Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 49

Յարութիւնը ստոյգ յոյս մըն է

Յարութիւնը ստոյգ յոյս մըն է

«Յոյս ունիմ առ Աստուած. . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ» (ԳՈՐԾՔ 24։15

ԵՐԳ 111 Պիտի կանչէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Ճշմարիտ երկրպագուները ի՞նչ հոյակապ յոյս մը ունին։

ՅՈՅՍ ունենալը շա՜տ կարեւոր է։ Կարգ մը մարդիկ յոյս ունին, որ ուրախ ամուսնութիւն պիտի վայելեն, առողջ զաւակներ պիտի մեծցնեն կամ լուրջ հիւանդութենէ մը պիտի առողջանան։ Մենք՝ քրիստոնեաներս, այդ նոյն բաներուն կը յուսանք եւ բան մը աւելի. յոյս ունինք որ յաւիտեան ապրինք, իսկ մեր մահացած սիրելիները՝ նորէն ապրին։

2 Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած. . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Պօղոս առաջին անհատը չէր, որ յարութեան հանդէպ իր յոյսը արտայայտեց։ Նահապետ Յոբ ալ նոյն յոյսը ունէր։ Ան վստահ էր, որ Աստուած զինք պիտի յիշէր եւ նորէն կեանքի պիտի բերէր (Յոբ 14։7-10, 12-15

3. Ինչո՞ւ կրնանք օգտուիլ Ա. Կորնթացիս 15–րդ գլուխէն։

3 ‘Մեռելներուն յարութիւնը’ քրիստոնէական բոլոր ուսուցումներուն «հիմ»ին մէկ մասն է (Եբ. 6։1, 2)։ Պօղոս յարութեան մասին կը քննարկէ Ա. Կորնթացիս 15–րդ գլուխին մէջ։ Իր գրածը քաջալերած ըլլալու էր առաջին դարու քրիստոնեաները։ Այդ գլուխը կրնայ մեզ ալ քաջալերել եւ երկար ատենէ ի վեր մեր ունեցած յոյսը ամրապնդել։

4. Ի՞նչը մեզ կը վստահեցնէ, որ մեր մահացած սիրելիները յարութիւն պիտի առնեն։

4 Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեզ կը վստահեցնէ, որ մեր մահացած սիրելիները յարութիւն պիտի առնեն։ Անիկա մաս կը կազմէր այն բարի լուրին, որ Պօղոս կորնթացիներուն տուաւ (Ա. Կոր. 15։1, 2)։ Ան ըսաւ, որ եթէ քրիստոնեան այդ յարութեան չհաւատար, իր հաւատքը պարապ պիտի ըլլար (Ա. Կոր. 15։17)։ Իսկ եթէ կը հաւատանք, որ Յիսուս յարութիւն առաւ, ուրեմն կրնանք հաւատալ, որ ուրիշներ ալ յարութիւն պիտի առնեն։

5-6. Ա. Կորնթացիս 15։3, 4–ի խօսքերը մեզի համար ի՞նչ կը նշանակեն։

5 Պօղոս իր քննարկութեան սկիզբը երեք իրողութիւններ նշեց. 1) «Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ»։ 2) Ան «թաղուեցաւ»։ 3) Ան «յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։3, 4

6 Յիսուսի մեռնիլը, թաղուիլը եւ յարութիւն առնելը մեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունին։ Եսայի մարգարէն ըսաւ, որ Մեսիան ‘կենդանիներուն երկրէն պիտի կտրուէր’ եւ թէ ‘անոր գերեզմանը ամբարիշտներու հետ պիտի դրուէր’։ Բայց ուրիշ բան մըն ալ պիտի պատահէր։ Եսային աւելցուց, որ Մեսիան ‘շատերու մեղքը պիտի վերցնէր’։ Յիսուս ասիկա ըրաւ, երբ իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ (Եսա. 53։8, 9, 12. Մատ. 20։28. Հռով. 5։8, 9)։ Ուստի, Յիսուսի մեռնիլը, թաղուիլը եւ յարութիւն առնելը լաւ պատճառներ կու տան յուսալու, թէ մենք մեղքէն ու մահէն կրնանք ազատիլ, եւ թէ մեր մահացած սիրելիներուն հետ նորէն կրնանք ապրիլ։

ՇԱՏ ՄԸ ԱԿԱՆԱՏԵՍՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

7-8. Ի՞նչ բան քրիստոնեաներուն կ’օգնէ վստահ ըլլալու, թէ Յիսուս յարութիւն առաւ։

7 Յարութեան մեր յոյսը կապ ունի Յիսուսի յարութեան հետ, անոր համար պէտք է համոզուինք, որ Յիսուս յարութիւն առաւ։ Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան Յիսուսը ետ կեանքի բերաւ։

8 Շատ մը ականատեսներ կային, որոնք վկայեցին թէ Յիսուս յարութիւն առած էր (Ա. Կոր. 15։5-7)։ Պօղոսի նշած վկաներէն առաջինն էր՝ Պետրոս առաքեալ (Կեփաս)։ Խումբ մը աշակերտներ հաստատեցին, որ Պետրոս տեսաւ յարութիւն առած Յիսուսը (Ղուկ. 24։33, 34)։ Ասկէ զատ, առաքեալները տեսան Յիսուսը, անոր յարութիւն առնելէն ետք։ Ետքը, Քրիստոս «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ», թերեւս Մատթէոս 28։16-20–ի մէջ նշուած ուրախալի դէպքին ընթացքին, Գալիլիոյ մէջ։ Յիսուս նաեւ «երեւցաւ Յակոբոսին», որ հաւանաբար իր խորթ եղբայրն էր, որ նախապէս չէր հաւատացած թէ Յիսուս Մեսիան էր (Յովհ. 7։5)։ Յարութիւն առած Յիսուսը տեսնելէ ետք, Յակոբոս համոզուեցաւ։ Հետաքրքրական է որ շուրջ Ք.Ե. 55–ին, երբ Պօղոս այս նամակը գրեց, Յիսուսի յարութեան ականատես եղողներէն շատեր դեռ ողջ էին, ուստի ոեւէ անձ՝ որ կասկածներ ունէր, կրնար այդ վստահելի վկաներուն դիմել։

9. Ինչպէս որ Գործք 9։3-5–ի մէջ կը կարդանք, Պօղոս ինչպէ՞ս անձամբ կրցաւ վկայել, թէ Յիսուս յարութիւն առած էր։

9 Յետագային, Յիսուս Պօղոսին ալ երեւցաւ (Ա. Կոր. 15։8)։ Պօղոս դէպի Դամասկոս կ’ուղղուէր, երբ յարութիւն առած Յիսուսի ձայնը լսեց եւ տեսիլքով զինք տեսաւ իր երկնային փառքին մէջ (կարդա՛ Գործք 9։3-5)։ Պօղոսի վկայութիւնը յաւելեալ ապացոյց մըն էր, թէ Յիսուսի յարութիւնը առասպել մը չէր (Գործք 26։12-15

10. Պօղոսի համոզումը, թէ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած էր, զինք մղեց ի՞նչ ընելու։

10 Ոմանք մասնաւորաբար պիտի հետաքրքրուէին Պօղոսի վկայութեամբ, քանի որ ան ատեն մը քրիստոնեաները հալածած էր։ Ան համոզուելէ ետք, որ Յիսուս յարութիւն առած էր, շատ ջանք թափեց որ ուրիշներ ալ համոզէ։ Ան տոկաց ծեծերու, բանտարկութեան եւ նաւաբեկութեան, մինչ կը տարածէր ճշմարտութիւնը, թէ Յիսուս մեռաւ բայց դարձեալ ողջ էր (Ա. Կոր. 15։9-11. Բ. Կոր. 11։23-27)։ Պօղոս այնքա՛ն վստահ էր, թէ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած էր, որ նոյնիսկ պատրաստ էր մեռնելու ատոր մասին քարոզելով։ Առաջին դարու ականատեսներուն կողմէ այս վկայութիւնը քեզ չի՞ համոզեր, թէ Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առած է։ Եւ ա՛լ աւելի չե՞ս համոզուիր, թէ յարութիւն պիտի ըլլայ։

ՊՕՂՈՍ ՍԽԱԼ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐԸ ՍՐԲԱԳՐԵՑ

11. Կորնթոսի քրիստոնեաներէն ոմանք թերեւս ինչո՞ւ յարութեան մասին սխալ կարծիքներ ունէին։

11 Կորնթոս քաղաքին մէջ ապրող քրիստոնեաներէն ոմանք յարութեան մասին սխալ գաղափար ունէին. անոնք նոյնիսկ կ’ըսէին, թէ «մեռելներուն յարութիւն չկայ»։ Ինչո՞ւ (Ա. Կոր. 15։12)։ Աթէնքի փիլիսոփաները ծաղրած էին այն գաղափարը, թէ Յիսուս յարութիւն առած էր։ Այս տեսակէտը թերեւս ազդած էր ոմանց Կորնթոսի մէջ, նոյնիսկ՝ քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Գործք 17։18, 31, 32)։ Ուրիշներ թերեւս կը հաւատային, թէ յարութիւնը այլաբանական է, այսինքն անհատը ատեն մը մեղքի մէջ «մեռած» էր, բայց «ետ կեանքի եկած» էր որպէս քրիստոնեայ։ Անոնց պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլար, յարութիւնը չընդունիլը կը նշանակէր, թէ անոնց հաւատքը պարապ էր։ Եթէ Աստուած Յիսուսին յարութիւն չտուաւ, ուրեմն փրկանքը չվճարուեցաւ եւ բոլորը մեղքի մէջ մնացին։ Ուստի յարութիւնը մերժողները իսկական յոյս մը չունէին (Ա. Կոր. 15։13-19. Եբ. 9։12, 14

12. Ա. Պետրոս 3։18, 22–ի համաձայն, Յիսուսի յարութիւնը ինչպէ՞ս տարբեր էր իրմէ առաջ եղած յարութիւններէն։

12 Պօղոս անձամբ գիտցաւ, թէ «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է»։ Այդ յարութիւնը աւելի լաւ էր այն մարդոց յարութիւններէն, որոնք ետ կեանքի բերուեցան, բայց ետքը նորէն մեռան։ Պօղոս ըսաւ, որ Յիսուս «ննջեցեալներուն առաջին պտուղ»ն էր։ Ան ի՞նչ առումով առաջինն էր։ Ան առաջին անձն էր, որ յարութիւն առաւ որպէս հոգեղէն արարած, եւ մարդոցմէն առաջինն էր, որ երկինք գնաց (Ա. Կոր. 15։20. Գործք 26։23. կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։18, 22

«ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ»

13. Պօղոս ի՞նչ բաղդատութիւն ըրաւ Ադամի եւ Յիսուսի միջեւ։

13 Ինչպէ՞ս կարելի էր, որ մէկ մարդու մահը, միլիոնաւորներու կեանք տար։ Պօղոս այդ հարցումին տրամաբանական պատասխան մը կու տայ։ Ան կը բացատրէ, թէ Ադամ մարդկութեան վրայ ի՛նչ բերաւ, եւ թէ Քրիստոս ի՛նչ կարելի դարձուց։ Ադամի մասին Պօղոս գրեց. «Մարդով եղաւ մահը»։ Երբ Ադամ մեղք գործեց, մահը բերաւ իր վրայ եւ իր սերունդին վրայ։ Մինչեւ օրս իր անհնազանդութեան ահռելի հետեւանքները կը քաշենք։ Բայց քանի որ Աստուած իր Որդիին յարութիւն տուաւ, կրնանք լաւ ապագայ մը ունենալ։ «Մարդով ալ [Յիսուս] մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ»։ Պօղոս տրամաբանեց. «Ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կոր. 15։21, 22

14. Ադամ յարութիւն պիտի առնէ՞. բացատրէ։

14 Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ «Ադամով ամէնքը կը մեռնին»։ Ան ի մտի ունէր Ադամէն սերած բոլոր մարդիկը, որոնք մեղքն ու անկատարութիւնը ժառանգեցին Ադամէն, եւ հետեւաբար կը մեռնին (Հռով. 5։12)։ Ադամ անոնցմէ չէ, որոնք «կենդանի պիտի ըլլան»։ Ան Քրիստոսի փրկանքէն չ’օգտուիր, քանի որ կատարեալ մարդ մըն էր, որ կամաւ անհնազանդ գտնուեցաւ Աստուծոյ։ Ադամ ստացաւ այն նոյն վճիռը, որ պիտի ստանան անոնք, որոնք «Որդին մարդոյ» պիտի դատէ որպէս «այծեր», այսինքն «յաւիտենական մահը» (Մատ. 25։31-33, 46, ՆԱ. Եբ. 5։9

Յիսուս առաջինն էր որ յարութիւն առաւ, երկինքի մէջ ապրելու համար (տե՛ս պարբերութիւն 15-16) *

15. Որո՞նք պարփակուած են այն «ամէնք»ին մէջ, որոնք «կենդանի պիտի ըլլան»։

15 Նկատէ թէ Պօղոս ըսաւ, որ «Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կոր. 15։22)։ Պօղոսի նամակը ուղղուած էր Կորնթոսի մէջ ապրող օծեալ քրիստոնեաներուն, որոնք յարութիւն առնելով երկինք պիտի երթային։ Այդ քրիստոնեաները ‘Քրիստոս Յիսուսով սրբուած էին, սուրբեր ըլլալու կանչուած’։ Ան նաեւ նշեց «Քրիստոսով ննջողներ»ը (Ա. Կոր. 1։2. 15։18. Բ. Կոր. 5։17)։ Ուրիշ ներշնչեալ նամակի մը մէջ Պօղոս գրեց, թէ անոնք որոնք Յիսուսի հետ միացած են իր ‘մահուան նմանութիւնով’, իրեն հետ ալ միացած պիտի ըլլան ‘իր յարութեան նմանութիւնով’ (Հռով. 6։3-5)։ Յիսուս յարութիւն առաւ որպէս հոգեղէն արարած եւ երկինք գնաց։ Ուստի, Քրիստոսի օծեալ աշակերտներն ալ նոյն կերպով պիտի յարուցանուին։

16. Յիսուսը «առաջին պտուղը» կոչելով, Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց։

16 Պօղոս գրեց, որ Քրիստոս յարութիւն առաւ որպէս «ննջեցեալներուն առաջին պտուղը»։ Ճիշդ է որ ուրիշներ, ինչպէս Ղազարոս, յարութիւն առին երկրի վրայ, բայց Յիսուս առաջինն էր, որ յարութիւն առաւ որպէս հոգեղէն արարած եւ յաւիտենական կեանք ստացաւ։ Զինք կարելի էր նմանցնել հունձքի առաջին պտուղին, որ իսրայէլացիները Աստուծոյ կը մատուցանէին։ Ասկէ զատ, Յիսուսը «առաջին պտուղը» կոչելով, Պօղոս ըսել ուզեց, որ իրմէ ետք ուրիշներ ալ յարութիւն պիտի առնէին երկինքի մէջ ապրելու համար։ Որոշուած ժամանակին, առաքեալները եւ ուրիշ օծեալ աշակերտներ Յիսուսի յարութեան պէս յարութիւն պիտի ունենային։

17. Քրիստոսի օծեալ աշակերտները ե՞րբ պիտի ստանային իրենց երկնային վարձատրութիւնը։

17 Պօղոս Կորնթոսի քրիստոնեաներուն գրած ատեն, Քրիստոսի օծեալ աշակերտները տակաւին չէին սկսած երկնային յարութիւն առնել։ Պօղոս ապագայ ժամանակի մը ակնարկեց, ըսելով. «Ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու ատենը [«ներկայութեան ընթացքին», ՆԱ]» (Ա. Կոր. 15։23. Ա. Թես. 4։14, 15)։ Ներկայիս կ’ապրինք Քրիստոսի մարգարէացուած «ներկայութեան» ընթացքին։ Առաքեալները եւ ուրիշ օծեալ քրիստոնեաներ երբ մեռնէին, պէտք էր այդ ներկայութեան սպասէին, որպէսզի իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանային եւ ‘Յիսուսի հետ միանային իր յարութեան նմանութիւնով’։

ՔՈՒ ՅՈՅՍԴ ՍՏՈՅԳ Է

18. ա) Ինչո՞ւ կրնանք եզրակացնել, որ երկնային յարութեան պիտի յաջորդէ ուրիշ յարութիւն մը։ բ) Ինչպէս որ Ա. Կորնթացիս 15։24-26–ը ցոյց կու տայ, երկինքի մէջ ի՞նչ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան։

18 Բայց ի՞նչ պիտի պատահի բոլոր այն հաւատարիմ քրիստոնեաներուն, որոնք Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ ապրելու յոյսը չունին։ Իրենք ալ յարութեան յոյսը ունին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Պօղոս եւ ուրիշներ, որոնք երկինք կ’երթան, «մեռելներուն [«կանուխ», ՆԱ] յարութեանը» կ’արժանանան (Փլպ. 3։11)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ուրիշ յարութիւն մըն ալ անոր պիտի յաջորդէ, ինչ որ ներդաշնակ է Յոբի ըսածին հետ իր ապագային մասին (Յոբ 14։15)։ «Քրիստոսինները՝ իր ներկայութեան ընթացքին» երկինքի մէջ իրեն հետ պիտի ըլլան, երբ ան խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։ Նոյնիսկ ‘վերջին թշնամին՝ մահը’ պիտի խափանուի։ Անշուշտ, բոլոր երկնային յարութիւն առնողները բնա՛ւ պիտի չմեռնին։ Իսկ ի՞նչ ըսել ուրիշներուն մասին (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։24-26

19. Երկնային յոյս չունեցողները ի՞նչ բան կրնան ակնկալել։

19 Երկնային յոյս չունեցողները ի՞նչ բան կրնան ակնկալել։ Կրնան յոյս առնել Պօղոսի խօսքէն. «Յոյս ունիմ. . . թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Յստակ է որ մեղաւոր մը չի կրնար երկինք մտնել, ուստի այդ խօսքը կ’ակնարկէ ապագայ յարութեան երկրի վրայ։

Եթէ յարութեան կը հաւատանք, կրնանք ուրախ ապագայի մը յուսալ (տե՛ս պարբերութիւն 20) *

20. Յոյսդ ինչպէ՞ս զօրացաւ։

20 Անկասկա՛ծ, «յարութիւն պիտի ըլլայ»։ Երկրի վրայ ետ կեանքի եկողները, յաւիտեան ապրելու հեռանկարը պիտի ունենան։ Կրնա՛ս այդ խոստումին հաւատալ։ Այդ յոյսով կրնաս մխիթարուիլ, եթէ սիրելիներ կորսնցուցած ես։ Անոնք կրնան յարութիւն առնել այն ժամանակ, երբ Քրիստոս եւ ուրիշներ «հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտ. 20։6)։ Դուն ալ կրնաս վստահ ըլլալ, որ եթէ պատահի որ Հազարամեայ իշխանութիւնը սկսելէն առաջ կեանքդ կորսնցնես, յարութիւն պիտի առնես։ Այս «յոյսը ամօթով չի ձգեր» (Հռով. 5։5)։ Անիկա հիմա կրնայ քեզ զօրացնել եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ ուրախութիւնդ աւելցնել։ Բայց աւելին կրնանք սորվիլ Ա. Կորնթացիս 15–րդ գլուխէն, ինչպէս որ յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք։

ԵՐԳ 12 Խոստացուած յաւիտենական կեանքը

^ պարբ. 5 Ա. Կորնթացիս 15–րդ գլուխը կը կեդրոնանայ յարութեան վրայ։ Այդ ուսուցումը ինչո՞ւ կարեւոր է մեզի համար, եւ ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս յարութիւն առաւ։ Յօդուածը յարութեան մասին այս եւ ուրիշ կարեւոր հարցումներու պիտի պատասխանէ։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յիսուս առաջինն էր որ երկինք գնաց (Գործք 1։9)։ Իր աշակերտներէն ոմանք, որոնք իրեն պիտի միանային՝ Թովմաս, Յակոբոս, Լիդիա, Յովհաննէս, Մարիամ եւ Պօղոս։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը կորսնցուցած է իր սիրելի կինը, որուն հետ երկար տարիներ ծառայած է։ Ան վստահ է, որ իր կինը յարութիւն պիտի առնէ, եւ կը շարունակէ հաւատարմութեամբ Եհովային ծառայել։