Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 7

«Իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ»

«Իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ»

«Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ» (ԱՌ. 22։17

Երգ 125 Աստուածպետական կարգուկանոնին ենթարկուինք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Խրատը ի՞նչ կերպերով կրնայ տրուիլ, եւ ինչո՞ւ բոլորս անոր պէտք ունինք։

ԲՈԼՈՐՍ ատեն–ատեն խրատի պէտք կ’ունենանք։ Կարգ մը պարագաներու, թերեւս մենք նախաքայլը առնելով խրատ խնդրենք մէկէ մը, որ կը յարգենք։ Ուրիշ պարագաներու, եղբայր մը մտահոգ ըլլալով, թերեւս մեզի մօտենայ եւ մեր ուշադրութեան յանձնէ, որ «յանցանքով բռնուելու» վրայ ենք, այսինքն՝ քայլ մը առնելու վրայ ենք, որուն համար ետքը պիտի զղջանք (Գաղ. 6։1)։ Կամ, թերեւս խրատ ստանանք, երբ մէկը մեզ կը սրբագրէ լուրջ սխալի մը համար, որ գործեցինք։ Ինչ կերպով ալ խրատ ստանանք, պէտք է միշտ անոր ականջ տանք, քանի որ այդպէս ընելը մեզի համար օգտակար է եւ կրնայ մեր կեանքը ազատել (Առ. 6։23

2. Առակաց 12։15–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է խրատին ականջ տանք։

2 Յօդուածին գլխաւոր համարը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘իմաստուններուն խօսքերը մտիկ ընենք’ (Առ. 22։17)։ Չկայ անձ մը, որ ամէն բան գիտէ. միշտ կ’ըլլայ մէկը, որ մեզմէ աւելի գիտութիւն կամ փորձառութիւն ունի (կարդա՛ Առակաց 12։15)։ Ուստի, խրատին ականջ տալը խոնարհութեան նշան է։ Եւ ցոյց կու տայ, որ կը գիտակցինք մեր սահմանափակումներուն եւ գիտենք որ մեր նպատակակէտերուն հասնելու համար օգնութեան պէտք ունինք։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Ծրագիրները. . . բազմաթիւ խորհրդականներով կը յաջողին» (Առ. 15։22, ԱԾ

Խրատի այս երկու կերպերէն ո՞ր մէկը քեզի համար դժուար է ընդունիլ (տե՛ս պարբ. 3-4)

3. Ի՞նչ կերպերով կրնանք խրատ ստանալ։

3 Խրատը կրնայ մեզի տրուիլ ուղղակիօրէն կամ անուղղակի կերպով։ Ի՞նչ է անուղղակիօրէն տրուած խրատը։ Կրնանք բան մը կարդալ Աստուածաշունչէն կամ մեր հրատարակութիւններէն եւ մղուիլ մեր ընթացքին մասին մտածելու եւ փոփոխութիւններ ընելու (Եբ. 4։12)։ Կրնանք ասիկա կոչել՝ անուղղակի խրատ։ Լաւ, ուղղակիօրէն տրուած խրատը ի՞նչ է։ Երէց մը կամ ուրիշ որակեալ եղբայր մը թերեւս մեր ուշադրութեան յանձնէ բան մը, որուն վրայ պէտք է աշխատինք։ Կրնանք ասիկա կոչել՝ ուղղակի խրատ։ Եթէ մէկը մեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ Աստուածաշունչէն խրատ տայ, պէտք է գնահատութիւն ցոյց տանք՝ իր ըսածը մտիկ ընելով եւ փորձելով խրատը գործադրել։

4. Ժողովող 7։9–ի համաձայն, ի՞նչ պէտք չէ ընենք, երբ խրատ կը ստանանք։

4 Իրականութեան մէջ, շատ դժուար է ուղղակի խրատը ընդունիլ։ Եւ թերեւս նոյնիսկ վիրաւորուինք։ Ինչո՞ւ։ Թէեւ կ’ընդունինք որ անկատար ենք, բայց մեզի համար կրնայ դժուար ըլլալ խրատ ընդունիլ, երբ մէկը մեր ուշադրութեան յանձնէ որոշ սխալ մը, որ ըրած ենք (կարդա՛ Ժողովող 7։9)։ Թերեւս մենք մեզ արդարացնենք։ Կրնանք նաեւ կասկածի տակ դնել խրատ տուողին մղումները կամ նեղանալ խրատը տալու իր կերպէն։ Եւ նոյնիսկ կրնանք անհատին մէջ սխալներ փնտռել, խորհելով. ‘Ի՞նչ իրաւունքով ինծի խրատ կու տայ։ Թող երթայ իր սխալներուն նայի’։ Երբ մեզի տրուած խրատը մեզի յարմար չըլլայ, թերեւս զայն անտեսենք կամ ուրիշ մէկու մը դիմենք խրատի համար, յուսալով որ մեր ուզածը լսենք։

5. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

5 Յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք Աստուածաշունչէն անհատներ, որոնք խրատը մերժեցին, եւ անհատներ՝ որոնք զայն ընդունեցին։ Նաեւ, պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ խրատը ընդունինք եւ անկէ օգտուինք։

ԱՆՈՆՔ ՏՐՈՒԱԾ ԽՐԱՏԸ ՄԵՐԺԵՑԻՆ

6. Ի՞նչ կը սորվինք այն կերպէն, որով Ռոբովամ հակազդեց իրեն տրուած խրատին։

6 Նկատի առ Ռոբովամին օրինակը։ Երբ ան Իսրայէլի թագաւորը եղաւ, ժողովուրդը իր քովը եկաւ եւ խնդրեց, որ թեթեւցնէ այն բեռը, որ իր հայրը Սողոմոն դրած էր իրենց վրայ։ Ռոբովամ որոշեց Իսրայէլի ծերերէն խրատ առնել, թէ ինչպէ՛ս պիտի պատասխանէր ժողովուրդին։ Լաւ ըրաւ։ Ծերերը իրեն ըսին, որ եթէ ժողովուրդին խնդրանքը ընէ, անոնք միշտ իրեն թիկունք պիտի կանգնին (Գ. Թագ. 12։3-7)։ Ըստ երեւոյթին, այս խրատը Ռոբովամին հաշւոյն չեկաւ, անոր համար խրատ խնդրեց տղամարդոցմէ, որոնք իրեն հետ մեծցած էին։ Անոնք իրենց 40–ական տարիքին մէջ ըլլալու էին, եւ վստահաբար որոշ փորձառութիւն ունէին (Բ. Մն. 12։13)։ Բայց անոնք իրեն գէշ խրատ մը տուին. ըսին որ ժողովուրդին բեռը ծանրացնէ (Գ. Թագ. 12։8-11)։ Երկու տարբեր խրատներ ստանալով, Ռոբովամ կրնար աղօթքով Եհովային մօտենալ եւ հարցնել, թէ ո՛ր խրատին պէտք է հետեւի։ Փոխարէնը, ան որոշեց հետեւիլ այն խրատին, որ հաւնեցաւ, եւ երիտասարդ տղամարդոց մտիկ ըրաւ։ Հետեւանքը շատ գէշ եղաւ Ռոբովամին եւ ժողովուրդին համար։ Մեր պարագային ալ, կրնայ մեզի խրատ մը տրուիլ, որ շատ չենք հաւնիր։ Բայց եթէ անիկա Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած է, պէտք է զայն ընդունինք։

7. Ոզիա թագաւորին օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

7Ոզիա թագաւորը խրատը մերժեց։ Ան Եհովայի տաճարին այն մասը մտաւ, որ միայն քահանաներուն արտօնուած էր մտնել, եւ փորձեց խունկ մատուցանել։ Քահանաները իրեն ըսին. «Ո՛վ Ոզիա, քեզի չ’իյնար որ Տէրոջը խունկ ծխես, հապա Ահարոնեան քահանաներուն»։ Ոզիան ի՞նչ ըրաւ։ Եթէ խոնարհաբար խրատը ընդունէր եւ անմիջապէս տաճարէն հեռանար, Եհովան թերեւս իրեն ներէր։ Փոխարէնը, «Ոզիա բարկացաւ»։ Ան ինչո՞ւ խրատը մերժեց։ Այնպէս կ’երեւի որ ան զգաց, թէ թագաւոր ըլլալով, կրնար իր ամէն ուզածը ընել։ Բայց Եհովան հարցը այդ կերպով չէր դիտեր։ Ոզիան իր հպարտութեան պատճառաւ բորոտութեամբ զառնուեցաւ, եւ «մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր» (Բ. Մն. 26։16-21)։ Անոր օրինակէն կը սորվինք, թէ ո՛վ որ ալ ըլլանք, եթէ սուրբգրային խրատը մերժենք, Եհովայի հաճութիւնը պիտի կորսնցնենք։

ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ՏՐՈՒԱԾ ԽՐԱՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑԻՆ

8. Յոբ իրեն տրուած խրատին հանդէպ ի՞նչ կեցուածք ունեցաւ։

8 Աստուածաշունչը նաեւ կը խօսի անհատներու մասին, որոնք օրհնուեցան, քանի որ իրենց տրուած խրատը ընդունեցին։ Նկատի առ Յոբին օրինակը։ Թէեւ ան աստուածավախ մարդ մըն էր, բայց կատարեալ չէր։ Զօրաւոր ճնշումի տակ ըլլալով, ան սխալ միտքեր արտայայտեց։ Առ ի արդիւնք, ան ուղղակի խրատ ստացաւ թէ՛ Եղիուսին կողմէ եւ թէ Եհովային կողմէ։ Յոբ ի՞նչ ըրաւ։ Ան խոնարհաբար ընդունեց խրատը, եւ ըսաւ. «Կը խօսէի, բայց չէի հասկնար. . . իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։ Եհովան Յոբը օրհնեց իր խոնարհ կեցուածքին համար (Յոբ 42։3-6, 12-17

9. Խրատ ընդունելու մէջ Մովսէս ի՞նչ լաւ օրինակ ձգեց։

9Մովսէս լաւ օրինակ եղաւ, լուրջ սխալ մը գործելէ ետք սրբագրումը ընդունելով։ Առիթով մը ան բարկացաւ եւ Եհովան չպատուեց։ Անոր համար, ան Աւետեաց երկիրը մտնելու առանձնաշնորհումը կորսնցուց (Թւ. 20։1-13)։ Երբ Մովսէս Եհովայէն խնդրեց, որ այդ որոշումը ետ աչքէ անցընէ, Եհովան իրեն ըսաւ. «Անգամ մըն ալ այդ բանը ինծի չըսես» (Բ. Օր. 3։23-27)։ Մովսէս չդառնացաւ, հապա Եհովայի որոշումը ընդունեց եւ Եհովան շարունակեց զինք գործածել որպէս իսրայէլի առաջնորդ (Բ. Օր. 4։1)։ Թէ՛ Յոբ եւ թէ Մովսէս խրատ ընդունելու մէջ լաւ օրինակ են մեզի համար։ Յոբ իր մտածելակերպը փոխեց եւ ինքզինք չարդարացուց։ Իսկ Մովսէս փաստեց, թէ Եհովայի խրատը ընդունած էր՝ հաւատարիմ մնալով նոյնիսկ երբ իրեն համար թանկագին եղող առանձնաշնորհումը կորսնցուց։

10. ա) Առակաց 4։10-13–ի համաձայն, խրատ ընդունիլը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։ բ) Ոմանք խրատի հանդէպ ի՞նչ լաւ կեցուածք ցոյց տուած են։

10 Մենք կ’օգտուինք ընդօրինակելով Յոբին եւ Մովսէսին պէս հաւատարիմ եղող մարդոց օրինակը (կարդա՛ Առակաց 4։10-13)։ Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր այդպէս ըրած են։ Նկատի առ թէ Քոնկոյի մէջ ապրող Էմանուէլ ի՛նչ կ’ըսէ իրեն տրուած զգուշացումին մասին. «Ժողովքին մէջ հասուն եղբայրներ նկատեցին, որ քիչ կը մնար որ հոգեւորապէս կործանէի, եւ օգնութեան հասան։ Անոնց խրատը գործադրեցի, եւ շա՜տ խնդիրներէ ազատեցայ» *։ Քանատայի մէջ ապրող Մէկըն անունով ռահվիրայ քոյր մը խրատի մասին կ’ըսէ. «Ինծի տրուած խրատները միշտ չէի հաւներ, բայց ատոնց պէտք ունէի»։ Իսկ Խրուաթիայէն եղող Մարքօ անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Առանձնաշնորհում մը կորսնցուցի, բայց ետին նայելով կը գիտակցիմ, որ ինծի տրուած խրատը օգնեց, որ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնս նորէն զօրացնեմ»։

11. Եղբայր Քարլ Գլայն խրատ ընդունելու մասին ի՞նչ ըսաւ։

11 Եղբայր Քարլ Գլայնը, որ ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինի անդամ, ուրիշ օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս մէկը խրատ ընդունելով կ’օգտուի։ Եղբայր Գլայն իր կենսագրութեան մէջ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս անգամ մը լուրջ խրատ ստացաւ եղբայր Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտէն, որուն հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունէր։ Եղբայր Գլայն ընդունեց, որ սկիզբը խրատին լաւ կերպով չհակազդեց։ Ան պատմեց. «Յաջորդ անգամ երբ [եղբայր Ռատըրֆորտ] զիս տեսաւ, ժպտելով ըսաւ. ‘Բարեւ Քարլ’։ Բայց որովհետեւ դեռ վիրաւորուած կը զգայի, քիթիս տակէն բարեւ տուի։ Ան մէկ կտոր ըսաւ. ‘Քա՛րլ, ուշադիր եղիր, Սատանային առիթ մի՛ տար’։ Գէշ զգալով պատասխանեցի. ‘Բան մը չկայ, եղբա՛յր Ռատըրֆորտ’։ Բայց ան գիտցաւ, որ բան մը կար, անոր համար իր խօսքը կրկնեց. ‘Կը հասկնամ. բայց զգոյշ եղիր։ Սատանային առիթ մի՛ տար’։ Ան շա՜տ ճիշդ էր։ Երբ եղբօր մը դէմ ոխ կը պահենք, մանաւանդ բանի մը համար, որ իր պաշտօնին բերմամբ իրաւունք ունի ըսելու, դիւրաւ կրնանք Սատանայի ծուղակներուն մէջ իյնալ» (Եփ. 4։25-27) *։ Եղբայր Գլայն եղբայր Ռատըրֆորտի խրատը ընդունեց, եւ անոնք մտերիմ բարեկամներ մնացին։

Ի՞ՆՉԸ ԿՐՆԱՅ ՕԳՆԵԼ, ՈՐ ՄԵԶԻ ՏՐՈՒԱԾ ԽՐԱՏԸ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ

12. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ խրատը ընդունինք (Սաղմոս 141։5

12 Ի՞նչը կրնայ օգնել, որ մեզի տրուած խրատը ընդունինք։ Պէտք է խոնարհ ըլլանք, յիշելով թէ որքա՜ն անկատար ենք եւ թէ ատեններ որքա՜ն յիմարական բաներ կ’ընենք։ Ինչպէս տեսանք, Յոբ սխալ տեսակէտ ունէր։ Բայց ետքը իր մտածելակերպը փոխեց, եւ Եհովան զինք օրհնեց ատոր համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յոբ խոնարհ էր։ Ան իր խոնարհութիւնը փաստեց, ընդունելով Եղիուսի խրատը, հակառակ անոր որ Եղիուս իրմէ շա՜տ աւելի երիտասարդ էր (Յոբ 32։6, 7)։ Նոյնպէս, խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ խրատը գործադրենք նոյնիսկ եթէ կը զգանք, որ մեզի չի կիրարկուիր, կամ զայն տուողը մեզմէ աւելի երիտասարդ է։ Քանատայի մէջ երէց մը կ’ըսէ. «Որովհետեւ մենք մեզ չենք տեսներ ինչպէս որ ուրիշները կը տեսնեն, ինչպէ՞ս պիտի յառաջդիմենք, եթէ մէկը մեզ չխրատէ»։ Իրականութեան մէջ, մեզմէ ո՞վ պէտք չունի յառաջդիմելու հոգիին պտուղը մշակելու մէջ եւ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ (կարդա՛ Սաղմոս 141։5

13. Մեզի տրուած խրատը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

13Խրատը նկատէ որպէս Աստուծոյ սիրոյ մէկ արտայայտութիւնը։ Եհովան մեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ (Առ. 4։20-22)։ Երբ ան մեզ կը խրատէ իր Խօսքին, աստուածաշնչական հրատարակութեան մը կամ հասուն հաւատակիցի մը միջոցաւ, մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տայ։ Եբրայեցիս 12։9, 10–ը կ’ըսէ, որ Աստուած ատիկա կ’ընէ «մեր օգտին համար»։

14. Երբ խրատուինք, ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնանանք։

14Կեդրոնացիր խրատին վրայ, եւ ոչ թէ խրատը տալու կերպին վրայ։ Ատեններ թերեւս զգանք, որ խրատը լաւ կերպով չտրուեցաւ մեզի։ Անշուշտ, խրատ տուողն ալ պէտք է իր լաւագոյնը ընէ, որ խրատը ընդունիլը դիւրին ըլլայ (Գաղ. 6։1) *։ Բայց եթէ մենք ենք խրատ ստացողը, լաւ կ’ըլլայ որ խրատին վրայ կեդրոնանանք, նոյնիսկ եթէ կը զգանք, որ անիկա կրնար աւելի լաւ կերպով տրուիլ։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Նոյնիսկ եթէ խրատին տրուած կերպը չսիրեցի, արդեօք խրատէն կրնա՞մ բան մը սորվիլ։ Կրնա՞մ խրատ տուողին անկատարութիւնները անտեսել եւ կեդրոնանալ խրատին բուն գաղափարին վրայ’։ Իմաստութեամբ վարուած պիտի ըլլանք, եթէ մեզի տրուած որեւէ խրատէ դաս մը քաղենք (Առ. 15։31

ԽՐԱՏ ԽՆԴՐԷ ԵՒ ՕԳՈՒՏՆԵՐ ՔԱՂԷ

15. Ինչո՞ւ պէտք է խրատ խնդրենք։

15 Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ մե՛նք խրատ ուզենք։ Առակաց 13։10–ը կ’ըսէ. «Խրատին մտիկ ընողներուն [«խրատ փնտռողներուն», ՆԱ] քով իմաստութիւն կայ»։ Ասիկա որքա՜ն տեղին է։ Անոնք որոնք խրատ կը խնդրեն, յաճախ աւելի արագ հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն, քան՝ անոնք որոնք միայն կը սպասեն որ մէկը իրենց խրատ տայ։ Անոր համար, դուն նախաքայլը առ ու խրատ ուզէ։

Ինչո՞ւ երիտասարդ քոյրը խրատ կը խնդրէ հասուն քրոջմէ մը (տե՛ս պարբ. 16)

16. Ի՞նչ պարագաներու կրնանք խրատ խնդրել։

16 Ո՞ր պարագաներուն կրնանք հաւատակիցներէն խրատ խնդրել։ Նկատի առ այս պարագաները։ 1) Քոյր մը փորձառու քրոջմէ մը կը խնդրէ, որ իրեն հետ իր ուսումնասիրութեան ներկայ ըլլայ, եւ ետքը խրատ կը խնդրէ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ սորվեցնելու իր մեթոտները բարելաւել։ 2) Ամուրի քոյր մը կ’ուզէ տաբատ գնել եւ հասուն քրոջմէ մը կը խնդրէ որ իր զատած տաբատին մասին անկեղծօրէն իր կարծիքը ըսէ։ 3) Եղբայր մը, որ առաջին անգամ ըլլալով հանրային դասախօսութիւն պիտի տայ, փորձառու եղբօրմէ կը խնդրէ, որ իրեն մտիկ ընէ եւ ետքը խրատ տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ բարելաւուիլ։ Նոյնիսկ եղբայր մը, որ տարիներէ ի վեր դասախօսութիւններ կու տայ, լաւ կ’ընէ եթէ փորձառու դասախօսներէ խնդրէ որ խրատ տան, եւ ետքը այդ խրատները գործադրէ։

17. Ինչպէ՞ս կրնանք խրատէն օգտուիլ։

17 Եկող շաբաթներուն կամ ամիսներուն, բոլորս խրատ պիտի ստանանք՝ ըլլա՛յ անիկա ուղղակի խրատ կամ անուղղակի խրատ։ Երբ ատիկա պատահի, յիշէ այն կէտերը որ այս յօդուածին մէջ քննարկեցինք։ Խոնարհ մնա՛։ Կեդրոնացիր խրատին վրայ եւ ոչ թէ խրատին տրուած կերպին վրայ։ Եւ քեզի տրուած խրատը գործադրէ։ Մեզմէ ո՛չ մէկը իմաստուն ծնած է։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ, որ երբ ‘խրատը լսենք եւ կրթութիւնը ընդունինք, իմաստուն պիտի ըլլանք’ (Առ. 19։20

ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք

^ պարբ. 5 Եհովայի ծառաները սուրբգրային խրատին արժէքը գիտեն։ Բայց միշտ դիւրին չէ խրատ ընդունիլը։ Ինչո՞ւ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ մեզի տրուած խրատէն։

^ պարբ. 10 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 11 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունիս 1985 թիւին մէջ եղբայր Քարլ Գլայնի կենսագրութիւնը (արաբ.)։

^ պարբ. 14 Յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս անոնք որոնք խրատ կու տան, կրնան ատիկա ազնիւ կերպով ընել։