Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 6

Եհովան՝ մեր Հայրը, մեզ խորապէս կը սիրէ

Եհովան՝ մեր Հայրը, մեզ խորապէս կը սիրէ

«Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր’» (ՄԱՏ. 6։9

ԵՐԳ 89 Եհովայի ջերմ կոչը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Պարսկաստանի թագաւորին մօտենալու համար, հարկ էր ի՞նչ ընել։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ շուրջ 2500 տարի առաջ կ’ապրիս Պարսկաստանի մէջ։ Կ’ուզես թագաւորին հետ խօսիլ հարցի մը շուրջ, ուստի կը ճամբորդես Շուշան քաղաքը, ուր թագաւորը կը գտնուի։ Միտքէդ իսկ չես անցըներ թագաւորին երթալ, առանց իր արտօնութիւնը ստանալու։ Այլապէս, կրնաս կեանքդ կորսնցնել (Եսթ. 4։11

2. Եհովան կ’ուզէ որ իրեն մօտենալու նկատմամբ ի՞նչ զգանք։

2 Որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ Եհովան պարսիկներու թագաւորին պէս չէ։ Եհովան մարդկային ոեւէ իշխանէ աւելի զօրաւոր ու գերադաս է, բայց եւ այնպէս, որեւէ ժամանակ կրնանք իրեն խօսիլ։ Ան կ’ուզէ որ ազատ զգանք իրեն մօտենալու։ Օրինակ, թէեւ ան վեհ տիտղոսներ ունի, ինչպէս՝ Մեծ Ստեղծիչ, Ամենակալ եւ Գերիշխան Տէր, բայց մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն խօսինք գործածելով «Հայր» բառը (Մատ. 6։9)։ Մեր սիրտը որքա՜ն կը տոգորուի գիտնալով, թէ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն այսքան մօտիկ զգանք։

3. Ինչո՞ւ կրնանք Եհովան «Հայր» կոչել, եւ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

3 Տեղին է, որ Եհովան «Հայր» կոչենք, քանի որ ան մեր կեանքի Աղբիւրն է (Սաղ. 36։9)։ Եւ մեր Հայրը ըլլալով, պատասխանատուութիւն ունինք որ իրեն հնազանդինք։ Եթէ ընենք ինչ որ մեզմէ կը խնդրէ, հոյակապ օրհնութիւններ պիտի վայելենք (Եբ. 12։9)։ Այդ օրհնութիւններէն մէկն է՝ յաւիտենական կեանք, ըլլա՛յ երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ։ Եւ այսօր ալ օգուտներ կը քաղենք։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ի՛նչ բան կը փաստէ, որ Եհովան սիրառատ Հայր է այսօր, եւ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ ապագային մեզ բնա՛ւ պիտի չլքէ։ Բայց նա՛խ նկատի առնենք, թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզ շա՜տ կը սիրէ եւ կը հոգայ։

ԵՀՈՎԱՆ ՍԻՐԱՌԱՏ ԵՒ ՀՈԳԱՏԱՐ ՀԱՅՐ Է

Եհովան կ’ուզէ մեզի մօտիկ ըլլալ, ճիշդ ինչպէս որ հոգածու հայր մը կ’ուզէ իր զաւակներուն մօտիկ ըլլալ (տե՛ս պարբերութիւն 4)

4. Ոմանց համար ինչո՞ւ դժուար է Եհովան իրենց Հայրը նկատել։

4 Քեզի համար դժուա՞ր է Աստուծոյ մասին մտածել որպէս քու Հայրդ։ Ոմանք թերեւս խորհին որ Եհովան այնքա՛ն վսեմ է, որ մենք իր աչքին անկարեւոր ենք։ Անոնք կը կասկածին, որ Ամենակալ Աստուածը իրենցմով անհատապէս հետաքրքրուած է։ Բայց մեր սիրառատ Հայրը չ’ուզեր որ այդպէս զգանք։ Ան մեզի կեանք տուաւ եւ կ’ուզէ որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Աթէնքի մէջ Պօղոս առաքեալ այդ ճշմարտութիւնը նշելէ ետք, իր ունկնդիրներուն բացատրեց, թէ Եհովան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։24-29)։ Աստուած կ’ուզէ որ իւրաքանչիւրս իրեն դիմենք, ճիշդ ինչպէս որ պզտիկ մը իր գթասիրտ եւ հոգածու ծնողին կը դիմէ։

5. Քրոջ մը փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

5 Ուրիշներու համար դժուար է Եհովան նկատել իրենց Հայրը, քանի որ իրենց հօրմէ սէր եւ գուրգուրանք չեն տեսած։ Քոյր մը ըսաւ. «Հայրս միշտ վիրաւորական խօսքեր կ’ըսէր։ Երբ սկսայ Աստուածաշունչը սերտել, ինծի համար դժուար էր երկնաւոր Հօր մը մօտիկ զգալ։ Բայց երբ Եհովան ճանչցայ, ամէն բան փոխուեցաւ»։ Նոյնանման զգացումներ ունի՞ս։ Եթէ այո՛, մի՛ վհատիր։ Ժամանակի ընթացքին, դուն ալ կրնաս Եհովան նկատել որպէս լաւագոյն Հայրը։

6. Մատթէոս 11։27–ի համաձայն, Եհովան ո՞ր կերպով մեզի օգնած է զինք սիրառատ Հայր նկատելու։

6 Կերպ մը, որով Եհովան մեզի օգնած է որ զինք մեր սիրառատ Հայրը նկատենք, այն է՝ որ Յիսուսի խօսքերը եւ արարքները արձանագրել տուաւ Աստուածաշունչին մէջ (կարդա՛ Մատթէոս 11։27)։ Յիսուս այնքա՛ն լաւ արտացոլեց իր Հօր անձնաւորութիւնը, որ կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9)։ Ան յաճախ խօսեցաւ այն դերին մասին, որ Եհովան որպէս Հայր կը կատարէ։ Միայն չորս Աւետարաններուն մէջ, շուրջ 165 անգամ «Հայր» բառը գործածեց՝ Եհովային ակնարկելով։ Ան ինչո՞ւ այսքան շատ խօսեցաւ Եհովայի մասին։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ մարդիկ համոզուին թէ Եհովան սիրառատ Հայր է (Յովհ. 17։25, 26

7. Եհովայի մասին ի՞նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով վարուեցաւ իր Որդիին հետ։

7 Նկատէ թէ Եհովայի մասին ի՛նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով վարուեցաւ իր Որդիին հետ։ Ան միշտ լսեց Յիսուսին աղօթքները. եւ ոչ միայն լսեց, հապա նաեւ պատասխանեց (Յովհ. 11։41, 42)։ Յիսուս ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունեցաւ, իր Հօր սէրն ու օգնութիւնը շօշափեց (Ղուկ. 22։42, 43

8. Եհովան ինչպէ՞ս Յիսուսը հոգաց։

8 Յիսուս ընդունեց որ իր Հօր շնորհի՛ւ գոյութիւն ունեցաւ եւ ողջ կը մնայ, երբ ըսաւ. «Ես կենդանի եմ Հօրը ձեռքով» (Յովհ. 6։58)։ Ան Եհովային լիովին վստահեցաւ, եւ Եհովան ոչ միայն անոր ֆիզիքական կարիքները հոգաց, հապա նաեւ հոգեւոր կարիքները (Մատ. 4։4

9. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ սիրառատ ու հոգածու Հայր մըն էր Յիսուսին։

9 Հոգածու Հայր մը ըլլալով, Եհովան ուզեց որ Յիսուս գիտնար, թէ իրեն թիկունք կը կանգնէր (Մատ. 26։53. Յովհ. 8։16)։ Ճիշդ է որ Եհովան Յիսուսը չպաշտպանեց ամէն վնասէ, բայց իրեն օգնեց որ նեղութիւններու տոկայ։ Յիսուս վստահ էր, որ որեւէ տառապանք ժամանակաւոր պիտի ըլլար (Եբ. 12։2)։ Եհովան ցոյց տուաւ որ Յիսուսը կը սիրէր՝ իրեն մտիկ ընելով, իր պէտքերը հոգալով, զինք մարզելով եւ իրեն թիկունք կանգնելով (Յովհ. 5։20. 8։28Այժմ տեսնենք, թէ մեր երկնաւոր Հայրը ինչպէ՛ս նոյնանման կերպերով մեզ կը հոգայ։

ՄԵՐ ՍԻՐԱՌԱՏ ՀԱՅՐԸ ՄԵԶ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՀՈԳԱՅ

Հոգածու հայր մը՝ 1) մտիկ կ’ընէ, 2) կը հոգայ, 3) կը մարզէ եւ 4) կը պաշտպանէ իր զաւակները։ Մեր երկնաւոր Հայրը նոյնանման կերպերով մեզի հոգ կը տանի (տե՛ս պարբերութիւն 10-15) *

10. Սաղմոս 66։19, 20–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ որ մեզ կը սիրէ։

10 Եհովան մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ (կարդա՛ Սաղմոս 66։19, 20Ան չ’ուզեր որ մեր աղօթքները սահմանափակ ըլլան եւ կը յորդորէ որ յաճախ աղօթենք (Ա. Թես. 5։17)։ Կրնանք յարգանքով մեր Աստուծոյն մօտենալ որեւէ ժամանակ, ո՛ւր որ ալ ըլլանք։ Ան որքա՛ն ալ զբաղած ըլլայ, մեզի մտիկ կ’ընէ։ Ան միշտ մատչելի է եւ մեր աղօթքներուն ուշադրութեամբ ականջ կու տայ։ Երբ կը գնահատենք Եհովայի այս կեցուածքը, իրեն աւելի կը մօտենանք։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ես Տէրը կը սիրեմ, որովհետեւ իմ ձայնս եւ աղաչանքս լսեց» (Սաղ. 116։1, ԱԾ

11. Եհովան մեր աղօթքներուն ինչպէ՞ս կը պատասխանէ։

11 Մեր Հայրը ոչ միայն մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ, հապա նաեւ անոնց կը պատասխանէ։ Յովհաննէս առաքեալ մեզ կը վստահեցնէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք [Աստուծոյ] կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ Անշուշտ, թերեւս Եհովան մեր ակնկալածին պէս չպատասխանէ մեր աղօթքներուն։ Ան գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է. հետեւաբար, երբեմն իր պատասխանը «ոչ» կ’ըլլայ կամ կ’ուզէ որ սպասենք (Բ. Կոր. 12։7-9

12-13. Մեր երկնաւոր Հայրը ի՞նչ կերպերով մեր պէտքերը կը հոգայ։

12 Եհովան մեր պէտքերը կը հոգայ։ Ան կ’ընէ ինչ որ կը պահանջէ բոլոր հայրերէն (Ա. Տիմ. 5։8)։ Իր զաւակներուն նիւթական պէտքերը կը հոգայ։ Չ’ուզեր որ մեր ուտելիքով, հագուելիքով կամ բնակարանով մտահոգուինք (Մատ. 6։32, 33. 7։11)։ Սիրառատ Հայր մը ըլլալով, ան նոյնիսկ կարգադրած է գոհացնել մեր բոլոր ապագայ կարիքները։

13 Ամէնէն կարեւորը, Եհովան մեր հոգեւոր պէտքերը կը հոգայ։ Իր Խօսքին միջոցաւ յայտնած է իր մասին ճշմարտութիւնը, իր նպատակը, մեր ստեղծուելուն պատճառը եւ ինչ որ ապագան վերապահած է։ Ան մեզի անձնական ուշադրութիւն ընծայեց, գործածելով մեր ծնողքը կամ հրատարակիչ մը, որպէսզի ինքզինք ճանչցնէ մեզի։ Եւ ան շարունակ մեզի կ’օգնէ ժողովքի սիրալիր երէցներուն եւ ուրիշ հասուն եղբայրներու ու քոյրերու միջոցաւ, որպէսզի իր բարեկամները մնանք։ Ասկէ զատ, Եհովան մեզի ուղղութիւններ կու տայ ժողովներուն միջոցաւ, ուր կը սորվինք մեր հոգեւոր ընտանիքին հետ։ Այս եւ ուրիշ կերպերով, Եհովան ցոյց կու տայ իր հայրական հետաքրքրութիւնը մեզի հանդէպ (Սաղ. 32։8

14. Եհովան ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեզ կը մարզէ։

14 Եհովան մեզ կը մարզէ։ Յիսուսին հակառակը, մենք անկատար ենք։ Ուստի մեզ մարզելու համար, մեր հոգատար Հայրը մեզ կը խրատէ ու կը յանդիմանէ, երբ հարկ ըլլայ։ Իր Խօսքը մեզի կը յիշեցնէ. «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ» (Եբ. 12։6, 7)։ Ան շա՜տ մը կերպերով մեզ կը կրթէ։ Օրինակ, թերեւս Սուրբ Գիրքէն բան մը կարդանք կամ ժողովի ընթացքին բան մը լսենք, եւ անդրադառնանք որ մեր մտածելակերպին մէջ կամ վարուելակերպին մէջ բան մը պէտք է փոխենք։ Կամ թերեւս երէցներէն ստանանք մեզի պէտք եղած օգնութիւնը։ Եհովան մեզ ի՛նչ կերպով ալ կրթէ կամ պատժէ, սէրէ մղուած կ’ընէ այդ մէկը (Եր. 30։11

15. Եհովան ի՞նչ կերպերով մեզ կը պաշտպանէ։

15 Եհովան նեղութիւններու ժամանակ մեզի թիկունք կը կանգնի։ Ճիշդ ինչպէս որ հոգածու հայր մը իր զաւակներուն կ’օգնէ, երբ պարագաները դժուար են, նոյնպէս մեր երկնաւոր Հայրը մեզի կ’օգնէ, երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք։ Ան սուրբ հոգին կը գործածէ, որպէսզի մեզ հոգեւոր վնասէ պաշտպանէ (Ղուկ. 11։13)։ Ան նաեւ զգացականօրէն մեզ կը պաշտպանէ։ Օրինակ, ապագայի նկատմամբ սքանչելի յոյս կու տայ, որ մեզի կ’օգնէ դժուարութիւններու տոկալու։ Հետեւեալը նկատի առ. ի՛նչ գէշ բան ալ պատահի մեզի, մեր սիրառատ Հայրը որեւէ վէրք ամբողջովին պիտի բուժէ։ Ամէն փորձութիւն որ կը դիմագրաւենք, ժամանակաւոր է, բայց Եհովայի տուած օրհնութիւնները յաւիտենական են (Բ. Կոր. 4։16-18

ՄԵՐ ՀԱՅՐԸ ԲՆԱ՛Ւ ՄԵԶ ՊԻՏԻ ՉԼՔԷ

16. Ի՞նչ պատահեցաւ, երբ Ադամ իր սիրառատ Հօր չհնազանդեցաւ։

16 Մեզի հանդէպ Եհովայի սիրոյն մէկ ապացոյցը կը տեսնենք, երբ մտածենք թէ ի՛նչ ըրաւ, երբ իր երկրային ընտանիքին մէջ խնդիրներ ծագեցան։ Ադամ իր երկնաւոր Հօր անհնազանդ գտնուելով, թէ՛ ինք եւ թէ իր սերունդը Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը ըլլալէ դադրեցան (Հռով. 5։12. 7։14)։ Սակայն Եհովան օգնութեան հասաւ։

17. Ադամի ըմբոստութենէն ետք, Եհովան անմիջապէս ի՞նչ ըրաւ։

17 Եհովան Ադամը պատժեց, բայց անոր չծնած սերունդը անյոյս չձգեց։ Ան անմիջապէս խոստացաւ, որ հնազանդ մարդիկը պիտի ընդունուէին իր ընտանիքին մէջ (Ծն. 3։15. Հռով. 8։20, 21)։ Ան ասիկա կարգադրեց Յիսուսի փրկանքին հիման վրայ։ Իր սիրելի Որդին մեզի համար զոհելով փաստեց, թէ որքա՜ն մեզ կը սիրէ (Յովհ. 3։16

Եթէ Եհովայէն հեռանանք բայց զղջանք, ան սիրառատ Հայր ըլլալով պատրաստ ու յօժար է մեզ ետ ընդունելու (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան կ’ուզէ որ իր զաւակները ըլլանք, նոյնիսկ եթէ իրմէ հեռացած ենք։

18 Թէեւ անկատար ենք, բայց Եհովան կ’ուզէ որ իր ընտանիքին մաս կազմենք, եւ մեզ բնաւ բեռ չի նկատեր։ Թերեւս զինք յուսախաբ ընենք կամ ժամանակ մը մոլորինք, բայց ան մեզմէ իր յոյսը չի կտրեր։ Անառակ որդիին առակը պատմելով, Յիսուս ցոյց տուաւ Եհովայի խոր սէրը իր զաւակներուն հանդէպ (Ղուկ. 15։11-32)։ Այդ առակին մէջ, հայրը միշտ յուսաց որ իր որդին պիտի վերադառնայ։ Երբ որդին տուն վերադարձաւ, հայրը ջերմօրէն զինք դիմաւորեց։ Եթէ Եհովայէն հեռացած ենք բայց զղջացած ենք, կրնա՛նք վստահ ըլլալ, որ մեր գթասիրտ Հայրը պատրաստ ու յօժար է մեզ ետ ընդունելու։

19. Եհովան Ադամի պատճառած վնասները ինչպէ՞ս պիտի ջնջէ։

19 Մեր Հայրը Ադամի պատճառած բոլոր վնասները պիտի ջնջէ։ Ադամի ըմբոստութենէն ետք, Եհովան որոշեց մարդկութեան մէջէն որդեգրել 144,000 անհատներ, որոնք երկինքի մէջ իր Որդիին հետ որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ պիտի ծառայեն։ Նոր աշխարհին մէջ, Յիսուս եւ իր իշխանակիցները հնազանդ մարդոց պիտի օգնեն, որ կատարելութեան հասնին։ Հնազանդութեան վերջին փորձէն անցնելէ ետք, Եհովան իրենց պիտի շնորհէ յաւիտենական կեանքը։ Այն ատեն մեր Հայրը պիտի ուրախանայ, տեսնելով որ երկրագունդը լեցուած է իր կատարեալ որդիներով եւ աղջիկներով։ Ատիկա ի՜նչ փառաւոր ժամանակ մը պիտի ըլլայ։

20. Եհովան ի՞նչ կերպերով ցոյց տուած է որ մեզ շա՜տ կը սիրէ, եւ յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

20 Եհովան ցոյց տուած է, որ մեզ շա՜տ կը սիրէ։ Ան լաւագոյն Հայրն է։ Մեր աղօթքները կը լսէ եւ մեր ֆիզիքական ու հոգեւոր պէտքերը կը հոգայ։ Մեզ կը մարզէ եւ մեզի թիկունք կը կանգնի։ Ան նաեւ հոյակապ օրհնութիւններ վերապահած է մեզի համար։ Մեր սիրտը կը տոգորուի, գիտնալով որ մեր Հայրը մեզ կը սիրէ եւ կը հոգայ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ կերպեր, որոնցմով մենք՝ իր զաւակները, կրնանք իր սիրոյն ընդառաջել։

ԵՐԳ 18 Աստուծոյ մնայուն սէրը

^ պարբ. 5 Եհովայի մասին յաճախ կը մտածենք որպէս մեր Ստեղծիչը եւ Գերիշխան Տէրը։ Բայց լաւ պատճառներ ունինք իր մասին մտածելու որպէս սիրառատ եւ հոգատար Հայր։ Յօդուածը այդ պատճառները պիտի քննարկէ։ Նաեւ պիտի սորվինք, թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան բնաւ մեզ պիտի չլքէ։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Չորս նկարներուն մէջ կը տեսնենք հայր մը իր զաւակին հետ. 1) հայր մը ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ իր տղուն, 2) հայր մը իր աղջկան պէտքերը կը հոգայ, 3) հայր մը իր տղան կը մարզէ եւ 4) հայր մը իր տղան կը մխիթարէ։ Չորս նկարներուն ետեւը կ’երեւի Եհովային ձեռքը, մեզի յիշեցնելով որ ան նոյնանման կերպերով մեզ կը հոգայ։