Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 30

Եհովայի ընտանիքին մէջ տեղդ արժեւորէ

Եհովայի ընտանիքին մէջ տեղդ արժեւորէ

«Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա» (ՍԱՂ. 8։5

ԵՐԳ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Թերեւս ի՞նչ բանի մասին մտածենք, երբ Եհովայի բոլոր ստեղծածներուն վրայ խոկանք։

ԵՐԲ Եհովայի ստեղծած տիեզերքին վրայ խոկանք, թերեւս սաղմոս գրող Դաւիթին պէս զգանք, որ Եհովային աղօթեց ըսելով. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես» (Սաղ. 8։3, 4)։ Դաւիթին պէս, թերեւս մտածենք, թէ Եհովայի ստեղծած տիեզերքին հետ բաղդատած, մենք որքա՜ն պզտիկ ենք եւ հիանանք այն գաղափարին վրայ, որ Եհովան մեզի ուշադրութիւն կ’ընծայէ։ Բայց ինչպէս որ պիտի տեսնենք, Եհովան ոչ միայն Ադամին ու Եւային հոգ տարաւ, հապա նաեւ զանոնք իր ընտանիքին մէկ մասը դարձուց։

2. Եհովան ի՞նչ նպատակ ունէր իր երկրային առաջին զաւակներուն համար։

2 Ադամն ու Եւան Եհովայի երկրային առաջին զաւակներն էին, եւ Եհովան անոնց հոգատար երկնաւոր Հայրն էր։ Ան այս զոյգին գործ մը տուաւ, ըսելով. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծն. 1։28)։ Ան ուզեց, որ անոնք զաւակներ ունենան եւ երկրին լաւ հոգ տանին։ Եթէ Ադամն ու Եւան հնազանդօրէն Եհովայի խնդրածը ընէին, իրենք եւ իրենց սերունդը իր ընտանիքի անդամները պիտի մնային յաւիտեա՛ն։

3. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Եհովան իր ընտանիքին մէջ Ադամին ու Եւային կարեւոր տեղ մը տուաւ։

3 Ադամն ու Եւան Եհովայի ընտանիքին մէջ կարեւոր տեղ ունէին։ Ինչպէս որ Սաղմոս 8։5–ի մէջ արձանագրուած է, Դաւիթ մարդուն ստեղծուելուն մասին ըսաւ. «Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա»։ Ճիշդ է որ մարդոց չտրուեցան հրեշտակներուն ունեցած նոյն զօրութիւնը, ուշիմութիւնը եւ կարողութիւնները (Սաղ. 103։20)։ Բայց եւ այնպէս, մարդը միայն «քիչ մը վար» է այդ ուժեղ հոգեղէն արարածներէն։ Երեւակայէ՜. . . ։ Եհովան իրապէս մեր առաջին ծնողքին հոյակապ սկիզբ մը տուաւ։

4. Ադամին ու Եւային ի՞նչ պատահեցաւ, քանի որ Եհովային անհնազանդ գտնուեցան, եւ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

 4 Ցաւօք սրտի, Ադամն ու Եւան Եհովային ընտանիքին մէջ իրենց տեղը կորսնցուցին։ Ասիկա շա՛տ գէշ հետեւանքներ ունեցած է իրենց սերունդին վրայ, ինչպէս որ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք։ Բայց Եհովային նպատակը չէ փոխուած։ Ան կ’ուզէ որ հնազանդ մարդիկը իր զաւակները ըլլան յաւիտեա՛ն։ Նա՛խ տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզ պատուած է։ Ետքը, պիտի տեսնենք թէ հիմա՛ ինչ կրնանք ընել, ցոյց տալու համար թէ կ’ուզե՛նք Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը ըլլալ։ Վերջաւորութեան, նկատի պիտի առնենք այն օրհնութիւնները, որոնք Եհովայի երկրային զաւակները պիտի վայելեն յաւիտեան։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԱՐԴԻԿԸ ՊԱՏՈՒԱԾ Է

Եհովան ի՞նչ կերպերով մեզ պատուած է (տե՛ս պարբ. 5-11) *

5. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած պատուել, քանի որ մեզ իր պատկերով ստեղծեց։

5 Եհովան մեզ պատուեց, իր պատկերով մեզ ստեղծելով (Ծն. 1։26, 27)։ Որովհետեւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք, իր հոյակապ յատկութիւններէն շատերը կրնանք զարգացնել ու ցոյց տալ, ինչպէս՝ սէր, կարեկցութիւն, հաւատարմութիւն եւ արդարութիւն (Սաղ. 86։15. 145։17)։ Այսպիսի յատկութիւններ մշակելով, Եհովան կը պատուենք եւ կը փաստենք որ իրեն երախտապարտ ենք (Ա. Պետ. 1։14-16)։ Երբ մեր երկնաւոր Հօր հաճելի եղած կերպով կը վարուինք, ուրախ եւ գոհունակ կ’ըլլանք։ Նաեւ, քանի որ Եհովայի յատկութիւններուն պէս յատկութիւններ ունինք, կրնանք դառնալ այնպիսի անհատներ, որոնք կ’ուզէ ունենալ իր ընտանիքին մէջ։

6. Եհովան ինչպէ՞ս մարդիկը պատուեց, երբ երկիրը կը պատրաստէր։

6 Եհովան մեզի համար յատուկ բնակարան պատրաստեց։ Առաջին մարդը ստեղծելէն շա՜տ առաջ, Եհովան երկիրը մարդոց համար պատրաստեց (Յոբ 38։4-6. Եր. 10։12)։ Որովհետեւ ազնիւ ու առատաձեռն է, Եհովան մեզի համար բազմաթիւ լաւ բաներ պատրաստեց, որպէսզի կեանքէն հաճոյք առնենք (Սաղ. 104։14, 15, 24)։ Ան ժամանակ տրամադրեց իր ստեղծած բաներուն մասին մտածելու, եւ «տեսաւ որ բարի են» (Ծն. 1։10, 12, 31)։ Ան մարդիկը պատուեց՝ իրենց տիրել տալով այն բոլոր հիանալի բաներուն վրայ, որ երկրի վրայ ստեղծեց (Սաղ. 8։6)։ Աստուծոյ նպատակն է, որ կատարեալ մարդիկ ուրախանան իր գեղեցիկ ստեղծագործութեան հոգ տանելով յաւիտեա՛ն։ Կանոնաւորաբար Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնե՞ս այս գեղեցիկ խոստումին համար։

7. Յեսու 24։15–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ մարդը ազատ կամք ունի։

7 Եհովան մեզի ազատ կամքի պարգեւը տուած է։ Մե՛նք կ’ընտրենք թէ մեր կեանքին մէջ ի՛նչ պիտի ընենք։ Ընտրելու կարողութիւնը ազատ կամք կը կոչուի (կարդա՛ Յեսու 24։15)։ Մեր սիրալիր Աստուածը կ’ուրախանայ, երբ կ’ընտրենք իրեն ծառայել (Սաղ. 84։11. Առ. 27։11)։ Կրնանք մեր ազատ կամքը գործածել ուրիշ շատ մը լաւ որոշումներ առնելու համար։ Նկատի առ Յիսուսին ձգած օրինակը։

8. Օրինակ մը տուր, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր ազատ կամքը գործածեց։

8 Յիսուսի օրինակին հետեւելով, կրնանք ընտրել ուրիշներուն շահը մեր շահէն առաջ դնել։ Օր մը, երբ Յիսուս եւ իր առաքեալները շատ յոգնած էին, հանդարտ վայր մը գացին հանգստանալու համար։ Բայց չկրցան հանգստանալ։ Բազմութիւն մը եկաւ, որ կ’ուզէր Յիսուսէն սորվիլ։ Յիսուս փոխանակ նեղանալու, մարդոց վրայ խղճաց։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ «Շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մար. 6։30-34)։ Երբ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք, մեր ժամանակէն ու կորովէն տալով ուրիշներուն օգնելու համար, մեր երկնաւոր Հօր փառք կը բերենք (Մատ. 5։14-16)։ Նաեւ Եհովային ցոյց կու տանք, որ կ’ուզենք իր ընտանիքին մէկ մասը ըլլալ։

9. Ծնողները ի՞նչ բան պէտք է ի մտի ունենան։

9 Եհովան մարդոց տուած է կարողութիւն, որ զաւակներ ունենան, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութիւն՝ որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն զինք սիրել եւ իրեն ծառայել։ Եթէ ծնողք ես, այս յատուկ նուէրը կ’արժեւորե՞ս։ Թէեւ հրեշտակները Եհովայի կողմէ մեծապէս օրհնուած են, բայց այս առանձնաշնորհումը չունին։ Ուստի, ծնողները պէտք է երախտապարտ ըլլան իրենց զաւակները մեծցնելու առանձնաշնորհումին համար։ Ծնողներուն տրուած է կարեւոր պատասխանատուութիւն մը. իրենց զաւակները մեծցնել «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4. Բ. Օր. 6։5-7. Սաղ. 127։3)։ Ծնողներուն օգնելու համար, Աստուծոյ կազմակերպութիւնը կը հայթայթէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած շատ մը գործիքներ, օրինակ՝ հրատարակութիւններ, վիտէօներ, երաժշտութիւն եւ առցանց նիւթեր։ Յստակ է որ թէ՛ Եհովան եւ թէ իր Որդին մեր երեխաները կը սիրեն (Ղուկ. 18։15-17)։ Երբ ծնողները Եհովային կ’ապաւինին եւ իրենց ամէն կարելին կ’ընեն, որ իրենց թանկագին երեխաներուն հոգ տանին, Եհովան կ’ուրախանայ։ Եւ այսպիսի ծնողներ իրենց զաւակներուն առիթ կու տան, որ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը ըլլան յաւիտեա՛ն։

10-11. Եհովան փրկանքին միջոցաւ ի՞նչ բան կարելի դարձուցած է մեզի համար։

10 Եհովան իր թանկագին Որդին տուաւ, որպէսզի մենք նորէն իր ընտանիքի անդամները ըլլանք։ Ինչպէս որ  4–րդ պարբերութեան մէջ յիշուեցաւ, Ադամն ու Եւան անհնազանդ գտնուելով, Եհովայի ընտանիքին պատկանիլը կորսնցուցին թէ՛ իրենց համար եւ թէ իրենց զաւակներուն համար (Հռով. 5։12)։ Անոնք ընտրեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ, անոր համար արժանի եղան, որ այլեւս Աստուծոյ ընտանիքէն չըլլան։ Բայց իրենց զաւակներուն ի՞նչ պիտի ըլլար։ Եհովան սիրալիրօրէն կարգադրութիւն ըրաւ, որպէսզի իրեն հնազանդողները կարենան իր ընտանիքին միանալ (Յովհ. 3։16. Հռով. 5։19)։ Ան ասիկա ըրաւ իր միածին Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին զոհին միջոցով։ Յիսուսի զոհին շնորհիւ, 144,000 ուղղամիտ մարդիկ կ’որդեգրուին որպէս Աստուծոյ որդիներ (Հռով. 8։15-17. Յայտ. 14։1

11 Ասկէ զատ, միլիոնաւոր հաւատարիմներ Աստուծոյ կամքը կ’ընեն։ Անոնք Հազարամեային վերջաւորութեան՝ վերջին փորձէն ետք, պիտի կարենան լման կերպով Աստուծոյ ընտանիքէն ըլլալ (Սաղ. 25։14. Հռով. 8։20, 21)։ Այդ յոյսը ունենալով, անոնք հիմակուընէ Եհովան՝ իրենց Ստեղծիչը, «Հայր» կը կոչեն (Մատ. 6։9)։ Նաեւ, յարութիւն առնողները առիթը պիտի ունենան գիտնալու, թէ Եհովան իրենցմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Անոնք՝ որոնք կ’ընտրեն իր ուղղութեան հնազանդիլ, ի վերջոյ իրե՛նք ալ իր ընտանիքէն պիտի ըլլան։

12. Հիմա ի՞նչ հարցումի պիտի պատասխանենք։

12 Ինչպէս որ տեսանք, Եհովան նախաձեռնութիւնը առած է որ մարդիկը պատուէ շա՜տ մը կերպերով։ Ան արդէն օծեալները որդեգրած է որպէս իր որդիները, եւ «մեծ բազմութեան» յոյս տուած է, որ նոր աշխարհին մէջ լիովին իր զաւակները ըլլան (Յայտ. 7։9)։ Հիմա՛ ի՞նչ կրնանք ընել, Եհովային ցոյց տալու թէ կ’ուզենք յաւիտեա՛ն իր ընտանիքէն ըլլալ։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ, ՈՐ Կ’ՈՒԶԵՍ ԻՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷԿ ՄԱՍԸ ԸԼԼԱԼ

13. Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի Աստուծոյ ընտանիքին մէկ մասը ըլլանք (Մարկոս 12։30

13 Ցոյց տուր որ Եհովան կը սիրես, իրեն ամբողջ սրտովդ ծառայելով (կարդա՛ Մարկոս 12։30Աստուած ազնիւ գտնուելով՝ մեզի շա՜տ մը պարգեւներ տուած է։ Ամենամեծ պարգեւներէն մէկը՝ զինք պաշտելու կարողութիւնն է։ Եհովային ցոյց կու տանք որ զինք կը սիրենք՝ իր ‘պատուիրանքները պահելով’ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Պատուէրներէն մէկը, որուն Եհովան կ’ուզէ որ հնազանդինք, Յիսուսի այն պատուէրն է, որ աշակերտենք ու մկրտենք (Մատ. 28։19)։ Յիսուս նաեւ մեզի պատուիրեց, որ իրար սիրենք (Յովհ. 13։35)։ Եհովան իրեն հնազանդ եղողները իր երկրպագուներու համաշխարհային ընտանիքին մէկ մասը պիտի դարձնէ (Սաղ. 15։1, 2

14. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներու հանդէպ սէր ցոյց տալ (Մատթէոս 9։36-38. Հռովմայեցիս 12։10

14 Ուրիշներուն հանդէպ սէր ցոյց տուր։ Սէրը Եհովային ամենակարեւոր յատկութիւնն է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Զինք ճանչնալէ առաջ, Եհովա՛ն մեզ սիրեց (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Զինք կ’ընդօրինակենք, երբ ուրիշներուն հանդէպ սէր ցոյց կու տանք (Եփ. 5։1)։ Ատիկա ընելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ օգնել որ Եհովային մասին սորվին, մինչ տակաւին ժամանակ կայ (կարդա՛ Մատթէոս 9։36-38)։ Այսպէս, իրենց առիթ կու տանք, որ Աստուծոյ ընտանիքէն ըլլան։ Անհատ մը մկրտուելէ ետք, պէտք է շարունակենք զինք սիրել ու յարգել (Ա. Յովհ. 4։20, 21)։ Ատիկա ընելու մէկ կերպն է՝ իրեն հանդէպ վստահութիւն ունենալ։ Օրինակ, եթէ չենք հասկնար թէ որոշ բան մը ինչո՛ւ ըրաւ, պիտի չմտածենք որ ատիկա ըրաւ անձնասէր պատճառներով կամ գէշ նպատակով։ Փոխարէնը, մեր եղբայրը պիտի պատուենք, զինք մեր անձէն լաւ սեպելով (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։10. Փլպ. 2։3

15. Որո՞նց հանդէպ պէտք է գթած ու ազնիւ ըլլանք։

15 Բոլոր մարդոց հանդէպ գթած ու ազնիւ եղիր։ Եթէ կ’ուզենք ըլլալ մէկը, որ Եհովան իր Հայրը կը կոչէ յաւիտեա՛ն, պէտք է իր Խօսքը մեր կեանքին մէջ գործադրենք։ Օրինակ, Յիսուս սորվեցուց որ գթած եւ ազնիւ ըլլանք բոլոր մարդոց հանդէպ, նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հանդէպ (Ղուկ. 6։32-36)։ Ատեններ ատիկա ընելը մեզի համար դժուար կրնայ ըլլալ։ Այդ պարագային, պէտք է սորվինք Յիսուսի պէս մտածել ու վարուիլ։ Երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ Եհովային հնազանդինք եւ Յիսուսը ընդօրինակենք, մեր երկնաւոր Հօր ցոյց կու տանք, որ կ’ուզենք յաւիտեա՛ն իր ընտանիքէն ըլլալ։

16. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի ընտանիքին համբաւը պաշտպանել։

16 Եհովայի ընտանիքին համբաւը պաշտպանէ։ Ընտանիքի մը մէջ, պզտիկ եղբայրը ընդհանրապէս կ’ընդօրինակէ իր մեծ եղբօր ըրածները։ Եթէ մեծ եղբայրը Աստուածաշունչին սկզբունքները իր կեանքին մէջ կը գործադրէ, իր պզտիկ եղբօր լաւ օրինակ պիտի ըլլայ։ Իսկ եթէ սկսի սխալ բաներ ընել, իր պզտիկ եղբայրը կրնայ իր գէշ օրինակին հետեւիլ։ Նոյնն է պարագան Եհովայի ընտանիքին։ Եթէ հաւատարիմ քրիստոնեայ մը սկսի հաւատուրաց միտքեր ունենալ կամ ընտրէ անբարոյ կեանք մը վարել, ուրիշներ կրնան զինք ընդօրինակել եւ գէշ բաներ ընել։ Այդպէս ընողները Եհովայի երկրպագուներու ընտանիքին համբաւը կ’աւրեն (Ա. Թես. 4։3-8)։ Պէտք է գէշ օրինակներու չհետեւինք եւ որեւէ բանի թոյլ չտանք, որ մեզ մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրմէն հեռացնէ։

17. Ի՞նչ տեսակ մտածելակերպ պէտք է մերժենք, եւ ինչո՞ւ։

17 Եհովայի՛ն ապաւինէ եւ ոչ թէ նիւթական բաներու։ Եհովան խօսք կու տայ, որ մեզի ուտելիք, հագուելիք եւ ապաստանարան պիտի ապահովէ, եթէ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք եւ իր արդար չափանիշներուն համաձայն ապրինք (Սաղ. 55։22. Մատ. 6։33)։ Ատիկա ի մտի ունենալով, չենք մտածեր որ աշխարհի հրամցուցած նիւթական բաները մեզի ապահովութիւն եւ մնայուն ուրախութիւն պիտի բերեն։ Գիտենք որ Եհովային կամքը ընելը իսկական մտքի խաղաղութիւն ունենալու միակ կերպն է (Փլպ. 4։6, 7)։ Նոյնիսկ եթէ կրնանք շատ բաներ գնել, պէտք է նկատի առնենք, թէ արդեօք ժամանակ եւ կորով ունի՞նք ատոնք գործածելու եւ անոնց հոգ տանելու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մեր ունեցած բաներուն շատ կը կապուինք։ Պէտք է յիշենք, որ Աստուած իր ընտանիքին մէջ մեզի գործ մը տուած է։ Ասիկա կը նշանակէ որ նիւթական բաներով պէտք չէ տարուինք։ Անշուշտ, չենք ուզեր ըլլալ այն երիտասարդ տղամարդուն պէս, որ իր ունեցածները այնքա՛ն սիրեց, որ որոշեց Յիսուսին չհետեւիլ։ Ուստի Եհովային ծառայելու եւ Իր կողմէ որդեգրուելու առիթը կորսնցուց (Մար. 10։17-22

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՎԱՅԵԼԵՆ ՅԱՒԻՏԵԱՆ

18. Հնազանդ մարդիկը ի՞նչ մեծ պատիւ եւ օրհնութիւններ պիտի վայելեն յաւիտեան։

18 Հնազանդ մարդիկը պիտի ունենան մեծագոյն պատիւը, որ է՝ Եհովան սիրել ու պաշտել յաւիտեա՛ն։ Երկրային յոյս ունեցողները նաեւ պիտի ուրախանան հոգ տանելով այս գեղեցիկ մոլորակին, որ Եհովան ստեղծեց իրենց կատարեալ բնակարանը ըլլալու համար։ Շատ մօտ ատենէն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկիրը եւ անոր վրայ եղող ամէն բան նորէն պիտի գեղեցկացնէ։ Յիսուս պիտի լուծէ այն բոլոր խնդիրները, որոնք մէջտեղ եկան, երբ Ադամն ու Եւան որոշեցին Աստուծոյ ընտանիքը ձգել։ Եհովան միլիոնաւորներ պիտի յարուցանէ, եւ անոնց առիթ պիտի տայ, որ կատարեալ առողջութեամբ յաւիտեան ապրին դրախտի վերածուած երկրին վրայ (Ղուկ. 23։42, 43)։ Մինչ Եհովայի երկրպագուներու ընտանիքին երկրային մասը կատարելութեան կը հասնի, իւրաքանչիւր անձ պիտի արտացոլէ այն ‘փառքն ու պատիւը’, որուն մասին Դաւիթ գրեց (Սաղ. 8։5

19. Ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։

19 Եթէ «մեծ բազմութեան» կը պատկանիս, հոյակապ յոյս մը ունիս։ Աստուած քեզ կը սիրէ. ան կ’ուզէ որ իր ընտանիքէն ըլլաս։ Ուստի, ամէն կարելիդ ըրէ, որ զինք հաճեցնես։ Իւրաքանչիւր օր ապրէ՝ մտքիդ ու սրտիդ մէջ ունենալով Աստուծոյ խոստումները։ Սիրալիր երկնաւոր Հայրդ պաշտելու առանձնաշնորհումդ գնահատէ, եւ յաւիտեան զինք փառաբանելու յոյսդ արժեւորէ։

ԵՐԳ 50 Աստուածային սիրոյ օրինակը

^ պարբ. 5 Որպէսզի ընտանիք մը ուրախ ըլլայ, իւրաքանչիւր անդամ պէտք է գիտնայ, թէ իրմէ ի՛նչ կ’ակնկալուի եւ պէտք է միւս անդամներուն հետ համագործակցի։ Հայրը սիրալիրօրէն առաջնորդութիւնը կ’առնէ, մայրը անոր թիկունք կը կանգնի, իսկ զաւակները ծնողներուն կը հնազանդին։ Նոյնն է պարագան Եհովայի ընտանիքին։ Մեր Աստուածը մեզի համար նպատակ մը ունի, եւ եթէ այդ նպատակին հետ համագործակցինք, իր ընտանիքի անդամները պիտի ըլլանք յաւիտեա՛ն։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Աստուծոյ պատկերով ըլլալով, զոյգ մը կրնայ սէր եւ կարեկցութիւն ցոյց տալ իրարու եւ իրենց երկու տղաքներուն հանդէպ։ Զոյգը Եհովան կը սիրէ։ Զաւակներ ունենալու պարգեւը իրենց առիթ կու տայ որ իրենց տղաքը այնպէս մը մեծցնեն, որ Եհովան սիրեն եւ իրեն ծառայեն։ Ծնողները վիտէօ մը գործածելով, անոնց կը բացատրեն թէ Եհովան ինչո՛ւ Յիսուսի զոհը հայթայթեց։ Անոնց նաեւ կը սորվեցնեն, թէ գալիք Դրախտին մէջ մենք երկրին եւ անասուններուն հոգ պիտի տանինք յաւիտեան։