Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 18

Ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւոր նպատակակէտեր դնել եւ ատոնց հասնիլ

Ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւոր նպատակակէտեր դնել եւ ատոնց հասնիլ

«Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ» (Ա. ՏԻՄ. 4։15

ԵՐԳ 150 Ծառայենք հոն՝ ուր մեծ կարիք կայ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչպիսի՞ հոգեւոր նպատակակէտեր կրնանք դնել։

 ՃՇՄԱՐԻՏ քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք Եհովան շատ կը սիրենք։ Անոր համար, կ’ուզենք իրեն լաւագոյն կերպով ծառայել։ Բայց եթէ կ’ուզենք Եհովայի համար մեր ամէն կարելին ընել, պէտք է հոգեւոր նպատակակէտեր դնենք, ինչպէս՝ քրիստոնէական յատկութիւններ մշակել, նոր հմտութիւններ սորվիլ եւ ուրիշներուն ծառայելու կերպեր փնտռել *։

2. Ինչո՞ւ պէտք է հոգեւոր նպատակակէտեր դնենք եւ ջանանք ատոնց հասնիլ։

2 Ինչո՞ւ պէտք է ուզենք հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Գլխաւոր պատճառը այն է, որ կ’ուզենք մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը հաճեցնել։ Եհովան կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ մեր տաղանդներն ու կարողութիւնները լման կերպով կը գործածենք իր ծառայութեան մէջ։ Ասկէ զատ, կ’ուզենք հոգեւորապէս յառաջդիմել, որպէսզի կարենանք աւելի օգտակար դառնալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն (Ա. Թես. 4։9, 10)։ Առանց նկատի առնելու թէ քանի տարիէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ենք, բոլորս կրնանք հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Ուստի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։

3. Ա. Տիմոթէոս 4։12-16–ի համաձայն, Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը քաջալերեց որ ի՞նչ ընէ։

3 Երբ Պօղոս առաքեալ նամակ գրեց Տիմոթէոսին, այդ երիտասարդը արդէն փորձառու երէց մըն էր։ Բայց Պօղոս զինք քաջալերեց, որ շարունակէ հոգեւորապէս յառաջդիմել (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։12-16)։ Մինչ Պօղոսի խօսքերուն վրայ կը խոկաս, պիտի նկատես թէ ան ուզեց որ Տիմոթէոս յառաջդիմէ երկու մարզերու մէջ. 1) քրիստոնէական յատկութիւններ մշակել, ինչպէս՝ սէր, հաւատք ու մաքրութիւն, եւ 2) հմտութիւններ զարգացնել, ինչպէս՝ բարձրաձայն կարդալ, յորդորել եւ սորվեցնել։ Տիմոթէոսի օրինակը ի մտի ունենալով, տեսնենք թէ տրամաբանական նպատակակէտեր դնելը ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել, որ հոգեւորապէս յառաջդիմենք։ Նաեւ, նկատի պիտի առնենք մեր ծառայութեան մէջ աւելին ընելու կարգ մը կերպեր։

ՄՇԱԿԷ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

4. Փիլիպպեցիս 2։19-22–ի համաձայն, ի՞նչը ձգեց որ Եհովան Տիմոթէոսը շատ գործածէ։

4 Ի՞նչը ձգեց, որ Եհովան Տիմոթէոսը շատ գործածէ։ Անոր հիանալի յատկութիւնները (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։19-22)։ Պօղոս Տիմոթէոսը նկարագրեց որպէս խոնարհ, հաւատարիմ, աշխատասէր եւ վստահելի մէկը։ Ան եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեծ սէր ունէր եւ անոնցմով խորապէս հետաքրքրուած էր։ Անոր համար, Պօղոս զինք կը սիրէր եւ իրեն ծանր պատասխանատուութիւններ կը վստահէր (Ա. Կոր. 4։17)։ Նոյնպէս, Եհովան մեզ աւելի պիտի սիրէ եւ ժողովքին աւելի օգտակար պիտի ըլլանք, երբ իր սիրած յատկութիւնները մշակենք (Սաղ. 25։9. 138։6

Զատէ քրիստոնէական յատկութիւն մը, որուն վրայ կ’ուզես աշխատիլ (տե՛ս պարբ. 5-6)

5. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս որոշել, թէ ի՛նչ քրիստոնէական յատկութիւն պիտի զարգացնես։ բ) Ինչպէս որ նկարը ցոյց կու տայ, երիտասարդ քոյրը ինչպէ՞ս կը ջանայ աւելի կարեկից ըլլալ։

5 Ընտրէ մասնայատուկ նպատակակէտ մը։ Աղօթքով նկատի առ թէ անձնաւորութեանդ մէջ ի՛նչ բան կ’ուզես բարելաւել։ Ընտրէ մասնայատուկ յատկութիւն մը, որուն վրայ կ’ուզես աշխատիլ։ Օրինակ, թերեւս որոշես ջանալ աւելի կարեկից ըլլալ կամ զօրաւոր փափաք ունենալ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ օգնելու։ Կամ թերեւս պէտք զգաս, որ աւելի խաղաղարար եւ ներող ըլլաս։ Նաեւ, կրնաս վստահելի բարեկամէ մը խնդրել, որ առաջարկէ կերպեր, որոնցմով կրնաս բարելաւուիլ (Առ. 27։6

6. Ինչպէ՞ս կրնաս յատկութիւն մը մշակել։

6 Ջանք թափէ որ նպատակակէտիդ հասնիս։ Ինչպէ՞ս։ Կերպերէն մէկն է՝ ուշադրութեամբ սերտել այն յատկութիւնը, որ կ’ուզես բարելաւել։ Սեպենք թէ կ’որոշես ջանք թափել, որ աւելի ներող ըլլաս։ Թերեւս սկսիս կարդալ ու խոկալ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած այն անհատներուն մասին, որոնք ուրիշներուն ներեցին, եւ անոնց մասին, որոնք չներեցին։ Նկատի առ Յիսուսին օրինակը։ Ան պատրաստ էր ուրիշներուն ներելու (Ղուկ. 7։47, 48)։ Ան նաեւ կեդրոնացաւ ոչ թէ անոնց սխալներուն վրայ, հապա այն բաներուն վրայ, որ կրնային իրագործել։ Միւս կողմէ, փարիսեցիները «ուրիշները կ’անարգէին» (Ղուկ. 18։9)։ Այս օրինակներուն մասին մտածելէ ետք, դուն քեզի հարցուր. ‘Ուրիշներուն մէջ ի՞նչ կը տեսնեմ։ Անոնց ո՞ր յատկութիւններուն վրայ կ’ընտրեմ կեդրոնանալ’։ Եթէ դժուարութիւն ունիս մէկու մը ներելու, փորձէ անոր բոլոր լաւ յատկութիւնները գրի առնել։ Ետքը, դուն քեզի հարցուր. ‘Յիսուս այս անհատը ինչպէ՞ս կը նկատէ։ Արդեօք իրեն պիտի ներէ՞ր’։ Սերտողութեան այսպիսի յայտագիր մը ունենալով, կրնանք մեր մտածելակերպը փոխել։ Սկիզբը, թերեւս շատ ջանք թափենք որ ներենք մէկու մը, որ մեզ վիրաւորած է։ Բայց եթէ շարունակենք աշխատիլ որ բարելաւուինք, ժամանակի ընթացքին աւելի պատրաստ պիտի ըլլանք ներելու։

ՕԳՏԱԿԱՐ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՈՐՎԷ

Խնդրէ սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս նորոգութեան աշխատանքներ ընել Թագաւորութեան սրահին մէջ (տե՛ս պարբ. 7) *

7. Առակաց 22։29–ի համաձայն, այսօր Եհովան ի՞նչ կերպերով հմուտ աշխատաւորներ կը գործածէ։

7 Կրնաս նաեւ նպատակակէտ դնել՝ օգտակար հմտութիւն մը սորվիլ։ Պահ մը մտածէ. Բեթէլի համալիրներու, համաժողովի սրահներու եւ Թագաւորութեան սրահներու շինարարութիւնը կը պահանջէ մեծ թիւով աշխատաւորներ։ Այդ ծրագիրներուն մասնակցողներէն շատեր հմտութիւններ սորված են, աշխատելով վարպետ եղբայրներու հետ։ Ինչպէս որ նկարին մէջ կը տեսնենք, եղբայրներ ու քոյրեր համաժողովի սրահներ եւ Թագաւորութեան սրահներ նորոգելու համար պէտք եղած հմտութիւններ կը սորվին։ Այս եւ ուրիշ կերպերով, Եհովա Աստուած՝ «յաւիտենականութեան Թագաւոր»ը, եւ Քրիստոս Յիսուս՝ «թագաւորներուն Թագաւորը», հրաշալի բաներ կ’իրագործեն հմուտ աշխատաւորներու միջոցով (Ա. Տիմ. 1։17, ՆԱ. 6։15. կարդա՛ Առակաց 22։29)։ Մենք կ’ուզենք ծանր աշխատիլ եւ մեր հմտութիւնները գործածել Եհովա՛ն փառաւորելու համար, եւ ոչ թէ մենք մեզ (Յովհ. 8։54

8. Ինչպէ՞ս կրնաս որոշել, թէ ի՛նչ հմտութիւն սորվիս։

8 Ընտրէ մասնայատուկ նպատակակէտ մը։ Ի՞նչ հմտութիւն կրնաս սորվիլ։ Հարցուր երէցներուն եւ թերեւս շրջանային տեսուչին ալ, թէ իրենց կարծիքով ի՛նչ հմտութիւն կրնաս զարգացնել։ Օրինակ, եթէ առաջարկեն որ դասախօսելու եւ սորվեցնելու կարողութիւնդ բարելաւես, խնդրէ որ յիշեն մասնայատուկ խօսակցութեան յատկութիւն մը, որուն վրայ պէտք է աշխատիս։ Ետքը, գործնական քայլեր առ այդ յատկութիւնը զարգացնելու։ Ինչպէ՞ս։

9. Ինչպէ՞ս կրնաս ջանք թափել, որ հմտութիւն մը սորվելու նպատակակէտիդ հասնիս։

9 Ջանք թափէ, որ նպատակակէտիդ հասնիս։ Սեպենք որ կ’ուզես սորվեցնելու կարողութիւնդ բարելաւել։ Կրնաս Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկը ուշադրութեամբ սերտել։ Երբ միջշաբաթային ժողովին մէջ բաժին ստանաս, փորձառու եղբօրմէ մը խնդրէ որ քեզի մտիկ ընէ, մինչ բաժինդ փորձ կ’ընես եւ առաջարկներ տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս բարելաւուիլ։ Բաժինդ կանուխ պատրաստէ։ Այսպէս եղբայրներդ ու քոյրերդ պիտի տեսնեն, թէ ջանասէր ու վստահելի ես (Առ. 21։5. Բ. Կոր. 8։22

10. Օրինակ մը տուր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հմտութիւն մը զարգացնել։

10 Իսկ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ կ’ուզես զարգացնել հմտութիւն մը, որ քեզի համար դժուար է։ Մի՛ յանձնուիր։ Կէրի անունով եղբայր մը չէր կրնար լաւ կարդալ։ Ան կը յիշէ, թէ ինչպէս գէշ կը զգար երբ կը փորձէր ժողովին մէջ բարձր ձայնով կարդալ։ Բայց ան շարունակեց ծանր աշխատիլ, որ բարելաւուի։ Եւ հիմա կ’ըսէ, որ իր ստացած մարզումին շնորհիւ, դասախօսութիւններ կու տայ ժողովներու, շրջանային համաժողովներու եւ տարեկան համաժողովներու մէջ։

11. Տիմոթէոսին պէս, ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ աւելի պատասխանատուութիւններ շալկենք։

11 Արդեօք Տիմոթէոս վարպետ դասախօս կամ ուսուցիչ եղա՞ւ։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Բայց Պօղոսի խրատին հետեւելով, ան անկասկած աստիճանաբար աւելի լաւ կերպով կատարեց իր պատասխանատուութիւնները (Բ. Տիմ. 3։10)։ Նմանապէս, եթէ մեր հմտութիւնները զարգացնենք, պիտի կարենանք յաւելեալ պատասխանատուութիւններ շալկել։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ԿԵՐՊԵՐ ՓՆՏՌԷ

12. Ինչպէ՞ս օգտուած ես ուրիշներու օգնութենէն։

12 Մենք կ’օգտուինք, երբ ուրիշներ մեզի համար լաւ բաներ կ’ընեն։ Օրինակ, երբ հիւանդանոցն ենք, շնորհակալ կ’ըլլանք երբ մեզի կ’այցելեն «Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբ»էն կամ «Հիւանդներու այցելող խմբակ»էն երէցներ։ Երբ դժուար պարագայէ մը կ’անցնինք, շնորհակալ կ’ըլլանք երբ հոգատար երէց մը ժամանակ կու տայ, որ մեզի մտիկ ընէ ու մխիթարէ։ Իսկ երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու համար օգնութեան պէտք ունինք, կ’ուրախանանք երբ փորձառու ռահվիրայ մը կ’ընդունի ներկայ ըլլալ եւ առաջարկներ տալ։ Այս բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը ուրախութեամբ մեզի կ’օգնեն։ Մենք ալ կրնանք այդ ուրախութիւնը ունենալ, եթէ ուրիշներուն օգնենք։ Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Եթէ կ’ուզես այս կամ ուրիշ կերպերով ծառայութիւնդ ընդլայնել, ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ նպատակակէտերուդ հասնիս։

13. Երբ նպատակակէտ կը դնենք, ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։

13 Ուշադիր եղիր որ չդնես նպատակակէտ մը, որ յստակ չէ։ Օրինակ, թերեւս մտածես. ‘Կ’ուզեմ ժողովքին համար աւելին ընել’։ Բայց կրնայ դժուար ըլլալ այդ նպատակակէտին հասնիլ եւ թերեւս անկարելի ըլլայ գիտնալ, թէ ե՛րբ ատոր հասար։ Անոր համար, ընտրէ յստակ եւ մասնայատուկ նպատակակէտ մը։ Եւ կրնաս նոյնիսկ գրել, թէ ի՛նչ է նպատակակէտդ եւ ինչպէ՛ս կրնաս ատոր հասնիլ։

14. Ինչո՞ւ պէտք է ճկուն ըլլանք, երբ նպատակակէտեր կը դնենք։

14 Նաեւ պէտք է ճկուն ըլլանք, երբ նպատակակէտեր կը դնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր պարագաները մեր ձեռքը չեն։ Նկատի առնենք օրինակ մը։ Պօղոս առաքեալ օգնեց, որ Թեսաղոնիկէի մէջ նոր ժողովք հաստատուի, եւ անկասկած իր նպատակն էր՝ հոն մնալ եւ այդ նոր քրիստոնեաներուն օգնել։ Բայց հակառակորդները զինք ստիպեցին, որ այդ քաղաքէն հեռանայ (Գործք 17։1-5, 10)։ Եթէ ան հոն մնար, եղբայրներուն կեանքը վտանգի տակ պիտի դնէր։ Բայց Պօղոս չյանձնուեցաւ։ Ան յարմարեցաւ փոխուող պարագաներուն։ Ետքը, ան Տիմոթէոսը ղրկեց, որպէսզի Թեսաղոնիկէի նոր քրիստոնեաներուն հոգեւոր պէտքերուն հոգ տանի (Ա. Թես. 3։1-3)։ Թեսաղոնիկեցիները վստահաբար ուրախացան, որ Տիմոթէոս պատրաստ էր ծառայելու հոն, ուր իրեն պէտք կար։

15. Ինչպէ՞ս մեր նպատակակէտերը կրնան փոխուիլ, երբ մեր պարագաները կը փոխուին. օրինակով մը բացատրէ։

15 Կրնանք դաս մը սորվիլ այն փորձառութենէն, որ Պօղոսին հետ պատահեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ։ Թերեւս ծառայութեան առանձնաշնորհումի մը կը ձգտինք, բայց մեր պարագաներուն պատճառով չենք կրնար ատոր հասնիլ (Ժող. 9։11)։ Եթէ պարագադ այդ է, զատէ տարբեր նպատակակէտ մը, որուն կրնաս հասնիլ։ Զոյգ մը՝ Թետ ու Հայտի, այդպէս ըրին։ Առողջապահական խնդրի մը պատճառով, անոնք ստիպուեցան Բեթէլի ծառայութիւնը ձգել։ Բայց քանի որ Եհովան կը սիրէին, իրենց ծառայութիւնը ընդարձակելու ուրիշ կերպեր փնտռեցին։ Սկիզբը, կանոնաւոր ռահվիրայութեան սկսան։ Ժամանակի ընթացքին, նշանակուեցան ծառայելու որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ, եւ Թետը մարզում ստացաւ որպէս շրջանային տեսուչի փոխարինող։ Ետքը, շրջանային տեսուչին տարիքին նկատմամբ պահանջը փոխուեցաւ։ Թետն ու Հայտին գիտակցեցան, որ այլեւս իրենց տարիքը չէր ներեր ծառայութեան այդ առանձնաշնորհումը ունենալու համար։ Թէեւ յուսախաբ եղան, բայց անդրադարձան որ Եհովային ուրիշ կերպերով ալ կրնային ծառայել։ Թետ կ’ըսէ. «Մենք սորվեցանք, որ Եհովային ծառայելու միայն մէկ կերպ չկայ»։

16. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Գաղատացիս 6։4–էն։

16 Մեր կեանքի պարագաները մեր ձեռքը չեն, անոր համար կարեւոր է որ չմտածենք, թէ Եհովային համար արժէքաւոր ենք միայն մեր առանձնաշնորհումներուն պատճառով։ Եւ մենք մեզ չբաղդատենք ուրիշներու հետ, որոնց նշանակումները մենք չունինք։ Հայտին կ’ըսէ. «Խաղաղութիւնդ եւ ուրախութիւնդ պիտի կորսնցնես, եթէ կեանքդ բաղդատես ուրիշներուն կեանքին հետ» (կարդա՛ Գաղատացիս 6։4)։ Կարեւոր է որ փնտռենք կերպեր, որոնցմով կրնա՛նք ուրիշներուն օգնել ու Եհովային աւելի ծառայել *։

17. Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի կարենաս ծառայութեան առանձնաշնորհումներ ստանալ։

17 Պիտի կարենաս Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելին ընել, եթէ կեանքդ պարզ պահես եւ անտեղի պարտքերու տակ չմտնես։ Պզտիկ նպատակակէտեր դիր, որոնք քեզի պիտի օգնեն մեծ նպատակակէտերուդ հասնելու։ Օրինակ, եթէ կ’ուզես ծառայել որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, կրնա՞ս հիմա ամէն ամիս որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել։ Կամ եթէ կ’ուզես օգնական ծառայ ըլլալ, կրնա՞ս աւելի ժամանակ տրամադրել, որ դաշտի ծառայութեան մասնակցիս եւ ժողովքի հիւանդներուն ու ծերերուն այցելես։ Այն փորձառութիւնը, որ ձեռք կը ձգես հիմա, կրնայ ապագային ծառայութեան նոր դուռեր բանալ։ Անոր համար, վճռէ որեւէ նշանակումի մէջ լաւագոյնդ ընել (Հռով. 12։11

Մասնայատուկ նպատակակէտ մը դիր, որուն կրնաս հասնիլ (տե՛ս պարբ. 18) *

18. Ի՞նչ կը սորվիս Պեւըրլիի օրինակէն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

18 Ի՛նչ տարիքի ալ ըլլանք, կրնա՛նք հոգեւոր նպատակակէտեր դնել եւ ատոնց հասնիլ։ Նկատի առ Պեւըրլի անունով 75 տարեկան քրոջ մը օրինակը։ Ան առողջապահական լուրջ խնդիր մը ունէր, որուն պատճառով շատ դժուարութեամբ կը քալէր։ Բայց ուզեց Յիշատակատօնի արշաւին լիովին մասնակցիլ։ Ուստի մասնաւոր նպատակակէտեր դրաւ, եւ երբ ատոնց հասաւ, շատ ուրախացաւ։ Անոր ջանքերը տեսնելով, ուրիշներ ալ մղուեցան աւելի ծառայելու։ Եհովան կ’արժեւորէ մեր տարեց եղբայրներուն ու քոյրերուն ջանքերը, նոյնիսկ եթէ իրենց պարագաներուն պատճառաւ՝ իրենց ամէն ուզածը չեն կրնար ընել (Սաղ. 71։17, 18

19. Ի՞նչ կարգ մը հոգեւոր նպատակակէտեր կրնանք դնել։

19 Դիր նպատակակէտեր, որոնց կրնաս հասնիլ։ Մշակէ յատկութիւններ, որոնք Եհովան կը սիրէ։ Սորվէ հմտութիւններ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ Աստուծոյ եւ իր կազմակերպութեան համար աւելին ընես։ Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ աւելի ծառայելու կերպեր փնտռէ *։ Եւ Տիմոթէոսին պէս, Եհովային օրհնութեամբ «յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի [պիտի] ըլլայ» (Ա. Տիմ. 4։15

ԵՐԳ 60 Ան պիտի զօրացնէ քեզ

^ պարբ. 5 Տիմոթէոս բարի լուրի հմուտ քարոզիչ էր։ Բայց Պօղոս առաքեալ զինք քաջալերեց, որ շարունակէ հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Պօղոսի խրատին հետեւելով, Տիմոթէոս աւելի պիտի գործածուէր Եհովային կողմէ եւ աւելի օգտակար պիտի դառնար իր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Արդեօք Տիմոթէոսին պէս կը փափաքի՞ս Եհովային եւ հաւատակիցներուդ աւելի ծառայել։ Անկասկած կը փափաքիս։ Ի՞նչ նպատակակէտեր քեզի պիտի օգնեն, որ այդպէս ընես։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաս այդ նպատակակէտերը դնել ու ատոնց հասնիլ։

^ պարբ. 1 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Հոգեւոր նպատակակէտը բան մըն է, որ կը ջանանք իրագործել, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայենք եւ զինք ուրախացնենք։

^ պարբ. 16 Տե՛ս «Ծառայել հոն՝ ուր աւելի մեծ կարիք կայ», Կազմակերպուած ենք՝ կատարելու Եհովայի կամքը գիրքին մէջ, գլուխ 10, պարբ. 6-9 (արաբ.)։

^ պարբ. 19 Տե՛ս Դաս 60, «Շարունակէ յառաջդիմել», Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին մէջ։

^ պարբ. 63 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը երկու քոյրեր կը մարզէ նորոգութեան աշխատանք մը ընելու, եւ անոնք իրենց նոր սորված հմտութիւնը կը գործածեն։

^ պարբ. 65 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը, որ տունէն չի կրնար ելլել, հմտօրէն հեռաձայնով վկայութիւն կու տայ, մարդիկը Յիշատակատօնին հրաւիրելով։