Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 38

Հոգեւոր ընտանիքիդ մօտեցիր

Հոգեւոր ընտանիքիդ մօտեցիր

«Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով» (ՅՈՎՀ. 20։17

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Հաւատարիմ մարդիկը Եհովայի հետ ինչպիսի՞ փոխյարաբերութիւն կրնան ունենալ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ընտանիքին մէջ կան՝ Յիսուսը, որ «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկ»ն է, եւ բազմաթիւ հրեշտակներ (Կող. 1։15. Սաղ. 103։20)։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ցոյց տուաւ որ հաւատարիմ մարդիկ կրնան Եհովան իրենց Հայրը սեպել։ Աշակերտներուն խօսելով, Յիսուս Եհովայի մասին ըսաւ՝ ‘իմ Հայրս ու ձեր Հայրը’ (Յովհ. 20։17)։ Եւ երբ Եհովային կը նուիրուինք ու կը մկրտուինք, եղբայրներու ու քոյրերու սիրալիր ընտանիքի մը մաս կը կազմենք (Մար. 10։29, 30

2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Ոմանց համար դժուար է Եհովան սիրալիր Հայր մը նկատել։ Իսկ ուրիշներ թերեւս չգիտնան իրենց սէրը ինչպէ՛ս արտայայտել եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ որ Եհովան նկատենք սիրալիր Հայր մը, որուն կրնանք մօտենալ։ Նաեւ, պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ կերպերով Եհովան կրնանք ընդօրինակել եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր փոխյարաբերութեան մէջ։

ԵՀՈՎԱՆ Կ’ՈՒԶԷ ՈՐ ԻՐԵՆ ՄՕՏԵՆԱՍ

3. Տիպար աղօթքը ինչպէ՞ս մեզ Եհովային կը մօտեցնէ։

3 Եհովան սիրալիր Հայր մըն է։ Յիսուս կ’ուզէ որ Եհովան նկատենք ինչպէս ինք կը նկատէ՝ ջերմ ու հոգատար ծնող մը, որուն դիւրին է մօտենալ, եւ ոչ թէ պաղ մէկը որ միայն հրամաններ կու տայ։ Ասիկա յստակ կը դառնայ այն աղօթքէն, որ Յիսուս աշակերտներուն սորվեցուց։ Ան տիպար աղօթքը սկսաւ այս խօսքով. «Հայր մեր» (Մատ. 6։9)։ Ան կրնար մեզի սորվեցնել, որ Եհովային ըսենք՝ «Ամենակարող», «Ստեղծիչ» կամ «յաւիտենականութեան Թագաւոր». ասիկա սխալ պիտի չըլլար, քանի որ Աստուածաշունչը այս տիտղոսները գործածելով Եհովան կը նկարագրէ (Ծն. 49։25. Եսա. 40։28. Ա. Տիմ. 1։17, ՆԱ)։ Սակայն Յիսուս գործածեց մտերմիկ բառ մը՝ «Հայր»։

4. Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն մօտենանք։

4 Քեզի համար դժուա՞ր է Եհովան սիրալիր Հայր մը նկատել։ Ոմանց համար դժուար է։ Եթէ մեր հայրը ազնիւ չէ եղած, կրնայ դիւրին չըլլալ երեւակայել հայր մը, որ մեզ կը սիրէ։ Շա՜տ կը մխիթարուինք գիտնալով որ Եհովան կատարելապէս մեր զգացումները կը հասկնայ։ Ան կ’ուզէ մեզի մօտիկ ըլլալ։ Անոր համար, իր Խօսքը մեզ կը քաջալերէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակ. 4։8)։ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ մեզի համար լաւագոյն Հայրը ըլլալ։

5. Ղուկաս 10։22–ի համաձայն, Յիսուս ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովային մօտենանք։

5 Յիսուս կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովային մօտենանք։ Ան Եհովան այնքա՛ն լաւ կը ճանչնայ եւ իր յատկութիւնները այնքա՛ն լաւ կ’ընդօրինակէ, որ ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9)։ Մեծ եղբօր մը պէս, Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր Հայրը յարգել եւ անոր հնազանդիլ, զայն չտխրեցնել եւ անոր հաճութիւնը շահիլ։ Բայց մանաւանդ Յիսուսի երկրային կեանքին ընթացքը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան որչա՜փ ազնիւ ու սիրառատ է (կարդա՛ Ղուկաս 10։22)։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

Որպէս սիրալիր Հայր, Եհովան իր Որդին զօրացուց հրեշտակի մը միջոցով (տե՛ս պարբ. 6) *

6. Ինչպէ՞ս գիտենք, որ Եհովան Յիսուսին մտիկ ըրաւ. օրինակներ տուր։

6 Եհովան իր զաւակներուն մտիկ կ’ընէ։ Նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր անդրանիկ Որդիին մտիկ ըրաւ։ Եհովան անոր աղօթքները լսեց, երբ ան երկրի վրայ էր (Ղուկ. 5։16)։ Անոր աղօթքները լսեց, երբ լուրջ որոշումներու առջեւ էր, ինչպէս՝ 12 առաքեալներ զատել (Ղուկ. 6։12, 13)։ Եհովան նաեւ Յիսուսին ականջ տուաւ, երբ ան վերջին ծայր մտահոգ էր։ Մատնուելէ ճիշդ առաջ, Յիսուս ջերմեռանդօրէն իր Հօր աղօթեց իր առջեւ եղող դժուար փորձութեան նկատմամբ։ Եհովան ոչ միայն Յիսուսին աղօթքը լսեց, հապա նաեւ հրեշտակ մը ղրկեց, իր սիրելի Որդին զօրացնելու համար (Ղուկ. 22։41-44

7. Ի՞նչ կը զգաս, գիտնալով որ Եհովան իր ծառաներուն աղօթքները մտիկ կ’ընէ։

7 Ներկայիս, Եհովան կը շարունակէ իր ծառաներուն աղօթքները մտիկ ընել եւ ատոնց պատասխանել ճիշդ ժամանակին եւ կարելի եղած լաւագոյն կերպով (Սաղ. 116։1, 2)։ Նկատի առ թէ Հնդկաստանի մէջ քոյր մը ասիկա ինչպէ՛ս իր մորթին վրայ զգաց։ Ան լուրջ զգացական խնդիրներէ կը տառապէր եւ անկեղծօրէն Եհովային կ’աղօթէր ատոր մասին։ Ան կը գրէ. «Մայիս 2019–ի ամսական յայտագիրը, որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու մասին էր, ճիշդ ինծի համար էր։ Անիկա իմ աղօթքներուս պատասխանն էր»։

8. Եհովան ի՞նչ կերպերով ցոյց տուաւ, որ Յիսուսը կը սիրէր։

8 Եհովան մեզ կը սիրէ ու կը հոգայ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսը սիրեց ու հոգաց՝ մինչ ան կը կատարէր իր դժուար նշանակումը երկրի վրայ (Յովհ. 5։20)։ Ան Յիսուսի բոլոր հոգեւոր, զգացական եւ ֆիզիքական պէտքերը հոգաց եւ ետ չկեցաւ անոր հանդէպ իր սէրն ու հաւանութիւնը յայտնելէ (Մատ. 3։16, 17)։ Որովհետեւ Յիսուս գիտէր, որ իր երկնաւոր Հայրը միշտ իրեն հետ պիտի ըլլար եւ իրեն պիտի օգնէր, բնաւ միայնակ չզգաց (Յովհ. 8։16

9. Ի՞նչ փաստեր ունինք, որ Եհովան մեզ կը սիրէ։

9 Յիսուսին պէս, բոլորս շատ մը կերպերով զգացած ենք Եհովային սէրը։ Պահ մը մտածէ. Եհովան մեզ իրեն քաշեց եւ մեզի տուաւ սիրալիր ու միացած հոգեւոր ընտանիք մը, որ մեզ ուրախացնէ եւ մեր զգացական պէտքերը լեցնէ (Յովհ. 6։44)։ Ան նաեւ մեզի կանոնաւորաբար կու տայ հոգեւոր սնունդ, որ մեր հաւատքը զօրաւոր մնայ։ Եւ նոյնիսկ մեզի կ’օգնէ, որ մեր ամէնօրեայ նիւթական պէտքերը հոգանք (Մատ. 6։31, 32)։ Երբ կը խոկանք մեզի հանդէպ Եհովայի սիրոյն վրայ, իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’աճի։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ՀԵՏ ՎԱՐՈՒԷ ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻ

10. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն կերպէն, որով Եհովան մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կը վարուի։

10 Եհովան մեր եղբայրները եւ քոյրերը կը սիրէ, բայց մեզի համար միշտ դիւրին չէ սէր զգալ ու արտայայտել մեր հոգեւոր ընտանիքին անդամներուն հանդէպ։ Ի վերջոյ, տարբեր–տարբեր մշակոյթներէ եւ ենթահողերէ կու գանք։ Եւ բոլորս սխալներ կ’ընենք, որոնք կրնան ուրիշները նեղացնել եւ յուսախաբ ընել։ Բայց եւ այնպէս, բոլորս կրնանք ջանք ընել, որ մեր միջեւ սէրը զօրացնենք։ Ինչպէ՞ս։ Կրնանք տեսնել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս սէր ցոյց կու տայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ եւ կրնանք զինք ընդօրինակել (Եփ. 5։1, 2. Ա. Յովհ. 4։19)։ Տեսնենք թէ Եհովայի օրինակէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

11. Յիսուս ինչպէ՞ս յայտնեց Եհովայի կարեկցութիւնը։

11 Եհովան մեծապէս կարեկից է (Ղուկ. 1։78)։ Կարեկից անհատը կը նկատէ, երբ մարդիկ կը տառապին։ Ան կերպեր կը փնտռէ, որ անոնց օգնէ եւ մխիթարէ։ Յիսուս մարդոց հետ իր վարուած կերպով արտայայտեց այն կարեկցութիւնը, որ Եհովան ունի մարդոց հանդէպ (Յովհ. 5։19)։ Անգամ մը, ամբոխ մը տեսնելով՝ Յիսուս «անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» (Մատ. 9։36)։ Յիսուս պարզապէս սէր զգալէն աւելին ըրաւ. ան բան մը ըրաւ, որ անոնց օգնէ։ Ան հիւանդները բժշկեց եւ «յոգնած ու բեռնաւորուածներ»ը թարմացուց (Մատ. 11։28-30. 14։14

Եհովան ընդօրինակէ, եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ կարեկից ու առատաձեռն ըլլալով (տե՛ս պարբ. 12-14) *

12. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կը կարեկցինք։

12 Որպէսզի կարենանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կարեկցիլ, պէտք է նա՛խ նկատի առնենք թէ ի՛նչ դժուարութիւններէ կ’անցնին։ Օրինակ, քոյր մը թերեւս առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունի։ Ան բնաւ իր խնդիրին մասին չի խօսիր, բայց հաւանաբար պիտի գնահատէ, եթէ մէկը իրեն գործնական կերպով օգնէ։ Մէյ մը մտածէ. կրնա՞յ իր ընտանիքին ֆիզիքական պէտքերը հոգալ։ Կրնանք իրեն օգնել, ճաշը պատրաստելով կամ տունը մաքրելով։ Կամ թերեւս եղբայր մը իր գործը կորսնցուցած է։ Կրնանք իրեն դրամական պզտիկ նուէր մը տալ,– թերեւս առանց գիտցնելու որ մեզմէ է,– ինչ որ իրեն պիտի օգնէ մինչեւ որ գործ մը գտնէ։

13-14. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային պէս առատաձեռն ըլլալ։

13 Եհովան առատաձեռն է (Մատ. 5։45)։ Պէտք չէ սպասենք, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզմէ օգնութիւն խնդրեն, որպէսզի իրենց կարեկցութիւն ցոյց տանք։ Եհովան ընդօրինակելով, կրնանք նախաքայլը առնել։ Ան օրական մեր վրայ արեւը կը ծագեցնէ, նոյնիսկ առանց մեր խնդրելուն։ Եւ արեւուն տաքութենէն ամէն մարդ կ’օգտուի եւ ոչ թէ միայն անոնք, որոնք շնորհակալ են։ Չե՞ս համաձայնիր որ մեր պէտքերը հոգալով Եհովան ցոյց կու տայ, որ մեզ կը սիրէ։ Եհովան շա՜տ կը սիրենք, քանի որ մեծապէս ազնիւ ու առատաձեռն է։

14 Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր մեր երկնաւոր Հայրը ընդօրինակելով, առատաձեռնութիւն ցոյց տալուն մէջ նախաքայլը կ’առնեն։ Օրինակ, 2013–ին, Հայիան հզօր փոթորկահովը մեծ կործանում բերաւ Ֆիլիփիններու վրայ։ Եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք իրենց տուներն ու ստացուածքները կորսնցուցին։ Բայց աշխարհի չորս կողմը գտնուող իրենց հոգեւոր ընտանիքը իրենց օգնութեան հասաւ։ Շատեր դրամական նուիրատուութիւններ ըրին, իսկ ուրիշներ մէկ տարուան մէջ շուրջ 750 տուներ նորոգեցին կամ շինեցին։ Իսկ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ընթացքին, Վկաները շատ ջանք թափեցին իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար։ Երբ մեր հոգեւոր ընտանիքին օգնութեան արագօրէն կը հասնինք, իրենց հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք։

15-16. Ղուկաս 6։36–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք է ընենք մեր երկնաւոր Հայրը ընդօրինակելու համար։

15 Եհովան ողորմած ու ներող է (կարդա՛ Ղուկաս 6։36Ասիկա օրական կը շօշափենք (Սաղ. 103։10-14)։ Յիսուսին հետեւորդները անկատար էին, բայց ան ողորմեցաւ ու ներեց անոնց։ Ան նոյնիսկ պատրաստ էր իր կեանքը զոհելու, որպէսզի մեր մեղքերը ներուին (Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Եհովային ու Յիսուսին աւելի մօտիկ չե՞ս զգար իրենց ողորմութեան ու ներողամտութեան համար։

16 Մեր հոգեւոր ընտանիքին մէջ սիրոյ կապը կը զօրացնենք, «ներելով իրարու» (Եփ. 4։32)։ Անշուշտ իրարու ներելը ատեններ կրնայ դժուար ըլլալ։ Ուստի, ատոր մէջ պէտք է ջանք թափենք։ Քոյր մը զգաց որ Դիտարան–ին մէջ «Իրարու ներենք» յօդուածը իրեն օգնեց ատիկա ընելու *։ Ան կը գրէ. «Այս յօդուածը սերտելէ ետք, սկսայ հարցը աւելի դրական կերպով դիտել։ Յօդուածը բացատրեց որ ներելու պատրաստ ըլլալը չի նշանակեր որ սխալ վարուելակերպին հաւանութիւն կու տաս կամ ատոր պատճառած վնասները կը պզտիկցնես։ Հապա՝ կը նշանակէ բարկութիւնը մէկ կողմ դնել եւ մե՛ր խաղաղութիւնը պահպանել»։ Երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կը ներենք, ցոյց կու տանք որ զիրենք կը սիրենք եւ մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, կ’ընդօրինակենք։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ՄԷՋ ՏԵՂԴ ԱՐԺԵՒՈՐԷ

Պզտիկներ ու մեծեր իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տուած են (տե՛ս պարբ. 17) *

17. Մատթէոս 5։16–ի համաձայն, ինչպէ՞ս կրնանք մեր երկնաւոր Հայրը պատուել։

17 Մեզի համար մեծ առանձնաշնորհում է միջազգային հոգատար ընտանիքի մը պատկանիլ։ Կ’ուզենք որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ մեզի հետ Աստուած պաշտեն։ Ասիկա մեր միտքը պահելով, պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ չըլլայ թէ Եհովայի ժողովուրդին կամ իր անուան վրայ նախատինք բերենք։ Մենք ջանք կը թափենք վարուելու այնպիսի կերպով, որ մարդիկ ուզեն Եհովայի մասին գիտնալ եւ իրեն ծառայել (կարդա՛ Մատթէոս 5։16

18. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ, որ քաջաբար վկայութիւն տանք։

18 Երբեմն ոմանք թերեւս մեզ քննադատեն կամ նոյնիսկ հալածեն, քանի որ մեր երկնաւոր Հօր կը հնազանդինք։ Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մեր հաւատալիքներուն մասին ուրիշներուն խօսելու ատեն ջղագրգիռ ըլլանք։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան եւ իր Որդին մեր օգնութեան պիտի հասնին։ Յիսուս իր աշակերտները վստահեցուց, որ պէտք չունին մտահոգուելու թէ ինչպէ՛ս պիտի խօսին կամ ի՛նչ պիտի ըսեն։ Ինչո՞ւ։ Ան բացատրեց. «Ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի» (Մատ. 10։19, 20

19. Օրինակ մը տուր թէ ինչպէ՛ս մէկը քաջաբար վկայութիւն տուաւ։

19 Նկատի առ Ռապըրթի օրինակը։ Ատեն մը առաջ, երբ Աստուածաշունչի նոր աշակերտ էր եւ Աստուածաշունչի մասին քիչ գիտելիքներ ունէր, Հարաւային Ափրիկէի մէջ զինուորական ատեանի մը առջեւ ներկայացաւ։ Ան ատեանին համարձակօրէն բացատրեց, թէ կ’ուզէր չէզոք մնալ, քանի որ իր քրիստոնեայ եղբայրները կը սիրէր։ Ան մեր հոգեւոր ընտանիքին մէջ իր տեղը կ’արժեւորէր։ Մէկ անգամէն, դատաւորը հարցուց. «Եղբայրներդ ո՞վ են»։ Ռապըրթ չյուսաց, որ այդ հարցումը իրեն պիտի հարցուէր, բայց անմիջապէս յիշեց այդ օրուան համարը, որ Մատթէոս 12։50–ն էր։ Համարը կ’ըսէ. «Ով որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։ Թէեւ Ռապըրթ Աստուածաշունչի նոր աշակերտ էր, բայց Եհովայի հոգին իրեն օգնեց որ այդ հարցումին եւ կարգ մը ուրիշ հարցումներու պատասխանէ։ Վստահաբար, Եհովան Ռապըրթով հպարտ զգաց։ Եւ Եհովան մեզմով ալ հպարտ կը զգայ, երբ դժուար պարագաներու մէջ քաջութեամբ վկայութիւն տալու համար իրեն կ’ապաւինինք։

20. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել (Յովհաննէս 17։11, 15

20 Թո՛ղ որ շարունակենք արժեւորել սիրալիր հոգեւոր ընտանիքի պատկանիլը։ Մենք լաւագոյն Հայրը ունինք, ինչպէս նաեւ՝ եղբայրներ ու քոյրեր, որ մեզ կը սիրեն։ Այս բաները բնաւ պէտք չէ թեթեւի առնենք։ Սատանան եւ իր չար հետեւորդները կ’ուզեն ամէն բան ընել, որ մենք կասկածինք որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը սիրէ, եւ անոնք կը փորձեն մեր ունեցած միութիւնը խանգարել։ Սակայն Յիսուս մեզի համար աղօթեց, մեր Հօրմէն խնդրելով որ մեզ պաշտպանէ, որպէսզի մեր ընտանիքը միացած մնայ (կարդա՛ Յովհաննէս 17։11, 15)։ Եւ Եհովան այդ աղօթքին կը պատասխանէ։ Թո՛ղ որ Յիսուսին պէս՝ բնաւ չկասկածինք որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը սիրէ եւ պիտի օգնէ։ Եւ թո՛ղ որ վճռենք ա՛լ աւելի մօտենալ մեր հոգեւոր ընտանիքին։

ԵՐԳ 122 Միլիոնաւոր եղբայրներ

^ պարբ. 5 Մենք շատ ուրախ ենք, որ համաշխարհային հոգատար ընտանիքի մը կը պատկանինք։ Բոլորս կը փափաքինք զօրացնել սիրոյ այն կապը, որ կայ մեր մէջ։ Ատիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ Ընդօրինակելով այն կերպը, որով Եհովան մեզի հետ կը վարուի եւ հետեւելով Յիսուսի օրինակին ու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օրինակին։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց, որ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Յիսուսը զօրացնէ։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. ՔՈՎԻՏ–19 համավարակին ատեն, շատեր ուտելիք պատրաստեցին ու բաժնեցին։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Մայր մը կ’օգնէ իր աղջկան, որ բանտարկեալ եղբօր մը քաջալերական նամակ մը ղրկէ։