Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 48

«Սո՛ւրբ եղէք»

«Սո՛ւրբ եղէք»

«Սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ» (Ա. ՊԵՏ. 1։15

ԵՐԳ 29 Ուղղամտութեամբ քալել

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Պետրոս առաքեալ հաւատակիցներուն ի՞նչ խրատ տուաւ, եւ ինչո՞ւ իր տուած խրատը գործադրելը թերեւս անկարելի թուի։

ՄԵՐ յոյսը ըլլայ երկնային կամ երկրային, կրնանք օգտուիլ՝ նկատի առնելով այն խրատը, որ Պետրոս առաքեալ օծեալ քրիստոնեաներուն տուաւ առաջին դարուն։ Ան գրեց. «Ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ Վասն զի գրուած է. ‘Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ’» (Ա. Պետ. 1։15, 16)։ Այս խօսքերէն յայտնի կ’ըլլայ, որ կրնա՛նք Եհովան ընդօրինակել, որ սրբութեան լաւագոյն օրինակն է։ Մեր ամբողջ վարքին մէջ կրնանք եւ պէտք է սուրբ ըլլանք։ Ատիկա թերեւս անկարելի թուի, քանի որ անկատար ենք։ Բայց Պետրոսի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ կրնանք սուրբ ըլլալ։

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

2 Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք հետեւեալ հարցումները. Ի՞նչ կը նշանակէ սուրբ ըլլալ։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի սրբութեան մասին։ Ինչպէ՞ս կրնանք սուրբ ըլլալ մեր ամբողջ վարքին մէջ։ Եւ ի՞նչ կապ կայ սրբութեան եւ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութեան միջեւ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՍՈՒՐԲ ԸԼԼԱԼ

3. Շատ մը մարդիկ ինչպէ՞ս կ’երեւակայեն սուրբ անհատը, բայց ո՞ւր կրնանք գտնել սրբութեան մասին ճշգրիտ տեղեկութիւն։

3 Շատեր՝ երբ կը մտածեն սուրբի մը մասին, կ’երեւակայեն մէկը որ բնա՛ւ չի ժպտար, կրօնական զգեստ հագած է եւ միշտ լուրջ է։ Բայց ասիկա ճիշդ չէ։ Եհովան, որ սուրբ է, նկարագրուած է որպէս ուրախ Աստուած (Ա. Տիմ. 1։11)։ Եւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է» (Սաղ. 144։15)։ Իսկ Յիսուս դատապարտեց անոնք որոնք մասնայատուկ հագուստներ կը հագուէին եւ ուրիշներուն երեւելու համար լաւ բաներ կ’ընէին (Մատ. 6։1. Մար. 12։38)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները գիտեն ի՛նչ կը նշանակէ սուրբ ըլլալ՝ սորվելով Աստուածաշունչին ըսածը սրբութեան մասին։ Մենք համոզուած ենք, որ մեր սուրբ եւ սիրալիր Աստուածը բնա՛ւ չի տար պատուէր մը, որուն չենք կրնար հնազանդիլ։ Ուստի, երբ Եհովան մեզի կ’ըսէ. «Սուրբ եղէք», վստահ ենք որ ասիկա կարելի է։ Անշուշտ, մեր ամբողջ վարքին մէջ սուրբ ըլլալէ առաջ, պէտք է հասկնանք թէ ի՛նչ կը նշանակէ սուրբ ըլլալ։

4. «Սուրբ» եւ «սրբութիւն» բառերը ի՞նչ կը նշանակեն։

4 Աստուածաշունչին մէջ «սուրբ» եւ «սրբութիւն» բառերը հիմնականօրէն կ’ակնարկեն բարոյական եւ կրօնական մաքրութեան։ Այդ բառերը նաեւ կը նշանակեն՝ զատուած ըլլալ Աստուծոյ ծառայելու։ Ուրիշ խօսքով, մենք սուրբ պիտի նկատուինք, եթէ բարոյապէս մաքուր ենք, եթէ Եհովան ընդունելի կերպով կը պաշտենք եւ եթէ իրեն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունինք։ Մենք կը հիանանք այն գաղափարին վրայ, որ թէեւ անկատար ենք եւ Եհովան ամբողջովին սուրբ է, ան տակաւին կ’ուզէ որ իր մտերիմ բարեկամները ըլլանք։

«ՍՈՒՐԲ, ՍՈՒՐԲ, ՍՈ՛ՒՐԲ Է ԶՕՐՔԵՐՈՒ ՏԷՐԸ»

5. Հաւատարիմ հրեշտակներէն ի՞նչ կը սորվինք Եհովային մասին։

5 Եհովան ամէն կերպով անարատ եւ մաքուր է։ Այս մէկը գիտենք այն նկարագրութենէն, որ սերովբէները տուին,– հոգեղէն արարածներ, որոնք Եհովայի գահին մօտ կը գտնուին։ Անոնցմէ ոմանք ըսին. «Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը» (Եսա. 6։3)։ Անշուշտ, որպէսզի հրեշտակները իրենց սուրբ Աստուծոյն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենան, պէտք է իրենք ալ սուրբ ըլլան, եւ իրապէս ալ սուրբ են։ Այս պատճառով է, որ երկրի վրայ այն վայրերը, ուր հրեշտակները պատգամներ տուին, սուրբ նկատուեցան։ Ասիկա Մովսէսին փորձառութիւնն էր կրակով վառած մորենիին քով (Ել. 3։2-5. Յես. 5։15

«Սրբութիւն Տեառն» արտայայտութիւնը փորագրուած էր քահանայապետին խոյրին վրայ եղող ոսկիէ թիթեղին վրայ (տե՛ս պարբերութիւն 6-7)

6-7. ա) Ելից 15։1, 11–ի համաձայն, Մովսէս ինչպէ՞ս շեշտեց Աստուծոյ սրբութիւնը։ բ) Ի՞նչ բան իսրայէլացիներուն յիշեցուց, որ Աստուած սուրբ է (տե՛ս կողքին նկարը)։

6 Իսրայէլացիները Կարմիր ծովը կտրելէ ետք, Մովսէս անոնց շեշտեց, թէ իրենց Եհովա Աստուածը սուրբ է (կարդա՛ Ելից 15։1, 11)։ Եգիպտացիները, որոնք չաստուածներ կը պաշտէին, վստահաբար սուրբ չէին։ Եւ անշուշտ նոյնը կրնանք ըսել քանանացիներուն մասին, որոնք իրենց պաշտամունքին մէջ մանուկներ կը զոհէին եւ պժգալի սեռային անբարոյութիւն կը գործէին (Ղեւ. 18։3, 4, 21-24. Բ. Օր. 18։9, 10)։ Ասոր հակառակը, Եհովան բնա՛ւ զինք պաշտողներէն չի պահանջեր, որ ընեն բան մը, որ զիրենք կը նուաստացնէ։ Ան կատարելապէս սուրբ է։ Ասիկա շեշտուեցաւ քահանայապետին խոյրին վրայ դրուած ոսկիէ թիթեղին միջոցաւ, որուն վրայ փորագրուած էր՝ «Սրբութիւն Տեառն [«Սրբութիւնը Եհովայի կը պատկանի», ՆԱ]» (Ել. 28։36-38

7 Երբ ոեւէ մէկը այդ գրութիւնը տեսնէր, վստահ պիտի ըլլար, թէ Եհովան իրապէս սուրբ է։ Բայց թերեւս իսրայէլացի մը չկարենար թիթեղը տեսնել։ Ան տակաւին պիտի գիտնա՞ր թէ Եհովան սուրբ է։ Անշո՛ւշտ։ Իւրաքանչիւր իսրայէլացի այդ մէկը կը գիտնար, երբ Օրէնքը կը կարդացուէր տղամարդոց, կիներուն եւ պզտիկներուն առջեւ (Բ. Օր. 31։9-12)։ Եթէ ներկայ ըլլայիր, այս խօսքերը պիտի լսէիր. «Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը. ուստի. . . սո՛ւրբ եղէք, քանի որ ես սուրբ եմ»։ «Սո՛ւրբ եղէք ինծի. քանի որ ես՝ Տէրս՝ սուրբ եմ» (Ղեւ. 11։44, 45. 20։7, 26, ԱԾ

8. Ղեւտացւոց 19։2–էն եւ Ա. Պետրոս 1։14-16–էն ի՞նչ կը սորվինք։

8 Այժմ կեդրոնանանք Ղեւտացւոց 19։2–ի մէջ արձանագրուած խօսքին վրայ, որ բոլորին կը կարդացուէր։ Եհովան Մովսէսին ըսաւ. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ու ըսէ՛ անոնց. ‘Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ’»։ Պետրոս հաւանաբար այդ խօսքը մէջբերեց, երբ քրիստոնեաները քաջալերեց, որ ‘սուրբ ըլլան’ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։14-16)։ Անշուշտ, մենք ներկայիս Մովսիսական օրէնքին տակ չենք։ Բայց ինչ որ Պետրոս գրեց, կը հաստատէ Ղեւտացւոց 19։2–ի խօսքը, թէ Եհովան սուրբ է եւ թէ անոնք՝ որոնք զինք կը սիրեն, պէտք է ջանան սուրբ ըլլալ։ Պէտք է սուրբ ըլլանք՝ մեր յոյսը ըլլայ ապրիլ երկինքի՛ մէջ կամ դրախտային երկրի վրայ (Ա. Պետ. 1։4. Բ. Պետ. 3։13

«ՍՈՒՐԲ ԵՂԷՔ ՁԵՐ ԲՈԼՈՐ ՎԱՐՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»

9. Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք նկատի առնելով Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխը։

9 Որովհետեւ կ’ուզենք մեր սուրբ Աստուածը հաճեցնել, կ’ուզենք գիտնալ թէ ինչպէ՛ս կրնանք սուրբ ըլլալ։ Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին մէջ Եհովան մեզի խրատներ կու տայ, որպէսզի կարենանք ատիկա ընել։ Եբրայերէն լեզուի մասնագէտ Մարքըս Քալիշ գրեց. «Այս գլուխը թերեւս ամենակարեւորն է Ղեւտացւոց գրքին եւ Աստուածաշունչի առաջին հինգ գրքերուն մէջ»։ Այս գլուխէն նկատի առնենք կարգ մը համարներ, որոնք մեզի արժէքաւոր դասեր կը սորվեցնեն մեր կեանքին կարգ մը երեսակներուն նկատմամբ։ Եւ չմոռնանք որ Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխը կը սկսի «Դուք սուրբ եղէք» խօսքով։

Ղեւտացւոց 19։3–ի մէջ ծնողներու նկատմամբ տրուած օրէնքը պէտք է քրիստոնեաները մղէ ի՞նչ բան նկատի առնելու (տե՛ս պարբ. 10-12) *

10-11. Ըստ Ղեւտացւոց 19։3–ին, ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ ատիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

10 Իսրայէլացիներուն ըսելէ ետք որ պէտք է սուրբ ըլլան, Եհովան աւելցուց. «Ամէն մարդ իր մայրն ու իր հայրը պէտք է յարգէ. . . Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը» (Ղեւ. 19։2, 3

11 Յստակ է որ պէտք է լուրջի առնենք Աստուծոյ տուած ուղղութիւնը, որ մեր ծնողները պատուենք։ Յիշէ այն դէպքը, երբ մարդ մը Յիսուսին հարցուց. «Ի՞նչ բարի գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ընդունիմ»։ Յիսուսի պատասխանին մէկ մասն էր, որ ան պէտք էր իր հայրը ու մայրը պատուէր (Մատ. 19։16-19)։ Յիսուս նոյնիսկ դատապարտեց փարիսեցիներն ու դպիրները, քանի որ կերպեր կը փնտռէին, որպէսզի իրենց ծնողներուն հոգ չտանէին։ Այսպէս, անոնք «Աստուծոյ պատուիրանքը կը խափանէին» (Մատ. 15։3-6)։ «Աստուծոյ պատուիրանքը» կը պարփակէր Տասը պատուիրաններուն հինգերորդը, ինչպէս նաեւ ի՛նչ որ կարդացինք Ղեւտացւոց 19։3–ին մէջ (Ել. 20։12)։ Անգամ մը եւս ի մտի ունեցիր, որ հայրը ու մայրը յարգելու խօսքը, որ արձանագրուած է Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին մէջ, ուղղակի կու գայ այս խօսքէն ետք. «Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ»։

12. Ինչպէ՞ս կրնանք Ղեւտացւոց 19։3–ի պատուէրին հնազանդիլ։

12 Երբ կը մտածենք Եհովայի տուած խրատին մասին, որ ծնողները պատուենք, թերեւս մենք մեզի հարց տանք. ‘Ես ծնողներս կը պատուե՞մ’։ Եթէ կը զգաս, որ անցեալին բաւական բան չես ըրած ծնողներուդ համար, անցեալը չես կրնար փոխել, բայց կրնաս հիմակուընէ որոշել բարելաւումներ ընել ծնողներդ աւելի պատուելու համար։ Կրնաս աւելի ժամանակ անցընել անոնց հետ, եւ իրենց աւելի օգտակար ըլլալ՝ նիւթական, հոգեւոր եւ զգացական գետնի վրայ։ Այդպէս ընելով, Ղեւտացւոց 19։3–ին հնազանդած պիտի ըլլաս։

13. ա) Ղեւտացւոց 19։3–ի մէջ, ուրիշ ի՞նչ խրատ կը գտնենք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ Յիսուսի օրինակին, որ արձանագրուած է Ղուկաս 4։16-18–ի մէջ։

13 Ղեւտացւոց 19։3–էն ուրիշ բան մըն ալ կը սորվինք սուրբ ըլլալու մասին։ Անիկա կը նշէ Շաբաթ պահելը։ Օրէնքին տակ չըլլալով, մենք շաբաթական Շաբաթը չենք պահեր։ Սակայն, կրնանք շատ բան սորվիլ նկատի առնելով, թէ իսրայէլացիները ինչպէ՛ս Շաբաթը կը պահէին, եւ անկէ ինչպէ՛ս կ’օգտուէին։ Անոնք Շաբաթ օրը գործ չէին ըներ եւ հոգեւոր բաներու վրայ կը կեդրոնանային *։ Ատոր համար է որ Յիսուս Նազարէթի մէջ Շաբաթ օրը ժողովարան կ’երթար եւ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդար (Ել. 31։12-15. կարդա՛ Ղուկաս 4։16-18Ղեւտացւոց 19։3–ի մէջ արձանագրուած Աստուծոյ պատուէրը՝ «Իմ շաբաթներս պէտք է պահէք», պէտք է մեզ մղէ որ մեր առօրեայ գործունէութիւններէն ժամանակ առնենք ու զայն տրամադրենք հոգեւոր բաներու։ Արդեօք այս ուղղութեամբ պէ՞տք է փոփոխութիւններ ընես։ Եթէ կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրես որ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանաս, պիտի զարգացնես Եհովայի հետ ջերմ փոխյարաբերութիւն մը, որ անհրաժեշտ է սուրբ ըլլալու համար։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ

14. Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին մէջ ի՞նչ կարեւոր ճշմարտութիւն մը շեշտուած է։

14 Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխը կրկին անգամ կը նշէ կարեւոր ճշմարտութիւն մը, որ կրնայ մեզի օգնել սուրբ մնալու։ 4–րդ համարին վերջին խօսքն է. «Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ Այս գաղափարը 16 անգամ յիշուած է այս գլուխին մէջ։ Ասիկա մեր միտքը կը բերէ առաջին պատուիրանը. «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ. . . Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս» (Ել. 20։2, 3)։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, որ կ’ուզէ սուրբ ըլլալ, պէտք է վստահ ըլլայ, որ ո՛չ մէկ բան կամ ո՛չ մէկ անձ աւելի կարեւոր ըլլայ, քան Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը։ Եւ քանի որ Եհովայի վկաներ անունը կը կրենք, վճռած ենք չընել բան մը, որ իր սուրբ անուան վրայ նախատինք կը բերէ (Ղեւ. 19։12. Եսա. 57։15

15. Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխի համարները, որոնք կապ ունին զոհերու հետ, պէտք է մեզ մղեն ի՞նչ ընելու։

15 Եհովայի օրէնքներուն հնազանդելով, իսրայէլացիները ցոյց պիտի տային, որ ընդունած էին Եհովան որպէս իրենց Աստուածը։ Ղեւտացւոց 18։4–ը կ’ըսէ. «Իմ պատուիրանքներս կատարեցէ՛ք եւ իմ կանոններս պահեցէք, որպէս զի անոնցմով քալէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։ 19–րդ գլուխը կը թուէ այդ «կանոններ»էն ոմանք։ Օրինակ, 5-8, 21, 22–րդ համարները կը խօսին անասնական զոհերուն մասին։ Իսրայէլացիները այդ զոհերը պէտք էր ընէին այնպիսի կերպով մը, որ ‘Տէրոջը սուրբ բանը չպղծէին’։ Այս համարները կարդալը պէտք է մեզ մղէ, որ ուզենք Եհովան հաճեցնել եւ ընդունելի օրհնութեան պատարագ մատուցանել, ինչպէս որ Եբրայեցիս 13։15–ը մեզ կը քաջալերէ որ ընենք։

16. Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին մէջ, ո՞ր սկզբունքը թերեւս մեզի յիշեցնէ Աստուծոյ ծառայողներուն եւ չծառայողներուն միջեւ եղած տարբերութիւնը։

16 Սուրբ ըլլալու համար, պէտք է պատրաստ ըլլանք ուրիշներէն տարբեր ըլլալու։ Եւ ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ, քանի որ ատեններ մեր դպրոցակիցները, գործընկերները, Վկայ չեղող ազգականները եւ ուրիշներ թերեւս մեզ ճնշեն, որ մասնակցինք այնպիսի գործունէութիւններու, որոնք մեր պաշտամունքին համաձայն չեն։ Այդ պարագային, կարեւոր որոշում մը պէտք է առնենք։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ ճիշդ ընտրութիւնը ընենք։ Նկատի առ սկզբունք մը, որ յիշուած է Ղեւտացւոց 19։19–ին մէջ. «Երկու նիւթէ գործուած այլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր»։ Այդ օրէնքը օգնեց, որ իսրայէլ ազգը շրջակայ ազգերէն տարբեր երեւնայ։ Ներկայիս, սխալ չէ որ մենք հագնինք այնպիսի հագուստ մը, որ երկու նիւթէ գործուած է, ինչպէս՝ բուրդ եւ արուեստական մետաքս։ Բայց կը մերժենք ըլլալ անոնց պէս, որոնց հաւատալիքները եւ սովորութիւնները Աստուածաշունչին հակառակ են, նոյնիսկ եթէ անոնք մեր դպրոցակիցները, գործընկերները կամ ազգականներն են։ Անշուշտ, կը սիրենք մեր ազգականները եւ մեր ընկերը։ Սակայն կեանքի կարեւոր մարզերուն մէջ, պատրաստ ենք ուրիշներէն տարբեր ըլլալու որպէս Եհովայի ծառաներ։ Ատիկա շա՜տ կարեւոր է, քանի որ եթէ կ’ուզենք սուրբ ըլլալ, պէտք է Աստուծոյ համար զատուած ըլլանք (Բ. Կոր. 6։14-16. Ա. Պետ. 4։3, 4

Ղեւտացւոց 19։23-25–էն իսրայէլացիները ի՞նչ դաս քաղեցին, եւ դուն այդ համարներէն ի՞նչ դաս կը սորվիս (տե՛ս պարբ. 17-18) *

17-18. Ղեւտացւոց 19։23-25–էն ի՞նչ արժէքաւոր դաս կրնանք քաղել։

17 «Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը» խօսքը պէտք էր իսրայէլացիներուն օգնէր, որ Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը իրենց կեանքին մէջ ամենակարեւոր բանը սեպէին։ Ղեւտացւոց 19։23-25–ը ցոյց տուաւ, թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնային ընել (կարդա՛)։ Աւետեաց երկրին մէջ, երբ իսրայէլացին ծառեր տնկէր, երեք տարի անոնց պտուղէն չէր կրնար ուտել։ Չորրորդ տարին, ծառերուն պտուղը պիտի յատկացուէր գործածուելու Աստուծոյ սրբարանին մէջ։ Միայն հինգերորդ տարին էր, որ անհատը կրնար պտուղէն ուտել։ Այս օրէնքը իսրայէլացիներուն պիտի օգնէր հասկնալու, թէ իրենց շահերը պէտք չէ առաջին տեղը դրուին։ Եհովան ուզեց որ անոնք վստահին, թէ իրենց հոգ պիտի տանէր, եւ իր պաշտամունքը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնեն։ Ան վստահաբար իրենց բաւարար ուտելիք պիտի ապահովէր։ Նաեւ զիրենք քաջալերեց, որ առատապէս նուիրատուութիւններ ընեն սրբարանին մէջ,– իր պաշտամունքի կեդրոնը։

18 Ղեւտացւոց 19։23-25–ին մէջ արձանագրուած օրէնքը մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի խօսքերը Լերան քարոզին մէջ։ Ան ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք. . . թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք»։ Եւ աւելցուց. «Ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են»։ Աստուած մեզի պէտք եղածը պիտի տայ, ինչպէս որ հոգ կը տանի թռչուններուն (Մատ. 6։25, 26, 32)։ Մենք կը վստահինք որ Եհովան մեզի հոգ պիտի տանի։ Եւ պէտք ունեցողներուն ողորմութիւն կ’ընենք առանց մեր առջեւը փող հնչեցնելու։ Նաեւ ուրախութեամբ կ’օգնենք ժողովքին ծախսերը գոցելու։ Եհովան այսպիսի առատաձեռնութիւն կը նկատէ եւ մեզի հատուցում պիտի ընէ (Մատ. 6։2-4)։ Այսպիսով ցոյց կու տանք, որ Ղեւտացւոց 19։23-25–ի դասերը հասկցած ենք։

19. Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխը նկատի առնելով ինչպէ՞ս օգտուեցար։

19 Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխէն միայն քանի մը համարներ նկատի առինք եւ տեսանք, թէ ի՛նչ կերպերով կրնանք մեր սուրբ Աստուծոյն նմանիլ։ Զինք ընդօրինակելով՝ կը ջանանք ‘սուրբ ըլլալ մեր բոլոր վարմունքներուն մէջ’ (Ա. Պետ. 1։15)։ Շատեր, որոնք Եհովային չեն ծառայեր, այդ լաւ վարքը տեսած են, եւ ոմանք նոյնիսկ մղուած են Եհովան փառաւորելու (Ա. Պետ. 2։12)։ Բայց դեռ շատ բաներ կան, որոնք կրնանք սորվիլ Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխէն։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ յաւելեալ համարներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն տեսնելու, թէ ուրիշ ի՛նչ կերպերով կրնանք ‘սուրբ ըլլալ’։

ԵՐԳ 95 ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք, թէ Եհովան բարի է’

^ պարբ. 5 Մենք Եհովան շատ կը սիրենք, եւ կ’ուզենք զինք հաճեցնել։ Ան սուրբ է եւ կ’ակնկալէ որ զինք պաշտողներն ալ սուրբ ըլլան։ Բայց իրապէս կարելի՞ է որ անկատար մարդիկ սուրբ ըլլան։ Այո՛։ Կրնանք գիտնալ ինչպէ՛ս մեր ամբողջ վարքին մէջ սուրբ ըլլալ՝ նկատի առնելով ի՛նչ որ Պետրոս առաքեալ ըսաւ քրիստոնեաներուն եւ ի՛նչ որ Եհովան իսրայէլ ազգին պատուիրեց որ ընեն։

^ պարբ. 13 Աւելին գիտնալու համար Շաբաթին մասին եւ անկէ քաղուելիք դասերուն մասին, տե՛ս «Գործի եւ հանգիստի ‘ատենը կայ’» յօդուածը Դիտարան–ի դեկտեմբեր 2019 թիւին մէջ։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տղամարդ մը ժամանակ կ’անցընէ իր ծնողքին հետ, իր կնոջ եւ աղջկան հետ անոնց կ’այցելէ, եւ վճռած է անոնց հետ կապի մէջ մնալ։

^ պարբ. 59 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Իսրայէլացի մը իր տնկած ծառերուն պտուղը կը քննէ։