Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 36

Արժեւորէ երիտասարդ եղբայրներուն ու քոյրերուն ուժը

Արժեւորէ երիտասարդ եղբայրներուն ու քոյրերուն ուժը

«Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է» (ԱՌ. 20։29

ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մինչ կը ծերանանք, ի՞նչ գործնական նպատակակէտ մը կրնանք դնել։

ԵՐԲ կը ծերանանք, թերեւս կը վախնանք որ այլեւս պիտի չկարենանք Եհովայի համար նո՛յնքան բան ընել, ո՛րքան առաջ կ’ընէինք։ Այո, թերեւս առաջուան ուժը չունինք, բայց կրնանք մեր ձեռք ձգած իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը գործածել, որ երիտասարդներուն օգնենք իրենց կարողութիւններուն լաւագոյնը գործածելու եւ նոր պատասխանատուութիւններ շալկելու։ Երկար տարիներու երէց մը ըսաւ. «Երբ սկսայ ծերութեան բերած սահմանափակումները մորթիս վրայ զգալ, շնորհակալ էի որ կային որակեալ երիտասարդ եղբայրներ, որոնք պատրաստ էին գործը ստանձնելու»։

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, թէ երիտասարդները ինչպէ՛ս կ’օգտուին, երբ տարեցներուն հետ կը մտերմանան։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս խոնարհ ըլլալը, համեստ ըլլալը, շնորհակալ ըլլալը եւ առատաձեռն ըլլալը կրնան տարեցներուն օգնել, որ երիտասարդներուն հետ ուս–ուսի աշխատին, ինչ որ ժողովքին օգուտներ պիտի բերէ։

ԽՈՆԱՐՀ ԵՂԻՐ

3. Փիլիպպեցիս 2։3, 4–ի համաձայն, խոնարհութիւնը ի՞նչ է, եւ քրիստոնեային ինչպէ՞ս կրնայ օգնել։

3 Եթէ տարեցները կ’ուզեն երիտասարդներուն օգնել, պէտք է խոնարհ ըլլան։ Խոնարհ անձը ուրիշները իրմէ աւելի լաւ կը նկատէ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։3, 4)։ Այն տարեցները, որոնք խոնարհ են, կը գիտակցին որ նոյն բանը կրնաս ընել շատ մը տարբեր կերպերով, որոնք Աստուածաշունչին համաձայն են եւ կը յաջողին։ Անոր համար, անոնք չեն ակնկալեր որ բոլորը ամէն բան այն նոյն կերպով ընեն, որ իրենք անցեալին կ’ընէին (Ժող. 7։10)։ Թէեւ անոնք երիտասարդներուն սորվեցնելիք արժէքաւոր բաներ ունին, բայց գիտակից են որ «այս աշխարհի տեսարանը կը փոխուի» եւ թերեւս պէտք ըլլայ, որ նոր պարագաներուն յարմարին (Ա. Կոր. 7։31, ՆԱ

Տարեցները առատաձեռնօրէն իրենց ձեռք ձգած փորձառութիւնը ուրիշներուն հետ կը բաժնեն (տե՛ս պարբ. 4-5) *

4. Շրջանային տեսուչները ինչպէ՞ս ղեւտացիներուն կեցուածքը ունին։

4 Խոնարհ տարեցները գիտեն, որ մինչ կը ծերանան, չեն կրնար առաջուան պէս գործունեայ ըլլալ։ Օրինակ, մտածէ մեր շրջանային տեսուչներուն մասին։ Երբ 70 տարեկան կ’ըլլան, իրենցմէ կը խնդրուի որ տարբեր նշանակումի մը սկսին։ Ատիկա կրնայ դիւրին չըլլալ։ Անոնք իրենց եղբայրներուն ծառայելու առանձնաշնորհումը մեծապէս կը գնահատէին։ Իրենց ծառայութիւնը շատ կը սիրէին եւ տակաւին կը փափաքին այդ ծառայութեան մէջ ըլլալ։ Բայց անոնք կը հասկնան, որ աւելի լաւ է որ երիտասարդ եղբայրները այդ գործը ձեռք առնեն։ Այսպիսով անոնք ցոյց կու տան, որ ղեւտացիներուն պէս են, որոնք երբ 50 տարեկան ըլլային, պէտք էր որ խորանին մէջ իրենց ծառայութիւնը դադրեցնէին։ Այդ ղեւտացիներուն ուրախութիւնը կախեալ չէր որոշ առանձնաշնորհումէ մը։ Անոնք նախանձախնդրօրէն իրենց կրցածը ըրին եւ երիտասարդներուն ալ օգնեցին (Թւ. 8։25, 26)։ Ներկայիս, նախկին շրջանային տեսուչները թէեւ այլեւս քանի մը ժողովքներու չեն ծառայեր, իսկական օրհնութիւն են այն ժողովքին համար, ուր նշանակուած են։

5. Ի՞նչ կը սորվիս Տէնին եւ Քէյթիին օրինակէն։

5 Նկատի առ Տէնի օրինակը, որ 23 տարի ծառայեց որպէս շրջանային տեսուչ։ Երբ 70 տարեկան եղաւ, ան եւ իր կինը՝ Քէյթին, նշանակուեցան որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Իրենց նոր պարագաներուն յարմարա՞ծ են։ Տէն կ’ըսէ, որ հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի զբաղած է։ Ան հոգ կը տանի իր ժողովքային պատասխանատուութիւններուն, եղբայրներուն կ’օգնէ օգնական ծառայ ըլլալու եւ հրատարակիչները կը մարզէ, որ քարոզեն քաղաքի կեդրոնը եւ բանտերուն մէջ։ Ո՛վ տարեցներ, շատ բան կրնաք ընել ուրիշներուն օգնելու համար,– ըլլա՛ք լիաժամ ծառայութեան մէջ կամ ոչ։ Ինչպէ՞ս։ Ձեր փոխուած պարագաներուն յարմարեցէք, նոր նպատակակէտեր դրէք եւ կեդրոնացէք այն բաներուն վրայ, որոնք կրնաք ընել եւ ոչ թէ անոնց վրայ՝ որոնք չէք կրնար ընել։

ՀԱՄԵՍՏ ԵՂԻՐ

6. Ինչո՞ւ համեստ ըլլալը իմաստութիւն է. օրինակ մը տուր։

6 Համեստ անձը կ’ընդունի իր սահմանափակումները (Առ. 11։2, ՆԱ)։ Ան ինքն իրմէ չ’ակնկալեր որ ընէ աւելին, քան ի՛նչ որ կրնայ։ Այդպէս ընելով, պիտի մնայ ուրախ եւ պիտի շարունակէ ծանր աշխատիլ։ Համեստ անձը կրնանք նմանցնել մէկու մը, որ հեծիկով զառիվեր կ’ելլէ։ Ան նոյն արագութեամբ վեր պիտի չելլէ։ Թէեւ հեծիկը աւելի դանդաղ պիտի քշէ, բայց պիտի շարունակէ դէպի յառաջ երթալ։ Նոյնպէս համեստ անձը գիտէ, թէ ե՛րբ պէտք է փոփոխութիւններ ընէ կամ «արագութիւնը դանդաղեցնէ», որպէսզի շարունակէ Եհովային ծառայել եւ ուրիշներուն օգտակար ըլլալ (Փլպ. 4։5, ՆԱ

7. Բերզելին ինչպէ՞ս համեստ գտնուեցաւ։

7 Նկատի առ թէ Բերզելի 80 տարեկան էր, երբ Դաւիթ թագաւոր զինք հրաւիրեց, որ պալատական ըլլայ։ Համեստ ըլլալով, Բերզելին թագաւորին հրաւէրը մերժեց։ Տարիքի պատճառած սահմանափակումներուն գիտակից ըլլալով, Բերզելին յանձնարարեց որ երիտասարդ Քամաամը երթայ իր տեղը (Բ. Թագ. 19։35-37)։ Բերզելիին պէս, տարեցները ուրախութեամբ երիտասարդներուն կու տան առիթը, որ ծառայեն։

Դաւիթ թագաւոր ընդունեց Աստուծոյ որոշումը, որ իր որդին տաճարը շինէ (տե՛ս պարբ. 8)

8. Դաւիթ թագաւոր ինչպէ՞ս համեստութիւն ցոյց տուաւ, երբ ուզեց տաճարը շինել։

8 Դաւիթ թագաւոր նոյնպէս համեստութեան հոյակապ օրինակ մը ձգեց։ Ան ամբողջ սրտով կը փափաքէր Եհովայի համար տուն մը շինել։ Բայց երբ Եհովան իրեն տեղեկացուց, որ այս առանձնաշնորհումը պիտի տրուէր երիտասարդ Սողոմոնին, Դաւիթ Եհովայի որոշումը ընդունեց եւ ամբողջ սրտով ալ ծրագրին թիկունք կանգնեցաւ (Ա. Մն. 17։4. 22։5)։ Ան չխորհեցաւ թէ այս նշանակումին համար ի՛նք լաւագոյն անձն էր, քանի որ Սողոմոն «անփորձ եւ պատանի» էր (Ա. Մն. 29։1, ՆԱ)։ Դաւիթ գիտէր որ շինարարական ծրագրին յաջողութիւնը կախեալ էր Եհովայի օրհնութենէն եւ ոչ թէ գործին մէջ առաջնորդութիւնը առնողներուն տարիքէն կամ փորձառութենէն։ Դաւիթը ընդօրինակելով, տարեցները գործունեայ կը մնան, նոյնիսկ երբ տարիքին պատճառով իրենց դերը կը փոխուի։ Եւ անոնք գիտեն, որ Եհովան պիտի օրհնէ երիտասարդները, որոնք կ’ընեն այն գործը, որ իրենք առաջ կ’ընէին։

9. Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ մը ինչպէ՞ս համեստութիւն ցոյց տուաւ։

9 Համեստութեան արդի օրինակ մըն է՝ Շիկիօ անունով եղբայր մը։ 1976–ին, երբ 30 տարեկան էր, նշանակուեցաւ որպէս Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամ։ 2004–ին, ան Մասնաճիւղի յանձնախումբի համակարգողը եղաւ։ Յետագային անդրադարձաւ որ այլեւս առաջուան պէս զօրաւոր չէր եւ աւելի ժամանակ կ’առնէր, որ իր գործը ընէր։ Ան հարցին շուրջ աղօթեց եւ մտածեց այն օգուտներուն մասին, որոնք պիտի ըլլային եթէ երիտասարդ եղբայր մը համակարգողը ըլլար։ Շիկիոն այլեւս յանձնախումբի համակարգողը չէ, բայց կը շարունակէ ծառայել որպէս յանձնախումբին մէկ անդամը։ Ինչպէս տեսանք Բերզելիին, Դաւիթ թագաւորին եւ Շիկիոյին օրինակներէն, խոնարհ ու համեստ անձը կը կեդրոնանայ ոչ թէ երիտասարդներուն անփորձութեան վրայ, հապա անոնց ուժին վրայ։ Ան զիրենք ոչ թէ մրցակիցներ կը նկատէ, հապա՝ գործակիցներ (Առ. 20։29

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՂԻՐ

10. Տարեցները ի՞նչ կը զգան ժողովքի երիտասարդներուն նկատմամբ։

10 Տարեցները կը սեպեն, որ երիտասարդները Եհովայէն նուէր մըն են, որուն համար շնորհակալ են։ Մինչ իրենց ուժը կը պակսի, տարեցները շնորհակալ են որ անոնք, որոնք երիտասարդութեան ուժը ունին, պատրաստ են եւ կարող են պէտքը գոցելու եւ ժողովքին ծառայելու։

11. Հռութ 4։13-16–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ որ տարեցները կ’օգտուին, երբ երիտասարդներուն օգնութիւնը կ’ընդունին։

11 Աստուածաշունչին մէջ, Նոեմին հիանալի օրինակ մըն է տարեցի մը, որ շնորհակալութեամբ երիտասարդի մը օգնութիւնը ընդունեց։ Սկիզբը, Նոեմին խնդրեց որ իր հարսը՝ Հռութ, վերադառնար իր ժողովուրդին քով։ Բայց երբ Հռութ պնդեց որ Նոեմիին հետ վերադառնար Բեթլեհէմ, Նոեմին ընդունեց Հռութին օգնութիւնը (Հթ. 1։7, 8, 18)։ Եւ երկու կիներն ալ ի՜նչ աղուոր օրհնուեցան (կարդա՛ Հռութ 4։13-16)։ Խոնարհութիւնը տարեցները պիտի մղէ, որ Նոեմիին օրինակին հետեւին։

12. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ շնորհակալ էր։

12 Պօղոս առաքեալ շնորհակալ էր իրեն տրուած օգնութեան համար։ Օրինակ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Փիլիպպէի մէջ եղող քրիստոնեաներուն, որոնք իրեն նուէրներ ղրկած էին (Փլպ. 4։16)։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց Տիմոթէոսի տուած օգնութեան համար (Փլպ. 2։19-22)։ Եւ Պօղոս Աստուծոյ գոհութիւն տուաւ անոնց համար, որոնք եկան զինք քաջալերելու, երբ որպէս բանտարկեալ Հռոմ տարուեցաւ (Գործք 28։15)։ Եւ թէեւ աշխոյժ անձնաւորութիւն մըն էր, որ հազարաւոր քիլոմեթրներ կը կտրէր քարոզելու եւ ժողովքները զօրացնելու համար, բայց ան հպարտ չգտնուեցաւ եւ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութիւնը ընդունեց։

13. Տարեցները ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ, որ երիտասարդներուն համար շնորհակալ են։

13 Ո՛վ տարեցներ, շատ մը կերպերով կրնաք ցոյց տալ, որ երիտասարդներուն համար շնորհակալ էք։ Եթէ անոնք կ’ուզեն ձեզի օգնել տեղէ տեղ երթալու, գնումներ ընելու կամ ուրիշ կարեւոր պէտքեր հոգալու մէջ, ուրախութեամբ անոնց օգնութիւնը ընդունեցէք։ Յիշեցէք որ անոնց օգնութիւնը կերպ մըն է, որով Եհովան իր սէրը ցոյց կու տայ ձեզի։ Թերեւս զարմանաք տեսնելով թէ մտերիմ բարեկամութիւններ ունեցաք ձեզի օգնողներուն հետ։ Միշտ հետաքրքրուեցէ՛ք ձեր երիտասարդ բարեկամներուն հոգեւոր աճումով։ Եւ անոնց ըսէք, որ շատ կ’ուրախանաք տեսնելով երիտասարդներ, որոնք կ’ուզեն ժողովքին մէջ աւելի օգտակար ըլլալ։ Նաեւ պատրաստ եղէք ժամանակ տալու, որ ձեր կեանքի փորձառութիւնը պատմէք իրենց։ Այդպէս ընելով ցոյց պիտի տաք, որ Եհովայէն շնորհակալ էք, որ այդ երիտասարդները դէպի իր ժողովքը քաշած է (Կող. 3։15. Յովհ. 6։44. Ա. Թես. 5։18

ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ԵՂԻՐ

14. Դաւիթ թագաւոր ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ առատաձեռն էր։

14 Դաւիթ թագաւորին օրինակին մէջ կը տեսնենք ուրիշ կարեւոր յատկութիւն մը, որ տարեցները պէտք է ցոյց տան, որ է՝ առատաձեռնութիւն։ Ան իր անձնական ստացուածքէն մեծ նուիրատուութիւններ ըրաւ, տաճարի շինարարութեան աջակցելու համար (Ա. Մն. 22։11-16. 29։3, 4)։ Ան ասիկա ըրաւ, հակառակ անոր որ ծրագրին համար, վարկը պիտի երթար իր որդիին՝ Սողոմոնին։ Երբ այլեւս ֆիզիքապէս կարող չըլլանք մասնակցիլ աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու, կրնանք այդ ծրագիրներուն թիկունք կանգնիլ մեր նուիրատուութիւններուն միջոցաւ՝ մեր պարագաներուն ներած չափով։ Եւ կրնանք մեր երիտասարդներուն օգնել, որ տարիներու ընթացքին մեր ձեռք ձգած փորձառութենէն օգտուին։

15. Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին հետ ի՞նչ արժէքաւոր բան բաժնեց։

15 Տե՛ս թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ օրինակ ձգեց առատաձեռնութեան մէջ։ Ան երիտասարդ Տիմոթէոսը հրաւիրեց, որ իրեն միանայ միսիոնարական ծառայութեան մէջ եւ անոր առատաձեռնօրէն սորվեցուց քարոզելու եւ ուսուցանելու իր մեթոտները (Գործք 16։1-3)։ Պօղոսի տուած մարզումը օգնեց Տիմոթէոսին, որ բարի լուրը տարածելուն մէջ յաջողութիւն ունենայ (Ա. Կոր. 4։17)։ Տիմոթէոս ալ իր կարգին, Պօղոսի սորվեցուցած մեթոտները գործածեց ուրիշները մարզելու համար։

16. Շիկիոն ինչո՞ւ ուրիշները մարզեց։

16 Ներկայիս, տարեցները չեն վախնար որ այլեւս գործի պիտի չծառայեն, եթէ մարզեն երիտասարդները որ ընեն այն գործը, որ իրենք կ’ընեն։ Օրինակ, տարիներու ընթացքին, նախապէս նշուած Շիկիոն Մասնաճիւղի յանձնախումբին երիտասարդ անդամներուն մարզում տուաւ։ Ան ասիկա ըրաւ, որպէսզի Թագաւորութեան գործին շահերը յառաջ տանէր այն երկրին մէջ, ուր կը ծառայէր։ Այսպիսով, երբ ժամանակը եկաւ, լաւ մարզուած եղբայր մը պատրաստ էր իր տեղը համակարգող ըլլալու։ Շիկիոն Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէջ աւելի քան 45 տարի ծառայած է եւ կը շարունակէ իր սորվածները գործածել երիտասարդ եղբայրներուն օգնելու համար։ Այսպիսի եղբայրներ ի՜նչ մեծ օրհնութիւն են Աստուծոյ ժողովուրդին համար։

17. Ղուկաս 6։38–ի համաձայն, տարեցները ի՞նչ կրնան տալ ուրիշներուն։

17 Դո՛ւք, տարեց եղբայրներ ու քոյրեր, ձեր օրինակով կը փաստէք որ աւելի լաւ բան չկայ, քան Եհովային ծառայել հաւատքով եւ ուղղամտութեամբ։ Նաեւ ձեր օրինակով ցոյց կու տաք, որ կ’արժէ ջանք թափել Աստուածաշունչի սկզբունքները սորվելու եւ ձեր կեանքին մէջ գործադրելու համար։ Փորձառաբար գիտէք թէ անցեալին բան մը ինչպէ՛ս կ’ընէին, բայց նաեւ կը տեսնէք որ փոխուող պարագաներուն պէտք է յարմարիլ։ Իսկ դո՛ւք, այն տարեցները, որոնք վերջերս մկրտուեցան, նոյնպէս տալիք շատ բաներ ունիք։ Դուք ալ կրնաք պատմել, թէ ձեր մեծ տարիքին Եհովան ճանչնալը ձեզի ի՜նչ մեծ ուրախութիւն բերած է։ Երիտասարդները գնահատանքով մտիկ պիտի ընեն ձեր փորձառութիւնները եւ ձեր քաղած դասերը։ Եթէ դուք ձեր ամբարած փորձառութենէն շարունակէք տալ, Եհովան առատօրէն ձեզ պիտի վարձատրէ (կարդա՛ Ղուկաս 6։38

18. Տարեցներն ու երիտասարդները ինչպէ՞ս կրնան իրարու օգտել։

18 Սիրելի՛ տարեցներ, մինչ երիտասարդներուն կը մտերմանաք, պիտի կարենաք իրարու աջակցիլ (Հռով. 1։12)։ Ձեզմէ ամէն մէկը ունի արժէքաւոր բան մը, որ միւսը չունի։ Տարեցները իմաստութիւն եւ փորձառութիւն ունին, որ ժամանակի ընթացքին ձեռք ձգած են, իսկ երիտասարդները ոյժ ունին։ Երբ երիտասարդներն ու տարեցները միասին կ’աշխատին որպէս բարեկամներ, մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր փառք կը բերեն եւ ժողովքին մէջ բոլորին համար օրհնութիւն կ’ըլլան։

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

^ պարբ. 5 Մեր ժողովքները օրհնուած են շատ մը երիտասարդ տղամարդոցմով ու կիներով, որոնք ամէն ջանք կ’ընեն, որ Եհովայի կազմակերպութեան թիկունք կանգնին։ Ժողովքին մէջ տարեցները,– ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց մշակոյթը կամ ենթահողը,– կրնան երիտասարդներուն օգնել, որ իրենց ուժը Եհովայի ծառայութեան մէջ լիովին գործածեն։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երբ շրջանային տեսուչ մը 70 տարեկան եղաւ, ինքն ու իր կինը նոր նշանակում մը ստացան։ Անոնց տարիներու փորձառութիւնը իրենց թոյլ կու տայ, որ ուրիշները մարզեն այն ժողովքին մէջ, ուր այժմ կը ծառայեն։