Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 27

Քու մասիդ պէտք եղածէն աւելի մի՛ մտածեր

Քու մասիդ պէտք եղածէն աւելի մի՛ մտածեր

«Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ իր մասին պէտք եղածէն աւելի չմտածէ, հապա այնպէս մը մտածէ, որ առողջ միտք ունենայ» (ՀՌՈՎ. 12։3, ՆԱ

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Փիլիպպեցիս 2։3–ը ի՞նչ խրատ կու տայ, եւ զայն գործադրելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք։

ՄԵՆՔ խոնարհաբար Եհովայի չափանիշներուն կը հնազանդինք, գիտակցելով որ ան միշտ գիտէ, թէ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է (Եփ. 4։22-24)։ Խոնարհութիւնը մեզ կը մղէ, որ Եհովայի կամքը մեր կամքէն առաջ դնենք եւ ուրիշները մեզմէ բարձր նկատենք։ Եւ ասիկա կ’օգնէ որ Եհովայի ու հաւատակիցներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։3

2. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ բանի գիտակից էր, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Սակայն, եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք ազդուիլ Սատանայի աշխարհին մէջ եղող հպարտ ու անձնասէր մարդոցմէն *։ Այնպէս կ’երեւի, որ առաջին դարուն ոմանք այսպիսի վտանգի մէջ էին, քանի որ Պօղոս առաքեալ հռոմայեցիներուն գրեց. «Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ իր մասին պէտք եղածէն աւելի չմտածէ, հապա այնպէս մը մտածէ, որ առողջ միտք ունենայ» (Հռով. 12։3, ՆԱ)։ Պօղոս գիտակից էր, որ մեր մասին որոշ բան մը պէտք է մտածենք։ Սակայն խոնարհութիւնը պիտի օգնէ, որ մեր անձին հանդէպ հաւասարակշիռ տեսակէտ ունենանք։ Յօդուածը նկատի պիտի առնէ երեք մարզեր, որոնց մէջ խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր մասին պէտք եղածէն աւելի չմտածենք. 1) ամուսնութիւնը, 2) ծառայութեան առանձնաշնորհումները եւ 3) ընկերային ցանցերու գործածութիւնը։

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆԴ ՄԷՋ

3. Ամուսնութեան մէջ ինչո՞ւ անհամաձայնութիւններ կ’ըլլան, եւ ոմանք ինչպէ՞ս կը հակազդեն։

3 Եհովան ամուսնութեան կարգադրութիւնը ըրաւ, որպէսզի ամուսինը եւ իր կինը միասին երջանիկ ըլլան։ Բայց քանի որ կատարեալ մէկը չկայ, անհամաձայնութիւններ պիտի ըլլան։ Պօղոսն ալ գրեց, որ ամուսնացողները որոշ նեղութիւն պիտի ունենան (Ա. Կոր. 7։28)։ Ոմանք տեսնելով որ իրենց կողակիցին հետ անդադար կը կռուին, թերեւս եզրակացնեն որ իրարու յարմար չեն։ Եթէ աշխարհէն ազդուած են, անմիջապէս ամուսնալուծուելու պիտի նային։ Անոնք պիտի խորհին, թէ ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ մէկը ի՛ր բարիքը փնտռէ։

4. Ի՞նչ պէտք է ընենք։

4 Պէտք է ջանանք մեր ամուսնութիւնը ձախող չսեպել։ Մենք գիտենք որ ամուսնալուծուելու սուրբգրային միակ պատճառը՝ սեռային անբարոյութիւնն է (Մատ. 5։32)։ Ուստի, երբ Պօղոսի նշած նեղութիւնը ունենանք, պէտք չէ թոյլ տանք, որ հպարտութիւնը մեզ մղէ հարց տալու. ‘Ամուսնութիւնս պէտքերս կը գոհացնէ՞։ Կը ստանա՞մ այն սէրը, որուն արժանի եմ։ Արդեօք ուրիշ անհատի մը հետ աւելի ուրախ պիտի ըլլա՞մ’։ Նկատէ որ այս հարցումները կը կեդրոնանան անհատին անձին վրայ։ Աշխարհի իմաստութիւնը քեզի կ’ըսէ, որ սրտիդ հետեւիս ու ընես ի՛նչ որ քեզ կ’ուրախացնէ, նոյնիսկ եթէ ասիկա նշանակէ ամուսնութեանդ վերջ դնել։ Իսկ աստուածային իմաստութիւնը կ’ըսէ. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։4)։ Եհովան կ’ուզէ որ ամուսնութիւնդ պահպանես, ոչ թէ անոր վերջ դնես (Մատ. 19։6)։ Ան կ’ուզէ որ նախ ի՛ր մասին մտածես, ոչ թէ քու մասիդ։

5. Եփեսացիս 5։33–ի համաձայն, կողակիցները ինչպէ՞ս պէտք է իրարու հետ վարուին։

5 Կողակիցները պէտք է իրարու հետ սիրով ու յարգանքով վարուին (կարդա՛ Եփեսացիս 5։33)։ Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, որ կեդրոնանանք տալու վրայ, փոխանակ առնելու վրայ (Գործք 20։35)։ Ո՞ր յատկութիւնը պիտի օգնէ զոյգին, որ սէր ու յարգանք ցուցաբերեն։ Խոնարհութիւնը։ Այն ամուսինը եւ կինը, որոնք խոնարհ են, պիտի փնտռեն ոչ թէ իրենց անձին օգուտը, հապա «ընկերին»ը (Ա. Կոր. 10։24

Խոնարհ զոյգը, փոխանակ մրցակիցներ ըլլալու, իրարու կ’օգնեն ու կը համագործակցին (տե՛ս պարբերութիւն 6)

6. Սթիվընի եւ Սթեֆանիի խօսքերէն ի՞նչ կը սորվիս։

6 Խոնարհութիւնը բազմաթիւ քրիստոնեայ զոյգերու օգնած է ամուսնութեան մէջ աւելի երջանկութիւն գտնելու։ Օրինակ, Սթիվըն անունով ամուսին մը կ’ըսէ. «Դուն եւ կողակիցդ պէտք է միասին աշխատիք, մանաւանդ երբ խնդիրներ ծագին։ Փոխանակ մտածելու՝ ‘ինծի համար լաւագոյն բանը ի՞նչ է’, պիտի մտածես՝ ‘մեզի համար լաւագոյն բանը ի՞նչ է’»։ Անոր կինը՝ Սթեֆանի, նոյն կարծիքը ունի։ Ան կ’ըսէ. «Մէկը չ’ուզեր հակառակորդի մը հետ ապրիլ։ Երբ անհամաձայնութիւն մը ծագի, կը փորձենք գիտնալ բուն խնդիրը։ Ապա կ’աղօթենք, աստուածաշնչական հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք կ’ընենք, եւ կը խօսինք թէ ինչպէ՛ս խնդիրը լուծենք։ Մենք խնդիրին վրայ կը յարձակինք, եւ ոչ թէ իրարու վրայ»։ Կողակիցները իսկապէս կ’օգտուին, երբ իրենց մասին պէտք եղածէն աւելի չեն մտածեր։

«ԼՄԱՆ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆՈՎ» ԵՀՈՎԱՅԻ ԾԱՌԱՅԷ

7. Երբ եղբայր մը ծառայութեան առանձնաշնորհում մը ստանայ, ինչպիսի՞ կեցուածք պէտք է ունենայ։

7 Ամէն կարելի կերպով Եհովայի ծառայելը առանձնաշնորհում կը սեպենք (Սաղ. 27։4. 84։10)։ Եթէ եղբայր մը կրնայ ինքզինք մատչելի դարձնել ծառայութեան մասնաւոր առանձնաշնորհումի մը համար, ասիկա գովելի է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը տեսուչ ըլլալու կը ձգտի, աղէկ գործի կը ցանկայ» (Ա. Տիմ. 3։1, ՆԱ)։ Սակայն, երբ նշանակում մը ստանայ, իր մասին պէտք եղածէն աւելի պէտք չէ մտածէ (Ղուկ. 17։7-10)։ Անոր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ ուրիշներուն խոնարհաբար ծառայել (Բ. Կոր. 12։15

8. Դիոտրեփէսի, Ոզիայի եւ Աբիսողոմի օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։

8 Աստուածաշունչը կը խօսի անհատներու մասին, որոնք իրենց անձին մասին բարձր կարծիք ունէին։ Դիոտրեփէսը անհամեստօրէն ուզեց ժողովքին մէջ «առաջին ըլլալ» (Գ. Յովհ. 9Ոզիան հպարտօրէն փորձեց կատարել պարտականութիւն մը, որ Եհովան իրեն չէր նշանակած (Բ. Մն. 26։16-21Աբիսողոմը խորամանկօրէն ջանաց ժողովուրդին աջակցութիւնը շահիլ, քանի որ ուզեց թագաւոր ըլլալ (Բ. Թագ. 15։2-6)։ Ինչպէս որ այդ արձանագրութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան, Եհովան չի հաճիր անոնց, որոնք իրենց փառքը կը փնտռեն (Առ. 25։27)։ Ժամանակի ընթացքին, հպարտութիւնն ու փառասիրութիւնը միայն աղէտի կ’առաջնորդեն (Առ. 16։18

9. Յիսուս ի՞նչ օրինակ ձգեց։

9 Այդ օրինակներուն հակառակն է Յիսուս, որ «թէեւ Աստուծոյ կերպարանքը ունէր, չմտածեց յափշտակութիւն ընելու մասին, այսինքն՝ Աստուծոյ հաւասար ըլլալու մասին» (Փլպ. 2։6, ՆԱ)։ Եհովայէ ետք ամենամեծ հեղինակութիւնը ունենալով հանդերձ, ան իր մասին պէտք եղածէն աւելի չի մտածեր։ Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ» (Ղուկ. 9։48)։ Ի՜նչ օրհնութիւն է ծառայել՝ ռահվիրաներու, օգնական ծառաներու, երէցներու եւ շրջանային տեսուչներու հետ, որոնք Յիսուսի խոնարհութիւնը կ’ընդօրինակեն։ Եհովայի խոնարհ ծառաները կը նպաստեն, որ աւելի յայտնի ըլլայ այն սէրը, որ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կը բնորոշէ (Յովհ. 13։35

10. Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ կը զգաս թէ ժողովքին մէջ որոշ խնդիրներու պէտք եղածին պէս հոգ չի տարուիր։

10 Իսկ ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ կը թուի թէ ժողովքին մէջ խնդիրներ կան եւ կը զգաս թէ երէցները պէտք եղածին պէս անոնց հոգ չեն տանիր։ Փոխանակ տրտնջալու, կրնաս խոնարհութիւն ցուցաբերել, առաջնորդութիւն առնողներուն թիկունք կանգնելով (Եբ. 13։17)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Տեսած խնդիրներս իրապէս այնքա՞ն լուրջ են, որ պէտք է սրբագրուին։ Զանոնք սրբագրելու յարմար ժամանակը հիմա՞ է։ Զանոնք սրբագրելը ի՞մ պատասխանատուութիւնս է։ Իրապէս կը ջանամ ժողովքին միութեա՞ն նպաստել, թէ՞ կը ջանամ ինքզինքս երեւելի դարձնել’։

Անոնք, որոնց վստահուած են պատասխանատուութիւններ, պէտք է ճանչցուին ոչ միայն իրենց կարողութեամբ, այլեւ իրենց խոնարհութեամբ (տե՛ս պարբերութիւն 11) *

11. Եփեսացիս 4։2, 3–ի համաձայն, երբ խոնարհութեամբ Եհովայի ծառայենք, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

11 Եհովայի աչքին՝ խոնարհութիւնը աւելի կարեւոր է քան կարողութիւնը, եւ միութիւնը՝ քան արդիւնաբերութիւնը։ Ուստի, լաւագոյնդ ըրէ որ խոնարհութեամբ Եհովայի ծառայես։ Այսպիսով, ժողովքին միութիւնը կը զօրացնես (կարդա՛ Եփեսացիս 4։2, 3)։ Ծառայութեան մէջ գործունեայ եղիր։ Ուրիշներուն ծառայելու կերպեր փնտռէ, անոնց բարի գործեր ընելով։ Հիւրասէր եղիր բոլորին հանդէպ, մէջը ըլլալով անոնք, որոնք ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքեր չունին (Մատ. 6։1-4. Ղուկ. 14։12-14)։ Մինչ ժողովքին հետ խոնարհաբար կը գործես, ուրիշներ պիտի նկատեն ոչ միայն հմտութիւններդ, այլեւ խոնարհութիւնդ։

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՒ ԱՏԵՆ՝ ԽՈՆԱՐՀ ԵՂԻՐ

12. Աստուածաշունչը բարեկամութեան մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

12 Եհովան կ’ուզէ որ ընտանիքի անդամներուն եւ բարեկամներուն հետ հաճելի ժամանակ անցընենք (Սաղ. 133։1)։ Յիսուս լաւ բարեկամներ ունէր (Յովհ. 15։15)։ Աստուածաշունչը կը նշէ իսկական բարեկամներ ունենալու օգուտները (Առ. 17։17. 18։24)։ Եւ մեզի կ’ըսէ որ մեկուսանալը լաւ բան մը չէ (Առ. 18։1, ստորանիշ)։ Շատեր կը խորհին, որ ընկերային ցանցերու միջոցաւ կրնան բազմաթիւ բարեկամներ ունենալ ու մեկուսացած չզգալ։ Սակայն, հաղորդակցութեան այս միջոցը պէտք է զգուշութեամբ գործածենք։

13. Ընկերային ցանցերը գործածողներէն ոմանք ինչո՞ւ միայնակ ու ընկճուած կը զգան։

13 Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ այն անհատները, որոնք շատ ժամանակ կ’անցընեն, ընկերային ցանցերու մէջ եղած մեկնաբանութիւնները կարդալով ու նկարները դիտելով, ի վերջոյ կրնան միայնակ ու ընկճուած զգալ։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ, որ մարդիկ ընկերային ցանցերու մէջ յաճախ կը դնեն իրենց կեանքի կարեւոր պահերու նկարները։ Անոնք կ’ընտրեն՝ իրենց, իրենց բարեկամներուն եւ իրենց այցելած հետաքրքրական վայրերուն լաւագոյն նկարները։ Մէկը, որ այդ նկարները կը դիտէ, կրնայ եզրակացնել, թէ անոնց հետ բաղդատած, իր կեանքը սովորական ու նոյնիսկ ձանձրացուցիչ է։ 19 տարեկան քոյր մը կը խոստովանի. «Սկսայ նախանձիլ, երբ տեսայ թէ ինչպէ՛ս ուրիշներ շաբաթավերջին այդքան կը զուարճանային, մինչդեռ ես տունը կը ձանձրանայի»։

14. Ա. Պետրոս 3։8–ի խրատը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ ընկերային ցանցերը իմաստութեամբ գործածենք։

14 Անշուշտ, ընկերային ցանցերը կրնան գործածուիլ լաւ նպատակի համար, ինչպէս՝ ընտանիքին ու բարեկամներուն հետ կապի մէջ մնալ։ Սակայն նկատա՞ծ ես, որ ոմանք ընկերային ցանցերու մէջ կը դնեն մեկնաբանութիւններ, նկարներ եւ վիտէօներ, այն նպատակով որ ուրիշները իրենց վրայ հիանան։ Անոնք կարծես կ’ըսեն՝ «Ինծի նայեցէք»։ Ոմանք նոյնիսկ իրենց նկարներուն կամ ուրիշներու դրած նկարներուն մասին կոշտ ու անվայել խօսքեր կը գրեն։ Ասիկա ցոյց չի տար երկու յատկութիւններ, որոնք քրիստոնեան պէտք է մշակէ. խոնարհութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8

Համացանցին մէջ դրածդ, քու մասիդ ի՞նչ գաղափար կու տայ. ինքնահաւա՞ն ես, թէ՞ խոնարհ ես (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ մենք մեզ չբարձրացնենք։

15 Եթէ ընկերային ցանցեր գործածող ես, դուն քեզի հարցուր. ‘Կրնա՞յ ըլլալ որ մեկնաբանութիւններս, նկարներս կամ վիտէօներս այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ ես կը պարծենամ։ Կարելի՞ է որ ուրիշները կը մղեմ նախանձելու’։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է» (Ա. Յովհ. 2։16)։ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը «այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը» արտայայտութիւնը կը թարգմանէ՝ «կարեւոր երեւնալու փափաքը»։ Քրիստոնեաները այդ փափաքը չունին, քանի որ Աստուածաշունչի սա խրատին կը հետեւին. «Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով» (Գաղ. 5։26)։ Խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ աշխարհի ինքզինք–բարձրացնելու ոգին չորդեգրենք։

‘ԱՅՆՊԷՍ ՄԸ ՄՏԱԾԷ, ՈՐ ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ ՈՒՆԵՆԱՍ’

16. Ինչո՞ւ պէտք չէ հպարտ ըլլանք։

16 Պէտք է խոնարհութիւն մշակենք, քանի որ հպարտները «առողջ միտք» չունին (Հռով. 12։3, ՆԱ)։ Հպարտները վիճասէր ու անձնագով են։ Անոնց մտածելակերպը եւ գործերը յաճախ պատճառ կ’ըլլան, որ իրենք իրենց եւ ուրիշներուն վնաս հասցնեն։ Եթէ իրենց մտածելակերպը չփոխեն, Սատանան իրենց միտքը պիտի կուրցնէ ու ապականէ (Բ. Կոր. 4։4. 11։3)։ Անդին, խոնարհ անհատը առողջ միտք ունի։ Ան իր անձին հանդէպ հաւասարակշիռ ու տրամաբանական տեսակէտ ունի, ընդունելով որ շատ մը կերպերով ուրիշներ իրմէ լաւ են (Փլպ. 2։3)։ Ան գիտէ, որ «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա. Պետ. 5։5)։ Առողջ միտք ունեցողները չեն ուզեր, որ Եհովան իրենց հակառակորդը ըլլայ։

17. Խոնարհ մնալու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

17 Խոնարհ մնալու համար, պէտք է գործադրենք Աստուածաշունչի խրատը. «Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք եւ հագէ՛ք այն նորը»։ Ասիկա շատ ջանքի կը կարօտի։ Պէտք է Յիսուսի օրինակը սերտենք ու ջանանք կարելի եղած չափով զինք ընդօրինակել (Կող. 3։9, 10. Ա. Պետ. 2։21)։ Եթէ այդպէս ընենք, մեծապէս պիտի օգտուինք։ Երբ խոնարհութիւն կը մշակենք, մեր ընտանեկան կեանքը կը բարելաւուի, ժողովքին միութեան կը նպաստենք, եւ կը գիտնանք ինչպէ՛ս ընկերային ցանցերը ժխտական կերպով չգործածել։ Ամէնէն կարեւորը, Եհովայի օրհնութիւնն ու հաճութիւնը կ’ունենանք։

ԵՐԳ 80 Բարութեան յատկութիւնը

^ պարբ. 5 Ներկայիս կ’ապրինք հպարտ ու անձնասէր մարդոցմով լեցուն աշխարհի մը մէջ։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ անոնց կեցուածքը չորդեգրենք։ Յօդուածը նկատի պիտի առնէ երեք մարզեր, որոնց մէջ մեր մասին պէտք եղածէն աւելի պէտք չէ մտածենք։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Հպարտ անձը չափէ աւելի իր մասին կը մտածէ, իսկ ուրիշներու մասին՝ ո՛չ այդքան։ Ուստի հպարտ անհատը անձնասէր է։ Միւս կողմէ, խոնարհութիւնը անհատին կ’օգնէ, որ անձնասէր չըլլայ։ Խոնարհութիւն կը նշանակէ՝ հպարտութենէ կամ մեծամտութենէ զերծ ըլլալ, այսինքն՝ խոնարհամիտ ըլլալ։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէց մը, որ ատակ է համաժողովի մէջ դասախօսութիւն տալու եւ եղբայրներու վրայ վերահսկելու, նաեւ կը գնահատէ դաշտի ծառայութեան ժողովը վարելու եւ Թագաւորութեան սրահը մաքրելու առանձնաշնորհումը։