Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 31

Պատրա՞ստ ես Եհովային սպասելու

Պատրա՞ստ ես Եհովային սպասելու

«Համբերութեամբ պիտի սպասեմ» (ՄԻՔ. 7։7ՆԱ

ԵՐԳ 135 Մինչեւ վերջ տոկա՛

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

Ի՞ՆՉ կը զգաս, երբ ապսպրած ապրանքդ, որուն շատ պէտք ունիս, ակնկալած ժամանակիդ չի հասնիր։ Յուսախաբ կ’ըլլա՞ս։ Առակաց 13։12–ը իրապաշտօրէն կ’ըսէ. «Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ»։ Բայց ի՞նչ կ’ընես, եթէ գիտնաս որ վաւերական պատճառներով ապրանքը ակնկալած ժամանակիդ չհասաւ։ Այդ պարագային, հաւանաբար պիտի ուզես համբերութեամբ սպասել։

2 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք սուրբգրային քանի մը սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզի օգնել ‘համբերութեամբ սպասելու’ (Միք. 7։7, ՆԱ)։ Ետքը, պիտի քննենք երկու պարագաներ, որոնց մէջ պէտք է համբերութեամբ սպասենք, որ Եհովան գործի անցնի։ Եւ ի վերջոյ, նկատի պիտի առնենք թէ Եհովան ի՛նչ օրհնութիւններ խոստացած է համբերութեամբ սպասողներուն։

ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆՈՂ ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

3. Առակաց 13։11–ը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։

3 Առակաց 13։11–ի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչո՛ւ պէտք է համբերող ըլլանք։ Առակը կ’ըսէ. «Անիրաւութեամբ [«Արագօրէն», ՆԱ] հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, բայց իր աշխատութիւնով [«բայց քիչ–քիչ», ՆԱ] հաւաքողը պիտի շատցնէ»։ Այս համարէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ամէն բան զգուշութեամբ եւ համբերութեամբ ընելով, իմաստուն անձ մը լաւագոյն արդիւնքներու պիտի հասնի։

4. Առակաց 4։18–ի սկզբունքը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։

4 Առակաց 4։18–ը կ’ըսէ, որ «արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ Այս համարը ցոյց կու տայ, որ Եհովան իր ժողովուրդին կամաց–կամաց կ’օգնէ, որ իր նպատակը հասկնան։ Այս համարը նաեւ կրնայ մեզի օգնել հասկնալու, թէ քրիստոնեան ինչպէ՛ս իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կ’ընէ եւ երթալով Եհովային աւելի կը մօտենայ։ Հոգեւոր աճումը անկարելի է արագացնել. ատիկա ժամանակ կ’առնէ։ Եթէ ուշադրութեամբ սերտողութիւն կ’ընենք եւ Աստուծոյ Խօսքին ու իր կազմակերպութեան խրատները կը գործադրենք, կամաց–կամաց քրիստոսանման անձնաւորութիւն պիտի ունենանք։ Նաեւ Աստուած աւելի լաւ պիտի ճանչնանք։ Տես թէ Յիսուս այս գաղափարը ի՛նչ օրինակով բացատրեց։

Ճիշդ ինչպէս որ բոյս մը կամաց–կամաց կ’աճի, այնպէս ալ Թագաւորութեան պատգամը լսող եւ ընդունող անձ մը կամաց–կամաց հոգեւորապէս կ’աճի (տե՛ս պարբ. 5)

5. Յիսուս ի՞նչ օրինակով ցոյց տուաւ, որ ժամանակ կ’առնէ մինչեւ որ անհատ մը փոփոխութիւններ ընէ։

5 Յիսուս օրինակով մը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս մեր քարոզած Թագաւորութեան պատգամը կը նմանի պզտիկ սերմի մը, որ աստիճանաբար կ’աճի անկեղծ սիրտ ունեցող անհատներուն մէջ։ Ան ըսաւ. «Սերմը կը բուսնի ու կը մեծնայ ու ինք [սերմնացանը] չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։ Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ» (Մար. 4։27, 28)։ Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ան ուզեց բացատրել, որ ճիշդ ինչպէս որ բոյս մը կամաց–կամաց կ’աճի, այնպէս ալ Թագաւորութեան պատգամը ընդունող անձ մը կամաց–կամաց հոգեւորապէս կ’աճի։ Օրինակ, երբ մեր անկեղծ աշակերտները Եհովային կը մօտենան, կը սկսինք տեսնել իրենց ըրած լաւ փոփոխութիւնները (Եփ. 4։22-24)։ Բայց պէտք է մեր միտքը պահենք, որ Եհովան է որ այդ պզտիկ սերմը կ’աճեցնէ (Ա. Կոր. 3։7

6-7. Ի՞նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով Եհովան երկիրը ստեղծեց։

6 Եհովան ի՛նչ որ ալ ընէ, իր ժամանակը կ’առնէ որ իր ուզածը աւարտին հասցնէ։ Ան այդպէս կ’ընէ թէ՛ իր անուան փառքին եւ թէ ուրիշներուն օգուտին համար։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս քայլ առ քայլ երկիրը նախապատրաստեց մարդկութեան համար։

7 Նկարագրելով թէ Եհովան ինչպէ՛ս երկիրը ստեղծեց, Աստուածաշունչը կը նշէ ‘անոր չափերը դնելուն’ մասին, ‘հիմերը հաստատելուն’ մասին եւ ‘անոր անկիւնին քարը դնելուն’ մասին (Յոբ 38։5, 6)։ Եհովան նոյնիսկ ժամանակ տուաւ որ իր գործը քննէ (Ծն. 1։10, 12)։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ հրեշտակները ի՛նչ զգացին, երբ տեսան ամէն նոր բան որ Եհովան ստեղծեց։ Որչա՜փ ոգեւորուած ըլլալու էին։ Ատոնք տեսնելով սկսան «ցնծութեամբ աղաղակել» (Յոբ 38։7)։ Ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։ Եհովայի ստեղծագործական գործունէութիւնը հազարաւոր տարիներ առաւ։ Բայց երբ ան քննեց ամէն բան, որ ուշադրութեամբ ստեղծած էր, ըսաւ որ «շատ բարի էր» (Ծն. 1։31

8. Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

8 Ինչպէս վերը նշուած օրինակներուն մէջ տեսանք, Աստուծոյ Խօսքին մէջ շատ մը սկզբունքներ կան, որոնք համբերելու կարեւորութիւնը կը շեշտեն։ Այժմ նկատի պիտի առնենք երկու մասնայատուկ մարզեր, որոնց մէջ պէտք է պատրաստ ըլլանք Եհովային սպասելու։

ԹԵՐԵՒՍ Ե՞ՐԲ ՊԷՏՔ ԸԼԼԱՅ, ՈՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍՊԱՍԵՆՔ

9. Ո՞րն է մարզերէն մէկը, որուն մէջ պէտք է համբերութեամբ սպասենք։

9 Թերեւս պէտք ըլլայ սպասել, որ մեր աղօթքները պատասխանուին։ Երբ կ’աղօթենք ուժի համար, որ փորձութեան մը հետ գլուխ ելլենք, կամ օգնութեան համար, որ տկարութիւն մը յաղթահարենք, թերեւս զգանք որ մեր աղօթքներուն պատասխանը կ’ուշանայ։ Ինչո՞ւ Եհովան անմիջապէս չի պատասխաներ մեր բոլո՛ր աղօթքներուն։

10. Ինչո՞ւ պէտք ունինք համբերելու, երբ կ’աղօթենք։

10 Եհովան ուշի ուշով մեր աղօթքներուն ականջ կու տայ (Սաղ. 65։2)։ Ան մեր անկեղծ աղօթքները կը նկատէ որպէս փաստ, որ իրեն կը հաւատանք (Եբ. 11։6)։ Եհովան նաեւ հետաքրքրուած է տեսնելով, թէ որքա՛ն վճռած ենք մեր աղօթքներուն համաձայն ապրիլ եւ իր կամքը կատարել (Ա. Յովհ. 3։22)։ Ուրեմն պէտք է համբերութիւն ցուցաբերենք եւ մեր աղօթքներուն համաձայն վարուինք, մինչ կը ջանանք գէշ սովորութիւն մը կամ տկարութիւն մը յաղթահարել։ Յիսուս մեզի հասկցուց, որ մեր աղօթքներէն ոմանք անմիջապէս պիտի չպատասխանուէին։ Ան յորդորեց. «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր» (Մատ. 7։7, 8)։ Երբ այս խրատը գործադրենք եւ ‘շարունակ աղօթքի ետեւէ ըլլանք’, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը լսէ եւ մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ (Կող. 4։2

Մինչ Եհովային կը սպասենք, կը շարունակենք իրեն հաւատքով աղօթել (տե՛ս պարբ. 11) *

11. Եբրայեցիս 4։16–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, երբ կը թուի թէ աղօթքի մը պատասխանը կ’ուշանայ։

11 Թէեւ կրնայ այնպէս թուիլ թէ մեր աղօթքին պատասխանը կ’ուշանայ, Եհովան կը խոստանայ որ պիտի պատասխանէ «պէտք եղած ատեն» (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։16)։ Անոր համար, բնաւ պէտք չէ Եհովան մեղադրենք, եթէ բան մը մեր ակնկալածին պէս արագօրէն չպատահի։ Օրինակ, ոմանք տարիներով աղօթած են, որ տեսնեն թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս չար աշխարհին վերջը պիտի բերէ։ Յիսուս նոյնիսկ ըսաւ, որ ատոր համար պէտք է աղօթենք (Մատ. 6։10)։ Բայց ի՜նչ յիմարութիւն է, որ մէկը թոյլ տայ որ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը տկարանայ, քանի որ վերջը չեկաւ մարդոց ակնկալած ժամանակին (Ամբ. 2։3. Մատ. 24։44)։ Մենք իմաստուն կ’ըլլանք, երբ կը շարունակենք Եհովային սպասել եւ հաւատքով աղօթել։ Վերջը պիտի գայ ճիշդ ժամանակին, քանի որ Եհովան ատոր գալուն ‘օրն ու ժամը’ արդէն որոշած է։ Եւ այդ օրը բոլորին համար լաւագոյն ժամանակը պիտի ըլլայ (Մատ. 24։36. Բ. Պետ. 3։15

Համբերութեան մասին ի՞նչ կը սորվինք Յովսէփէն (տե՛ս պարբ. 12-14)

12. Ո՞ր մարզին մէջ թերեւս մեր համբերութիւնը յատկապէս փորձուի։

12 Թերեւս պէտք ըլլայ համբերել, մինչ անարդարութեան կը տոկանք։ Այս աշխարհին մէջ մարդիկ յաճախ գէշ կերպով կը վարուին անոնց հետ, որոնք իրենցմէ տարբեր սեռի, ցեղի, տոհմի, մշակոյթի կամ ազգութեան կը պատկանին։ Ոմանք ալ գէշ կերպով կը վարուին անոնց հետ, որոնք ֆիզիքական կամ մտային անկարողութիւններ ունին։ Եհովայի ծառաներէն շատեր իրենց աստուածաշնչական հաւատալիքներուն պատճառով անարդարութեան զոհ գացած են։ Երբ մեզի հետ գէշ կերպով կը վարուին, պէտք է յիշենք Յիսուսին խօսքը. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատ. 24։13)։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ գիտնաս լուրջ սխալի մը մասին, որ ժողովքէն եղող մէկը ըրած է։ Հարցին մասին երէցները տեղեակ ըլլալէ ետք, ատիկա պիտի ձգե՞ս իրենց ձեռքերուն մէջ, համբերութեամբ սպասելով որ ատոր հոգ տանին Եհովայի ուզած կերպով։ Թերեւս պէտք ըլլայ, որ երէցները ի՞նչ ընեն, երբ մէկը լուրջ մեղք մը գործէ։

13. Հարց մը Եհովայի ուզած կերպով նկատի առնելը ի՞նչ կը պարփակէ։

13 Երբ երէցները կը գիտնան ժողովքին մէջ եղած լուրջ մեղքի մը մասին, աղօթքով «վերին իմաստութիւնը» կը խնդրեն, որպէսզի պարագային նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը ունենան (Յակ. 3։17)։ Անոնց նպատակն է՝ մեղաւորին օգնել որ ‘իր մոլորութեան ճամբայէն դառնայ’ (Յակ. 5։19, 20)։ Անոնք նաեւ կ’ուզեն իրենց ամէն կարելին ընել, որպէսզի ժողովքը պաշտպանեն եւ վիրաւորուածները մխիթարեն (Բ. Կոր. 1։3, 4)։ Երբ երէցները կը գիտնան որ անհատ մը լուրջ մեղք գործած է, նա՛խ պէտք է վստահ ըլլան թէ ի՛նչ բան տեղի ունեցած է, ինչ որ կրնայ ժամանակ առնել։ Ետքը, անոնք կ’աղօթեն եւ զգուշութեամբ Աստուածաշունչէն ‘չափաւորութեամբ կը խրատեն’ անհատը (Եր. 30։11)։ Թէեւ երէցները հարցը չեն ձգձգեր, բայց ոչ ալ շտապ որոշում կ’առնեն։ Երբ անոնք հարցերը պատշաճ կերպով ձեռք կ’առնեն, ամբողջ ժողովքը կ’օգտուի։ Բայց նոյնիսկ երբ երէցները ճիշդ կերպով հարցը լուծեն, անմեղ անձը կրնայ տակաւին վիրաւորուած զգալ։ Եթէ քու պարագադ ալ այդպէս է, ի՞նչ կրնաս ընել որ ցաւդ թեթեւցնես։

14. Աստուածաշնչական ո՞ր օրինակը կրնայ քեզ մխիթարել, եթէ հաւատակից մը քեզ վիրաւորած է։

14 Հետդ պատահա՞ծ է որ մէկը՝ նոյնիսկ հաւատակից մը, քեզ վիրաւորած է։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կրնաս գտնել աչքառու օրինակներ, որոնք մեզի կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովային սպասել որ հարցերը շտկէ։ Օրինակ, թէեւ Յովսէփ իր եղբայրներուն երեսէն անարդարութենէ տառապեցաւ, ան թոյլ չտուաւ որ անոնց մեղքերը զինք դառնացնեն։ Փոխարէնը, ան կեդրոնացած մնաց Եհովային ծառայելուն վրայ, իսկ Եհովան զինք առատօրէն վարձատրեց իր համբերութեան համար (Ծն. 39։21)։ Ժամանակի ընթացքին Յովսէփ կրցաւ զինք վիրաւորողներուն ներել եւ տեսնել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք օրհնած էր (Ծն. 45։5)։ Յովսէփին պէս, կը մխիթարուինք երբ Եհովային կը մօտենանք եւ իրեն կը սպասենք, որ անարդարութիւնները ճիշդ ժամանակին շտկէ (Սաղ. 7։17. 73։28

15. Ի՞նչ բան քրոջ մը օգնեց, որ անարդարութիւն մը իր ետին ձգէ։

15 Անշուշտ, թերեւս Յովսէփին չափ անարդարութեան չենք հանդիպած, բայց ցաւ կը զգանք երբ մեզի հետ սխալ կերպով մը վարուին։ Երբ մէկու մը հետ խնդիր ունինք, մէջը ըլլալով Եհովան չպաշտող անձ մը, Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելով պիտի օգտուինք (Փլպ. 2։3, 4)։ Դէպք մը նկատի առ։ Քոյր մը խորապէս վիրաւորուեցաւ, երբ գիտցաւ որ գործընկերուհի մը իր մասին ժխտական եւ սուտ բաներ կ’ըսէր ուրիշներուն։ Արագօրէն հակազդելու փոխարէն, քոյրը ժամանակ տրամադրեց խոկալու Յիսուսին օրինակին շուրջ։ Երբ զինք կը վիրաւորէին, փոխարէնը չէր վիրաւորեր (Ա. Պետ. 2։21, 23)։ Ասիկա ի մտի ունենալով, քոյրը որոշեց մեծ հարց մը չհանել։ Ետքը, ան գիտցաւ որ իր գործընկերուհին լուրջ առողջապահական խնդիր մը ունէր ու շատ ճնշուած էր։ Անոր համար, քոյրը եզրակացուց որ ան հաւանաբար ըսել չուզեց այն ինչ որ ըսաւ։ Այսպիսով, քոյրը շատ ուրախ էր որ համբերութեամբ դիմացաւ այդ վերաբերմունքին եւ խաղաղութիւն գտաւ։

16. Եթէ անարդարութեան մը զոհ գացած ես, ի՞նչ բան կրնայ քեզ մխիթարել (Ա. Պետրոս 3։12

16 Եթէ անարդարութեան զոհ գացած ես կամ ուրիշ կերպով մը վիրաւորուած ես, յիշէ որ Եհովան «մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է» (Սաղ. 34։18)։ Ան քեզ կը սիրէ, քանի որ կը համբերես եւ բեռդ իր վրայ ձգած ես (Սաղ. 55։22)։ Ան ամբողջ երկրին Դատաւորն է, եւ բան մը իր աչքէն չի վրիպիր (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։12)։ Երբ ունիս լուրջ խնդիրներ, որոնք չես կրնար լուծել, արդեօք պատրա՞ստ ես Եհովային սպասելու։

ԱՆՎԵՐՋ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍՊԱՍՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

17. Եսայի 30։18–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ ընել։

17 Մօտ ատենէն, մեր երկնաւոր Հայրը իր Թագաւորութեան միջոցով մեզ առատապէս պիտի օրհնէ։ Եսայի 30։18–ը կ’ըսէ. «Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի. քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն»։ Անոնք, որոնք Եհովային կը սպասեն, բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի ստանան թէ՛ հիմա եւ թէ գալիք նոր աշխարհին մէջ։

18. Մեզի ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասեն։

18 Երբ Աստուծոյ ժողովուրդը մտնէ նոր աշխարհը, անոնք անգամ մըն ալ պիտի չստիպուին տոկալ այն մտահոգութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, որոնք այսօր ունին։ Ո՛չ անարդարութիւն, ոչ ալ ցաւ պիտի ըլլան (Յայտ. 21։4)։ Այլեւս հոգ պիտի չընենք որ թերեւս մեզի պէտք եղած բանը չստանանք, քանի որ առատութիւն պիտի ըլլայ (Սաղ. 72։16. Եսա. 54։13)։ Ասիկա ի՜նչ մեծ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։

19. Ներկայիս, Եհովան մեզ կամաց–կամաց ի՞նչ բանի կը պատրաստէ։

19 Ներկայիս, Եհովան մեզ կը պատրաստէ իր իշխանութեան ներքեւ ապրելու համար, մեզի օգնելով որ գէշ սովորութիւնները յաղթահարենք եւ զարգացնենք յատկութիւններ, որոնք իրեն հաճելի են։ Մի՛ վհատիր եւ մի՛ յանձնուիր։ Աւելի լաւ օրեր մեզի կը սպասեն։ Մեր առջեւ հիանալի ապագայ մը ըլլալով, թող որ շարունակենք համբերութեամբ սպասել Եհովային, մինչ իր խոստումները կը կատարէ։

ԵՐԳ 81 «Մեր հաւատքը աւելցուր»

^ պարբ. 5 Երբեք լսա՞ծ ես որ երկար տարիներ Եհովայի ծառայող մը ըսէ. «Չէի երեւակայեր որ այս տարիքիս դեռ այս չար աշխարհին մէջ պիտի ապրէի»։ Բոլորս կ’ուզենք որ Եհովան վերջը բերէ, մանաւանդ այս դժուար ժամանակներուն։ Սակայն պէտք է սորվինք համբերող ըլլալ։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք սուրբգրային սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզի օգնել որ համբերութեամբ սպասենք։ Նաեւ պիտի քննենք երկու պարագաներ, որոնց մէջ պէտք է համբերութեամբ Եհովային սպասենք։ Եւ ի վերջոյ, նկատի պիտի առնենք թէ Եհովան ի՛նչ օրհնութիւններ խոստացած է համբերութեամբ սպասողներուն։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Իր պզտիկութենէն ի վեր, քոյր մը կանոնաւորաբար Եհովային կ’աղօթէ։ Երբ պզտիկ էր, իր ծնողքը իրեն սորվեցուցին ինչպէս աղօթել։ Երբ պատանուհի էր, սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել եւ յաճախ Եհովայէն կը խնդրէր որ իր ծառայութիւնը օրհնէր։ Տարիներ ետք, երբ իր ամուսինը շատ հիւանդ էր, ան Եհովային կ’աղաչէր որ պէտք եղած զօրութիւնը տար այդ փորձութեան դիմանալու։ Ներկայիս, այրի ըլլալով՝ ան շարունակ կ’աղօթէ, վստահ ըլլալով որ իր երկնաւոր Հայրը,– ինչպէ՛ս միշտ,– իր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։