նկատեն մարդկային կեանքը։

3 Այս աշխարհը մարդկային կեանքի նկատմամբ Սատանայի տեսակէտը ունի։ Սատանան միշտ մարդոց հետ վարուած է այնպիսի կերպով մը, որ կարծես արժէք կամ կարեւորութիւն չունին։ Գիտնալով թէ հետեւանքը մահ է, ան անգթօրէն Եւային ըսաւ, որ Աստուծոյ չհնազանդելով ազատ պիտի ըլլայ։ Սատանան այս աշխարհի առեւտրական, քաղաքական եւ կրօնական դրութիւնները միշտ իր հակակշռին տակ պահած է։ Ուստի զարմանալի չէ որ շատ մը առեւտրականներ, քաղաքագէտներ եւ կրօնական առաջնորդներ նոյնպէս չեն յարգեր մարդկային կեանքն ու արժանապատուութիւնը։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Միւս կողմէ, Եհովան կ’ուզէ որ գիտակցինք թէ մենք արժէքաւոր ենք, եւ մեզի կ’օգնէ, երբ կ’անցնինք պարագաներէ, որոնք կրնան մեզի անարժէք զգացնել (Սաղ. 136։23, ԱԾ. Հռով. 12։3)։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ հետեւեալ պարագաներուն մէջ. 1) երբ կը հիւանդանանք, 2) երբ նիւթական նեղութիւն կ’ունենանք, եւ 3) երբ ծերութեան պատճառով կը զգանք, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ օգտակար չենք կրնար ըլլալ։ Սակայն նա՛խ տեսնենք, թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ իւրաքանչիւրս Եհովային համար արժէքաւոր ենք։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ Կ’ԱՐԺԵՒՈՐԷ

5. Ի՞նչը քեզի կը փաստէ որ մարդ արարածը Եհովայի աչքին արժէքաւոր է։

5 Թէեւ երկրի հողէն շինուած ենք, բայց ափ մը հողէ շա՜տ աւելի արժէքաւոր ենք (Ծն. 2։7)։ Նկատի առ միայն քանի մը պատճառներ, թէ ինչո՛ւ Եհովային համար արժէքաւոր ենք։ Ան մարդը ստեղծեց իր յատկութիւնները ընդօրինակելու կարողութեամբ (Ծն. 1։27)։ Այդպէս ընելով, ան մեզ երկրի վրայ եղող բոլոր ստեղծագործութիւններէն աւելի բարձրացուց, եւ հեղինակութիւն տուաւ որ երկրին եւ անասուններուն հոգ տանինք (Սաղ. 8։4-8

6. Ուրիշ ի՞նչ փաստ ունինք, թէ Եհովան անկատար մարդիկը կ’արժեւորէ։

6 Նոյնիսկ Ադամ մեղք գործելէն ետք, Եհովան շարունակեց մարդիկը արժեւորել։ Ան մեզ այնքա՛ն կ’արժեւորէ, որ իր սիրելի Որդին՝ Յիսուսը, որպէս փրկանք տուաւ մեր մեղքերուն համար (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Եւ փրկանքին օգուտները կիրարկելով, Եհովան յարութիւն պիտի տայ Ադամի մեղքին պատճառով մեռնողներուն՝ «թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Իր Խօսքը ցոյց կու տայ, թէ մենք իրեն համար արժէքաւոր ենք՝ ի՛նչ ալ ըլլայ մեր առողջութիւնը, նիւթական վիճակը կամ տարիքը (Գործք 10։34, 35

7. Ի՞նչ յաւելեալ պատճառներ ունինք հաւատալու, թէ Եհովան մեզ կ’արժեւորէ։

7 Յաւելեալ պատճառներ ալ ունինք հաւատալու, թէ Եհովան մեզ կ’արժեւորէ։ Օրինակ, ան մեզ իրեն քաշած է եւ նկատած է, թէ ինչպէ՛ս բարի լուրին ընդառաջեցինք (Յովհ. 6։44)։ Երբ սկսանք Եհովային մօտենալ, ան մեզի մօտեցաւ (Յակ. 4։8)։ Եհովան նաեւ ջանք ու ժամանակ կը տրամադրէ մեզի սորվեցնելու, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ մենք իր աչքին արժէքաւոր ենք։ Ան գիտէ թէ ի՛նչ տեսակ անձեր ենք հիմա եւ ինչպիսի՛ մէկը կրնանք ըլլալ։ Եւ մեզ կը խրատէ ու կը յանդիմանէ, քանի որ մեզ կը սիրէ (Առ. 3։11, 12)։ Ի՜նչ զօրաւոր ապացոյցներ, թէ Եհովան մեզ կ’արժեւորէ։

8. Սաղմոս 18։27-29–ի խօսքերը ինչպէ՞ս կրնան ազդել մեր խնդիրներուն նկատմամբ մեր կեցուածքին։

8 Ոմանք Դաւիթ թագաւորը անարժէք նկատեցին, բայց ան գիտէր թէ Եհովան զինք կը սիրէր եւ իրեն թիկունք կը կանգնէր։ Այդ միտքը Դաւիթին օգնեց, որ ճիշդ կեցուածքով իր պարագային տոկայ (Բ. Թագ. 16։5-7)։ Երբ վհատած կ’ըլլանք կամ խնդիրներ կ’ունենանք, Եհովան կրնայ մեզի օգնել, որ հարցերը տարբեր տեսանկիւնէ դիտենք, եւ կրնայ մեզի օգնել որ որեւէ խոչընդոտ յաղթահարենք (կարդա՛ Սաղմոս 18։27-29)։ Երբ Եհովայի աջակցութիւնը ունինք, ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք ըլլալ որ ուրախութեամբ իրեն ծառայենք (Հռով. 8։31)։ Հիմա նկատի առնենք երեք մասնայատուկ պարագաներ, երբ յատկապէս պէտք է յիշենք, որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ կ’արժեւորէ։

ԵՐԲ ՀԻՒԱՆԴ ԵՆՔ

Եհովայի ներշնչեալ խօսքերը կարդալը մեզի պիտի օգնէ, որ հիւանդութեան պատճառած ժխտական զգացումներուն հետ գլուխ ելլենք (տե՛ս պարբերութիւն 9-12)

9. Հիւանդութեան պատճառաւ թերեւս մեր անձը ինչպէ՞ս կը նկատենք։

9 Հիւանդութիւնը կրնայ զգացականօրէն մեզ սպառել, զգացնելով թէ այլեւս մէկու մը գործի չենք ծառայեր։ Թերեւս նեղ կացութեան մատնուինք, երբ մարդիկ նշմարեն մեր սահմանափակումները կամ երբ ուրիշներու մատուցած օգնութենէն կախեալ ըլլանք։ Նոյնիսկ երբ ուրիշներ մեր հիւանդութենէն տեղեակ չեն, թերեւս ամօթ զգանք, քանի որ չենք կրնար ընել բաներ, որոնք սովորաբար կ’ընէինք։ Այսպիսի ճնշիչ ատեններ, Եհովան մեր տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ։ Ինչպէ՞ս։

10. Առակաց 12։25–ի համաձայն, ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել երբ հիւանդ ենք։

10 Երբ հիւանդ ենք, «աղէկ խօսքը» կրնայ մեզ քաջալերել (կարդա՛ Առակաց 12։25)։ Աստուածաշունչին մէջ Եհովան լաւ խօսքեր պահած է, որոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ մենք իրեն համար թանկագին ենք, թէեւ հիւանդ ենք (Սաղ. 31։19. 41։3)։ Եթէ այդ ներշնչեալ խօսքերը կրկին անգամ կարդանք, Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ հիւանդութեան պատճառած ժխտական զգացումներուն հետ գլուխ ելլենք։

11. Եղբայր մը ինչպէ՞ս Եհովայի օգնութիւնը շօշափեց։

11 Նկատի առ երիտասարդ Խորխէի փորձառութիւնը։ Ան ահռելի հիւանդութենէ մը բռնուեցաւ, որ արագօրէն ծանրացաւ եւ իրեն անարժէք զգացուց։ Խորխէն կ’ըսէ. «Պատրաստ չէի այն վատ զգացումներուն, որ հիւանդութեանս պատճառաւ ունեցայ, ոչ ալ այն ամօթին, որ զգացի քանի որ մարդիկ ինծի կը նայէին։ Մինչ վիճակս ա՛լ աւելի գէշ եղաւ, մտածեցի թէ կեանքս որքա՜ն պիտի փոխուի։ Քանդուած էի, եւ Եհովային աղաչեցի որ ինծի օգնէ»։ Եհովան իրեն ինչպէ՞ս օգնեց։ «Որովհետեւ կեդրոնանալու դժուարութիւն ունէի, քաջալերութիւն տրուեցաւ որ սաղմոսներէն կարճ հատուածներ կարդամ, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովան իր ծառաները կը հոգայ։ Այդ քանի մը համարները ամէն օր կը կարդայի եւ անոնցմով կը մխիթարուէի։ Ժամանակի ընթացքին, ուրիշներ նկատեցին, թէ աւելի յաճախ կը ժպտայի։ Անոնք նոյնիսկ ըսին, որ դրական կեցուածքս զիրենք քաջալերեց։ Անդրադարձայ որ Եհովան աղօթքներուս պատասխանա՛ծ էր։ Ան ինծի օգնած էր որ անձիս հանդէպ տեսակէտս փոխէի։ Սկսայ կեդրոնանալ իր Խօսքին ըսածին վրայ, թէ ինչպէ՛ս զիս կը նկատէ հակառակ հիւանդութեանս»։

12. Եթէ հիւանդ ես, ինչպէ՞ս կրնաս Եհովայի օգնութիւնը ստանալ։

12 Եթէ հիւանդ ես, վստահ եղիր որ Եհովան գիտէ թէ ինչերէ կ’անցնիս։ Աղաչէ որ քեզի օգնէ վիճակիդ նկատմամբ ճիշդ տեսակէտ ունենալու։ Ապա Սուրբ Գիրքին մէջ գտիր այն աղէկ խօսքերը, որոնք Եհովան քեզի համար պահած է։ Կեդրոնացիր այն համարներուն վրայ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Եհովան իր ծառաները շա՜տ կ’արժեւորէ։ Մինչ այդպէս կ’ընես, պիտի տեսնես որ Եհովան քաղցր է բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք հաւատարմօրէն իրեն կը ծառայեն (Սաղ. 84։11

ԵՐԲ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՍ

Մեզի հոգ տանելու Եհովայի խոստումը յիշելը պիտի օգնէ մեզի, երբ գործ գտնելու դժուարութիւն ունենանք (տե՛ս պարբերութիւն 13-15)

13. Երբ ընտանիքի գլուխ մը իր գործը կորսնցնէ, թերեւս ինչպէ՞ս զգայ։

13 Իւրաքանչիւր ընտանիքի գլուխ կ’ուզէ իր ընտանիքին ապրուստը ճարել։ Բայց սեպէ որ եղբայր մը իր գործը կը կորսնցնէ, թէեւ սխալ բան մը չէ ըրած։ Ան ամէն ջանք կ’ընէ, որ ուրիշ գործ մը գտնէ, բայց ի զուր։ Այս պարագաներուն ներքեւ, ան թերեւս անարժէք զգայ։ Եհովայի խոստումներուն վրայ կեդրոնանալը ինչպէ՞ս կրնայ իրեն օգնել։

14. Եհովան ի՞նչ պատճառներով իր խոստումները կը պահէ։

14 Եհովան մի՛շտ իր խոստումները կը պահէ (Յես. 21։45. 23։14)։ Ան այդպէս կ’ընէ զանազան պատճառներով։ Նա՛խ, իր անունը կամ համբաւը խնդրոյ առարկայ է։ Եհովան խօսք տուած է, որ իր հաւատարիմ ծառաներուն հոգ պիտի տանի, եւ իր այդ խոստումը կատարելու պարտաւոր կը զգայ (Սաղ. 31։1-3)։ Ասկէ զատ, ան գիտէ որ մենք, որ իր ընտանիքին մէկ մասն ենք, յուսախաբ պիտի ըլլանք եւ յուսահատինք, եթէ մեզի հոգ չտանի։ Ան կը խոստանայ պէտք եղածը մեզի տալ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ հոգեւորապէս, եւ բա՛ն մը արգելք պիտի չըլլայ որ իր խոստումը կատարէ (Մատ. 6։30-33. 24։45

15. ա) Առաջին դարու քրիստոնեաները ի՞նչ դժուարութիւն դիմագրաւեցին։ բ) Սաղմոս 37։18, 19–ը ի՞նչ վստահութիւն կը ներշնչէ։

15 Երբ յիշենք թէ Եհովան ինչո՛ւ իր խոստումները կը պահէ, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեզի պիտի օգնէ, երբ դժուար ըլլայ ապրուստ ճարելը։ Նկատի առ առաջին դարու քրիստոնեաներուն օրինակը։ Երբ մեծ հալածանք սկսաւ Երուսաղէմի ժողովքին դէմ, «առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան» (Գործք 8։1)։ Մտածէ թէ ատիկա ի՛նչ նշանակեց։ Նիւթական նեղութիւն։ Քրիստոնեաները հաւանաբար իրենց տուներն ու գործերը կորսնցուցին։ Սակայն Եհովան զիրենք չլքեց, ոչ ալ իրենք իրենց ուրախութիւնը կորսնցուցին (Գործք 8։4. Եբ. 13։5, 6. Յակ. 1։2, 3)։ Ան այդ հաւատարիմ քրիստոնեաներուն օգնեց, եւ մեզի ալ պիտի օգնէ (կարդա՛ Սաղմոս 37։18, 19

ԵՐԲ ԾԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՏՈԿԱՍ

Կեդրոնանալով այն բանին վրայ, որ կրնանք ընել նոյնիսկ ծեր տարիքին, վստահ պիտի ըլլանք որ Եհովան կ’արժեւորէ մեզ եւ մեր հաւատարիմ ծառայութիւնը (տե՛ս պարբերութիւն 16-18)

16. Ո՞ր պարագան կրնայ պատճառ դառնալ որ մտածենք, թէ Եհովան չ’արժեւորեր մեր պաշտամունքը։

16 Մինչ կը ծերանանք, թերեւս սկսինք զգալ որ Եհովային տալիք քիչ բան ունինք։ Դաւիթ թագաւոր թերեւս նոյնանման զգացումներ ունեցաւ երբ ծերացաւ (Սաղ. 71։9)։ Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

17. Ճերիին փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

17 Նկատի առ Ճերի անունով քրոջ մը փորձառութիւնը։ Ան հրաւիրուեցաւ Թագաւորութեան սրահին մէջ տեղի ունեցող դասընթացքի մը, որ եղբայրները պիտի մարզէր Եհովայի պաշտամունքին համար գործածուող շէնքերը նորոգելու։ Սակայն ան չուզեց երթալ, մտածելով. «Ես ծեր եմ, այրի եմ, եւ հմտութիւն մը չունիմ, որ Եհովան կրնայ գործածել։ Անօգուտ եմ»։ Դասընթացքին նախորդող գիշերը, ան աղօթքով իր սիրտը թափեց Եհովային առջեւ։ Երբ յաջորդ օրը Թագաւորութեան սրահ հասաւ, տակաւին հարց կու տար, թէ ինք հոն ի՛նչ կ’ընէր։ Յայտագրին ընթացքին, դասախօսներէն մէկը շեշտեց, թէ մեր ամէնէն կարեւոր հմտութիւնն է՝ պատրաստ ըլլալ Եհովայէն սորվելու։ Ճերին կը վերյիշէ. «Մտածեցի. ‘Ես այդ հմտութիւնը ունի՛մ’։ Սկսայ լալ, անդրադառնալով որ Եհովան աղօթքիս կը պատասխանէր։ Ան զիս կը վստահեցնէր, որ արժէքաւոր բան մը ունիմ տալիք եւ ինք պատրաստ է ինծի սորվեցնելու»։ Ան յետադարձ ակնարկ մը նետելով կ’ըսէ. «Դասընթացքին գացի՝ ջղագրգիռ, յուսահատ եւ անտրամադիր վիճակով։ Բայց վերադարձայ՝ ինքնավստահ, քաջալերուած եւ արժէքաւոր զգալով»։

18. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ Եհովան կը շարունակէ մեր պաշտամունքը արժեւորել մինչ կը ծերանանք։

18 Մինչ կը ծերանանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան տակաւին մեզի տալիք գործ ունի (Սաղ. 92։12-15)։ Յիսուս սորվեցուց, որ որքա՛ն ալ սահմանափակ կարողութիւններ ունենանք կամ մեր ջանքերը որքա՛ն ալ չնչին երեւին մեր աչքին, Եհովան կ’արժեւորէ ի՛նչ որ կ’ընենք իր ծառայութեան մէջ (Ղուկ. 21։2-4)։ Ուստի կեդրոնացիր այն բանին վրայ, որ կրնա՛ս ընել։ Օրինակ, կրնաս Եհովային մասին խօսիլ, եղբայրներուդ ու քոյրերուդ համար աղօթել եւ ուրիշները քաջալերել որ հաւատարիմ մնան։ Եհովան քեզ իր գործակիցը կը նկատէ, ոչ թէ իրագործած բաներուդ պատճառաւ, հապա քանի որ յօժարաբար իրեն կը հնազանդիս (Ա. Կոր. 3։5-9

19. Հռովմայեցիս 8։38, 39–ն մեզի ի՞նչ վստահութիւն կու տայ։

19 Որքա՜ն ուրախ ենք պաշտելով Եհովան, որ իրապէս կ’արժեւորէ իրեն ծառայողները։ Ան մեզ ստեղծեց իր կամքը կատարելու համար, եւ ճշմարիտ պաշտամունքն է, որ մեր կեանքը իմաստալից կը դարձնէ (Յայտ. 4։10բ)։ Թէեւ աշխարհը կրնայ մեզ անարժէք նկատել, սակայն Եհովան այդպէս չ’ըներ (Եբ. 11։16, 38)։ Երբ հիւանդութեան, նիւթական նեղութեան կամ ծերութեան պատճառաւ ջախջախուած զգանք, յիշե՛նք որ բա՛ն մը չի կրնար մեզ զատել մեր երկնաւոր Հօր սէրէն (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։38, 39

^ պարբ. 5 Անցա՞ծ ես պարագաներէ, որոնք քեզի անարժէք զգացուցած են։ Յօդուածը քեզի պիտի յիշեցնէ, որ Եհովան քեզ որքա՜ն կ’արժեւորէ։ Պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնաս ինքնայարգանքդ պահել՝ կեանքիդ մէջ ի՛նչ ալ պատահի։

ԵՐԳ 91 Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս