Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 37

«Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ»

«Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ»

«Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան» (ԱՆ. 2։7

ԵՐԳ 107 Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը ելլենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Մեր օրերուն տեղի ունեցող ի՞նչ այլաբանական շարժի մը մասին մարգարէացուած էր։

«ՔԱՆԻ մը վայրկեանուան մէջ խանութներն ու հին շէնքերը սկսան փլիլ»։ «Չորս կողմը մարդիկ իրար անցած կը վազէին. . . Շատեր ըսին որ շուրջ երկու վայրկեան տեւեց։ Բայց ինծի համար չվերջանալիք եղաւ»։ Այսպէս արտայայտուեցան ոմանք, որոնք 2015–ին Նեփալը հարուածող երկրաշարժէն ազատեցան։ Եթէ դուն ալ այսպիսի ահաւոր փորձառութիւն մը ունենայիր, զայն բնա՛ւ պիտի չմոռնայիր։

2 Սակայն, այս վայրկեանին մենք կը տեսնենք ոչ թէ մէկ քաղաքի կամ մէկ երկրի շարժը, հապա բոլոր ազգերուն շարժը, եւ ասիկա տասնամեակներէ ի վեր կ’ըլլայ։ Անգէ մարգարէն մարգարէացաւ ատոր մասին։ Ան գրեց Եհովայի խօսքը. «Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը, ծովն ու ցամաքը պիտի շարժեմ» (Ան. 2։6

3. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ այս այլաբանական շարժը չի նմանիր բառացի երկրաշարժի։

3 Անգէի նկարագրած շարժը չի նմանիր բառացի երկրաշարժի, որ միայն աւերում կը բերէ։ Փոխարէնը, անիկա լաւ արդիւնքներ կու տայ։ Եհովան ինք մեզի կ’ըսէ. «Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ» (Ան. 2։7)։ Այս մարգարէութիւնը ի՞նչ նշանակեց Անգէի օրերուն ապրող մարդոց համար։ Եւ անիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Այս հարցումներուն պիտի պատասխանենք եւ պիտի գիտնանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ազգերը շարժելուն մէջ դեր ունենալ։

ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ԼՈՒՐ ՄԸ ԱՆԳԷԻ ՕՐԵՐՈՒՆ

4. Եհովան ինչո՞ւ Անգէ մարգարէն ղրկեց Իր ժողովուրդին։

4 Եհովան Անգէ մարգարէին կարեւոր գործ մը տուաւ։ Նկատի առ թէ այդ ատեն ի՛նչ կը պատահէր։ Անգէն հաւանաբար անոնցմէ էր, որոնք Ք.Ա. 537–ին Բաբելոնի աքսորէն Երուսաղէմ վերադարձան։ Երուսաղէմ հասնելէ քիչ ետք, Եհովայի հաւատարիմ երկրպագուները իր տան՝ տաճարին, հիմը դրին (Եզր. 3։8, 10)։ Բայց շուտով ցաւալի վիճակ մը տիրեց։ Անոնք հակառակութեան պատճառաւ վհատեցան եւ շինարարութիւնը կեցուցին (Եզր. 4։4. Ան. 1։1, 2)։ Անոր համար, Ք.Ա. 520–ին Եհովան Անգէին պատուիրեց, որ անոնց օգնէ որ դարձեալ նախանձախնդիր ըլլան եւ տաճարին շինարարութիւնը վերջացնեն (Եզր. 6։14, 15) *։

5. Անգէի պատգամը ինչո՞ւ Աստուծոյ ժողովուրդը քաջալերած ըլլալու էր։

5 Անգէի պատգամին նպատակն էր՝ մարդոց հաւատքը զօրացնել Եհովային հանդէպ։ Մարգարէն համարձակութեամբ այս խօսքերը ըսաւ վհատած հրեաներուն. «‘Դո՛ւք, ո՛վ երկրին բոլոր ժողովուրդը, զօրացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը ու աշխատեցէ՛ք. քանզի ես ձեզի հետ եմ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը» (Ան. 2։4)։ «Զօրքերու Տէր» արտայայտութիւնը ժողովուրդը քաջալերած ըլլալու էր, յիշեցնելով որ Եհովան իր հրամանին տակ զօրաւոր հրեշտակներ ունի. ուստի յաջողութիւն գտնելու համար, պէտք էր Եհովային ապաւինէին։

6. Անգէի մարգարէացած շարժին արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլար։

6 Եհովան Անգէն ղրկեց որ հրեաներուն յայտնէ, թէ Ինք բոլոր ազգերը պիտի շարժէր։ Այս յայտնութեամբ Եհովան վհատած ու տաճարը շինելէ դադրած հրեաները քաջալերեց, ըսելով որ Ինք պիտի շարժէր Պարսկաստանը, որ այդ ատեն աշխարհակալ ուժն էր։ Եւ այդ շարժին արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Նա՛խ, Աստուծոյ ժողովուրդը տաճարին շինարարութիւնը պիտի ամբողջացնէր։ Ետքը, նոյնիսկ հրեայ չեղող անհատներ անոնց հետ Եհովան պիտի պաշտէին այդ վերաշինուած տաճարին մէջ։ Աստուծոյ ժողովուրդը որքա՜ն քաջալերուած ըլլալու էր այդ պատգամով (Զաք. 8։9

ԵՐԿԻՐԸ ՇԱՐԺՈՂ ԳՈՐԾ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ

Լիովին կը մասնակցի՞ս երկիրը շարժող գործին, որ ներկայիս կը կատարուի (տե՛ս պարբ. 7-8) *

7. Ներկայիս երկիրը շարժող ի՞նչ գործի մէջ դեր ունինք. բացատրէ։

7 Անգէի մարգարէութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեզի համար։ Եհովան նորէն կը շարժէ բոլոր ազգերը եւ այս անգամ մենք դեր ունինք անոր մէջ։ Նկատի առ այս իրողութիւնը. 1914–ին, Եհովան Յիսուս Քրիստոսը իր երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը ըրաւ (Սաղ. 2։6)։ Աշխարհի առաջնորդներուն համար, այդ Թագաւորութեան հաստատուիլը գէշ լուր էր։ Ատիկա կը նշանակէր, որ լմնցած էին «ազգերուն ժամանակները»,– այն ժամանակամիջոցը, երբ չկար կառավարիչ մը որ Եհովան կը ներկայացնէր (Ղուկ. 21։24)։ Եհովայի ժողովուրդը այս իրողութիւնը գիտնալով՝ մասնաւորաբար 1919–էն ի վեր բոլորին կ’ըսէ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան միակ յոյսն է։ Եւ «արքայութեան աւետարան»ի այս քարոզչութիւնը ամբողջ աշխարհը շարժած է (Մատ. 24։14

8. Սաղմոս 2։1-3–ի համաձայն, ազգերուն մեծամասնութիւնը այս պատգամին ինչպէ՞ս հակազդած է։

8 Մարդիկ այս պատգամին ինչպէ՞ս հակազդած են։ Մեծամասնութիւնը ժխտականօրէն հակազդած է (կարդա՛ Սաղմոս 2։1-3)։ Պատգամը ազգերը բարկացուցած է։ Անոնք Եհովայի նշանակած Կառավարիչը կը մերժեն։ Անոնք մեր քարոզած Թագաւորութեան պատգամը բարի լուր չեն սեպեր։ Եւ կարգ մը կառավարութիւններ նոյնիսկ արգիլած են քարոզչութիւնը։ Թէեւ այս ազգերէն եղող շատ մը կառավարիչներ կ’ըսեն որ Աստուծոյ կը ծառայեն, բայց իրենց իշխանութեան կառչած են։ Ուստի, ինչպէս Յիսուսի օրերուն, նոյնպէս մեր օրերուն, կառավարիչները կը հակառակին Եհովայի Օծեալին՝ յարձակելով անոր հաւատարիմ հետեւորդներուն վրայ (Գործք 4։25-28

9. Եհովան ի՞նչ կ’ընէ տեսնելով ազգերուն ժխտական հակազդեցութիւնը։

9 Եհովան ի՞նչ կ’ընէ տեսնելով ազգերուն ժխտական հակազդեցութիւնը։ Սաղմոս 2։10-12–ը կը պատասխանէ. «Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։ Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը, ու դողալով անկէ վախցէ՛ք։ Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան»։ Եհովան ազնիւ գտնուելով այդ հակառակորդներուն առիթ կու տայ, որ ճիշդ որոշումը առնեն։ Անոնք տակաւին կրնան իրենց միտքը փոխել եւ Եհովայի Թագաւորութիւնը ընդունիլ։ Բայց ժամանակը վերջանալու վրայ է։ Մենք այս դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմ. 3։1. Եսա. 61։2)։ Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է, որ մարդիկ իրողութիւնները գիտնան եւ ճիշդ ընտրութիւնը ընեն։

ՈՄԱՆՔ ԴՐԱԿԱՆ ԿԵՐՊՈՎ ՇԱՐԺԻՆ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԵՆ

10. Անգէ 2։7-9–ի համաձայն, շարժը ի՞նչ դրական արդիւնք պիտի տար։

10 Անգէի մարգարէացած այլաբանական շարժը կարգ մը մարդոց վրայ դրական ազդեցութիւն ունի։ Ան մեզի կ’ըսէ, որ շարժին պատճառաւ՝ ‘ազգերուն ցանկալի բաները [անկեղծ սիրտ ունեցող մարդիկ] պիտի գան’ Եհովան պաշտելու (կարդա՛ Անգէ 2։7-9) *։ Եսային եւ Միքիան ալ մարգարէացան, որ նման բաներ տեղի պիտի ունենային «վերջին օրեր»ուն (Եսա. 2։2-4. Միք. 4։1, 2

11. Եղբայր մը ինչպէ՞ս հակազդեց Թագաւորութեան պատգամին, երբ առաջին անգամ ըլլալով զայն լսեց։

11 Նկատի առ այն ազդեցութիւնը, որ երկիրը շարժող պատգամը ունեցաւ Գեն անունով եղբօր մը վրայ, որ կեդրոնատեղիին մէջ կը ծառայէ։ Ան տակաւին կը յիշէ, երբ առաջին անգամ ըլլալով Թագաւորութեան պատգամը լսեց շուրջ 40 տարի առաջ։ Գեն կ’ըսէ. «Երբ առաջին անգամ Աստուծոյ Խօսքէն ճշմարտութիւնը լսեցի, շատ ուրախացայ գիտնալով, որ մենք այս դրութեան վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Տեսայ որ եթէ կ’ուզէի Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ եւ յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգել, պէտք էր որ այս անկայուն աշխարհը ձգէի եւ հաստատօրէն Եհովային կողմը դիրք բռնէի։ Ատոր մասին Եհովային աղօթեցի եւ անմիջապէս որոշեցի այդպէս ընել։ Աշխարհը ետիս ձգեցի եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան տուած ապահովութեան դիմեցի, որ կարելի չէ շարժել»։

12. Եհովայի հոգեւոր տաճարը ինչպէ՞ս փառքով լեցուած է այս վերջին օրերուն ընթացքին։

12 Յայտնի է, որ Եհովան իր ժողովուրդը օրհնած է։ Այս վերջին օրերուն ընթացքին, զինք պաշտող մարդոց թիւը շատցած է։ 1914–ին, միայն քանի մը հազար էինք։ Այժմ աւելի քան ութ միլիոն անհատներ Եհովան կը պաշտեն եւ ուրիշ միլիոնաւորներ ամէն տարի մեզի հետ Յիշատակատօնը կը տօնեն։ Այսպիսով, Եհովայի հոգեւոր տաճարին երկրային գաւիթը «բոլոր ազգերուն ցանկալի բաներ»ով լեցուած է։ Նաեւ, Եհովայի անունը փառաւորուած է այն փոփոխութիւններով, որոնք անոնք կ’ընեն մինչ նոր անձնաւորութիւնը կը հագուին (Եփ. 4։22-24

Աշխարհի տարածքին, Աստուծոյ ծառաները ուրախութեամբ իր Թագաւորութեան մասին մարդոց պատմած են (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. Այս հրաշալի դէպքերով ուրիշ ի՞նչ մարգարէութիւններ կատարուած են (տե՛ս կողքին նկարը)։

13 Այս հրաշալի դէպքերով ուրիշ մարգարէութիւններ ալ կատարուած են, ինչպէս՝ Եսայի գրքին 60–րդ գլուխին մէկ մարգարէութիւնը։ Այդ գլուխին 22–րդ համարը կ’ըսէ. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա»։ Այսքան մեծ թիւով ճշմարիտ երկրպագուներ գալով, հոյակապ բան մը կը պատահի։ Այս «ցանկալի բաները» իրենց հետ տարբեր–տարբեր հմտութիւններ ու կարողութիւններ կը բերեն եւ փափաքը ունին «արքայութեան աւետարան»ի քարոզչութեան մասնակցելու։ Այսպիսով, Եհովայի ժողովուրդը կրնայ գործածել այդ հմտութիւնները, որոնք Եսային նկարագրեց որպէս «ազգերուն կաթը» (Եսա. 60։5, 16)։ Այս «ցանկալի» տղամարդոց ու կիներուն օգնութեամբ, 240 երկիրներու մէջ կը քարոզուի եւ աւելի քան 1000 լեզուներով հրատարակութիւններ լոյս կը տեսնեն։

ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ՈՐՈՇՈՒՄ ԱՌՆԵԼՈՒ

14. Մարդիկ հիմա ի՞նչ որոշում պէտք է առնեն։

14 Այս վերջին օրերուն, ազգերը շարժելը մարդիկը կը ստիպէ որ որոշում մը առնեն։ Արդեօք Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք պիտի կանգնի՞ն, թէ ոչ՝ իրենց վստահութիւնը պիտի դնեն այս աշխարհի կառավարութիւններուն վրայ։ Ասիկա կարեւոր որոշում մըն է, որ ամէն մարդ պէտք է առնէ։ Թէեւ Եհովայի ծառաները կը հնազանդին այն երկրին օրէնքներուն, ուր կ’ապրին, բայց ամբողջովին չէզոք կը մնան այս աշխարհի քաղաքական հարցերուն մէջ (Հռով. 13։1-7)։ Անոնք գիտեն, որ Թագաւորութիւնը մարդկութեան խնդիրներուն միակ լուծումն է։ Եւ Թագաւորութիւնը այս աշխարհին մէկ մասը չէ (Յովհ. 18։36, 37

15. Հաւատարմութեան ի՞նչ մեծ փորձ նկարագրուած է Յայտնութիւն գրքին մէջ։

15 Յայտնութիւն գիրքը կը նկարագրէ, որ վերջին օրերուն՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը պիտի փորձուի։ Այս փորձին պատճառով մենք մեծ ճնշումի տակ պիտի ըլլանք։ Այս աշխարհի կառավարութիւնները մեզմէ պիտի պահանջեն այն ինչ որ միայն Աստուծոյ կը պատկանի, եւ պիտի հալածեն անոնք որոնք իրենց թիկունք չեն կանգնիր (Յայտ. 13։12, 15)։ Անոնք պիտի ստիպեն «բոլորը, այսինքն պզտիկներն ու մեծերը, հարուստներն ու աղքատները, ազատներն ու ծառաները, որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին» (Յայտ. 13։16)։ Անցեալին, ստրուկներուն վրայ դրոշմ կամ նշան կը դրուէր, ցոյց տալու համար, թէ ո՛վ էր անոնց տէրը։ Նոյնպէս այսօր, կառավարութիւնները բոլոր մարդոցմէ պիտի ակնկալեն, որ այլաբանական նշան ունենան իրենց ձեռքին կամ ճակատին վրայ։ Անոնք պիտի ուզեն, որ մարդիկ իրենց մտքերով ու գործերով ցոյց տան, թէ իրե՛նց կը պատկանին ու թիկունք կը կանգնին։

16. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ հիմա Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը զօրացնենք։

16 Այս այլաբանական նշանը պիտի ընդունի՞նք եւ կառավարութիւններուն թիկունք պիտի կանգնի՞նք։ Անոնք որոնք կը մերժեն նշանը ունենալ, դժուարութիւններու եւ վտանգի առջեւ պիտի գտնուին։ Յայտնութիւն գիրքը կը բացատրէ. «Որպէսզի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը» (Յայտ. 13։17)։ Բայց Աստուծոյ ժողովուրդը գիտէ, թէ Աստուած ի՛նչ պիտի ընէ անոնց, որոնք Յայտնութիւն 14։9, 10–ին մէջ նշուած նշանը ունին։ Փոխանակ այդ նշանը ունենալու, անոնք այլաբանօրէն իրենց ձեռքին վրայ պիտի գրեն. «Ես Տէրոջն եմ» (Եսա. 44։5)։ Հիմա է ժամանակը վստահ ըլլալու որ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը զօրաւոր է։ Եթէ զօրաւոր է, Եհովան ուրախութեամբ պիտի ըսէ որ մենք իրն ենք։

ՎԵՐՋԻՆ ՇԱՐԺԸ

17. Եհովայի համբերութեան մասին ի՞նչ պէտք է յիշենք։

17 Եհովան մեծ համբերութիւն ցոյց տուած է այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ան չ’ուզեր որ մէկը կորսուի (Բ. Պետ. 3։9)։ Ան բոլորին առիթ տուած է, որ զղջան եւ ճիշդ որոշումը առնեն։ Բայց իր համբերութիւնը սահման ունի։ Անոնք՝ որոնք կը մերժեն Աստուծոյ Թագաւորութեան թիկունք կանգնիլ, պիտի կրեն այն նոյն հետեւանքները, որ Մովսէսի օրերուն Փարաւոնը կրեց։ Եհովան փարաւոնին ըսաւ. «Հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէս զի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ ու երկրէն պիտի կորսուիս։ Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի» (Ել. 9։15, 16)։ Ի վերջոյ, բոլոր ազգերը պիտի գիտնան, որ Եհովան միակ ճշմարիտ Աստուածն է (Եզեկ. 38։23)։ Ինչպէ՞ս։

18. ա) Ուրիշ ի՞նչ շարժ նկարագրուած է Անգէ 2։6, 20-22–ին մէջ։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Անգէի խօսքերը ապագայ կատարում պիտի ունենան։

18 Անգէի օրերէն դարեր ետք, Պօղոս առաքեալ ներշնչմամբ ցոյց տուաւ, որ Անգէ 2։6, 20-22–ի խօսքերը ապագայ կատարում պիտի ունենային (կարդա՛)։ Պօղոս գրեց. «Հիմա խոստացեր է ու կ’ըսէ. ‘Նորէ՛ն պիտի շարժեմ, ո՛չ միայն երկիրը, հապա նաեւ երկինքը’։ Եւ այն Նորէն բառը կը ցուցնէ թէ շարժուած բաները պիտի շարժին ու փոխուին, որպէս զի անշարժ բաները հաստատուն մնան» (Եբ. 12։26, 27Անգէ 2։7–ին մէջ նշուած շարժին հակառակը, այս շարժը յաւիտենական կործանում պիտի բերէ անոնց վրայ, որոնք՝ Փարաւոնին պէս, կը մերժեն ընդունիլ Եհովայի իշխելու իրաւունքը։

19. Ի՞նչ բան անշարժ պիտի մնայ, եւ ատիկա ինչպէ՞ս գիտենք։

19 Ի՞նչ բան անշարժ պիտի մնայ, կամ պիտի չվերցուի։ Պօղոս շարունակեց. «Անշարժ թագաւորութիւնը առած ըլլալով՝ ամուր բռնենք այն շնորհքը ու Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ» (Եբ. 12։28)։ Այո, երբ այս վերջին մեծ շարժը վերջանայ, միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուն պիտի մնայ (Սաղ. 110։5, 6. Դան. 2։44

20. Մարդիկ ի՞նչ որոշում պէտք է առնեն, եւ ինչպէ՞ս կրնանք իրենց օգնել։

20 Կորսնցնելիք ժամանակ չկայ։ Մարդիկ պէտք է որոշում առնեն. պիտի շարունակե՞ն այս աշխարհի ապրելակերպը ունենալ, ինչ որ կործանումի կը տանի, թէ ոչ՝ Աստուծոյ կամքը ընելու համար իրենց կեանքին մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները պիտի ընեն, ինչ որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ (Եբ. 12։25)։ Մեր քարոզչութիւնը մարդոց պիտի օգնէ որոշելու, թէ այս կարեւոր հարցին մէջ որո՛ւն կողմը դիրք պիտի բռնեն։ Թո՛ղ որ ա՛լ աւելի անհատներու օգնենք, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմը դիրք բռնեն։ Եւ թո՛ղ որ մեր Տէր Յիսուսին խօսքերը միշտ մեր միտքը պահենք. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14

ԵՐԳ 62 Որո՞ւ կը պատկանինք

^ պարբ. 5 Այս յօդուածին մէջ, Անգէ 2։7–ին նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը կը ճշդուի։ Պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մասնակցիլ հիանալի գործի մը, որ բոլոր ազգերը կը շարժէ։ Նաեւ պիտի տեսնենք, որ ազգերը շարժող այս գործը թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական հակազդեցութիւն կ’ունենայ։

^ պարբ. 4 Գիտենք որ Անգէն իր նշանակումին մէջ յաջողութիւն ունեցաւ, քանի որ Ք.Ա. 515–ին տաճարին շինարարութիւնը արդէն ամբողջացած էր։

^ պարբ. 10 Ասիկա մեր հասկացողութիւնը կը ճշդէ։ Ատեններ ըսած ենք, որ ազգերը շարժելուն պատճառով չէ որ անկեղծ սիրտ ունեցող մարդիկ կը սկսին Եհովային ծառայել։ Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 15 մայիս 2006 թիւին մէջ (արաբ.)։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Անգէն Աստուծոյ ժողովուրդը քաջալերեց, որ նախանձախնդիր ըլլան եւ տաճարի շինարարութիւնը ամբողջացնեն։ Մեր օրերուն Աստուծոյ ժողովուրդը նախանձախնդրօրէն Աստուծոյ պատգամը քարոզած է։ Զոյգ մը բաժին կը բերէ երկիրը շարժող գործին մէջ, խօսելով գալիք վերջին շարժին մասին։