Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 31

«Հիմերով հաստատուած քաղաքին» կը սպասե՞ս

«Հիմերով հաստատուած քաղաքին» կը սպասե՞ս

«Ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է» (ԵԲ. 11։10

ԵՐԳ 136 Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ «Թող գա՛յ»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Շատեր ի՞նչ զոհողութիւններ ըրած են, եւ ինչո՞ւ։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ Աստուծոյ ժողովուրդէն միլիոնաւորներ զոհողութիւններ ըրած են։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր որոշած են ամուրի մնալ։ Ամուսնացած զոյգեր զաւակ ունենալը յետաձգած են։ Ընտանիքներ իրենց կեանքը պարզ պահած են։ Բոլորը այս որոշումները առած են կարեւոր պատճառի մը համար. անոնք կ’ուզեն կարելի եղածին չափ լիովին Եհովայի ծառայել։ Անոնք գոհունակ են եւ վստահ են, որ Եհովան իրենց բոլոր անհրաժեշտ պէտքերը պիտի ապահովէ։ Արդեօք յուսախաբ պիտի ըլլա՞ն։ Ո՛չ։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Քանի որ անցեալին, Եհովան իր ծառաներուն տուաւ այն բոլոր բաները, որոնց իսկապէս պէտք ունէին։ Օրինակ՝ ան օրհնեց Աբրահամը՝ ‘բոլոր հաւատացողներուն հայրը’ (Հռով. 4։11

2. ա) Եբրայեցիս 11։8-10, 16–ի համաձայն, Աբրահամ ինչո՞ւ յօժար էր Ուր քաղաքէն մեկնելու։ բ) Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

2 Աբրահամ յօժարաբար ձգեց Ուր քաղաքի մէջ իր վայելած հանգստաւէտ կեանքը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «հիմերով հաստատուած քաղաքին» կը սպասէր (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։8-10, 16)։ Ի՞նչ է այդ «քաղաք»ը։ Աբրահամ ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեց, մինչ այդ քաղաքին շինուելուն կը սպասէր։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք նմանիլ Աբրահամին եւ անոնց, որոնք ներկայիս իր օրինակին հետեւած են։

Ի՞ՆՉ Է «ՀԻՄԵՐՈՎ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔ»Ը

3. Ի՞նչ է Աբրահամի սպասած քաղաքը։

3 Աբրահամի սպասած քաղաքը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է։ Յիսուս Քրիստոս եւ 144,000 օծեալ քրիստոնեաները կը կազմեն այդ Թագաւորութիւնը։ Պօղոս Թագաւորութեան ակնարկեց որպէս ‘կենդանի Աստուծոյ քաղաքը, երկնաւոր Երուսաղէմը’ (Եբ. 12։22. Յայտ. 5։8-10. 14։1)։ Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, որ այս նոյն Թագաւորութեան համար աղօթեն, խնդրելով որ գայ, որպէսզի Աստուծոյ կամքը ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ (Մատ. 6։10

4. Ծննդոց 17։1, 2, 6–ի համաձայն, Աբրահամ ո՞րքան գիտէր Աստուծոյ խոստացած քաղաքին՝ կամ Թագաւորութեան՝ մասին։

4 Աբրահամ գիտէ՞ր մանրամասնութիւններ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կազմուէր։ Ո՛չ։ Այդ տեղեկութիւնները երկար դարեր սրբազան «խորհուրդ» էին (Եփ. 1։8-10. Կող. 1։26, 27)։ Բայց Աբրահամ գիտէր, որ իր սերունդէն ոմանք թագաւորներ պիտի ըլլային, քանի որ Եհովան յատկապէս այդ մէկը իրեն խոստացաւ (կարդա՛ Ծննդոց 17։1, 2, 6)։ Աբրահամ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ այնքա՛ն զօրաւոր հաւատք ունէր, որ կարծես կրնար տեսնել Օծեալը՝ կամ Մեսիան, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի ըլլար։ Ասոր համար է, որ Յիսուս կրցաւ իր ժամանակակից հրեաներուն ըսել. «Ձեր հայրը՝ Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ» (Յովհ. 8։56)։ Յստակ է որ Աբրահամ գիտէր, թէ իր սերունդէն ոմանք մաս պիտի կազմէին Թագաւորութեան մը, որ Եհովայի կողմէ պիտի հաստատուէր, եւ ինք պատրաստ էր սպասելու, որ Եհովան այդ խոստումը կատարէր։

Աբրահամ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ իր հաւատքը Եհովայի խոստումներուն հանդէպ (տե՛ս պարբերութիւն 5)

5. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աբրահամ կը սպասէր այն քաղաքին, որուն ճարտարապետը Աստուած է։

5 Աբրահամ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ կը սպասէր այն քաղաքին՝ կամ Թագաւորութեան, որուն ճարտարապետը Աստուած է։ Ան որեւէ երկրային թագաւորութեան չպատկանեցաւ։ Ան վրանի մէջ բնակեցաւ, որեւէ տեղ չհաստատուեցաւ եւ ոեւէ մարդկային թագաւորի թիկունք չկանգնեցաւ։ Ասկէ զատ, չփորձեց անձնական թագաւորութիւն մը ունենալ։ Փոխարէնը, ան շարունակեց Եհովայի հնազանդիլ եւ սպասեց որ Եհովան իր խոստումը կատարէ։ Այսպէս, Աբրահամ Եհովայի հանդէպ բացառիկ հաւատք ցուցաբերեց։ Քննենք անոր դիմագրաւած դժուարութիւններէն ոմանք ու տեսնենք, թէ իր օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

ԱԲՐԱՀԱՄ Ի՞ՆՉ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՑ

6. Ուր ինչպիսի՞ քաղաք մըն էր։

6 Ուր քաղաքը, որմէ Աբրահամ փոխադրուեցաւ, զարգացած, հանգստաւէտ ու յարաբերաբար ապահով էր։ Անիկա պաշտպանուած էր հսկայ պարիսպով եւ իր երեք կողմը ջուրով լեցուած խորունկ փոսով։ Բնակիչները ատակ էին գրութեան եւ թուաբանութեան մէջ։ Եւ այնպէս կ’երեւի որ քաղաքը առեւտուրի կեդրոն էր, քանի որ հոն բազմաթիւ առեւտրական արձանագրութիւններ յայտնաբերուած են։ Տուները աղիւսէ շինուած էին, եւ անոնց պատերը հարթ էին ու ճերմակ ներկուած էին։ Կարգ մը տուներ ունէին բակ մը, որ շրջապատուած էր 13 կամ 14 սենեակներով։

7. Աբրահամ ինչո՞ւ պէտք էր վստահէր, որ Եհովան զինք ու իր ընտանիքը պիտի պաշտպանէր։

7 Աբրահամ պէտք էր վստահէր, որ Եհովան զինք ու իր ընտանիքը պիտի պաշտպանէր։ Ինչո՞ւ։ Յիշէ որ Աբրահամ ու Սառա Ուր քաղաքի մէջ իրենց ապահով ու հանգստաւէտ տունը ձգեցին ու ապրեցան վրաններու տակ, Քանանի դաշտերուն մէջ։ Ան եւ իր ընտանիքը այլեւս չէին պաշտպանուած պարիսպով ու խորունկ փոսով։ Փոխարէնը, թշնամիները կրնային դիւրաւ անոնց վրայ յարձակիլ։

8. Աբրահամ անգամ մը ի՞նչ դժուարութիւն ունեցաւ։

8 Աբրահամ Աստուծոյ կամքը կը կատարէր, բայց անգամ մը դժուարութիւն ունեցաւ. չկրցաւ իր ընտանիքը պէտք եղածին պէս կերակրել։ Խիստ սով եղաւ այն երկրին մէջ, ուր Եհովան զինք ղրկած էր։ Ուստի Աբրահամ որոշեց իր ընտանիքը ժամանակաւորապէս Եգիպտոս փոխադրել։ Սակայն Եգիպտոսի մէջ փարաւոն իր կինը իրմէ առաւ։ Երեւակայէ Աբրահամի մտահոգութիւնը մինչեւ որ Եհովան փարաւոնը մղեց, որ Սառան վերադարձնէ իրեն (Ծն. 12։10-19

9. Աբրահամ իր ընտանիքին մէջ ի՞նչ խնդիրներ ունեցաւ։

9 Նաեւ, Աբրահամի ընտանիքին մէջ լուրջ խնդիրներ կային։ Իր սիրելի կինը՝ Սառան, չէր կրնար զաւակ ունենալ։ Անոնք երկար տարիներ այդ յուսախաբութեան հետ ապրեցան։ Ի վերջոյ, Սառան իր աղախինը՝ Հագար, Աբրահամին տուաւ, որպէսզի անոր միջոցաւ զաւակներ ունենան։ Բայց երբ Հագար Իսմայէլով յղացաւ, սկսաւ անարգել Սառան։ Պարագան այնքա՛ն դժուար եղաւ, որ Սառան նեղեց Հագարը, ու ան տունէն փախաւ (Ծն. 16։1-6

10. Իսմայէլի եւ Իսահակի ի՞նչ բաներ պատահեցան, որոնք կրնային դժուար դարձնել որ Աբրահամ Եհովայի վստահէր։

10 Վերջապէս Սառա յղացաւ ու Իսահակին ծնունդ տուաւ։ Աբրահամ կը սիրէր իր երկու որդիներն ալ՝ Իսմայէլը եւ Իսահակը։ Բայց քանի որ Իսմայէլ գէշ կերպով վարուեցաւ Իսահակի հետ, Աբրահամ ստիպուեցաւ զինք ու Հագարը տունէն հեռացնել (Ծն. 21։9-14)։ Յետագային, Եհովան Աբրահամէն խնդրեց, որ Իսահակը որպէս զոհ մատուցանէ (Ծն. 22։1, 2. Եբ. 11։17-19)։ Երկու պարագաներուն ալ, Աբրահամ պէտք էր վստահէր, որ Եհովան ի վերջոյ իր երկու որդիներուն նկատմամբ Իր խոստումները պիտի կատարէր։

11. Աբրահամ ինչո՞ւ պէտք էր համբերութեամբ Եհովայի սպասէր։

11 Այդ ժամանակամիջոցին, Աբրահամ համբերութեամբ պէտք էր Եհովայի սպասէր։ Ան հաւանաբար աւելի քան 70 տարեկան էր, երբ իր ընտանիքին հետ Ուր քաղաքը ձգեց (Ծն. 11։31–12։4)։ Եւ շուրջ հարիւր տարի ապրեցաւ վրաններու տակ, Քանանի մէջ տեղէ տեղ փոխադրուելով։ Ան 175 տարեկանին մահացաւ (Ծն. 25։7)։ Բայց չտեսաւ Եհովայի այն խոստումին կատարումը, թէ իր սերունդին պիտի տար այն երկիրը, ուր թափառեցաւ։ Նաեւ իր կեանքին ընթացքին չտեսաւ քաղաքին՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ հաստատուիլը։ Այսուհանդերձ, անոր մասին կը կարդանք, թէ մեռաւ՝ «ծերացած եւ իր օրերէն կշտացած» (Ծն. 25։8, ԱԾ)։ Հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Աբրահամ զօրաւոր հաւատք պահպանեց ու յօժար էր Եհովային սպասելու։ Ան կրցաւ դիմանալ, քանի որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, Եհովան զինք պաշտպանեց ու իրեն հետ վարուեցաւ որպէս բարեկամ (Ծն. 15։1. Եսա. 41։8. Յակ. 2։22, 23

Աբրահամի ու Սառայի նման, Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս հաւատք ու համբերութիւն ցոյց կու տան (տե՛ս պարբերութիւն 12) *

12. Ի՞նչ բանի կը սպասենք, եւ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

12 Աբրահամին պէս, մենք ալ հիմերով հաստատուած քաղաքին կը սպասենք։ Սակայն չենք սպասեր որ շինուի։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն 1914–ին հաստատուեցաւ ու երկինքի մէջ լիովին կ’իշխէ (Յայտ. 12։7-10)։ Բայց կը սպասենք որ երկրի վրայ լիովին իշխէ։ Մինչ այդ, պէտք է տոկանք դժուարութիւններու, որոնք կը նմանին Աբրահամի ու Սառայի դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Եհովայի արդի ծառաները կրցած են Աբրահամի օրինակին հետեւիլ։ Դիտարան–ի մէջ հրատարակուած կենսագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Աբրահամի ու Սառայի պէս, շատեր հաւատք ու համբերութիւն ունեցած են։ Անոնցմէ ոմանք նկատի առնենք ու տեսնենք թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

ԱԲՐԱՀԱՄԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿՈՂՆԵՐ

Պիլ պատրաստ էր զոհողութիւններ ընելու, եւ վայելեց Եհովայի օրհնութիւնները

13. Եղբայր Ուալտընի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

13 Պատրաստ եղիր զոհողութիւններ ընելու։ Եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ քաղաքը՝ Թագաւորութիւնը՝ մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել, պէտք է Աբրահամին պէս ըլլանք, որ Աստուած հաճեցնելու համար յօժարաբար զոհողութիւններ ըրաւ (Մատ. 6։33. Մար. 10։28-30)։ Նկատի առ եղբայր Պիլ Ուալտընի օրինակը *։ 1942–ին, Պիլ ԱՄՆ–ի համալսարանէ մը շրջանաւարտ պիտի ըլլար՝ ճարտարապետութեան Ա. աստիճանը ստանալով, երբ սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ սերտել։ Անոր մէկ փրոֆէսորը կարգադրեց, որ Պիլ շրջանաւարտութենէն ետք տեղ մը աշխատի, բայց Պիլ մերժեց։ Ան բացատրեց թէ որոշած էր լաւ վճարումով գործը մերժել, որպէսզի Աստուծոյ լման կերպով ծառայէր։ Անկէ քիչ ետք, զինուորական ծառայութեան կանչուեցաւ։ Երբ յարգալից կերպով մերժեց, 10,000 ամ. տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ ու հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Երեք տարի ետք ազատ արձակուեցաւ։ Յետագային, Գաղաադի դպրոցը յաճախեց ու որպէս միսիոնար ծառայեց Ափրիկէի մէջ։ Ետքը, ան Էվայի հետ ամուսնացաւ, եւ միասնաբար Ափրիկէի մէջ ծառայեցին, ինչ որ պահանջեց զոհողութիւններ ընել։ Տարիներ ետք, Միացեալ Նահանգներ վերադարձան, որպէսզի Պիլի մօր հոգ տանին։ Իր կենսագրութիւնը ամփոփելով՝ Պիլ կ’ըսէ. «Աչքերս արցունքներով կը լեցուին, երբ մտածեմ թէ ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում էր, որ Եհովան աւելի քան 70 տարի զիս գործածեց իր ծառայութեան մէջ։ Յաճախ իրեն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ զիս առաջնորդեց իր ծառայութիւնը ասպարէզս դարձնելու»։ Դուն ալ կրնա՞ս լիաժամ ծառայութիւնը ասպարէզդ դարձնել։

Էլենի եւ Արիսթոթըլիս փորձառաբար նկատեցին, թէ Եհովան զիրենք զօրացուց

14-15. Եղբայր Ափոսթոլիտիսի ու իր կնոջ փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս։

14 Մի՛ ակնկալեր որ կեանքդ խնդիրներէ զերծ ըլլայ։ Աբրահամի օրինակէն կը սորվինք, որ նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը Եհովայի ծառայելու նուիրած են, խնդիրներ կ’ունենան (Յակ. 1։2. Ա. Պետ. 5։9)։ Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս Արիսթոթըլիս Ափոսթոլիտիսի փորձառութիւնը ասոր ճիշդ ըլլալը փաստեց *։ Ան 1946–ին Յունաստանի մէջ մկրտուեցաւ, եւ 1952–ին նշանուեցաւ Էլենի անունով քրոջ մը հետ, որ իր նոյն նպատակակէտերը ունէր։ Սակայն Էլենին հիւանդացաւ, ուղեղին մէջ ուռ ունենալով։ Ուռը գործողութեամբ հանուեցաւ, բայց անոնց ամուսնութենէն միայն քանի մը տարի ետք, ուռը նորոգուեցաւ։ Բժիշկները նորէն վիրահատութիւն ըրին, բայց անոր հետեւանքով Էլենին մասամբ անդամալոյծ եղաւ ու սկսաւ յստակ չխօսիլ։ Ան շարունակեց նախանձախնդրաբար քարոզել, հակառակ իր հիւանդութեան ու կառավարութեան կողմէ եղած հալածանքին։

15 Արիսթոթըլիս իր կնոջ 30 տարի հոգ տարաւ։ Այդ տարիներուն ընթացքին, ան որպէս երէց ծառայեց, համաժողովի յանձնախումբի անդամ էր եւ օգնեց համաժողովի սրահ մը կառուցանելու։ 1987–ին, մինչ Էլենին քարոզչութեան ելած էր, ֆիզիքապէս վնասուեցաւ, եւ երեք տարի մահաքունի մէջ ըլլալէ ետք՝ մահացաւ։ Արիսթոթըլիս իր փորձառութիւնը ամփոփելով՝ կ’ըսէ. «Տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ խնդիրներ ունեցած եմ, եւ անոնցմէ ոմանք յանկարծակի ու չակնկալուած էին։ Ուստի պէտք էր վճռէի տոկալ ու թոյլ չտալ որեւէ բանի, որ զիս վհատեցնէր։ Եհովան միշտ ինծի տուած է հարկ եղած զօրութիւնը այս խնդիրները յաղթահարելու» (Սաղ. 94։18, 19)։ Եհովան շատ կը սիրէ անոնք, որոնք իրեն համար իրենց ամէն կարելին կ’ընեն՝ հակառակ իրենց ունեցած դժուար պարագաներուն։

Օտրի Հայտ դրական տեսակէտ պահպանեց, ապագային վրայ կեդրոնանալով

16. Եղբայր Նոր իր կնոջ ի՞նչ լաւ խրատ տուաւ։

16 Ապագային վրայ կեդրոնացիր։ Աբրահամ կեդրոնացաւ այն վարձատրութիւններուն վրայ, որոնք Եհովան իրեն պիտի տար, ինչ որ օգնեց իր դժուարութիւններուն դիմանալու։ Քոյր Օտրի Հայտ ջանաց այս դրական տեսակէտը պահպանել, թէեւ իր առաջին ամուսինը՝ Նաթան Հ. Նոր, քաղցկեղէ մահացաւ եւ երկրորդ ամուսինը՝ Կլէն Հայտ, Ալցհայմըր հիւանդութենէն տառապեցաւ *։ Ան կ’ըսէ որ եղբայր Նորը իր մահէն քանի մը շաբաթ առաջ ըսաւ բան մը, որ իրեն օգնեց. «Նաթան ինծի յիշեցուց, թէ մահէն ետք, մեր յոյսը ստոյգ է եւ բնաւ պիտի չստիպուինք նորէն ցաւ քաշել։ Ապա զիս խրատեց. ‘Առջեւ նայէ, քանի որ հոն է վարձատրութիւնդ’։ . . .Եւ աւելցուց. ‘Շարունակէ զբաղած մնալ՝ կեանքդ գործածելով որ ուրիշներուն համար բան մը ընես։ Ասիկա պիտի օգնէ որ ուրախ ըլլաս’»։ Ի՜նչ գործնական խրատ մըն է, որ ուրիշներուն բարիք ընելով զբաղած մնանք ու ‘յոյսով ուրախ ըլլանք’ (Հռով. 12։12

17. ա) Ինչո՞ւ որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է կեդրոնանանք ապագային վրայ։ բ) Միքիա 7։7–ի խօսքերուն համաձայն վարուիլը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ ապագայ օրհնութիւնները վայելելու։

17 Որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է կեդրոնանանք ապագային վրայ։ Ինչո՞ւ։ Ներկայ դէպքերը յստակօրէն ցոյց կու տան, որ «վերջին օրերուն» վերջին մասին մէջ ենք։ Մօտ օրէն, պէտք պիտի չըլլայ սպասելու, որ հիմերով հաստատուած քաղաքը ամբողջ երկրի վրայ լիովին իշխէ։ Օրհնութիւններէն մէկը, որ պիտի վայելենք, այն է՝ որ մեր սիրելիները յարութիւն պիտի առնեն։ Այդ ժամանակ, Եհովան Աբրահամը պիտի վարձատրէ իր հաւատքին ու համբերութեան համար, զինք եւ իր ընտանիքը ետ կեանքի բերելով։ Արդեօք հոն պիտի ըլլա՞ս զիրենք դիմաւորելու համար։ Կրնա՛ս ըլլալ, եթէ Աբրահամի պէս պատրաստ ես Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ ընելու, եթէ հաւատքդ պահպանես հակառակ խնդիրներուդ, եւ եթէ համբերութեամբ Եհովայի սպասես (կարդա՛ Միքիա 7։7

ԵՐԳ 102 Թագաւորութեան երգին միացէք

^ պարբ. 5 Մինչ կը սպասենք որ Աստուծոյ խոստումները կատարուին, կրնանք անհամբեր դառնալ կամ նոյնիսկ մեր հաւատքը կորսնցնել։ Աբրահամէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ, որոնք մեզի պիտի օգնեն, որ համբերութեամբ սպասենք Եհովայի խոստումներուն կատարման։ Եւ Եհովայի արդի ծառաներէն ոմանք ի՞նչ լաւ օրինակ եղած են։

^ պարբ. 13 Եղբայր Ուալտընի կենսագրութիւնը հրատարակուած է Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2013 թիւին մէջ, էջ 8-10։

^ պարբ. 14 Եղբայր Ափոսթոլիտիսի կենսագրութիւնը հրատարակուած է Դիտարան–ի 1 փետրուար 2002 թիւին մէջ, էջ 24-28 (անգլերէն)։

^ պարբ. 16 Քոյր Հայտի կենսագրութիւնը հրատարակուած է Դիտարան–ի 1 յուլիս 2004 թիւին մէջ, էջ 23-29 (անգլերէն)։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տարեց զոյգ մը կը շարունակէ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայել, հակառակ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Անոնք իրենց հաւատքը զօրաւոր կը պահեն, կեդրոնանալով ապագային նկատմամբ Եհովայի խոստումներուն վրայ։