Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Բժշկութենէն աւելի լաւ բան մը գտայ

Բժշկութենէն աւելի լաւ բան մը գտայ

«ԻՆՉ որ ինծի կ’ըսէք, մանկութեանս երազն է»։ 1971–ին էր որ այդ խօսքը խանդավառօրէն ըսի երկու նոր հիւանդներու։ Որպէս բժիշկ, առաջին բուժարանս դեռ նոր բացած էի։ Ո՞վ էին հիւանդները եւ երազս ի՞նչ էր։ Ձեզի պատմեմ թէ ինչպէ՛ս այդ օրը իրենց ըսածը պատճառ եղաւ, որ փոխեմ այն բաները որ կեանքիս մէջ շատ կարեւոր կը սեպէի, եւ թէ ինչո՛ւ կը հաւատամ, որ մանկութեանս երազը մօտ ատենէն պիտի իրականանայ։

Ես ծնայ 1941–ին Փարիզի մէջ, Ֆրանսա։ Մեր ընտանիքը ունեւոր չէր։ Շա՜տ կը սիրէի սորվիլ, անոր համար յուսախաբ եղայ, երբ տասը տարեկանիս հիւանդացայ թոքախտով եւ բժիշկները ըսին, որ դպրոց չեմ կրնար երթալ։ Անոնք յանձնարարեցին որ անկողինէս չելլեմ, որպէսզի թոքերս չյոգնեցնեմ։ Ուստի, քանի մը ամիս ժամանակս անցուցի բառարան մը կարդալով եւ Փարիզի Համալսարանի ռատիոյով հետաքրքրական յայտագիրներ մտիկ ընելով։ Երբ բժիշկս վերջապէս ըսաւ, որ բուժուած եմ եւ կրնամ դպրոց վերադառնալ, ուրախութեանս չափ ու սահման չկար։ Մտածեցի. ‘Բժիշկներուն ըրածը հոյակապ է’։ Անկէ ի վեր երազս էր մարդիկը բուժել իրենց հիւանդութիւններէն։ Ամէն անգամ որ հայրս ինծի հարցնէր, որ երբ մեծնամ ի՛նչ կ’ուզեմ ըլլալ, նոյն պատասխանը կու տայի. «Կ’ուզեմ բժիշկ ըլլալ»։ Այսպէս բժշկութիւնը առաջին սէրս եղաւ։

ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԶԻՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑՈՒՑ

Ընտանիքս կաթողիկէ էր։ Բայց Աստուծոյ մասին շատ բան չէի գիտեր եւ շատ մը հարցումներ ունէի, որոնք անպատասխան էին։ Միայն երբ սկսայ համալսարանին մէջ բժշկութիւն ուսանիլ, համոզուեցայ թէ կեանքը ստեղծուած է։

Կը յիշեմ առաջին անգամ, երբ մանրադիտակով կակաչի բջիջներուն նայեցայ։ Հիացայ տեսնելով թէ ինչպէ՛ս բջիջը ինքզինք կը պաշտպանէ տաքէն ու պաղէն։ Նաեւ նկատեցի որ բջջանիւթը (cytoplasm) կը կծկուի, երբ աղի մէջ կը դրուի, եւ կը մեծնայ, երբ մաքուր ջուրի մէջ կը դրուի։ Այս եւ ուրիշ շատ մը կարողութիւններ ունենալով, այս պզտիկ ապրող էակները կրնան յարմարիլ փոխուող պայմաններուն։ Երբ տեսայ, թէ ամէն մէկ բջիջ որքա՜ն բարդ է, հասկցայ որ կեանքը պատահմամբ մէջտեղ չէ եկած։

Բժշկութիւն ուսանելուս երկրորդ տարին, գտայ աւելի փաստեր, որ Աստուած գոյութիւն ունի։ Երբ մարդու մարմինը կը սերտէինք, սորվեցանք որ նախաբազուկը այնպէս մը շինուած է, որ կարենանք մեր մատները ծալել ու շտկել։ Ի՜նչ հրաշալի կերպով մկանները միացած են ոսկորներուն եւ բոլորն ալ միասին կ’աշխատին։ Օրինակ, սորվեցայ որ լար մը մեր նախաբազուկի մէկ մկանը կը կապէ մատին երկրորդ ոսկորին։ Այս լարը կը բաժնուի երկու մասի, թոյլ տալով որ ուրիշ լար մը իր մէջտեղէն անցնի ու կապուի մատի ծայրին։ Ասկէ զատ, զօրաւոր մաշկեր լարերը կը կապեն մատի ոսկորներուն։ Եթէ մեր մատները այսպէս կազմուած չըլլային, լարերը պրկուած պիտի ըլլային եւ պիտի չկարենայինք մեր մատները լաւ կերպով շարժել։ Ինծի համար յստակ էր, որ մարդու մարմինը մեծ խելացութեամբ շինուած է։

Ա՛լ աւելի տպաւորուեցայ Ստեղծիչին ըրածներով, երբ սորվեցայ թէ մանուկը ծնելէ ետք ինչպէ՛ս կը սկսի շնչել։ Արգանդին մէջ, մանուկը իր մօրմէն թթուածին կը ստանայ պորտալարին միջոցով։ Ատոր համար, մանուկին թոքախոռոչները (alveoli) օդով չեն լեցուիր։ Երբ ծնելու ժամանակը կը մօտենայ, մակերեսային գործունեայ նիւթը (surfactant) կը պատէ իւրաքանչիւր թոքախոռոչին ներսի կողմը։ Ետքը, երբ մանուկը կը ծնի ու իր առաջին շունչը կ’առնէ, ապշեցուցիչ բաներ կը պատահին։ Անոր սրտին մէջ եղած ծակը գոցուելով, արիւնը կը սկսի թոքերուն երթալ, եւ մակերեսային գործունեայ նիւթին շնորհիւ թոքախոռոչները արագօրէն օդով կը լեցուին։ Այսպէս մանուկը պատրաստ կ’ըլլայ որ շարունակ շնչէ։

Ուզեցի ճանչնալ այն Ստեղծիչը, որ այս հրաշալի բաները ըրած է. ուստի սկսայ Սուրբ Գիրքը խանդավառութեամբ կարդալ։ Հիացայ մաքրութեան օրէնքներուն վրայ, որոնք Աստուած իսրայէլ ազգին տուաւ աւելի քան 3000 տարի առաջ։ Աստուած իսրայէլացիներուն պատուիրեց, որ իրենց կղկղանքը հողով ծածկեն, միշտ ջուրով լուացուին եւ առանձնացնեն ոեւէ մէկը, որ այնպէս կ’երեւի թէ վարակիչ հիւանդութիւն ունի (Ղեւ. 13։50. 15։11. Բ. Օր. 23։13)։ Սուրբ Գիրքը այս բաներուն մասին խօսեցաւ, մինչդեռ գիտնականները միայն վերջին դարերուն գիտցան, թէ հիւանդութիւնները ինչպէ՛ս կը փոխանցուին։ Եւ Ղեւտացւոց գրքին մէջ յիշուած սեռային յարաբերութեան վերաբերեալ օրէնքները օգնեցին, որ ամբողջ իսրայէլ ազգը առողջ մնայ (Ղեւ. 12։1-6. 15։16-24)։ Նկատեցի թէ Ստեղծիչը այս օրէնքները իսրայէլացիներուն տուաւ իրենց լաւութեան համար եւ թէ իր պատուէրներուն հնազանդողները օրհնեց։ Համոզուեցայ որ Սուրբ Գիրքը ներշնչուած է Աստուծմէ,– Աստուած, որուն անունը տակաւին չէի գիտեր։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԾԱՆՕԹԱՑԱՅ ԿՆՈՋՍ ԵՒ ԵՀՈՎԱՅԻՆ

Ես ու Լիտին՝ մեր ամուսնութեան օրը, 3 ապրիլ 1965

Մինչ համալսարանին մէջ բժշկութիւն կ’ուսանէի, Լիտի անունով երիտասարդ օրիորդի մը հանդիպեցայ, որուն սիրահարուեցայ։ 1965–ին ամուսնացանք, երբ առջեւս տակաւին քանի մը տարի կար ուսումս վերջացնելու։ 1971–ին, մեր վեց զաւակներէն երեքը արդէն ծնած էին։ Լիտին ինծի շա՜տ օգնեց՝ թէ՛ գործիս մէջ որպէս բժիշկ եւ թէ մեր ընտանիքին մէջ։

Երեք տարի հիւանդանոցի մը մէջ աշխատելէ ետք, բուժարան մը բացի։ Անկէ քիչ ետք, յօդուածին սկիզբը յիշուած երկու նոր հիւանդները ինծի դիմեցին։ Երբ ամուսինին համար դեղագիր պիտի գրէի, կինը ըսաւ. «Հաճիս, դեղին մէջ թող արիւն չըլլայ»։ Զարմացած՝ հարցուցի. «Իրա՞ւ։ Ինչո՞ւ»։ Ան պատասխանեց. «Մենք Եհովայի վկաներ ենք»։ Բնա՛ւ չէի լսած Եհովայի վկաներուն մասին, ոչ ալ արեան նկատմամբ իրենց կեցուածքին մասին։ Կինը իր Աստուածաշունչէն ինծի ցոյց տուաւ արիւն չառնելու իրենց որոշումին սուրբգրային հիմը (Գործք 15։28, 29)։ Ետքը, երկուքը ինծի բացատրեցին, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցնէ չարչարանքը, հիւանդութիւնը եւ մահը (Յայտ. 21։3, 4)։ Խանդավառօրէն ըսի. «Ինչ որ ինծի կ’ըսէք, մանկութեանս երազն է։ Ես բժիշկ եղայ, որպէսզի մարդոց տառապանքը թեթեւցնեմ»։ Այնքա՛ն հետաքրքիր էի, որ խօսակցեցանք մէկուկէս ժամ։ Երբ զոյգը գնաց, իմ սրտիս մէջ այլեւս կաթողիկէ չէի, եւ գիտցայ թէ հոյակապ Ստեղծիչը անուն մը ունի՝ Եհովա։

Վկայ զոյգին հետ երեք անգամ հանդիպում ունեցայ բուժարանիս մէջ, եւ ամէն անգամ աւելի քան մէկ ժամ խօսակցեցանք։ Ետքը, զիրենք տունս հրաւիրեցի, որպէսզի աւելի ժամանակ ունենանք Աստուածաշունչը քննարկելու։ Թէեւ Լիտին համաձայնեցաւ, որ մեր ուսումնասիրութեան ներկայ ըլլայ, բայց չընդունեց որ կաթողիկէ վարդապետութիւններէն ոմանք սխալ էին։ Անոր համար վարդապետ մը մեր տունը հրաւիրեցի։ Մինչեւ ուշ գիշեր, եկեղեցիին սորվեցուցածները քննարկեցինք, միայն Աստուածաշունչը գործածելով։ Այդ քննարկութենէն ետք, Լիտին համոզուեցաւ որ Եհովայի վկաները ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն։ Եւ Եհովային հանդէպ մեր սէրը աւելնալով, 1974–ին մկրտուեցանք։

ԵՀՈՎԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԴՆԵԼ

Մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը գիտնալը մեծապէս ազդեց, թէ կեանքիս մէջ ի՛նչ բան շատ կարեւոր սեպեմ։ Ես ու Լիտին սկսանք կեդրոնանալ Եհովայի ծառայութեան վրայ։ Վճռեցինք մեր զաւակները մեծցնել Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն։ Անոնց սորվեցուցինք Աստուած սիրել ու ընկերը սիրել, ինչ որ մեր ընտանիքը միացած պահեց (Մատ. 22։37-39

Անցեալը յիշելով, ես ու Լիտին յաճախ կը խնդանք, նկատելով թէ մեր զաւակները ինչպէ՛ս ըմբռնած էին, թէ մենք որպէս ծնողք մէկ մտքի վրայ էինք։ Անոնք գիտէին, թէ մեր տան օրէնքն էր Յիսուսի ըսածը. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ» (Մատ. 5։37)։ Օրինակ, երբ մեր աղջիկներէն մէկը 17 տարեկան էր, Լիտին չձգեց որ ան խումբ մը պատանիներու հետ տեղ երթայ։ Խումբէն աղջիկ մը անոր ըսաւ. «Եթէ մամադ չի ձգեր որ երթաս, պապայի՛դ հարցուր»։ Բայց մեր աղջիկը պատասխանեց. «Հարցնելս տարբերութիւն մը պիտի չընէ։ Երկուքն ալ միշտ նոյն որոշումը կ’առնեն»։ Այո, մեր վեց պզտիկներն ալ տեսան, թէ մենք միացած էինք Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելուն մէջ։ Եհովայէն շնորհակալ ենք, որ այսօր մեծ ընտանիք մը ունինք, որ իրեն կը ծառայէ։

Թէեւ ճշմարտութիւնը փոխեց այն բաները, որոնք կեանքիս մէջ շատ կարեւոր կը սեպէի, ուզեցի որպէս բժիշկ Աստուծոյ ժողովուրդին օգտակար ըլլալ։ Անոր համար կամաւորաբար սկսայ ծառայել որպէս բժիշկ Բեթէլի մէջ, որ սկիզբը Փարիզի մէջ կը գտնուէր, իսկ այժմ՝ Լուվիէյի մէջ։ Այս մէկը գրեթէ 50 տարի է որ կ’ընեմ։ Բեթէլի ընտանիքին մէջ, շատ սերտ բարեկամներ ունեցած եմ, որոնցմէ ոմանք հիմա իրենց 90–ական տարիքին մէջ են։ Նաեւ, օր մը գեղեցիկ անակնկալ մը ունեցայ, երբ հանդիպեցայ նոր բեթէլականի մը եւ գիտցայ որ շուրջ 20 տարի առաջ, ես այդ բժիշկն էի, որ իր մօր օգնեց իրեն ծնունդ տալու։

ՏԵՍԱԾ ԵՄ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ ՈՐՔԱ՜Ն ԿԸ ՀՈԳԱՅ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Տարիներու ընթացքին, Եհովայի հանդէպ սէրս աւելցած է, մինչ նկատած եմ թէ ինչպէ՛ս իր կազմակերպութեան միջոցաւ իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ եւ կը պաշտպանէ։ 1980–ականներուն սկիզբը, Կառավարիչ մարմինը Միացեալ Նահանգներուն մէջ յայտագիր մը դրաւ, որպէսզի աւելի լաւ հաղորդակցութիւն ըլլայ Վկաներուն եւ բժիշկներուն միջեւ։

Ետքը, 1988–ին Կառավարիչ մարմինը Բեթէլի նոր բաժանմունք հիմնեց, որ կը կոչուի «Հիւանդանոցային տեղեկութիւններ տուող բաժանմունք»։ Սկիզբը, այս բաժանմունքը կը վերահսկէր «Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբ»երը Միացեալ Նահանգներուն մէջ, որոնք Վկայ հիւանդներուն կ’օգնէին գտնելու բժիշկներ, որոնք կը յարգէին արեան նկատմամբ հիւանդին որոշումը։ Երբ այս կարգադրութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ եղաւ, «Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբ»եր Ֆրանսայի մէջ ալ հիմնուեցան։ Հիանալի է տեսնել, թէ Եհովայի կազմակերպութիւնը ինչպէ՛ս սիրալիրօրէն հոգ կը տանի հիւանդ եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ իրենց նեղութեան ժամանակ։

ԵՐԱԶԻՍ ԻՐԱԿԱՆԱՆԱԼԸ

Կը շարունակենք քարոզել Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը

Բժշկութիւնը առաջին սէրս էր։ Բայց անդրադարձայ, որ ամենակարեւոր բուժումը հոգեւոր բուժումն է, այսինքն՝ մարդոց օգնել, որ հաշտուին կեանքի Աղբիւրին՝ Եհովա Աստուծոյ հետ։ Հանգստեան կոչուելէ ետք, ես եւ Լիտին որպէս կանոնաւոր ռահվիրաներ ամէն ամիս շատ ժամեր տրամադրեցինք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու համար։ Մենք տակաւին կարելի եղածին չափ շատ կը մասնակցինք այս փրկարար գործին։

Լիտիին հետ, 2021

Կը շարունակեմ կարելի եղածին չափ հիւանդներուն օգնել։ Կը գիտակցիմ, որ նոյնիսկ ամենալաւ բժիշկը չի կրնար բոլոր հիւանդութիւնները դարմանել կամ մահուան արգելք ըլլալ։ Անոր համար կը սպասեմ այն ժամանակին, երբ ցաւը, հիւանդութիւնը եւ մահը այլեւս գոյութիւն պիտի չունենան։ Այդ արագօրէն մօտեցող նոր աշխարհին մէջ, յաւիտեան պիտի կարենամ Աստուծոյ ստեղծագործութեան մասին աւելի սորվիլ, մէջը ըլլալով այն հոյակապ կերպը, որով մարդու մարմինը ստեղծած է։ Կրնամ ըսել, որ մանկութեանս երազը միայն մասամբ իրականացած է։ Համոզուած եմ, որ մեզի աւելի լաւ օրեր կը սպասեն։