Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 47

Պիտի շարունակե՞ս ճշդումներ ընել

Պիտի շարունակե՞ս ճշդումներ ընել

«Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, շարունակեցէք ուրախ ըլլալ եւ ճշդումներ ընել» (Բ. ԿՈՐ. 13։11, ՆԱ

ԵՐԳ 65 «Ասիկա է ճամբան»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մատթէոս 7։13, 14–ի համաձայն, ի՞նչ առումով ճամբորդութեան մէջ ենք։

ԲՈԼՈՐՍ ճամբորդութեան մէջ ենք։ Մեր նպատակակէտն է հասնիլ նոր աշխարհ, որ մեր սիրալիր Աստուծոյն՝ Եհովային իշխանութեան ներքեւ է։ Ամէն օր կը ջանանք կեանքի տանող ճամբուն մէջ քալել։ Բայց ինչպէս Յիսուս ըսաւ, այդ ճամբան նեղ է եւ երբեմն դժուար է անոր մէջ քալել (կարդա՛ Մատթէոս 7։13, 14)։ Մենք անկատար ենք եւ դիւրաւ կրնանք անկէ շեղիլ (Գաղ. 6։1

2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք (տե՛ս նաեւ « Խոնարհութիւնը կ’օգնէ մեր քայլերը ճշդելու» շրջանակը)։

2 Եթէ կ’ուզենք կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ մնալ, պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր մտածելակերպը, կեցուածքը եւ արարքները ճշդելու։ Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի մէջ ապրող քրիստոնեաները քաջալերեց, որ ‘շարունակեն ճշդումներ ընել’ (Բ. Կոր. 13։11, ՆԱ)։ Այդ խրատը մեզի ալ կը կիրարկուի։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս կրնայ օգնել, որ մեր քայլերը ճշդենք, եւ թէ հասուն բարեկամները ինչպէ՛ս կրնան օգնել, որ կեանքի տանող ճամբուն մէջ մնանք։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, թէ ե՛րբ կրնայ դժուար ըլլալ, որ Եհովայի կազմակերպութեան տուած ուղղութեան հետեւինք։ Ասկէ զատ, պիտի տեսնենք թէ խոնարհութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել, որ մեր ընթացքը փոխենք, առանց մեր ուրախութիւնը կորսնցնելու Եհովայի ծառայութեան մէջ։

ԹՈՅԼ ՏՈՒՐ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՔԵԶ ՍՐԲԱԳՐԷ

3. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել։

3 Երբ կը ջանանք մեր մտածումներն ու զգացումները քննել, դժուարութեան մը առջեւ կը գտնուինք։ Մեր սիրտը խաբեբայ է, անոր համար կրնանք վստահ չըլլալ, թէ մեզ դէպի ո՛ւր կ’ուղղէ (Եր. 17։9)։ Մենք մեզ դիւրաւ կրնանք խաբել (Յակ. 1։22)։ Ուստի, պէտք է Աստուածաշունչը գործածենք մենք մեզ քննելու համար։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ ինչ որ ենք ներսէն՝ մեր սրտին ամենաներքին «խորհուրդները ու մտածումները» (Եբ. 4։12, 13)։ Կարծես թէ Աստուածաշունչը Ք. ճառագայթի մեքենայ մըն է, որ կ’օգնէ տեսնելու ի՛նչ որ մեր ներսիդին կայ։ Բայց պէտք է խոնարհ ըլլանք, եթէ կ’ուզենք օգտուիլ այն խրատէն, որ կը ստանանք Աստուածաշունչէն կամ Աստուծոյ ներկայացուցիչներէն։

4. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ Սաւուղ թագաւորը հպարտ դարձաւ։

4 Սաւուղ թագաւորի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ եթէ խոնարհ չենք։ Սաւուղ այնքա՛ն հպարտ դարձաւ, որ նոյնիսկ ներքնապէս չընդունեց, որ իր մտածելակերպն ու արարքները պէտք էր ճշդէր (Սաղ. 36։1, 2. Ամբ. 2։4)։ Ասիկա յստակ դարձաւ, երբ Եհովան Սաւուղին մասնայատուկ ուղղութիւն տուաւ, թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր ամաղեկացիներուն յաղթելէն ետք։ Բայց Սաւուղ Եհովային չհնազանդեցաւ։ Եւ երբ Սամուէլ մարգարէն եղածը իր ուշադրութեան յանձնեց, Սաւուղ իր սխալը չընդունեց։ Փոխարէնը, ան փորձեց ինքզինք արդարացնել, իր անհնազանդութեան լրջութիւնը թեթեւցնելով եւ յանցանքը ուրիշներու վրայ նետելով (Ա. Թագ. 15։13-24)։ Անկէ առաջ, ան նոյնանման կեցուածք մը ցոյց տուած էր (Ա. Թագ. 13։10-14)։ Ցաւալիօրէն, ան իր սրտին թոյլ տուաւ որ հպարտանայ։ Սաւուղ իր մտածելակերպը չսրբագրեց, անոր համար Եհովան զինք յանդիմանեց եւ մերժեց։

5. Սաւուղի օրինակէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

5 Սաւուղի օրինակէն դաս մը քաղելու համար, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Երբ Սուրբ Գիրքէն խրատ մը կարդամ, պատճառաբանութիւններ կ’ընե՞մ որ գրուածը չգործադրեմ։ Անհնազանդութեանս լրջութիւնը կը թեթեւցնե՞մ։ Յանցանքս ուրիշներուն վրայ կը նետե՞մ’։ Եթէ այդ հարցումներէն որեւէ մէկուն «այո՛» պատասխանեցինք, պէտք է մեր մտածելակերպն ու կեցուածքը ճշդենք։ Այլապէս, մեր սիրտը այնքա՛ն պիտի հպարտանայ, որ Եհովան մեր բարեկամութիւնը պիտի մերժէ (Յակ. 4։6

6. Ի՞նչ էր Սաւուղ թագաւորին եւ Դաւիթ թագաւորին միջեւ եղած տարբերութիւնը։

6 Նկատի առ թէ ի՛նչ տարբերութիւն կար Սաւուղ թագաւորին եւ անոր յաջորդին՝ Դաւիթ թագաւորին միջեւ, որ «Աստուծոյ օրէնք»ը կը սիրէր (Սաղ. 1։1-3)։ Դաւիթ գիտէր, որ Եհովան կը փրկէ խոնարհները, բայց դէմ կը կենայ հպարտներուն (Բ. Թագ. 22։28)։ Ուստի, Դաւիթ թոյլ տուաւ որ Աստուծոյ օրէնքը իր մտածելակերպը ճշդէ։ Ան գրեց. «Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց. նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն» (Սաղ. 16։7

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ

Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ, երբ ճամբայէն շեղինք։ Եթէ խոնարհ ենք, թոյլ կու տանք որ Աստուածաշունչը սրբագրէ մեր սխալ մտածելակերպը (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Եթէ խոնարհ ենք, ի՞նչ պիտի ընենք։

7 Եթէ խոնարհ ենք, թոյլ պիտի տանք որ Սուրբ Գիրքը մեր սխալ մտածումը սրբագրէ, անոր համաձայն գործելէ առաջ։ Այդպիսով, կարծես Սուրբ Գիրքէն ձայն մը պիտի լսենք, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ Անիկա մեզ պիտի զգուշացնէ, երբ ճամբայէն շեղինք դէպի ձախ կամ դէպի աջ (Եսա. 30։21)։ Եհովային մտիկ ընելով, զանազան կերպերով պիտի օգտուինք (Եսա. 48։17)։ Օրինակ, նեղ կացութեան պիտի չմատնուինք, մէկէ մը սրբագրուելուն պատճառով։ Եւ Եհովային աւելի պիտի մօտենանք, գիտակցելով որ մեզ կը հոգայ սիրալիր հօր մը պէս (Եբ. 12։7

8. Ըստ Յակոբոս 1։22-25–ին, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչը հայելիի մը պէս գործածել։

8 Աստուածաշունչը կրնայ մեզի համար հայելիի մը պէս ըլլալ (կարդա՛ Յակոբոս 1։22-25)։ Մեր մեծամասնութիւնը ամէն առտու տունէն դուրս ելլելէ առաջ՝ հայելիին կը նայի։ Այդպէս կրնանք գիտնալ եթէ պէտք է բան մը փոխենք, ուրիշները մեզ տեսնելէ առաջ։ Նոյնպէս, երբ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդանք, պիտի նկատենք մեր մտածելակերպը եւ կեցուածքը ճշդելու կերպեր։ Շատեր օգտակար կը գտնեն ամէն առտու տունէն դուրս ելլելէ առաջ՝ օրուան համարը կարդալ։ Անոնք թոյլ կու տան, որ իրենց կարդացածը ազդէ իրենց մտածելակերպին։ Ետքը, օրուան ընթացքին կերպեր կը փնտռեն Աստուածաշունչին խրատը գործադրելու։ Ասկէ զատ, պէտք է սերտելու ռութին ունենանք, որ կը պարփակէ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալ եւ անոր վրայ խոկալ։ Ասիկա թերեւս պարզ բան մը սեպուի, բայց ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկն է, որ մեզի պիտի օգնէ կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ մնալու։

ՀԱՍՈՒՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՄՏԻԿ ԸՐԷ

ՀԱՍՈՒՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ

Հասուն հաւատակից մը թերեւս ազնուօրէն բանէ մը մեզ զգուշացնէ։ Շնորհակա՞լ ենք որ ան քաջութիւն հաւաքեց որ մեզի խօսի (տե՛ս պարբերութիւն 9)

9. Ինչո՞ւ թերեւս հարկ ըլլայ, որ բարեկամ մը քեզ սրբագրէ։

9 Կեանքիդ մէջ պատահա՞ծ է, որ սկսած ես Եհովայէն հեռացնող ճամբու մը մէջ քալել (Սաղ. 73։2, 3)։ Եթէ հասուն բարեկամ մը քաջութիւնը ունեցաւ քեզ սրբագրելու, իրեն մտիկ ըրի՞ր եւ իր տուած խրատը գործադրեցի՞ր։ Եթէ այո, ճիշդ բանը ըրիր, եւ անշուշտ շնորհակալ ես որ բարեկամդ քեզ զգուշացուց (Առ. 1։5

10. Եթէ բարեկամ մը քեզ սրբագրէ, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդես։

10 Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ. «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են» (Առ. 27։6)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Նկատի առ այս օրինակը. երեւակայէ թէ կը սպասես որ խճողուած փողոցէ մը անցնիս, եւ հեռաձայնովդ կը տարուիս։ Կը սկսիս ճամբան կտրել առանց աջ–ձախ նայելու։ Ճիշդ այդ պահուն, բարեկամդ բազուկէդ կը բռնէ ու քեզ դէպի մայթ կը քաշէ։ Ան այնքա՛ն ամուր բազուկդ կը բռնէ, որ կը զգաս թէ տեղէն պիտի ելլէ, բայց իր ըրածը քեզ կ’ազատէ ինքնաշարժի արկածէ։ Հակառակ անոր որ իր բռնած տեղը օրերով կը ցաւի, բարեկամիդ ըրածէն պիտի դժգոհի՞ս։ Անշուշտ ոչ։ Շա՜տ շնորհակալ պիտի ըլլաս, որ քեզի օգնեց։ Նոյնպէս, եթէ բարեկամ մը քեզ զգուշացնէ, որ խօսելակերպդ կամ արարքդ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն չէ, թերեւս սկիզբը վիրաւորուիս։ Բայց անմտութիւն է տրուած խրատին համար նեղուիլ կամ առնուիլ (Ժող. 7։9)։ Փոխարէնը, շնորհակալ եղիր, որ բարեկամդ քաջութիւն հաւաքեց որ քեզի խօսի։

11. Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ դառնալ, որ մէկը իր բարեկամէն լաւ խրատ մը մերժէ։

11 Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ դառնալ, որ մէկը իր հոգատար բարեկամէն լաւ խրատ մը մերժէ։ Հպարտութիւնը։ Հպարտ անձերը կը սիրեն իրենց ականջին «հաճելի բաներ լսել»։ Անոնք ‘ճշմարտութենէն ականջնին կը դարձնեն’ (Բ. Տիմ. 4։3, 4)։ Անոնք մեծ համարում կու տան իրենց անձին եւ կարծիքին։ Բայց Պօղոս առաքեալ գրեց. «Եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ» (Գաղ. 6։3)։ Սողոմոն թագաւոր այս կէտը բացատրեց հետեւեալ կերպով. «Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան, քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը, որ չի գիտեր խրատուիլ» (Ժող. 4։13

12. Ի՞նչ կը սորվինք Պետրոս առաքեալի լաւ օրինակէն, որ արձանագրուած է Գաղատացիս 2։11-14–ին մէջ։

12 Նկատի առ Պետրոս առաքեալի լաւ օրինակը, երբ Պօղոս մարդոց առջեւ զինք սրբագրեց (կարդա՛ Գաղատացիս 2։11-14)։ Պետրոս կրնար Պօղոսի ըսածէն ջղայնանալ, եթէ կեդրոնանար խրատը տալու կերպին վրայ եւ իր աչքին մեծնար, որ խրատը ուրիշներուն առջեւ տրուեցաւ։ Բայց Պետրոս իմաստուն էր։ Ան խրատը ընդունեց եւ Պօղոսին դէմ ոխ չպահեց։ Փոխարէնը, յետագային Պօղոսը «սիրելի եղբայր» կոչեց (Բ. Պետ. 3։15

13. Խրատ տալու ատեն, ի՞նչ կէտեր պէտք է ի մտի ունենանք։

13 Եթէ զգաս որ բարեկամի մը պէտք է խրատ տաս, ի՞նչ կէտեր պէտք է ի մտի ունենաս։ Իրեն հետ խօսելէ առաջ, դուն քեզի հարցուր. ‘Արդեօք ես խիստ շատ արդա՞ր եմ’ (Ժող. 7։16)։ Խիստ շատ արդար անձը ուրիշները կը դատէ ոչ թէ Եհովայի չափանիշներով, հապա ի՛ր չափանիշներով, եւ հաւանաբար գթասիրտ չ’ըլլար։ Եթէ դուն քեզ քննելէ ետք տակաւին կը զգաս, որ պէտք է բարեկամիդ հետ խօսիս, խնդիրը յստակ կերպով նշէ եւ հարցումներ հարցնելով բարեկամիդ օգնէ, որ անդրադառնայ թէ սխալ գործած է։ Վստահ եղիր որ ըսածներդ Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած են, յիշելով որ բարեկամդ Եհովայի՛ն հաշիւ պիտի տայ, եւ ոչ թէ քեզի (Հռով. 14։10, ՆԱ)։ Սուրբ Գիրքի՛ն իմաստութեան ապաւինէ, եւ խրատ տալու ատեն Յիսուսի կարեկցութիւնը ընդօրինակէ (Առ. 3։5. Մատ. 12։20)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան մեզի հետ կը վարուի այնպէս, ինչպէս մենք ուրիշներուն հետ կը վարուինք (Յակ. 2։13

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒԱԾ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԷ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ

Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կը հայթայթէ հրատարակութիւններ, վիտէօներ եւ ժողովներ, որոնք մեզի կ’օգնեն Աստուածաշունչին խրատները գործադրելու։ Ատեն–ատեն, Կառավարիչ մարմինը ճշդումներ կ’ընէ այն կերպին մէջ, որով գործը կազմակերպուած է (տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Աստուծոյ կազմակերպութիւնը մեզի ի՞նչ կը հայթայթէ։

14 Եհովան կեանքի տանող ճամբուն մէջ մեզ կ’առաջնորդէ իր կազմակերպութեան երկրային մասին միջոցաւ, որ կը հայթայթէ վիտէօներ, հրատարակութիւններ եւ ժողովներ, որոնք բոլորիս կ’օգնեն Աստուածաշունչի խրատները գործադրելու։ Այս նիւթերը վստահելի են, քանի որ հիմնուած են Աստուածաշունչին վրայ։ Երբ Կառավարիչ մարմինը պիտի որոշէ, թէ քարոզչութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ լաւագոյն կերպով կատարուիլ, կ’ապաւինի սուրբ հոգիին օգնութեան։ Այսուհանդերձ, Կառավարիչ մարմինը կանոնաւորաբար աչքէ կ’անցընէ իր որոշումները, տեսնելու համար եթէ անհրաժեշտ է փոփոխութիւններ մտցնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի» եւ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը պէտք է նոր պարագաներուն յարմարի (Ա. Կոր. 7։31, ՆԱ

15. Կարգ մը հրատարակիչներ ի՞նչ դժուարութեան մը առջեւ գտնուած են։

15 Անկասկած, յօժարաբար կը հետեւինք այն աստուածաշնչական ուղղութիւններուն, որ կը ստանանք վարդապետական կամ բարոյական հարցերու շուրջ։ Բայց ինչպէ՞ս կը հակազդենք, երբ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը մեր կեանքին ուրիշ երեսակներուն ազդող փոփոխութիւն մը կ’ընէ։ Օրինակ, վերջին տարիներուն, պաշտամունքի վայրեր շինելու եւ նորոգելու ծախսը շատ աւելցած է։ Անոր համար, Կառավարիչ մարմինը ուղղութիւն տուած է, որ կարելի եղածին չափ շատ ժողովքներ նոյն Թագաւորութեան սրահը գործածեն։ Այս ճշդումին պատճառաւ, կարգ մը ժողովքներ իրարու միացան եւ Թագաւորութեան սրահներէն ոմանք ծախուեցան։ Խնայուած դրամը կը գործածուի սրահներ շինելու համար այն վայրերուն մէջ, ուր աւելի պէտք կայ։ Եթէ կ’ապրիս վայրի մը մէջ, ուր սրահներ կը ծախուին եւ ժողովքներ կը միանան, թերեւս քեզի համար դժուար ըլլայ նոր պարագաներուն յարմարիլ։ Այժմ կարգ մը հրատարակիչներ ստիպուած են աւելի երկար ճամբայ կտրել ժողովներու ներկայ գտնուելու համար։ Ուրիշներ, որոնք ծանր աշխատեցան Թագաւորութեան սրահ մը շինելու կամ նորոգելու համար, թերեւս հարց տան թէ ինչո՛ւ անիկա հիմա վաճառքի դրուած է։ Թերեւս զգան, որ պարապ տեղ ժամանակ ու կորով տրամադրեցին։ Հակառակ ասոր, անոնք այս նոր կարգադրութեան հետ կը համագործակցին եւ գովասանքի արժանի են։

16. Կողոսացիս 3։23, 24–ի խրատը գործադրելը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ ուրախ մնալու։

16 Ուրախ պիտի մնանք, եթէ յիշենք որ Եհովային համար կ’աշխատինք, եւ թէ ի՛նք կ’ուղղէ իր կազմակերպութիւնը (կարդա՛ Կողոսացիս 3։23, 24)։ Դաւիթ թագաւոր լաւ օրինակ եղաւ, երբ տաճարի շինարարութեան համար դրամական նուիրատուութիւն ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Ո՞վ եմ ու իմ ժողովուրդս ո՞վ է, որ այսպէս կամաւոր ընծայ տալու կարող ըլլանք, քանզի ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք» (Ա. Մն. 29։14)։ Երբ նուիրատուութիւններ կ’ընենք, մենք ալ Եհովայի տուածներէն իրեն կու տանք։ Այսուհանդերձ, Եհովան շա՜տ կ’ուրախանայ, երբ մեր ժամանակով, կորովով եւ դրամով իր գործին թիկունք կը կանգնինք (Բ. Կոր. 9։7

ՆԵՂ ՃԱՄԲՈՒՆ ՄԷՋ ՄՆԱՑԻ՛Ր

17. Ինչո՞ւ պէտք չէ վհատիս, եթէ տեսնես որ քայլերդ պէտք է ճշդես։

17 Կեանքի տանող նեղ ճամբուն մէջ մնալու համար, բոլորս պէտք է սերտօրէն հետեւինք Յիսուսի քայլերուն (Ա. Պետ. 2։21)։ Եթէ տեսնես որ քայլերդ պէտք է ճշդես, մի՛ վհատիր։ Ասիկա կրնայ լաւ նշան մը ըլլալ, ցոյց տալով որ շա՜տ կը փափաքիս Եհովայի ուղղութեան հետեւիլ։ Յիշէ որ Եհովան չ’ակնկալեր որ մենք, որ ներկայիս անկատար ենք, կատարելապէս Յիսուսը ընդօրինակենք։

18. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ մեր նպատակակէտին հասնինք։

18 Թող որ բոլորս կեդրոնանանք ապագային վրայ եւ պատրաստ ըլլանք ճշդումներ ընելու մեր մտածելակերպին, կեցուածքին եւ արարքներուն մէջ (Առ. 4։25. Ղուկ. 9։62)։ Թող որ խոնարհ մնանք ու «շարունակենք ուրախ ըլլալ եւ ճշդումներ ընել» (Բ. Կոր. 13։11, ՆԱ)։ Եթէ այդպէս ընենք, ‘սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը մեզի հետ պիտի ըլլայ’։ Եւ ոչ միայն մեր ուզած վայրը պիտի հասնինք, հապա նաեւ ճամբորդութիւնը պիտի վայելենք։

ԵՐԳ 29 Ուղղամտութեամբ քալել

^ պարբ. 5 Մեզմէ ոմանց համար դժուար է փոփոխութիւններ մտցնել իրենց մտածելակերպին, կեցուածքին եւ արարքներուն մէջ։ Յօդուածը պիտի բացատրէ, թէ ինչո՛ւ բոլորս պէտք է ճշդումներ ընենք, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք միեւնոյն ատեն ուրախ մնալ։

^ պարբ. 76 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երբ երիտասարդ եղբայր մը կը պատմէ, թէ իրեն ի՛նչ պատահեցաւ երբ սխալ որոշում մը առաւ, տարիքով աւելի մեծ եղբայրը (աջին) հանդարտութեամբ մտիկ կ’ընէ, որոշելու համար թէ խրատ տալու հարկ կա՛յ կամ ոչ։