Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 29

Քու յառաջդիմութեամբդ ուրախացի՛ր

Քու յառաջդիմութեամբդ ուրախացի՛ր

«Ամէն մարդ. . . միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ» (ԳԱՂ. 6։4

ԵՐԳ 29 Ուղղամտութեամբ քալել

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան մեզ ինչո՞ւ ուրիշներու հետ չի բաղդատեր։

ԵՀՈՎԱՆ կը սիրէ զանազանութիւնը։ Ասիկա գիտենք քանի որ տարբեր–տարբեր բոյսեր, կենդանիներ եւ նոյնիսկ մարդիկ ստեղծած է։ Մեզմէ ամէն մէկը յատուկ է։ Անոր համար, Եհովան քեզ ուրիշներու հետ բնաւ չի բաղդատեր։ Ան կը քննէ քու սիրտդ՝ քու ներքին անձդ (Ա. Թագ. 16։7)։ Նաեւ հաշուի կ’առնէ զօրաւոր կէտերդ, տկար կէտերդ եւ ենթահողդ։ Եւ քեզմէ չի խնդրեր, որ կրցածէդ աւելին իրեն տաս։ Մենք պէտք է Եհովան ընդօրինակենք, մեր անձը տեսնելով ինչպէս որ ինք կը տեսնէ։ Այդպէս ընելով, «առողջ միտք» պիտի ունենանք. ո՛չ մեր մասին պէտք եղածէն աւելին պիտի մտածենք, ոչ ալ մեր անձը ցած աչքով պիտի դիտենք (Հռով. 12։3, ՆԱ

2. Ինչո՞ւ լաւ չէ, որ մենք մեզ ուրիշներու հետ բաղդատենք։

2 Անշուշտ, կրնանք ուրիշներու լաւ օրինակէն սորվիլ։ Օրինակ, թերեւս կը ճանչնանք եղբայր մը կամ քոյր մը, որ ծառայութեան մէջ յաջող է (Եբ. 13։7)։ Ատիկա մեզի կրնայ օգնել, որ քարոզելու մէջ բարելաւուինք (Փլպ. 3։17)։ Բայց ուրիշի մը լաւ օրինակէն սորվիլը բան մըն է, իսկ այդ օրինակը գործածելով քու արժէքդ չափելը՝ ուրիշ բան մըն է։ Այս բաղդատութիւնը ընելով, կրնաս նախանձիլ, վհատիլ կամ նոյնիսկ անարժէք զգալ։ Ինչպէս սորվեցանք նախորդ յօդուածին մէջ, ժողովքին մէջ ուրիշներուն հետ մրցակցիլը կրնայ նաեւ հոգեւորապէս վնասակար ըլլալ։ Անոր համար, Եհովան մեզ սիրալիր կերպով կը յորդորէ. «Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ» (Գաղ. 6։4

3. Ինչպիսի՞ հոգեւոր յառաջդիմութիւն ունեցած ես, որ քեզի ուրախութիւն կը բերէ։

3 Եհովան կ’ուզէ, որ քու անձնական հոգեւոր յառաջդիմութեամբդ ուրախանաս։ Օրինակ, եթէ մկրտուած ես, պէտք է շա՜տ ուրախ ըլլաս որ այդ նպատակակէտին հասած ես։ Դուն մինակդ այդ որոշումը առիր։ Եւ որոշումդ հիմնուած է Աստուծոյ հանդէպ քու սիրոյդ վրայ։ Մտածէ թէ անկէ ի վեր որքա՛ն յառաջդիմած ես։ Օրինակ, սկսա՞ծ ես աւելի սիրել Աստուածաշունչը կարդալ ու սերտել։ Աղօթքներդ աւելի իմաստալից եւ սրտանց դարձա՞ծ են (Սաղ. 141։2)։ Սկսա՞ծ ես քարոզելու ատեն աւելի բնական ու անկեղծ ոճով խօսիլ։ Եւ քարոզելու գործիքները գործածելու մէջ աւելի ազդու եղա՞ծ ես։ Եւ եթէ ընտանիք ունիս, Եհովան քեզի օգնա՞ծ է որ աւելի լաւ ամուսին, կին կամ ծնողք ըլլաս։ Կրնաս ուրախ ու խորապէս գոհունակ զգալ այդ մարզերուն մէջ ունեցած յառաջդիմութեանդ համար։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Կրնանք ուրիշներուն օգնել, որ իրենց հոգեւոր յառաջդիմութեամբ ուրախանան։ Նաեւ կրնանք իրենց օգնել, որ ինքզինքնին ուրիշներու հետ չբաղդատեն։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, թէ ինչպէ՛ս կողակիցներ կրնան իրարու օգնել եւ թէ ինչպէ՛ս երէցներ եւ ուրիշներ կրնան ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել։ Ի վերջոյ, նկատի պիտի առնենք աստուածաշնչական կարգ մը սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզի օգնել տրամաբանական նպատակակէտեր դնելու, ի մտի ունենալով մեր կարողութիւններն ու պարագաները։

ԾՆՈՂՆԵՐԸ ԵՒ ԿՈՂԱԿԻՑՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆ ԸՆԵԼ

Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն ցոյց տուէք, որ իւրաքանչիւրին ըրած լաւ բաներով կ’ուրախանաք (տե՛ս պարբ. 5-6) *

5. Եփեսացիս 6։4–ին համաձայն, ծնողները ի՞նչ պէտք չէ ընեն։

5 Ծնողները պէտք է զգոյշ ըլլան, որ մէկ զաւակը միւսին հետ չբաղդատեն կամ զաւակէն չպահանջեն իր կարողութիւններէն աւելին։ Եթէ ծնողքը այսպէս ընէ, կրնայ զաւակը ընկճել (կարդա՛ Եփեսացիս 6։4)։ Սաչիքօ * անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ուսուցիչներս ինձմէ կը սպասէին, որ դասերուս մէջ դասընկերներէս աւելի լաւ ըլլայի։ Ասկէ զատ, մայրս կ’ուզէր որ լաւ նիշեր բերէի, որպէսզի ուսուցիչիս եւ Վկայ չեղող հօրս լաւ վկայութիւն տայի։ Իրականութեան մէջ, ան կ’ուզէր որ հարիւր հարիւրի վրայ բերէի քննութիւններուն մէջ, ինչ որ ինծի համար անկարելի բան մըն էր։ Թէեւ դպրոցը աւարտելուս վրայ տարիներ անցած են, բայց ատեններ ես ինծի հարց կու տամ. ‘Արդեօք իմ լաւագոյնս Եհովայի համար բաւարա՞ր է’»։

6. Ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Սաղմոս 131։1, 2–էն։

6 Սաղմոս 131։1, 2–ին մէջ ծնողներուն համար արժէքաւոր դաս մը կայ (կարդա՛)։ Դաւիթ թագաւոր ըսաւ որ «մեծամեծ» բաներ չփնտռեց կամ չըրաւ բաներ, որոնք շատ դժուար էին իրեն համար։ Իր խոնարհութիւնն ու համեստութիւնը զինք ‘հանդարտեցուցին ու հանգստացուցին’։ Ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Դաւիթին խօսքերէն։ Անոնք կրնան խոնարհ ու համեստ ըլլալ, եւ չափէ աւելի չակնկալեն ո՛չ իրենցմէ, ոչ ալ իրենց զաւակէն։ Երբ ծնողները կ’ընդունին իրենց զաւակին զօրաւոր ու տկար կողմերը եւ ատոր հիման վրայ իրեն կ’օգնեն նպատակակէտեր դնելու, զաւակին օգնած կ’ըլլան որ արժէքաւոր զգայ։ Մարինա անունով քոյր մը կը յիշէ. «Մայրս բնաւ զիս երեք եղբայրներուս կամ ուրիշ պզտիկներու հետ չէր բաղդատեր։ Ան ինծի սորվեցուց, որ մեզմէ ամէն մէկը տարբեր պարգեւներ ունի եւ բոլորս Եհովային համար արժէքաւոր ենք։ Այդ պատճառով, գրեթէ չի պատահիր որ ինքզինքս ուրիշներու հետ բաղդատեմ»։

7-8. Ամուսինը ինչպէ՞ս կրնայ իր կինը պատուել։

7 Քրիստոնեայ ամուսինը պէտք է իր կինը պատուէ (Ա. Պետ. 3։7)։ Պատուել կը նշանակէ՝ ուրիշներուն յատուկ ուշադրութիւն եւ յարգանք ցոյց տալ։ Օրինակ, ամուսինը իր կինը պատուած կ’ըլլայ, երբ անոր կարեւոր կը զգացնէ եւ անոր կրցածէն աւելի չի պահանջեր։ Նաեւ, ամուսինը իր կինը չի բաղդատեր ուրիշ կիներու հետ։ Կին մը ինչպէ՞ս պիտի զգար, եթէ ամուսինը այդպէս ընէր։ Ռոզա անունով քրոջ մը Վկայ չեղող ամուսինը յաճախ զինք կը բաղդատէ ուրիշ կիներու հետ։ Անոր անազնիւ խօսքերը պատճառ եղած են, որ Ռոզան ոչ միայն իր ինքնավստահութիւնը կորսնցնէ, հապա կասկած ունենայ, որ ոեւէ մէկը զինք կը սիրէ։ Ան կ’ըսէ. «Միշտ պէտք ունիմ, որ ինծի յիշեցուի որ Եհովան զիս կ’արժեւորէ»։ Ասոր հակառակը, քրիստոնեայ ամուսինը իր կնոջ պատիւ կու տայ։ Ան գիտէ որ այդպէս ընելը լաւ կերպով կ’ազդէ անոր հետ եւ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութեան *։

8 Իր կինը պատուող ամուսինը անոր մասին լաւ բաներ կ’ըսէ մարդոց, եւ անոր կ’ըսէ թէ զինք կը սիրէ եւ թէ ան արժէքաւոր է (Առ. 31։28)։ Նախապէս նշուած Քաթերինային ամուսինը այսպէս ընելով օգնած է, որ Քաթերինան իր անարժէքութեան զգացումներուն հետ գլուխ ելլէ։ Իր պզտիկ տարիքին իր մայրը յաճախ զինք կը քննադատէր, զինք բաղդատելով ուրիշ աղջիկներու հետ, մէջը ըլլալով՝ իր ընկերուհիները։ Արդիւնքը եղաւ, որ Քաթերինան սկսաւ իր արժէքը չափել ինքզինքը ուրիշներու հետ բաղդատելով, նոյնիսկ երբ ճշմարտութեան եկաւ։ Բայց իր քրիստոնեայ ամուսինը իրեն օգնած է, որ այս հակումին դէմ պայքարի եւ իր մասին ճիշդ կարծիք ունենայ։ Ան կ’ըսէ. «Ամուսինս զիս կը սիրէ, զիս կը գովէ ըրած լաւ բաներուս համար եւ ինծի համար կ’աղօթէ։ Ան նաեւ ինծի կը յիշեցնէ Եհովայի հիանալի յատկութիւնները եւ կ’օգնէ որ ժխտական մտածելակերպս սրբագրեմ»։

ՀՈԳԱՏԱՐ ԵՐԷՑՆԵՐԸ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆ ԸՆԵԼ

9-10. Հոգատար երէցները ինչպէ՞ս քրոջ մը օգնեցին, որ ինքզինք ուրիշներու հետ չբաղդատէ։

9 Երէցները ինչպէ՞ս կրնան օգնել անոնց, որոնք միշտ հակում ունին ինքզինքնին ուրիշներու հետ բաղդատելու։ Նկատի առ Հանունի անունով քրոջ մը փորձառութիւնը, որ պզտիկ եղած ատեն զինք շատ քիչ կը գովէին։ Ան կը յիշէ. «Ամչկոտ էի եւ կը զգայի թէ միւս պզտիկները ինձմէ աւելի լաւ էին։ Օրէն ի վեր ինքզինքս ուրիշներու հետ կը բաղդատեմ»։ Նոյնիսկ ճշմարտութիւնը ընդունելէ ետք, տակաւին այդպէս կ’ընէր։ Անոր համար, կը զգար թէ ժողովքին մէջ քիչ արժէք ունէր։ Բայց այժմ ան ուրախ ռահվիրայ մըն է։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց, որ մտածելակերպը փոխէ։

10 Հանունին կ’ըսէ, որ հոգատար երէցներ իրեն օգնեցին։ Անոնք իրեն ըսին որ շատ արժէքաւոր տեղ ունի ժողովքին մէջ եւ զինք գովեցին իր հաւատարիմ օրինակին համար։ Ան կը գրէ. «Երէցները քանի մը անգամ ինձմէ խնդրեցին, որ քաջալերեմ ժողովքին մէջ կարգ մը քոյրեր, որոնք օգնութեան պէտք ունէին։ Այս նշանակումները ինծի զգացուցին, որ ինծի պէտք կայ։ Կը յիշեմ, որ հոգատար երէցներ ինծի շնորհակալութիւն յայտնեցին կարգ մը պատանի քոյրեր քաջալերելուս համար։ Ետքը, ինծի կարդացին Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։2, 3–ը։ Շա՜տ զգացուեցայ։ Այդ բարի հովիւներուն օգնութեամբ է որ այսօր շա՜տ կը գնահատեմ տեղս Եհովայի կազմակերպութեան մէջ»։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել Եսայի 57։15–ին մէջ նշուած «կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցող»ներուն։

11 Կարդա՛ Եսայի 57։15։ Եհովան «կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցող»ները խորապէս կը հոգայ։ Բոլո՛րս՝ եւ ոչ միայն երէցները, կրնանք քաջալերել այս սիրելի եղբայրներն ու քոյրերը։ Զիրենք քաջալերելու կերպ մըն է՝ իրենցմով անկեղծօրէն հետաքրքրուիլ։ Եհովան կ’ուզէ որ իրենց ցոյց տանք թէ ինք որքա՜ն զիրենք կը սիրէ (Առ. 19։17)։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կրնանք նաեւ օգնել խոնարհ ու համեստ ըլլալու։ Չենք ուզեր ամբողջ ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրել, քանի որ չենք ուզեր որ ուրիշներ մեզի նախանձին։ Փոխարէնը, մեր կարողութիւններն ու գիտելիքները կը գործածենք ուրիշները քաջալերելու համար (Ա. Պետ. 4։10, 11

Յիսուսի աշակերտները իրեն մօտիկ կը զգային, քանի որ բնա՛ւ ինքզինք չէր տեսներ անոնց վրայ։ Ան կը սիրէր իր բարեկամներուն ընկերակցութիւնը վայելել (տե՛ս պարբերութիւն 12)

12. Պարզ մարդիկը ինչո՞ւ կը սիրէին Յիսուսին քով գալ (տե՛ս կողքին նկարը)։

12 Ուրիշներուն հետ ինչպէ՛ս վարուելուն նկատմամբ շատ բան կրնանք սորվիլ Յիսուսի օրինակէն։ Ան պատմութեան մէջ մեծագոյն մարդը ըլլալով հանդերձ՝ ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ էր (Մատ. 11։28-30)։ Ան ուրիշներուն չցուցադրեց, թէ խելացի է եւ շատ գիտելիքներ ունի։ Ան սորվեցուց՝ գործածելով պարզ լեզու եւ գրաւիչ օրինակներ, որոնք խոնարհ մարդոց սրտին հասան (Ղուկ. 10։21)։ Մեծամիտ կրօնական առաջնորդներուն հակառակը, Յիսուս բնաւ ուրիշներուն չզգացուց թէ Աստուծոյ աչքին քիչ արժէք ունէին (Յովհ. 6։37)։ Փոխարէնը, ան պարզ մարդոց արժէք տուաւ։

13. Իր աշակերտներուն հետ վարուած կերպէն, ինչպէ՞ս յայտնի եղաւ Յիսուսին ազնուութիւնն ու սէրը։

13 Իր աշակերտներուն հետ վարուած կերպէն յայտնի եղաւ Յիսուսին ազնուութիւնն ու սէրը։ Ան գիտէր որ անոնք տարբեր կարողութիւններ եւ պարագաներ ունէին։ Այդ պատճառով, բոլորը չէին կրնար նոյն պատասխանատուութիւնները ձեռք առնել, ոչ ալ կրնային նոյն յաջողութիւնները ունենալ ծառայութեան մէջ։ Սակայն ան գնահատեց ամէն մէկուն սրտագին ջանքերը։ Յիսուս ցոյց տուաւ որ այսպէս կը մտածէր, երբ պատմեց տաղանդներուն առակը։ Այդ առակին մէջ տէրը ամէն մէկ ծառային գործ մը նշանակեց «անոր կարողութեանը չափ»։ Երկու աշխատասէր ծառաներէն մէկը միւսէն աւելի շահ ըրաւ, բայց տէրը երկուքն ալ նոյն խօսքերով գովեց. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ» (Մատ. 25։14-23

14. Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել այն կերպը, որով Յիսուս ուրիշներուն հետ վարուեցաւ։

14 Յիսուս մեզի հետ ազնուութեամբ եւ սիրալիր կերպով կը վարուի։ Ան գիտէ որ մեր կարողութիւններն ու պարագաները իրարմէ տարբեր են եւ կ’ուրախանայ երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք։ Լաւ կ’ընենք, եթէ մենք ալ Յիսուսին պէս վարուինք ուրիշներուն հետ։ Բնաւ չենք ուզեր հաւատակիցի մը անարժէք զգացնել կամ ամօթով ձգել, քանի որ ուրիշներուն չափ չի կրնար տալ։ Փոխարէնը, առիթներ փնտռենք ուրիշները գովելու, քանի որ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն Եհովային ծառայելու համար։

ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴԻՐ, ՈՐՈՆՑ ԿՐՆԱՍ ՀԱՍՆԻԼ

Ուրախացի՛ր տրամաբանական նպատակակէտեր դնելով եւ անոնց հասնելով (տե՛ս պարբ. 15-16) *

15-16. Քոյր մը ինչպէ՞ս օգտուեցաւ, դնելով նպատակակէտեր՝ որոնց կրնար հասնիլ։

15 Հոգեւոր նպատակակէտերը ուղղութիւն եւ իմաստ կու տան մեր կեանքին։ Բայց գաղտնիքը այն է, որ նպատակակէտեր դնենք մե՛ր կարողութիւններուն եւ պարագաներուն համաձայն։ Եթէ այդպէս չընենք, յուսախաբ պիտի ըլլանք ու պիտի վհատինք (Ղուկ. 14։28)։ Նկատի առ Միտորի անունով ռահվիրայ քրոջ մը օրինակը։

16 Միտորիին հայրը, որ Վկայ չէ, պզտիկութեան անոր գէշ կը զգացնէր, զինք բաղդատելով իր եղբօր, քրոջ եւ դասընկերներուն հետ։ Միտորին կ’ըսէ. «Անարժէք կը զգայի»։ Սակայն երբ մեծցաւ, ինքնավստահութիւն ձեռք ձգեց։ Ան կ’ըսէ. «Ամէն օր Աստուածաշունչը կը կարդայի, որպէսզի խաղաղութիւն ունենայի եւ զգայի որ Եհովան զիս կը սիրէ»։ Ատկէ զատ, դրաւ նպատակակէտեր, որոնց կրնար հասնիլ, եւ ատոնց համար մասնաւորաբար աղօթեց։ Առ ի արդիւնք, Միտորին ուրախացաւ իր անձնական հոգեւոր յառաջդիմութեամբ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՔՈ՛Ւ ԼԱՒԱԳՈՅՆԴ ՏԱԼ

17. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել մեր տիրապետող մտածելակերպը նորոգել, եւ արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

17 Ժխտական մտածումներն ու զգացումները մէկ օրուան մէջ չեն անհետանար։ Ուստի Եհովան մեզ կը յորդորէ. «Պէտք է շարունակէք ձեր տիրապետող մտածելակերպը նորոգել» (Եփ. 4։23ՆԱ, 24)։ Անշուշտ, ատիկա ընելու համար պէտք է աղօթենք, Աստուծոյ Խօսքը սերտենք եւ խոկանք։ Շարունակէ այդպէս ընել եւ Եհովայէն զօրութիւն խնդրէ։ Իր սուրբ հոգիին օգնութեամբ պիտի կարենաս ինքզինքդ ուրիշներու հետ բաղդատելու հակումը յաղթահարել։ Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ անդրադառնաս, եթէ նախանձ կամ անտեղի հպարտութիւն ունիս, եւ շուտով արմատախիլ ընես այդ գէշ զգացումները սիրտէդ։

18. Բ. Մնացորդաց 6։29, 30–ի խօսքերէն ինչպէ՞ս կրնաս մխիթարուիլ։

18 Կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 6։29, 30։ Եհովան մեր սիրտը գիտէ։ Նաեւ գիտէ այն պայքարը, որ կը մղենք այս աշխարհին հոգիին եւ մեր անկատարութիւններուն դէմ։ Մինչ Եհովան կը տեսնէ, թէ որքա՜ն ջանք կը թափենք այդ ժխտական ազդեցութիւններուն դէմ պայքարելու, կը սկսի մեզ աւելի սիրել։

19. Եհովան ինչպէ՞ս կը նկարագրէ մեզի հանդէպ իր զգացումները։

19 Մեզի հանդէպ իր զգացումները նկարագրելու համար, Եհովան կը գործածէ մօր եւ անոր մանուկին օրինակը (Եսա. 49։15)։ Նկատի առ Ռէյչըլ անունով մօր մը օրինակը։ Ան կ’ըսէ. «Աղջիկս՝ Սթեֆանին, ժամանակէն առաջ ծնաւ։ Երբ առաջին անգամ ըլլալով զինք տեսայ, մանր ու անօգնական էր։ Բայց բժիշկները ինծի թոյլ տուին, որ առաջին ամիսը զինք ամէն օր ձեռքիս մէջ առնէի։ Այդ քնքուշ վայրկեանները մեզի օգնեցին, որ իրարու շատ կապուինք։ Ան այժմ վեց տարեկան է եւ իր տարեկիցներէն մարմինով աւելի պզտիկ է։ Բայց զինք շա՜տ կը սիրեմ, քանի որ պայքարեցաւ ապրելու համար եւ մե՜ծ ուրախութիւն բերած է կեանքիս մէջ»։ Որքա՜ն մխիթարական է տեսնել, որ Եհովան նո՛յնքան խոր սէր կը զգայ մեզի հանդէպ, երբ կը տեսնէ թէ որչա՜փ կը պայքարինք որ իրեն ամբողջ սրտով ծառայենք։

20. Որպէս Եհովայի նուիրուած ծառայ, ուրախանալու ի՞նչ պատճառ ունիս։

20 Որպէս Եհովայի ծառան, դուն իր բազմազան ընտանիքին յատուկ եւ արժէքաւոր մէկ անդամն ես։ Եհովան քեզ իրեն չքաշեց, քանի որ ուրիշներէ աւելի լաւ էիր։ Ան քեզ քաշեց, քանի որ սրտիդ մէջ նայեցաւ եւ տեսաւ հեզ ու խոնարհ անձ մը, որ պատրաստ էր իրմէ սորվելու եւ կաղապարուելու (Սաղ. 25։9)։ Վստահ եղիր որ ան կը գնահատէ, երբ լաւագոյնդ կ’ընես իրեն ծառայելու համար։ Համբերելդ եւ իրեն հաւատարիմ մնալդ կը փաստեն, որ «բարի եւ յօժար սիրտ» ունիս (Ղուկ. 8։15)։ Ուստի շարունակէ Եհովային քո՛ւ լաւագոյնդ տալ։ Այն ատեն, աղուոր պատճառ պիտի ունենաս, որ ‘միայն քու անձիդ վրայ պարծենաս’։

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

^ պարբ. 5 Եհովան մեզ ուրիշներուն հետ չի բաղդատեր։ Բայց ոմանք ինքզինքնին ուրիշներու հետ կը բաղդատեն եւ ետքը իրենց մասին ժխտական բաներ կը մտածեն։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչո՛ւ մենք մեզ ուրիշներու հետ բաղդատելը վնասակար է։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ընտանիքի անդամներուն եւ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել, որ իրենք զիրենք Եհովայի աչքով դիտեն։

^ պարբ. 5 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 7 Թէեւ այս կէտերը կը կեդրոնանան ամուսինին վրայ, նշուած սկզբունքներէն շատեր կը կիրարկուին նաեւ կնոջ։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ընտանեկան պաշտամունքի մը ընթացքին, ծնողները ցոյց կու տան որ ուրախ են իրենց ամէն մէկ պզտիկին շինածով՝ Նոյին տապանին մէջ դնելու համար։

^ պարբ. 62 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Առանձին ծնող մը, որ երեխայ մը ունի, օժանդակ ռահվիրայութեան յայտագիր կը դնէ, եւ ուրախ է որ այդ նպատակակէտին հասաւ։