Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 34

‘Ճաշակէ’ Եհովային բարութիւնը. ինչպէ՞ս

‘Ճաշակէ’ Եհովային բարութիւնը. ինչպէ՞ս

«Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ» (ՍԱՂ. 34։8

ԵՐԳ 80 Բարութեան յատկութիւնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Սաղմոս 34։8–ին համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք ըմբռնել Եհովայի բարութիւնը։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ որ քեզի կը հրամցնեն բան մը, որ ասկէ առաջ չես կերած։ Կրնաս անոր մասին գաղափար մը ունենալ՝ անոր նայելով, հոտը առնելով, հարցնելով թէ ինչէ՛ պատրաստուած է, կամ ուրիշներուն կարծիքը առնելով։ Բայց միայն փորձելով կրնաս գիտնալ, թէ պիտի սիրես կամ ոչ։

2 Նոյնպէս, Եհովայի բարութեան մասին կը սորվինք՝ Աստուածաշունչը եւ մեր հրատարակութիւնները կարդալով, ինչպէս նաեւ ուրիշներէն լսելով թէ Եհովան զիրենք ինչպէ՛ս օրհնած է։ Բայց իրապէս պիտի ըմբռնենք թէ Եհովան որչա՜փ բարի է, եթէ անձամբ իր բարութիւնը ‘ճաշակենք’ (կարդա՛ Սաղմոս 34։8)։ Օրինակով մը տեսնենք ատիկա ընելու կերպ մը։ Սեպենք թէ լիաժամ ծառայութեան մէկ տեսակին կ’ուզենք մասնակցիլ, բայց այդ նպատակակէտին հասնելու համար, մեր կեանքը պէտք է պարզացնենք։ Հաւանաբար, յաճախ կարդացած ենք Յիսուսին այն խոստումը, որ եթէ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք՝ Եհովան մեզի պէտք եղած բաները պիտի տայ, բայց անձամբ բնա՛ւ չենք շօշափած այդ խոստումին կատարումը (Մատ. 6։33)։ Այսուհանդերձ, Յիսուսի խոստումին հաւատալով, մեր ծախսերը կը պակսեցնենք, գործին ժամերը կը նուազեցնենք եւ կը կեդրոնանանք մեր ծառայութեան վրայ։ Այդպէս ընելով, փորձառաբար կը գիտնանք որ Եհովան իրապէս մեր պէտքերը կը հոգայ. անձամբ ‘ճաշակած’ կ’ըլլանք Եհովայի բարութիւնը։

3. Սաղմոս 16։1, 2–ին համաձայն, Եհովայի բարութենէն որո՞նք կ’օգտուին։

3 Եհովան ‘բարի է ամէնուն’ հանդէպ, նոյնիսկ՝ անոնց հանդէպ, որոնք զինք չեն ճանչնար (Սաղ. 145։9. Մատ. 5։45)։ Բայց ան մանաւանդ կ’օրհնէ անոնք, որոնք զինք կը սիրեն եւ իրեն ամբողջ սրտով կը ծառայեն (կարդա՛ Սաղմոս 16։1, 2)։ Նկատի առ կերպերէն ոմանք, որոնցմով Եհովայի բարութենէն կ’օգտուինք։

4. Եհովան ինչպէ՞ս իր բարութիւնը ցոյց կու տայ անոնց հանդէպ, որոնք կը սկսին իրեն մօտենալ։

4 Ամէն անգամ, որ կը գործադրենք այն ինչ որ Եհովայէն կը սորվինք, ատոր լաւ արդիւնքները կը տեսնենք մեր կեանքին մէջ։ Երբ սկսանք իր մասին սորվիլ եւ զինք սիրել, ան մեզի օգնեց որ յաղթահարենք այն մտածելակերպը եւ սովորութիւնները, որոնք մեզ իրմէ կը բաժնէին (Կող. 1։21)։ Իսկ երբ մեր անձը նուիրեցինք Եհովային եւ մկրտուեցանք, ան մեզի ուրիշ լաւ բաներ տուաւ, ինչպէս՝ լաւ խղճմտանք եւ իրեն հետ մտերիմ բարեկամութիւն (Ա. Պետ. 3։21

5. Ինչպէ՞ս մեր ծառայութեան մէջ կը շօշափենք Եհովայի բարութիւնը։

5 Կը շարունակենք Եհովայի բարութիւնը վայելել, մինչ ծառայութեան կը մասնակցինք։ Արդեօք ամչկո՞տ ես։ Եհովայի ծառաներէն շատեր ամչկոտ են։ Թերեւս Եհովայի ծառայ մը դառնալէ առաջ, բնաւ չէիր կրնար երեւակայել որ օրին մէկը բոլորովին անծանօթ մէկու մը դուռը պիտի զարնէիր եւ իրեն պիտի խօսէիր պատգամի մը մասին, որ շատեր չեն ընդունիր։ Բայց այսօր ատիկա կանոնաւորաբար կ’ընես։ Ասկէ աւելին, Եհովայի օգնութեամբ սորված ես քարոզչութենէն հաճոյք առնել։ Շատ մը կերպերով Եհովայի օգնութիւնը շօշափած ես։ Ան քեզի օգնած է, որ հակառակորդի մը դիմաց հանդարտ մնաս։ Ան նաեւ քեզի օգնած է, որ պէտք եղած համարը յիշես, երբ հետաքրքրուած տանտէրի մը հետ կը խօսէիր։ Եւ ան քեզի ոյժ տուած է, որ շարունակես դիմանալ, երբ թաղամասիդ մէջ անտարբերութիւն կը դիմագրաւէիր (Եր. 20։7-9

6. Ինչպէ՞ս Եհովայի տուած մարզումը կը փաստէ իր բարութիւնը։

6 Եհովան նաեւ մեզի հանդէպ իր բարութիւնը ցոյց տուած է ծառայութեան համար մեզ մարզելով (Յովհ. 6։45)։ Միջշաբաթային ժողովներուն մէջ, լաւ պատրաստուած՝ «Ծառայութեան համար առաջարկներ» կը լսենք եւ մեզի քաջալերութիւն կը տրուի, որ ատոնք ծառայութեան մէջ գործածենք։ Սկիզբը, թերեւս քիչ մը վախնանք նոր բան մը փորձելու, բայց երբ նոր մօտեցում մը փորձենք, թերեւս տեսնենք որ ատիկա թաղամասի մարդոց համար գրաւիչ է։ Նաեւ, ժողովներուն եւ համաժողովներուն մեզի քաջալերութիւն կը տրուի, որ մասնակցինք ծառայութեան այն տեսակներուն, որոնք ասկէ առաջ չենք փորձած։ Նորէն, թերեւս ստիպուինք մեր հանգիստը մէկ կողմ դնել, բայց երբ այդպէս ընենք՝ Եհովան մեզ պիտի օրհնէ։ Նկատի առնենք օրհնութիւններէն ոմանք, որոնք կու գան երբ Եհովային մեր լաւագոյնը տալու նոր կերպեր կը գտնենք՝ ի՛նչ ալ ըլլան մեր պարագաները։ Ետքը քննենք կերպեր, որոնցմով կրնանք մեր ծառայութիւնը ընդարձակել։

ԵՀՈՎԱՆ Կ’ՕՐՀՆԷ ԱՆՈՆՔ, ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆ Կ’ԱՊԱՒԻՆԻՆ

7. Ի՞նչ օրհնութիւն կը ստանանք, երբ կը ջանանք մեր ծառայութիւնը ընդարձակել։

7 Եհովային ա՛լ աւելի կը մօտենանք։ Նկատի առ Սամուէլ * անունով երէցի մը օրինակը, որ իր կնոջ հետ կը ծառայէ Քոլոմպիայի մէջ։ Զոյգը ռահվիրայութիւն կ’ընէին իրենց ժողովքին մէջ, բայց ուզեցին իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել՝ օգնելով ժողովքի մը, ուր աւելի կարիք կար։ Այդ նպատակակէտին հասնելու համար, անոնք պէտք էր կարգ մը զոհողութիւններ ընէին։ Սամուէլ կ’ըսէ. «Մատթէոս 6։33–ը գործադրեցինք եւ սկսանք այլեւս անտեղի գնումներ չընել։ Բայց ամէնէն դժուար բանը՝ մեր բնակարանը ձգելն էր։ Անիկա մեր ուզածին պէս շինուած էր եւ մեր սեփականութիւնն էր»։ Իրենց նոր նշանակումին մէջ, անոնք տեսան որ կրնային ապրիլ շատ աւելի քիչ դրամով, քան առաջ։ Սամուէլ կ’ըսէ. «Տեսանք թէ ինչպէ՛ս Եհովան մեր քայլերը կ’առաջնորդէր եւ մեր աղօթքներուն կը պատասխանէր։ Եհովայի հաճութիւնն ու սէրը կը զգանք այնպիսի կերպերով, որ ասկէ առաջ բնաւ չէինք զգացած»։ Կրնա՞ս կերպով մը ծառայութիւնդ ընդարձակել։ Եթէ այո, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովային պիտի մօտենաս եւ ինք քեզի հոգ պիտի տանի (Սաղ. 18։25

8. Իվանի ու Վիքթորիայի խօսքերէն ի՞նչ կը սորվիս։

8 Մեր ծառայութեան մէջ ուրախութիւն կը գտնենք։ Նկատի առ ամուսնացած զոյգի մը՝ Իվանի ու Վիքթորիայի խօսքերը, որոնք որպէս ռահվիրայ կը ծառայեն Խըրխըզիստանի մէջ։ Անոնք իրենց կեանքը պարզ պահեցին, որպէսզի կարենան կամաւորաբար մասնակցիլ որեւէ նշանակումի, մէջը ըլլալով՝ շինարարական ծրագիրները։ Իվան կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւր ծրագրի ամբողջ սրտով մասնակցեցանք։ Թէեւ օրուան վերջաւորութեան յոգնած կ’ըլլայինք, բայց խաղաղ եւ գոհունակ կը զգայինք գիտնալով, որ մեր ուժը տուած էինք Թագաւորութեան գործին։ Նաեւ, շատ ուրախացանք այն բարեկամութիւններով եւ լաւ յիշատակներով, որ ունեցանք» (Մար. 10։29, 30

9. Դժուար պարագաներ ունեցող քոյր մը ի՞նչ ըրած է, որ իր ծառայութիւնը ընդարձակէ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

9 Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրախութիւն կը գտնենք, նոյնիսկ երբ դժուար պարագաներ ունինք։ Օրինակ, Միրէյ՝ տարեց այրի մը Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, բժշկուհի էր։ Երբ հանգստեան կոչուեցաւ, սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել։ Միրէյ յօդերու լուրջ հիւանդութիւն ունի եւ դռնէ դուռ ծառայութեան մէջ մէկ ժամ անցընելէ ետք, անպայման պէտք է հանգստանայ։ Ան աւելի ժամանակ կը տրամադրէ հանրային վկայութեան, գործածելով հրատարակութիւններու սայլակը։ Ան շատ վերայցելութիւններ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ունի, որոնցմէ ոմանց կրնայ հեռաձայնով կապուիլ։ Ի՞նչ բան Միրէյը մղեց, որ իր ծառայութիւնը ընդարձակէ։ Ան կ’ըսէ. «Սիրտս լեցուած է Եհովայի եւ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ սիրով։ Եւ շատ անգամ կ’աղօթեմ որ Եհովան ինծի օգնէ, որ իր ծառայութեան մէջ լաւագոյնս ընեմ» (Մատ. 22։36, 37

10. Ինչպէս Ա. Պետրոս 5։10–ը ցոյց կու տայ, անոնք որոնք կ’ընդարձակեն իրենց ծառայութիւնը, Եհովայէն ի՞նչ կը ստանան։

10 Եհովայի կողմէ յաւելեալ մարզում կը ստանանք։ Քենի անունով ռահվիրայ եղբայր մը, որ Մավրիկիոսի մէջ կը ծառայէ, փորձառաբար ասիկա տեսաւ։ Երբ ճշմարտութիւնը գիտցաւ, համալսարանը ձգեց, մկրտուեցաւ եւ լիաժամ ծառայութեան սկսաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ջանք կ’ընեմ Եսայի մարգարէին խօսքերուն համաձայն ապրելու, որ ըսաւ. ‘Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ’» (Եսա. 6։8)։ Քենին քանի մը շինարարական ծրագիրներու մասնակցած է, ինչպէս նաեւ օգնած է աստուածաշնչական հրատարակութիւններ թարգմանելու իր մայրենի լեզուին։ Քենին կ’ըսէ. «Ես մարզում ստացայ, որ ինծի սորվեցուց այն հմտութիւնները, որոնց պէտք ունէի նշանակումներուս մէջ»։ Բայց ան աւելին սորվեցաւ, քան պարզապէս իր գործը ընել։ Ան կ’ըսէ. «Գիտցայ սահմանափակումներուս մասին եւ թէ ո՛ր յատկութիւնները պէտք է մշակեմ, որ Եհովայի համար աւելի լաւ ծառայ ըլլամ» (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։10)։ Դուն ալ կրնա՞ս կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ ընել, որ Եհովայէն աւելի մարզում ստանաս։

Զոյգ մը կը քարոզէ շրջանի մը մէջ, ուր Թագաւորութեան աւետարանիչներու աւելի կարիք կայ. երիտասարդ քոյր մը Թագաւորութեան սրահի մը շինարարութեան մէջ կ’օգնէ. տարեց զոյգ մը հեռաձայնով կը վկայէ։ Անոնք բոլորն ալ մեծապէս կ’ուրախանան իրենց ծառայութեան մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Հարաւային Քորէայի մէջ քոյրեր ի՞նչ ջանք ըրին իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու համար, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ (տե՛ս նաեւ կողքին նկարը)։

11 Նոյնիսկ փորձառու Վկաներ մարզումի պէտք ունին, երբ ծառայութեան նոր ձեւ մը կը փորձեն։ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ատեն, Հարաւային Քորէայի մէջ ժողովքի մը երէցները գրեցին. «Ոմանք, որոնք կը խորհէին թէ դաշտի ծառայութեան չէին կրնար մասնակցիլ առողջապահական խնդիրներու պատճառով, այժմ կը ծառայեն տեսաժողովներու միջոցով։ 80–ական տարիքի մէջ եղող երեք քոյրեր նոր թեքնոլոճիին վարժուեցան եւ սկսան գրեթէ ամէն օր այդ տեսակ ծառայութեան մէջ բաժին բերել» (Սաղ. 92։14, 15)։ Կը փափաքի՞ս ծառայութիւնդ ընդարձակել եւ Եհովային բարութիւնը ա՛լ աւելի ճաշակել։ Նկատի առ կարգ մը քայլեր, որոնք կրնաս առնել այդ նպատակակէտին հասնելու համար։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻԻՆ ՁԳՏԻԼ

12. Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ անոնց, որոնք իրեն կ’ապաւինին։

12 Սորվէ Եհովային ապաւինիլ։ Ան կը խոստանայ մեր վրայ օրհնութիւններ թափել, երբ իրեն կը վստահինք եւ մեր լաւագոյնը կու տանք իրեն (Մաղ. 3։10)։ Քոլոմպիայի մէջ, Ֆապիոլա անունով քոյր մը տեսաւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր կեանքին մէջ այդ խոստումը կատարեց։ Ան ուզեց իր մկրտուելէն շատ չանցած ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Սակայն իր ամուսինն ու երեք զաւակները դրամական գետնի վրայ իրմէ կախեալ էին։ Ուստի երբ հանգստեան կոչուելու տարիքը հասաւ, ան ջերմեռանդօրէն Եհովային աղօթեց, որ իրեն օգնէ։ Ֆապիոլան կ’ըսէ. «Ընդհանրապէս, մարդիկ երկար ժամանակ պէտք է սպասեն, մինչեւ որ սկսին հանգստաթոշակ առնել, բայց իմ պարագայիս, հանգստաթոշակը ինծի տրուեցաւ դիմումնագիր ներկայացնելէս միայն մէկ ամիս ետք։ Ատիկա հրաշք էր»։ Երկու ամիս ետք, ան ռահվիրայութեան սկսաւ։ Այժմ իր 70–ական տարիքին մէջ է եւ արդէն աւելի քան 20 տարիէ ի վեր որպէս ռահվիրայ կը ծառայէ։ Այդ տարիներուն ընթացքին, ութ անհատներու օգնած է, որ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։ Ան կ’ըսէ. «Թէեւ ատեններ տկար կը զգամ, բայց Եհովան ինծի ամէն օր կ’օգնէ, որպէսզի կարենամ ռահվիրայութիւնս շարունակել»։

Աբրահամն ու Սառան, Յակոբը, ինչպէս նաեւ Յորդանան գետին մէջ ոտք դրած քահանաները, ինչպէ՞ս ցոյց տուին որ Եհովային կը վստահէին (տե՛ս պարբ. 13)

13-14. Ի՞նչ օրինակներ կրնան մեզի օգնել, որ Եհովային վստահինք եւ ձգտինք աւելին ընել։

13 Օգտուէ անոնց օրինակէն, որոնք Եհովային ապաւինեցան։ Աստուածաշունչը լեցուն է անհատներու օրինակներով, որոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ ծանր աշխատեցան։ Շատ անգամ, Եհովայի կողմէ յատուկ կերպով օրհնուելէ առաջ, անոնք պէտք էր առաջին քայլը առնէին։ Օրինակ, Եհովան Աբրահամը օրհնեց միայն երբ ան իր տունը ձգեց, թէեւ «չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ» (Եբ. 11։8)։ Յակոբ հրեշտակի մը հետ գօտեմարտելէ ետք էր, որ Եհովայէն յատուկ օրհնութիւն մը ստացաւ (Ծն. 32։24-30)։ Երբ իսրայէլ ազգը Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էր, քահանաները կատաղի Յորդանան գետին մէջ ոտք դնելէ ետք էր, որ ժողովուրդը կրցաւ գետը կտրել (Յես. 3։14-16

14 Կրնաս նաեւ օգտուիլ Վկաներու օրինակէն, որոնք Եհովային ապաւինած են եւ ձգտած են աւելին ընել։ Օրինակ, Փէյթընը եւ իր կինը՝ Տայանան, կը սիրէին կարդալ եղբայրներու եւ քոյրերու մասին, որոնք իրենց ծառայութիւնը ընդարձակած են, ինչպէս՝ «Անձնուրաց ծառայողներ» յօդուածաշարքին մէջ նշուած անհատները *։ Փէյթըն կ’ըսէ. «Երբ կը կարդայինք իրենց փորձառութիւնները, կը զգայինք թէ կը դիտենք ինչպէ՛ս մէկը համով կերակուր մը կ’ուտէ։ Ո՛րքան աւելի կը դիտէինք, ա՛յնքան աւելի կ’ուզէինք ‘ճաշակել ու տեսնել թէ Եհովան բարի է’»։ Ի վերջոյ, Փէյթընը եւ Տայանան փոխադրուեցան ծառայելու հոն, ուր աւելի կարիք կար։ Այս յօդուածաշարքը կարդացա՞ծ ես։ Իսկ jw.org կայքին վրայ դիտա՞ծ ես Հեռաւոր շրջանի մէջ քարոզել. Աւստրալիա (արաբ.) եւ Հեռաւոր շրջանի մէջ քարոզել. Իրլանտա վիտէօները։ Այս նիւթերը կրնան քեզի օգնել, որ ծառայութիւնդ ընդարձակելու կերպեր փնտռես։

15. Ճիշդ անհատներու հետ ընկերակցիլը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

15 Ընկերակցէ ճիշդ անհատներու հետ։ Ընդհանրապէս կը մղուինք նոր ճաշ մը փորձելու, եթէ մեզի հետ եղողները ախորժակով զայն կ’ուտեն։ Նմանապէս, երբ կ’ընկերակցինք անոնց, որոնց կեանքը Եհովայի ծառայութեան շուրջ կը դառնայ, աւելի հաւանական է որ մենք ալ Աստուծոյ աւելի ծառայելու կերպեր փնտռենք։ Այսպէս պատահեցաւ Քենթին եւ Վերոնիքային հետ։ Քենթ կ’ըսէ. «Մեր բարեկամներն ու ընտանիքը մեզ քաջալերեցին, որ ծառայութեան նոր կերպեր փորձենք։ Անդրադարձանք որ ընկերակցելով անոնց, որոնք նա՛խ Թագաւորութիւնը կը փնտռեն, վստահութիւն ձեռք ձգեցինք նոր բան մը փորձելու»։ Այժմ Քենթն ու Վերոնիքան Սերպիոյ մէջ կը ծառայեն որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։

16. Ըստ Ղուկաս 12։16-21–ի, ինչո՞ւ պէտք է պատրաստ ըլլանք զոհողութիւններ ընելու։

16 Եհովայի համար զոհողութիւններ ըրէ։ Եհովան հաճեցնելու համար պէտք չունինք մեր բոլոր սիրած բաներէն վազ անցնելու (Ժող. 5։19, 20)։ Բայց եթէ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ աւելին ընելէ ետ կենանք, միայն որպէսզի չստիպուինք անձնական զոհողութիւններ ընել, այն նոյն սխալը ըրած պիտի ըլլանք, որ ըրաւ Յիսուսի առակին մէջի մարդը, որ իրեն համար հանգստաւէտ կեանք մը ապահովեց, բայց անտեսեց Աստուած (կարդա՛ Ղուկաս 12։16-21)։ Քրիսթիան անունով եղբայր մը, որ Ֆրանսայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Եհովային ու ընտանիքիս լաւագոյնս չէի տար, ժամանակս եւ ուժս տարբեր բաներու վրայ վատնելով»։ Ան եւ իր կինը որոշեցին ռահվիրայութիւն ընել։ Բայց այդ նպատակակէտին հասնելու համար պէտք էր որ երկուքն ալ իրենց գործը ձգէին։ Ապրուստը ապահովելու համար, մաքրութեան վերաբերող պզտիկ գործ մը սկսան եւ սորվեցան քիչով բաւարարուիլ։ Կ’արժէ՞ր այդ զոհողութիւնը ընել։ Քրիսթիան կ’ըսէ. «Այժմ մեր ծառայութիւնը աւելի իմաստալից է եւ կ’ուրախանանք տեսնելով թէ Աստուածաշունչի աշակերտները եւ վերայցելութիւնները Եհովայի մասին կը սորվին»։

17. Ի՞նչ բան կրնայ մեզ ետ պահել ծառայութեան մէջ նոր բան մը փորձելէ։

17 Պատրաստ եղիր ծառայութեան նոր ձեւ մը փորձելու (Գործք 17։16, 17. 20։20, 21)։ Շիրլին, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ռահվիրայ մըն է, ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ատեն, իր ծառայութեան մէջ պէտք էր փոփոխութիւններ մտցնէր։ Սկիզբը, կը վախնար հեռաձայնով վկայութիւն տալու։ Բայց երբ շրջանային տեսուչին այցելութեան ընթացքին մարզում ստացաւ, սկսաւ վկայութեան այս ձեւին կանոնաւորաբար մասնակցիլ։ Ան կ’ըսէ. «Սկիզբը, անհանգիստ կը զգայի, բայց հիմա շա՜տ կը սիրեմ ծառայութեան այս ձեւը։ Այսպէս, կրնանք աւելի մարդոց հետ կապի մէջ մտնել, քան երբ տունէ տուն կը քարոզէինք»։

18. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ մեր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլենք, մինչ կը ջանանք մեր ծառայութիւնը ընդարձակել։

18 Ծրագիր դիր եւ գործի անցիր։ Երբ խնդիրներու առջեւ ըլլանք, աղօթքով օգնութիւն կը խնդրենք եւ լաւ կը մտածենք թէ ի՛նչ քայլեր կրնանք առնել ատոնք լուծելու համար (Առ. 3։21)։ Սոնիան, որ Եւրոպայի մէջ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ կը ծառայէ գնչուերէն խօսող խումբի մը մէջ, կ’ըսէ. «Կը սիրեմ ծրագիրներս թուղթի մը վրայ գրել եւ այդ թուղթը տեղ մը դնել, ուր դիւրաւ կը տեսնուի։ Սեղանիս վրայ խաչմերուկի մը նկարը դրած եմ։ Երբ առնելիք որոշում մը ունիմ, այդ խաչմերուկին կը նայիմ եւ կը մտածեմ, թէ որոշումս զիս ո՛ր ուղղութեամբ պիտի տանի»։ Սոնիան ջանք կ’ընէ որ իր ունեցած դժուարութիւններուն հանդէպ դրական կեցուածք ունենայ։ Ան կ’ըսէ. «Ամէն նոր պարագայ կրնայ կա՛մ պատ ըլլալ, որ առջեւս կը գոցէ, կամ ալ կամուրջ, որ ինծի կ’օգնէ։ Ամէն բան կախեալ է, թէ հարցը ինչպէ՛ս կը դիտեմ»։

19. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

19 Եհովան մեզ շատ մը կերպերով կ’օրհնէ։ Կրնանք ցոյց տալ, թէ որքա՜ն կ’արժեւորենք այդ օրհնութիւնները, երբ մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ իրեն փառք բերենք (Եբ. 13։15)։ Ատիկա կը պարփակէ՝ մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու նոր կերպեր փնտռել, ինչ որ դուռ կը բանայ յաւելեալ օրհնութիւններու։ Ամէն օր կերպեր փնտռենք ‘ճաշակելու եւ տեսնելու որ Եհովան բարի է’։ Այն ատեն, պիտի նմանինք Յիսուսին, որ ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յովհ. 4։34

ԵՐԳ 95 ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք, թէ Եհովան բարի է’

^ պարբ. 5 Ամէն բարի բան Եհովայէն կու գայ։ Ան լաւ բաներ կու տայ բոլորին, նոյնիսկ չար մարդոց։ Բայց ան մանաւանդ կը սիրէ լաւ բաներ ընել իր հաւատարիմ ծառաներուն համար։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր բարութիւնը կ’արտայայտէ իր ծառաներուն հանդէպ։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս անոնք, որոնք իրենց ծառայութիւնը կ’ընդարձակեն, կրնան Եհովայի բարութիւնը մասնայատուկ կերպով շօշափել։

^ պարբ. 7 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 14 Այս յօդուածաշարքը, որ նախապէս կը հրատարակուէր Դիտարան–ի մէջ, այժմ կը գտնուի jw.org կայքին վրայ։ Բա՛ց ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ > ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ > ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐՈՒ ՀԱՍՆԻԼ։