Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 7

Գլխաւորութիւնը ժողովքին մէջ

Գլխաւորութիւնը ժողովքին մէջ

«Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է» (ԵՓ. 5։23

ԵՐԳ 86 Հաւատարիմ կիներ, քրիստոնեայ քոյրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Պատճառներէն մէկը ի՞նչ է, որ Եհովայի ընտանիքը միացած է։

ՇԱ՜Տ ուրախ ենք, որ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասն ենք։ Անիկա ինչո՞ւ այդքան խաղաղ ու միացած է։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ իւրաքանչիւրս մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ Եհովայի հաստատած գլխաւորութեան կարգադրութիւնը յարգենք։ Եւ իրականութեան մէջ, ո՛րքան աւելի լաւ հասկնանք գլխաւորութեան կարգադրութիւնը, ա՛յդքան աւելի միացած պիտի ըլլանք։

2. Այս յօդուածին մէջ, ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

2 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք գլխաւորութեան կարգադրութիւնը ժողովքին մէջ։ Պիտի պատասխանենք կարգ մը հարցումներու, ինչպէս՝ քոյրերը ի՞նչ դեր ունին։ Ճի՞շդ է ըսել թէ ամէն եղբայր ամէն քրոջ գլուխն է։ Արդեօք երէցը եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ ունի՞ այն նոյն հեղինակութիւնը, որ ընտանիքի գլուխը ունի իր կնոջ ու զաւակներուն վրայ։ Նա՛խ քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է քոյրերը նկատենք։

ՔՈՅՐԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՆԿԱՏԵՆՔ

3. Ինչպէ՞ս կրնանք քոյրերուն ըրածին հանդէպ մեր գնահատանքը աւելցնել։

3 Մենք կը գնահատենք մեր քոյրերը, որոնք ծանր կ’աշխատին իրենց ընտանիքներուն հոգ տանելու, բարի լուրը քարոզելու եւ ժողովքին թիկունք կանգնելու համար։ Կրնանք մեր գնահատանքը աւելցնել, անոնց հետ Եհովայի եւ Յիսուսի վարուած կերպին շուրջ խոկալով։ Նաեւ պիտի օգտուինք նկատի առնելով այն կերպը, որով Պօղոս առաքեալ կիներուն հետ վարուեցաւ։

4. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ Եհովան կիները եւ տղամարդիկը հաւասարապէս կ’արժեւորէ։

4 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Եհովան կիները նո՛յնչափ կ’արժեւորէ, ո՛րչափ տղամարդիկը։ Օրինակ, կը յայտնէ որ առաջին դարուն, Եհովան սուրբ հոգին տուաւ թէ՛ կիներուն եւ թէ տղամարդոց, ու անոնց տուաւ հրաշալի գործեր ընելու կարողութիւնը, ինչպէս՝ տարբեր լեզուներով խօսիլ (Գործք 2։1-4, 15-18)։ Երկու խումբերէն անհատներ սուրբ հոգիով օծուած են, Քրիստոսին հետ իշխելու հեռանկարով (Գաղ. 3։26-29)։ Թէ՛ կիներ եւ թէ տղամարդիկ պիտի վարձատրուին յաւիտենական կեանքով՝ երկրի վրայ (Յայտ. 7։9, 10, 13-15)։ Եւ երկու խումբերն ալ նշանակուած են բարի լուրը քարոզելու եւ սորվեցնելու (Մատ. 28։19, 20)։ Գործք գիրքը կը խօսի Պրիսկիղա անունով քրոջ մը մասին, որ իր ամուսինին՝ Ակիւղասին հետ, ճշմարտութիւնը աւելի ճշգրիտ կերպով բացատրեց Ապօղոս անունով ուսեալ տղամարդու մը (Գործք 18։24-26

5. Ղուկաս 10։38, 39, 42–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ Յիսուս կիները կը յարգէր։

5 Յիսուս կիները պատուեց։ Ան չհետեւեցաւ փարիսեցիներուն սովորութեան, որոնք կիները ցած աչքով կը դիտէին եւ նոյնիսկ հանրութեան մէջ անոնց հետ չէին խօսեր, ուր մնաց որ անոնց հետ Սուրբ Գրութիւնները քննարկէին։ Փոխարէնը, ան կիները պարփակեց իր աշակերտներուն հետ ունեցած խոր հոգեւոր քննարկութիւններուն մէջ (կարդա՛ Ղուկաս 10։38, 39, 42) *։ Ան նաեւ թոյլ տուաւ որ կիներ իրեն ընկերակցէին իր քարոզչական շրջագայութիւններուն ատեն (Ղուկ. 8։1-3)։ Եւ Յիսուս կիներուն տուաւ այն առանձնաշնորհումը, որ իր առաքեալներուն պատմեն թէ ինք յարութիւն առաւ (Յովհ. 20։16-18

6. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ կիները կը յարգէր։

6 Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ որ կիները կը յարգէր։ Օրինակ, ան Տիմոթէոսին յատկապէս յիշեցուց որ կիները պատուէ։ Անոր ըսաւ, որ վարուի ‘պառաւներուն հետ՝ մայրերու պէս’ եւ ‘դեռահասակ կիներուն հետ՝ քոյրերու պէս’ (Ա. Տիմ. 5։1, 2)։ Պօղոս շատ բան ըրաւ որ Տիմոթէոս հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեայ դառնայ, բայց ընդունեց որ սկիզբը անոր մայրն ու մեծ մայրը իրեն Սուրբ Գրութիւնները սորվեցուցին (Բ. Տիմ. 1։5. 3։14, 15)։ Պօղոս մասնաւորաբար բարեւներ ղրկեց քոյրերու, անոնց անունները նշելով հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ։ Ան ոչ միայն նկատեց քոյրերուն ըրած գործը, հապա՝ իրենց հանդէպ իր գնահատանքը արտայայտեց որպէս քրիստոնեայ ծառաներ (Հռով. 16։1-4, 6, 12. Փլպ. 4։3

7. Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

7 Նախորդ պարբերութիւնները ցոյց տուին, որ սուրբգրային հիմ չկայ քոյրերը եղբայրներէն աւելի ցած սեպելու։ Իրապէս, մեր սիրալիր ու առատաձեռն քոյրերը թանկարժէք են եւ երէցները կը գնահատեն անոնց օգնութիւնը, որ ժողովքին խաղաղութիւնն ու միութիւնը պահպանուի։ Բայց կարգ մը հարցումներ պէտք է պատասխանուին։ Օրինակ, ինչո՞ւ Եհովան կը պահանջէ որ քոյրերը որոշ պարագաներու մէջ գլուխի ծածկոց դնեն։ Որովհետեւ միայն եղբայրներ կը նշանակուին երէցներ ու օգնական ծառաներ, ասիկա կը նշանակէ՞ որ ամէն եղբայր ամէն քրոջ գլուխն է։

ԱՄԷՆ ԵՂԲԱՅՐ ԱՄԷՆ ՔՐՈՋ ԳԼՈ՞ՒԽՆ Է

8. Ըստ Եփեսացիս 5։23–ի, արդեօք ամէն եղբայր ամէն քրոջ գլո՞ւխն է. բացատրէ։

8 Մէկ խօսքով՝ «ո՛չ»։ Եղբայր մը ժողովքին մէջ բոլոր քոյրերուն գլուխը չէ, հապա Քրիստոսն է գլուխը (կարդա՛ Եփեսացիս 5։23)։ Ընտանիքին մէջ կնոջ գլուխը ամուսինն է։ Մկրտուած տղան իր մօր գլուխը չի սեպուիր (Եփ. 6։1, 2)։ Իսկ ժողովքին մէջ, երէցները միայն սահմանափակ հեղինակութիւն ունին քոյրերուն եւ եղբայրներուն վրայ (Ա. Թես. 5։12. Եբ. 13։17)։ Ամուրի կիները, որոնք այլեւս իրենց հօր ու մօր հետ չեն ապրիր, կը շարունակեն իրենց ծնողներն ու երէցները յարգել։ Սակայն ժողովքի եղբայրներուն պէս, ունին միայն մէկ գլուխ՝ Յիսուսը։

Ամուրիները, որոնք այլեւս իրենց ծնողներուն հետ չեն ապրիր, Յիսուսին գլխաւորութեան տակ են (տե՛ս պարբ. 8)

9. Ատեններ ինչո՞ւ քոյրերը պէտք է իրենց գլուխը ծածկեն։

9 Գիտենք որ Եհովան տղամարդի՛կը նշանակած է ժողովքին մէջ սորվեցնելու եւ պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւն առնելու, եւ այդ հեղինակութիւնը կիներուն չէ տուած (Ա. Տիմ. 2։12)։ Ինչո՞ւ։ Այն նոյն պատճառով, որ Յիսուսը նշանակած է որպէս տղամարդուն գլուխը՝ ընտանիքին մէջ կարգուկանոն պահելու համար։ Եթէ պարագաներուն բերմամբ, քոյր մը պէտք է կատարէ դեր մը, որ սովորաբար եղբայր մը կը կատարէ, Եհովան կ’ուզէ որ ան գլուխը ծածկէ (Ա. Կոր. 11։4-7) *։ Եհովան այս մէկը կը խնդրէ ոչ թէ քոյրերը նուաստացնելու համար, հապա իրենց առիթ կու տայ որ իր հաստատած գլխաւորութեան սկզբունքին հանդէպ յարգանք ցոյց տան։ Այս իրողութիւնները ի մտի ունենալով, պատասխանենք այս հարցումին. ընտանիքներուն գլուխները եւ երէցները որչա՞փ հեղինակութիւն ունին։

ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ ԴԵՐԸ

10. Ատեններ երէց մը ինչո՞ւ թերեւս ուզէ ժողովքին համար կանոններ դնել։

10 Երէցները Քրիստոսը կը սիրեն, եւ Եհովայի ու Յիսուսի կողմէ իրենց վստահուած «ոչխարներ»ը նոյնպէս կը սիրեն (Յովհ. 21։15-17)։ Լաւ միտումով, երէց մը կրնայ զգալ, թէ ժողովքին մէջ եղողներուն համար հօր մը պէս է։ Կրնայ խորհիլ թէ եթէ ընտանիքի գլուխը իրաւունք ունի իր ընտանիքը պաշտպանելու համար կանոններ դնելու, երէցը կրնայ կանոններ դնել, որոնք իր կարծիքով Աստուծոյ ոչխարները պիտի պաշտպանեն։ Իսկ կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր թերեւս երէցը քաջալերեն որ իրենց հոգեւոր գլուխը ըլլայ, խնդրելով որ իրենց տեղը որոշումներ առնէ։ Բայց արդեօք երէցները եւ ընտանիքներու գլուխները նո՞յն հեղինակութիւնը ունին։

Երէցները ժողովքին հոգեւոր եւ զգացական պէտքերը կը հոգան։ Եհովան անոնց տուած է ժողովքը հոգեւորապէս մաքուր պահելու պատասխանատուութիւնը (տե՛ս պարբ. 11-12)

11. Ընտանիքի գլուխին եւ երէցին դերերուն միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։

11 Պօղոս առաքեալ նշեց որ ընտանիքի գլուխին եւ երէցին դերերուն միջեւ կարգ մը նմանութիւններ կան (Ա. Տիմ. 3։4, 5)։ Օրինակ, Եհովան կ’ուզէ որ ընտանիքի անդամները ընտանիքի գլուխին հնազանդին (Կող. 3։20)։ Եւ կ’ուզէ որ ժողովքին մէջ եղողները երէցներուն հնազանդին։ Ան կ’ակնկալէ որ թէ՛ ընտանիքներու գլուխները եւ թէ երէցները վստահ ըլլան, որ իրենց հոգատարութեան տակ եղողները հոգեւորապէս առողջ են։ Երկուքն ալ իրենց հեղինակութեան ներքեւ եղողներուն զգացական պէտքերը կը հոգան։ Եւ ընտանիքի լաւ գլուխին պէս, երէցները վստահ կ’ըլլան, որ իրենց հոգատարութեան տակ եղողները նեղութեան ատեն օգնութիւն կը ստանան (Յակ. 2։15-17)։ Առաւել, Եհովան կ’ակնկալէ որ երէցները եւ ընտանիքներու գլուխները ուրիշներուն օգնեն, որ իր չափանիշներուն հետեւին։ Ան նաեւ զիրենք կը զգուշացնէ, որ Աստուածաշունչին մէջ ‘գրուածէն աւելի բան մը չմտածեն’ (Ա. Կոր. 4։6

Ընտանիքի գլուխը Եհովայի կողմէ հեղինակութիւն ունի, որ իր ընտանիքին մէջ առաջնորդութիւն առնէ։ Որոշումներ տալէ առաջ, ընտանիքի սիրալիր գլուխը իր կնոջ կարծիքը կ’առնէ (տե՛ս պարբ. 13)

12-13. Ըստ Հռովմայեցիս 7։2–ի, ընտանիքի գլուխին դերը ինչպէ՞ս տարբեր է երէցին դերէն։

12 Սակայն կան կարեւոր տարբերութիւններ երէցին դերին եւ ընտանիքի գլուխին դերին միջեւ։ Օրինակ, Եհովան երէցները նշանակած է որպէս դատաւորներ եւ անոնց պատասխանատուութիւն տուած է, որ անզեղջ մեղաւորները ժողովքէն վերցնեն (Ա. Կոր. 5։11-13

13 Միւս կողմէ, Եհովան ընտանիքներու գլուխներուն որոշ հեղինակութիւն տուած է, որ երէցներուն չէ տուած։ Ան ընտանիքի գլուխին հեղինակութիւն տուած է իր ընտանիքին համար կանոններ դնելու եւ զանոնք պարտադրելու (կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։2)։ Օրինակ, ընտանիքի գլուխը իրաւունք ունի որոշելու թէ իր զաւակները երեկոյեան ո՛ր ժամուն պէտք է տունը ըլլան (Եփ. 6։1)։ Ան նաեւ հեղինակութիւն ունի իր զաւակները պատժելու, եթէ այդ կանոնին չհնազանդին։ Անշուշտ, ընտանիքի սիրալիր գլուխը իր կնոջ հետ հարցը կը քննարկէ, տունին նկատմամբ կանոններ հաստատելէ առաջ. ի վերջոյ, երկուքը «մէկ մարմին» են (Մատ. 19։6) *։

ՅԱՐԳԷ ՔՐԻՍՏՈՍԸ ՈՐՊԷՍ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ԳԼՈՒԽԸ

Յիսուս Եհովայի գլխաւորութեան տակ, քրիստոնէական ժողովքին ուղղութիւններ կու տայ (տե՛ս պարբ. 14)

14. ա) Ի մտի ունենալով Մարկոս 10։45–ը, ինչո՞ւ տրամաբանական է որ Եհովան Յիսուսը նշանակած է որպէս ժողովքին գլուխը։ բ) Կառավարիչ մարմինին դերը ի՞նչ է (տե՛ս « Կառավարիչ մարմինին դերը» շրջանակը)։

14 Փրկանքին միջոցաւ, Եհովան ժողովքին մէջ եղող ամէն մէկ անհատին կեանքը գնեց (կարդա՛ Մարկոս 10։45. Գործք 20։28. Ա. Կոր. 15։21, 22)։ Ուստի տրամաբանական է որ որպէս ժողովքին գլուխը նշանակած է Յիսուսը, որ իր կեանքը տուաւ որպէս փրկանք։ Մեր գլուխը ըլլալով, Յիսուս հեղինակութիւն ունի որոշելու թէ իւրաքանչիւր անհատ, ընտանիքները եւ ամբողջ ժողովքը ինչպէ՛ս պէտք է վարուին։ Եւ ան իրաւունք ունի իր որոշած կանոնները պարտադրելու (Գաղ. 6։2)։ Բայց Յիսուս պարզապէս կանոններ չի դներ։ Ան իւրաքանչիւրս կը կերակրէ ու կը սիրէ (Եփ. 5։29

15-16. Ի՞նչ կը սորվիս Մարլիին եւ Պենճըմընին խօսքերէն։

15 Քոյրերը ցոյց կու տան որ Քրիստոսը կը յարգեն, հետեւելով իրենց հոգ տանելու համար անոր նշանակած տղամարդոց տուած ուղղութեան։ Մարլի անունով քոյր մը, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի, ըսաւ բան մը, որուն շատ մը քոյրեր պիտի համաձայնէին. «Իրապէս կ’արժեւորեմ իմ տեղս որպէս կին եւ որպէս ժողովքին մէջ քոյր մը։ Շարունակ պէտք է ճիշդ տեսակէտ մշակեմ Եհովայի հաստատած գլխաւորութեան կարգադրութեան հանդէպ։ Բայց ամուսինս եւ ժողովքին մէջ եղբայրները ատիկա կը դիւրացնեն ինծի համար, քանի որ զիս կը յարգեն եւ ինծի կ’ըսեն թէ ըրածներս կ’արժեւորեն»։

16 Իսկ եղբայրները ցոյց կու տան որ կը հասկնան գլխաւորութեան կարգադրութիւնը, երբ քոյրերը կը յարգեն եւ կը պատուեն։ Անգլիոյ մէջ ապրող Պենճըմըն անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Շա՜տ բան սորված եմ ժողովներուն ընթացքին քոյրերուն տուած պատասխաններէն եւ ինչպէ՛ս սերտելու ու ծառայութեան մէջ ազդու ըլլալու նկատմամբ անոնց տուած գործնական առաջարկներէն։ Անոնց ըրած գործը շա՜տ արժէքաւոր է»։

17. Ինչո՞ւ պէտք է գլխաւորութեան սկզբունքը յարգենք։

17 Երբ ժողովքին մէջ բոլորը,– տղամարդիկ, կիներ, ընտանիքներու գլուխներ եւ երէցներ,– կը հասկնան ու կը յարգեն գլխաւորութեան սկզբունքը, ժողովքին մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, մեր սիրառատ երկնաւոր Հօր՝ Եհովային, փառք կը բերենք (Սաղ. 150։6

ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

^ պարբ. 5 Քոյրերը ժողովքին մէջ ի՞նչ դեր ունին։ Արդեօք ամէն եղբայր ամէն քրոջ գլո՞ւխն է։ Արդեօք երէցը եւ ընտանիքի գլուխը նո՞յն հեղինակութիւնը ունին։ Այս յօդուածին մէջ, աստուածաշնչական օրինակներու հիման վրայ պիտի պատասխանենք այս հարցումներուն։

^ պարբ. 5 Տե՛ս Դիտարան–ի սեպտեմբեր 2020 թիւին մէջ, «Հոգեւոր քոյրերուդ թիկունք կանգնէ» յօդուածին 6–րդ պարբերութիւնը։

^ պարբ. 13 Քննարկելու համար թէ ո՛վ պէտք է որոշէ, թէ ընտանիքը ո՛ր ժողովքին մէջ պիտի ծառայէ, տե՛ս Դիտարան–ի օգոստոս 2020 թիւին մէջ, «Յարգէ ուրիշներուն տեղը Եհովայի ժողովքին մէջ» յօդուածին 17-19–րդ պարբերութիւնները։

^ պարբ. 64 Կառավարիչ մարմինին դերը մանրամասն կը քննարկուի Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւին մէջ, էջ 20-25։