Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Ահաւասիկ մենք. մե՛զ ղրկեցէք»

«Ահաւասիկ մենք. մե՛զ ղրկեցէք»

ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ՞Ս ընդլայնել ծառայութիւնդ, թերեւս փոխադրուելով օտար երկիր մը, ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Եթէ այո, պիտի օգտուիս եղբայր եւ քոյր Պերկէմներու փորձառութենէն։

Ճէք եւ Մերի–Լին 1988–էն ի վեր միասնաբար լիաժամ կը ծառայեն։ Տարբեր պայմաններու յարմարելու կարողութեամբ ճանչցուած ըլլալով, շատ մը նշանակումներ ստանձնած են Կուատելուբայի եւ Ֆրանսական Կուիանայի մէջ։ Երկու երկիրներն ալ այժմ Ֆրանսայի մասնաճիւղի հոգատարութեան տակ են։ Եկէք Ճէքին ու Մերի–Լինին քանի մը հարցումներ ուղղենք։

Ի՞նչ բան ձեզ մղեց, որ լիաժամ ծառայութեան սկսիք։

Մերի–Լին. Ես Կուատելուբայի մէջ մեծցայ, եւ պզտիկութեանս ատեն յաճախ ամբողջ օրը կը քարոզէի մօրս հետ, որ նախանձախնդիր Վկայ մըն էր։ Ես մարդիկը կը սիրեմ, ուստի 1985–ին, դպրոցը աւարտելէս անմիջապէս ետք, ռահվիրայութեան սկսայ։

Ճէք. Երբ պատանի էի, շրջապատուած էի լիաժամ ծառաներով, որոնք կը սիրէին ծառայութիւնը։ Դպրոցական արձակուրդներուն, որպէս օժանդակ ռահվիրայ կը ծառայէի։ Ատեններ, շաբաթավերջերուն պասով կ’երթայինք, ռահվիրաներուն հետ իրենց թաղամասին մէջ ծառայելու համար։ Ամբողջ օրը կը քարոզէինք, իսկ ետքը՝ ծովեզերքը կը հանգչէինք։ Շա՜տ հաճելի օրեր էին։

1988–ին, Մերի–Լինին հետ ամուսնանալէս կարճ ժամանակ մը ետք, մտածեցի. «Պարտաւորութիւններ չունինք, ինչո՞ւ ծառայութեան մէջ աւելին չընենք»։ Սկսայ Մերի–Լինին հետ ռահվիրայութիւն ընել։ Մէկ տարի ետք, ռահվիրաներու դպրոցը յաճախեցինք, ապա նշանակուեցանք որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Նախ, Կուատելուբայի մէջ քանի մը նշանակումներ վայելեցինք, ետքը, հրաւիրուեցանք ծառայելու Ֆրանսական Կուիանայի մէջ։

Տարիներու ընթացքին, ձեր նշանակումները շատ անգամ փոխուեցան։ Ի՞նչ բան օգնեց որ նոր պայմաններուն յարմարիք։

Մերի–Լին. Ֆրանսական Կուիանայի Բեթէլի մէջ ծառայող եղբայրները գիտէին, որ մեր նախասիրած համարն է՝ Եսայի 6։8–ը։ Ուստի, երբ մեզի կը հեռաձայնէին, յաճախ կատակով կը հարցնէին. «Կը յիշէ՞ք ձեր նախասիրած համարը»։ Կը գիտնայինք, որ մեր նշանակումը պիտի փոխուէր, ուստի կ’ըսէինք. «Ահաւասիկ մենք. մե՛զ ղրկեցէք»։

Կը ջանանք մեր հին ու նոր նշանակումները իրարու հետ չբաղդատել, քանի որ այդպէս ընելով մեր նոր նշանակումը պիտի չգնահատենք։ Նաեւ նախաքայլը կ’առնենք եղբայրներուն ու քոյրերուն ծանօթանալու։

Ճէք. Անցեալին, լաւ միտում ունեցող կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր կը փորձէին մեզ համոզել որ չփոխադրուինք, քանի որ կ’ուզէին որ իրենց մօտիկ մնայինք։ Բայց երբ Կուատելուբան ձգեցինք, եղբայրներէն մէկը մեզի յիշեցուց Յիսուսի խօսքը, որ գրուած է Մատթէոս 13։38–ի մէջ. «Արտը աշխարհս է»։ Ուստի, երբ մեր նշանակումը կը փոխուի, մենք մեզի կը յիշեցնենք, որ ո՛ւր ալ երթանք, նոյն «արտ»ին մէջ կը ծառայենք։ Ի վերջոյ, ամենակարեւորը՝ թաղամասին մէջ գտնուող մարդիկն են։

Երբ նոր թաղամաս մը կը հասնինք, կը տեսնենք որ հոն մարդիկ կրնա՛ն որոշ չափով ուրախ ապրիլ։ Անոր համար, կը ջանանք տեղացիներուն պէս ապրիլ։ Թէեւ ուտելիքը կրնայ տարբեր ըլլալ, բայց կ’ուտենք ինչ որ անոնք կ’ուտեն եւ կը խմենք ինչ որ անոնք կը խմեն, վստահ ըլլալէ ետք որ ատոնք առողջապահական են։ Ջանք կ’ընենք որ իւրաքանչիւր նշանակումի մասին դրականօրէն խօսինք։

Մերի–Լին. Նաեւ շատ բան կը սորվինք տեղացի եղբայրներէն։ Կը յիշեմ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Ֆրանսական Կուիանա ժամանելէն քիչ ետք։ Անձրեւ կը տեղար, ուստի մտածեցինք որ պէտք է սպասենք մինչեւ որ անձրեւը կենայ, որպէսզի քարոզելու ելլենք։ Բայց քոյր մը հարցուց ինծի. «Երթա՞նք»։ Զարմացած՝ պատասխանեցի. «Ինչպէ՞ս»։ «Հովանոցդ առ. մեր հեծիկներով պիտի երթանք»։ Այդպէս սորվեցայ հովանոց բռնել եւ միեւնոյն ատեն հեծիկ քշել։ Եթէ չսորվէի, անձրեւոտ ատենները բնա՛ւ պիտի չկարենայի քարոզել։

Շուրջ 15 անգամ փոխադրուած էք։ Փոխադրուելու վերաբերեալ կ’ուզէի՞ք օգտակար խրատներ բաժնել մեզի հետ։

Մերի–Լին. Փոխադրուիլը դիւրին չէ։ Կարեւոր է որ գտնես տուն մը, ուր հանգիստ կը զգաս, երբ ծառայութենէն վերադառնաս։

Ճէք. Սովորաբար մեր նոր տունին պատերը նորէն կը ներկեմ։ Եթէ մասնաճիւղի պատասխանատու եղբայրները գիտէին, որ հաւանաբար երկար պիտի չմնայինք այդ նշանակումին մէջ, երբեմն կատակով ինծի կ’ըսէին. «Ճէք, պարապի մի՛ ներկեր»։

Մերի–Լինը ճամբորդութեան պայուսակները պատրաստելու մէջ վարպետ է։ Ամէն բան տուփերու մէջ կը դնէ եւ անոնց վրայ գրութիւններ կը փակցնէ, ինչպէս՝ «բաղնիք», «ննջասենեակ» եւ «խոհանոց»։ Այդպիսով, երբ մեր նոր տունը կը հասնինք, տուփերը աւելի դիւրութեամբ կրնանք համապատասխան սենեակներու մէջ դնել։ Ան նաեւ իւրաքանչիւր տուփի պարունակութիւնը կ’արձանագրէ, որպէսզի կարենանք արագօրէն գտնել պէտք եղածը։

Մերի–Լին. Քանի որ սորված ենք լաւ կազմակերպուած ըլլալ, կրնանք անմիջապէս ծառայութեան սկսիլ։

Ի՞նչ յայտագիր կը դնէք, որ կարենաք ‘ձեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել’ (Բ. Տիմ. 4։5, ՆԱ

Մերի–Լին. Երկուշաբթի օրը, հանգիստ կ’ընենք եւ ժողովներուն նիւթերը կը պատրաստենք։ Իսկ երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ ծառայութեան կ’ելլենք։

Ճէք. Չենք կեդրոնանար մեզմէ պահանջուած ժամերը ապահովելու վրայ. ծառայութիւնը մեր կեանքին առանցքն է։ Տունէն դուրս ելլելէն մինչեւ տուն վերադառնալը ջանք կ’ընենք, որ մեր հանդիպած բոլոր մարդոց խօսինք։

Մերի–Լին. Օրինակ, երբ պտոյտի կ’երթանք, միշտ հետս թերթիկներ կ’առնեմ։ Ոմանք մեզի կը մօտենան ու հրատարակութիւններ կը խնդրեն, թէեւ անոնց ըսած չենք ըլլար որ Եհովայի վկայ ենք։ Այդ պատճառով, ուշադիր կ’ըլլանք թէ ինչպէ՛ս կը հագուինք եւ կը վարուինք։ Մարդիկ այսպիսի բաներ կը նկատեն։

Ճէք. Վկայութիւն կու տանք նաեւ, մեր դրացիներուն համար լաւ բաներ ընելով։ Գետնէն թուղթեր կը հաւաքեմ, աղբերը դուրս կը հանեմ եւ տան պարտէզին մէջ գետին ինկած տերեւները կ’աւլեմ։ Դրացիները կը նկատեն ըրածներս եւ ատեններ կը հարցնեն. «Արդեօք Սուրբ Գիրք մը ունի՞ս, որ կրնաս ինծի տալ»։

Յաճախ հեռաւոր թաղամասերու մէջ քարոզած էք։ Կրնա՞ք այդ ճամբորդութիւններէն յատուկ փորձառութիւն մը պատմել։

Ճէք. Կուիանայի մէջ դժուար է կարգ մը թաղամասեր հասնիլ։ Յաճախ պէտք է մէկ շաբթուան ընթացքին 600 քմ. ճամբորդենք խորտուբորտ ճամբաներով։ Ամազոնի անտառին մէջ, Սենթ Էլի տուած մեր այցելութիւնը չի մոռցուիր։ Քանի մը ժամ առաւ, որ հոն հասնինք։ Ճամբորդեցինք դժուար ճամբաներու համար շինուած ինքնաշարժով, ինչպէս նաեւ շարժանաւով։ Հոն ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը ոսկեխոյզ էր։ Մեր հրատարակութիւնները գնահատելով, ոմանք որպէս նուիրատուութիւն մեզի տուին ոսկիի պզտիկ կտորներ։ Իրիկունը, դիտել տուինք կազմակերպութեան վիտէօներէն մէկը։ Բազմաթիւ տեղացիներ ներկայ եղան։

Մերի–Լին. Վերջերս, Ճէքէն խնդրուեցաւ որ Գէմոփիի մէջ Յիշատակատօնի դասախօսութիւնը ներկայացնէ։ Հոն հասնելու համար, Օյափոք գետին մէջ շարժանաւով չորս ժամ ճամբորդեցինք։ Ատիկա ոգեւորիչ փորձառութիւն մըն էր։

Ճէք. Հոն, ուր գետին ջուրերը շատ արագ կը հոսէին, սահանքները կրնային խիստ վտանգաւոր ըլլալ։ Իրապէս տպաւորիչ էր տեսնել այդ սահանքները, մինչ նաւը ատոնց կը մօտենար։ Նաւավարը պէտք է հմուտ ըլլար, որպէսզի կարենար ատոնց մէջէն ապահովաբար անցնիլ։ Բայց հոյակապ փորձառութիւն մըն էր։ Յիշատակատօնին ներկայ եղան շուրջ 50 անհատներ, որոնցմէ միայն վեցը Վկայ էին։ Ներկաներուն մէջ կային նաեւ բնիկ հնդիկներ։

Մերի–Լին. Երիտասարդները կրնան այսպիսի ճոխ փորձառութիւններ վայելել, եթէ Եհովայի ծառայութեան մէջ իրենց բերած բաժինը աւելցնեն։ Անհրաժեշտ է որ Եհովայի վստահիս, եւ առ ի արդիւնք՝ հաւատքդ կը զօրանայ։ Մեր կեանքին մէջ յաճախ տեսած ենք Եհովայի օգնութեան ձեռքը։

Քանի մը լեզուներ սորված էք։ Արդեօք լեզուներ սորվելու յատուկ ձի՞րք ունիք։

Ճէք. Բնաւ երբեք։ Այդ լեզուները սորվեցայ, քանի որ կարիք կար։ Երեւակայէ որ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան բաժին մը չներկայացուցած՝ ինձմէ խնդրուեցաւ Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը վարել սրանանթոնկօ * լեզուով։ Երբ եղբօր մը հարցուցի թէ ինչպէ՛ս էր վարած կերպս, պատասխանեց. «Կարգ մը բառեր չհասկցանք, բայց շատ լաւ էր»։ Պզտիկները մեծապէս օգնեցին։ Երբ սխալներ կ’ընէի, կ’ըսէին, մինչ մեծերը բան մը չէին ըսեր։ Պատանիներէն շատ բան սորվեցայ։

Մերի–Լին. Թաղամասի մը մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ունէի՝ ֆրանսերէնով, փորթուգալերէնով եւ սրանանթոնկոյով։ Քոյր մը առաջարկեց, որ սկսիմ ինծի համար ամենադժուար լեզուով եղող դասը վարելով, այսինքն՝ փորթուգալերէնով, իսկ ամենադիւրին լեզուով եղող դասը վերջաւորութեան ձգեմ։ Սկիզբը չհասկցայ, թէ ինչո՛ւ այդ խրատը տուաւ ինծի։

Օր մը սրանանթոնկոյով ուսումնասիրութիւն մը վարելէ ետք, փորթուգալերէնով ուսումնասիրութիւն մը պիտի վարէի։ Երբ սկսայ, հետս եղող քոյրը ինծի ըսաւ. «Մերի–Լին, կարծեմ խնդիր մը կայ»։ Անդրադարձայ, որ պրազիլցի կնոջ հետ փորթուգալերէնի տեղ սրանանթոնկօ կը խօսէի։ Այդ ատեն հասկցայ այդ խրատին իմաստուն ըլլալը։

Ձեր ծառայակիցները ձեզ շատ կը սիրեն։ Ինչպէ՞ս կրցած էք սերտ բարեկամութիւններ հաստատել։

Ճէք. Առակաց 11։25–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Բարերար անձը պիտի պարարտանայ»։ Մեր անձերը չենք խնայեր ուրիշներուն օգնելու համար։ Օրինակ, Թագաւորութեան սրահի նորոգութեան վերաբերեալ, կարգ մը եղբայրներ ինծի կ’ըսեն. «Թող հրատարակիչները ատիկա ընեն»։ Կը պատասխանեմ. «Բայց ես ալ հրատարակիչ եմ։ Ուրեմն, եթէ բան մը կայ ընելիք, կ’ուզե՛մ մասնակցիլ»։ Եւ թէեւ բոլորս պէտք ունինք մեր անձին ժամանակ տրամադրելու, բայց մենք մեզի յաճախ կը յիշեցնենք, որ չենք ուզեր որ ասիկա արգելք ըլլայ, որ ուրիշներուն լաւ բաներ ընենք։

Մերի–Լին. Կը ջանանք անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ։ Այդպիսով, կը գիտնանք ե՛րբ անոնք պէտք ունին, որ մէկը իրենց պզտիկներուն հոգ տանի կամ դպրոցէն տուն վերադարձնէ։ Ուստի, մեր յայտագիրը այնպէս մը կը դասաւորենք, որ կարենանք մատչելի ըլլալ։ Ասիկա կ’օգնէ, որ ուրիշներու հետ սերտ բարեկամութիւն հաստատենք, պատրաստ ըլլալով ձեռք տալու երբ պէտք ըլլայ։

Ի՞նչ օրհնութիւններ ստացած էք, ծառայելով հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։

Ճէք. Լիաժամ ծառայութիւնը ճոխացուցած է մեր կեանքը։ Յաճախ բնութեան մէջ ըլլալով առիթ ունեցած ենք վայելելու Եհովայի բազմազան ստեղծագործութիւնը։ Եւ թէեւ դժուարութիւններէ կ’անցնինք, բայց մտքի խաղաղութիւն ունինք, գիտնալով որ Աստուծոյ ծառաները մեզի կ’աջակցին, ո՛ւր ալ ըլլանք։

Երբ երիտասարդ էի, Ֆրանսական Կուիանայի մէջ քրիստոնէական չէզոքութեան համար բանտարկուեցայ։ Բնաւ չերեւակայեցի, որ օրին մէկը հոն պիտի վերադառնայի որպէս միսիոնար, եւ ինծի պիտի արտօնուէր բանտերը այցելել որպէս քարոզիչ։ Անկասկած, Եհովան առատաձեռնօրէն կ’օրհնէ։

Մերի–Լին. Տալը իմ ամենամեծ ուրախութիւնս է։ Մենք երջանիկ ենք, քանի որ Եհովային կը ծառայենք։ Ծառայութիւնը մեզ իրարու ալ մօտեցուցած է որպէս զոյգ։ Ատեններ, Ճէք կը հարցնէ, թէ արդեօք յարմա՛ր է վհատած զոյգ մը ճաշի հրաւիրենք։ Յաճախ կը պատասխանեմ. «Նո՛յն բանը միտքէս կ’անցնէր»։ Ասիկա շատ անգամ կը պատահի։

Ճէք. Վերջերս գիտցայ, որ շագանակագեղձի քաղցկեղ ունիմ։ Թէեւ Մերի–Լին չի սիրեր լսել ասիկա, բայց իրեն ըսած եմ. «Հոգի՛ս, եթէ վաղը մեռնիմ, ‘աղէկ ծերութեան մէջ’ պիտի չմեռնիմ։ Բայց գոհունակ եմ, որ կեանքս գործածեցի արժէքաւոր բան մը ընելով՝ Եհովային ծառայելով։ Այս մէկը զիս շատ կ’ուրախացնէ» (Ծն. 25։8

Մերի–Լին. Եհովան մեր առջեւ անակնկալ դռներ բացած է, թոյլ տալով որ աներեւակայելի բաներ ընենք։ Մեր կեանքը բազմաթիւ աղուոր բաներով լեցուն է։ Ամբողջովին Աստուծոյ ապաւինելով, պիտի երթանք որեւէ տեղ, որ իր կազմակերպութիւնը մեզմէ կը խնդրէ որ երթանք։

^ պարբ. 32 Սրանանթոնկօ լեզուն անգլերէնի, հոլանտերէնի, փորթուգալերէնի եւ ափրիկեան լեզուներու խառնուրդ է, եւ մէջտեղ եկած է ստրուկներու միջոցաւ։