Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 17

Մայրե՛ր, Եւնիկէէն սորվեցէք

Մայրե՛ր, Եւնիկէէն սորվեցէք

«Քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր. քանզի [անիկա] քու գլխուդ՝ շնորհաց պսակ եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլա[յ]» (ԱՌ. 1։8, 9

ԵՐԳ 86 Հաւատարիմ կիներ, քրիստոնեայ քոյրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

Տիմոթէոսին մայրը՝ Եւնիկէն, եւ մեծ մայրը՝ Լաւոդիան, պարծանքով կը դիտեն Տիմոթէոսին մկրտութիւնը (տե՛ս պարբ. 1)

1-2. ա) Ո՞վ էր Եւնիկէն, եւ որպէս մայր ի՞նչ դժուարութիւն դիմագրաւեց։ բ) Ի՞նչ կրնաս ըսել կողքին նկարին մասին։

 ԹԷԵՒ Աստուածաշունչը չի խօսիր Տիմոթէոսի մկրտութեան մասին, բայց դժուար չէ երեւակայել այն ուրախութիւնը, որ իր մայրը՝ Եւնիկէ՝ ունեցաւ այդ օրը (Առ. 23։25)։ Պահ մը երեւակայէ. Եւնիկէն պարծանքով կը դիտէ Տիմոթէոսը, մինչ ան ջուրին մէջ կեցած է։ Եւնիկէն կը ժպտայ, մինչ Լաւոդիան՝ Տիմոթէոսի մեծ մայրը, իր կողքին կը կենայ։ Եւնիկէն իր շունչը կը բռնէ, երբ Տիմոթէոս ջուրին տակը կը մտնէ։ Տիմոթէոս ջուրէն դուրս կ’ելլէ յաղթական ժպիտով, եւ իր մայրը այլեւս իր արցունքները չի կրնար զսպել։ Ան յաջողած է իր տղուն սորվեցնել, որ սիրէ Եհովան եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Սակայն, Եւնիկէն ի՞նչ դժուարութիւններէ անցած էր։

2 Տիմոթէոս մեծցաւ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մէջ։ Իր հայրը յոյն էր, իսկ մայրն ու մեծ մայրը հրեաներ էին (Գործք 16։1)։ Հաւանաբար երբ Տիմոթէոս պատանի էր, Եւնիկէն եւ Լաւոդիան նոր կրօնք մը ընդունեցին. քրիստոնէութիւնը։ Բայց իր հայրը քրիստոնեայ չդարձաւ։ Հաւանաբար Տիմոթէոսի տարիքը կը ներէր, որ անձնական որոշումներ առնէր։ Ան ի՞նչ կրօնք պիտի ընտրէր։ Իր անհաւատ հօր կո՞ղմը դիրք պիտի բռնէր։ Պիտի շարունակէ՞ր հետեւիլ հրէական աւանդութիւններուն, որոնք մանկութենէն սորված էր։ Պիտի ընդունէ՞ր Յիսուս Քրիստոսի աշակերտը ըլլալ։

3. Առակաց 1։8, 9–ի համաձայն, Եհովան ի՞նչ կը մտածէ այն ջանքերուն մասին, որոնք մայրերը կը թափեն իրենց զաւակներուն օգնելու, որ իր բարեկամները դառնան։

3 Ներկայիս քրիստոնեայ մայրերն ալ իրենց ընտանիքը կը սիրեն։ Անոնց ամբողջ փափաքն է իրենց զաւակներուն օգնել, որ Եհովային հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենան։ Եւ մեր Աստուածը մեծապէս կ’արժեւորէ անոնց թափած ջանքերը (կարդա՛ Առակաց 1։8, 9)։ Եհովան բազմաթիւ մայրեր առաջնորդած է, մինչ անոնք իրենց զաւակներուն օգնած են, որ ճշմարտութիւնը ընդունին։

4. Մայրերը այսօր ի՞նչ դժուարութիւններ ունին։

4 Բնականաբար մայր մը ատեններ կը մտահոգուի, թէ արդեօք իր զաւակը պիտի ընտրէ՞ Եհովային ծառայել Տիմոթէոսին պէս։ Ծնողները գիտեն, թէ Սատանային աշխարհը ի՜նչ մեծ ճնշում կը դնէ իրենց զաւակներուն վրայ (Ա. Պետ. 5։8)։ Ատկէ զատ, շատ մը մայրեր իրենց զաւակները կը մեծցնեն կա՛մ առանց ամուսինի, կամ ալ ամուսինի մը հետ, որ Եհովան չի պաշտեր։ Օրինակ, Քրիսթին * անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ամուսինս լաւ հայր եւ ընտանիքի գլուխ մըն էր, բայց շատ դէմ էր որ մեր զաւակները մեծցնեմ որպէս Եհովայի վկաներ։ Տարիներու ընթացքին շա՜տ լացի, մտածելով թէ արդեօք զաւակներս Եհովան պիտի պաշտե՞ն»։

5. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

5 Եթէ քրիստոնեայ մայր ես, կրնաս Եւնիկէին պէս զաւակներուդ օգնել, որ Եհովան սիրեն եւ իրեն ծառայեն։ Յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնաս իր օրինակին հետեւելով զաւակներուդ սորվեցնել խօսքերովդ ու գործերովդ։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս քեզի պիտի օգնէ։

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ ԽՕՍՔԵՐՈՎԴ

6. Ինչպէս Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15–ը ցոյց կու տայ, ի՞նչը օգնեց Տիմոթէոսին որ քրիստոնեայ դառնայ։

6 Երբ Տիմոթէոս պզտիկ էր, Եւնիկէն ամէն ջանք թափեց, որ իրեն սորվեցնէ «սուրբ գրքերը», ինչպէս որ հրեաները կը հասկնային։ Անշուշտ իր գիտելիքները լման չէին, քանի որ Յիսուս Քրիստոսի մասին բան մը չէր գիտեր։ Հակառակ ատոր, Տիմոթէոսին սորվածը բաւարար հիմ էր, որ քրիստոնէութիւնը ընդունէր։ Բայց արդեօք քրիստոնեայ պիտի դառնա՞ր։ Որպէս երիտասարդ, ան իրաւունք ունէր որոշելու, թէ կ’ուզէ՛ր որպէս քրիստոնեայ ապրիլ կամ ոչ։ Անկասկած Տիմոթէոս հաւատաց Յիսուսի մասին ճշմարտութեան՝ մասամբ իր մօր ջանքերուն պատճառով (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15)։ Եւնիկէն որքա՜ն ուրախ ըլլալու էր, որ դժուարութիւնները յաղթահարեց եւ յաջողեցաւ իր որդիին սորվեցնել Եհովայի ու Յիսուսի մասին։ Եւնիկէն իրապէս ապրեցաւ իր անուան համաձայն, որ կու գայ բառէ մը, որուն իմաստն է՝ «յաղթել»։

7. Եւնիկէն ինչպէ՞ս կրնար իր տղուն օգնել, որ մկրտութենէն ետք շարունակէ յառաջդիմել։

7 Մկրտութիւնը կարեւոր քայլ մըն էր, որ Տիմոթէոս իր կեանքին մէջ առաւ։ Բայց Եւնիկէն տակաւին մտահոգ էր։ Իր տղան իր կեանքը ինչպէ՞ս պիտի գործածէր։ Պիտի ունենա՞ր ընկերներ, որոնք իր վրայ գէշ ազդեցութիւն պիտի ունենային։ Աթէնքի մէջ ուսում պիտի առնէ՞ր եւ պիտի ընդունէ՞ր այդտեղի հեթանոս փիլիսոփաներու սորվեցուցածները։ Իր ժամանակը, ուժը եւ երիտասարդութիւնը պիտի վատնէ՞ր հարստութեան ետեւէ երթալով։ Եւնիկէն չէր կրնար Տիմոթէոսին տեղը որոշումներ առնել, բայց կրնար իրեն օգնել, որ իմաստուն որոշումներ առնէ։ Ինչպէ՞ս։ Ան կրնար շարունակել ծանր աշխատիլ իր տղուն սորվեցնելով, որ Եհովայի հանդէպ խոր սէր ունենայ եւ Յիսուսի հանդէպ գնահատանք ունենայ։ Բայց միայն կրօնապէս բաժնուած ընտանիքները չեն որ դժուարութիւններ ունին։ Նոյնիսկ երբ երկու ծնողներն ալ ճշմարտութեան մէջ են, տակաւին իրենց համար կրնայ դժուար ըլլալ իրենց զաւակներուն սորվեցնել, որ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայեն։ Ծնողները ի՞նչ կրնան սորվիլ Եւնիկէի օրինակէն։

8. Մայր մը ինչպէ՞ս կրնայ իր Վկայ եղող ամուսինին օգնել, երբ ան իրենց զաւակներուն կը սորվեցնէ Եհովայի մասին։

8 Զաւակներուդ հետ Աստուածաշունչը սերտէ։ Քոյրե՛ր, եթէ ձեր ամուսինը Եհովայի վկայ է, Եհովան կ’ուզէ որ անոր օգնէք ձեր զաւակներուն իր մասին սորվեցնելու։ Ատիկա ընելու կերպերէն մէկը՝ ընտանեկան պաշտամունքին թիկունք կանգնիլն է։ Այդ կարգադրութեան մասին դրական կերպով խօսէ եւ մտածէ թէ ի՛նչ կրնաս ընել, որպէսզի ջերմ եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծես։ Թերեւս ամուսինիդ օգնես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մասնաւոր յայտագիր մը կամ խաղ մը կազմակերպելու։ Ասկէ զատ, եթէ զաւակներէն ոմանց տարիքը կը ներէ Աստուածաշունչը սերտել՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին միջոցաւ, կրնաս ամուսինիդ հետ համաձայնիլ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս իրեն օգնել։

9. Մայր մը, որուն ամուսինը Վկայ չէ, ո՞ւր կրնայ օգնութիւն գտնել։

9 Կարգ մը մայրեր պէտք է իրե՛նք իրենց զաւակներուն հետ Աստուածաշունչը սերտեն, կա՛մ քանի որ ամուսին չունին, կամ ալ քանի որ իրենց ամուսինը Վկայ չէ։ Եթէ այդ է ընտանիքիդ պարագան, պէտք չունիս շատ մտահոգուելու։ Եհովան քեզի պիտի օգնէ։ Գործածէ այն գործիքները, որ Եհովան իր կազմակերպութեան միջոցաւ տուած է, զաւակներուդ հետ սերտելու համար։ Կրնաս փորձառու ծնողներու հարցնել, թէ այս գործիքները ինչպէ՛ս կը գործածեն իրենց ընտանեկան պաշտամունքին մէջ (Առ. 11։14) *։ Ասկէ զատ, Եհովան կրնայ քեզի օգնել, որ կարենաս զաւակներուդ հետ խօսակցիլ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ գիտնալու, թէ ի՛նչ հարցումներ պիտի հարցնես՝ անոնց մտքին ու սրտին մէջ եղածը մէջտեղ հանելու համար (Առ. 20։5)։ Պարզ հարցում մը, ինչպէս՝ ‘Դպրոցին մէջ, ամէնէն շատ ի՞նչ դժուարութիւն կ’ունենաս’, կրնայ քեզի օգնել, որ խօսակցութիւն մը սկսիս եւ շատ բան գիտնաս։

10. Ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնաս զաւակներուդ օգնել, որ Եհովայի մասին սորվին։

10 Առիթներ ստեղծէ, որ զաւակներուդ Եհովայի մասին պատմես։ Անոնց խօսէ Եհովայի մասին եւ այն բոլոր լաւ բաներուն մասին, որոնք քեզի համար ըրած է (Բ. Օր. 6։6, 7. Եսա. 63։7)։ Ասիկա կարեւոր է մանաւանդ եթէ տունը չես կրնար կանոնաւորաբար զաւակներուդ հետ սերտել։ Նախապէս յիշուած Քրիսթինը կ’ըսէ. «Տունը այնքա՛ն քիչ առիթ ունէինք հոգեւոր նիւթերու մասին խօսելու, որ որեւէ յարմար պահ կ’օգտագործէինք։ Քալելու կ’երթայինք կամ պզտիկ նաւակ մը կը նստէինք, որպէսզի Եհովայի հիանալի ստեղծագործութեան մասին ու հոգեւոր նիւթերու մասին խօսէինք։ Իսկ երբ զաւակներս մեծցան, զիրենք քաջալերեցի որ անձամբ Աստուածաշունչը սերտեն»։ Ասկէ զատ, Եհովայի կազմակերպութեան եւ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ մասին դրական կերպով արտայայտուէ։ Երէցները մի՛ քննադատեր։ Եթէ անոնց մասին լաւ բաներ ըսես, զաւակներուդ համար դիւրին պիտի ըլլայ անոնց մօտենալ, երբ օգնութեան պէտք ունենան։

11. Յակոբոս 3։18–ի համաձայն, ինչո՞ւ կարեւոր է որ տան խաղաղութիւնը պահուի։

11 Տան խաղաղութիւնը պահէ։ Ամուսինիդ եւ զաւակներուդ հանդէպ սէրդ միշտ արտայայտէ։ Ամուսինիդ մասին ազնուութեամբ եւ յարգալից կերպով խօսէ, եւ զաւակներուդ սորվեցուր որ նոյնը ընեն։ Երբ այդպէս կ’ընես, տան մէջ խաղաղ պայմաններ կը տիրեն, ինչ որ զաւակներուդ կ’օգնէ, որ Եհովայի մասին սորվին (կարդա՛ Յակոբոս 3։18)։ Նկատի առ Ժոզեֆին օրինակը, որ Ռումանիոյ մէջ կը ծառայէ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ։ Երբ պզտիկ էր, իր հայրը շատ դժուարացուց որ ինք, իր մայրը, քոյրն ու եղբայրները Եհովային ծառայեն։ Ժոզեֆ կ’ըսէ. «Մայրս շատ ջանք ըրաւ, որ խաղաղ տունի մը մէջ ապրինք։ Հայրս ո՛րքան աւելի գէշ կերպով կը վարուէր, մայրս ա՛յնքան աւելի ազնիւ կերպով իրեն հետ կը վարուէր։ Երբ ան կը նշմարէր, որ մեզի համար դժուար կ’ըլլար մեր հայրը յարգել եւ անոր հնազանդիլ, մեզի հետ նկատի կ’առնէր Եփեսացիս 6։1-3–ը։ Ետքը, մեզի կը խօսէր մեր հօր լաւ յատկութիւններուն մասին եւ կ’օգնէր որ հասկնայինք, թէ ինչո՛ւ պէտք էր զինք գնահատէինք։ Եւ ասիկա նպաստեց, որ մեր ընտանիքը խաղաղութիւն ունենայ»։

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ ԳՈՐԾԵՐՈՎԴ

12. Բ. Տիմոթէոս 1։5–ի համաձայն, Եւնիկէի օրինակը ինչպէ՞ս ազդեց Տիմոթէոսին։

12 Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 1։5։ Եւնիկէն լաւ օրինակ էր Տիմոթէոսին համար։ Ան իրեն սորվեցուցած ըլլալու էր, որ ճշմարիտ հաւատքը գործերով կը փաստուի (Յակ. 2։26)։ Անկասկած, Տիմոթէոս կը տեսնէր, որ իր մօր ըրածներուն ետին կար Եհովայի հանդէպ մեծ սէր, եւ թէ Եհովային ծառայելով ան շատ ուրախ էր։ Իր մօր օրինակը ինչպէ՞ս իրեն ազդեց։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ յիշեց, Տիմոթէոս իր մօր պէս զօրաւոր հաւատք ունեցաւ։ Ասիկա պատահմամբ չեղաւ։ Ան իր մօր օրինակը տեսաւ ու մղուեցաւ զինք ընդօրինակելու։ Նմանապէս, ներկայիս շատ մը մայրեր իրենց ընտանիքի անդամներուն սրտին հասած են «առանց խօսքի» (Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Դուն ալ նոյնը կրնաս ընել։ Ինչպէ՞ս։

13. Մայր մը ինչո՞ւ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը ամենակարեւոր բանը պէտք է սեպէ։

13 Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ ամենակարեւոր բանը թող ըլլայ քեզի համար (Բ. Օր. 6։5, 6)։ Իբրեւ մայր, դուն շատ մը զոհողութիւններ կ’ընես։ Ժամանակդ, դրամդ, քունդ եւ ուրիշ բաներ կը զոհես, որպէսզի զաւակներուդ ֆիզիքական պէտքերուն հոգ տանիս։ Բայց պէտք չէ այնքա՛ն զբաղած ըլլաս այդ պէտքերը հոգալով, որ ժամանակ չունենաս Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրացնելու։ Կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրէ աղօթելու, Աստուածաշունչը սերտելու եւ ժողովներուն ներկայ ըլլալու։ Այդպէս ընելով, Եհովային աւելի պիտի մօտենաս ու լաւ օրինակ պիտի ըլլաս ընտանիքիդ եւ ուրիշներուն։

14-15. Ի՞նչ կը սորվիս Լիանի, Մարիայի եւ Ժուաուի օրինակներէն։

14 Նկատի առ քանի մը պատանիներ, որոնք սորվեցան Եհովան սիրել եւ իրեն վստահիլ՝ տեսնելով իրենց մօր օրինակը։ Քրիսթինին աղջիկը՝ Լիանը կ’ըսէ. «Մենք չէինք կրնար Աստուածաշունչը սերտել, երբ մեր հայրը տունն էր։ Բայց մայրս միշտ հաւատարմօրէն ժողովներուն ներկայ կ’ըլլար։ Թէեւ Աստուածաշունչի մասին շատ բան չէինք գիտեր, բայց իր ըրածները մեզի օգնեցին, որ զօրաւոր հաւատք ունենանք։ Դեռ ժողովներու չգացած, արդէն համոզուած էինք, որ ասիկա է ճշմարտութիւնը»։

15 Մարիան, որուն հայրը ատեններ ընտանիքը կը պատժէր ժողովի երթալնուն համար, կ’ըսէ. «Մայրս ամենաքաջ քոյրերէն մէկն է, որ կեանքիս մէջ ճանչցած եմ։ Պզտիկ եղած ատենս, երբեմն կարգ մը բաներ չէի ուզեր ընել, քանի որ կը վախնայի թէ ուրիշներ ի՛նչ պիտի ըսեն։ Բայց տեսնելով իր քաջութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս Եհովան իր կեանքին մէջ միշտ առաջին տեղը կը դնէր, կրցայ մարդոց հանդէպ վախս յաղթահարել»։ Ժուաուն, որուն հայրը արգիլած էր որ տան մէջ հոգեւոր խօսակցութիւններ ըլլան, կ’ըսէ. «Բան մը, որ ամենաշատ սրտիս դպչած է, այն է՝ որ մայրս պատրաստ էր ամէն բան զոհելու,– բացի Եհովայի հանդէպ իր սէրէն,– հայրս հաճեցնելու համար»։

16. Մօր մը օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշներուն ազդել։

16 Մայրե՛ր, յիշեցէք որ ուրիշները կրնան ձեր հաւատքէն ազդուիլ։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առէք թէ Եւնիկէին օրինակը ինչպէ՛ս Պօղոս առաքեալին ազդեց։ Ան գրեց, որ Տիմոթէոսի անկեղծ հաւատքը նա՛խ Եւնիկէ ունէր (Բ. Տիմ. 1։5)։ Պօղոս առաջին անգամ ըլլալով ե՞րբ տեսաւ Եւնիկէին հաւատքը։ Հաւանաբար իր առաջին միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին էր, որ Լիւստրայի մէջ ծանօթացաւ Լաւոդիային ու Եւնիկէին, եւ իրենց օգնեց որ քրիստոնեայ դառնան (Գործք 14։4-17)։ Պահ մը մտածեցէք. շուրջ 15 տարի ետք, երբ Պօղոս Տիմոթէոսին գրեց, տակաւին կը յիշէր Եւնիկէին հաւատարմութեան գործերը եւ յայտնեց որ ան ընդօրինակուելու արժանի է։ Յստակ է որ ան մեծ տպաւորութիւն ձգած էր Պօղոս առաքեալի վրայ եւ հաւանաբար ուրիշ քրիստոնեաներու վրայ ալ։ Ուրեմն, եթէ զաւակներ կը մեծցնէք առանց ամուսինի կամ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մէջ, վստահ եղէք որ ձեր լաւ օրինակը ձեր շուրջինները կը զօրացնէ եւ կը քաջալերէ։

Ժամանակ կ’առնէ, որ զաւակիդ օգնես Եհովան սիրելու։ Մի՛ յանձնուիր (տե՛ս պարբ. 17)

17. Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ թուի թէ զաւակդ չ’ուզեր Եհովային ծառայել։

17 Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ թուի թէ ջանքերդ արդիւնք չեն տար։ Յիշէ որ զաւակ կրթելը ժամանակ կ’առնէ։ Ինչպէս որ նկարը ցոյց կու տայ, երբ սերմ մը կը ցանես, ատեններ թերեւս հարց տաս, թէ արդեօք անիկա պիտի աճի ու պտուղ տա՞յ։ Թէեւ չես կրնար վստահ ըլլալ որ պիտի աճի, կը շարունակես ջրել, որպէսզի աճելու լաւագոյն պայմանները ապահովես (Մար. 4։26-29)։ Նոյնպէս, որպէս մայր թերեւս ատեններ հարց տաս, թէ արդեօք զաւակներուդ սրտին կը հասնի՞ս։ Ի վերջոյ, անո՛նք պիտի որոշեն ինչ ընել։ Բայց եթէ շարունակես ամէն կարելիդ ընել, որ զիրենք մարզես ու կրթես, իրենց լաւագոյն պայմանները կ’ապահովես, որ հոգեւորապէս աճին (Առ. 22։6

ԵՀՈՎԱՅԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՒԻՆԷ

18. Եհովան ինչպէ՞ս կրնայ զաւակներուդ օգնել, որ հոգեւորապէս աճին։

18 Հին օրերէն ի վեր, Եհովան բազմաթիւ պատանիներու օգնած է, որ իր բարեկամները դառնան (Սաղ. 22։9, 10)։ Ան կրնայ նաեւ քու զաւակներուդ օգնել, որ հոգեւորապէս աճին, եթէ կ’ուզեն (Ա. Կոր. 3։6, 7)։ Նոյնիսկ եթէ զաւակներդ Եհովային ամբողջ սրտով չեն ծառայեր, ան պիտի շարունակէ զիրենք սիրել (Սաղ. 11։4)։ Իսկ երբ ցոյց տան թէ կ’ուզեն զինք հաճեցնել, ան պատրաստ է իրենց օգնելու որ իր բարեկամները ըլլան (Գործք 13։48. Բ. Մն. 16։9)։ Ան կրնայ քեզ մղել ճիշդ բանը ըսելու ճիշդ ատենը,– երբ զաւակներդ ամէնէն շատ ատիկա լսելու պէտք ունին (Առ. 15։23)։ Կամ, ան կրնայ ժողովքէն եղող հոգատար եղբայր մը կամ քոյր մը մղել, որ անոնց հանդէպ յատուկ ուշադրութիւն ցոյց տայ։ Նոյնիսկ զաւակներդ չափահաս դառնալէ ետք, Եհովան կրնայ իրենց միտքը բերել բան մը, որ անցեալին իրենց սորվեցուցած ես (Յովհ. 14։26)։ Երբ շարունակես զաւակներդ կրթել ու մարզել խօսքովդ եւ օրինակովդ, Եհովան քեզ շատ պիտի օրհնէ։

19. Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովային հաճութիւնը ունիս։

19 Քեզի հանդէպ Եհովայի սէրը կախեալ չէ զաւակներուդ առած որոշումներէն։ Ան քեզ կը սիրէ, քանի որ դուն զինք կը սիրես։ Եթէ մինակդ կը մեծցնես զաւակներդ, Եհովան կը խոստանայ՝ անոնց Հայր եւ քեզի Պաշտպան ըլլալ (Սաղ. 68։5)։ Ձեռքդ չէ զաւակներուդ որոշումը, թէ Եհովային պիտի ծառայեն կամ ոչ։ Բայց եթէ շարունակես Եհովայի օգնութեան ապաւինիլ ու քու լաւագոյնդ ընել, իր հաճութիւնը պիտի շահիս։

ԵՐԳ 88 Երեխաները Աստուծմէ վստահուած գանձեր են

^ պարբ. 5 Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ, թէ մայրերը ինչպէ՛ս կրնան օգտուիլ Տիմոթէոսի մօր՝ Եւնիկէի օրինակէն, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ Եհովան ճանչնան ու սիրեն։

^ պարբ. 4 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 9 Օրինակ, տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքին 50–րդ դասը եւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յունուար 2011 թիւը, էջ 6։