Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Գաղատացիս 5։22, 23–ի (ՆԱ) մէջ նշուած յատկութիւնները, «Հոգիին պտուղ»ին միա՞կ երեսակներն են։

Այդ համարներուն մէջ նշուած են ինը յատկութիւններ. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ Սակայն պէտք չէ կարծենք թէ ասոնք միակ լաւ յատկութիւններն են, որոնք Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի օգնել որ մշակենք։

Նկատի առ թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ գրեց նախորդող համարներուն մէջ. «Մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են» (Գաղ. 5։19-21)։ Ուստի Պօղոս կրնար ուրիշ բաներ ալ նշել որպէս «մարմնին գործեր», ինչպէս անոնք որոնք Կողոսացիս 3։5–ի մէջ նշուած են։ Նոյնպէս, ան ինը լաւ յատկութիւնները թուելէ ետք, ըսաւ. «Այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։ Ուրեմն Պօղոս չնշեց բոլոր այն լաւ յատկութիւնները, որոնք սուրբ հոգիին օգնութեամբ կրնանք մշակել։

Ասիկա յստակ կը դառնայ, երբ այս ցանկը բաղդատենք Պօղոսի հետեւեալ խօսքին հետ. «Լուսոյ պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է» (Եփ. 5։8, 9, ստորանիշ)։ Ուրեմն, «բարութիւն»ը «լուսոյ պտուղ»ին մաս կը կազմէ, եւ միեւնոյն ատեն «Հոգիին պտուղ»ին երեսակներէն մէկն է։

Նմանապէս, Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց որ երթայ «արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն»,– վեց լաւ յատկութիւններ (Ա. Տիմ. 6։11)։ Ասոնցմէ միայն երեքը (հաւատք, սէր եւ հեզութիւն) նշուած են որպէս «Հոգիին պտուղ»ին երեսակներ։ Սակայն Տիմոթէոս նաեւ սուրբ հոգիին օգնութիւնը պիտի ուզէր, որպէսզի միւս երեք յատկութիւնները մշակէր. արդարութիւն, աստուածպաշտութիւն եւ համբերութիւն (համեմատէ՛ Կողոսացիս 3։12. Բ. Պետրոս 1։5-7

Հետեւաբար, Գաղատացիս 5։22, 23–ը (ՆԱ) չի նշեր բոլոր այն յատկութիւնները, որ քրիստոնեաները պէտք է մշակեն։ Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի օգնել որ զարգացնենք «Հոգիին պտուղ»ին ինը երեսակները։ Բայց յաւելեալ յատկութիւններ ալ պէտք է զարգացնենք, որպէսզի հասուն քրիստոնեաներ ըլլանք եւ ‘նոր մարդը մեր վրայ հագնինք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’ (Եփ. 4։24