Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 36

Պատրա՞ստ ես մարդոց որսորդ ըլլալու

Պատրա՞ստ ես մարդոց որսորդ ըլլալու

«Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս» (ՂՈՒԿ. 5։10

ԵՐԳ 137 Մեզի համարձակութիւն տուր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Յիսուս չորս ձկնորսներու ի՞նչ հրաւէր տուաւ, եւ անոնք ինչպէ՞ս հակազդեցին։

ՊԵՏՐՈՍ, Անդրէաս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս աշակերտները ձկնորսութեան գործով կը զբաղէին։ Երեւակայէ թէ որչա՜փ անակնկալի եկան, երբ լսեցին Յիսուսի հրաւէրը. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ» *։ Անոնք ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին» (Մատ. 4։18-22)։ Այդ որոշումը անոնց կեանքը ընդմիշտ պիտի փոխէր։ Բառացի ձուկ որսալու փոխարէն, «մարդոց որսորդ» պիտի ըլլային (Ղուկ. 5։10)։ Ներկայիս, Յիսուս նոյն հրաւէրը կ’ուղղէ անկեղծ անհատներու, որոնք ճշմարտութիւնը կը սիրեն (Մատ. 28։19, 20)։ Ընդունա՞ծ ես մարդոց որսորդ ըլլալու Յիսուսի հրաւէրը։

2. Որո՞նք պէտք է լուրջի առնեն մարդոց որսորդ ըլլալու որոշումը, եւ ի՞նչ բան պիտի օգնէ այդ քայլը առնելու։

2 Թերեւս Աստուածաշունչի սերտողութեանդ մէջ յառաջդիմած ես, եւ տեղ մը հասած ես, որ պէտք է այլեւս որոշես եթէ կ’ուզես բարի լուրի հրատարակիչ ըլլալ։ Եթէ Յիսուսի հրաւէրը ընդունելու կ’երկմտիս, մի՛ վհատիր։ Երկմտիլդ կը նշանակէ, թէ գիտակից ես այս որոշումին կարեւորութեան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Պետրոս եւ իր գործակիցները իրենց ուռկանները «շուտ մը» ձգեցին։ Սակայն, Պետրոս եւ իր եղբայրը աճապարանքով այդ որոշումը չառին։ Անոնք արդէն իսկ վեց ամիս առաջ, Յիսուսը ճանչցած ու ընդունած էին որպէս Մեսիան (Յովհ. 1։35-42)։ Նմանապէս դուն, թերեւս արդէն շատ բան սորված ես Եհովայի եւ Յիսուսի մասին, եւ կ’ուզես շարունակել հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Բայց պէտք չէ այս որոշումը առնես առանց ծախքը հաշիւ ընելու։ Ի՞նչ բան Պետրոսին, Անդրէասին եւ ուրիշներուն օգնեց որոշում առնելու։

3. Ո՞ր ազդակները Յիսուսի հրաւէրը ընդունելու փափաքդ պիտի զօրացնեն։

3 Յիսուսի առաջին աշակերտները խանդավառ էին, գիտէին ինչպէ՛ս իրենց գործը լաւ ընել, քաջ էին եւ իրենց անձը կը կրթէին, ուստի յաջողեցան ձկնորսութեան մէջ։ Այդ նոյն ազդակները իրենց օգնեցին մարդոց ազդու որսորդ ըլլալու։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս այս յատկութիւնները զարգացնել, որպէսզի Քրիստոսի ազդու աշակերտ ըլլաս։

ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ

Պետրոս եւ ուրիշներ մարդոց որսորդներ դարձան։ Այս կարեւոր գործը մինչեւ օրս կը շարունակուի (տե՛ս պարբերութիւն 4-5)

4. Ի՞նչ բան Պետրոսը մղեց ձկնորս դառնալու։

4 Պետրոս իր ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար ձկնորսութիւն կ’ընէր, բայց ատիկա իրեն համար պարզապէս գործ մը ըլլալէն աւելին էր. այնպէս կ’երեւի թէ ան ձկնորսութիւնը կը սիրէր (Յովհ. 21։3, 9-15)։ Ան նաեւ սորվեցաւ մարդոց որսորդ ըլլալը սիրել։ Եւ Եհովայի օգնութեամբ, ան այդ գործին մէջ վարպետ դարձաւ (Գործք 2։14, 41

5. Ըստ Ղուկաս 5։8-11–ի, Պետրոս ինչո՞ւ վախցաւ, եւ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել նման զգացումներու հետ գլուխ ելլելու։

5 Մենք կը քարոզենք, քանի որ Եհովան կը սիրենք. ասիկա մեր գլխաւոր մղումն է այս գործը ընելու։ Եհովայի հանդէպ սէրը կրնայ մեզի օգնել, որ անատակութեան որեւէ զգացում յաղթահարենք։ Երբ Յիսուս Պետրոսը հրաւիրեց մարդոց որսորդ ըլլալու, իրեն ըսաւ. «Մի՛ վախնար» (կարդա՛ Ղուկաս 5։8-11Պետրոս չվախցաւ աշակերտ ըլլալու, հապա ապշեցաւ երբ տեսաւ թէ Յիսուսի օգնութեամբ որչա՜փ ձուկ որսացին։ Այս հրաշքին ականատես ըլլալով, ան զգաց որ որակեալ չէ Յիսուսի հետ աշխատելու։ Անդին, թերեւս ճնշուած զգաս գիտակցելով, թէ որքա՜ն բան պարփակուած է Քրիստոսի աշակերտ ըլլալուն մէջ։ Այս պարագային, սէրդ զօրացուր Եհովայի, Յիսուսի եւ ընկերիդ հանդէպ, եւ պիտի մղուիս ընդունելու մարդոց որսորդ ըլլալու Յիսուսի հրաւէրը (Մատ. 22։37, 39. Յովհ. 14։15

6. Ուրիշ ի՞նչ պատճառներով կ’ուզենք քարոզել։

6 Նկատի առ կարգ մը ուրիշ պատճառներ, որոնք մեզ կը մղեն քարոզելու։ Մենք կ’ուզենք հնազանդիլ Յիսուսի պատուէրին. «Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք» (Մատ. 28։19, 20)։ Նաեւ կը քարոզենք, քանի որ մարդիկ «յոգնած ու ցիրուցան» եղած են եւ շատ պէտք ունին Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալու (Մատ. 9։36)։ Եհովան կ’ուզէ որ ամէն տեսակ մարդիկ ճշմարտութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենան եւ փրկուին (Ա. Տիմ. 2։4

7. Հռովմայեցիս 10։13-15–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ քարոզչութիւնը կարեւոր է։

7 Երբ մտածենք այն ազդեցութեան մասին, որ մեր քարոզչութիւնը կրնայ ունենալ, պիտի մղուինք այս փրկարար գործին մասնակցելու։ Ձկնորսը իր բռնած ձուկը կը ծախէ կամ կ’ուտէ, բայց մենք մարդիկը «կ’որսանք», որպէսզի անոնց կեանքը փրկենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 10։13-15. Ա. Տիմ. 4։16

ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

8-9. Ձկնորսը ի՞նչ պէտք է գիտնայ եւ ինչո՞ւ։

8 Յիսուսի օրերուն, իսրայէլացի ձկնորսը պէտք էր գիտնար, թէ ի՛նչ տեսակ ձուկ կրնար բռնել (Ղեւ. 11։9-12)։ Ան նաեւ պէտք էր գիտնար, թէ ո՛ւր կրնար ձուկ գտնել։ Ձուկերը սովորաբար կը գտնուին այնտեղ, ուր ջրային պայմանները իրենց կը յարմարին եւ ուր առատ ուտելիք կայ։ Իսկ ձուկ որսալու ժամանակը կարեւորութիւն ունի՞։ Նկատի առ թէ ի՛նչ ըսաւ Խաղաղական ովկիանոսի մէկ կղզիին մէջ ապրող եղբայր մը, երբ հրաւիրեց միսիոնար մը, որ միասին ձուկ որսան։ Երբ միսիոնարը ըսաւ. «Վաղը առտու ժամը իննին կը տեսնուինք», եղբայրը պատասխանեց. «Չե՞ս հասկնար։ Մենք կ’երթանք ձուկի՛ն յարմար ժամուն, եւ ոչ թէ՝ մեր»։

9 Նոյնպէս, առաջին դարուն, մարդոց որսորդները կ’երթային այնպիսի տեղեր, ուր «ձուկեր» պիտի ըլլային, եւ այն ժամուն, երբ հաւանական էր զանոնք գտնել։ Օրինակ, Յիսուսի հետեւորդները կը քարոզէին տաճարին մէջ, ժողովարաններուն մէջ, տունէ տուն եւ հրապարակներուն մէջ (Գործք 5։42. 17։17. 18։4)։ Մենք ալ պէտք է ծանօթ ըլլանք մեր թաղամասին մէջ ապրող մարդոց սովորութիւններուն։ Պէտք է ճկուն ըլլանք եւ ընտրենք քարոզելու թէ՛ յարմար վայրը եւ թէ յարմար ժամանակը (Ա. Կոր. 9։19-23

ՀՄՈՒՏ ՁԿՆՈՐՍՆԵՐԸ՝ 1. կ’աշխատին այն ժամուն եւ այն տեղը, որ կրնան աւելի ձուկ գտնել (տե՛ս պարբերութիւն 8-9)

10. Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզի ի՞նչ տուած է։

10 Ձկնորս մը ճիշդ գործիքներու պէտք ունի եւ պէտք է գիտնայ ինչպէ՛ս զանոնք գործածել։ Մենք նոյնպէս պէտք է ճիշդ գործիքներ ունենանք մեր քարոզչութիւնը կատարելու համար։ Եւ պէտք է գիտնանք այդ գործիքները ինչպէ՛ս գործածել։ Յիսուս իր աշակերտներուն յստակ ուղղութիւններ տուաւ մարդիկը որսալու մասին։ Անոնց ըսաւ թէ իրենց հետ ի՛նչ ունենան, ո՛ւր քարոզեն եւ ի՛նչ խօսին (Մատ. 10։5-7. Ղուկ. 10։1-11)։ Ներկայիս, Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզի տուած է Ուսուցանելու գործիքներու տուփը, որ ազդու գործիքներ կը պարունակէ *։ Եւ մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս զանոնք գործածել։ Այդ մարզումը կ’օգնէ, որ պէտք եղած ինքնավստահութիւնը եւ հմտութիւնը ունենանք, մեր գործը ազդու կերպով կատարելու համար (Բ. Տիմ. 2։15

ՀՄՈՒՏ ՁԿՆՈՐՍՆԵՐԸ՝ 2. մարզուած են ճիշդ գործիքները գործածելու (տե՛ս պարբերութիւն 10)

ՔԱՋԱՍԻՐՏ ԵՂԻՐ

11. Ինչո՞ւ մարդոց որսորդները պէտք է քաջ ըլլան։

11 Ձկնորսները պէտք է քաջ ըլլան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ յաճախ գիշերը կ’աշխատին, օդի պայմանները աննախատեսելի կրնան ըլլալ, եւ յանկարծ փոթորիկներ կրնան տեղի ունենալ։ Մարդոց որսորդները նոյնպէս քաջութեան պէտք ունին։ Երբ կը սկսինք քարոզել եւ մենք մեզ ներկայացնել որպէս Եհովայի վկաներ, թերեւս «փոթորիկներու» հանդիպինք, ինչպէս՝ ընտանիքին կողմէ հալածանք, շրջանակին կողմէ ծաղրանք եւ մեր պատգամին դէմ հակառակութիւն։ Բայց ասիկա զարմանալի չէ։ Յիսուս նախազգուշացուց, որ իր հետեւորդները պիտի հանդիպէին հակառակորդներու (Մատ. 10։16

12. Յեսու 1։7-9–ի համաձայն, ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ մեր քաջութիւնը աւելցնենք։

12 Ինչպէ՞ս կրնաս քաջասիրտ ըլլալ։ Նա՛խ, համոզուէ թէ Յիսուս երկինքէն կը շարունակէ այս գործը ուղղել (Յովհ. 16։33. Յայտ. 14։14-16)։ Ետքը, զօրացուր հաւատքդ Եհովայի այն խոստումին հանդէպ, թէ քեզ պիտի հոգայ (Մատ. 6։32-34)։ Հաւատքդ ո՛րքան աւելի զօրանայ, ա՛յնքան աւելի քաջ պիտի ըլլաս։ Պետրոս եւ իր գործակիցները մեծ հաւատք ցոյց տուին, երբ իրենց գործը ձգեցին՝ Յիսուսին հետեւելու համար։ Նմանապէս, դուն մեծ հաւատք ցոյց տուիր, երբ ծանօթներուդ ու ընտանիքիդ յայտնեցիր, որ սկսած ես Եհովայի վկաներուն հետ Սուրբ Գիրքը սերտել եւ անոնց ժողովներուն յաճախել։ Անկասկած, մեծ փոփոխութիւններ ըրած ես վարքիդ եւ ապրելակերպիդ մէջ, որպէսզի Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիս։ Ատիկա ալ հաւատք ու քաջութիւն պահանջեց։ Մինչ կը շարունակես քաջութիւնդ աւելցնել, կրնաս վստահ ըլլալ որ «քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (կարդա՛ Յեսու 1։7-9

ՀՄՈՒՏ ՁԿՆՈՐՍՆԵՐԸ՝ 3. քաջաբար կ’աշխատին փոփոխական պայմաններու ներքեւ (տե՛ս պարբերութիւն 11-12)

13. Աղօթելը եւ խոկալը ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել քաջութիւնդ կերտելու։

13 Ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնաս քաջութիւնդ կերտել։ Աղօթքով քաջութիւն ու համարձակութիւն խնդրէ (Գործք 4։29, 31)։ Եհովան պիտի պատասխանէ աղօթքներուդ եւ քեզ բնա՛ւ երեսէ պիտի չձգէ։ Ան միշտ պատրաստ է քեզի աջակցելու։ Նաեւ, կրնաս խոկալ այն բանին վրայ, թէ անցեալին Եհովան ինչպէ՛ս իր ծառաները ազատած է։ Ասկէ զատ, մտածէ թէ ինչպէ՛ս քեզի օգնած է, որ դժուարութիւններ յաղթահարես եւ ապրելակերպիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնես։ Վստահաբար Ան, որ իր ժողովուրդը Կարմիր ծովէն անցուց, կրնայ քեզի օգնել որ Քրիստոսի աշակերտը ըլլաս (Ել. 14։13)։ Ունեցիր այն նոյն համոզումը, որ սաղմոսերգուն ունէր. «Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար, մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել» (Սաղ. 118։6

14. Ի՞նչ կը սորվիս Մասայի եւ Թոմոյոյի փորձառութիւններէն։

14 Քաջութիւն կերտելու ուրիշ կերպ մըն է՝ նկատել թէ Եհովան ինչպէ՛ս օգնած է ամչկոտ անհատներու։ Օրինակ, Մասայ անունով քոյր մը ամչկոտ էր եւ կը կարծէր թէ բնա՛ւ պիտի չկարենար իր հաւատքին մասին հանրապէս խօսիլ։ Օտարներու հետ խօսելու գաղափարն իսկ իր աչքին բարձր լեռ կ’երեւէր, եւ իրեն կը թուէր, թէ զայն բնաւ պիտի չկարենար մագլցիլ։ Ուստի ան յատուկ ջանք թափեց, որպէսզի Աստուծոյ եւ ընկերին հանդէպ իր սէրը խորացնէ։ Ան խոկաց ներկայ ժամանակներուն հրատապութեան վրայ եւ աղօթեց, որ քարոզելու իր փափաքը զօրանայ։ Ան իր վախերը յաղթահարեց եւ նոյնիսկ ծառայեց որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Եհովան նաեւ նոր հրատարակիչներուն կրնայ օգնել, որ «քաջ» ըլլան։ Օրինակ, երբ Թոմոյօ անունով քոյր մը սկսաւ տունէ տուն ծառայել, առաջին դուռին առջեւ տանտիրուհին պոռաց. «Չե՛մ ուզեր խօսիլ Եհովայի վկաներուն հետ», եւ դուռը ուժգին գոցեց։ Թոմոյոն իրեն հետ եղող քրոջ քաջաբար ըսաւ. «Լսեցի՞ր կնոջ ըսածը։ Բերանս չբացած՝ գիտցաւ որ Եհովայի վկայ եմ։ Շա՜տ ուրախ եմ»։ Ան այժմ կը ծառայէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։

ՍՈՐՎԷ ԱՆՁԴ ԿՐԹԵԼ

15. Ի՞նչ ըսել է թէ «մէկը իր անձը կը կրթէ», եւ ասիկա ինչո՞ւ քրիստոնեաներուն համար կարեւոր է։

15 Յաջող ձկնորսները իրենց անձը կը կրթեն։ Եթէ մէկը իր անձը կը կրթէ, ըսել է թէ «կարողութիւնը ունի ինքզինք ստիպելու, որ ընէ այն ինչ որ պէտք է ընէ»։ Ձկնորսները ինքզինքնին կը ստիպեն կանուխ արթննալ, մնալ մինչեւ իրենց գործին աւարտը եւ աննպաստ օդին դիմանալ։ Մենք ալ պէտք է մեր անձը կրթենք, որպէսզի դիմանանք եւ մեր գործը ամբողջացնենք (Մատ. 10։22

16. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ մեր անձը կրթենք։

16 Մեր անձը կրթելու կարողութիւնը չենք ժառանգեր։ Ընդհակառակը, մեր բնական հակումը յաճախ կ’ըլլայ՝ ամենադիւրին լուծումին դիմել։ Մեր անձը կրթելու համար, ինքնազսպումը անհրաժեշտ է։ Ուստի օգնութեան պէտք ունինք, որպէսզի մենք մեզ մարզենք ընելու բաներ, որոնք մեզի համար դժուար են։ Եհովան սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի այդ օգնութիւնը կու տայ (Գաղ. 5։22, 23

17. Ա. Կորնթացիս 9։25-27–ին մէջ, Պօղոս ի՞նչ ըսաւ ինքզինք կրթելու մասին։

17 Պօղոս առաքեալ իր անձը կը կրթէր։ Ան խոստովանեցաւ որ իր մարմինը ‘կը ճնշէր’, որպէսզի ընէր այն ինչ որ ճիշդ է (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 9։25-27)։ Ան ուրիշները յորդորեց, որ իրենց անձը կրթեն եւ ամէն բան ընեն «վայելչութեամբ եւ կարգաւ» (Ա. Կոր. 14։40)։ Մենք պէտք է մեր անձը կրթենք, որպէսզի հոգեւոր լաւ ռութին պահենք, մէջը ըլլալով՝ այլաբանական ձկնորսութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլ (Գործք 2։46

ՄԻ՛ ՅԵՏԱՁԳԵՐ

18. Եհովան մեզ ե՞րբ յաջող կը նկատէ։

18 Ձկնորսը իր յաջողութիւնը կը չափէ իր բռնած ձուկերուն քանակով։ Բայց քարոզչութեան մէջ մեր յաջողութիւնը չենք չափեր այն բանով, թէ քանի՛ հոգիի օգնած ենք որ Աստուծոյ կազմակերպութեան միանան (Ղուկ. 8։11-15)։ Այնքան ատեն որ կը շարունակենք բարի լուրը քարոզել եւ ուրիշներուն սորվեցնել, Եհովան մեզ յաջող կը նկատէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրեն եւ իր Որդիին հնազանդած կ’ըլլանք (Մար. 13։10. Գործք 5։28, 29

19-20. Ի՞նչ յատուկ պատճառ ունինք, որ հի՛մա քարոզենք։

19 Կարգ մը երկիրներու մէջ, ձկնորսութիւնը արտօնուած է միայն որոշ ամիսներու ընթացքին։ Այդ երկիրներուն մէջ, ձկնորսին հրատապութեան զգացումը կ’աւելնայ, մինչ ձկնորսութեան եղանակը կը մօտենայ իր աւարտին։ Որպէս մարդոց որսորդներ, մենք յաւելեալ մղում մը ունինք, որ հի՛մա քարոզենք. չար աշխարհին վերջը արագօրէն կը մօտենայ։ Այս փրկարար գործին մասնակցելու ժամանակը մեծապէս կարճցած է։ Մի՛ յետաձգեր, սպասելով կատարեալ պայմաններուն, որպէսզի այս կարեւոր գործունէութեան մասնակցիս (Ժող. 11։4

20 Հի՛մա ջանա՛ քարոզելու փափաքդ զօրացնել, աստուածաշնչական գիտելիքներդ աւելցնել, քաջասիրտ ըլլալ եւ անձդ կրթել։ Միացիր աւելի քան ութ միլիոն անհատներու շարքին, որոնք մարդոց որսորդներ են, եւ պիտի շօշափես Եհովայի տուած ուրախութիւնը (Նէ. 8։10)։ Վճռէ այս գործին լիովին մասնակցիլ եւ անոր մէջ յարատեւել, մինչեւ որ Եհովան ըսէ թէ անիկա ամբողջացաւ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ երեք կերպեր, որոնցմով կրնանք զօրացնել մեր վճռականութիւնը, որ շարունակենք Թագաւորութեան մասին քարոզել որպէս մարդոց որսորդներ։

ԵՐԳ 47 Բարի լուրը քարոզենք

^ պարբ. 5 Յիսուս հրաւիրեց խոնարհ եւ ջանասէր ձկնորսներ, որ իր աշակերտները ըլլան։ Ներկայիս ան կը շարունակէ հրաւիրել նոյն յատկութիւնները ունեցող անհատներ, որ մարդոց որսորդ ըլլան։ Յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն Աստուածաշունչի այն աշակերտները, որոնք Յիսուսի հրաւէրը ընդունելու նկատմամբ երկու մտքի վրայ են։

^ պարբ. 1 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Մարդոց որսորդ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ բոլոր անոնց, որոնք բարի լուրը կը քարոզեն եւ ուրիշներուն կը սորվեցնեն, որպէսզի Քրիստոսի աշակերտներ դառնան։

^ պարբ. 10 Տե՛ս «Ճշմարտութիւնը սորվեցնենք» յօդուածը, Դիտարան–ի հոկտեմբեր 2018 թիւին մէջ, էջ 11-16։