Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 9

Եհովան կրնա՛յ հոգերդ մեղմացնել

Եհովան կրնա՛յ հոգերդ մեղմացնել

«Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (ՍԱՂ. 94։19

ԵՐԳ 68 Խոնարհ մարդուն աղօթքը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ բան մտահոգութիւն կը պատճառէ, եւ թերեւս սկսինք ի՞նչ մտածել։

ԵՐԲԵՔ մտահոգութեան * դառն համը առա՞ծ ես։ Թերեւս տակնուվրայ վիճակ ունիս, քանի որ մէկը քեզ խօսքով կամ արարքով վիրաւորած է։ Կամ թերեւս ըսած ես կամ ըրած ես բան մը, որուն համար մտահոգ ես։ Օրինակ, թերեւս մեղք մը գործած ես եւ կը խորհիս որ Եհովան բնա՛ւ քեզի պիտի չներէ։ Պարագան աւելի դժուարացնելով կ’եզրակացնես, թէ հաւատք չունիս եւ գէշ անձ մըն ես, քանի որ մտահոգութիւնը կրցած է քեզ ջախջախել։ Բայց ասիկա ճի՞շդ է։

2. Սուրբգրային ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան, որ մտահոգուիլը չի նշանակեր որ հաւատք չունինք։

2 Նկատի առ սուրբգրային կարգ մը օրինակներ։ Աննան, Սամուէլ մարգարէին մայրը, մեծ հաւատք ունէր։ Սակայն հոգերը զինք պատեցին, երբ տնեցիներէն մէկը իրեն հետ գէշ կերպով վարուեցաւ (Ա. Թագ. 1։7)։ Պօղոս առաքեալ զօրաւոր հաւատք ունէր, բայց ‘բոլոր եկեղեցիներուն հոգը իր վրայ դիզուեցաւ’ (Բ. Կոր. 11։28)։ Իսկ Դաւիթ թագաւոր այնքա՛ն զօրաւոր հաւատք ունէր, որ Եհովան զինք շատ սիրեց (Գործք 13։22)։ Այսուհանդերձ, ան սխալներ գործեց, որոնք պատճառ եղան որ մտատանջուի (Սաղ. 38։4)։ Եհովան իւրաքանչիւրը մխիթարեց ու սփոփեց։ Տեսնե՛նք թէ անոնց օրինակներէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱՆՆԱ

3. Ուրիշներուն ըսածը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի մտահոգութիւն պատճառել։

3 Երբ ուրիշներ մեզի հետ կոշտօրէն խօսին կամ անազնուաբար վարուին, կը խռովինք, մանաւանդ եթէ վիրաւորողը մտերիմ բարեկամ կամ ազգական է։ Թերեւս հոգ ընենք, թէ անհատին հետ մեր փոխյարաբերութիւնը խզուեցաւ։ Վիրաւորող անհատը թերեւս առանց մտածելու խօսի, բայց իր ըսածը սուրի պէս մեզ կը խոցէ (Առ. 12։18)։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ ան դիտմամբ սուր խօսքեր մեզի ուղղէ։ Երիտասարդ քոյր մը այսպիսի պարագայ դիմագրաւեց։ Ան կ’ըսէ. «Քանի մը տարի առաջ, մէկը, որ կը կարծէի թէ լաւ բարեկամուհի է, սկսաւ իմ մասիս սուտեր տարածել համացանցին միջոցաւ։ Վիրաւորուեցայ ու մտահոգուեցայ։ Չկրցայ հասկնալ թէ ինչո՛ւ կռնակէս պիտի հարուածէր»։ Եթէ մտերիմ բարեկամդ կամ ազգականդ քեզ վիրաւորած է, Աննայէն շատ բան կրնաս սորվիլ։

4. Աննան ի՞նչ դժուար հարցեր ունէր։

4 Աննան դժուար հարցեր ունէր։ Տարիներ շարունակ չէր կրնար զաւակ ունենալ (Ա. Թագ. 1։2)։ Ան նուաստացած կը զգար, քանի որ իսրայէլացիներէն շատեր կը խորհէին, որ եթէ կին մը ամուլ է, ուրեմն Աստուծոյ օրհնութիւնը չունի (Ծն. 30։1, 2)։ Եւ ինչ որ անոր կեանքը աւելի դառն դարձուց, այն էր՝ որ ամուսինը ունէր ուրիշ կին մը՝ Փենանան, որ զաւակներ բերած էր։ Ասկէ զատ, Փենանան «զանիկա կսկծեցնելու համար խիստ վշտացուց» (Ա. Թագ. 1։6)։ Սկիզբը, Աննան այս դժուար կացութեան հետ չկրցաւ գլուխ ելլել։ Ան այնքա՛ն տխուր էր, որ «կու լար եւ չէր ուտեր», իսկ սիրտը՝ «տրտմալից» եղաւ (Ա. Թագ. 1։7, 10)։ Ան ինչպէ՞ս մխիթարուեցաւ։

5. Աղօթելը ինչպէ՞ս Աննային օգնեց։

5 Աննան աղօթքով իր զգացումները Եհովային արտայայտեց։ Աղօթելէ ետք, իր պարագան Հեղի քահանայապետին բացատրեց։ Հեղին ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ու Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրուածքդ քեզի տայ»։ Արդի՞ւնքը։ Աննան «իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ» (Ա. Թագ. 1։17, 18)։ Աղօթելը օգնեց որ խաղաղութիւնը վերագտնէ ու հանդարտի։

Աննայի պէս, ինչպէ՞ս կրնանք մեր ներքին խաղաղութիւնը վերագտնել ու պահպանել (տե՛ս պարբերութիւն 6-10)

6. Աղօթքի մասին ի՞նչ կը սորվինք Աննայէն եւ Փիլիպպեցիս 4։6, 7–էն։

6 Կրնանք մեր խաղաղութիւնը վերագտնել, եթէ շարունակ աղօթենք։ Աննան իր երկնաւոր Հօր երկար ժամանակ խօսեցաւ (Ա. Թագ. 1։12)։ Մենք ալ կրնանք երկար աղօթել, խօսելով մեր մտահոգութիւններուն, վախերուն եւ թերութիւններուն մասին։ Պայման չէ որ շքեղ լեզուով արտայայտուինք։ Երբեմն թերեւս արցունք թափենք, մինչ Եհովային կը նկարագրենք մեր նեղութիւնը։ Բայց ան մեզի մտիկ ընելէ բնաւ պիտի չձանձրանայ։ Նաեւ, պէտք է յիշենք Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի խրատը (կարդա՛)։ Պօղոս յատկապէս նշեց, որ աղօթքով պէտք է յայտնենք «գոհութիւն», կամ շնորհակալութիւն։ Մենք Եհովայէն շնորհակալ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունինք։ Օրինակ, կրնանք շնորհակալութիւն յայտնել կեանքի պարգեւին համար, գեղեցիկ ստեղծագործութիւններուն համար, իր հաւատարիմ սիրոյն համար եւ մեզի տուած հոյակապ յոյսին համար։ Աննայէն ուրիշ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

7. Աննան եւ իր ամուսինը կանոնաւորաբար ի՞նչ կ’ընէին։

7 Հակառակ իր խնդիրներուն, Աննան իր ամուսինին հետ կանոնաւորաբար կ’երթար Եհովայի պաշտամունքի վայրը Սելովի մէջ (Ա. Թագ. 1։1-5)։ Ան խորանը եղած ատե՛նը Հեղի քահանայապետը զինք քաջալերեց, յուսալով որ Եհովան անոր աղօթքին պատասխանէ (Ա. Թագ. 1։9, 17

8. Ժողովները ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել. բացատրէ։

8 Մեր խաղաղութիւնը կրնանք վերագտնել, եթէ շարունակենք ժողովներու յաճախել։ Ժողովին բացման աղօթքին մէջ, յաճախ կը խնդրուի որ Աստուծոյ հոգին մեզի հետ ըլլայ։ Եւ խաղաղութիւնը սուրբ հոգիի պտուղին մէկ մասն է (Գաղ. 5։22)։ Երբ ճնշուած ըլլալով հանդերձ ժողովներու ներկայ կը գտնուինք, Եհովային եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն առիթ կու տանք, որ մեզ քաջալերեն, ինչպէս նաեւ օգնեն որ մտքի ու սրտի խաղաղութիւնը դարձեալ ունենանք։ Աղօթքները եւ ժողովները կարեւոր կերպեր են, որոնցմով Եհովան մեզ կը սփոփէ (Եբ. 10։24, 25)։ Նկատէ թէ Աննայի փորձառութենէն ուրիշ ի՛նչ կը սորվինք։

9. Աննայի պարագաները փոխուեցա՞ն. բացատրէ։

9 Աննայի հոգերուն պատճառները անմիջապէս չանհետացան։ Երբ խորանին մէջ պաշտամունք մատուցանելէ ետք տուն վերադարձաւ, ան տակաւին ստիպուած էր Փենանայի հետ նոյն տան մէջ ապրիլ։ Եւ Աստուածաշունչը չի նշեր, որ Փենանայի կեցուածքը փոխուեցաւ։ Ուստի Աննան շատ հաւանաբար պէտք էր շարունակէր անոր կծու խօսքերուն դիմանալ։ Բայց այլեւս տակնուվրայ չէր ըլլար։ Յիշէ թէ հարցը Եհովայի յանձնելէ ետք, Աննան հանդարտեցաւ։ Ան Եհովային թոյլ տուաւ, որ զինք մխիթարէ եւ սփոփէ։ Իսկ ժամանակ մը ետք, ան օրհնուեցաւ զաւակներ ունենալով (Ա. Թագ. 1։19, 20. 2։21

10. Աննայի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

10 Կրնա՛նք մեր խաղաղութիւնը վերագտնել, նոյնիսկ եթէ մեր մտահոգութեան պատճառը մնայ։ Ջերմեռանդօրէն աղօթելով եւ ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելով հանդերձ, կարգ մը խնդիրներ թերեւս մնան։ Բայց Աննայի օրինակէն կը սորվինք, որ ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ, որ Եհովան մեր վշտահար սիրտը հանգստացնէ։ Ան բնա՛ւ մեզ պիտի չմոռնայ, եւ ուշ կամ կանուխ մեր հաւատարմութեան համար մեզ պիտի վարձատրէ (Եբ. 11։6

ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ

11. Պօղոս մտահոգուելու ի՞նչ պատճառեր ունէր։

11 Պօղոս մտահոգուելու շատ պատճառներ ունէր։ Օրինակ, քանի որ իր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրէր, անոնց խնդիրներուն հոգը իր վրայ կ’առնէր (Բ. Կոր. 2։4. 11։28)։ Որպէս առաքեալ ծառայելով, հանդիպեցաւ հակառակորդներու, որոնք զինք ծեծեցին ու բանտարկեցին։ Ան նաեւ ստիպուեցաւ մտահոգութիւն պատճառող դժուարութիւններու տոկալ, ինչպէս՝ «չքաւորութիւն» (Փլպ. 4։12)։ Եւ ի մտի ունենալով, որ ան իր կեանքի այդ հանգրուանին առնուազն երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցաւ, կրնանք երեւակայել թէ ինչպէ՛ս հոգ կ’ընէր ամէն անգամ որ նաւով պիտի ճամբորդէր (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Ան մտահոգութեան հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելաւ։

12. Ի՞նչը օգնեց որ Պօղոս շատ չմտահոգուի։

12 Թէեւ Պօղոս հաւատակիցներուն խնդիրներով մտահոգուեցաւ, բայց չջանաց անձամբ անոնց խնդիրները լուծել։ Ան համեստ էր։ Ան կարգադրեց որ ուրիշներ ժողովքներուն հոգ տանելու օգնեն։ Օրինակ, ան Տիմոթէոսի եւ Տիտոսի նման վստահելի տղամարդոց պատասխանատուութիւններ յանձնեց։ Իսկ անոնց կատարած գործը անկասկած Պօղոսի հոգերը մեղմացուց (Փլպ. 2։19, 20. Տիտ. 1։1, 4, 5

Պօղոս առաքեալի պէս, ի՞նչ կրնանք ընել մտահոգութեամբ չջախջախուելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 13-15)

13. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Պօղոսը ընդօրինակել։

13 Ուրիշներէն օգնութիւն խնդրէ։ Պօղոսի պէս, ներկայիս շատ մը կարեկից երէցներ կը մտահոգուին այն հաւատակիցներուն համար, որոնք նեղութիւններէ կ’անցնին։ Բայց երէցը միայն սահմանափակ կերպով կրնայ օգտակար ըլլալ։ Համեստութիւնը զինք պիտի մղէ որ բեռը բաժնէ ուրիշ որակեալ տղամարդոց հետ եւ երիտասարդները մարզէ, որպէսզի իրեն օգնեն Աստուծոյ հօտին հոգ տանելու (Բ. Տիմ. 2։2

14. Պօղոս ի՞նչ բանով չմտահոգուեցաւ, եւ իր օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

14 Ընդունէ որ մխիթարութեան պէտք ունիս։ Պօղոս խոնարհ ըլլալով՝ գիտակցեցաւ որ իր բարեկամներուն քաջալերութեան պէտք ունէր։ Յստակ է որ ան չմտահոգուեցաւ, թէ ուրիշներ պիտի կարծէին որ ինք տկար անձ է, քանի որ իր բարեկամները զինք մխիթարեցին։ Ան Փիլիմոնին գրեց. «Շատ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն ունեցայ քու սիրոյդ համար» (Փլմ. 7)։ Պօղոս նաեւ նշեց ծառայակիցներ, որոնք նեղութեան ժամանակ զինք մեծապէս քաջալերեցին (Կող. 4։7-11)։ Երբ խոնարհաբար կ’ընդունինք որ քաջալերուելու պէտք ունինք, եղբայրներն ու քոյրերը սիրայօժար թիկունք պիտի կանգնին մեզի։

15. Պօղոս ի՞նչ ըրաւ, երբ շատ նեղացուցիչ պարագայի մէջ էր։

15 Աստուծոյ Խօսքին ապաւինէ։ Պօղոս գիտէր որ Սուրբ Գրութիւնները կրնային զինք մխիթարել (Հռով. 15։4)։ Անոնք նաեւ իրեն իմաստութիւն պիտի տային, որպէսզի որեւէ փորձութիւն յաջողապէս դիմագրաւէր (Բ. Տիմ. 3։15, 16)։ Երբ ան երկրորդ անգամ ըլլալով Հռոմի մէջ բանտարկուեցաւ, զգաց որ իր օրերը համրուած են։ Այդ նեղացուցիչ պարագային մէջ, Պօղոս ի՞նչ ըրաւ։ Տիմոթէոսէն խնդրեց, որ շուտով իրեն գայ եւ «մագաղաթները» բերէ (Բ. Տիմ. 4։6, 7, 9, 13)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ մագաղաթները հաւանաբար Եբրայերէն Գրութիւններէն հատուածներ էին, որոնք Պօղոս կրնար գործածել իր անձնական սերտողութեան մէջ։ Երբ Պօղոսը կ’ընդօրինակենք՝ Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար սերտելով, Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ մեզ պիտի սփոփէ՝ ի՛նչ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները։

ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐ

Դաւիթ թագաւորի պէս, ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել եթէ լուրջ մեղք մը գործենք (տե՛ս պարբերութիւն 16-19)

16. Դաւիթ լուրջ մեղքեր գործելով ինչպէ՞ս զգաց։

16 Դաւիթ խիղճի խայթէն տանջուելու պատճառ ունէր։ Ան Բերսաբէի հետ շնութիւն գործած էր, անոր ամուսինին սպաննուիլը կարգադրած էր եւ փորձած էր իր ըրածը գաղտնի պահել (Բ. Թագ. 12։9)։ Սկիզբը, ան իր խիղճը անտեսեց։ Առ ի արդիւնք, ան հոգեւորապէս վնասուեցաւ եւ ֆիզիքապէս տուժեց (Սաղ. 32։3, 4)։ Ի՞նչը Դաւիթին օգնեց որ իր գլխուն բերած հոգերէն հանգստանայ, եւ ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, եթէ լուրջ մեղք մը գործենք։

17. Սաղմոս 51։1-4–ը ինչպէ՞ս կը յայտնէ Դաւիթի սրտագին զղջումը։

17 Աղօթքով ներում խնդրէ։ Դաւիթ ի վերջոյ աղօթքով Եհովայի դիմեց։ Ան սրտանց զղջալով իր մեղքերը խոստովանեցաւ (կարդա՛ Սաղմոս 51։1-4)։ Եւ ասիկա օգնեց որ հանգստանայ եւ իր ուրախութիւնը վերագտնէ (Սաղ. 32։1, 2, 4, 5)։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործես, զայն գաղտնի մի՛ պահեր, հապա զայն Եհովային խոստովանէ։ Այն ատեն պիտի սկսիս հանգստանալ խիղճիդ պատճառած մտատանջութենէն։ Բայց եթէ կ’ուզես Եհովայի հետ բարեկամութիւնդ վերահաստատել, հարկ է որ աղօթելէ զատ բան մը ընես։

18. Դաւիթ ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ Նաթան իր մեղքը քօղազերծեց։

18 Խրատն ու յանդիմանութիւնը ընդունէ։ Երբ Եհովան Նաթան մարգարէն ղրկեց, որպէսզի Դաւիթին մեղքը քօղազերծէ, Դաւիթ ո՛չ ինքզինք արդարացուց, ոչ ալ իր մեղքին լրջութիւնը մեղմացուց։ Ան տեղւոյն վրայ ընդունեց, որ մեղք գործած էր Բերսաբէի ամուսինին դէմ եւ, ամենակարեւորը, Եհովայի դէմ։ Ան Եհովայի կողմէ տրուած պատիժը ընդունեց, եւ Եհովան իրեն ներեց (Բ. Թագ. 12։10-14)։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործած ենք, հարկ է որ խօսինք անոնց, որոնք Եհովան նշանակած է մեզ հովուելու (Յակ. 5։14, 15)։ Եւ պէտք չէ մենք մեզ արդարացնենք։ Ո՛րքան շուտ ընդունինք եւ գործադրենք տրուած խրատն ու յանդիմանութիւնը, ա՛յնքան շուտ մեր խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը պիտի վերագտնենք։

19. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

19 Վճռէ նոյն մեղքերը չկրկնել։ Դաւիթ թագաւոր գիտէր, որ նոյն մեղքերը չկրկնելու համար Եհովայի օգնութեան պէտք ունէր (Սաղ. 51։7, 10, 12)։ Եհովայի ներումը ստանալէ ետք, Դաւիթ վճռեց վնասակար մտածումներ այլեւս չունենալ։ Առ ի արդիւնք, իր ներքին խաղաղութիւնը դարձեալ վայելեց։

20. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, թէ Եհովայի ներումը կ’արժեւորենք։

20 Ցոյց կու տանք, թէ Եհովայի ներումը կ’արժեւորենք, երբ անոր համար կ’աղօթենք, խրատն ու յանդիմանութիւնը կ’ընդունինք եւ կը ջանանք նոյն մեղքերը չկրկնել։ Այս քայլերը առնելով, մեր ներքին խաղաղութիւնը կը վերագտնենք։ Ճէյմզ անունով եղբայր մը, որ մեծ մեղք մը գործեց, ասոր ճշմարիտ ըլլալը շօշափեց։ Ան կ’ըսէ. «Երբ մեղքս երէցներուն խոստովանեցայ, զգացի որ ծանր բեռ մը ուսերէս իջաւ։ Սկսայ մտքի խաղաղութիւն ունենալ»։ Որքա՜ն քաջալերական է գիտնալ, որ Եհովան «մօտ է անոնց՝ որոնց սիրտը կոտրած է, ու հոգիով ճմլուածները կը փրկէ» (Սաղ. 34։18, ԱԾ

21. Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ տալ որ Եհովան մեզ սփոփէ։

21 Մինչ վերջին օրերը իրենց աւարտին հասնելու վրայ են, մտահոգութեան պատճառները պիտի աւելնան։ Երբ մտահոգութիւն ունենաս, անմիջապէս Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ։ Աստուածաշունչը ժրաջանօրէն սերտէ։ Աննայէն, Պօղոսէն ու Դաւիթէն օրինակ առ։ Երկնաւոր Հօրմէդ խնդրէ, որ քեզի օգնէ մտահոգութեանդ պատճառը գիտնալու (Սաղ. 139։23)։ Թոյլ տուր որ ինք բեռներդ կրէ, մանաւանդ այն բեռները, որոնց համար բա՛ն մը չես կրնար ընել։ Այսպէս, կրնաս սաղմոսերգուին պէս ըլլալ, որ Եհովային երգեց. «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (Սաղ. 94։19

ԵՐԳ 22 ‘Եհովան իմ Հովիւս է’

^ պարբ. 5 Երբեմն բոլորս մեր խնդիրներուն պատճառաւ մտահոգ կ’ըլլանք։ Յօդուածը կը խօսի Եհովայի երեք ծառաներու մասին, որոնք հոգերով ծանրաբեռնուեցան։ Պիտի տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իւրաքանչիւրին հոգերը մեղմացուց։

^ պարբ. 1 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Մտահոգութիւնը ջղագրգիռ կամ անհանգիստ ըլլալու զգացում է։ Մտահոգութեան պատճառը կրնայ ըլլալ՝ դրամական հարցեր, առողջապահական խնդիրներ, ընտանեկան անհամութիւններ կամ անձնական դժուարութիւններ։ Կրնանք նաեւ մտահոգուիլ մեր անցեալի սխալներուն մասին կամ ապագայ հարցերով, որոնք կը խորհինք թէ պիտի դիմագրաւենք։