Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նշանակումդ նախանձախնդրութեամբ կատարէ

Նշանակումդ նախանձախնդրութեամբ կատարէ

Ի՞ՆՉ կը զգաս, եթէ սիրելի մէկ բարեկամէդ քաջալերական նամակ մը ստանաս։ Քրիստոնեայ աշակերտ Տիմոթէոսը Պօղոս առաքեալէն այսպիսի նամակ մը ստացաւ, որ այժմ Աստուածաշունչին մէջ Բ. Տիմոթէոս գիրքն է։ Վստահաբար, Տիմոթէոս կը փափաքէր հանդարտ տեղ մը գտնել, որպէսզի իր սիրելի բարեկամին գրածը կարդար։ Թերեւս Տիմոթէոս մտածեց. ‘Պօղոսը ինչպէ՞ս է։ Նշանակումներուս նկատմամբ որեւէ օգտակար խրատ ունի՞ ինծի։ Այս նամակը կրնա՞յ ինծի օգնել, որ ծառայութեանս մէջ աւելի ատակ ըլլամ եւ ուրիշներուն օգնեմ’։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, Տիմոթէոս այս թանկագին նամակին մէջ իր հարցումներուն պատասխանները գտաւ, եւ շա՜տ աւելին։ Այժմ քննարկենք կարգ մը օգտակար խրատներ, որոնք այս նամակին մէջ կը գտնուին։

«ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ԿԸ ՀԱՄԲԵՐԵՄ»

Երբ Տիմոթէոս սկսաւ նամակին առաջին խօսքերը կարդալ, կրնար անմիջապէս զգալ Պօղոսի անկեղծ հետաքրքրութիւնը իրեն հանդէպ։ Պօղոս ջերմօրէն զինք կը կոչէ՝ ‘իմ սիրելի որդիս’ (Բ. Տիմ. 1։2)։ Թէեւ Տիմոթէոս այս նամակը ստացած ատեն շուրջ Ք.Ե. 65–ին, հաւանաբար 30–ական տարիքի էր, բայց արդէն փորձառու երէց մըն էր։ Աւելի քան տասը տարի Պօղոսի հետ ծառայած էր եւ շա՜տ բաներ սորված էր։

Տիմոթէոս շատ քաջալերուած ըլլալու էր տեսնելով, որ Պօղոս հաւատարմօրէն նեղութիւններու կը տոկար։ Հռոմի մէջ Պօղոս բանտարկուած էր ու մահուան կը սպասէր (Բ. Տիմ. 1։15, 16. 4։6-8)։ Տիմոթէոս կրնար տեսնել առաքեալին քաջ կեցուածքը. «Ամէն բանի կը համբերեմ» (Բ. Տիմ. 2։8-13)։ Ինչպէս որ Տիմոթէոս զօրացաւ տեսնելով Պօղոսի տոկալը, նոյնպէս մենք կը զօրանանք։

‘ԿՐԱԿԻ ՊԷՍ ՎԱՌ ՊԱՀԷ ՊԱՐԳԵՒԸ’

Պօղոս Տիմոթէոսը քաջալերեց, որ իր նշանակումը շա՜տ արժէքաւոր նկատէ։ Ան կ’ուզէր որ Տիմոթէոս ‘կրակի պէս վառ պահէր Աստուծոյ պարգեւը’, որ իր մէջ էր (Բ. Տիմ. 1։6, ՆԱ)։ Պօղոս գործածեց խարի·սմա բառը, որ «պարգեւ» թարգմանուած է։ Այդ յունարէն բառը հիմնականօրէն կ’ակնարկէ ձրիաբար տրուած պարգեւի մը, որուն արժանանալու համար անհատը բան մը չէ ըրած։ Տիմոթէոս այս պարգեւը ստացաւ, երբ ընտրուեցաւ ժողովքին յատուկ կերպով ծառայելու (Ա. Տիմ. 4։14

Տիմոթէոս այս պարգեւը ինչպէ՞ս պիտի գործածէր։ «Կրակի պէս վառ պահես» արտայայտութիւնը կարդացած ատեն, ան թերեւս մտածեց տան մէջ եղող օճախի մասին, որուն կրակը ատեններ կը դառնար կարմրած ածուխներ։ Այդ ածուխները պէտք էր խառնուէին, որպէսզի բոցավառուէին եւ աւելի տաքութիւն արտադրէին։ Բառարան մը կ’ըսէ, որ Պօղոսի գործածած ա·նա·զո·փի·րէօ բայը կը նշանակէ՝ «նորէն վառել, նորոգել, բոցավառելու համար հովել», այսինքն՝ գործի մը նկատմամբ ոգեւորուիլ ու խանդավառուիլ։ Ուրիշ խօսքով, Պօղոս Տիմոթէոսը կը խրատէր. ‘Նշանակումդ նախանձախնդրութեամբ կատարէ’։ Ներկայիս, մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք. մեր ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլանք։

«ԲԱՐԻ ԱՒԱՆԴԸ ՊԱՀԷ»

Իր սիրելի բարեկամին նամակը կարդալու ատեն, Տիմոթէոս ուրիշ արտայայտութեան մը հանդիպեցաւ, որ իրեն պիտի օգնէր իր ծառայութիւնը յաջողութեամբ կատարելու։ Պօղոս գրեց. «Այն բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է» (Բ. Տիմ. 1։14)։ Ի՞նչ էր այդ աւանդը։ Տիմոթէոսին ի՞նչ վստահուած էր։ Նախորդ համարին մէջ, Պօղոս ակնարկեց «ողջամիտ խօսքերուն», այսինքն՝ Սուրբ Գրութիւններու մէջ գտնուող ճշմարտութեան (Բ. Տիմ. 1։13)։ Քրիստոնեայ ծառայ ըլլալով, Տիմոթէոս պէտք էր ճշմարտութիւնը սորվեցնէր թէ՛ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ թէ թաղամասի մարդոց (Բ. Տիմ. 4։1-5)։ Ասկէ զատ, Տիմոթէոս երէց նշանակուած էր Աստուծոյ հօտը հովուելու համար (Ա. Պետ. 5։2)։ Ան կրնար պահել իրեն տրուած բարի աւանդը, այսինքն՝ այն ճշմարտութիւնը, որ ուրիշներուն պիտի սորվեցնէր, եթէ ապաւինէր Եհովայի սուրբ հոգիին եւ Խօսքին (Բ. Տիմ. 3։14-17

Ներկայիս մեզի ալ վստահուած է ճշմարտութիւնը, որ ուրիշներուն կը սորվեցնենք (Մատ. 28։19, 20)։ Որպէսզի չմոռնանք մեր սորվեցուցած ճշմարտութեան արժէքը, պէտք է շարունակ աղօթենք եւ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտենք (Հռով. 12։11, 12. Ա. Տիմ. 4։13, 15, 16)։ Եթէ յաւելեալ նշանակում մը ունինք,– երէց ենք կամ լիաժամ ծառայութեան մէջ ենք,– պէտք է խոնարհ ըլլանք ու Աստուծոյ օգնութեան ապաւինինք մեր նշանակումը կատարելու համար։ Այդպէս ընելով, ցոյց պիտի տանք, որ իրապէս կ’արժեւորենք Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած աւանդը։

‘ԱՅՆ ԲԱՆԵՐԸ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄԱՐԴՈՑ ՅԱՆՁՆԷ’

Տիմոթէոսի նշանակումը կը պարփակէր ուրիշները մարզել ընելու այն գործը, որ ինք կ’ընէր։ Անոր համար, Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց. «Այն բաները որոնք ինձմէ լսեցիր. . . հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել» (Բ. Տիմ. 2։2)։ Այսպէս, Պօղոս Տիմոթէոսին յիշեցուց, որ իր սորված բոլոր բաները պէտք էր ուրիշներուն սորվեցնէր։ Ներկայիս, կարեւոր է որ ժողովքին մէջ իւրաքանչիւր տեսուչ ջանայ նոյն բանը ընել։ Լաւ տեսուչը նշանակումի մը նկատմամբ իր գիտցածը նախանձաբար իրեն չի պահեր, հապա ուրիշներուն կը սորվեցնէ, որպէսզի կարենան այդ գործը ընել։ Ան չի վախնար որ ուրիշներ իրմէ աւելի աչքի զարնեն, աւելին գիտնալով կամ գործը աւելի լաւ ընելով։ Ուստի, տեսուչը նշանակումի մը մէջ միայն հիմնական ընելիքները չի սորվեցներ։ Ան կ’ուզէ մարզուող անհատներուն օգնել, որ լաւ դատողութիւն եւ խորատեսութիւն զարգացնեն, այսինքն՝ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Այդպիսով, իր կողմէ մարզուած ‘հաւատարիմ մարդիկը’, ժողովքին ա՛լ աւելի օգտակար պիտի դառնան։

Անկասկած, Տիմոթէոս շատ արժեւորեց այս ջերմ նամակը, որ Պօղոսէն ստացաւ։ Դիւրաւ կրնանք երեւակայել, որ ան նամակը կրկին անգամ կարդաց եւ մտածեց, թէ ինչպէ՛ս կրնայ տրուած խրատները լաւագոյն կերպով գործադրել իր նշանակումներուն մէջ։

Մենք ալ կ’ուզենք նամակին մէջ տրուած խրատները գործադրել։ Ինչպէ՞ս։ Կրնանք ջանք թափել, որ կրակի պէս վառ պահենք մեր պարգեւը, մեզի վստահուած աւանդը պահենք, եւ մեր ամէն գիտցածը ուրիշներուն սորվեցնենք։ Այդպիսով, կրնանք ‘մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել’, ինչպէս որ Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ (Բ. Տիմ. 4։5, ՆԱ