Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 23

«Քու անունդ սուրբ ըլլայ»

«Քու անունդ սուրբ ըլլայ»

«Ո՛վ Տէր, քու անունդ մինչեւ յաւիտեան պիտի մնայ» (ՍԱՂ. 135։13

ԵՐԳ 9 Փառաբանե՛նք Եհովան՝ մեր Աստուածը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Մենք՝ Եհովայի վկաներս, ո՞ր նիւթերով շատ հետաքրքրուած ենք։

ԱՅՍՕՐ շատ կարեւոր հարցեր կը դիմագրաւենք. Աստուծոյ գերիշխանութեան հարցը եւ անոր անուան սրբացման հարցը։ Մենք՝ Եհովայի վկաներս, կը սիրենք այդ հետաքրքրաշարժ նիւթերը քննարկել։ Բայց արդեօք ատոնք երկու տարբե՞ր նիւթեր են։ Ո՛չ։

2 Բոլորս ըմբռնած ենք, որ Աստուծոյ անուան վրայ եկած նախատինքը պէտք է ջնջուի։ Նաեւ գիտցած ենք, թէ պէտք է փաստուի որ Եհովայի գերիշխանութիւնը, կամ անոր իշխելու կերպը, լաւագոյնն է։ Այս երկու հարցերն ալ մեր ուշադրութեան արժանի են։

3. Եհովայի անունը ի՞նչ բան կը պարփակէ։

3 Իրականութեան մէջ, Եհովա անունը մեր Աստուծոյ մասին ամէն բան կը պարփակէ, մէջը ըլլալով իր իշխելու կերպը։ Ուստի երբ կ’ըսենք որ ամէն նախատինքէ Եհովայի անուան մաքրուիլը ամենակարեւոր հարցն է, նաեւ ըսած կ’ըլլանք որ պէտք է փաստուի թէ Եհովայի իշխելու կերպը լաւագոյնն է։ Եհովայի անունը սերտօրէն կապ ունի իր իշխելու կերպին հետ որպէս ամենակարող Գերիշխանը (տե՛ս « Մեծ հարցի մը երեսակները» շրջանակը)։

4. Սաղմոս 135։13–ը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ Աստուծոյ անունը, եւ յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

4 Եհովայի անունը իւրայատուկ է (կարդա՛ Սաղմոս 135։13)։ Ինչո՞ւ Աստուծոյ անունը այդքան կարեւոր է։ Անիկա առաջին անգամ ինչպէ՞ս զրպարտուեցաւ։ Աստուած ինչպէ՞ս զայն կը սրբացնէ։ Եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք իր անունը պաշտպանելու մէջ բաժին բերել։ Պատասխանենք այս հարցումներուն։

ԱՆՈՒՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

5. Ոմանք թերեւս ի՞նչ մտածեն Աստուծոյ անուան սրբացման նկատմամբ։

5 «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։ Յիսուս ըսաւ որ ասիկա ամենակարեւոր մէկ բանն է, որուն մասին պէտք է աղօթել։ Բայց Յիսուսի խօսքերը ի՞նչ կը նշանակեն։ Բան մը սրբացնել կը նշանակէ՝ զայն սուրբ, անարատ կամ մաքուր դարձնել։ Ոմանք թերեւս մտածեն. ‘Եթէ Եհովայի անունը արդէն սուրբ, անարատ ու մաքուր է, ինչո՞ւ պէտք է սրբացուի’։ Ասոր պատասխանելու համար, նկատի առնենք թէ անուն մը ի՛նչ կը պարփակէ։

6. Ի՞նչ բան անունը արժէքաւոր կը դարձնէ։

6 Անունը պարզապէս բառ մը չէ, որ թուղթի վրայ կը գրեն կամ կ’արտասանեն։ Նկատի առ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է» (Առ. 22։1. Ժող. 7։1)։ Ինչո՞ւ անունը այդքան արժէքաւոր է։ Քանի որ անիկա կը պարփակէ մէկու մը համբաւը, այսինքն՝ թէ ուրիշներ ի՛նչ կը մտածեն այդ անունը կրողին մասին։ Ուրեմն ամենակարեւոր բանը չէ, թէ անունը ինչպէ՛ս կը գրուի կամ նոյնիսկ ինչպէ՛ս կ’արտասանուի։ Ամենակարեւորն է՝ թէ մարդիկ ի՛նչ կը մտածեն, երբ այդ անունը կը տեսնեն կամ կը լսեն։

7. Մարդիկ ինչպէ՞ս փորձած են Աստուծոյ անուան վնասել։

7 Երբ մարդիկ սուտեր կը խօսին Եհովայի մասին, անոնք իր համբաւը կ’աւրեն։ Այդպէս ընելով, կը փորձեն իր անուան վնասել։ Եդեմի պարտէզին մէջ էր, որ առաջին անգամ Աստուծոյ անուան եւ համբաւին վրայ յարձակում եղաւ։ Նկատի առ թէ այս յարձակումէն ի՛նչ կը սորվինք։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՆՈՒՆԸ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶՐՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

8. Ադամն ու Եւան ի՞նչ բան գիտէին եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

8 Ադամն ու Եւան գիտէին Աստուծոյ անունը, ինչպէս նաեւ անոր մասին կարեւոր ճշմարտութիւններ։ Անոնք զինք կը ճանչնային որպէս Արարիչ. Մէկը՝ որ իրենց տուաւ կեանք, գեղեցիկ դրախտային տուն եւ կատարեալ կողակից (Ծն. 1։26-28. 2։18)։ Սակայն արդեօք անոնք իրենց կատարեալ միտքը պիտի շարունակէի՞ն գործածել խոկալու այն բոլոր բաներուն վրայ, որոնք Եհովան իրենց համար ըրած էր։ Արդեօք անոնք պիտի շարունակէի՞ն սէր եւ գնահատանք կերտել այդ անունով ներկայացուած Անձին հանդէպ։ Պատասխանները յստակ դարձան, երբ Աստուծոյ թշնամին զիրենք փորձեց։

9. Ծննդոց 2։16, 17 եւ 3։1-5–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ ըսաւ առաջին զոյգին, եւ Սատանան ինչպէ՞ս ճշմարտութիւնը խեղաթիւրեց։

9 Կարդա՛ Ծննդոց 2։16, 17 եւ 3։1-5։ Սատանան օձի մը միջոցաւ Եւային հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Անոր հարցումը Աստուծոյ մասին խորամանկ սուտ մը կը բովանդակէր, որուն պատճառաւ Եւան սկսաւ ժխտականօրէն մտածել Աստուծոյ մասին։ Բայց Աստուած իրականութեան մէջ ըսած էր, որ անոնք բոլոր ծառերէն կրնային ուտել, բացի մէկ ծառէ։ Ադամին ու Եւային տրուած էին բազմաթիւ ու այլազան ծառեր, որոնցմէ կրնային ուտել (Ծն. 2։9)։ Այո, Եհովան անկասկած առատաձեռն է։ Սակայն ան ըսած էր որ Ադամն ու Եւան չէին կրնար որոշ ծառէ մը ուտել։ Ուստի Սատանայի հարցումը ճշմարտութիւնը խեղաթիւրեց։ Ան այն տպաւորութիւնը ձգեց, որ Աստուած առատաձեռն չէ։ Եւան թերեւս խորհեցաւ. ‘Արդեօք Աստուած ինձմէ լաւ բա՞ն մը կը պահէ’։

10. Սատանան ինչպէ՞ս ուղղակիօրէն Աստուծոյ անունը զրպարտեց, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

10 Այդ հանգրուանին, Եւան տակաւին Եհովան իր Կառավարիչը կը նկատէր։ Ան Սատանային պատասխանեց, մէջբերելով Աստուծոյ յստակ ուղղութիւնը։ Նաեւ աւելցուց որ նոյնիսկ պէտք չէր դպչէին ծառին։ Ան գիտէր Աստուծոյ զգուշացումին մասին, որ անհնազանդութիւնը մահուան պիտի տանէր։ Բայց Սատանան պատասխանեց. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք» (Ծն. 3։2-4)։ Ան այս անգամ խորամանկութիւնը մէկդի ձգելով, Աստուծոյ անունը ուղղակիօրէն զրպարտեց, Եւային հասկցնելով որ Եհովան ստախօս է։ Այդպիսով Սատանան դարձաւ բանսարկու, կամ զրպարտիչ։ Եւան ամբողջովին խաբուեցաւ. ան հաւատաց Սատանային (Ա. Տիմ. 2։14)։ Անոր աւելի վստահեցաւ քան Եհովային։ Ատիկա Եւային դիւրացուց ամենավատ որոշումը առնելը. Եհովային չհնազանդիլ։ Ան կերաւ արգիլուած պտուղէն, եւ ետքը Ադամին ալ տուաւ (Ծն. 3։6

11. Մեր առաջին ծնողները ի՞նչ կրնային ընել, բայց ի՞նչ չըրին։

11 Պահ մը մտածէ, թէ Եւան ի՛նչ պէտք էր ըսէր Սատանային։ Երեւակայէ որ այսպիսի բան մը ըսէր. «Ես քեզ չեմ ճանչնար, բայց Հայրս՝ Եհովան, կը ճանչնամ, եւ զինք կը սիրեմ ու իրեն կը վստահիմ։ Ամէն ինչ որ Ադամ ու ես ունինք, ա՛ն մեզի տուած է։ Ինչպէ՞ս կը համարձակիս գէշ բան մը ըսել անոր մասին։ Ետի՛ս գնա»։ Եհովան որչա՜փ պիտի ուրախանար, լսելով իր սիրալիր աղջիկին հաւատարիմ խօսքերը (Առ. 27։11)։ Բայց Եւան Եհովայի հանդէպ հաւատարիմ սէր չունէր, ոչ ալ Ադամ ունէր։ Իրենց Հօր հանդէպ այդպիսի սէր չունենալով, Ադամն ու Եւան չպաշտպանեցին անոր անունը զրպարտութեան դէմ։

12. Սատանան ինչպէ՞ս Եւայի մտքին մէջ կասկածներ ցանեց, եւ Ադամն ու Եւան ի՞նչ չըրին։

12 Ինչպէս նկատեցինք, սկիզբը Սատանան կասկածներ ցանեց Եւայի մտքին մէջ։ Ան զինք մղեց հարցականի տակ դնելու Եհովա անունով ներկայացուած Անձին ինչպիսի մէկը ըլլալը։ Եւ Ադամն ու Եւան չպաշտպանեցին Եհովայի անունն ու համբաւը։ Ասիկա դիւրացուց որ Սատանային ականջ տան եւ իրենց Հօր դէմ ըմբոստանան։ Այսօր, Սատանան նոյնանման մեթոտներ կը գործածէ։ Ան կը յարձակի Եհովայի անուան վրայ, զայն զրպարտելով։ Մարդիկ, որոնք Սատանայի սուտերուն կը հաւատան, աւելի դիւրութեամբ կրնան Եհովայի արդար իշխանութիւնը մերժել։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԱՆՈՒՆԸ ԿԸ ՍՐԲԱՑՆԷ

13. Եզեկիէլ 36։23–ը ինչպէ՞ս Աստուածաշունչի գլխաւոր պատգամը ցցուն կ’ընէ։

13 Եհովան կը հանդուրժէ՞ այսպիսի զրպարտութիւն, առանց ինքզինք պաշտպանելու։ Բնաւ երբեք։ Ամբողջ Աստուածաշունչը կը կեդրոնանայ այն բանին վրայ, թէ Եհովան ի՛նչ ըրած է՝ Եդեմին մէջ իր անուան վրայ եկած նախատինքը ջնջելու համար (Ծն. 3։15)։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի բուն պատգամը կրնանք այսպէս ամփոփել. Եհովան մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ, իր անունը կը սրբացնէ եւ երկրի վրայ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը կը վերահաստատէ։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ տեղեկութիւններ, որոնք կ’օգնեն հասկնալու թէ Եհովան իր անուան սրբացումը ինչպէ՛ս կ’իրագործէ (կարդա՛ Եզեկիէլ 36։23

14. Եդեմի մէջ եղած ըմբոստութեան նկատմամբ Եհովայի հակազդեցութիւնը ինչպէ՞ս իր անունը սրբացուցած է։

14 Սատանան իր ամէն կարելին ըրած է, որպէսզի թոյլ չտայ որ Եհովան իր նպատակը իրագործէ։ Բայց ան շարունակ ձախողած է։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս վարուած է, եւ կը փաստէ որ անոր պէս մէկը չկայ։ Ճիշդ է որ Սատանային եւ անոր կողքին դիրք բռնողներուն ըմբոստութիւնը Եհովային մեծ ցաւ պատճառած է (Սաղ. 78։40)։ Սակայն ան այս պարագային հետ իմաստութեամբ, համբերութեամբ եւ արդարութեամբ վարուած է։ Ան նաեւ անհամար կերպերով ցոյց տուած է իր անսահման զօրութիւնը։ Եւ ամենակարեւորը, ան սէր դրսեւորած է իր բոլոր ըրածներուն մէջ (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ան շարունակ աշխատած է իր անունը սրբացնելու համար։

Սատանան Եւային սուտ խօսեցաւ Եհովայի մասին, եւ դարերու ընթացքին շարունակած է Աստուած զրպարտել (տե՛ս պարբերութիւն 9-10, 15) *

15. Սատանան ներկայիս ինչպէ՞ս Աստուծոյ անունը կը զրպարտէ, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

15 Ներկայիս, Սատանան տակաւին Աստուծոյ անունը կը զրպարտէ։ Ան կը ջանայ մարդիկը մղել որ կասկածին թէ Աստուած զօրաւոր, արդար, իմաստուն եւ սիրալիր է։ Օրինակ, Սատանան կը ջանայ մարդիկը համոզել որ Եհովան Ստեղծիչը չէ։ Եւ եթէ մարդիկ կը հաւատան, որ Աստուած գոյութիւն ունի, Սատանան կը փորձէ անոնց հաւատալ տալ, որ Աստուած եւ իր չափանիշները կաշկանդիչ ու անարդար են։ Ան նոյնիսկ մարդոց կը սորվեցնէ, թէ Եհովան անգութ ու դաժան Աստուած է, որ մարդիկը դժոխքին մէջ կը տանջէ։ Երբ անոնք այսպիսի զրպարտութեան կը հաւատան, աւելի հաւանական է որ դիմեն յաջորդ քայլին՝ մերժել Եհովայի արդար իշխանութիւնը։ Մինչեւ որ Սատանան բնաջնջուի, պիտի շարունակէ Եհովան զրպարտել եւ փորձել քեզ Աստուծմէ հեռացնել։ Պիտի յաջողի՞։

ՔՈՒ ԴԵՐԴ ՄԵԾ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ

16. Ի՞նչ կրնաս ընել, որ Ադամն ու Եւան չըրին։

16 Եհովան թոյլ կու տայ, որ անկատար մարդիկ իր անուան սրբացման մէջ բաժին բերեն։ Ուստի, կրնաս ընել ի՛նչ որ Ադամն ու Եւան չըրին։ Հակառակ անոր որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ Եհովայի անունը զրպարտող եւ պղծող մարդոցմով լեցուն է, դուն պատեհութիւնը ունիս խօսելու ճշմարտութիւնը, թէ Եհովան սուրբ, արդար, բարի եւ սիրալիր է (Եսա. 29։23)։ Կրնաս իր իշխանութեան թիկունք կանգնիլ։ Կրնաս մարդոց օգնել հասկնալու, որ միայն Եհովայի իշխանութիւնը բոլորովին արդար է եւ ամբողջ ստեղծագործութեան պիտի բերէ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն (Սաղ. 37։9, 37. 146։5, 6, 10

17. Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօր անունը ճանչցուց։

17 Երբ Եհովայի անունը կը պաշտպանենք, Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւած կ’ըլլանք (Յովհ. 17։26)։ Յիսուս իր Հօր անունը ճանչցուց, ոչ միայն զայն գործածելով, այլ նաեւ պաշտպանելով Եհովայի համբաւը։ Օրինակ, փարիսեցիները Եհովայի մասին զանազան կերպերով այն գաղափարը տուին, թէ ան կոշտ, պահանջկոտ, անհասանելի եւ անողորմ է։ Բայց Յիսուս մարդոց օգնեց, որ Եհովան տեսնեն որպէս տրամաբանող, համբերող, սիրառատ եւ ներող։ Ան նաեւ մարդոց օգնեց Եհովան ճանչնալու, կատարելապէս ընդօրինակելով իր Հօր յատկութիւնները իր առօրեայ կեանքին մէջ (Յովհ. 14։9

18. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի մասին եղած սուտերն ու զրպարտութիւնը քանդել։

18 Յիսուսին պէս, կրնանք մարդոց պատմել ու սորվեցնել, թէ Եհովան որքա՜ն քաղցր ու սիրառատ Աստուած է։ Այսպէս ընելով, Եհովայի մասին եղած սուտերն ու զրպարտիչ գաղափարները կը քանդենք։ Եհովայի անունը կը սրբացնենք, մարդոց օգնելով որ զայն սուրբ նկատեն։ Մենք ալ կրնանք Եհովան ընդօրինակել, թէեւ անկատար ենք (Եփ. 5։1, 2)։ Երբ մեր խօսքերն ու գործերը մարդոց ցոյց կու տան, թէ Եհովան իրապէս ինչպիսի՛ Աստուած է, իր անուան սրբացման մէջ բաժին կը բերենք։ Եհովա անունը կը ջատագովենք, մարդոց օգնելով որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնան։ Նաեւ Եհովայի անունը կը սրբացնենք, երբ անկատար մարդիկ ըլլալով հանդերձ՝ մեր ուղղամտութիւնը կը պահենք (Յոբ 27։5

Կ’ուզենք մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել, որ ճանչնան Եհովայի քաղցր ու սիրալիր անձնաւորութիւնը (տե՛ս պարբերութիւն 18-19) *

19. Եսայի 63։7–ն ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ գիտնալու մեր սորվեցնելու գլխաւոր նպատակը։

19 Ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ կրնանք ընել Եհովայի անունը սրբացնելու համար։ Երբ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ ուրիշներու կը սորվեցնենք, յաճախ կը շեշտենք Աստուծոյ գերիշխանութիւնը, այսինքն՝ թէ Եհովան իրաւունքը ունի տիեզերքին վրայ իշխելու։ Սակայն, թէեւ Աստուծոյ օրէնքներուն վրայ կեդրոնանալը կարեւոր է, բայց մեր գլխաւոր նպատակն է՝ մարդոց օգնել որ սկսին Եհովան սիրել եւ իրեն հաւատարիմ ըլլալ։ Ուստի, պէտք է Եհովայի գրաւիչ յատկութիւնները ցցուն ընենք, շեշտելով Եհովա անունով ներկայացուած Անձին ինչպիսի՛ մէկը ըլլալը (կարդա՛ Եսայի 63։7)։ Այդ կերպով սորվեցնելով, ուրիշներուն պիտի օգնենք որ Եհովան սիրեն ու անոր հնազանդին, քանի որ կ’ուզե՛ն անոր հաւատարիմ ըլլալ։

20. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

20 Եհովայի անուան սրբացման մէջ պարփակուած կէտերուն կարեւորութիւնը քննարկելէ ետք, այժմ հարցում մը կը ծագի. ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր վարքը եւ սորվեցնելու կերպը պիտի օգնեն ուրիշներուն, որ Եհովայի մասին դրականօրէն մտածեն, երբ իր անունը լսեն, եւ իրեն մօտենան։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։

ԵՐԳ 138 Անունդ Եհովա է

^ պարբ. 5 Մարդիկն ու հրեշտակները ի՞նչ կարեւոր հարց կը դիմագրաւեն։ Ի՞նչ բան զայն այդքան կարեւոր կը դարձնէ եւ մենք ի՞նչ դեր ունինք։ Այս հարցումներուն պատասխանները հասկնալը մեզի պիտի օգնէ, որ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնենք։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Սատանան Աստուած զրպարտեց, Եւային ըսելով թէ ան ստախօս է։ Դարերու ընթացքին, Սատանան սուտ գաղափարներ տարածած է, ինչպէս՝ թէ Աստուած դաժան է եւ թէ ան մարդիկը չստեղծեց։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը մինչ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէ, Աստուծոյ անձնաւորութիւնը ցցուն կ’ընէ։