Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ժուժկալութիւն. անհրաժեշտ է՝ Եհովայի հաճութիւնը ունենալու համար

Ժուժկալութիւն. անհրաժեշտ է՝ Եհովայի հաճութիւնը ունենալու համար

«Երբ ազգականս սկսաւ հետս վիճիլ, կոկորդէն բռնեցի ու սկսայ զինք խեղդել։ Ուզեցի մեռցնել զինք» (Փոլ)։

«Տունը, պզտիկ բանէ մը կրնայի շապիկէս ելլել։ Կը կոտրէի կահկարասի, խաղալիքներ, ի՛նչ որ ձեռքս կ’անցնէր» (Մարքօ)։

Մենք թերեւս նոյնչափ վայրագօրէն չվարուինք։ Սակայն բոլորս ատեններ կը դժուարանանք ինքզինքնիս զսպելու։ Գլխաւոր պատճառը այն է, որ Ադամէն մեղաւոր հակումներ ժառանգեցինք (Հռով. 5։12)։ Փոլին եւ Մարքոյին պէս, ոմանք չեն կրնար իրենց տրամադրութիւնը զսպել։ Իսկ ուրիշներու համար դժուար է իրենց մտքերը հակակշռի տակ առնելը։ Օրինակ, շարունակ կը մտածեն զիրենք վախցնող կամ վհատեցնող բաներու մասին։ Ոմանց համար ալ դիւրին չէ դէմ դնել սեռային անբարոյութեան, ալքոլի չափազանց գործածութեան եւ թմրամոլութեան։

Անոնք, որոնք իրենց մտածումները, ցանկութիւններն ու արարքները չեն զսպեր, կրնան իրենց կեանքը քանդել։ Բայց կրնանք ատկէ խուսափիլ։ Ինչպէ՞ս։ Մշակելով ժուժկալութիւն, կամ ինքնազսպում։ Մեզի պիտի օգնէ հետեւեալ երեք հարցումները նկատի առնելը. 1) Ի՞նչ է ժուժկալութիւնը։ 2) Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ 3) Ինչպէ՞ս կրնանք մշակել այս յատկութիւնը, որ «Հոգիին պտուղ»ին մէկ երեսակն է (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Նաեւ, պիտի քննենք թէ անձամբ ի՛նչ կրնանք ընել, եթէ ատեններ ժուժկալ չենք։

Ի՞ՆՉ Է ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ժուժկալ անհատը ամէն ներքին մղումի համաձայն չի գործեր։ Ան կը ջանայ չվարուիլ եւ չխօսիլ այնպիսի կերպով, որ Աստուծոյ հաճելի չէ։

Յիսուս վստահաբար ժուժկալ էր

Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ի՛նչ կը նշանակէ ժուժկալ ըլլալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ ան «կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր» (Ա. Պետ. 2։23)։ Յիսուս այդպիսի ժուժկալութիւն դրսեւորեց, երբ հակառակորդները զինք ծաղրեցին, մինչ տանջանքի ցիցին գամուած էր (Մատ. 27։39-44)։ Իսկ անկէ առաջ, ան ուշագրաւ ինքնազսպում ցուցաբերեց, երբ թշնամի կրօնական առաջնորդները իրեն շատ մը հարցումներ հարցուցին, փորձելով զինք մղել որ սխալ բան մը ըսէ (Մատ. 22։15-22)։ Եւ շա՜տ աղուոր օրինակ ձգեց, երբ զայրացած հրեաներ քարեր առին, որ վրան նետեն։ Փոխանակ անոնց հետ գէշ կերպով վարուելու, ‘Յիսուս ծածկուեցաւ անոնց աչքերէն եւ տաճարէն դուրս ելաւ’ (Յովհ. 8։57-59

Կրնա՞նք Յիսուսը ընդօրինակել։ Այո՛, որոշ չափով։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի [«սերտօրէն», ՆԱ] իր շաւիղներուն հետեւիք» (Ա. Պետ. 2։21)։ Անկատար ըլլալով հանդերձ, կրնանք ժուժկալութեան նկատմամբ Յիսուսի օրինակին սերտօրէն հետեւիլ։ Ինչո՞ւ ատիկա ընելը անհրաժեշտ է։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է

Ժուժկալութեան պէտք ունինք, որպէսզի Եհովայի հաճութիւնը ունենանք։ Նոյնիսկ եթէ տարիներէ ի վեր Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայած ենք, անոր հետ մեր բարեկամութիւնը կրնանք կորսնցնել, եթէ չզսպենք ինչ որ կ’ընենք եւ կ’ըսենք։

Նկատի առ Մովսէսի օրինակը, որ իր օրերուն՝ «շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի» (Թւ. 12։3)։ Իսրայէլացիներուն գանգատներուն տասնամեակներ համբերելէ ետք, Մովսէս իր ժուժկալութիւնը կորսնցուց։ Ան բարկացաւ, երբ անգամ մը եւս գանգատեցան բաւարար ջուր չըլլալուն համար։ Ան ժողովուրդին կոշտօրէն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Լսեցէ՛ք հիմա, ո՛վ ապստամբներ, ձեզի այս ապառաժէ՞ն ջուր պէտք է հանենք» (Թւ. 20։2-11

Մովսէս ինքզինք չզսպեց։ Ան Եհովան չպատուեց որպէս հրաշքով հայթայթուած ջուրին Աղբիւրը (Սաղ. 106։32, 33)։ Առ ի արդիւնք, Եհովան անոր թոյլ չտուաւ որ Աւետեաց երկիրը մտնէ (Թւ. 20։12)։ Մովսէս հաւանաբար մինչեւ իր կեանքին վերջը զղջաց իր ժուժկալութիւնը կորսնցնելուն համար (Բ. Օր. 3։23-27

Այդ դէպքէն ի՞նչ կը սորվինք։ Նոյնիսկ եթէ երկար ժամանակ է որ ճշմարտութեան մէջ ենք, բնաւ պէտք չէ անյարգալից կերպով խօսինք անոնց, որոնք մեզ կը ջղայնացնեն կամ սրբագրուելու պէտք ունին (Եփ. 4։32. Կող. 3։12)։ Ճիշդ է որ մինչ կը մեծնանք, ատեններ մեր համբերութիւնը կրնայ հատնիլ, բայց յիշենք Մովսէսը։ Բնաւ չենք ուզեր մեր ժուժկալութիւնը կորսնցնելուն պատճառաւ, աւրել տարիներու ընթացքին Եհովայի քով վաստկած մեր բարի անունը։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս անհրաժեշտ յատկութիւնը մշակել։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼ

Աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ժուժկալութիւնը սուրբ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է, եւ Եհովան իր հոգին կու տայ զայն խնդրողներուն (Ղուկ. 11։13)։ Իր հոգիին միջոցաւ, Եհովան մեզի պէտք եղած զօրութիւնը կրնայ տալ (Փլպ. 4։13)։ Ան նաեւ կրնայ մեզի օգնել, որ հոգիին պտուղին միւս երեսակները մշակենք, ինչպէս՝ սէրը, որ կը դիւրացնէ ժուժկալութիւն ցոյց տալը (Ա. Կոր. 13։5

Խուսափէ որեւէ բանէ, որ կրնայ ժուժկալութիւնդ տկարացնել

Խուսափէ որեւէ բանէ, որ կրնայ ժուժկալութիւնդ տկարացնել։ Օրինակ, հեռու կեցիր կայքերէ եւ ժամանցի տեսակներէ, որոնք սխալ վարք կը քաջալերեն (Եփ. 5։3, 4)։ Իրականութեան մէջ, պէտք է խուսափինք որեւէ բանէ, որ մեզ կրնայ դրդել սխալ բան մը ընելու (Առ. 22։3. Ա. Կոր. 6։12)։ Օրինակ, անհատ մը, որ հակամէտ է սեռային անմաքուր արարքներ ընելու, թերեւս պէտք ունենայ ամբողջովին խուսափելու սիրային գիրքերէ եւ ֆիլմերէ։

Այդ խրատը գործադրելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Սակայն, եթէ ջանք թափենք, Եհովան մեզի պէտք եղած ուժը պիտի տայ, որ մենք մեզ զսպենք (Բ. Պետ. 1։5-8)։ Ան մեզի պիտի օգնէ որ մեր մտքերը, խօսքերը եւ արարքները հակակշռի տակ առնենք։ Ասոր մէկ ապացոյցն է Փոլին եւ Մարքոյին օրինակը, որոնք սորվեցան իրենց վայրագ բնաւորութիւնը զսպել։ Նաեւ նկատի առ եղբօր մը օրինակը, որ ինքնաշարժ քշած ատեն յաճախ կը ջղայնանար եւ նոյնիսկ ուրիշներու հետ կռիւի կը բռնուէր։ Ատոր նկատմամբ ի՞նչ ըրաւ։ «Ամէն օր ջերմեռանդօրէն աղօթեցի։ Ժուժկալութեան մասին յօդուածներ սերտեցի եւ գոց սորվեցայ համարներ, որոնք կրնային ինծի օգնել։ Եւ թէեւ տարիներ շարունակ այս յատկութեան վրայ կ’աշխատիմ, տակաւին կ’օգտուիմ՝ ամէն առտու նպատակակէտ դնելով, որ օրուան ընթացքին հանդարտ մնամ։ Եւ ժամադրութիւններու համար կանուխ ճամբայ կ’ելլեմ, որպէսզի չաճապարեմ»։

ԵԹԷ ԱՏԵՆՆԵՐ ԺՈՒԺԿԱԼ ՉԵՆՔ

Երբեմն ժուժկալութիւն ցոյց պիտի չտանք։ Երբ ատիկա պատահի, թերեւս ամչնանք Եհովային աղօթելու։ Բայց այս պարագային է որ ամէնէն շատ աղօթքի պէտք ունինք։ Ուստի անմիջապէս Եհովային աղօթէ։ Աղաչէ որ քեզի ներէ, իր օգնութիւնը խնդրէ եւ վճռէ նոյն սխալը չկրկնել (Սաղ. 51։9-11)։ Եհովան պիտի չանարգէ անկեղծ աղօթքդ (Սաղ. 102։17)։ Իսկ Յովհաննէս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ Որդիին արիւնը «մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ» (Ա. Յովհ. 1։7. 2։1. Սաղ. 86։5)։ Մի՛ մոռնար որ Եհովան իր ծառաները կը քաջալերէ, որ կրկին անգամ ներեն։ Ուրեմն կրնանք վստահ ըլլալ, որ ան նոյն բանը մեզի հանդէպ պիտի ընէ (Մատ. 18։21, 22. Կող. 3։13, ՆԱ

Եհովան չհաճեցաւ, երբ անապատին մէջ Մովսէս առիթով մը ժուժկալ չեղաւ։ Բայց եւ այնպէս, Եհովան իրեն ներեց։ Եւ Աստուածաշունչը Մովսէսի մասին կը խօսի որպէս հաւատքի աչքառու օրինակ (Բ. Օր. 34։10. Եբ. 11։24-28)։ Եհովան Մովսէսին չարտօնեց Աւետեաց երկիրը մտնել, բայց անոր թոյլ պիտի տայ որ դրախտային երկրի վրայ ապրի եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենայ։ Մենք ալ կրնանք նոյն հեռանկարը ունենալ, եթէ շարունակենք ջանք թափել, որ մշակենք այս անհրաժեշտ յատկութիւնը՝ ժուժկալութիւնը (Ա. Կոր. 9։25