Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 48

Դիմացդ նայէ՝ դէպի ապագան

Դիմացդ նայէ՝ դէպի ապագան

«Քու աչքերդ ուղիղ թող նային ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան» (ԱՌ. 4։25

ԵՐԳ 143 Լոյս՝ խաւար աշխարհին մէջ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ Առակաց 4։25–ի խրատին. օրինակ մը տուր։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ հետեւեալ պարագաները։ Տարիքոտ քոյր մը իր անցեալի աղէկ յիշատակներուն վրայ կը խոկայ։ Թէեւ իր կեանքը հիմա աւելի դժուար է, բայց կը շարունակէ իր ամէն կարելին ընել Եհովայի համար (Ա. Կոր. 15։58)։ Ամէն օր կ’երեւակայէ, թէ ինք եւ իր սիրելիները միասին կ’ապրին խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ։ Ուրիշ քոյր մը կը յիշէ, թէ հաւատակից մը զինք վիրաւորած է, բայց կ’ընտրէ շարունակ չմտածել ատոր մասին (Կող. 3։13)։ Իսկ եղբայր մը լաւ կը յիշէ իր անցեալի սխալները, բայց կը կեդրոնանայ հիմա՛ հաւատարիմ մնալու վրայ (Սաղ. 51։10

2 Այս երեք քրիստոնեաները ի՞նչ հասարակաց բան ունին։ Երեքն ալ կը յիշեն թէ անցեալին իրենց ի՛նչ պատահած է, բայց անցեալին մէջ չեն ապրիր։ Փոխարէնը, իրենց աչքերը «ուղիղ կը նային» դէպի ապագայ (կարդա՛ Առակաց 4։25

3. Ինչո՞ւ մեր աչքերը պէտք է ‘ուղիղ նային’ դէպի ապագայ։

3 Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ ‘ուղիղ նայինք’ դէպի ապագայ։ Ճիշդ ինչպէս որ մէկը չի կրնար ուղիղ քալել, եթէ շարունակ ետեւ կը դառնայ, այնպէս ալ մենք չենք կրնար Եհովայի ծառայութեան մէջ յառաջ ընթանալ, եթէ շարունակ անցեալին կը նայինք (Ղուկ. 9։62

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք երեք ծուղակներ, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ, որ անցեալին մէջ ապրինք *։ Ատոնք են. 1) հին օրերը կարօտնալ, 2) ոխ պահել եւ 3) չափազանց յանցաւոր զգալ։ Իւրաքանչիւր պարագային, պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի սկզբունքները կրնան մեզի օգնել, որ չկեդրոնանանք «ետեւի եղածներ»ուն վրայ, հապա ձգտինք «առջեւի եղածներուն» (Փլպ. 3։13

ԿԱՐՕՏՆԱԼՈՒ ԾՈՒՂԱԿԸ

Ի՞նչ բան կրնայ խանգարել, որ դիմացը նայինք՝ դէպի ապագան (տե՛ս պարբերութիւն 5, 9, 13) *

5. Ժողովող 7։10–ը ի՞նչ ծուղակէ մեզ կը զգուշացնէ։

5 Կարդա՛ Ժողովող 7։10։ Նկատէ թէ այս համարը չ’ըսեր որ սխալ է հարցնել. «Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը աղէկ էին»։ Աղուոր յիշատակները նուէր են Եհովայէն։ Փոխարէնը, համարը կը նշէ. «Մի՛ ըսեր՝ ‘Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին’»։ Ուրիշ խօսքով, ծուղակ է՝ անցեալի պարագաները բաղդատել ներկայի պարագաներուն հետ եւ եզրակացնել, որ հիմա ամէն բան աւելի գէշ է։

Եգիպտոսէն ելլելէ ետք, իսրայէլացիները ի՞նչ սխալ ըրին (տե՛ս պարբերութիւն 6)

6. Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ շարունակ մտածել, թէ մեր կեանքը անցեալին աւելի լաւ էր. օրինակ մը տուր։

6 Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ շարունակ մտածել, թէ մեր կեանքը անցեալին աւելի լաւ էր։ Հին օրերը կարօտնալը կրնայ պատճառ դառնալ, որ անցեալէն միայն լաւ բաները յիշենք, կամ այդ ատենուան դժուարութիւնները պզտիկցնենք։ Նկատի առ իսրայէլացիներուն օրինակը։ Եգիպտոսէն ելլելէ ետք, անոնք շուտով մոռցան, թէ որչա՜փ դժուար էր իրենց կեանքը հոն, եւ կեդրոնացան այն լաւ ուտելիքներուն վրայ, որ ունէին։ Անոնք ըսին. «Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկերը, վարունգներն ու սեխերը եւ պրասներն ու սոխերը եւ սխտորները միտքերնիս կու գան» (Թւ. 11։5)։ Բայց իրապէս ‘ձրի՞ կերան’ այդ ուտելիքները։ Ո՛չ։ Իսրայէլացիները սուղ գին վճարեցին. հոն ստրկութեան ծանր լուծին տակ էին (Ել. 1։13, 14. 3։6-9)։ Սակայն այդ դժուարութիւնները անտեսեցին եւ անցեալը կարօտցան։ Անոնք ընտրեցին կեդրոնանալ հին օրերուն վրայ, փոխանակ կեդրոնանալու այն դրական բաներուն վրայ, որ Եհովան դեռ նոր ըրած էր իրենց համար։ Եհովան այդ կեցուածքով ուրախ չէր (Թւ. 11։10

7. Ի՞նչ բան քրոջ մը օգնեց, որ հին օրերը կարօտնալու ծուղակին մէջ չիյնայ։

7 Ինչպէ՞ս կրնանք հին օրերը կարօտնալու ծուղակին մէջ չիյնալ։ Նկատի առ քրոջ մը օրինակը, որ 1945–ին սկսաւ Պրուքլինի Բեթէլին մէջ ծառայել։ Քանի մը տարի ետք, ամուսնացաւ բեթէլական եղբօր մը հետ եւ երկար տարիներ միասին շարունակեցին Բեթէլի ծառայութիւնը։ Սակայն 1970–ականներուն կիսուն, ամուսինը հիւանդացաւ։ Քոյրը ըսաւ, որ երբ իր ամուսինը գիտակցեցաւ թէ մեռնելու վրայ էր, իրեն լաւ խրատ մը տուաւ, որպէսզի գիտնայ ինչպէ՛ս այրիութեան հետ գլուխ ելլել։ Ան իրեն ըսաւ. «Մեր ամուսնական կեանքը ուրախութիւններով լեցուն էր։ Շատեր այդպիսի կեանք բնա՛ւ չեն ճաշակեր»։ Նաեւ զինք յորդորեց. «Անցեալին մէջ չապրի՛ս, թէեւ յիշատակներ պիտի ունենաս։ Ժամանակի ընթացքին տխրութիւնդ պիտի պակսի։ Մի՛ դառնանար եւ դուն քու վրադ մի՛ մեղքնար։ Ուրախ եղիր որ այս ուրախութիւններն ու օրհնութիւնները ունեցար։ . . .Յիշատակները նուէր են Աստուծմէ»։ Համաձայն չե՞ս, որ ասիկա լաւ խրատ մըն էր։

8. Քոյրը ինչպէ՞ս օգտուեցաւ իր ամուսինին խրատէն։

8 Քոյրը իր ամուսինին խրատին հետեւեցաւ։ Ան հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայեց մինչեւ իր մահը՝ 92 տարեկանին։ Քանի մը տարի առաջ ան ըսաւ. «Երբ ետեւ նայիմ՝ լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուցած աւելի քան 63 տարիներուս, կրնամ ըսել, որ իրապէս գոհացուցիչ կեանք ունեցած եմ»։ Ինչո՞ւ։ Ան կը բացատրէ. «Մեր կեանքը իսկապէս գոհացուցիչ դարձնող բաներն են՝ մեր հրաշալի եղբայրութիւնը եւ անոնց հետ դրախտային երկրի վրայ ապրելու յոյսը, յաւիտեան ծառայելով մեր Մեծ Ստեղծիչին՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովային» *։ Դէպի ապագայ ուղիղ նայելու ի՜նչ հոյակապ օրինակ։

ՈԽ ՊԱՀԵԼՈՒ ԾՈՒՂԱԿԸ

9. Ինչպէս Ղեւտացւոց 19։18–ը ցոյց կու տայ, մանաւանդ ե՞րբ դժուար կ’ըլլայ ոխ չպահել։

9 Կարդա՛ Ղեւտացւոց 19։18։ Յաճախ դժուար կ’ըլլայ մեզ վիրաւորող մէկու մը ներել, եթէ անիկա հաւատակից է, մտերիմ բարեկամ է կամ ազգական է։ Օրինակ, հաւատակից մը անարդարօրէն քոյր մը ամբաստանեց, ըսելով թէ իրմէ դրամ գողցած է։ Յետագային, հաւատակիցը ներողութիւն խնդրեց, բայց քոյրը շարունակեց կեդրոնանալ պատահածին վրայ։ Երբեք ատանկ զգացա՞ծ ես։ Նոյնիսկ եթէ ճիշդ նոյն պարագան չենք ունեցած, հաւանաբար մեր մեծամասնութեան հետ պատահած է, որ ոխ պահենք եւ խորհինք թէ բնաւ ատկէ վազ պիտի չանցնինք։

10. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, երբ ոխ կը պահենք։

10 Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, երբ ոխ կը պահենք։ Պէտք է յիշենք, որ Եհովան ամէն բան կը տեսնէ։ Ան տեղեակ է թէ ի՛նչ բաներէ կ’անցնինք, մէջը ըլլալով անարդարութիւնները (Եբ. 4։13)։ Ան մեզի հետ կը զգայ, երբ կը տառապինք (Եսա. 63։9)։ Եւ կը խոստանայ, որ մեր կրած անարդարութեան պատճառած որեւէ վնաս ի վերջոյ պիտի վերցնէ (Յայտ. 21։3, 4

11. Երբ ոխ չպահենք, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

11 Նաեւ կ’ուզենք յիշել, որ երբ ոխ չպահենք՝ մե՛նք կ’օգտուինք։ Անարդարօրէն ամբաստանուած քոյրը ասոր գիտակցեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին, ան կրցաւ ոխակալութենէն ձերբազատուիլ։ Քոյրը ըմբռնեց, որ երբ ուրիշներուն կը ներենք, Եհովան ալ մեզի կը ներէ (Մատ. 6։14)։ Ան հաւատակիցին ըրածը չպզտիկցուց կամ չարդարացուց, հապա ընտրեց ոխակալութենէն վազ անցնիլ։ Առ ի արդիւնք, մեր քոյրը աւելի ուրախ եղաւ եւ կրցաւ Եհովայի ծառայութեան վրայ կեդրոնանալ։

ՉԱՓԱԶԱՆՑ ՅԱՆՑԱՒՈՐ ԶԳԱԼՈՒ ԾՈՒՂԱԿԸ

12. Ի՞նչ բան կը սորվինք Ա. Յովհաննէս 3։19, 20–էն։

12 Կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։19, 20։ Ամէնքս ատեններ յանցաւոր կը զգանք։ Օրինակ, ոմանք յանցաւոր կը զգան այն արարքներուն համար, որ ճշմարտութիւնը սորվելէն առաջ ըրած են։ Ուրիշներ յանցաւոր կը զգան մկրտուելէ ետք ըրած սխալներուն համար (Հռով. 3։23)։ Անշուշտ, կ’ուզենք ճիշդը ընել, բայց «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (Յակ. 3։2. Հռով. 7։21-23)։ Թէեւ յանցաւոր զգալը հաճելի չէ, բայց ատիկա օգուտ մը ունի։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ յանցաւոր զգալը կրնայ մեզ մղել, որ մեր ընթացքը սրբագրենք եւ վճռենք չկրկնել մեր սխալները (Եբ. 12։12, 13

13. Ինչո՞ւ պէտք է չափազանց յանցաւոր զգալու ծուղակէն զգուշանանք։

13 Միւս կողմէ, կարելի է որ մէկը չափազանց յանցաւոր զգայ, այսինքն՝ շարունակէ յանցաւոր զգալ, նոյնիսկ զղջալէ եւ Եհովայի ներումը ստանալէ ետք։ Յանցաւոր ըլլալու այդ տեսակ զգացումները կրնան վնասակար ըլլալ (Սաղ. 31։10. 38։3, 4)։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ քրոջ մը օրինակը, որ իր անցեալի մեղքերուն համար յանցաւորութեան զգացումներուն դէմ պայքարեցաւ։ Ան ըսաւ. «Կը զգայի, թէ պէտք չունիմ ջանք թափելու Եհովայի ծառայութեան մէջ, քանի որ շատ հաւանաբար պիտի չփրկուիմ»։ Մեզմէ շատեր կրնան այս քրոջ պէս զգալ։ Շատ կարեւոր է, որ չափազանց յանցաւոր զգալու ծուղակէն զգուշանանք։ Ի վերջոյ, մտածէ թէ Սատանան որչա՜փ պիտի ուրախանայ, եթէ մենք մեր յոյսը կտրենք մեր անձէն, թէեւ Եհովան մեզի ներած է (համեմատէ՛ Բ. Կորնթացիս 2։5-7, 11

14. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Եհովան մեզի ներած է։

14 Թերեւս հարց տանք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ Եհովան ինծի ներած է’։ Կերպով մը, այս հարցումը հարցնելը կու տայ պատասխանը։ Տասնամեակներ առաջ, Դիտարան–ը նշեց. «Թերեւս, մեր նախկին ապրելակերպին մէջ մեր կարծածէն շատ աւելի խոր կերպով դրոշմուած գէշ սովորութեան մը մէջ շատ անգամ իյնանք եւ սայթաքինք։ . . .Մի՛ յուսահատիք։ Մի՛ եզրակացնէք որ աններելի մեղքը գործած էք։ Սատանան կ’ուզէ որ դուք ճիշդ այդպէս խորհիք։ Քանի որ դուք ձեզի դէմ վշտացած ու նեղացած էք, ինքնին ապացոյց մըն է որ շատ հեռու չէք գացած։ Բնաւ մի՛ ձանձրանաք խոնարհութեամբ ու անկեղծօրէն Աստուծոյ դիմելէ, իրմէ խնդրելով որ ձեզի ներէ, մաքրէ եւ օգնէ։ Անոր մօտեցէք ինչպէս զաւակ մը իր հօր քով կ’երթայ երբ խնդիր մը ունի, առանց նկատի առնելու թէ նոյն տկարութեան համար որքան յաճախ կ’երթաք, իսկ Եհովա քաղցրութեամբ ձեզի պիտի օգնէ իր անարժան ողորմութեան շնորհիւ» *։

15-16. Ոմանք ինչպէ՞ս զգացած են, գիտակցելով որ Եհովան իրենց ներած է։

15 Եհովայի ծառաներէն շատեր մխիթարուած են, գիտնալով որ Եհովան իրենց ներած է։ Օրինակ, տարիներ առաջ եղբայր մը ազդուեցաւ փորձառութենէ մը, որ հրատարակուեցաւ «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքին մէջ։ Յօդուածին մէջ, քոյր մը կը խոստովանի, որ իր անցեալի փորձառութիւններուն պատճառաւ դժուար էր հաւատալ, որ Եհովան կրնայ զինք սիրել։ Նոյնիսկ մկրտուելէ տարիներ ետք, ան պայքար կը մղէր այդ զգացումներուն դէմ։ Սակայն, փրկանքին շուրջ խոկալը օգնեց, որ հարցերը տարբեր տեսանկիւնէ դիտէ *։

16 Այդ փորձառութիւնը ինչպէ՞ս եղբօր ազդեց։ Ան գրեց. «Երբ պատանի էի, յաճախ պոռնկագրութիւն կը դիտէի, եւ ինծի համար շատ դժուար էր ատիկա կեցնել։ Վերջերս նոյն սխալին մէջ նորէն ինկայ։ Օգնութեան համար երէցներուն դիմեցի եւ խնդիրս յաղթահարելուն մէջ յառաջդիմեցի։ Երէցները վստահեցուցին, որ Եհովան զիս կը սիրէ եւ կ’ուզէ ինծի ներել։ Բայց տակաւին, ատեններ անարժէք կը զգամ, կարծես անկարելի է որ Եհովան զիս սիրէ։ Քրոջ փորձառութիւնը կարդալը ինծի իրապէս օգնեց։ Այժմ կը գիտակցիմ, որ երբ կը խորհիմ թէ անկարելի է որ Աստուած ինծի ներէ, կարծես կ’ըսեմ, որ իր Որդիին զոհը բաւարար չէ, որ իմ մեղքերս ծածկէ։ Այս յօդուածը քովս պահած եմ, որպէսզի կարդամ եւ ատոր վրայ խոկամ ամէն անգամ, որ անարժէքութեան զգացումները զիս խեղդեն»։

17. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս խուսափեցաւ չափազանց յանցաւոր զգալու ծուղակին մէջ իյնալէ։

17 Այսպիսի փորձառութիւններ մեզի կը յիշեցնեն Պօղոս առաքեալը։ Քրիստոնեայ դառնալէ առաջ, ան կարգ մը լուրջ մեղքեր գործեց։ Պօղոս կը յիշէր թէ ի՛նչ ըրած էր, բայց չէր կեդրոնանար ատոր վրայ (Ա. Տիմ. 1։12-15)։ Ան փրկանքը անձամբ իրեն տրուած նուէր նկատեց (Գաղ. 2։20)։ Այդպիսով, Պօղոս չափազանց յանցաւոր զգալու ծուղակին մէջ չինկաւ եւ կեդրոնացաւ Եհովային իր լաւագոյնը տալու վրայ։

ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՊՐԷ՛

Վճռե՛նք ապրիլ ապագային համար (տե՛ս պարբերութիւն 18-19) *

18. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ սորվեցանք։

18 Այս յօդուածին մէջ նշուած ծուղակները քննարկելով ի՞նչ սորվեցանք։ 1) Լաւ յիշատակները օրհնութիւն են Եհովայէն, բայց որքա՛ն ալ լաւ կեանք ունեցած ըլլանք անցեալին, ապագայ կեանքը նոր աշխարհի մէջ աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ 2) Ուրիշներ թերեւս ցաւցնեն մեզ, բայց երբ կ’ընտրենք իրենց ներել, կրնանք Եհովայի ծառայութեան վրայ կեդրոնանալ ու առջեւ նայիլ։ 3) Չափազանց յանցաւոր ըլլալու զգացումները կրնան խանգարել, որ ուրախութեամբ Եհովայի ծառայենք։ Ուստի, Պօղոսին պէս, պէտք է հաւատանք որ Եհովան մեզի ներած է։

19. Ինչպէ՞ս գիտենք, որ նոր աշխարհին մէջ մեզ տխրեցնող որեւէ բան պիտի չյիշենք։

19 Մենք յաւիտեան ապրելու յոյսը ունինք։ Եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, մեզ տխրեցնող որեւէ բան պիտի չյիշենք։ Այդ ժամանակուան մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Առաջինները պիտի չյիշուին» (Եսա. 65։17)։ Պահ մը մտածէ. մեզմէ ոմանք Եհովայի ծառայեցին մինչեւ ծերութիւն, բայց նոր աշխարհին մէջ նորէն պիտի երիտասարդանանք (Յոբ 33։25)։ Ուրեմն վճռե՛նք չապրիլ անցեալին մէջ։ Փոխարէնը նայի՛նք դէպի առջեւ եւ ապրի՛նք ապագային համար։

ԵՐԳ 129 Մեր յոյսը ամո՛ւր բռնենք

^ պարբ. 5 Ատեններ աղուոր է անցեալի օրերը յիշել։ Բայց եթէ շատ կեդրոնանանք անցեալին վրայ, կրնանք ներկայէն լաւագոյնս չօգտուիլ կամ մոռնալ թէ ապագային ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Յօդուածը նկատի պիտի առնէ երեք ծուղակներ, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ, որ անցեալին մէջ ապրինք։ Պիտի քննարկենք աստուածաշնչական սկզբունքներ եւ արդի օրինակներ, որոնք կ’օգնեն այս ծուղակներուն մէջ չիյնալու։

^ պարբ. 4 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Այս յօդուածին մէջ, «անցեալին մէջ ապրիլ» արտայայտութիւնը կը նշանակէ մեր անցեալին մասին շարունակ մտածել՝ ատոր մասին միշտ խօսելով, կարգ մը պահեր կրկին ապրելով կամ սեպելով, թէ այդ ժամանակ մեր կեանքը աւելի լաւ էր։

^ պարբ. 8 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 յուլիս 2004 թիւը, էջ 23-29 (արաբ.)։

^ պարբ. 14 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 փետրուար 1954 թիւը, էջ 123 (անգլ.)։

^ պարբ. 15 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2011 թիւը, էջ 20-21 (արաբ.)։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հին օրերը կարօտնալը, ոխ պահելը եւ չափազանց յանցաւոր զգալը կը նմանին ծանր բեռներու, որոնք մեզի հետ կը քաշենք, եւ արգելք կ’ըլլան, որ կեանքի տանող ճամբուն մէջ դէպի առաջ ընթանանք։

^ պարբ. 66 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երբ այդ դժուարակիր զգացումները մեր կռնակին ետեւ նետենք, թեթեւութիւն եւ ուրախութիւն կը զգանք, ինչպէս նաեւ մեր ուժը կը նորոգուի։ Այն ատեն պիտի կարենանք ուղիղ նայիլ։