Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ղեւտացւոց 19։16–ը (ԱԾ) ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ. «Ընկերիդ կեանքին դէմ մի՛ կայնիր», եւ ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք քաղել

Եհովան իսրայէլացիներէն պահանջեց, որ սուրբ ըլլան։ Այս ուղղութեամբ անոնց օգնելու համար, ըսաւ. «Քու ժողովուրդիդ մէջ բանսարկութեան [«զրպարտութեան», ՆԱ] մի՛ երթար. ընկերիդ կեանքին դէմ մի՛ կայնիր. ե՛ս եմ Տէրը» (Ղեւ. 19։2, 16, ԱԾ

«Դէմ կայնիլ» արտայայտութիւնը եբրայերէն խօսուածքի մը լաւ թարգմանութիւնն է, բայց ի՞նչ կը նշանակէ։ Ղեւտացւոց գիրքին մասին եղող գիրք մը կը նշէ. «Համարին այս մասը դժուար է բացատրել, քանի որ դժուար է գիտնալ, թէ եբրայերէն արտայայտութեան իմաստը ի՛նչ է»։

Կարգ մը գիտնականներ այդ արտայայտութիւնը կը կապեն նախորդ համարին հետ, որ կ’ըսէ. «Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք. ձեր դրացին արդարութիւնով դատեցէ՛ք» (Ղեւ. 19։15)։ Այս պարագային, 16–րդ համարին պատուէրը կրնար նշանակել, որ իսրայէլացիները պէտք չէր ընէին անարդար բան մը դատական հարցերու մէջ, վաճառականութեան մէջ կամ ընտանիքին մէջ, եւ անձնական շահերու համար պէտք չէր խարդախութիւն ընէին։ Ճիշդ է որ այսպիսի բաներ պէտք չէ ընենք, բայց աւելի տրամաբանական կերպ մը կայ, որ հասկնանք 16–րդ համարին խօսքը։

Նկատի առ այդ համարը սկիզբը ի՛նչ կ’ըսէ։ Աստուած իր ժողովուրդին կը պատուիրէ, որ զրպարտութիւն չընեն։ Ի մտի ունեցիր, որ զրպարտութիւնը պարզապէս շատախօսութիւն չէ, թէեւ շատախօսութիւնն ալ կրնայ խնդիրներու դուռ բանալ (Առ. 10։19. Ժող. 10։12-14. Ա. Տիմ. 5։13-15. Յակ. 3։6)։ Զրպարտողը յաճախ դիտմամբ սուտեր կը խօսի, որպէսզի մէկու մը համբաւը աւրէ։ Ան կրնայ ուրիշի մը դէմ սուտ վկայութիւն տալ, նոյնիսկ եթէ ատիկա անհատին կեանքը պիտի վտանգէ։ Յիշէ ի՛նչ եղաւ, երբ զրպարտող մարդիկ Նաբովթին դէմ սուտ վկայութիւն տուին. ան անարդարօրէն քարկոծուեցաւ (Գ. Թագ. 21։8-13)։ Այո, զրպարտողը կրնայ ուրիշին կեանքին դէմ կայնիլ, ինչպէս որ Ղեւտացւոց 19։16–ը կը նշէ։

Ասկէ զատ, զրպարտութիւնը կրնայ յայտնել, որ անհատը որոշ չափով ատելութիւն ունի։ Ա. Յովհաննէս 3։15–ին մէջ կը կարդանք. «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի»։ Կ’արժէ նկատել, որ Աստուած Ղեւտացւոց 19։16–ի խօսքէն ետք ըսաւ. «Եղբայրդ քու սրտիդ մէջ մի՛ ատեր» (Ղեւ. 19։17

Ուստի, Ղեւտացւոց 19։16–ի խօսքը զօրաւոր խրատ մըն է քրիստոնեաներուն։ Պէտք է սխալ մտածումները մերժենք եւ բնա՛ւ ուրիշը չզրպարտենք։ Պարզ խօսքով, եթէ մէկու մը ‘դէմ կայնինք’, այսինքն՝ եթէ զինք զրպարտենք, քանի որ զինք չենք հաւնիր կամ իրեն կը նախանձինք, ասիկա կրնայ ցոյց տալ որ զինք կ’ատենք։ Եւ քրիստոնեաները բնաւ պէտք չէ ոեւէ մէկը ատեն (Մատ. 12։36, 37