Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 13

Ճշմարիտ պաշտամունքը ուրախութիւնդ պիտի աւելցնէ

Ճշմարիտ պաշտամունքը ուրախութիւնդ պիտի աւելցնէ

«Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու» (ՅԱՅՏ. 4։10բ

ԵՐԳ 26 Աստուծոյ հետ քալէ՛

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Ի՞նչ բան մեր պաշտամունքը ընդունելի կը դարձնէ Աստուծոյ։

 ԵՐԲ «պաշտամունք» բառը լսես, ի՞նչ կը մտածես։ Թերեւս երեւակայես խոնարհ եղբայր մը, որ իր անկողինին քով ծունկի եկած է եւ Եհովային սրտանց կ’աղօթէ։ Կամ, թերեւս երեւակայես ուրախ ընտանիք մը, որ հաճոյքով իրենց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը կ’ընեն։

2 Երկու պարագաներուն ալ, այդ անհատները պաշտամունք կը մատուցանեն։ Եհովան իրենց պաշտամունքը պիտի ընդունի՞։ Այո՛, եթէ իր նպատակին հետ ներդաշնակ է եւ անոնք զինք կը սիրեն ու կը յարգեն։ Մենք Եհովան շա՜տ կը սիրենք։ Գիտենք որ պաշտուելու արժանի է եւ կ’ուզենք լաւագոյն կերպով զինք պաշտել։

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան Աստուածաշունչի օրերուն ինչպիսի՛ պաշտամունք կ’ընդունէր։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք ութ կերպեր, որոնցմով այսօր ընդունելի կերպով Եհովան կը պաշտենք։ Ասիկա առիթ պիտի տայ որ մտածենք, թէ անձամբ ինչպէ՛ս կրնանք մեր պաշտամունքի որակը բարելաւել։ Ասկէ զատ, աչքէ պիտի անցընենք, թէ ի՛նչ պատճառներով ճշմարիտ պաշտամունքը մեր ուրախութիւնը կ’աւելցնէ։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԱՆՑԵԱԼԻՆ

4. Յիսուս երկիր գալէն առաջ, Եհովան պաշտողները ինչպէ՞ս ցոյց տուին, թէ Զինք կը սիրեն ու կը յարգեն։

4 Անցեալին, հաւատարիմ տղամարդիկ, ինչպէս՝ Աբէլ, Նոյ, Աբրահամ եւ Յոբ, ցոյց տուին որ Եհովան կը սիրեն ու կը յարգեն։ Ինչպէ՞ս։ Իրենց հնազանդութեան, հաւատքին եւ զոհերուն միջոցաւ։ Աստուածաշունչը մանրամասնութիւններ չի տար, թէ անոնք ի՛նչ պէտք էր ընէին։ Բայց յստակ է, որ անոնք իրենց լաւագոյնը ըրին որ Եհովան պատուեն, եւ ան իրենց պաշտամունքը ընդունեց։ Անկէ ետք, Եհովան Մովսիսական օրէնքը տուաւ իսրայէլացիներուն։ Այս օրէնքներուն մէջ կային մասնայատուկ ուղղութիւններ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէր որ պաշտուէր։

5. Եհովան ինչպէ՞ս ուզեց որ քրիստոնեաները զինք պաշտեն։

5 Յիսուսի մահէն ու յարութենէն ետք, Եհովան այլեւս չպահանջեց Մովսիսական օրէնքին հնազանդիլ (Հռով. 10։4)։ Քրիստոնեաները պիտի հետեւէին նոր օրէնքի մը, որ էր «Քրիստոսին օրէնքը» (Գաղ. 6։2)։ Անոնք կրնային այս «օրէնք»ին հնազանդիլ, ոչ թէ զայն գոց սորվելով եւ շատ մը կանոններու կառչելով, հապա Յիսուսը ընդօրինակելով եւ անոր ուսուցումներուն հետեւելով։ Այսօր ալ քրիստոնեաները իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ Քրիստոսին հետեւին, որպէսզի Եհովան հաճեցնեն ու ‘իրենց անձերուն հանգստութիւն գտնեն’ (Մատ. 11։29

6. Այս յօդուածէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։

6 Մինչ պաշտամունքի ութ կերպերը նկատի կ’առնենք, իւրաքանչիւր կերպին նկատմամբ դուն քեզի հարցուր. ‘Այս մարզին մէջ որքա՞ն յառաջդիմած եմ։ Կրնա՞մ պաշտամունքիս որակը բարելաւել’։ Անշուշտ, պէտք է ուրախ ըլլաս ըրած յառաջդիմութեանդ համար, բայց նաեւ պէտք է Եհովայէն խնդրես, որ քեզի օգնէ յաւելեալ յառաջդիմութիւն ընելու։

ՄԵՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻՆ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐ Կ’ԸՆԵՆՔ

7. Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ մեր սրտագին աղօթքները։

7 Եհովան կը պաշտենք, երբ իրեն կ’աղօթենք։ Աստուածաշունչը մեր աղօթքները կը բաղդատէ բծախնդրաբար պատրաստուած խունկին հետ, որ կը մատուցուէր սրբարանին մէջ եւ ետքը՝ տաճարին մէջ (Սաղ. 141։2)։ Այդ խունկին անուշ հոտը Աստուած կը հաճեցնէր։ Նմանապէս, մեր սրտագին աղօթքները իրեն «հաճելի» են, նոյնիսկ եթէ շատ պարզ բառեր գործածենք (Առ. 15։8, ԱԾ. Բ. Օր. 33։10)։ Լաւ պատճառ ունինք հաւատալու, թէ Եհովան կը սիրէ լսել, երբ իրեն կ’արտայայտենք մեր սէրն ու երախտապարտութիւնը։ Ան կ’ուզէ որ իրեն պատմենք մեր մտահոգութիւններուն, մեր յոյսերուն եւ մեր փափաքներուն մասին։ Աղօթելէ առաջ, լաւ կ’ըլլայ որ մտածես թէ ի՛նչ կ’ուզես ըսել։ Այսպէս ընելով, երկնաւոր Հօրդ պիտի մատուցանես լաւագոյն «խունկը»։

8. Աստուած փառաբանելու ի՞նչ լաւ առիթ ունինք։

8 Եհովան կը պաշտենք, երբ զինք կը փառաբանենք (Սաղ. 34։1)։ Եհովան կը փառաբանենք, երբ գնահատութեամբ կը խօսինք իր հոյակապ յատկութիւններուն եւ գործերուն մասին։ Եհովայի մասին խօսելիք շատ բաներ պիտի ունենանք, եթէ մեր սիրտը գնահատութեամբ լեցուած է։ Եւ երբ մտածենք բոլոր այն բարիքներուն մասին, որ մեզի համար ըրած է, շատ պատճառներ պիտի ունենանք զինք փառաբանելու։ Իսկ քարոզչութիւնը յատկապէս լաւ առիթ է «Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանե[լու], այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը» (Եբ. 13։15)։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովային աղօթելէ առաջ պէտք է լաւ մտածենք թէ իրեն ի՛նչ պիտի ըսենք, նոյնպէս լաւ կ’ըլլայ որ մտածենք, թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոնց՝ որոնց պիտի քարոզենք։ Կ’ուզենք որ մեր փառաբանութեան զոհը մեր լաւագոյնը ըլլայ։ Անոր համար է որ խանդավառօրէն կը քարոզենք։

9. Իսրայէլացիներուն պէս, ժողովներուն ներկայ ըլլալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք. անձնական փորձառութենէդ կէտ մը յիշէ։

9 Եհովան կը պաշտենք, երբ ժողովներուն ներկայ կ’ըլլանք։ Իսրայէլացիներուն ըսուեցաւ. «Տարին երեք անգամ. . . քու բոլոր արուներդ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիտի երեւնան՝ այն տեղ, որ ինք պիտի ընտրէ» (Բ. Օր. 16։16)։ Մէկը պիտի չմնար, որ իրենց տուները եւ դաշտերը պաշտպանէր։ Անոր համար, Եհովան իրենց խոստացաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ» (Ել. 34։24)։ Եհովայի հանդէպ լման հաւատք ունենալով, աստուածավախ իսրայէլացիները տարեկան տօներուն ներկայ եղան։ Այսպէս, անոնք կրցան ճոխ օրհնութիւններ քաղել. աւելի լաւ հասկցան Աստուծոյ Օրէնքը, Աստուծոյ բարութեան մասին խոկացին եւ միւս իսրայէլացիներուն քաջալերական ընկերակցութիւնը վայելեցին (Բ. Օր. 16։15)։ Մենք ալ նոյնանման օգուտներ կը քաղենք, երբ զոհողութիւններ կ’ընենք որ ժողովներուն ներկայ գտնուինք։ Եւ մտածէ թէ Եհովան որքա՜ն կը հաճի, երբ պատրաստուած կու գանք, որ կարճ ու իմաստալից պատասխաններ տանք։

10. Ինչո՞ւ երգելը մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է։

10 Եհովան կը պաշտենք, երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կ’երգենք (Սաղ. 28։7)։ Իսրայէլացիները երգելը իրենց պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասը սեպեցին։ Դաւիթ թագաւոր 288 ղեւտացիներ նշանակեց որպէս երգողներ տաճարին մէջ (Ա. Մն. 25։1, 6-8)։ Այսօր, կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը արտայայտել՝ փառաբանութեան երգեր երգելով։ Պայման չէ որ աղուոր ձայն ունենանք։ Նկատի առ այս բաղդատութիւնը. խօսելու ատեն «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք», բայց ասիկա մեզ ետ չի պահեր խօսելէ ժողովքին մէջ եւ ծառայութեան մէջ (Յակ. 3։2)։ Նոյնպէս, տակաւին կրնանք երգերով Եհովան փառաբանել, նոյնիսկ եթէ կը խորհինք որ լաւ չենք երգեր։

11. Սաղմոս 48։13–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է ժամանակ տրամադրենք որ ընտանեօք Աստուածաշունչը սերտենք։

11 Եհովան կը պաշտենք, երբ իր Խօսքը կը սերտենք եւ իր մասին մեր զաւակներուն կը սորվեցնենք։ Շաբաթը իսրայէլացիներուն առիթ տուաւ, որ իրենց առօրեայ գործերը չընելով, կեդրոնանան Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութեան վրայ (Ել. 31։16, 17)։ Հաւատարիմ իսրայէլացիները իրենց զաւակներուն սորվեցուցին Եհովայի եւ իր բարութեան մասին։ Մենք ալ այսօր պէտք է ժամանակ տրամադրենք Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ սերտելու։ Ասիկա մեր պաշտամունքին մէկ մասն է եւ մեզի կ’օգնէ Եհովային մօտենալու (Սաղ. 73։28)։ Եւ երբ ընտանեօք կը սերտենք, կրնանք մեր զաւակներուն օգնել, որ մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր հետ մտերիմ բարեկամութիւն մշակեն (կարդա՛ Սաղմոս 48։13

12. Ի՞նչ կը սորվինք, երբ կը տեսնենք որ Եհովան սրբարանին աշխատանքը սուրբ գործ սեպեց։

12 Եհովան կը պաշտենք, երբ պաշտամունքի վայրեր կը շինենք ու կը նորոգենք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ սրբարանը եւ անոր մէջի ապրանքները շինելը «սուրբ գործ» էր (Ել. 36։1, 4, ՆԱ)։ Այսօր ալ Եհովան սուրբ ծառայութիւն կը նկատէ Թագաւորութեան սրահներ եւ ուրիշ աստուածպետական շէնքեր շինելը։ Կարգ մը եղբայրներ ու քոյրեր շատ ժամանակ կը տրամադրեն այս գործունէութիւններուն մասնակցելու համար։ Մենք կ’արժեւորենք անոնց բերած կարեւոր բաժինը Թագաւորութեան գործին մէջ։ Անշուշտ անոնք նաեւ քարոզչութեան կը մասնակցին։ Եւ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ կ’ուզեն ռահվիրաներ ըլլալ։ Երէցները կրնան ցոյց տալ, որ շինարարական գործին թիկունք կը կանգնին՝ այս աշխատասէր եղբայրներուն ու քոյրերուն թոյլ տալով, որ ռահվիրայ ըլլան, երբ որակեալ են։ Շինարարական գործին մէջ ըլլանք հմուտ կամ ոչ, բոլորս կրնանք ջանալ որ շէնքերը մաքուր ու լաւ վիճակի մէջ մնան։

13. Ի՞նչ աչքով պէտք է նայինք այն նուիրատուութիւններուն որ կ’ընենք, Թագաւորութեան գործին թիկունք կանգնելու համար։

13 Եհովան կը պաշտենք, երբ մեր նուիրատուութիւններով Թագաւորութեան գործին թիկունք կը կանգնինք։ Իսրայէլացիները պէտք չէր Եհովայի առջեւ պարապ ձեռքով ներկայանային (Բ. Օր. 16։16)։ Անոնք պէտք էր իրենց պարագաներուն համաձայն նուէր մը բերէին։ Այսպէս, անոնք իրենց գնահատանքը կը յայտնէին այն բոլոր կարգադրութիւններուն համար, որոնք եղած էին իրենց հոգեւոր օգտին համար։ Ինչպէ՞ս կրնանք արտայայտել Եհովայի հանդէպ մեր սէրը եւ հոգեւոր կարգադրութիւններուն նկատմամբ մեր գնահատանքը։ Կերպերէն մէկը այն է՝ որ տեղական ժողովքին եւ համաշխարհային գործին նիւթապէս թիկունք կանգնինք, մեր պարագաներուն ներած չափով։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Եթէ նախապէս յօժարութիւն ըլլայ, տալը ընդունելի է՝ մէկու մը ունեցածին համեմատ, եւ ո՛չ թէ չունեցածին համեմատ» (Բ. Կոր. 8։4, 12, ԱԾ)։ Եհովան կ’արժեւորէ որեւէ սրտագին նուիրատուութիւն որ կ’ընենք, նոյնիսկ եթէ շատ քիչ բան մըն է (Մար. 12։42-44. Բ. Կոր. 9։7

14. Առակաց 19։17–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ այն օգնութիւնը, որ կու տանք պէտք ունեցող եղբայրներուն։

14 Եհովան կը պաշտենք, երբ պէտք ունեցող հաւատակիցներուն կ’օգնենք։ Եհովան խոստացաւ վարձատրել այն իսրայէլացիները, որոնք աղքատներուն կ’օգնեն (Բ. Օր. 15։7, 10)։ Այո, ամէն անգամ որ պէտք ունեցող հաւատակիցի մը կ’օգնենք, Եհովան կը սեպէ որ իրեն նուէր մը տուինք (կարդա՛ Առակաց 19։17)։ Օրինակ, երբ Փիլիպպէի մէջ եղող քրիստոնեաները բանտարկեալ Պօղոսին նուէր մը ղրկեցին, ան զայն կոչեց՝ «ընդունելի պատարագ, Աստուծոյ հաճելի» (Փլպ. 4։18)։ Ժողովքիդ մասին մտածէ եւ դուն քեզի հարցուր. ‘Մէկը կա՞յ, որուն կրնամ օգնել’։ Եհովան կ’ուրախանայ երբ մեր ժամանակը, ուժը, հմտութիւնները եւ նիւթական բաները կը գործածենք, պէտք ունեցողներուն օգնելու համար։ Ատիկա մեր պաշտամունքին մէկ մասը կը սեպէ (Յակ. 1։27

ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ՄԵՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՒԵԼՑՆԷ

15. Հակառակ անոր որ ճշմարիտ պաշտամունքը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ, ինչո՞ւ բեռ չէ։

15 Ճշմարիտ պաշտամունքը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ, բայց բեռ չէ (Ա. Յովհ. 5։3)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սէրէ մղուած՝ Եհովան կը պաշտենք։ Երեւակայէ պզտիկ մը, որ կ’ուզէ իր հօր բան մը տալ։ Ան թերեւս երկար ժամեր նկար մը գծէ։ Ան չի զղջար որ այդքան ժամանակ տրամադրեց։ Ան իր հայրը կը սիրէ եւ ուրախութեամբ այդ նուէրը իրեն կու տայ։ Նմանապէս, քանի որ Եհովան կը սիրենք, ուրախութեամբ մեր ժամանակը եւ ուժը կը գործածենք զինք պաշտելու համար։

16. Եբրայեցիս 6։10–ի համաձայն, Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ մեր անձնական ջանքերը որ զինք հաճեցնենք։

16 Սիրալիր ծնողները չեն ակնկալեր, որ իրենց ամէն մէկ զաւակէն նոյն նուէրը ստանան։ Անոնք գիտեն որ զաւակները իրարմէ տարբեր են եւ նոյն կարողութիւնները չունին։ Նոյնպէս, մեր երկնաւոր Հայրը կը հասկնայ մեր իւրաքանչիւրին պարագաները։ Թերեւս դուն կրնաս աւելի բաներ ընել, քան՝ անոնք որ կը ճանչնաս ու կը սիրես։ Կամ ալ թերեւս ուրիշներուն չափ շատ բան չես կրնար ընել, տարիքիդ, վատառողջութեանդ կամ ընտանեկան պատասխանատուութիւններուդ պատճառաւ։ Մի՛ ընկճուիր (Գաղ. 6։4)։ Եհովան քու գործդ պիտի չմոռնայ։ Այնքան ատեն որ լաւագոյնդ կու տաս եւ ճիշդ մղումով կու տաս, ան տուածդ պիտի ընդունի (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։10)։ Եհովան նոյնիսկ սրտիդ փափաքները գիտէ։ Ան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաս այն բաներով, որ կրնա՛ս ընել իր պաշտամունքին մէջ։

17. ա) Եթէ մեզի համար դժուար է ընել բան մը, որ կապ ունի մեր պաշտամունքին հետ, ի՞նչ կրնանք ընել։ բ) « Ուրախութիւնդ աւելցուր» շրջանակին մէջ ցոյց տրուած բաներէն մէկը, ինչպէ՞ս քեզի օգնած է։

17 Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մեզի համար դժուար է ընել բան մը, որ այս յօդուածին մէջ քննարկեցինք, ինչպէս՝ Աստուածաշունչը սերտել կամ քարոզել։ Շատ հաւանաբար պիտի տեսնենք, թէ ո՛րքան աւելի այդ բաները ընենք, ա՛յնքան աւելի անոնցմէ հաճոյք պիտի առնենք եւ անոնցմէ պիտի օգտուինք։ Կրնանք մեր պաշտամունքը նմանցնել մարզանք ընելուն կամ նուագել սորվելուն։ Եթէ ատոնք միայն ատենը մէյ մը ընենք, շատ պիտի չյառաջդիմենք։ Բայց արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ որոշենք զանոնք ընել ամէն օր։ Սկիզբը անոնց քիչ ժամանակ կը տրամադրենք եւ աստիճանաբար ժամանակը կ’աւելցնենք։ Մեր թափած ջանքին լաւ արդիւնքը տեսնելով, կը սկսինք անհամբեր սպասել որ անոնց ժամանակը գայ, եւ իրապէս անոնցմէ հաճոյք կ’առնենք։ Նոյն բանը կրնայ ըսուիլ մեր պաշտամունքին նկատմամբ։

18. Մեր գոյութեան բուն նպատակը ինչպէ՞ս կը կատարենք, եւ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

18 Մեր գոյութեան բուն նպատակը կը կատարենք՝ Եհովան ամբողջ սրտով պաշտելով։ Առ ի արդիւնք, կը վայելենք ուրախ եւ իմաստալից կեանք մը ու Եհովան յաւիտեան պաշտելու յոյսը կ’ունենանք (Առ. 10։22)։ Արդէն մտքի խաղաղութիւն ունինք, քանի որ գիտենք թէ Եհովան զինք պաշտողներուն կ’օգնէ, երբ խնդիրներ կ’ունենան (Եսա. 41։9, 10)։ Վստահաբար լաւ պատճառներ ունինք ուրախ ըլլալու, երբ կը պաշտենք մեր սիրալիր Հայրը, որ արժանի է իր բոլոր ստեղծածներէն «փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու» (Յայտ. 4։10բ

ԵՐԳ 107 Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը ելլենք

^ պարբ. 5 Որպէս ամէն բանի Ստեղծիչը, Եհովան պաշտուելու արժանի է։ Ան կ’ընդունի իր պաշտամունքին մէջ մեր ըրածը, միայն եթէ իր պատուէրներուն կը հնազանդինք եւ իր սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրինք։ Յօդուածին մէջ, պիտի քննարկենք ութ բաներ, որ կ’ընենք երբ Եհովան կը պաշտենք։ Պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ատոնք աւելի լաւ կերպով ընել եւ ատոնք ինչպէ՛ս կրնան մեր ուրախութիւնը աւելցնել։