Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Իմաստալից կեանք մը կը փնտռէի

Իմաստալից կեանք մը կը փնտռէի

ԵՐԲ առագաստանաւովս Միջերկրական ծովին մէջն էի, ծովեզերքէն շատ հեռու, զարմացայ երբ նկատեցի, որ նաւս ծակ մը ունէր, որմէ մեծ քանակով ջուր ներս կը մտնէր։ Ասիկա չէր բաւեր, մէյ մըն ալ փոթորիկ ելաւ։ Մէջս վախ ինկաւ եւ սկսայ աղօթել, ինչ որ տարիներէ ի վեր չէի ըրած։ Եկէք ձեզի աւելի պատմեմ կեանքիս մասին, եւ թէ ինչո՛ւ այդ նաւուն մէջն էի։

Երբ եօթը տարեկան էի, ես ու ընտանիքս Պրազիլի մէջ կ’ապրէինք

Ծնայ 1948–ին, Հոլանտայի մէջ։ Յաջորդ տարի ընտանիքս փոխադրուեցաւ Սան Փաուլօ, Պրազիլ։ Ծնողքս եկեղեցասէր էին, եւ յաճախ ընթրիքէն ետք ընտանեօք Աստուածաշունչը կը կարդայինք։ 1959–ին, փոխադրուեցանք Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցանք Մասաչուսեց նահանգին մէջ։

Հայրս ծանր աշխատեցաւ որ հոգ տանի իր վեց զաւակներուն։ Ան աշխատեցաւ վաճառականութեան մէջ, շինարարութեան մէջ եւ օդանաւային ընկերութեան մը մէջ։ Բոլորս ուրախացանք, երբ օդանաւային ընկերութեան մէջ սկսաւ աշխատիլ, քանի որ ատիկա մեզի առիթ տուաւ որ շատ մը տեղեր ճամբորդենք։

Բարձրագոյն վարժարանին մէջ, յաճախ կը մտածէի. ‘Երբ մեծնամ ի՞նչ պիտի ընեմ’։ Ընկերներէս ոմանք համալսարան գացին, իսկ ուրիշներ՝ զինուորութեան։ Ես անշուշտ չէի ուզեր զինուորութեան երթալ, քանի որ չէի սիրեր վիճիլ, ալ ուր մնաց կռուիլ։ Անոր համար, որոշեցի համալսարան երթալ։ Բայց աւելի կարեւոր պատճառ մը ունէի. կ’ուզէի մարդոց օգնել, քանի որ կը խորհէի թէ այդպէս ընելով, կեանքս իմաստ պիտի ունենար։

ԿԵԱՆՔՍ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Տարիներով իմաստալից կեանք մը կը փնտռէի

Համալսարանին մէջ, հետաքրքրուեցայ մարդաբանութեամբ, քանի որ կը սիրէի գիտնալ, թէ կեանքը ինչպէ՛ս սկսաւ։ Ուսուցիչները մեզի սորվեցուցին բարեշրջութիւնը եւ կ’ուզէին որ անոր հաւատայինք որպէս իրողութիւն։ Բայց անոնց բացատրութիւններէն ոմանք անտրամաբանական էին եւ առանց փաստերու։

Այն դասընթացքները՝ որոնց հետեւեցայ, չսորվեցուցին լաւ սկզբունքներ, թէ ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ։ Փոխարէնը, սորվեցանք որ կրնանք որեւէ բան ընել, միայն որ համալսարանին մէջ բարձր նիշեր բերենք։ Երբ բարեկամներով հաւաքոյթ կ’ընէինք եւ թմրեցուցիչներ կը գործածէի, ուրախ կը զգայի, բայց այդ ուրախութիւնը ժամանակաւոր էր։ Ես ինծի հարց տուի. ‘Ասիկա իրապէս իմաստալի՞ց կեանք մըն է’։

Մինչ այդ, Պոսթըն փոխադրուեցայ եւ հոն համալսարան յաճախեցի։ Համալսարանին ծախսերը գոցելու համար, ամառնային արձակուրդին աշխատեցայ, եւ գործիս մէջ էր որ առաջին անգամ ըլլալով Եհովայի վկաներուն ծանօթացայ։ Գործակիցներէս մէկը ինծի խօսեցաւ Դանիէլ գիրքին 4–րդ գլուխին մէջ գտնուող «եօթը ժամանակ»ներու մարգարէութեան մասին, եւ ըսաւ որ մենք վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք (Դան. 4։13-17)։ Շուտով անդրադարձայ որ եթէ այդ զրոյցները շարունակէի եւ զանոնք լուրջի առնէի, պիտի ստիպուէի ապրելակերպս փոխել։ Անոր համար, ամէն բան ըրի որ իրմէ փախուստ տամ։

Համալսարանին մէջ դասընթացքներ առի, որպէսզի կարենայի կամաւոր աշխատանքներ ընել Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Խորհեցայ թէ կարիքաւոր մարդոց օգնելը կեանքիս նպատակ պիտի տար։ Բայց ետքը, անդրադարձայ որ նոյնիսկ ասիկա կեանքիս իմաստ չտուաւ։ Յուսախաբ ըլլալով, վազ անցայ համալսարանէն։

ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՄ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԿԵԱՆՔ ՓՆՏՌԵԼ ՀԵՌԱՒՈՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Մայիս 1970–ին, փոխադրուեցայ Ամսթերտամ, Հոլանտա, որպէսզի աշխատիմ այն նոյն օդանաւային ընկերութեան մէջ, ուր հայրս աշխատեցաւ։ Գործիս բերմամբ կրցայ շատ ճամբորդել եւ զանազան երկիրներ այցելել Ափրիկէի, Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ։ Նկատեցի որ ամէն երկիր որ այցելեցի, մեծ խնդիրներ ունէր եւ մէ՛կը չէր կրնար զանոնք լուծել։ Ասիկա իմ մէջս ետ արթնցուց փափաքս, որ կեանքիս մէջ կարեւոր բան մը իրագործեմ։ Ուստի որոշեցի վերադառնալ Միացեալ Նահանգներ եւ նորէն յաճախել Պոսթընի այն նոյն համալսարանը։

Շատ չանցած, անդրադարձայ որ համալսարանի դասընթացքները ինծի չէին օգներ, որ կեանքի մասին հարցումներուս պատասխանները գտնէի։ Չէի գիտեր ի՛նչ ընել, անոր համար մարդաբանութեան փրոֆէսորէս խրատ խնդրեցի։ Զիս անակնկալի բերաւ, երբ ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ընես հոս։ Հիմակուընէ կեցուր»։ Իր այդ մէկ խօսքը բաւարար էր, որ համալսարանը ձգէի եւ բնա՛ւ չվերադառնայի։

Բայց կեանքս տակաւին անիմաստ կը թուէր, անոր համար որոշեցի ընկերակցիլ խումբի մը, որ կ’անտեսէր ընկերային սովորութիւնները եւ այնպէս կը թուէր, թէ սիրոյ եւ խաղաղութեան ետեւէ էր։ Կարգ մը ընկերներով Միացեալ Նահանգներուն մէջ զանազան տեղեր ճամբորդեցինք, եւ հասանք մինչեւ Ագափուլգօ, Մեքսիքա։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, հիփփիներուն հետ ապրեցանք, որոնք ըստ երեւոյթին անհոգ կեանք ունէին։ Բայց անոնց մէջ ըլլալով, շուտով նկատեցի, որ անոնց ապրելակերպը աննպատակ էր եւ մնայուն ուրախութիւն չէր բերեր։ Նաեւ տեսայ, որ անոնցմէ շատեր պարկեշտ եւ հաւատարիմ չէին։

ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՄ ՓՆՏՌԵԼ

Բարեկամս ու ես գեղեցիկ կղզի մը փնտռեցինք

Այդ ժամանակ, սկսայ նորէն մտածել երազի մը մասին, որ ունէի երբ պզտիկ էի։ Կ’ուզէի ծովերը շրջիլ, ոչ թէ որպէս նաւաստի, հապա որպէս նաւապետ։ Եւ ասիկա ընելու համար, պէտք էր անձնական առագաստանաւս ունենայի։ Որովհետեւ Թոմ անունով բարեկամս նոյն փափաքը ունէր, որոշեցինք միասնաբար աշխարհի չորս կողմը շրջիլ։ Կը ցանկայի գեղեցիկ կղզի մը գտնել, ուր կրնայի ընկերութեան կանոններէն ազատ ըլլալ։

Թոմը ու ես ճամբորդեցինք Արենիս տը Մար, որ կը գտնուի Պարսելոնայի մօտ, Սպանիա։ Հոն, գնեցինք Լիկրա անունով առագաստանաւ մը, որ 9,4 մեթր երկարութիւն ունէր։ Եւ սկսանք առագաստանաւը նորոգել, որպէսզի ապահովութեամբ ովկիանոսին մէջ ճամբորդէինք։ Որովհետեւ մեր ուզած տեղը հասնելու չէինք աճապարեր, շարժիչը հանեցինք, աւելորդ խմելիք ջուր դնելու տեղ ըլլալու համար։ Իսկ որպէսզի դիւրաւ կարենանք առագաստանաւը պզտիկ նաւահանգիստներուն մէջ մտցնել, 5 մեթր երկարութեամբ երկու թիեր գնեցինք։ Անմիջապէս սկսանք ճամբորդել դէպի Սէյշելեան Կղզիները, Հնդկական ովկիանոսին մէջ։ Մեր ծրագիրն էր, որ ճամբորդէինք Ափրիկէի արեւմտեան կողմէն եւ անցնէինք Հարաւային Ափրիկէի Բարեյուսոյ Հրուանդանէն (Cape of Good Hope)։ Ճիշդ ուղղութիւնը պահելու համար, գործածեցինք աստղերը, քարտէսներ, գիրքեր եւ պարզ գործիքներ։ Ապշեցայ թէ ինչպէ՛ս կրնայինք գիտնալ, որ ճիշդ ո՛ւր ենք։

Շուտով նկատեցինք որ մեր առագաստանաւը կարող պիտի չըլլար ովկիանոսներ կտրել, քանի որ սկսաւ ամէն ժամ շուրջ 22 լիդր ջուր ներս մտնել։ Ինչպէս յօդուածին սկիզբը ըսի, երբ փոթորիկ եղաւ, վախցայ եւ սկսայ Աստուծոյ աղօթել խոստանալով, որ եթէ ողջ մնայինք, պիտի ջանայի զինք ճանչնալ։ Փոթորիկը հանդարտեցաւ, եւ անմիջապէս խոստումս պահեցի։

Սկսայ Աստուածաշունչը կարդալ, երբ տակաւին ծովուն մէջն էի։ Երեւակայեցէք ի՜նչ հաճելի էր նստիլ նաւուն մէջ, ծովեզերքէն շատ հեռու, եւ տեսնել թռչող ձուկեր, դլփիններ եւ անվերջ հորիզոնը։ Իսկ գիշերը, կը հիանայի տեսնելով Ծիր Կաթին աստղախումբը, եւ աւելի համոզուեցայ թէ Աստուած մը կայ, որ մարդկութեամբ հետաքրքրուած է։

Քանի մը շաբաթ ծովուն մէջ մնալէ ետք, հասանք Ալիքանթէի նաւահանգիստը, Սպանիա, եւ հոն մեր առագաստանաւը ծախու դրինք, որպէսզի աւելի լաւը գնէինք։ Եւ զարմանալի չէ որ դժուար էր գնող մը գտնել, քանի որ հին էր, շարժիչ չունէր եւ ջուր կը փախցնէր։ Բայց ասիկա ինծի աղուոր առիթ մըն էր, որ Աստուածաշունչս կարդայի։

Ո՛րքան աւելի Աստուածաշունչը կարդացի, ա՛յդքան աւելի անդրադարձայ, որ ուղղութիւններ կու տայ, որոնք կ’օգնեն ուրախ կեանք ունենալու։ Տպաւորուեցայ, տեսնելով թէ Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ ինչպէ՛ս մէկը կրնայ բարոյապէս մաքուր կեանք մը ապրիլ։ Եւ հարց տուի, թէ ինչո՛ւ շատեր,– մէջը ըլլալով ես,– իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը սեպեն, բայց Աստուածաշունչին ըսածները կ’անտեսեն։

Վճռեցի լուրջ քայլեր առնել կեանքս մաքրելու համար։ Ուստի, թմրեցուցիչ գործածելը դադրեցուցի։ Մտածեցի որ պէ՛տք է ըլլան մարդիկ, որոնք Աստուածաշունչի սորվեցուցածներուն կը հնազանդին, եւ ուզեցի անոնց ծանօթանալ։ Երկրորդ անգամ ըլլալով աղօթեցի Աստուծոյ եւ խնդրեցի որ օգնէ ինծի զանոնք գտնելու։

ՃՇՄԱՐԻՏ ԿՐՕՆՔԸ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ

Տրամաբանական տեսայ կրօնքները մէկ առ մէկ քննել, մինչեւ որ ճշմարիտ կրօնքը գտնէի։ Մինչ Ալիքանթէի փողոցներուն մէջ կը քալէի, շատ մը կրօնական շէնքեր տեսայ։ Բայց որովհետեւ անոնց մէջ նկարներ կամ արձաններ կային, գիտցայ թէ կարելի չէ որ անոնք ճշմարիտ կրօնքը ըլլային։

Կիրակի օր մը, կէսօրէ ետք, բլուրի մը վրայ նստած՝ կարդացի Յակոբոս 2։1-5–ը, ուր գրուած է որ սխալ է հարուստներուն հանդէպ աչառութիւն ցոյց տալ։ Երբ մեր առագաստանաւը կը վերադառնայի, տեսայ շէնք մը, որ կը թուէր կրօնական ժողովասրահ ըլլալ, եւ անոր մուտքին վերը գրուած էր. «Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահ»։

Մտածեցի. ‘Հոս հաւաքուող անհատներն ալ փորձի ենթարկեմ, եւ տեսնեմ թէ ինչպէ՛ս ինծի հետ պիտի վարուին’։ Մտայ Թագաւորութեան սրահը՝ բոպիկ, մօրուք ձգած եւ պատռտած ճինզ հագած։ Հիւրընկալը զիս նստեցուց տարեց կնոջ մը քով, եւ ան ազնուօրէն ինծի օգնեց, որ դասախօսին յիշած համարները գտնեմ Աստուածաշունչին մէջ։ Ժողովէն ետք, անակնկալի եկայ, երբ ամէն մարդ ազնիւ գտնուելով եկաւ զիս բարեւելու։ Մէկը զիս հրաւիրեց որ իր տունը երթամ, որ խօսակցինք, բայց որովհետեւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը չէի վերջացուցած, իրեն ըսի. «Քեզի լուր կու տամ, երբ պատրաստ ըլլամ»։ Մինչ այդ, սկսայ բոլոր ժողովներուն ներկայ ըլլալ։

Քանի մը շաբաթ ետք, այդ մարդուն տունը գացի, եւ ան աստուածաշնչական հարցումներուս պատասխանեց։ Անկէ մէկ շաբաթ ետք, ան ինծի տուաւ կոկիկ հագուստներով լեցուն տոպրակ մը, եւ ըսաւ որ հագուստներուն տէրը բանտն էր, քանի որ կը հնազանդէր Աստուածաշունչի այն պատուէրին, որ իրար սիրենք եւ պատերազմիլ չսորվինք (Եսա. 2։4. Յովհ. 13։34, 35)։ Հիմա վստահ էի որ գտած էի ինչ որ կը փնտռէի, մարդիկ որոնք կը հնազանդին բարոյապէս մաքուր կեանք ունենալու Աստուածաշունչին սորվեցուցածին։ Այլեւս նպատակս էր՝ ոչ թէ գեղեցիկ կղզի մը գտնել, հապա Աստուածաշունչը խորապէս սերտել։ Անոր համար, Հոլանտա վերադարձայ։

ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ

Չորս օր ճամբորդելով հասայ Կրոնինկեն, Հոլանտա։ Հոն ապրուստս ճարելու համար, պէտք էր որ գործ գտնէի։ Տեղ մը դիմեցի ատաղձագործի աշխատանքի համար, եւ ինծի հարցարան մը տուին, ուր պէտք էր կրօնքս նշէի։ Ես ալ գրեցի. «Եհովայի վկաներ»։ Երբ գործատէրը այս մէկը կարդաց, երեսը թթուեցուց ու ըսաւ. «Քեզի կը հեռաձայնեմ»։ Բայց իրմէ ձայն մը չելաւ։

Ուրիշ ատաղձագործի մը հարցուցի, եթէ գործաւորի մը պէտք ունի։ Ան հարցուց, թէ ի՛նչ վկայականներ եւ գործի փորձառութիւն ունիմ։ Ես ալ բացատրեցի, որ առագաստանաւ մը նորոգած եմ։ Զիս անակնկալի բերաւ, ըսելով. «Կրնաս այսօր կէսօրէ ետք սկսիլ աշխատիլ։ Բայց մէկ պայման ունիմ. չեմ ուզեր խանութին մէջ խնդիրներ հանես, քանի որ Եհովայի վկայ եմ եւ Աստուածաշունչին համաձայն կ’ապրիմ»։ Շատ զարմանալով պատասխանեցի. «Ես ալ Եհովայի վկայ եմ»։ Անկասկած, երկար մազիս եւ մօրուքիս պատճառաւ, գիտցաւ որ Վկայ չեմ, եւ ըսաւ. «Ուրեմն, քու հետդ Աստուածաշունչը պիտի սերտեմ»։ Սիրով ընդունեցի։ Այսպէս, ինծի յստակ դարձաւ, թէ ինչո՛ւ միւս ատաղձագործը բնաւ ինծի չհեռաձայնեց։ Եհովան աղօթքներուս կը պատասխանէր (Սաղ. 37։4)։ Եղբօր քով մէկ տարի աշխատեցայ, որուն ընթացքին իմ հետս Աստուածաշունչը սերտեց։ Իսկ յունուար 1974–ին մկրտուեցայ։

ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԿԸ ԳՏՆԵՄ

Մէկ ամիս ետք, նոր գործի սկսայ. ռահվիրայութիւն, ինչ որ ինծի մեծ ուրախութիւն բերած է։ Իսկ յաջորդ ամիսը Ամսթերտամ փոխադրուեցայ, նոր կազմուած սպանախօս խումբի մը թիկունք կանգնելու համար։ Որչա՜փ ուրախ էի սպաներէն եւ փորթուգալերէն լեզուներով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելով։ Մայիս 1975–ին, որպէս մասնաւոր ռահվիրայ ծառայելու առանձնաշնորհումը ստացայ։

Օր մը, Ինեգէ անունով մասնաւոր ռահվիրայ քոյր մը մեր ժողովին եկաւ, իր հետը բերելով իր պոլիվիացի աշակերտը։ Ես եւ Ինեգէն որոշեցինք նամակցելով իրար ճանչնալ, ինչ որ մէջտեղ հանեց որ նոյն նպատակակէտերը ունէինք։ Եւ այսպիսով 1976–ին ամուսնացանք։ Միասին շարունակեցինք ծառայել որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ մինչեւ 1982, երբ հրաւիրուեցանք Գաղաադի 73–րդ դասարանը։ Գեղեցիկ անակնկալ մըն էր նշանակուիլ Արեւելեան Ափրիկէ։ Հինգ տարի ծառայեցինք Մոմպասայի մէջ, Քենիա։ Իսկ 1987–ին, նշանակուեցանք ծառայելու Թանզանիայի մէջ, ուր մեր գործին վրայ եղած արգելքը վերցուած էր։ Հոն 26 տարի ծառայելէ ետք, վերադարձանք Քենիա։

Արեւելեան Ափրիկէի մէջ մարդոց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվեցնելը ինծի եւ կնոջս մեծ ուրախութիւն տուած է

Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները՝ գնահատող անհատներու սորվեցնելը մեր կեանքին իսկական իմաստ տուած է։ Օրինակ, Մոմպասայի մէջ Սուրբ Գիրքի առաջին աշակերտս մարդ մըն էր, որուն հանդիպեցայ քարոզելու ատեն։ Անոր երկու պարբերաթերթ տալէ ետք, ըսաւ. «Ասոնք կարդալէս ետք, ի՞նչ ընեմ»։ Յաջորդ շաբաթ սկսանք սերտել Դուք կրնաք յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ գիրքը, որ նոր լոյս տեսած էր սուահիլի լեզուով։ Ան մէկ տարի ետք մկրտուեցաւ, եւ կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Անկէ ի վեր, ան եւ իր կինը շուրջ 100 անհատներու օգնած են, որ Եհովային նուիրուին ու մկրտուին։

Ես ու Ինեգէն փորձառաբար տեսած ենք, որ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օգնէ իր ծառաներուն, որ իմաստալից կեանք մը ունենան

Երբ կեանքին նպատակը հասկցայ, զգացի այն վաճառական մարդուն պէս, որ պատուական մարգարիտ մը գտաւ եւ չուզեց զայն կորսնցնել (Մատ. 13։45, 46)։ Ուզեցի կեանքս անցընել ուրիշներուն օգնելով, որ իրենք ալ կեանքին իսկական իմաստը գտնեն։ Ես եւ սիրելի կինս փորձառաբար տեսած ենք, որ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օգնէ իր ծառաներուն, որ իմաստալից կեանք մը ունենան։