Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 23

Եհովային հետ բնա՛ւ մինակ չես

Եհովային հետ բնա՛ւ մինակ չես

«Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն» (ՍԱՂ. 145։18

ԵՐԳ 106 Եհովա Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովայի ծառաները թերեւս ինչո՞ւ ատեններ միայնակ զգան։

ԳՐԵԹԷ բոլորս ատեն–ատեն միայնակ կը զգանք։ Ոմանց համար այդ զգացումը երկար չի տեւեր։ Բայց ուրիշներ թերեւս երկար ժամանակ միայնակ զգան։ Կրնանք միայնակ զգալ, նոյնիսկ եթէ մարդոցմով շրջապատուած ենք։ Ոմանց համար դժուար է նոր ժողովքի մը մէջ բարեկամներ ունենալ։ Ուրիշներ շատ կապուած են իրենց ընտանիքին, անոր համար անոնք առանձին կը զգան, երբ իրենց ընտանիքէն հեռու փոխադրուին։ Ոմանք ալ իրենց մահացած սիրելիին ընկերակցութիւնը կը կարօտնան։ Եւ կարգ մը քրիստոնեաներ, մանաւանդ ճշմարտութեան մէջ նորեկներ, առանձին կը զգան, երբ Եհովան չպաշտող ազգականներ եւ բարեկամներ զիրենք կը մերժեն կամ իրենց կը հակառակին։

2. Ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

2 Եհովան մեր անձին վերաբերեալ ամէն բան գիտէ ու կը հասկնայ։ Երբ մինակ զգանք, ան գիտէ եւ կ’ուզէ՛ մեզի օգնել, որ այդ զգացումը յաղթահարենք։ Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ։ Մենք ի՞նչ կրնանք ընել մեր անձին օգնելու համար։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք օգնել մեր ժողովքին մէջ եղող անհատներու, որոնք մինակ կը զգան։ Նկատի առնենք այս հարցումներուն պատասխանները։

ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց Եղիան վստահեցնելու որ առանձին չէ (տե՛ս պարբ. 3)

3. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ կը հոգար Եղիան։

3 Եհովան իր բոլոր ծառաներուն լաւութիւնը կ’ուզէ։ Ան ամէն մէկուս մօտ է, եւ կը նկատէ երբ տխուր կամ ընկճուած կը զգանք (Սաղ. 145։18, 19)։ Նկատի առ թէ Եհովան որքա՜ն ուշադիր էր իր Եղիա մարգարէին հանդէպ։ Այդ հաւատարիմ մարդը Իսրայէլի պատմութեան մէջ դժուար ժամանակներու ընթացքին կ’ապրէր։ Եհովան պաշտողները շատ խիստ հալածանք կը կրէին։ Աստուծոյ հակառակող զօրաւոր թշնամիները մասնաւոր նպատակ ունէին Եղիան մեռցնելու (Գ. Թագ. 19։1, 2)։ Թերեւս Եղիան կը նեղանար այն զգացումէն, որ իրմէ զատ Եհովային ծառայող ուրիշ մարգարէ չէր մնացած (Գ. Թագ. 19։10)։ Եհովան շուտով բան մը ըրաւ, որ Եղիային օգնէ։ Ան հրեշտակ մը ղրկեց իր մարգարէն վստահեցնելու, թէ մինակ չէր եւ թէ տակաւին կային շատ մը աստուածավախ իսրայէլացիներ (Գ. Թագ. 19։5, 18

4. Մարկոս 10։29, 30–ին մէջ ինչպէ՞ս կը տեսնենք որ Եհովան կը հոգայ անոնք, որոնք իրենց ընտանիքին եւ բարեկամներուն օգնութենէն կը զրկուին։

4 Եհովան կը հասկնայ, որ երբ կ’ընտրենք իրեն ծառայել, մեզմէ ոմանք պէտք է որ շատ մը զոհողութիւններ ընեն։ Թերեւս Եհովան չպաշտող մեր ընտանիքի անդամները եւ բարեկամները այլեւս մեզի չօգնեն։ Պետրոս առաքեալ, թերեւս մտահոգուած, Յիսուսին հարցուց. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 19։27)։ Յիսուս ջերմօրէն իր աշակերտները վստահեցուց, որ մեծ հոգեւոր ընտանիք մը պիտի ունենային (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30)։ Եւ Եհովան, որ մեր հոգեւոր ընտանիքին Գլուխն է, կը խոստանայ որ պիտի օգնէ անոնց, որոնք իրեն կը ծառայեն (Սաղ. 9։10)։ Նկատի առ կարգ մը գործնական բաներ, որ կրնաս ընել որպէսզի Եհովայի օգնութիւնը ստանաս, երբ մենակութեան զգացումին դէմ կը պայքարիս։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ ԵԹԷ ՄԻԱՅՆԱԿ ԿԸ ԶԳԱՍ

5. Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս կեդրոնանալով Եհովայի տուած օգնութեան վրայ։

5 Կեդրոնացիր Եհովայի տուած օգնութեան վրայ (Սաղ. 55։22)։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ տեսնես թէ մինակ չես։ Քարոլ * անունով ամուրի քոյր մը, որուն ընտանիքը ճշմարտութեան մէջ չէ, կ’ըսէ. «Երբ ետեւ կը նայիմ եւ կը խոկամ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս ինծի օգնած է դժուարութիւններու ատեն, կը զգամ թէ առանձին չեմ։ Եւ ասիկա ինծի վստահութիւն կու տայ, որ ապագային ալ Եհովան ինծի պիտի օգնէ»։

6. Ա. Պետրոս 5։9, 10–ը ինչպէ՞ս կրնայ քաջալերել անոնք, որոնք միայնակ կը զգան։

6 Մտածէ՛ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օգնէ այն հաւատակիցներուն, որոնք միայնակ կը զգան (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։9, 10Հիրոշի անունով եղբայր մը, որ տարիներէ ի վեր միակ Վկան է իր ընտանիքին մէջ, կ’ըսէ. «Ժողովքին մէջ դիւրին է տեսնել, թէ մէ՛կը չկայ որ կատարեալ պարագաներ ունի։ Գիտնալը որ բոլորս մեր լաւագոյնը կ’ընենք Եհովային ծառայելու համար, կը քաջալերէ մեզմէ անոնք, որոնք միակ Վկան են իրենց ընտանիքին մէջ»։

7. Աղօթելը ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնէ։

7 Հոգեւոր լաւ ռութին ունեցիր։ Ասիկա կը պարփակէ՝ Եհովային անկեղծօրէն ըսել թէ ի՛նչ կը զգաս (Ա. Պետ. 5։7)։ Մասսիէլ անունով երիտասարդ քոյր մը կ’ըսէ. «Ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկը, որ ինծի օգնած է որ մենակութեանս հետ գլուխ ելլեմ, ջերմեռանդօրէն աղօթելն էր»։ Ան իր ընտանիքէն բաժնուած զգաց, երբ ճշմարտութեան կողմը դիրք բռնեց։ «Եհովան իսկական Հայր էր ինծի եւ ամէն օր իրեն կ’աղօթէի, օրը քանի մը անգամ, եւ իրեն կը պատմէի թէ ի՛նչ կը զգայի»։

Մեր կայքէն ձայնագրութիւններ մտիկ ընելը թերեւս առանձին ապրողներուն օգնէ, որ միայնակ չզգան (տե՛ս պարբ. 8) *

8. Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս Աստուծոյ Խօսքը կարդալով եւ անոր մասին խոկալով։

8 Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդա՛, խոկալով այն դէպքերուն վրայ, որոնք ցոյց կու տան քեզի հանդէպ Աստուծոյ սէրը։ Պիանքա անունով քոյր մը, որուն ընտանիքը իրենց խօսքերով զինք կը վիրաւորեն, կը բացատրէ. «Շա՜տ կ’օգտուիմ, երբ կը կարդամ Եհովայի անցեալի եւ ներկայի ծառաներուն մասին, որոնք ինծի պէս պարագաներ ունեցած են»։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք գոց կը սորվին մխիթարական համարներ, ինչպէս՝ Սաղմոս 27։10 եւ Եսայի 41։10։ Ուրիշներ ժողովները պատրաստելու կամ Սուրբ Գիրքը կարդալու ատեն, ատոնց ձայնագրութիւնները մտիկ կ’ընեն, եւ ասիկա իրենց կ’օգնէ որ շատ մինակ չզգան։

9. Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս ժողովներուն ներկայ ըլլալով։

9 Ջանք ըրէ որ կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլաս։ Թէ՛ պիտի օգտուիս ու քաջալերուիս յայտագրէն եւ թէ պիտի կարենաս եղբայրներդ ու քոյրերդ աւելի լաւ ճանչնալ (Եբ. 10։24, 25)։ Նախապէս նշուած Մասսիէլը կ’ըսէ. «Թէեւ շատ ամչկոտ էի, որոշեցի ամէն մէկ ժողովին ներկայ ըլլալ ու պատասխան մը տալ։ Ասիկա ինծի օգնեց որ զգամ, թէ ժողովքին մէկ մասն եմ»։

10. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ հաւատարիմ քրիստոնեաներու հետ բարեկամութիւններ հաստատենք։

10 Հաւատարիմ քրիստոնեաներու հետ բարեկամութիւններ հաստատէ։ Ժողովքին մէջ փնտռէ բարեկամներ, որոնցմէ կրնաս սորվիլ, նոյնիսկ եթէ նոյն տարիքի չէք կամ տարբեր ենթահողերէ եկած էք։ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ, որ իմաստութիւնը «ծերերուն քովն է» (Յոբ 12։12)։ Տարիքով աւելի մեծ անհատներն ալ շատ բան կրնան սորվիլ հաւատարիմ երիտասարդներէն։ Օրինակ, Դաւիթ Յովնաթանէն շատ աւելի երիտասարդ էր, բայց ասիկա արգելք չեղաւ իրենց մտերիմ բարեկամութեան (Ա. Թագ. 18։1)։ Դաւիթ եւ Յովնաթան իրարու օգնեցին, որ Եհովային ծառայեն դժուար պարագաներու ներքեւ (Ա. Թագ. 23։16-18)։ Իրինա անունով քոյր մը, որ ներկայիս իր ընտանիքին մէջ միակ Վկան է, կ’ըսէ. «Մեր եղբայրներն ու քոյրերը կրնան իրապէս դառնալ մեր հոգեւոր ծնողները կամ հարազատները։ Եհովան կրնայ զանոնք գործածել, որ մեր զգացական պէտքերը գոցէ»։

11. Ի՞նչ պէտք է ընես, որպէսզի զօրաւոր բարեկամութիւններ հաստատես։

11 Նոր բարեկամութիւններ հաստատելը կրնայ դիւրին չըլլալ, մանաւանդ եթէ ամչկոտ ես։ Ռաթնա անունով ամչկոտ քոյր մը, որ ճշմարտութիւնը գիտցաւ հակառակութեան ներքեւ, կ’ըսէ. «Պէտք էր ընդունէի, որ հոգեւոր ընտանիքիս օգնութեան եւ աջակցութեան պէտք ունէի»։ Զգացումներդ ուրիշի մը պատմելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Բայց այս բաց հաղորդակցութիւնը մտերիմ բարեկամութեան հիմն է։ Բարեկամներդ կ’ուզեն քեզ քաջալերել եւ քեզի օգնել, բայց պէտք ունին որ իրենց գիտցնես, թէ ինչպէ՛ս կրնան ատիկա ընել։

12. Ծառայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել, որ լաւ բարեկամներ ունենաս։

12 Բարեկամներ ունենալու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ հաւատակիցներու հետ ծառայութեան ելլել։ Նախապէս նշուած Քարոլը կ’ըսէ. «Շատ մը լաւ բարեկամներ ունեցած եմ՝ քոյրերու հետ ժամանակ անցընելով ծառայութեան մէջ եւ ուրիշ աստուածպետական գործունէութիւններու մէջ։ Տարիներու ընթացքին, Եհովան ինծի աջակցած է այս բարեկամներուն միջոցաւ»։ Իրապէս կ’արժէ ամէն ջանք թափել հաւատարիմ քրիստոնեաներու հետ բարեկամութիւններ հաստատելու համար։ Եհովան կրնայ այսպիսի բարեկամութիւններ գործածել, որպէսզի քեզի օգնէ պայքարելու ճնշող զգացումներու դէմ, ինչպէս՝ մենակութիւնը (Առ. 17։17

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԶԳԱՑՈՒՐ ՈՐ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՊԷՍ ԵՆ

13. Ժողովքին մէջ բոլորը ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։

13 Ժողովքին մէջ բոլորը պատասխանատուութիւնը ունին ջերմ եւ խաղաղ մթնոլորտ ստեղծելու, որպէսզի չըլլայ թէ ոեւէ մէկը ամբողջովին միայնակ զգայ (Յովհ. 13։35)։ Ուրիշները կրնան շա՜տ քաջալերուիլ մեր ըսածներով ու ըրածներով։ Նկատի առ թէ քոյր մը ի՛նչ ըսաւ. «Երբ ճշմարտութիւնը գիտցայ, ժողովքը ընտանիքս եղաւ։ Առանց իրենց օգնութեան պիտի չկարենայի Եհովայի վկայ մը դառնալ»։ Ի՞նչ կրնաս ընել՝ օգնելու անոնց, որոնք ճշմարտութեան մէջ առանձին են, որպէսզի զգան թէ ժողովքին մէկ մասն են։

14. Ի՞նչ կրնաս ընել, որ նորեկներու հետ բարեկամանաս։

14 Դո՛ւն բարեկամութիւն առաջարկէ։ Կ’ուզենք ջերմօրէն ընդունիլ Աստուածաշունչի աշակերտները, որոնք կը սկսին ժողովներու գալ, եղբայրներն ու քոյրերը՝ որոնք մեր ժողովքին նոր փոխադրուած են, կամ՝ նոր մկրտուած անհատները (Հռով. 15։7)։ Բայց չբաւարարուինք միայն բարեւ մը տալով։ Կ’ուզենք ժամանակի ընթացքին զօրաւոր բարեկամութիւններ հաստատել։ Ուստի նորեկներով անկեղծօրէն հետաքրքրուէ եւ անոնց հետ ազնուութեամբ վարուէ։ Ջանք ըրէ որ հասկնաս թէ ինչերէ՛ կ’անցնին, առանց նեղ կացութեան մատնող հարցումներ հարցնելու։ Ոմանք թերեւս դժուարութիւն ունենան իրենց զգացումներուն մասին խօսելու, անոր համար ուշադիր եղիր որ զիրենք չստիպես որ խօսին։ Փոխարէնը, փափկանկատ եղիր եւ հարցուր այնպիսի հարցումներ, որոնք իրենց հանգիստ պիտի զգացնեն, եւ համբերութեամբ մտիկ ըրէ իրենց պատասխանները։ Օրինակ, կրնաս հարցնել թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը գիտցան։

15. Հասուն քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան ժողովքին մէջ ուրիշներուն օգնել։

15 Ժողովքին մէջ բոլորը հոգեւորապէս կ’աճին, երբ հասուն քրիստոնեաներ, մանաւանդ երէցներ, իրենցմով կը հետաքրքրուին։ Մէլիսան, որուն մայրը զինք ճշմարտութեան մէջ մեծցուց, կ’ըսէ. «Չեմ կրնար խօսքերով արտայայտել, թէ որքա՜ն կը գնահատեմ այն եղբայրները, որոնք տարիներու ընթացքին ինծի հոգեւոր հայրեր եղան։ Երբ խօսելու պէտք ունենամ, գիտեմ որո՛ւ պիտի երթամ»։ Մաուրիսիօ անունով պատանի եղբայր մը, որ լքուած զգաց երբ իր Աստուածաշունչի ուսուցիչը ճշմարտութիւնը ձգեց, կը պատմէ. «Երէցները ցոյց տուին որ զիս կը հոգան, եւ ատիկա ինծի շատ օգնեց։ Անոնք միշտ հետս կը խօսէին։ Ինծի հետ ծառայութեան կ’ելլէին, իրենց անձնական սերտողութենէն կէտեր կը բաժնէին եւ նոյնիսկ հետս մարզական խաղեր կը խաղային»։ Թէ՛ Մէլիսան եւ թէ Մաուրիսիոն այժմ լիաժամ ծառայութեան մէջ են։

Ժողովքիդ մէջ կա՞յ մէկը որ մանաւանդ պիտի գնահատէ ազնուութիւնդ եւ ընկերակցութիւնդ (տե՛ս պարբ. 16-19) *

16-17. Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնանք ուրիշներուն օգնել։

16 Գործնական կերպերով օգնէ (Գաղ. 6։10)։ Լիոն, որ որպէս միսիոնար կը ծառայէ իր ընտանիքէն շատ հեռու եղող երկրի մը մէջ, կ’ըսէ. «Շատ անգամ կը բաւէ որ մէկը ճիշդ ժամանակին քեզի համար պզտիկ ազնիւ բան մը ընէ։ Կը յիշեմ անգամ մը երբ ինքնաշարժի արկածի հանդիպեցայ։ Երբ վերջապէս տուն հասայ, իրար անցած էի։ Բայց զոյգ մը զիս իրենց տունը հրաւիրեց պատառ մը հաց ուտելու։ Կը յիշեմ ոչ թէ մեր կերածը, հապա թէ անոնք ազնուօրէն ինծի մտիկ ըրին։ Վերջաւորութեան, շա՜տ աւելի լաւ զգացի»։

17 Բոլորս կը սիրենք ներկայ ըլլալ աստուածպետական առիթներու, ինչպէս՝ համաժողովները։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ առիթը կ’ունենանք ուրիշներու հետ ժամանակ անցընելու, միասին խօսակցելով յայտագրին մասին։ Բայց նախապէս նշուած Քարոլը կ’ըսէ. «Համաժողովներուն մէջ շատ առանձին կը զգամ»։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ հարիւրաւոր կամ նոյնիսկ հազարաւոր եղբայրներով ու քոյրերով շրջապատուած կ’ըլլամ, բայց բոլորն ալ իրենց ընտանիքներուն հետ կը նստին եւ անոնց հետ ժամանակ կ’անցընեն։ Ատիկա տեսնելով՝ շատ առանձին կը զգամ»։ Ոմանց համար դժուար է համաժողովի երթալ իրենց կողակիցը մեռնելէն անմիջապէս ետք։ Գիտե՞ս մէկը, որ այսպիսի դժուարութիւններ ունի։ Կրնաս զինք հրաւիրել, որ յաջորդ աստուածպետական առիթին ընտանիքիդ հետ նստի։

18. Ինչպէ՞ս կրնանք Բ. Կորնթացիս 6։11-13–ը գործադրել, երբ հիւրասիրութիւն ցոյց կու տանք։

18 Միասին ժամանակ անցուցէ՛ք։ Ջանք ըրէ որ ժամանակ անցընես տարբեր քոյրերու եւ եղբայրներու հետ, մանաւանդ անոնց հետ, որոնք կրնայ ըլլալ մինակ կը զգան։ Կ’ուզենք մեր ‘սիրտը լայն բանալ’՝ մասնաւորաբար այսպիսի անհատներու (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։11-13)։ Նախապէս նշուած Մէլիսան կ’ըսէ. «Շատ կ’ուրախանայինք, երբ եղբայրներ ու քոյրեր մեզ կը հրաւիրէին կա՛մ իրենց տունը, կամ ալ պտոյտի»։ Ժողովքիդ մէջ մէկը կա՞յ, որուն կրնաս հիւրասիրութիւն ցոյց տալ։

19. Մանաւանդ ե՞րբ օգտակար է հաւատակիցներուն հետ ժամանակ անցընել։

19 Ատեններ մեր հաւատակիցները յատկապէս մեր ընկերակցութեան պէտք կ’ունենան։ Ոմանց համար թերեւս դժուար ըլլայ, որ տօնական օրերը անցընեն իրենց ազգականներուն հետ, որոնք Եհովան չեն պաշտեր։ Ուրիշներու համար որոշ թուականներ կրնան ցաւալի ըլլալ, ինչպէս՝ իրենց սիրած մէկ անհատին մահուան օրը։ Երբ այսպիսի դժուարութիւններէ անցնող եղբայրներու եւ քոյրերու կ’առաջարկենք, որ իրենց հետ ժամանակ անցընենք, ցոյց տուած կ’ըլլանք որ զիրենք կը հոգանք (Փլպ. 2։20

20. Յիսուսի ըսած խօսքերը, որոնք գրուած են Մատթէոս 12։48-50–ի մէջ, ինչպէ՞ս կրնան մեզի օգնել երբ միայնակ կը զգանք։

20 Քրիստոնեայ մը շատ մը պատճառներով կրնայ ատեններ միայնակ զգալ։ Բայց բնա՛ւ պէտք չէ մոռնանք, որ Եհովան շատ լաւ տեղեակ է այդ զգացումին մասին։ Ան մեզի պէտք եղածը կու տայ, յաճախ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն միջոցաւ (կարդա՛ Մատթէոս 12։48-50)։ Մենք ալ մեր կարգին ցոյց կու տանք որ ժողովքին համար շնորհակալ ենք, երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար։ Ատեններ ի՛նչ ալ զգանք, բնա՛ւ մինակ չենք, քանի որ Եհովան միշտ մեր կողքին է։

ԵՐԳ 2 Շնորհակալ ենք, Տէ՛ր Եհովա

^ պարբ. 5 Երբեմն մենակութեան զգացումին դէմ կը պայքարի՞ս։ Եթէ այո՛, վստահ եղիր որ Եհովան շատ լաւ գիտէ թէ ի՛նչ կը զգաս, եւ պատրաստ է քեզի պէտք եղած օգնութիւնը տալու։ Յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչ կրնաս ընել, որպէսզի այդ զգացումին հետ գլուխ ելլես։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնաս օգնել հաւատակիցներուդ, որոնք միայնակ կը զգան։

^ պարբ. 5 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը, որուն կինը մեռած է, կ’օգտուի մեր կայքէն ձայնագրութիւններ մտիկ ընելէն։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը եւ իր աղջիկը իրենց ժողովքէն տարեց եղբօր մը կ’այցելեն եւ իրեն համար ազնիւ բան մը կ’ընեն։