Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արդեօք լա՞ւ գործակից մըն ես

Արդեօք լա՞ւ գործակից մըն ես

«ԵՍ ԱՆՈՐ քով ճարտարապետ էի եւ. . . միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի» (Առ. 8։30)։ Աստուածաշունչը այսպէս կը նկարագրէ Աստուծոյ Որդին այն երկար տարիներուն ընթացքին, երբ իր Հօր հետ աշխատեցաւ՝ երկիր գալէն առաջ։ Նկատէ որ այս համարը նաեւ մեզի կ’ըսէ, որ Յիսուս ‘ուրախացաւ’ որպէս Աստուծոյ գործակից։

Երկինքի մէջ, Յիսուս սորվեցաւ այնպիսի յատկութիւններ, որոնք զինք լաւ գործակից մը դարձուցին։ Անոր համար երբ երկիր եկաւ, այս մարզին մէջ ուրիշներուն լաւ օրինակ եղաւ։ Յիսուսի օրինակը մօտէն քննելով, կրնանք գտնել երեք սկզբունքներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն, որ լաւ գործակիցներ ըլլանք եւ միութեան ու համագործակցութեան հոգին զօրացնենք։

Եհովայի եւ Յիսուսի օրինակը միտքդ պահելով, պատրաստ եղիր փորձառութիւնդ ու գիտելիքներդ բաժնելու գործակիցներուդ հետ

ՍԿԶԲՈՒՆՔ 1. ‘ԻՐԱՐ ՊԱՏՈՒԵՑԷՔ’

Լաւ գործակիցը խոնարհաբար կ’արժեւորէ իրեն հետ աշխատողները եւ անոնց վրայ ինքզինք չի տեսներ։ Յիսուս այսպիսի խոնարհութիւն սորվեցաւ իր Հօրմէն։ Թէեւ Եհովան միայն ինք արժանի է Ստեղծիչ կոչուելու, ան ուզեց որ ուրիշները գիտնան այն կարեւոր գործը, որ իր Որդին ըրաւ։ Ասիկա կը տեսնենք իր խօսքին մէջ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք» (Ծն. 1։26)։ Այս խօսքէն Յիսուսին յայտնի էր, որ Եհովան շատ խոնարհ է (Սաղ. 18։35

Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն նոյնանման խոնարհութիւն ցոյց տուաւ։ Երբ մարդիկ զինք կը գովէին իր ըրած լաւ բաներուն համար, ան վարկը Աստուծոյ կու տար (Մար. 10։17, 18. Յովհ. 7։15, 16)։ Յիսուս ջանաց իր աշակերտներուն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն պահպանել, եւ զիրենք բարեկամներ նկատեց եւ ոչ թէ ստրուկներ (Յովհ. 15։15)։ Ան նոյնիսկ իրենց ոտքերը լուաց, խոնարհութիւն սորվեցնելու համար (Յովհ. 13։5, 12-14)։ Մենք ալ լաւ կ’ընենք, եթէ մեր հաւատակիցները արժեւորենք, փոխանակ մեր շահերը անոնց շահերէն առաջ դնելու։ Երբ իրար ‘կը պատուենք’ եւ չենք մտահոգուիր, թէ վարկը որո՛ւն պիտի երթայ, շա՜տ աւելի բաներ կ’իրագործուին (Հռով. 12։10

Խոնարհ անհատը նաեւ կը գիտակցի, որ «դիտաւորութիւնները. . . խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին» (Առ. 15։22)։ Մեր փորձառութիւնը կամ կարողութիւնները ի՛նչ որ ալ ըլլան, պէտք է յիշենք, թէ ո՛չ մէկ մարդ ամէն բան գիտէ։ Նոյնիսկ Յիսուս ըսաւ, որ կարգ մը բաներ չէր գիտեր (Մատ. 24։36)։ Ան նաեւ ուզեց գիտնալ, թէ իր անկատար աշակերտները ի՛նչ կարծիքներ ունէին (Մատ. 16։13-16)։ Անոր համար իր գործակիցները իրեն հետ հանգիստ կը զգային։ Նմանապէս, երբ խոնարհաբար ի մտի ունենանք մեր սահմանափակումները եւ ուրիշներուն թոյլ տանք, որ իրենց կարծիքները արտայայտեն, խաղաղ փոխյարաբերութիւններ պիտի ունենանք, եւ միասնաբար յաջողութիւն պիտի գտնենք։

Այս մարզին մէջ, կարեւոր է որ երէցները Յիսուսը ընդօրինակեն, մինչ իրարու հետ կ’աշխատին։ Անոնք պէտք է յիշեն, թէ սուրբ հոգին կրնայ ոեւէ երէց մղել ըսելու բան մը, որ երէցներու մարմինին պիտի օգնէ լաւ որոշում առնելու։ Եթէ երէցները իրենց ժողովներուն մէջ այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծեն, ուր ամէն անհատ ազատ կը զգայ իր կարծիքը յայտնելու, անոնք միասնաբար պիտի առնեն որոշումներ, որոնք ամբողջ ժողովքին պիտի օգտեն։

ՍԿԶԲՈՒՆՔ 2. ‘ՁԵՐ ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՂ ՅԱՅՏՆԻ ԸԼԼԱՅ’

Լաւ գործակիցը խոհեմութեամբ կը վարուի իր շուրջիններուն հետ։ Ան ճկուն եւ զիջող է։ Յիսուս վստահաբար շատ առիթներ ունեցաւ իր Հօր խոհեմութիւնը տեսնելու համար։ Օրինակ, ան տեսաւ թէ ինչպէ՛ս Եհովան փրկանքի կարգադրութիւնը ըրաւ, երբ մարդկութիւնը մահուան դատապարտուեցաւ (Յովհ. 3։16

Յիսուս զիջեցաւ երբ անհրաժեշտ էր կամ յարմար էր։ Յիշէ թէ ան ինչպէ՛ս փիւնիկեցի կնոջ մը օգնեց, հակառակ անոր որ Իսրայէլի տանը համար ղրկուած էր (Մատ. 15։22-28)։ Ան նաեւ խոհեմութիւն ցոյց տուաւ, գիտնալով թէ ի՛նչ պիտի ակնկալէր իր աշակերտներէն։ Օրինակ, երբ իր մտերիմ բարեկամը՝ Պետրոս, մարդոց առջեւ զինք ուրացաւ, Յիսուս պատրաստ էր Պետրոսին ներելու։ Իսկ ետքը, անոր ծանր պատասխանատուութիւններ վստահեցաւ (Ղուկ. 22։32. Յովհ. 21։17. Գործք 2։14. 8։14-17. 10։44, 45)։ Յիսուսի օրինակը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ պէտք է ‘մեր խոհեմութիւնը ամէն մարդու յայտնի ըլլայ’՝ զիջող ըլլալով (Փլպ. 4։5, ՆԱ

Խոհեմ ըլլալը նաեւ մեզ պիտի մղէ, որ յարմարող ըլլանք, որպէսզի ամէն տեսակ մարդոց հետ խաղաղութեամբ վարուինք։ Յիսուս իր շուրջիններուն հետ այնքա՛ն լաւ վարուեցաւ, որ իր նախանձոտ թշնամիները ըսին, թէ ինք ‘բարեկամ էր մաքսաւորներուն ու մեղաւորներուն’, որոնք իր պատգամին ընդառաջեցին (Մատ. 11։19)։ Յիսուսին պէս, կրնա՞նք յաջողապէս ուրիշներուն հետ համագործակցիլ։ Լուիս անունով եղբայր մը, որ տարբեր–տարբեր ենթահողեր ունեցող անհատներու հետ աշխատած է որպէս շրջանային տեսուչ եւ Բեթէլին մէջ, կ’ըսէ. «Անկատար անհատներու հետ աշխատիլը կը նմանի տարբեր չափեր ունեցող քարերով պատ մը շինելուն։ Որովհետեւ քարերը նոյն չափով չեն, աւելի ջանք կ’ուզէ որ պատը ուղիղ կառուցուի։ Նաեւ ջանք թափած եմ, որ անձնական ճշդումներ ընեմ, որպէսզի ուրիշներու հետ խաղաղութեամբ աշխատիմ, այնպէս որ ի վերջոյ գործը կատարուի»։ Ի՜նչ լաւ մտածելակերպ։

Լաւ գործակիցը չի փորձեր ուրիշներուն վրայ տիրել՝ անոնց չըսելով ի՛նչ որ պէտք է գիտնան կամ ի՛նչ որ իրենց համար օգտակար է

Ժողովքին մէջ կրնանք համագործակցութիւն ցոյց տալ, երբ դաշտի ծառայութեան մեր խումբին հետ կը ծառայենք։ Թերեւս կ’աշխատինք հրատարակիչներու հետ, որոնք ընտանեկան տարբեր պատասխանատուութիւններ ունին կամ տարբեր տարիքի կը պատկանին։ Կրնանք մեր արագութիւնը անոնց կարողութեան յարմարցնել կամ պատրաստ ըլլալ քարոզելու այն կերպով, որ իրենք կը նախընտրեն։ Այսպէս, անոնց կ’օգնենք որ ծառայութեան մէջ աւելի ուրախութիւն գտնեն։

ՍԿԶԲՈՒՆՔ 3. ‘ՈՒՆԵՑԱԾՈՎԴ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԻՐ’

Լաւ գործակիցը ‘իր ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ է’ (Ա. Տիմ. 6։18, ՆԹ)։ Երբ Յիսուս իր Հօր կողքին կ’աշխատէր, ան նկատած ըլլալու էր, որ Եհովան իրմէ որոշ բաներ չէր պահեր։ Երբ Եհովան «երկինքները կը պատրաստէր», Յիսուս ‘հոն էր’ եւ կրնար իրմէ սորվիլ (Առ. 8։27)։ Յետագային, Յիսուս ինք ուրախութեամբ իր աշակերտներուն հետ բաժնեց ‘այն ամէն բաները, որոնք իր Հօրմէն լսած էր’ (Յովհ. 15։15)։ Եհովայի եւ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, մենք ալ պէտք է պատրաստ ըլլանք մեր գիտելիքները եւ փորձառութիւնը բաժնելու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Լաւ գործակիցը չի փորձեր ուրիշներուն վրայ տիրել՝ անոնց չըսելով ի՛նչ որ պէտք է գիտնան կամ ի՛նչ որ իրենց համար օգտակար է։ Ընդհակառակը, ան ուրախութեամբ ուրիշներու հետ կը բաժնէ իր սորված լաւ բաները։

Կրնանք նաեւ քաջալերական խօսքեր ըսել մեր գործակիցներուն։ Երբ մէկը մեր թափած ջանքերը նկատէ եւ իր գնահատանքը արտայայտէ, լաւ կը զգանք, չէ՞։ Յիսուս ժամանակ տրամադրեց, որ իր գործակիցներուն հետ խօսի այն լաւ բաներուն մասին, որ իրենց մէջ նկատած էր (համեմատէ՛ Մատթէոս 25։19-23. Ղուկաս 10։17-20)։ Ան նոյնիսկ անոնց ըսաւ, որ իր գործերէն ‘աւելի՛ մեծ գործեր պիտի ընէին’ (Յովհ. 14։12)։ Եւ իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, ան հաւատարիմ առաքեալները գովեց, ըսելով. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ» (Ղուկ. 22։28)։ Երեւակայէ թէ իր խօսքը որքա՜ն զիրենք քաջալերեց եւ մղեց գործի լծուելու։ Եթէ մենք ալ ժամանակ տանք, որ մեր գործակիցները գովենք, անոնք աւելի ուրախ պիտի ըլլան եւ աւելի արդիւնք պիտի տան։

ԿՐՆԱ՛Ս ԼԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԸ ԸԼԼԱԼ

Քայոտէ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Լաւ գործակիցը պէտք չունի կատարեալ ըլլալու, բայց ան իր շուրջը ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ իրեն հետ աշխատողներուն գործը կը դիւրացնէ»։ Դուն այդպիսի՞ գործակից ես։ Կրնաս քեզի հետ աշխատող եղբայրներուն ու քոյրերուն հարցնել, թէ քեզ ինչպիսի՞ աշխատող կը նկատեն։ Եթէ անոնք քեզի հետ աշխատելով հաճոյք կ’առնեն, ինչպէս որ Յիսուսի աշակերտները իրեն հետ աշխատելով հաճոյք առին, կրնաս ըսել ի՛նչ որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Գործակից ենք ձեր ուրախութեանը» (Բ. Կոր. 1։23