Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 9

Յիսուսը ընդօրինակէ՝ ուրիշներուն ծառայելով

Յիսուսը ընդօրինակէ՝ ուրիշներուն ծառայելով

«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (ԳՈՐԾՔ 20։35

ԵՐԳ 84 «Կ’ուզե՛մ»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ի՞նչ լաւ կեցուածք կը տեսնենք։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ մարգարէացած էր, որ Աստուծոյ ժողովուրդը Յիսուսի առաջնորդութեան հետեւելով, կամաւորաբար Եհովային պիտի ծառայէր (Սաղ. 110։3)։ Այդ մարգարէութիւնը վստահաբար այսօր կը կատարուի։ Ամէն տարի, Եհովայի նախանձախնդիր ծառաները քարոզչութեան կը տրամադրեն հարիւր միլիոնաւոր ժամեր։ Անոնք ասիկա կ’ընեն կամաւորաբար եւ իրենց հաշւոյն։ Անոնք նաեւ ժամանակ կու տան, որ իրենց հաւատակիցներուն օգնեն ֆիզիքապէս, զգացականօրէն եւ հոգեւորապէս։ Եւ նշանակուած եղբայրները շատ ժամանակ կը յատկացնեն՝ ժողովներուն մէջ իրենց բաժինները պատրաստելու եւ հաւատակիցներուն այցելելու, որ զանոնք քաջալերեն։ Եհովայի ծառաները այս ամէնը կ’ընեն՝ Եհովային եւ ընկերին հանդէպ սէրէ մղուած (Մատ. 22։37-39

2. Հռովմայեցիս 15։1-3–ի համաձայն, Յիսուս ի՞նչ օրինակ ձգեց։

2 Յիսուս հոյակապ օրինակ եղաւ ուրիշներուն շահերը իր շահերէն առաջ դնելուն մէջ։ Իսկ մենք մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ իր հետքերուն հետեւինք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։1-3)։ Եթէ Յիսուսը ընդօրինակենք, օգուտներ պիտի քաղենք, քանի որ ան ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35

3. Յօդուածին մէջ, ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Յիսուս ուրիշներուն ծառայելու համար ի՛նչ կարգ մը զոհողութիւններ ըրաւ։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք զինք ընդօրինակել։ Ասկէ զատ, պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներուն ծառայելու մեր փափաքը աւելցնել։

ՅԻՍՈՒՍԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

Հակառակ անոր որ յոգնած էր, Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ բազմութիւն մը եկաւ իր քով (տե՛ս պարբ. 4)

4. Յիսուս ինչպէ՞ս ուրիշներուն պէտքերը իր պէտքերէն առաջ դրաւ։

4Յիսուս ուրիշներուն օգնեց, նոյնիսկ երբ յոգնած էր։ Մտածէ թէ Յիսուս ի՛նչ ըրաւ երբ մեծ բազմութիւն մը իրեն հանդիպեցաւ լեռի մը քով, հաւանաբար Կափառնայումի մօտ։ Յիսուս ամբողջ գիշերը աղօթելով անցուցած էր։ Ան շա՜տ յոգնած ըլլալու էր, բայց երբ այդ բազմութիւնը տեսաւ, ան խղճաց անոնց մէջ եղող աղքատներուն եւ հիւանդներուն վրայ։ Ան ոչ միայն հիւանդները բուժեց, հապա նաեւ տուաւ ամենագեղեցիկ դասախօսութիւնը՝ Լերան քարոզը (Ղուկ. 6։12-20

Ի՞նչ կերպերով կրնանք Յիսուսի անձնազոհութիւնը ընդօրինակել մեր կեանքին մէջ (տե՛ս պարբ. 5)

5. Ընտանիքի գլուխը ինչպէ՞ս Յիսուսի անձնազոհ կեցուածքը կ’ընդօրինակէ երբ ուժասպառ է։

5Ընտանիքի գլուխը ինչպէ՞ս Յիսուսը կ’ընդօրինակէ։ Մտածէ այս օրինակին մասին. գործին մէջ ամբողջ օրը անցընելէ ետք, ընտանիքի գլուխը ուժասպառ տուն կը վերադառնայ։ Թերեւս իր սիրտը չուզէ ընտանեկան պաշտամունքը ընել, բայց ան Եհովային կ’աղաչէ որ իրեն ոյժ տայ, որպէսզի զայն չյետաձգէ։ Եհովան անոր աղօթքին կը պատասխանէ, եւ ընտանեկան պաշտամունքը ամէն շաբթուան պէս տեղի կ’ունենայ։ Այդ երեկոյին, զաւակները կարեւոր դաս մը կը սորվին, թէ իրենց ծնողքին համար հոգեւոր բաները ուրիշ որեւէ բանէ առաջ կու գան։

6. Օրինակով մը ցոյց տուր, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր անձնական ժամանակը զոհեց ուրիշներուն օգնելու համար։

6Յիսուս առատաձեռնօրէն իր ժամանակէն տուաւ ուրիշներուն։ Կրնա՞ս երեւակայել, թէ Յիսուս ի՛նչ զգաց, երբ գիտցաւ թէ իր բարեկամը՝ Յովհաննէս Մկրտիչը՝ գլխատուեցաւ։ Ան խո՜ր ցաւ զգացած ըլլալու էր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ Յիսուս լսեց [Յովհաննէսի մահուան մասին], անկէ նաւով անապատ մը գնաց առանձին» (Մատ. 14։10-13)։ Կրնանք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ ուզեց մինակը ըլլալ, քանի որ մեզմէ շատեր կը նախընտրեն առանձին սգալ։ Բայց ան չկրցաւ առանձին մնալ, քանի որ մեծ բազմութիւն մը իրմէ առաջ այդ ամայի վայրը հասած էր։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Այդ բազմութեան պէտքերուն մասին մտածեց եւ «խղճաց անոնց վրայ»։ Ան կրնար տեսնել, թէ անոնք շա՜տ պէտք ունէին հոգեւորապէս թարմանալու, եւ արագօրէն օգնութեան ձեռք երկարեց։ Ան ոչ թէ մէկ–երկու բան, հապա «շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մար. 6։31-34. Ղուկ. 9։10, 11

7-8. Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս երէցները Յիսուսը կ’ընդօրինակեն, երբ ժողովքին մէջ մէկը օգնութեան պէտք կ’ունենայ։

7Հոգատար երէցները ինչպէ՞ս Յիսուսը կ’ընդօրինակեն։ Մենք շա՜տ կը գնահատենք մեր անձնազոհ երէցներուն ամէն ըրածը մեզի համար։ Անոնց աշխատանքին մեծ մասը վարագոյրին ետին կ’ըլլայ։ Օրինակ, երբ բժշկական պարագայ մը ծագի, «Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբ»ին անդամները արագօրէն իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեան կը նետուին։ Յաճախ այսպիսի պարագաներ կէս–գիշերով կը ծագին։ Բայց այդ սիրելի եղբայրները, նաեւ իրենց ընտանիքները, դժուարութեան մէջ եղող եղբօր կամ քրոջ հետ զգալով, անոր շահերը իրենց շահերէն առաջ կը դնեն։

8 Երէցները նաեւ կը մասնակցին Թագաւորութեան սրահներու եւ ուրիշ շէնքերու շինարարութեան, ինչպէս նաեւ բաժին կը բերեն աղէտէ վնասուողներու օգնելու մէջ։ Եւ անոնք շատ ժամանակ կու տան, որպէսզի մեզի սորվեցնեն ու քաջալերեն։ Անոնք եւ իրենց ընտանիքները արժանի են մեր անկեղծ գովասանքին։ Թող Եհովան զիրենք վարձատրէ իրենց անձնազոհութեան համար։ Անշուշտ, բոլորիս պէս, երէցներն ալ պէտք է հաւասարակշռուած ըլլան։ Անոնք պէտք չէ այնքա՛ն ժամանակ տան աստուածպետական գործունէութիւններու, որ իրենց ընտանիքին հոգ չտանին պէտք եղածին պէս։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՆՁՆԱԶՈՀ ԸԼԼԱԼ

9. Փիլիպպեցիս 2։4, 5–ի համաձայն, բոլոր քրիստոնեաները ի՞նչ մտածելակերպ պէտք է ունենան։

9 Կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։4, 5։ Ճիշդ է որ բոլորս երէցներ չենք, բայց բոլորս կրնանք սորվիլ Յիսուսին պէս անձնազոհ ըլլալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ան «ծառայի կերպարանք» առաւ (Փլպ. 2։7)։ Մտածէ թէ այս խօսքէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։ Սիրուած ծառայ մը առիթներ կը փնտռէ, որ իր տէրը հաճեցնէ։ Որովհետեւ Եհովայի ծառաներն ենք եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կը ծառայենք, կ’ուզենք աւելի՛ օգտակար ըլլալ իրենց։ Ատիկա կրնանք ընել նկատի առնելով կարգ մը առաջարկներ։

10. Ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի հարցնել։

10Դուն քեզ քննէ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Որքանո՞վ պատրաստ եմ կարգ մը բաներ զոհելու, որպէսզի ուրիշներուն օգնեմ։ Օրինակ, ի՞նչ կը պատասխանեմ, եթէ ինձմէ խնդրուի որ ծերանոցի մը մէջ տարեց եղբօր մը այցելեմ կամ տարեց քոյր մը ժողովներու հասցնեմ։ Կամ, օգնելու պատրա՞ստ եմ, երբ կամաւորներու պէտք ըլլայ համաժողովներու սրահը մաքրելու համար կամ Թագաւորութեան սրահը նորոգելու համար’։ Երբ մեր կեանքը Եհովային նուիրեցինք, իրեն խոստացանք որ մեր ամբողջ ունեցածը իրեն ծառայելու համար պիտի գործածենք։ Ան կ’ուզէ որ մեր ժամանակը, ուժը եւ նիւթական բաները գործածենք ուրիշներուն օգնելու համար։ Եւ ան կ’ուրախանայ, երբ անձնազոհաբար այդպէս կ’ընենք։ Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ կը զգանք որ պէտք է բարելաւուինք։

11. Աղօթքը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ անձնազոհ ըլլանք։

11Սրտանց Եհովային աղօթէ։ Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ նկատես որ որոշ մարզի մը մէջ պէտք է բարելաւուիս, բայց փափաքը չունիս պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու։ Սրտանց Եհովային աղօթէ։ Ամենայն անկեղծութեամբ իրեն ըսէ, թէ ի՛նչ կը զգաս, եւ խնդրէ որ քեզի տայ «գործելու թէ՛ փափաքը եւ թէ ուժը» (Փլպ. 2։13, ՆԱ

12. Պատանի ու մկրտուած եղբայր մը ինչպէ՞ս կրնայ ժողովքին օգտակար դառնալ։

12 Եթէ պատանի ու մկրտուած եղբայր ես, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ փափաք ունենալու, որ ժողովքին մէջ աւելի ծառայես։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, աւելի երէցներ կան քան՝ օգնական ծառաներ, եւ այդ օգնական ծառաներէն շատեր երիտասարդ չեն։ Մինչ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մեծնալ, բազմաթիւ երիտասարդ եղբայրներու պէտք ունինք, որ երէցներուն օգնեն ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգ տանելու համար։ Եթէ պատրաստ ես ծառայելու պէտք եղած որեւէ կերպով, ուրախ պիտի ըլլաս։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան պիտի հաճեցնես, լաւ համբաւ պիտի ունենաս եւ ուրիշներուն օգնելով գոհունակ պիտի զգաս։

Հրէաստանէն եղող քրիստոնեաներ Յորդանան գետը կտրելով փախած են Պելլա քաղաքը։ Աւելի կանուխ եկողները նոր եկողներուն ուտելիք կը բաժնեն (տե՛ս պարբ. 13)

13-14. Ի՞նչ գործնական քայլեր կրնանք առնել, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնելու համար (տե՛ս կողքին նկարը)։

13Արթուն եղիր եւ նկատէ երբ մէկը օգնութեան պէտք ունի։ Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ըսաւ. «Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի» (Եբ. 13։16)։ Ատիկա լաւ խրատ մըն էր։ Այս նամակը ստանալէն շատ չանցած, Հրէաստանի մէջ քրիստոնեաները ստիպուեցան իրենց տուները, գործերը, քրիստոնեայ չեղող ազգականները ձգել եւ ‘լեռները փախչիլ’ (Մատ. 24։16)։ Այդ ժամանակ, անկասկած մեծ պէտք կար որ իրարու օգնէին։ Եթէ նախապէս կը գործադրէին Պօղոսի խրատը, որ իրենց ունեցածով իրարու օգնէին, իրենց համար աւելի դիւրին պիտի ըլլար նոր ապրելակերպին վարժուիլը։

14 Մեր եղբայրներն ու քոյրերը միշտ մեզի չեն ըսեր, թէ ի՛նչ բաներու պէտք ունին։ Օրինակ, քոյր մը մահացած է եւ անոր ամուսինը սուգի մէջ է։ Արդեօք մեր եղբայրը պէտք ունի՞, որ մէկը իրեն ճաշ ապահովէ, զինք տանի–բերէ կամ իր տան գործերը ընէ։ Ան չուզելով բեռ ըլլալ, թերեւս մեզի բան մը չըսէ։ Բայց ան շատ շնորհակալ պիտի ըլլայ, եթէ իրեն պէտք եղած օգնութիւնը տանք առանց իր խնդրելուն։ Մենք պէտք չէ մտածենք, որ անպայման մէկը կայ, որ իրեն պիտի օգնէ, կամ թէ եթէ բանի մը պէտք ունենայ, վստահաբար մեզի պիտի ըսէ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ ես ասանկ պարագայ մը ունենայի, ի՞նչ օգնութիւն պիտի ուզէի ստանալ’։

15. Անձնազոհ ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

15Եղիր այնպիսի մէկը, որմէ դիւրին է օգնութիւն խնդրել։ Վստահաբար կը ճանչնաս ժողովքիդ մէջ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք միշտ պատրաստ են օգնութեան ձեռք տալու։ Անոնք բնա՛ւ մեզի չեն զգացներ որ բեռ ենք։ Մենք գիտենք որ միշտ կրնանք անոնց դիմել, երբ օգնութեան պէտք ըլլայ, եւ շատ կ’ուզենք իրենց պէս ըլլալ։ Ալէն անունով երէց մը, որ 40–ական տարիքի մէջ է, կ’ուզէ այդպիսի անհատ ըլլալ։ Մտածելով Յիսուսի օրինակին մասին, ան կ’ըսէ. «Յիսուս շա՜տ զբաղած էր, բայց տարբեր տարիքի մարդիկ իր քովը կը վազէին եւ հանգիստ կը զգային իրմէ օգնութիւն խնդրելու։ Անոնք գիտէին, որ Յիսուս անկեղծօրէն իրենցմով հետաքրքրուած էր։ Ես սրտանց կ’ուզեմ Յիսուսին պէս ըլլալ եւ ճանչցուած ըլլալ որպէս ջերմ ու հոգատար մէկը, որուն դիւրին է մօտենալ»։

16. Սաղմոս 119։59, 60–ի խօսքերը գործադրելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ Յիսուսի օրինակին մօտէն հետեւինք։

16 Պէտք չէ յանձնուինք, եթէ չկարենանք Յիսուսը կատարեալ կերպով ընդօրինակել (Յակ. 3։2)։ Գծագրութիւն սորվող աշակերտ մը չի կրնար իր ուսուցիչին պէս կատարեալ կերպով գծել։ Բայց ան պիտի շարունակէ յառաջդիմել՝ իր սխալներէն սորվելով եւ ջանալով կարելի եղածին չափ իր ուսուցիչը ընդօրինակել։ Նմանապէս, աւելի մօտէն պիտի հետեւինք Յիսուսի օրինակին, եթէ գործադրենք ինչ որ կը սորվինք Աստուածաշունչէն եւ ջանանք մեր սխալները սրբագրել (կարդա՛ Սաղմոս 119։59, 60

ԱՆՁՆԱԶՈՀ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

Յիսուսի անձնազոհութիւնը ընդօրինակելով, երէցները լաւ օրինակ կ’ըլլան պատանիներուն համար (տե՛ս պարբ. 17) *

17-18. Յիսուսի անձնազոհութիւնը ընդօրինակելով ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք։

17 Մեր անձնազոհութիւնը փոխանցիկ է։ Թիմ անունով երէց մը կ’ըսէ. «Մեր ժողովքին մէջ կարգ մը պատանի եղբայրներ յառաջդիմեցին եւ օգնական ծառաներ եղան, թէեւ անոնցմէ ոմանք տարիքով պզտիկ էին։ Անոնց յառաջդիմութեան մէկ պատճառը այն է, որ ուրիշներուն ծառայասէր ըլլալը տեսան եւ ուզեցին իրենց պէս ըլլալ։ Այս անձնազոհ պատանի եղբայրները մեր ժողովքին կ’օգնեն եւ երէցներուն աւելի օգտակար կը դառնան»։

18 Մենք կ’ապրինք անձնասէր աշխարհի մը մէջ։ Բայց Եհովայի ծառաները տարբեր են աշխարհէն։ Յիսուսի անձնազոհութեան օրինակը մեր սրտին դպչած է եւ վճռած ենք իրեն պէս ըլլալ։ Թէեւ չենք կրնար իր հետքերուն կատարելապէս հետեւիլ, բայց կրնա՛նք «իր հետքերուն սերտօրէն հետեւիլ» (Ա. Պետ. 2։21, ՆԱ)։ Երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ Յիսուսի անձնազոհութիւնը ընդօրինակենք, ուրախ պիտի ըլլանք, քանի որ Եհովան կը հաճեցնենք։

ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը

^ պարբ. 5 Յիսուս միշտ ուրիշներուն շահերը իր շահերէն առաջ դրաւ։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ կերպերով կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ Յիսուսի պէս անձնազոհ ըլլալով ինչպէ՛ս պիտի օգտուինք։

^ պարբ. 57 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Տան անունով պատանի եղբայր մը կը տեսնէ ինչպէ՛ս երկու երէցներ հիւանդանոցին մէջ իր հօր կ’այցելեն։ Տան կը տպաւորուի անոնց սիրալիր օրինակով։ Ինքն ալ կը մղուի ուշադիր ըլլալու հաւատակիցներու պէտքերուն։ Պեն անունով պատանի եղբայր մը կը տեսնէ Տանին հոգատարութիւնը, եւ կը քաջալերուի մասնակցելու Թագաւորութեան սրահի մաքրութեան։