Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ժողովող 5։8–ը կ’ակնարկէ միա՞յն մարդկային կառավարիչներուն, թէ ոչ՝ Եհովային ալ։

Այս հետաքրքրաշարժ համարը կ’ըսէ. «Եթէ գաւառի մը մէջ տեսնես թշուառին եղած հարստահարութիւնը, եւ իրաւունքին ու արդարութեան բռնաբարուիլը, մի՛ զարմանար այդ բանին վրայ. արդարեւ բարձրերուն վրայ աւելի բարձր մը կը հսկէ, եւ անոնցմէ բարձրագոյնը կայ» (Ժող. 5։8, ԱԾ

Մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած, այս խօսքը լաւ կերպով կը նկարագրէ հեղինակաւոր տղամարդիկը կառավարութեան մէջ։ Բայց անիկա նաեւ Եհովայի մասին ճշմարտութիւն մը կը յայտնէ, որ մեզ կը մխիթարէ ու կը քաջալերէ։

Ժողովող 5։8–ը կ’ակնարկէ կառավարիչի մը, որ աղքատները կը հարստահարէ եւ անոնց արդարութիւն չ’ըներ։ Այս կառավարիչը պէտք է յիշէ, թէ հաւանաբար կը դիտուի մէկու մը կողմէ, որ կառավարութեան մէջ իրմէ աւելի բարձր դիրք կամ հեղինակութիւն ունի։ Եւ կրնայ ըլլալ, որ իրենցմէ ալ աւելի բարձր դիրք ունեցողներ կան։ Ցաւալի է, որ մարդկային կառավարութիւններուն մէջ, բոլոր այս կառավարիչները կրնան փտած ըլլալ եւ ժողովուրդը անոնց փտածութենէն կը տուժէ։

Սակայն, վիճակները որքա՛ն ալ անյոյս թուին, կրնանք մխիթարուիլ՝ գիտնալով որ Եհովան մարդկային կառավարութիւններուն մէջ եղող ‘բարձրերուն վրայ կը հսկէ’։ Կրնանք Աստուծմէ օգնութիւն խնդրել եւ մեր հոգը անոր վրայ ձգել (Սաղ. 55։22. Փլպ. 4։6, 7)։ Գիտենք որ «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մն. 16։9

Ուստի, Ժողովող 5։8–ը մեր միտքը կը բերէ կառավարութեան մէջ եղող տղամարդոց իսկական վիճակը. միշտ կայ մէկը, որ աւելի մեծ հեղինակութիւն ունի։ Աւելի կարեւորը, այս համարը մեզի կ’օգնէ խոկալու այն իրողութեան վրայ, որ Եհովան Գերագոյն Հեղինակութիւնն է։ Ան այժմ կ’իշխէ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ, որ Թագաւորութեան Թագաւորն է։ Ամէն բան դիտող Ամենակալը եւ իր Որդին կատարելապէս արդար են։