Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 24

Կրնա՛ս Սատանայի թակարդներէն ազատիլ

Կրնա՛ս Սատանայի թակարդներէն ազատիլ

‘Սատանային որոգայթէն զգաստացէ՛ք’ (Բ. ՏԻՄ. 2։26

ԵՐԳ 52 Սիրտդ պահպանէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչո՞ւ կրնանք Սատանան որսորդի մը նմանցնել։

ՈՐՍՈՐԴԻ մը միակ ուզածն է՝ իր որսը բռնել կամ մեռցնել։ Ան կրնայ տարբեր տեսակի թակարդներ կամ ծուղակներ գործածել, մէջը ըլլալով Յոբին սուտ մխիթարիչներէն մէկուն յիշածները (Յոբ 18։8-10)։ Որսորդը ի՞նչ կ’ընէ, որպէսզի կարենայ անասուն մը որսալ։ Ան անասունը լաւ մը կը սերտէ. ո՛ւր կ’երթայ, ի՛նչ կը սիրէ, ո՛ր ծուղակը զինք անակնկալի պիտի բերէ։ Սատանան այդ որսորդին կը նմանի։ Ան մեզ կը սերտէ։ Կը նկատէ թէ ո՛ւր կ’երթանք եւ ի՛նչ բաներով հետաքրքրուած ենք։ Ետքը, ծուղակը կը դնէ, յուսալով որ մեր չսպասած ատեն մեզ պիտի բռնէ։ Բայց Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, որ եթէ ալ բռնուինք՝ կրնանք ազատիլ։ Նաեւ մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ ծուղակներուն մէջ բնաւ չիյնալ։

Հպարտութիւնն ու ագահութիւնը Սատանայի ամէնէն ազդու ծուղակներէն երկուքը եղած են (տե՛ս պարբ. 2) *

2. Սատանայի գործածած ամէնէն ազդու ծուղակներէն երկուքը որո՞նք են։

2 Բանսարկու Սատանայի ամէնէն ազդու ծուղակներէն երկուքն են՝ հպարտութիւնն ու ագահութիւնը *։ Սատանան հազարաւոր տարիներէ ի վեր այս գէշ յատկութիւնները յաջողապէս գործածած է։ Ան որսորդի մը պէս՝ իր որսը կը հրապուրէ դէպի իր թակարդը (Սաղ. 91։3)։ Բայց կրնա՛նք Սատանայի կողմէն չբռնուիլ, քանի որ Եհովան մեզի յայտնած է թէ Սատանան ի՛նչ բաներ կը գործածէ մարդիկը բռնելու համար (Բ. Կոր. 2։11

Կրնանք ազդարարական օրինակներէն սորվիլ եւ Սատանայի ծուղակներէն հեռու մնալ (տե՛ս պարբ. 3) *

3. Եհովան ինչո՞ւ որոշ օրինակներ Աստուածաշունչին մէջ գրել տուաւ։

3 Եհովան մեզի կը գիտցնէ հպարտութեան ու ագահութեան վտանգներուն մասին, մեզի պատմելով թէ իր ծառաներէն ոմանց ի՛նչ պատահեցաւ։ Այսպիսով, կրնանք սորվիլ անոնց օրինակէն եւ նոյն սխալները չընել։ Պիտի տեսնենք որ Սատանան կրցած է ծուղակը ձգել նոյնիսկ անոնք, որոնք Եհովային երկար տարիներ ծառայած են։ Ասիկա կը նշանակէ՞, որ անպայման պիտի հպարտանանք եւ ագահ ըլլանք։ Բնա՛ւ երբեք։ Եհովան այս օրինակները Աստուածաշունչին մէջ դրաւ ‘մեզի խրատ ըլլալու համար’ (Ա. Կոր. 10։11)։ Ան գիտէ որ այդ ազդարարական օրինակներէն կրնանք սորվիլ եւ Սատանայի ծուղակներէն հեռու մնալ։

ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԾՈՒՂԱԿԸ

Տե՛ս պարբերութիւն 4

4. Հպարտութիւնը ինչի՞ պիտի տանի։

4 Սատանան կ’ուզէ որ հպարտ դառնանք։ Ան գիտէ որ եթէ հպարտ դառնանք, իրեն պէս պիտի ըլլանք եւ իրեն պէս ալ յաւիտենական կեանքը պիտի կորսնցնենք (Առ. 16։18)։ Անոր համար, Պօղոս առաքեալ զգուշացուց որ չըլլայ թէ մէկը ‘հպարտանալով Սատանային դատապարտութեանը մէջ իյնայ’, ըլլանք ճշմարտութեան մէջ նորեկներ կամ՝ Եհովային տարիներէ ի վեր ծառայողներ (Ա. Տիմ. 3։6, 7

5. Ինչպէս Ժողովող 7։16, 20–ը կը նշէ, մէկը ինչպէ՞ս կրնայ հպարտութիւն ցոյց տալ։

5 Հպարտ անձը անձնասէր կ’ըլլայ։ Սատանան կը փորձէ մեզ մղել, որ անձնասէր ըլլանք, այսինքն՝ աւելի կեդրոնանանք մեր անձին վրայ՝ քան Եհովայի վրայ։ Օրինակ, պատահա՞ծ է, որ քեզի դէմ սուտ մեղադրանք ըրած են։ Կամ հետդ անարդարօրէն վարուա՞ծ են։ Սատանային ուզածն է, որ Եհովան կամ եղբայրներդ յանցաւոր հանես։ Եւ Սատանան կ’ուզէ որ հարցը քու ձեռքդ առնես, փոխանակ հետեւելու Եհովայի առաջնորդութեան, որ իր Խօսքին միջոցաւ կու տայ (կարդա՛ Ժողովող 7։16, 20

6. Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Հոլանտայի մէջ ապրող քրոջ մը փորձառութենէն։

6 Նկատի առ Հոլանտայի մէջ քրոջ մը փորձառութիւնը, որ ուրիշներուն անկատարութիւններէն կը նեղանար։ Ան մտածեց թէ բան մը պէտք էր ընէր, քանի որ այլեւս չէր դիմանար։ Ան կ’ըսէ. «Մինակ կը զգայի եւ չէի կրնար իրենց ներել։ Ամուսինիս ըսի, որ պէտք է ուրիշ ժողովք փոխադրուինք»։ Ետքը, ան դիտեց JW Հեռատեսիլի կայանի մարտ 2016–ի յայտագիրը։ Այդ ամսական յայտագիրը առաջարկներ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներուն անկատարութիւններուն հետ գլուխ ելլել։ Քոյրը կը պատմէ. «Անդրադարձայ որ պէտք է անկեղծօրէն ու խոնարհաբար ի՛մ սխալներուս նայիմ, փոխանակ փորձելու ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը փոխել։ Յայտագիրը ինծի օգնեց որ Եհովայի ու իր գերիշխանութեան վրայ կեդրոնանամ»։ Կէտը ի՞նչ է։ Երբ խնդիր մը ունիս, Եհովայի վրայ կեդրոնացած մնա՛։ Իրեն աղաչէ, որ քեզի օգնէ ուրիշները իր աչքով դիտելու։ Երկնաւոր Հայրդ անոնց սխալները կը տեսնէ, բայց պատրաստ է իրենց ներելու։ Եւ կ’ուզէ որ դուն ալ նոյնը ընես (Ա. Յովհ. 4։20

Տե՛ս պարբերութիւն 7

7. Ոզիա թագաւորին ի՞նչ պատահեցաւ։

7 Յուդայի Ոզիա թագաւորի հպարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ուրիշներէն խրատ մտիկ չընէ եւ ընէ բան մը, որուն իրաւասութիւնը չունէր։ Ոզիան շատ կարող մարդ մըն էր։ Ան շատ մը պատերազմներու մէջ յաղթեց, քաղաքներ շինեց եւ բազմաթիւ այգիներ ունէր։ «Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար» (Բ. Մն. 26։3-7, 10)։ Սակայն Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ»։ Եհովան նախապէս ըսած էր, որ միայն քահանաները կրնային տաճարին մէջ խունկ ծխել։ Բայց Ոզիա թագաւորը տաճար մտաւ այդ մէկը ընելու համար։ Եհովան այս հպարտ մարդուն ըրածին չհաճեցաւ եւ զինք բորոտութեամբ զարկաւ։ Եւ Ոզիան մինչեւ իր կեանքին վերջը բորոտ մնաց (Բ. Մն. 26։16-21

8. Ա. Կորնթացիս 4։6, 7–ի խրատին հետեւելով, ինչպէ՞ս կրնանք հպարտ չդառնալ։

8 Կրնա՞յ ըլլալ, որ հպարտութեան պատճառով այն նոյն ծուղակին մէջ իյնանք, որուն մէջ Ոզիան ինկաւ։ Նկատի առ Խոսէին օրինակը։ Ան յաջող առեւտրական եւ յարգուած երէց էր։ Ան համաժողովներուն մէջ դասախօսութիւններ կու տար եւ շրջանային տեսուչներ իր խրատին կը դիմէին։ «Բայց իմ կարողութիւններուս ու փորձառութեանս վստահեցայ», կը խոստովանի ան։ «Եհովան մէկ կողմ դրած էի։ Խորհեցայ թէ զօրաւոր եմ, ուստի մտիկ չըրի Եհովայի զգուշացումներն ու խրատները»։ Խոսէն լուրջ մեղք մը գործեց եւ վտարուեցաւ։ Քանի մը տարի առաջ ետ ընդունուեցաւ։ Այժմ կ’ըսէ. «Եհովան ինծի սորվեցուցած է, որ ամէնէն կարեւոր բանը ոչ թէ դիրք ունենալն է, հապա՝ իր խնդրածը ընել»։ Յիշենք, որ որեւէ ձիրք եւ որեւէ առանձնաշնորհում որ ունինք, Եհովայէն են (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 4։6, 7)։ Եթէ հպարտ ըլլանք, Եհովան մեզ պիտի չգործածէ։

ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԾՈՒՂԱԿԸ

Տե՛ս պարբերութիւն 9

9. Ագահութեան պատճառաւ, Սատանան ու Եւան ի՞նչ ըրին։

9 Երբ ագահութեան մասին մտածենք, հաւանաբար Սատանան մեր միտքը կու գայ։ Եհովայի հրեշտակը ըլլալով, ան շատ մը հոյակապ առանձնաշնորհումներ ունեցած ըլլալու էր։ Բայց ատոնցմով չբաւարարուեցաւ եւ աւելին ուզեց։ Ան ուզեց այն պաշտամունքը, որուն միայն Եհովան արժանի է։ Ուզելով որ իրեն պէս ըլլանք, Սատանան կը փորձէ մեզ մղել, որ մեր ունեցածով չգոհանանք։ Առաջին անգամ այդպէս ըրաւ, երբ Եւային խօսեցաւ։ Եհովան առատաձեռնօրէն Եւային եւ իր ամուսինին թոյլ տուած էր, որ «պարտէզին բոլոր ծառերէն» ուտէին՝ բացի մէկ ծառէ (Ծն. 2։16)։ Սակայն Սատանան Եւան խաբեց եւ ձգեց որ մտածէր, թէ պէ՛տք էր այդ մէկ արգիլուած ծառէն ուտէր։ Եւան իր ունեցածը չգնահատեց, հապա աւելի՛ն ուզեց։ Եւ գիտենք ատոր արդիւնքը ի՛նչ եղաւ։ Եւան մեղքին տեղի տուաւ եւ ի վերջոյ՝ մեռաւ (Ծն. 3։6, 19

Տե՛ս պարբերութիւն 10

10. Ագահութիւնը ինչպէ՞ս Դաւիթ թագաւորին համար ծուղակ դարձաւ։

10 Ագահութիւնը պատճառ դարձաւ որ Դաւիթ թագաւոր մոռնայ այն ինչ որ Եհովան իրեն տուած էր, մէջը ըլլալով՝ հարստութիւն, երեւելի դիրք եւ իր թշնամիներէն շատերու վրայ յաղթանակ։ Դաւիթ գնահատութեամբ կ’ընդունէր, որ Եհովայի պարգեւները «համրանքէն աւելի շատ են» (Սաղ. 40։5)։ Բայց որոշ մէկ հանգրուանի, ան մոռցաւ ի՛նչ որ Եհովան իրեն տուած էր։ Ատիկա իր աչքին քիչ երեւցաւ եւ աւելին ուզեց։ Թէեւ քանի մը կիներ ունէր, սկսաւ իր սրտին մէջ ուրիշ տղամարդու մը կնոջ ցանկալ։ Այդ կինը Բերսաբէն էր, իսկ անոր ամուսինը՝ քետացի Ուրիան։ Դաւիթ անձնասիրաբար Բերսաբէին հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ. եւ Բերսաբէն յղի մնաց։ Չի բաւեր որ շնութիւն ըրաւ, Դաւիթ նաեւ ծրագրեց որ Ուրիան սպաննուի (Բ. Թագ. 11։2-15)։ Դաւիթին խելքը ո՞ւր էր։ Ամէն խելքովը կը կարծէր թէ Եհովան չի՞ տեսներ։ Թէեւ Դաւիթ տարիներով Եհովային հաւատարմօրէն ծառայած էր, բայց ագահութեան տեղի տուաւ եւ սուղ գին վճարեց ատոր համար։ Ետքը Դաւիթ իր յանցանքը ընդունեց եւ զղջաց։ Որքա՜ն ուրախացաւ, երբ Եհովան իրեն ներեց (Բ. Թագ. 12։7-13

11. Եփեսացիս 5։3, 4–ին համաձայն, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ ագահութեան դէմ դնենք։

11 Դաւիթի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։ Կը սորվինք որ կրնանք ագահութեան դէմ դնել, եթէ միշտ շնորհակալ ըլլանք այն բոլոր բաներուն համար, որ Եհովան մեզի տուած է (կարդա՛ Եփեսացիս 5։3, 4)։ Պէտք է մեր ունեցածով գոհ ըլլանք։ Երբ կը սկսինք մարդոց հետ Աստուածաշունչը սերտել, թերեւս անոնց սորվեցնենք որ մտածեն մէկ բանի մասին, որ Եհովան իրենց տուած է, եւ ատոր համար շնորհակալութիւն յայտնեն։ Եթէ անձ մը այդպէս ընէ ամէն օր՝ մէկ շաբթուան ընթացքին, եօթը տարբեր նիւթերու մասին աղօթած պիտի ըլլայ (Ա. Թես. 5։18)։ Իսկ դուն այդպիսի սովորութիւն ունի՞ս։ Եթէ խոկաս այն բոլոր բաներուն շուրջ, որ Եհովան քեզի համար ըրած է, շնորհակալ պիտի ըլլաս։ Երբ շնորհակալ ըլլաս, ունեցածովդ գոհ պիտի ըլլաս։ Եւ երբ գոհ ըլլաս, ագահութիւնը քեզի պիտի չյաղթէ։

Տե՛ս պարբերութիւն 12

12. Ագահութիւնը պատճառ եղաւ որ Յուդա Իսկարիովտացին ի՞նչ ընէ։

12 Ագահութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Յուդա Իսկարիովտացին անամօթ դաւաճան ըլլայ (Ղուկ. 6։13, 16)։ Բայց սկիզբը գէշ անձ մը չէր։ Յիսուս զինք ընտրեց, որ առաքեալ ըլլայ։ Այնպէս կ’երեւի թէ Յուդան կարող եւ վստահելի մէկն էր, քանի որ գանձանակին պատասխանատուն էր։ Յիսուս եւ առաքեալները գանձանակին դրամը կը գործածէին քարոզչութեան մէջ իրենց ծախսերը հոգալու համար։ Այդ դրամը ձեւով մը կը նմանէր այսօրուայ համաշխարհային գործին համար եղած նուիրատուութիւններուն։ Բայց ժամանակ մը ետք, Յուդան սկսաւ գողնալ, հակառակ անոր որ Յիսուս կրկին անգամ զգուշացուցած էր ագահութենէն եւ ինք լսած էր (Մար. 7։22, 23. Ղուկ. 11։39. 12։15)։ Յուդան այդ զգուշացումները անտեսեց։

13. Յուդայի ագահութիւնը ե՞րբ յայտնի եղաւ։

13 Յուդայի ագահութիւնը յայտնի եղաւ Յիսուսի մեռնելէն քանի մը օր առաջ պատահած դէպքի մը ընթացքին։ Յիսուս եւ իր աշակերտները, մէջը ըլլալով՝ Մարիամ եւ իր քոյրը՝ Մարթան, հրաւիրուած էին բորոտ Սիմոնին տունը։ Ընթրիքին ընթացքին, Մարիամ սուղ անուշահոտ իւղ առնելով սկսաւ զայն Յիսուսին գլխուն վրայ թափել։ Յուդան եւ միւս աշակերտները շատ նեղացան։ Աշակերտները թերեւս խորհեցան, թէ այդ դրամը կրնար աւելի լաւ կերպով գործածուիլ ծառայութեան մէջ։ Բայց Յուդան տարբեր շարժառիթ ունէր։ Ան «գող էր» եւ կ’ուզէր գանձանակէն դրամ գողնալ։ Ետքը, ագահութենէ մղուած՝ Յուդան Յիսուսը մատնեց այն գինին փոխարէն, որով ստրուկ կը գնէին (Յովհ. 12։2-6. Մատ. 26։6-16. Ղուկ. 22։3-6

14. Զոյգ մը ինչպէ՞ս գործադրեց Ղուկաս 16։13–էն քաղուած դասը։

14 Յիսուս իր հետեւորդներուն յիշեցուց այս հիմնական ճշմարտութիւնը. «Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային» (կարդա՛ Ղուկաս 16։13)։ Այդ խօսքը մինչեւ հիմա ճշմարիտ է։ Նկատի առ թէ Ռումանիայի մէջ զոյգ մը ինչպէ՛ս Յիսուսի այս խօսքը գործադրեց։ Անոնց ժամանակաւոր գործ մը առաջարկուեցաւ աւելի զարգացած երկրի մը մէջ։ Անոնք կ’ըսեն. «Մեծ պարտք ունէինք պանքայի մը, անոր համար սկիզբը մտածեցինք որ այս գործը օրհնութիւն մըն էր Եհովայէն»։ Բայց խնդիր մը կար։ Եթէ այդ գործը ընդունէին, աւելի քիչ ժամանակ պիտի ունենային Եհովային ծառայելու։ Դիտարան–ի 1 օգոստոս 2008 թիւին մէջ «Միացած սիրտով՝ նուիրուածութիւնդ պահպանէ» յօդուածը կարդալէ ետք, զոյգը որոշեց ի՛նչ ընել։ Անոնք կ’ըսեն. «Եթէ ուրիշ երկրի մը մէջ պիտի աշխատէինք աւելի դրամ շահելու նպատակով, Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը երկրորդ տեղը դրած պիտի ըլլայինք։ Համոզուեցանք, որ մեր հոգեւորութիւնը պիտի վնասուէր»։ Ուստի անոնք մերժեցին առաջարկը։ Անկէ ետք ի՞նչ եղաւ։ Ամուսինը իրենց երկրին մէջ գործ գտաւ, որ իրենց ապահովեց այն դրամը, որուն պէտք ունէին։ Կինը կ’ըսէ. «Եհովայի ձեռքը կարճ չէ»։ Զոյգը ուրախ է, որ Եհովա՛ն իրենց «տէր»ը ըրին, եւ ոչ թէ՝ մամոնան։

ՀԵՌՈ՛Ւ ՄՆԱ ՍԱՏԱՆԱՅԻ ԾՈՒՂԱԿՆԵՐԷՆ

15. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ կարելի է Սատանայի ծուղակներէն ազատիլ։

15 Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ նկատեցինք թէ հպարտ կամ ագահ դարձած ենք։ Կրնա՛նք փոխուիլ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, որ Սատանայէն «բռնուած»ները կրնա՛ն ծուղակէն ազատիլ (Բ. Տիմ. 2։26)։ Ի վերջոյ, Դաւիթ Նաթանի խրատին ականջ տուաւ, ագահութեամբ վարուելուն համար զղջաց եւ Եհովայի հետ իր բարեկամութիւնը վերահաստատեց։ Բնաւ մի՛ մոռնար, որ Եհովան Սատանայէն աւելի զօրաւոր է։ Ուստի եթէ Եհովայի օգնութիւնը ընդունինք, պիտի կարենանք Սատանայի լարած որեւէ ծուղակէ ազատիլ։

16. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ Սատանայի ծուղակներէն հեռու մնանք։

16 Անշուշտ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ բնա՛ւ հպարտ կամ ագահ չդառնանք։ Ատիկա միայն Աստուծոյ օգնութեամբ կրնանք ընել։ Բայց պէտք չէ մտածենք, որ այնքա՛ն զօրաւոր ենք, որ բնաւ հպարտ կամ ագահ պիտի չըլլանք։ Նոյնիսկ երկար տարիներէ ի վեր Աստուծոյ ծառայողներէն ոմանք հպարտ կամ ագահ դարձած են։ Անոր համար, Եհովայէն ամէն օր խնդրէ որ քեզի օգնէ գիտնալու, եթէ այդ տգեղ յատկութիւնները սկսած են մտածելակերպիդ եւ գործերուդ ազդել (Սաղ. 139։23, 24)։ Մի՛ ձգեր որ այդ յատկութիւնները սրտիդ մէջ արմատ նետեն։

17. Մօտ ատենէն, մեր հակառակորդին՝ Սատանային, ի՞նչ պիտի պատահի։

17 Սատանան հազարաւոր տարիներէ ի վեր որսորդ է։ Բայց մօտ ատենէն, ան պիտի կապուի եւ ի վերջոյ՝ կործանուի (Յայտ. 20։1-3, 9, 10)։ Կ’ուզենք, որ այդ օրը մէկ վայրկեան առաջ գայ։ Մինչ այդ, Սատանայի ծուղակներէն զգո՛յշ մնա։ Շատ ջանք ըրէ որ հպարտ կամ ագահ չդառնաս։ Վճռէ՛ ‘Սատանային հակառակ կենալ եւ անիկա քեզմէ պիտի փախչի’ (Յակ. 4։7

ԵՐԳ 61 Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ

^ պարբ. 5 Սատանան վարպետ որսորդի մը կը նմանի։ Ան կը փորձէ մեզ ծուղակը ձգել, որքան ալ երկար տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայենք։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, որ Սատանան ինչպէ՛ս կը փորձէ գործածել հպարտութիւնը եւ ագահութիւնը, Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը քանդելու համար։ Նաեւ, պիտի սորվինք անոնց օրինակէն, որոնք հպարտ եւ ագահ դարձան, եւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ ծուղակներէն հեռու մնալ։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Յօդուածը կը կեդրոնանայ անտեղի հպարտութեան վրայ, որ կը ձգէ, որ անհատը զգայ թէ ուրիշներէն աւելի լաւ է։ Նաեւ կը կեդրոնանայ ագահութեան վրայ, որ աւելի դրամ, իշխանութիւն, սեռային յարաբերութիւն կամ ուրիշ նման բաներ ունենալու չափազանց փափաքն է։

^ պարբ. 53 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը հպարտօրէն իմաստուն խրատ մը կը մերժէ։ Քոյր մը, որ արդէն շատ բան ունի, դեռ աւելին կ’ուզէ գնել։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Հպարտութիւնը ազդեց հրեշտակի մը եւ Ոզիա թագաւորին։ Ագահութիւնը մղեց որ Եւան արգիլուած ծառէն ուտէ, Դաւիթ շնութիւն ընէ Բերսաբէին հետ, եւ Յուդան դրամ գողնայ։