Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 11

Մկրտուելու պատրա՞ստ ես

Մկրտուելու պատրա՞ստ ես

«Մեզ ալ. . . մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ» (Ա. ՊԵՏ. 3։21

ԵՐԳ 106 Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մէկը տուն մը շինելէ առաջ ի՞նչ պէտք է ընէ։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ մէկը կ’որոշէ տուն շինել։ Գիտէ թէ ի՛նչ տեսակ տուն կ’ուզէ շինել։ Արդեօք անմիջապէս շուկայ կ’իջնէ, կարգ մը ապրանքներ կը գնէ եւ շինարարութեան կը սկսի՞։ Ո՛չ։ Սկսելէ առաջ, կարեւոր բան մը պէտք է ընէ. պէտք է հաշիւ ընէ, թէ տունը որքա՛ն ծախսի պիտի նայի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ պէտք է գիտնայ, թէ տունը ամբողջացնելու համար բաւարար դրամ ունի՛ կամ ոչ։ Եթէ ուշադրութեամբ ծախսը առաջուընէ հաշիւ ընէ, աւելի հաւանական է որ իր նոր տունը ամբողջացնէ։

2. Ըստ Ղուկաս 14։27-30–ի, մկրտուելէ առաջ ինչի՞ մասին պէտք է ուշադրութեամբ մտածես։

2 Եհովայի հանդէպ սէրդ ու գնահատանքդ քեզ մղա՞ծ են մկրտուելու մասին մտածելու։ Եթէ այո՛, առնելիք որոշումդ կը նմանի տուն մը շինելու որոշումին։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ Ղուկաս 14։27-30–ի մէջ նշուած Յիսուսի խօսքերը (կարդա՛)։ Յիսուս կը քննարկէր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իր աշակերտը ըլլալ։ Իր հետեւորդը ըլլալու համար, պէտք է ընդունինք պարփակուած «ծախքը», այսինքն՝ դժուարութիւններն ու զոհողութիւնները (Ղուկ. 9։23-26. 12։51-53)։ Ուրեմն մկրտուելէ առաջ, պէտք է ուշադրութեամբ մտածես այդ քայլին պարփակած բոլոր բաներուն մասին։ Այսպէս, աւելի պատրաստ պիտի ըլլաս, որ շարունակես հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայել որպէս մկրտուած քրիստոնեայ։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Կ’արժէ՞ որ Քրիստոսի մկրտուած աշակերտը դառնալու համար պահանջուած ծախքը ընես։ Անշո՛ւշտ։ Մկրտութիւնը դուռ կը բանայ անհամար օրհնութիւններու, թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։ Քննարկենք մկրտութեան վերաբերեալ կարգ մը կարեւոր հարցումներ, եւ ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ հետեւեալ հարցումին պատասխանես. «Մկրտուելու պատրա՞ստ եմ»։

ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ԵՒ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱՍ

4. ա) Ի՞նչ է նուիրումը։ բ) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘անձը ուրանալ’, ինչպէս որ Մատթէոս 16։24–ի մէջ նշուած է։

4 Ի՞նչ է նուիրումը։ Մկրտուելէ առաջ, պէտք է քու անձդ Աստուծոյ նուիրես։ Ինչպէ՞ս։ Անկեղծ աղօթքով Եհովային կ’ըսես, որ կեանքդ պիտի գործածես իրեն ծառայելու յաւիտեան։ Աստուծոյ նուիրուելով, դուն քեզ ‘կ’ուրանաս’ (կարդա՛ Մատթէոս 16։24)։ Այժմ Եհովայի կը պատկանիս, ինչ որ մեծ առանձնաշնորհում մըն է (Հռով. 14։8)։ Այսպէս, իրեն կ’ըսես որ ասկէ ետք պիտի կեդրոնանաս իրե՛ն ծառայելու վրայ, եւ ոչ թէ դուն քեզ հաճեցնելու վրայ։ Նուիրումդ ուխտ մըն է, այսինքն՝ լուրջ խոստում մը, որ Եհովային կու տաս։ Ան մեզ չի ստիպեր որ այս ուխտը ընենք։ Բայց երբ ուխտենք, մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր ուխտը կատարենք (Սաղ. 116։12, 14

5. Նուիրումը ինչպէ՞ս կապուած է մկրտութեան։

5 Նուիրումը ինչպէ՞ս կապուած է մկրտութեան։ Նուիրումդ անձնական բան մըն է, քու եւ Եհովային միջեւ։ Իսկ մկրտութիւնը ուրիշներուն առջեւ կ’ըլլայ, ընդհանրապէս համաժողովի մը ատեն։ Մկրտուելով ուրիշներուն ցոյց կու տաս, որ արդէն անձդ նուիրած ես Եհովային *։ Ուստի մկրտութիւնդ ուրիշներուն կը գիտցնէ, թէ Եհովա Աստուած կը սիրես քու ամբողջ սրտովդ, անձովդ, մտքովդ ու զօրութիւնովդ, եւ վճռած ես իրեն ծառայել յաւիտեան (Մար. 12։30

6-7. Ա. Պետրոս 3։18-22–ի համաձայն, ո՞ր երկու պատճառներով մկրտութիւնը անհրաժեշտ է։

6 Մկրտուիլը իրապէս անհրաժե՞շտ է։ Նկատի առ Ա. Պետրոս 3։18-22–ի խօսքերը (կարդա՛)։ Ինչպէս որ տապանը Նոյի հաւատքին տեսանելի ապացոյցն էր, մկրտութիւնդ ալ Եհովայի նուիրուելուդ տեսանելի ապացոյցն է։ Բայց մկրտուիլը իրապէս անհրաժե՞շտ է։ Այո՛։ Պետրոս պատճառը բացատրեց։ Առաջին, մկրտութիւնդ քեզ «կ’ապրեցնէ»։ Մկրտութիւնը կրնայ մեզ ազատել, եթէ պէտք եղած քայլերը առած ենք ցոյց տալու, թէ Յիսուսի հանդէպ հաւատք ունինք եւ կը հաւատանք, որ մեզի համար մեռաւ, յարութիւն առնելով երկինք վերադարձաւ եւ «Աստուծոյ աջ կողմն է»։

7 Երկրորդ, երբ մէկը մկրտուի, «բարի խղճմտանք» կ’ունենայ։ Աստուծոյ նուիրուելով եւ մկրտուելով, իրեն հետ յատուկ փոխյարաբերութիւն կ’ունենանք։ Որովհետեւ սրտանց զղջացած ենք եւ փրկանքին կը հաւատանք, Աստուած մեր մեղքերը կը ներէ։ Այսպէս, կրնանք իր առջեւ բարի խղճմտանք ունենալ։

8. Մկրտուելու որոշումիդ հիմը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

8 Ինչի՞ հիման վրայ պէտք է որոշես մկրտուիլ։ Աստուածաշունչի խոր ուսումնասիրութեան միջոցաւ, շա՜տ բան սորվեցար Եհովայի մասին, ինչպէս՝ իր անձնաւորութիւնը եւ վարուելակերպը։ Սորվածներդ սրտիդ դպան եւ քեզ մղեցին որ զինք շա՜տ սիրես։ Եհովայի հանդէպ սէրդ պէտք է մկրտուելու որոշումիդ ամէնէն կարեւոր պատճառը ըլլայ։

9. Ի՞նչ կը նշանակէ մկրտուիլ Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին անունով, ինչպէս որ Մատթէոս 28։19, 20–ին մէջ նշուած է։

9 Մկրտուելու որոշումիդ ուրիշ մէկ պատճառը այն է, որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորված ես եւ անոնց կը հաւատաս։ Նկատէ թէ Յիսուս աշակերտելու պատուէրը տալու ատեն ի՛նչ ըսաւ (կարդա՛ Մատթէոս 28։19, 20)։ Ըստ Յիսուսի, մկրտուողները պէտք է Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին անունով մկրտուին։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Պէտք է ամբողջ սրտով հաւատաս ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ Եհովայի, իր Որդիին եւ սուրբ հոգիին մասին։ Այս ճշմարտութիւնները շատ զօրաւոր են եւ կրնան խորապէս քեզի ազդել (Եբ. 4։12)։ Անոնցմէ ոմանք աչքէ անցընենք։

10-11. Հօր մասին ի՞նչ ճշմարտութիւններ սորված եւ ընդունած ես։

10 Մտաբերէ Հօր մասին այն ճշմարտութիւնները, որ սկիզբը սորվեցար. իր «անունը Եհովա է», ‘Բարձրեալ է բոլոր երկրի վրայ’ եւ միայն ինքն է «ճշմարիտ Աստուած»ը (Սաղ. 83։18. Եր. 10։10)։ Ան մեր Ստեղծիչն է եւ «փրկութիւնը Տէրոջն է» (Սաղ. 3։8. 36։9)։ Ան կարգադրութիւն ըրած է, որ մեզ ազատէ մեղքէն ու մահէն, եւ մեզի տուած է յաւիտեան ապրելու յոյսը (Յովհ. 17։3)։ Նուիրուելով ու մկրտուելով պիտի ճանչցուիս որպէս Եհովայի վկայ (Եսա. 43։10-12)։ Դուն մաս պիտի կազմես երկրպագուներու համաշխարհային ընտանիքի մը, որոնք հպարտ են որ Աստուծոյ անունով կը կոչուին եւ այդ անունը ուրիշներուն կը գիտցնեն (Սաղ. 86։12

11 Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է հասկնալ Հօր մասին Աստուածաշունչի սորվեցուցածները։ Երբ այս թանկագին ճշմարտութիւնները կ’ընդունիս, սիրտդ քեզ կը մղէ անձդ Եհովային նուիրելու եւ մկրտուելու։

12-13. Որդիին մասին ի՞նչ ճշմարտութիւններ սորված եւ ընդունած ես։

12 Ինչպէ՞ս հակազդեցիր, երբ Որդիին մասին հետեւեալ ճշմարտութիւնները սորվեցար։ Յիսուս տիեզերքի մէջ ամենակարեւոր երկրորդ անձնաւորութիւնն է։ Ան մեր Փրկարարն է։ Իր կեանքը յօժարաբար տուաւ մեզի համար։ Երբ մեր արարքներով ցոյց կու տանք, թէ փրկանքին կը հաւատանք, մեր մեղքերը կրնան ներուիլ, Աստուծոյ հետ կրնանք բարեկամութիւն մշակել եւ կրնանք յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել (Յովհ. 3։16)։ Յիսուս մեր Քահանայապետն է։ Ան կ’ուզէ մեզի օգնել, որ փրկանքէն օգտուինք եւ Աստուծոյ հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենանք (Եբ. 4։15. 7։24, 25)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, իր միջոցաւ Եհովան Իր անունը պիտի սրբացնէ, չարութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցնէ եւ գալիք Դրախտին մէջ յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի բերէ (Մատ. 6։9, 10. Յայտ. 11։15)։ Յիսուս մեր տիպարն է (Ա. Պետ. 2։21)։ Ան մեզի օրինակ հանդիսացաւ, իր կեանքը տրամադրելով Աստուծոյ կամքը կատարելու (Յովհ. 4։34

13 Երբ Յիսուսի մասին Աստուածաշունչի սորվեցուցածները կ’ընդունիս, կը սկսիս Աստուծոյ անգին Որդին սիրել։ Եւ այդ սէրը քեզ կը մղէ, որ կեանքդ գործածես Աստուծոյ կամքը կատարելու, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ Առ ի արդիւնք, կը մղուիս անձդ Եհովայի նուիրելու եւ մկրտուելու։

14-15. Սուրբ հոգիին մասին ի՞նչ ճշմարտութիւններ սորված եւ ընդունած ես։

14 Ի՞նչ մտածեցիր, երբ սուրբ հոգիին մասին հետեւեալ ճշմարտութիւնները սորվեցար։ Անիկա անձ չէ, հապա Աստուծոյ գործօն ուժն է։ Եհովան զայն գործածեց Աստուածաշունչը գրել տալու համար, եւ սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքէն մեր կարդացածը հասկնանք եւ գործադրենք (Յովհ. 14։26. Բ. Պետ. 1։21)։ Իր հոգիին միջոցաւ, Եհովան սովորականը գերազանցող ոյժ կու տայ մեզի (Բ. Կոր. 4։7)։ Սուրբ հոգին մեզ կը զօրացնէ, որպէսզի բարի լուրը քարոզենք, փորձութեան դէմ դնենք, վհատութեան հետ գլուխ ելլենք եւ նեղութիւններու տոկանք։ Անիկա մեզի կ’օգնէ, որ դրսեւորենք գեղեցիկ յատկութիւններ, որոնք նշուած են Գաղատացիս 5։22, 23–ի մէջ։ Աստուած իր հոգին առատապէս կու տայ անոնց, որոնք իրեն կը վստահին եւ անկեղծօրէն զայն կը խնդրեն (Ղուկ. 11։13

15 Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ, թէ Եհովայի երկրպագուները կրնան սուրբ հոգիին ապաւինիլ, որ իրենց օգնէ Եհովայի ծառայելու։ Երբ սուրբ հոգիին մասին սորվածներդ կ’ընդունիս, կը մղուիս կեանքդ Աստուծոյ նուիրելու եւ մկրտուելու։

16. Մինչեւ հիմա ի՞նչ սորվեցանք։

16 Անձդ Աստուծոյ նուիրելու եւ մկրտուելու որոշումդ կարեւոր քայլ մըն է։ Ինչպէս որ քննարկեցինք, պէտք է յօժար ըլլաս ընդունելու ծախքը, այսինքն՝ դժուարութիւններն ու զոհողութիւնները։ Բայց օրհնութիւններդ շա՜տ աւելի պիտի ըլլան քան ընելիք զոհողութիւններդ։ Մկրտութիւնը կրնայ քեզ ազատել, եւ թոյլ կու տայ որ Աստուծոյ առջեւ բարի խղճմտանք ունենաս։ Մկրտուելու որոշումդ գլխաւորաբար պէտք է հիմնուի Եհովա Աստուծոյ հանդէպ սիրոյդ վրայ։ Նաեւ ամբողջ սրտով պէտք է հաւատաս այն ճշմարտութիւններուն, որոնք սորվեցար Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին մասին։ Մինչեւ հիմա քննարկուած կէտերուն վրայ խոկալէ ետք, ինչպէ՞ս կը պատասխանես «Մկրտուելու պատրա՞ստ եմ» հարցումին։

ՄԿՐՏՈՒԵԼԷ ԱՌԱՋ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՍ

17. Մկրտութեան առաջնորդող քայլերէն ոմանք ի՞նչ են։

17 Եթէ կը զգաս որ մկրտուելու պատրաստ ես, անկասկած արդէն կարգ մը քայլեր առած ես Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն կերտելու համար *։ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեանդ առ ի արդիւնք, Եհովայի եւ Յիսուսի մասին շատ բան սորված ես։ Հաւատք մշակած ես (Եբ. 11։6)։ Աստուածաշունչին մէջ նշուած Եհովայի խոստումներուն ամբողջովին կը վստահիս եւ համոզուած ես, որ Յիսուսի զոհին հանդէպ հաւատքդ կրնայ քեզ մեղքէն ու մահէն ազատել։ Մեղքերուդ համար զղջացած ես. գործած սխալներուդ համար խորապէս կը ցաւիս եւ Եհովայէն ներում խնդրած ես։ Դարձի եկած ես, այսինքն՝ նախկին վատ ապրելակերպդ վճռականօրէն մերժած ես եւ սկսած ես աստուածահաճոյ կերպով ապրիլ (Գործք 3։19)։ Սրտանց կ’ուզես հաւատալիքներուդ մասին ուրիշներուն պատմել։ Չմկրտուած հրատարակիչ եղար եւ սկսար ժողովքին հետ քարոզչութեան մասնակցիլ (Մատ. 24։14)։ Եհովան այս առած քայլերուդ համար քեզմով հպարտ է։ Իր սիրտը շատ ուրախացուցած ես (Առ. 27։11

18. Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընես, որպէսզի կարենաս մկրտուիլ։

18 Մկրտուելէ առաջ, կան յաւելեալ բաներ, որոնք պէտք է ընես։ Ինչպէս նախապէս բացատրուեցաւ, պէտք է անձդ Աստուծոյ նուիրես։ Անձնական ու սրտաբուխ աղօթքով իրեն մօտեցիր եւ խոստացիր, որ կեանքդ պիտի գործածես իր կամքը կատարելու համար (Ա. Պետ. 4։2)։ Ետքը, երէցներու մարմինի համակարգողին տեղեկացուր, որ կ’ուզես մկրտուիլ։ Ան կարգ մը երէցներէ պիտի խնդրէ, որ քեզի հետ նիստ գումարեն։ Հաճիս, մի՛ մտահոգուիր այս նիստերով։ Այս հոգատար եղբայրները անկասկած արդէն քեզ կը ճանչնան եւ կը սիրեն։ Անոնք քեզի հետ վերաքաղ պիտի ընեն Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները, որոնք սորված ես։ Անոնք կ’ուզեն վստահ ըլլալ, որ այդ ուսուցումները կը հասկնաս եւ կը գիտակցիս, թէ նուիրումն ու մկրտութիւնը որքա՜ն կարեւոր են։ Եթէ անոնք համաձայն են որ դուն պատրաստ ես, քեզի պիտի ըսեն թէ կրնաս մկրտուիլ յաջորդ համաժողովին։

ՄԿՐՏՈՒԵԼԷ ԵՏՔ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՍ

19-20. Մկրտուելէ ետք ի՞նչ պէտք է ընես, եւ ինչպէ՞ս կրնաս ատիկա ընել։

19 Մէյ մը որ մկրտուիս, ի՞նչ պէտք է ընես *։ Յիշէ որ նուիրումը ուխտ է, եւ Եհովան կ’ակնկալէ որ զայն պահես։ Ուստի մկրտուելէդ ետք, պէտք է նուիրումիդ համաձայն ապրիս։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։

20 Ժողովքիդ մօտիկ մնացի՛ր։ Մկրտուած քրիստոնեայ ըլլալով, այժմ «եղբայրութեան» մաս կը կազմես (Ա. Պետ. 2։17)։ Ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերը հոգեւոր ընտանիքդ են։ Եւ ժողովներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով, իրենց հետ կապդ պիտի զօրացնես։ Ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդա՛ եւ անոր վրայ խոկա՛ (Սաղ. 1։1, 2)։ Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդալէ ետք, ժամանակ տրամադրէ կարդացածիդ մասին խորապէս մտածելու։ Այդպիսով Աստուածաշունչին խօսքերը սրտիդ պիտի հասնին։ ‘Շարունակ աղօթք ըրէ’ (Մատ. 26։41, ՆԱ)։ Անկեղծ աղօթքներդ քեզ Եհովայի պիտի մօտեցնեն։ Ասկէ զատ, շարունակէ ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ թագաւորութիւնը’ (Մատ. 6։33)։ Ատիկա կրնաս ընել, քարոզչութիւնը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնելով։ Ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցելով, հաւատքդ զօրաւոր պիտի պահես եւ կրնաս ուրիշներուն օգնել յաւիտենական կեանքի ճամբան բռնելու (Ա. Տիմ. 4։16

21. Մկրտութիւնդ ճամբան պիտի հարթէ որ ի՞նչ ունենաս։

21 Անձդ Եհովայի նուիրելը եւ մկրտուիլը ամենակարեւոր որոշումն է, որ պիտի առնես։ Կ’արժէ՞ պարփակուած ծախքը ընել։ Անշո՛ւշտ։ Ի՛նչ դժուարութիւն որ այս աշխարհին մէջ պիտի դիմագրաւես, «վայրկենական» եւ «թեթեւ» է (Բ. Կոր. 4։17)։ Միւս կողմէ, մկրտութիւնդ ճամբան պիտի հարթէ, որ հի՛մա աւելի գոհունակ կեանք ունենաս, իսկ ապագային՝ «ճշմարիտ կեանքը» (Ա. Տիմ. 6։19, ստորանիշ)։ Ուրեմն հաճիս, աղօթքով խոկա՛, թէ ի՛նչ պիտի պատասխանես «Մկրտուելու պատրա՞ստ եմ» հարցումին։

ԵՐԳ 58 Նուիրումի աղօթքս

^ պարբ. 5 Կը մտածե՞ս մկրտուիլ։ Եթէ այո՛, այս յօդուածը յատկապէս քեզի համար գրուած է։ Պիտի քննարկենք այս կարեւոր նիւթին շուրջ կարգ մը հիմնական հարցումներ։ Պատասխանները քեզի պիտի օգնեն որոշելու, թէ մկրտուելու պատրա՛ստ ես կամ ոչ։

^ պարբ. 19 Եթէ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն եւ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» (Ինչպէ՞ս կրնանք մնալ Աստուծոյ սիրոյն մէջ, երբ արեւմտահայերէնով մատչելի ըլլայ) գիրքերուն ուսումնասիրութիւնը չես ամբողջացուցած, պէտք է շարունակես Վկայի մը հետ սերտել, մինչեւ որ երկու գիրքերը ամբողջացնես։