Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշե՞ս

Կը յիշե՞ս

Այս տարուան Դիտարան–ի թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Յակոբոս 5։11–ը ի՞նչ երաշխիք կու տայ՝ ըսելով որ Եհովան «բազմագութ ու ողորմած է»։

Գիտենք որ Եհովան ողորմութեամբ մեր մեղքերը կը ներէ։ Յակոբոս 5։11–ը մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովան բազմագութ ըլլալով՝ կը մղուի մեզի օգնելու։ Լաւ կ’ընենք եթէ զինք ընդօրինակենք (դ21.01, էջ 21

Եհովան ինչո՞ւ գլխաւորութեան կարգադրութիւնը հաստատեց։

Ան սէրէ մղուած ասիկա ըրաւ։ Այս կարգադրութիւնը թոյլ կու տայ, որ իր հաւատարիմ ընտանիքը գործէ խաղաղութեամբ եւ կարգուկանոնով։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամ, որ այս կարգադրութեան համաձայն կը վարուի, գիտէ թէ ո՛վ պիտի առնէ վերջնական որոշումները եւ զանոնք կատարէ (դ21.02, էջ 3

Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ ըլլան, երբ կը գործածեն ելեկտրոնային մէսըճներու էփ։

Եթէ անհատ մը կ’որոշէ այսպիսի էփեր գործածել, պէտք է ուշադիր ըլլայ թէ որո՛նց հետ կ’ընկերակցի։ Ուշադիր ըլլալը աւելի դժուար կ’ըլլայ, երբ կը մտածենք մէսըճի մեծ կրուփի մը միանալ (Ա. Տիմ. 5։13)։ Նաեւ կրնանք իյնալ ուրիշ վտանգներու մէջ, ինչպէս՝ չփաստուած տեղեկութիւններ տարածել եւ եղբայրներուն հեռաձայնի թիւերը գործածել առեւտրական նպատակներու համար (դ21.03, էջ 31

Աստուած ի՞նչ կարգ մը պատճառներով թոյլ տուաւ, որ Յիսուս չարչարուէր ու մեռնէր։

Պատճառներէն մէկը այն է, որ Յիսուս ցիցէն կախուելով կարելի դարձաւ որ հրեաները անէծքէ մը ազատին (Գաղ. 3։10, 13)։ Երկրորդ պատճառը այն է, որ Եհովան Յիսուսը կը մարզէր իր ապագայ դերին համար որպէս Քահանայապետ։ Իսկ երրորդ պատճառը այն է, որ Յիսուս մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով փաստեց, թէ մարդիկ կրնան հաւատարիմ մնալ նոյնիսկ խիստ փորձութիւններու տակ (Յոբ 1։9-11. դ21.04, էջ 16-17

Ի՞նչ կրնաս ընել, երբ ծառայութեան մէջ դժուար է մարդիկ գտնելը։

Կրնաս քարոզել այն ատեն, երբ աւելի հաւանական է որ մարդիկ տունը ըլլան։ Նաեւ կրնաս փորձել քարոզել տարբեր վայրի մը մէջ։ Նաեւ կրնաս տարբեր կերպեր փորձել, ինչպէս՝ նամակներ գրել (դ21.05, էջ 15-16

Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Ես օրէնքով մեռայ օրէնքին» (Գաղ. 2։19

Մովսիսական օրէնքը մարդկային անկատարութիւնը յայտնեց եւ իսրայէլ ազգը առաջնորդեց Քրիստոսին (Գաղ. 3։19, 24)։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ Պօղոս Քրիստոսը ընդունի։ Եւ այսպէս ընելով, ան ‘մեռաւ օրէնքին’, այսինքն՝ օրէնքը այլեւս իշխանութիւն չունէր իր վրայ (դ21.06, էջ 31

Եհովան ինչպէ՞ս մեզի օրինակ եղած է համբերելու մէջ։

Եհովան հետեւեալներուն համբերած է. իր անուան վրայ եկած անարգանքը, իր գերիշխանութեան դէմ հակառակութիւնը, իր զաւակներէն ոմանց ըմբոստութիւնը, Բանսարկուին ետեւ–ետեւի սուտերը, իր ծառաներուն չարչարանքը, իր մահացած բարեկամներէն բաժնուիլը, մարդկային ընտանիքին չարչարուիլը եւ իր ստեղծագործութեան աւրուիլը (դ21.07, էջ 9-12

Համբերելու մէջ Յովսէփ ինչպէ՞ս լաւ օրինակ էր։

Ան իր եղբայրներուն անարդար վերաբերմունքին տոկաց։ Անկէ ետքն ալ Եգիպտոսի մէջ սուտ կերպով ամբաստանուեցաւ եւ տարիներով բանտարկուեցաւ (դ21.08, էջ 12

Անգէ 2։6-9, 20-22–ը ի՞նչ այլաբանական շարժի մասին կը մարգարէանայ։

Ազգերը Թագաւորութեան քարոզչութեան ժխտական կերպով կը հակազդեն, բայց շատեր ճշմարտութիւնը կ’ընդունին։ Մօտ ատենէն, վերջին շարժը պիտի ըլլայ, որ ազգերը պիտի կործանէ (դ21.09, էջ 15-19

Ինչո՞ւ պէտք է մեր ծառայութիւնը կատարենք եւ չյանձնուինք։

Եհովան կը տեսնէ մեր ջանքերը եւ անոնց կը հաճի։ Եթէ ծառայութեան մէջ տոկանք ու չյանձնուինք, յաւիտենական կեանք պիտի ունենանք (դ21.10, էջ 25-26

Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ գործադրենք այս խրատը. «Սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ» (Ա. Պետ. 1։15

Այդ համարը հաւանաբար մէջբերուած է Ղեւտացւոց 19։2–էն։ 19–րդ գլուխին մէջ շատ օրինակներ կան, որոնք ցոյց կու տան, թէ Ա. Պետրոս 1։15–ը ինչպէ՛ս կրնանք մեր կեանքին մէջ գործադրել (դ21.12, էջ 3-4