Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 14

Յարձակում՝ հիւսիսէն

Յարձակում՝ հիւսիսէն

«Իմ երկրիս վրայ. . . ազգ մը ելաւ» (ՅՎԼ. 1։6

ԵՐԳ 116 Լոյսը կը պայծառանայ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եղբայր Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները սերտելու ի՞նչ մեթոտ գործածեցին, եւ ատիկա ինչո՞ւ լաւ մեթոտ մըն էր։

ԱՒԵԼԻ քան մէկ դար առաջ, եղբայր Չ. Թ. Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները՝ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրող պզտիկ խումբ մը, սկսան միասին հաւաքուիլ։ Անոնք ուզեցին գիտնալ, թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի, մեռելներու վիճակին եւ փրկանքին մասին։ Անոնք սերտելու պարզ մեթոտ մը գործածեցին։ Իրենցմէ մէկը հարցում մը կը հարցնէր, եւ ապա խումբը այդ նիւթին հետ կապ ունեցող իւրաքանչիւր համար աչքէ կ’անցընէր, եւ վերջաւորութեան այդ փնտռտուքին արդիւնքը գրի կ’առնէին։ Եհովայի օրհնութեամբ, այդ անկեղծ քրիստոնեայ տղամարդիկը յայտնաբերեցին աստուածաշնչական բազմաթիւ հիմնական ճշմարտութիւններ, որոնք մինչեւ օրս մեծապէս կ’արժեւորենք։

2. Երբ կը ջանանք Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը հասկնալ, ինչո՞ւ երբեմն սխալ եզրակացութեան կրնանք հասնիլ։

2 Սակայն ինչպէս այդ Աստուածաշունչը ուսումնասիրողները շուտով գիտակցեցան, աստուածաշնչական մարգարէութիւն մը ճշգրտօրէն հասկնալը շատ աւելի դժուար է, քան աստուածաշնչական հիմնական ուսուցում մը հասկնալը։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ ընդհանրապէս Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կարելի է լիովին ըմբռնել, մինչ անոնք կը կատարուին կամ անոնց կատարումէն ետք։ Ուրիշ պատճառ մը այն է, որ մարգարէութիւն մը ճշգրտօրէն հասկնալու համար, պէտք է նկատի առնենք անոր շուրջի համարները։ Եթէ մարգարէութեան միայն մէկ երեսակին վրայ կեդրոնանանք, իսկ մնացածը անտեսենք, կրնանք սխալ եզրակացութեան հասնիլ։ Ուրեմն, այնպէս կ’երեւի, թէ Յովէլ գրքին մէկ մարգարէութեան նկատմամբ ասիկա պատահեցաւ։ Այդ մարգարէութիւնը ետ աչքէ անցընենք եւ քննարկենք, թէ ինչո՛ւ հարկ է որ անոր առնչութեամբ մեր այժմու հասկացողութիւնը փոփոխութեան ենթարկենք։

3-4. Մինչեւ հիմա Յովէլ 2։7-9–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կիրարկած ենք։

3 Կարդա՛ Յովէլ 2։7-9։ Յովէլ կը մարգարէանայ մարախներու պատուհասի մը մասին, որ Իսրայէլը պիտի աւերէր։ Այդ շատակեր միջատները, որոնք առիւծներու պէս ժանիքներ ու ծնօտներ ունէին, Իսրայէլի մէջ գտնուող ամէ՛ն բան պիտի ուտէին (Յվլ. 1։4, 6)։ Երկար տարիներ այն հասկացողութիւնը ունէինք, որ այս մարգարէութիւնը կը նշէր, թէ Եհովայի ժողովուրդը պիտի շարունակէ քարոզել, մարախներու նման, որոնք անկարելի է կեցնել։ Նաեւ, կը հասկնայինք, թէ այս գործունէութիւնը ջախջախիչ ազդեցութիւն ունի «երկրին» վրայ, կամ կրօնական առաջնորդներուն ազդեցութեան տակ եղող մարդոց վրայ *։

4 Այս բացատրութիւնը ճիշդ կը թուի, եթէ կարդանք միայն Յովէլ 2։7-9։ Սակայն, եթէ մարգարէութիւնը քննենք անոր շուրջի համարները հաշուի առնելով, կը տեսնենք որ ատիկա տարբեր կերպով կը հասկնանք։ Քննարկենք չորս պատճառներ թէ ինչո՛ւ պարագան այսպէս է։

ՄԵՐ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԵԼՈՒ ՉՈՐՍ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ

5-6. Ի՞նչ հարցում կը ծագի նկատի առնելով ա) Յովէլ 2։20, բ) Յովէլ 2։25։

5 Առաջին, նկատէ թէ մարախներու պատուհասին նկատմամբ Եհովան ի՛նչ կը խոստանայ. «Հիւսիսային զօրքը [մարախները] ձեր վրայէն պիտի հեռացնեմ» (Յվլ. 2։20)։ Եթէ մարախները կը ներկայացնեն Եհովայի վկաները, որոնք քարոզելու եւ աշակերտելու Յիսուսի պատուէրին կը հետեւին, Եհովան ինչո՞ւ պիտի խոստանայ զանոնք հեռացնել (Եզեկ. 33։7-9. Մատ. 28։19, 20)։ Յստակ է որ Եհովան կ’ուզէ հեռացնել ո՛չ թէ իր հաւատարիմ ծառաները, հապա բան մը կամ մէկը, որ իր ժողովուրդին հանդէպ թշնամական կեցուածք ունի։

6 Երկրորդ պատճառը գիտնալու համար, տե՛ս Յովէլ 2։25–ը (ԱԾ), ուր Եհովան կ’ըսէ. «Ձեզի պիտի հատուցանեմ այն տարիներուն պտուղները, որոնք մարախը, ջորեակը, գրուիճն ու խառնիճը կերան, այսինքն իմ մեծ զօրագունդս՝ որ ձեր մէջ ղրկեցի»։ Նկատէ թէ Եհովան կը խոստանայ մարախներուն պատճառած վնասը ‘հատուցանել’։ Եթէ մարախները կը պատկերացնեն Թագաւորութեան քարոզիչները, ասիկա կը նշանակէ, որ իրենց քարոզած պատգամը վնաս կը հասցնէ։ Բայց իրականութեան մէջ, այդ փրկարար պատգամը կրնայ չարերէն ոմանք մղել զղջումի, ինչ որ օրհնութիւն մըն է (Եզեկ. 33։8, 19

7. Յովէլ 2։28, 29–ին մէջ, «ասկէ յետոյ» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։

7 Կարդա՛ Յովէլ 2։28, 29։ Երրորդ պատճառը կապ ունի մարգարէութեան մէջի դէպքերուն շարքաւորումին հետ։ Նկատեցի՞ր թէ Եհովան կ’ըսէ, որ «Ասկէ յետոյ իմ Հոգիս. . . պիտի թափեմ», այսինքն՝ մարախները իրենց նշանակուած գործը ամբողջացնելէն ետք։ Եթէ մարախները Աստուծոյ Թագաւորութեան քարոզիչներն են, Եհովան ինչո՞ւ անոնց վրայ իր հոգին պիտի թափէր քարոզչութիւնը ամբողջացնելէ ետք։ Իրականութիւնը այն է, որ առանց Աստուծոյ ուժեղ սուրբ հոգիին օգնութեան, անոնք բնա՛ւ պիտի չկարենային տարիներով քարոզել, հակառակ հալածանքին եւ արգիլումին։

Եղբայր Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ եւ ուրիշ օծեալ ծառաներ համարձակօրէն ծանուցանեցին Աստուծոյ դատաստանները այս չար աշխարհին դէմ (տե՛ս պարբերութիւն 8)

8. Յայտնութիւն 9։1-11–ի մէջ նկարագրուած մարախները որո՞նք կը ներկայացնեն (տե՛ս կողքին նկարը)։

8 Կարդա՛ Յայտնութիւն 9։1-11։ Հիմա չորրորդ պատճառը նկատի առնենք։ Նախապէս, Յովէլի նկարագրած մարախներու պատուհասը կը կապէինք մեր քարոզչութեան հետ, ի մտի ունենալով Յայտնութիւն գրքին մէջ արձանագրուած նոյնանման մարգարէութիւն մը։ Վերջինս կը նկարագրէ մարախներու գունդ մը, որոնք մարդոց երեսներ եւ իրենց գլուխներուն վրայ «ոսկեղէն պսակներու պէս» բաներ ունին (Յայտ. 9։7)։ Անոնք կը չարչարեն ‘ա՛յն մարդիկը [Աստուծոյ թշնամիները], որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին’, եւ այս չարչարանքը հինգ ամիս կը տեւէ, ինչ որ մարախի մը կեանքին միջին տեւողութիւնն է (Յայտ. 9։4, 5)։ Այնպէս կ’երեւի թէ ասիկա կը նկարագրէ Եհովայի օծեալ ծառաները, որոնք համարձակօրէն կը ծանուցանեն Աստուծոյ դատաստանները այս չար աշխարհին դէմ, եւ առ ի արդիւնք՝ անոր թիկունք կանգնողները կ’անհանգստացնեն։

9. Ի՞նչ աչքառու տարբերութիւններ կան, Յովէլի նկարագրած մարախներուն եւ Յովհաննէսի նկարագրած մարախներուն միջեւ։

9 Ճիշդ է որ Յայտնութիւն գրքին մարգարէութեան եւ Յովէլի մարգարէութեան միջեւ նմանութիւններ կան, սակայն աչքառու տարբերութիւններ ալ կան։ Նկատէ. Յովէլի մարգարէութեան մէջ, մարախները բուսականութիւնը կ’աւերեն (Յվլ. 1։4, 6, 7), մինչ Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ, մարախներուն կ’ըսուի որ «չվնասեն երկրի խոտին» (Յայտ. 9։4)։ Այն մարախները, որոնք Յովէլ տեսաւ, հիւսիսէն կու գան (Յվլ. 2։20), իսկ այն մարախները, որոնք Յովհաննէս տեսաւ, անդունդէն կու գան (Յայտ. 9։2, 3)։ Յովէլի նկարագրած մարախները կը հեռացուին, իսկ Յայտնութիւն գրքին նկարագրած մարախները չեն հեռացուիր, հապա անոնց թոյլ կը տրուի որ իրենց գործը ամբողջացնեն։ Բա՛ն մը ցոյց չի տար, որ Եհովան անոնց չի հաճիր (տե՛ս « Մարախներու մասին մարգարէութիւններ. նման՝ բայց տարբեր» շրջանակը)։

10. Աստուածաշնչական օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ թէ Յովէլի եւ Յովհաննէսի նկարագրած մարախները իրարմէ տարբեր բաներ կը ներկայացնեն։

10 Երկու մարգարէութիւններուն միջեւ եղած աչքառու տարբերութիւններուն ի տես, կ’եզրակացնենք որ անոնք իրարու հետ կապ չունին։ Արդեօք ըսել կ’ուզենք որ Յովէլի նշած մարախները եւ Յայտնութիւն գրքին նշած մարախները նոյնը չե՞ն։ Այո՛։ Աստուածաշունչին մէջ, երբեմն նոյն խորհրդանիշը տարբեր հատուածներու մէջ տարբեր իմաստներ կ’ունենայ։ Օրինակ, Յայտնութիւն 5։5–ին մէջ Յիսուս կը կոչուի՝ «Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը», մինչդեռ Ա. Պետրոս 5։8–ին մէջ Սատանան կը նկարագրուի որպէս «մռնչող առիւծ»։ Ուրեմն, մեր քննարկած չորս կէտերուն ի տես, Յովէլի մարգարէութեան ուրիշ բացատրութիւն պէտք է գտնենք։ Ի՞նչ է անիկա։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

11. Յովէլ 1։6–ը եւ 2։1, 8, 11–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն մարախներու ինքնութիւնը գիտնալու։

11 Երբ Յովէլի մարգարէութեան շուրջի համարները խորազնին կերպով քննենք, յայտնի կը դառնայ, որ ան զինուորական յարձակումի մը մասին կը մարգարէանար (Յվլ. 1։6. 2։1, 8, 11)։ Եհովան ըսաւ որ իր «մեծ բանակ»ը (բաբելոնացի զինուորները) պիտի գործածէր անհնազանդ իսրայէլացիները պատժելու համար (Յվլ. 2։25)։ Տեղին է որ յարձակող զօրքը «հիւսիսային զօրք» կոչուէր, քանի որ բաբելոնացիները Իսրայէլին վրայ հիւսիսէն պիտի յարձակէին (Յվլ. 2։20)։ Այդ զօրքը նմանցուած է լաւ կազմակերպուած մարախներու գունդի։ Անոնց մասին Յովէլ կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւրը [իւրաքանչիւր զինուոր] իր ճամբան պիտի քալէ. . . Քաղաքին մէջ պիտի պտըտին ու պարսպին վրայ պիտի վազեն։ Տուներուն վրայ պիտի ելլեն, գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն» (Յվլ. 2։8, 9)։ Կրնա՞ս տեսարանը երեւակայել։ Ամէն տեղ զինուորներ կան եւ պահուըտելու տեղ չկայ։ Մէ՛կը չի կրնար բաբելոնացիներու սուրէն փախչիլ։

12. Մարախներու մասին Յովէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

12 Բաբելոնացիները (կամ քաղդէացիները) մարախներու նման յարձակելով, Երուսաղէմը գրաւեցին Ք.Ա. 607–ին։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք. «Քաղդէացիներուն թագաւորը. . . անոնց երիտասարդները անոնց սրբարանին մէջ սրով մեռցուց ու երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալեւորին չխնայեց. ամէնքն ալ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց։ Եւ Աստուծոյ տունը այրեցին ու Երուսաղէմի պարիսպը փլցուցին ու անոր բոլոր պալատները կրակով այրեցին ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւերեցին» (Բ. Մն. 36։17, 19)։ Այս տեսարանը տեսնողը միայն պիտի ըսէր. «Ամայացած է ու մարդէ եւ անասունէ զուրկ է ու Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուած է» (Եր. 32։43

13. Բացատրէ Երեմիա 16։16, 18–ի նշանակութիւնը։

13 Յովէլի մարգարէութենէն շուրջ 200 տարի ետք, Եհովան Երեմիայի միջոցաւ այս յարձակումին մասին ուրիշ բան մը յայտնեց։ Ան ըսաւ որ յարձակողները ուշի ուշով պիտի փնտռէին այն իսրայէլացիները, որոնք չար բաներ կ’ընէին, եւ զանոնք պիտի բռնէին։ «‘Ահա ես շատ ձկնորսներ բերել պիտի տամ’, կ’ըսէ Տէրը, ‘որ զանոնք որսան։ Անկէ ետքը շատ որսորդներ բերել պիտի տամ, որ զանոնք ամէն լերան վրայէն եւ ամէն բլուրի վրայէն ու վէմերուն ծակերէն որսան. . . Անոնց անօրէնութեանը ու մեղքին կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ’»։ Ո՛չ ովկիանոսները, ոչ ալ անտառները պիտի կարենային անզեղջ իսրայէլացիներուն համար թաքստոց ըլլալ, բաբելոնացի զինուորներէն պահուըտելու համար (Եր. 16։16, 18

ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

14. Յովէլ 2։28, 29–ն ե՞րբ կատարուեցաւ։

14 Այժմ Յովէլ վերահաստատման լուրեր կու տայ։ Երկիրը նորէն պտուղ պիտի տայ (Յվլ. 2։23-26)։ Ապագային, առատ հոգեւոր սնունդ մատչելի պիտի դառնայ։ Եհովան կ’ըսէ. «Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան. . . Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ» (Յվլ. 2։28, 29)։ Աստուծոյ հոգին չթափուեցաւ իսրայէլացիները Բաբելոնէն իրենց երկիրը վերադառնալէն անմիջապէս ետք, հապա թափուեցաւ դարեր ետք՝ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Ինչպէ՞ս գիտենք։

15. Գործք 2։16, 17–ի համաձայն, Պետրոս ի՞նչ փոփոխութիւն մտցուց Յովէլ 2։28–ի խօսքերուն մէջ, եւ ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։

15 Ներշնչման ներքեւ, Պետրոս առաքեալ Յովէլ 2։28, 29–ն կիրարկեց հիանալի դէպքի մը, որ այդ Պէնտէկոստէին տեղի ունեցաւ։ Այդ առաւօտ, ժամը իննին ատենները հրաշք մը տեղի ունեցաւ. սուրբ հոգին թափուեցաւ, եւ զայն ստացողները սկսան «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» պատմել (Գործք 2։11)։ Դարձեալ ներշնչման ներքեւ, Պետրոս Յովէլի մարգարէութիւնը մէջբերեց պզտիկ փոփոխութիւն մը մտցնելով անոր մէջ։ Այդ փոփոխութիւնը նկատեցի՞ր (կարդա՛ Գործք 2։16, 17)։ Փոխանակ մէջբերումը սկսելու «ասկէ յետոյ» արտայայտութեամբ, Պետրոս ըսաւ որ «վերջին օրերը», Աստուծոյ հոգին «ամէն մարմնի վրայ» պիտի թափուի։ Այս հատուածին մէջ «վերջին օրերը» կ’ակնարկէ հրէական դրութեան վերջին օրերուն։ Պետրոսի գործածած արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, որ վերահաստատման մասին Յովէլի մարգարէութեան կատարումը Յովէլէն բաւական ժամանակ ետք եղաւ։

16. Առաջին դարուն, Աստուծոյ հոգին ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ քարոզչութեան վրայ, իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել ներկայիս։

16 Այս յատկանշական դէպքէն ետքն էր, որ քարոզչութիւնը սկսաւ մեծ տարողութեամբ յառաջ երթալ։ Շուրջ Ք.Ե. 61–ին, երբ Պօղոս առաքեալ կողոսացիներուն ուղղած իր նամակը գրեց, կրցաւ ըսել որ բարի լուրը քարոզուեցաւ «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» (Կող. 1։23)։ Պօղոսի օրերուն, «բոլոր ստեղծուածներ» արտայայտութիւնը կը նշանակէր՝ այդ ատենուան ճանչցուած աշխարհը։ Իսկ ներկայիս, Եհովայի զօրեղ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, քարոզչութիւնը շա՜տ աւելի ընդարձակուած է. անիկա հասած է «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 13։47. տե՛ս ‘ Իմ Հոգիս պիտի թափեմ’ շրջանակը)։

Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ՓՈԽՈՒԱԾ Է

17. Մարախներու մասին Յովէլի մարգարէութեան նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը ինչպէ՞ս փոխուած է։

17 Ի՞նչ բան փոխուած է։ Այժմ աւելի ճշգրիտ կերպով կը հասկնանք Յովէլ 2։7-9–ի մարգարէութիւնը։ Պարզ խօսքով, այս համարները կ’ակնարկեն ո՛չ թէ մեր նախանձախնդրօրէն քարոզելուն, հապա այն յարձակումին, որ բաբելոնական զօրքը ըրաւ Երուսաղէմի վրայ Ք.Ա. 607–ին։

18. Եհովայի ժողովուրդին նկատմամբ ի՞նչ բան չէ փոխուած։

18 Ի՞նչ բան չէ փոխուած։ Եհովայի ժողովուրդը կը շարունակէ բարի լուրը քարոզել ամէն տեղ, գործածելով կարելի եղող ամէն կերպ (Մատ. 24։14)։ Կառավարական ո՛չ մէկ արգիլում կրնայ ետ պահել, որ քարոզչութեան յանձնարարութիւնը կատարենք։ Եւ Եհովայի օրհնութեամբ, որեւէ ժամանակէ աւելի՝ գործունեայ կերպով եւ քաջաբար Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք։ Մենք կը շարունակենք խոնարհութեամբ Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռել աստուածաշնչական մարգարէութիւն մը հասկնալու համար, քաջ գիտնալով որ յարմար ժամանակին ան «ամէն ճշմարտութեան» պիտի առաջնորդէ մեզ (Յովհ. 16։13

ԵՐԳ 115 Մեր ճամբան յաջողցնենք

^ պարբ. 5 Տարիներով հաւատացած ենք, որ Յովէլ գրքին 1–ին եւ 2–րդ գլուխներուն մէջ նշուած մարգարէութիւնը կը խօսի մեր արդի քարոզչութեան մասին։ Սակայն չորս վաւերական պատճառներով յստակ կը դառնայ, որ Յովէլի մարգարէութեան այդ հատուածին առնչութեամբ մեր հասկացողութիւնը փոփոխութեան պէտք է ենթարկենք։ Ի՞նչ են այդ պատճառները։

^ պարբ. 3 Օրինակ, տե՛ս «Եհովայի իմաստութիւնը ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնուի» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2009 թիւին մէջ, պարբերութիւն 14-16։