Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հեզութիւն. ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ

Հեզութիւն. ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ

Սառան * կ’ըսէ. «Ես ամչկոտ անձ եմ եւ շատ ինքնավստահութիւն չունիմ։ Անոր համար հանգիստ չեմ զգար, երբ անհատներու հետ ըլլամ, որոնք զօրաւոր եւ յարձակողական անձնաւորութիւն ունին։ Բայց կը հանգչիմ, երբ հեզ ու խոնարհ անհատի մը հետ եմ։ Անոր կրնամ սիրտս բանալ, զգացումներս բաժնել եւ խնդիրներս քննարկել։ Մտերիմ բարեկամներս այս տեսակ անհատներ են»։

Սառային ըսածը ցոյց կու տայ, որ հեզութիւնը մեզ կը սիրցնէ ուրիշներուն։ Հեզութիւնը նաեւ Եհովան կը հաճեցնէ։ Անոր Խօսքը մեզ կը քաջալերէ. «Ձեր վրայ հագէ՛ք. . . հեզութիւնը» (Կող. 3։12)։ Ի՞նչ է հեզութիւնը։ Յիսուս ինչպէ՞ս զայն ցուցաբերեց։ Եւ ինչպէ՞ս այս յատկութիւնը կրնայ մեր կեանքը աւելի ուրախ դարձնել։

Ի՞ՆՉ Է ՀԵԶՈՒԹԻՒՆԸ

Հեզութիւնը խաղաղ մտավիճակ է։ Հեզ անձը ուրիշներուն հետ կը վարուի մեղմութեամբ ու ազնուութեամբ, եւ կարող է կեանքի դժուարութիւնները հանդարտութեամբ ու ինքնազսպումով դիմագրաւել։

Հեզութիւնը ներքին զօրութեան նշան է։ «Հեզութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը կը գործածուէր նկարագրելու վայրի ձին, որ ընտելացուած էր։ Ձին տակաւին զօրաւոր է, բայց մարզուեցաւ իր ուժը զսպելու։ Նոյնպէս, երբ հեզ ենք, կը զսպենք մեր անկատար հակումները եւ ուրիշներուն հետ խաղաղութեամբ կը վարուինք։

Թերեւս մտածենք. ‘Հեզ անձնաւորութիւն չունիմ’։ Մենք կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր բարկութիւնը եւ անհամբերութիւնը սովորական են, ուստի կրնայ դժուար ըլլալ հեզ ոգի դրսեւորելը (Հռով. 7։19)։ Արդարեւ, հեզութիւն մշակելը ջանքի կը կարօտի, բայց Եհովայի սուրբ հոգին պիտի օգնէ որ վճռենք հեզ ըլլալ (Գաղ. 5։22, 23)։ Ինչո՞ւ կ’արժէ ջանք թափել, որ հեզութիւն մշակենք։

Հեզութիւնը յատկութիւն մըն է, որ մարդիկը կը հրապուրէ։ Ինչպէս Սառան նկատեց, մենք հանգիստ կը զգանք հեզահոգի անհատներուն ներկայութեան։ Յիսուս հեզ ու քաղցր անձի հոյակապ օրինակ մըն է (Բ. Կոր. 10։1)։ Նոյնիսկ զինք չճանչցող պզտիկները կ’ուզէին իրեն հետ ըլլալ (Մար. 10։13-16

Հեզութիւնը թէ՛ մեզ կը պաշտպանէ եւ թէ մեր շուրջինները։ Եթէ հեզ ենք, անմիջապէս չենք ջղայնանար կամ բարկութեամբ չենք հակազդեր (Առ. 16։32)։ Այդպիսով, հեռու կը մնանք յանցաւոր զգալէ, որ յառաջ կու գայ երբ մէկը կը վիրաւորենք, մանաւանդ եթէ մեր սիրելին է։ Ուրիշներ ալ պիտի օգտուին, քանի որ մեր զգացումներն ու վարքը զսպելով զիրենք պիտի չվիրաւորենք։

ՀԵԶՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՕՐԻՆԱԿԸ

Հակառակ իր ծանր պատասխանատուութիւններուն եւ խճողուած յայտագիրին, Յիսուս բոլորին հետ հեզութեամբ վարուեցաւ։ Այդ օրերուն շատեր ծանրաբեռնուած էին ու թարմանալու պէտք ունէին։ Որքա՜ն մխիթարուած ըլլալու էին, երբ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Եկէ՛ք ինծի. . . որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ» (Մատ. 11։28, 29

Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի ցուցաբերած հեզութիւնը մշակել։ Նախ, Աստուծոյ Խօսքը սերտելով կը գիտնանք, թէ Յիսուս ինչպէս մարդոց հետ վարուեցաւ եւ ինչպէս դժուար պարագաներու հետ գլուխ ելաւ։ Ետքը, երբ մեր հեզութիւնը փորձող պարագաներ դիմագրաւենք, կը ջանանք Յիսուսին պէս հակազդել (Ա. Պետ. 2։21)։ Նկատի առ երեք բաներ, որոնք Յիսուսին օգնեցին հեզ ըլլալու։

Յիսուս սրտով խոնարհ էր։ Ան ըսաւ, որ ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ է (Մատ. 11։29)։ Աստուածաշունչը այս երկու յատկութիւնները միասին կը նշէ, քանի որ հեզութիւնը սերտօրէն կապուած է խոնարհութեան (Եփ. 4։1-3)։ Ինչպէ՞ս։

Խոնարհութիւնը կ’օգնէ որ մեր անձը չափազանց լուրջի չառնենք կամ շատ զգայուն չըլլանք։ Յիսուս ինչպէ՞ս հակազդեց անոնց, որոնք զինք անարդարօրէն քննադատեցին որպէս «ուտող եւ արբեցող մարդ մը»։ Ան թոյլ տուաւ որ իր օրինա՛կը լռեցնէ քննադատութիւնը, եւ հեզութեամբ դիտել տուաւ, որ «իմաստութիւնը կ’արդարանայ իր գործերով» (Մատ. 11։19, ՆԱ

Եթէ մէկը վիրաւորական խօսք մը ըսէ տոհմիդ, սեռիդ կամ ենթահողիդ մասին, կրնա՞ս ջանք ընել որ հեզութեամբ հակազդես։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ Փիթըր անունով երէց մը կ’ըսէ. «Երբ ջղագրգիռ կ’ըլլամ մէկու մը ըսածէն, ես ինծի հարց կու տամ. ‘Յիսուս ինչպէ՞ս պիտի հակազդէր’»։ Ան կ’աւելցնէ. «Սորված եմ անձս շատ լուրջի չառնել»։

Յիսուս հաշուի կ’առնէր մարդկային անկատարութիւնը։ Յիսուսի աշակերտները լաւ միտումներ ունէին, բայց երբեմն անկատարութիւնը թոյլ չտուաւ որ ատոնց համաձայն գործէին։ Օրինակ, Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս չկրցան արթուն մնալ, ինչպէս որ Յիսուս խնդրած էր։ Ան ընդունեց որ «հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մատ. 26։40, 41)։ Ասիկա ըմբռնելուն շնորհիւ, Յիսուս առաքեալներէն չջղայնացաւ։

Մէնտի անունով քոյր մը քննադատական ոգի ունէր, բայց հիմա շատ ջանք կը թափէ, որ Յիսուսի հեզութիւնը ընդօրինակէ։ Ան կ’ըսէ. «Կը ջանամ մարդկային անկատարութիւնը ընդունիլ իր բոլոր երեսակներով, եւ ուրիշներուն մէջ դրականը տեսնել, այն ինչ որ Եհովան վստահաբար կը տեսնէ»։ Յիսուսին պէս մարդկային տկարութիւնները կարեկցաբար նկատի առնելով, կրնաս ուրիշներու հետ հեզութեամբ վարուիլ։

Յիսուս հարցերը Աստուծոյ յանձնեց։ Իր երկրային կեանքի ընթացքին, ան անարդար վերաբերմունքին տոկաց։ Ան սխալ հասկցուեցաւ, անարգուեցաւ եւ չարչարուեցաւ։ Այսուհանդերձ, ան հեզ մնաց, քանի որ «ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր» (Ա. Պետ. 2։23)։ Յիսուս գիտէր որ իր երկնաւոր Հայրը իրեն հոգ պիտի տանէր եւ անարդարութիւնները պիտի սրբագրէր յարմար ժամանակին։

Եթէ բարկանանք եւ փորձենք անարդար վերաբերմունքի դէմ դնել, դիւրաւ կրնանք չափազանց հակազդել եւ պարագան վատթարացնել։ Անոր համար Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր» (Յակ. 1։20)։ Նոյնիսկ եթէ մեր բարկութիւնը արդարացի է, անկատարութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ որ սխալ կերպով հակազդենք։

Գերմանիոյ մէջ Քաթի անունով քոյր մը սովորաբար կը մտածէր. ‘Եթէ դուն քեզ չպաշտպանես, ուրիշը այս մէկը պիտի չընէ’։ Բայց երբ սորվեցաւ Եհովային վստահիլ, իր կեցուածքը փոխեց։ Ան կ’ըսէ. «Այլեւս պէտք չունիմ, որ միշտ պատրաստ ըլլամ ինքզինքս պաշտպանելու։ Կրնամ դիւրաւ հեզութեամբ վարուիլ, գիտնալով որ Եհովան կատարելապէս ամէն բան հակակշռի տակ առած է»։ Եթէ երբեք անարդարութեան զոհ գացած ես, Յիսուսին պէս Աստուծոյ վստահիլդ պիտի օգնէ որ հեզ մնաս։

«ԵՐԱՆԻ՜ ՀԵԶԵՐՈՒՆ»

Հեզութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել դժուար պարագաներու մէջ

Յիսուս նշեց, որ մեր երջանկութեան համար հեզութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ հեզերուն» (Մատ. 5։5)։ Նկատէ թէ հեզութիւնը ինչպէս կ’օգնէ հետեւեալ պարագաներուն մէջ։

Հեզութիւնը կը փարատէ լարուածութիւնը ամուսնութեան մէջ։ Աւստրալիայէն եղող Ռապըրթ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Առանց մտածելու, բազմաթիւ վիրաւորական խօսքեր ըսած եմ կնոջս։ Բայց բարկութեան պահուն ըսուած կոշտ խօսքերը չես կրնար ետ քաշել։ Շա՜տ գէշ կը զգայի, երբ կը տեսնէի թէ զինք խորապէս վիրաւորած էի»։

Մեր լեզուով «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» եւ մեր խօսքերը կրնան ամուսնական խաղաղութեան սպառնալ (Յակ. 3։2)։ Այսպիսի պարագաներու, հեզութիւնը կ’օգնէ որ հանդարտ մնանք եւ մեր լեզուն զսպենք (Առ. 17։27

Ռապըրթ ծանր աշխատեցաւ, որ հանդարտութիւն եւ ինքնազսպում զարգացնէ։ Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը։ Ան կ’ըսէ. «Այժմ, երբ անհամաձայնութիւն ըլլայ, մասնաւոր ջանք կ’ընեմ որ ուշի–ուշով մտիկ ընեմ, հեզութեամբ խօսիմ եւ տակնուվրայ չըլլամ։ Մեր փոխյարաբերութիւնը շա՜տ աւելի լաւ է»։

Հեզութիւնը կ’օգնէ որ ուրիշներուն հետ լեզու գտնենք։ Անոնք, որոնք դիւրաւ կը վիրաւորուին, ի վերջոյ քիչ բարեկամներ կ’ունենան։ Հեզութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ ‘միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահենք’ (Եփ. 4։2, 3)։ Նախապէս նշուած Քաթին կ’ըսէ. «Հեզութիւնը ինծի կարողութիւն տուած է, որ անհատի մը հետ ընկերակցիլս աւելի հաճելի դարձնեմ, թէեւ կարգ մը անհատներու հետ լեզու գտնելը դիւրին չէ»։

Հեզութիւնը ներքին խաղաղութիւն կու տայ։ Աստուածաշունչը «վերին իմաստութիւնը» կը կապէ հեզութեան եւ խաղաղութեան հետ (Յակ. 3։13, 17)։ Հեզ անհատը «հանդարտ սիրտ» ունի (Առ. 14։30)։ Մարթին, որ ծանր աշխատեցաւ հեզութիւն զարգացնելու համար, կը նշէ. «Հիմա աւելի ճկուն ու նուազ յարձակողական եմ, եւ կը վայելեմ աւելի ներքին խաղաղութիւն ու երջանկութիւն»։

Արդարեւ, թերեւս պէտք ըլլայ որ շա՜տ ջանք թափենք, որպէսզի հեզ ըլլանք։ Եղբայր մը կ’ըսէ. «Խօսքին բացը, մինչեւ հիմա, կարգ մը առիթներով մէջէս բարկութեամբ կ’եռամ»։ Բայց Եհովան, որ մեզ կը քաջալերէ հեզ ըլլալ, մեզի պիտի օգնէ այս պայքարին մէջ (Եսա. 41։10. Ա. Տիմ. 6։11)։ Ան կրնայ մեր մարզումը ամբողջացնել եւ մեզ ‘զօրացնել’ (Ա. Պետ. 5։10)։ Ի վերջոյ, Պօղոս առաքեալին պէս, կրնանք ‘Քրիստոսին հեզութիւնը եւ քաղցրութիւնը’ արտացոլել (Բ. Կոր. 10։1

^ պարբ. 2 Կարգ մը անուններ փոխուած են։