Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 16

Ուրախացիր Եհովային տալով քու լաւագոյնդ

Ուրախացիր Եհովային տալով քու լաւագոյնդ

«Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ» (ԳԱՂ. 6։4

ԵՐԳ 66 Անձնուիրաբար Եհովային ծառայենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչը մեզի մեծ ուրախութիւն կու տայ։

 ԵՀՈՎԱՆ կ’ուզէ, որ ուրախ ըլլանք։ Ասիկա գիտենք, քանի որ ուրախութիւնը իր սուրբ հոգիին պտուղին երեսակներէն մէկն է (Գաղ. 5։22)։ Եւ որովհետեւ տալը աւելի կ’ուրախացնէ քան առնելը, մենք խորապէս ուրախ կը զգանք՝ ծառայութեան լիովին մասնակցելով եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն շատ մը կերպերով օգնելով (Գործք 20։35

2-3. ա) Գաղատացիս 6։4–ի համաձայն, ի՞նչ երկու կէտեր մեզի կրնան օգնել, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրախ մնանք։ բ) Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Գաղատացիս 6։4–ին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը յիշէ երկու կէտեր, որոնք մեզի պիտի օգնեն, որ ուրախ մնանք (կարդա՛)։ Առաջին, մեր նպատակը պէտք է ըլլայ՝ Եհովային մեր լաւագոյնը տալ։ Եթէ այդպէս կ’ընենք, պէտք է ուրախ ըլլանք (Մատ. 22։36-38)։ Երկրորդ, պէտք չէ մենք մեզ ուրիշներու հետ բաղդատենք։ Ի՛նչ որ ալ կրնանք ընել մեր առողջութեան, մարզումին կամ ձիրքերուն պատճառով, պէտք է Եհովայէն շնորհակալ ըլլանք, քանի որ ի վերջոյ՝ ամէն ինչ որ ունինք, իրմէ ստացած ենք։ Միւս կողմէ, եթէ ուրիշներ ծառայութեան որոշ երեսակի մը մէջ մեզմէ աւելի ազդու են, պէտք է ուրախանանք, քանի որ անոնք իրենց ձիրքերը կը գործածեն Եհովան փառաբանելու համար եւ ոչ թէ երեւելու համար կամ՝ անձնասէր պատճառներով։ Ուրեմն, պէտք չէ անոնց հետ մրցակցինք, հապա պէտք է անոնցմէ սորվինք։

3 Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ի՛նչ բան կրնայ մեզի օգնել, երբ կ’ընկճուինք քանի որ ծառայութեան մէջ մեր ամէն ուզածը չենք կրնար ընել։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ մեր պարգեւները ինչպէ՛ս կրնանք լաւագոյն կերպով գործածել եւ թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ ուրիշներու օրինակէն։

ԵՐԲ ՄԵՐ ՈՒԶԱԾԸ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ԸՆԵԼ

Երբ մեր ամբողջ կեանքին մէջ Եհովային մեր լաւագոյնը կու տանք, զինք կը հաճեցնենք (տե՛ս պարբ. 4-6) *

4. Ո՞ր պարագային կրնանք ընկճուիլ. օրինակ մը տուր։

4 Մեզմէ ոմանք իրենց ամէն ուզածը չեն կրնար ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ, քանի որ տարիքով կը մեծնան կամ հիւանդ են, եւ ասիկա զիրենք կ’ընկճէ։ Քարոլին հետ այսպէս պատահեցաւ։ Ատեն մը, ան կը ծառայէր տեղ մը, ուր հրատարակիչներու աւելի կարիք կար։ Այդ ատեն, ան 35 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեց, որոնցմէ քանի մը անհատներ իրենց անձը նուիրեցին Եհովային եւ մկրտուեցան։ Ան արդիւնաբեր ծառայութիւն ունեցաւ։ Բայց ետքը, հիւանդացաւ եւ ստիպուեցաւ գրեթէ ամբողջ ժամանակը տունը մնալ։ Ան կ’ըսէ. «Գիտեմ որ հիւանդութեանս պատճառով է, որ չեմ կրնար ուրիշներու չափ ծառայել։ Բայց կը զգամ որ անոնցմէ նուազ հաւատարիմ եմ։ Փափաքս բան մըն է, իրողութիւնը բան մըն է. չեմ կրնար ամէն ուզածս ընել եւ ասիկա զիս շա՜տ կ’ընկճէ»։ Քարոլը կ’ուզէ Եհովային լաւագոյնը տալ, եւ ասիկա շատ գովելի է։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր կարեկից Աստուածը իրեն կը հաճի, քանի որ իր ամէն կարելին կ’ընէ։

5. ա) Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ մեր սահմանափակումներուն պատճառով կ’ընկճուինք։ բ) Ինչպէս որ նկարները ցոյց կու տան, եղբայրը ինչպէ՞ս Եհովայի ծառայութեան մէջ միշտ իր լաւագոյնը տուած է։

5 Եթէ ատեններ ընկճուած կը զգաս սահմանափակումներուդ պատճառով, դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովան ինձմէ ի՞նչ կը պահանջէ’։ Քու լաւագոյնդ, այսինքն՝ ամէն ինչ որ կրնաս ընել հիմա՛։ Նկատի առ այս պարագան։ 80 տարեկան քոյր մը ընկճուած է, քանի որ չի կրնար նո՛յնքան ծառայել, ո՛րքան կը ծառայէր, երբ 40 տարեկան էր։ Ան կը մտածէ, որ թէեւ իր լաւագոյնը կու տայ, բայց ատիկա Եհովան չի հաճեցներ։ Բայց իրապէս ատա՞նկ է։ Մտածէ. եթէ այս քոյրը իր 40–ական տարիքին իր լաւագոյնը տուաւ եւ իր 80–ական տարիքին տակաւին կը շարունակէ իր լաւագոյնը տալ, ուրեմն ան միշտ իր լաւագոյնը տուած է։ Եթէ սկսինք զգալ, թէ մեր ծառայութիւնը Եհովան հաճեցնելու համար բաւարար չէ, պէտք է մենք մեզի յիշեցնենք, որ Եհովան է, որ կ’որոշէ թէ ի՛նչ բան զինք կը հաճեցնէ։ Եթէ մենք մեր լաւագոյնը տանք, Եհովան մեզի պիտի ըսէ. «Ապրի՛ս» (համեմատէ՛ Մատթէոս 25։20-23

6. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Մարիայի օրինակէն։

6 Մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ուրախ ըլլալ, եթէ կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ, որոնք կրնանք ընել եւ ոչ թէ անոնց վրայ, որոնք չենք կրնար ընել։ Նկատի առ Մարիա անունով քրոջ օրինակը, որ հիւանդ է եւ ծառայութեան մէջ շատ բան չի կրնար ընել։ Ան սկիզբը ընկճուած էր եւ կը զգար, թէ բանի մը չի ծառայեր։ Ետքը, ան մտածեց ժողովքէն եղող քրոջ մը մասին, որ անկողին ինկած էր, եւ որոշեց իրեն օգնել։ Մարիան կ’ըսէ. «Կարգադրութիւններ ըրի, որ միասին քարոզենք հեռաձայնով եւ նամակ գրելով։ Ամէն անգամ իրարու հետ ծառայելէ ետք, ուրախ ու գոհունակ՝ տուն կը վերադառնայի, քանի որ կրցած էի քրոջս օգտակար ըլլալ»։ Մենք ալ կրնանք մեր ուրախութիւնը աւելցնել, կեդրոնանալով այն բաներուն վրայ, որոնք կրնանք ընել։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կարելիութիւնը ունինք աւելին ընելու կամ եթէ Եհովայի ծառայութեան որոշ երեսակներու մէջ շատ յաջող ենք։

ԵԹԷ ՊԱՐԳԵՒ ՄԸ ՈՒՆԻՍ, ‘ԳՈՐԾԱԾԷ՛’

7. Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաներուն ի՞նչ գործնական խրատ տուաւ։

7 Իր առաջին նամակին մէջ, Պետրոս առաքեալ եղբայրները յորդորեց, որ իրենց պարգեւները եւ տաղանդները գործածեն իրենց հաւատակիցները քաջալերելու համար։ Ան գրեց. «Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք [«զանիկա գործածեցէ՛ք՝ իրարու ծառայելով», ՆԱ] Աստուծոյ զանազան շնորհներուն բարի տնտեսներու պէս» (Ա. Պետ. 4։10)։ Պէտք չէ մեր պարգեւները լիովին գործածելէ ետ կենանք, վախնալով որ ուրիշներ թերեւս մեզի նախանձին կամ ընկճուին։ Եթէ այդպէս ընենք, Եհովային մեր լաւագոյնը տուած պիտի չըլլանք։

8. Ա. Կորնթացիս 4։6, 7–ի համաձայն, ինչո՞ւ մեր պարգեւներով պէտք չէ պարծենանք։

8 Մենք մեր պարգեւները պէտք է լիովին գործածենք, բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ անոնցմով չպարծենանք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 4։6, 7)։ Օրինակ, թերեւս դիւրութեամբ կրնաս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատել։ Այդ պարգեւը գործածելէ ետ մի՛ կենար։ Բայց պարգեւը գործածելը բան մըն է, իսկ ատով պարծենալը ուրիշ բան մըն է։ Օրինակ, սեպենք թէ վերջերս ծառայութեան մէջ հոյակապ փորձառութիւն մը ունեցար եւ կրցար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատել։ Մէկ վայրկեան առաջ կ’ուզես ծառայութեան խումբիդ պատմել այդ փորձառութիւնը։ Բայց երբ խումբին հետ ես, քոյր մը կը պատմէ որ ինչպէ՛ս ծառայութեան մէջ կրցաւ պարբերաթերթ մը բաշխել։ Լաւ, ի՞նչ պիտի ընես, ի մտի ունենալով որ քոյրը պարբերաթերթ մը բաշխեց, մինչդեռ դուն դաս մը հաստատեցիր։ Գիտես, որ փորձառութիւնդ խումբը շատ պիտի քաջալերէ, բայց թերեւս որոշես զայն ուրիշ առիթով մը պատմել, քանի որ չես ուզեր որ քոյրը զգայ թէ քեզի պէս լաւ քարոզիչ չէ։ Այդպէս ընելը ազնուութիւն է։ Բայց բնաւ մի՛ դադրիր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ առաջարկելէ։ Այդ պարգեւը ունիս, զայն գործածէ՛։

9. Ինչպէ՞ս պէտք է մեր պարգեւները գործածենք։

9 Յիշենք, որ այն կարողութիւնները որ ունինք, Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւներ են։ Պէտք է այդ պարգեւները գործածենք ժողովքին շինութեան համար, եւ ոչ թէ լաւ երեւնալու համար (Փլպ. 2։3)։ Երբ մեր ուժն ու կարողութիւնները կը գործածենք Աստուծոյ կամքը ընելու համար, պատճառ պիտի ունենանք ուրախանալու՝ ոչ թէ քանի որ ուրիշներէն աւելի կու տանք կամ կը փորձենք անոնցմէ աւելի լաւ երեւնալ, հապա քանի որ մեր պարգեւները կը գործածենք Եհովային փառք բերելու համար։

10. Ինչո՞ւ տրամաբանական չէ, որ մենք մեզ ուրիշներու հետ բաղդատենք։

10 Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք սկսիլ մեր զօրաւոր կողմերը բաղդատել ուրիշին տկար կողմերուն հետ։ Օրինակ, եղբայր մը թերեւս հոյակապ դասախօսութիւններ կու տայ։ Ատիկա իր զօրաւոր կողմն է։ Բայց թերեւս իր սրտին մէջ, ցած աչքով կը նայի եղբօր մը, որուն համար դժուար է դասախօսութիւն տալ։ Սակայն այդ եղբայրը շատ հիւրասէր է, իր զաւակները լաւ կը մարզէ կամ ծառայութեան մէջ շատ նախանձախնդիր է։ Մենք շատ ուրախ ենք, որ այսքան տաղանդաւոր եղբայրներ ու քոյրեր ունինք, որոնք իրենց պարգեւները կը գործածեն Եհովային ծառայելու եւ ուրիշներուն օգնելու համար։

ՍՈՐՎԷ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿԷՆ

11. Ինչո՞ւ պէտք է ջանք ընենք, որ Յիսուսի օրինակին հետեւինք։

11 Թէեւ պէտք չէ մենք մեզ ուրիշներու հետ բաղդատենք, բայց շատ բան կրնանք սորվիլ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն։ Նկատի առնենք Յիսուսի օրինակը։ Թէեւ ան կատարեալ էր, բայց շատ բան կը սորվինք իր գեղեցիկ յատկութիւններէն եւ իր ըրած հոյակապ բաներէն (Ա. Պետ. 2։21)։ Երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ կարելի եղածին չափ մօտէն հետեւինք իր օրինակին, Եհովային աւելի լաւ կը ծառայենք եւ աւելի լաւ քարոզիչներ կը դառնանք։

12-13. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Դաւիթ թագաւորէն։

12 Աստուածաշունչին մէջ գրուած է շատ մը հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու մասին, որոնք արժանի են ընդօրինակուելու, հակառակ անոր որ անկատար են (Եբ. 6։12)։ Մտածէ Դաւիթ թագաւորին մասին, որ Եհովան կոչեց «իմ սրտիս համեմատ մարդ», կամ ըստ Նոր աշխարհաբար թարգմանութեան՝ «սրտիս խօսող անձ» (Գործք 13։22)։ Սակայն Դաւիթ անկատար էր, եւ կարգ մը լուրջ սխալներ ըրաւ։ Այսուհանդերձ, ան լաւ օրինակ է մեզի համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ խրատ ստացաւ, չփորձեց ինքզինք արդարացնել։ Փոխարէնը, ան զօրաւոր խրատը ընդունեց եւ իր ըրածին համար անկեղծօրէն զղջաց։ Եւ ատոր համար, Եհովան իրեն ներեց (Սաղ. 51։3, 4, 10-12

13 Կրնանք Դաւիթէն սորվիլ մենք մեզի հարցնելով. ‘Երբ ինծի խրատ կը տրուի, ինչպէ՞ս կը հակազդեմ։ Անմիջապէս սխալս կ’ընդունի՞մ, թէ ոչ՝ ինքզինքս կ’արդարացնեմ։ Շուտով ուրիշները կը մեղադրե՞մ։ Ամէն ջանք կ’ընե՞մ, որ նոյն սխալները չընեմ’։ Կրնաս դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցնել, մինչ Աստուածաշունչէն կը կարդաս ուրիշ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու մասին։ Արդեօք անոնք ունեցա՞ն այն նոյն դժուարութիւնները, որոնք դուն ունիս։ Ի՞նչ գովելի յատկութիւններ ունէին։ Ամէն մէկուն նկատմամբ դուն քեզի հարցուր. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ Եհովայի այս հաւատարիմ ծառան աւելի ընդօրինակել’։

14. Մեր հաւատակիցներուն օրինակէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։

14 Նաեւ կրնանք օգտուիլ մեր երիտասարդ եւ տարեց հաւատակիցներու օրինակներէն։ Օրինակ, միտքդ կու գա՞յ ժողովքէդ մէկը, որ հաւատարմօրէն կը տոկայ փորձութեան մը, ինչպէս՝ տարեկիցներու ճնշում, ընտանիքի կողմէն հալածանք կամ հիւանդութիւն։ Արդեօք այդ անհատին մէջ կը տեսնե՞ս գովելի յատկութիւն մը, որ կ’ուզես քու մէջդ աւելի զարգացնել։ Անոր օրինակը նկատի առնելով, կրնաս սորվիլ քու փորձութիւններուդ տոկալու գործնական կերպեր։ Շա՜տ ուրախ ենք, որ այս եղբայրներն ու քոյրերը հաւատքի զօրաւոր օրինակներ են (Եբ. 13։7. Յակ. 1։2, 3

ԵՀՈՎԱՅԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՈՒՐԱԽ ԵՂԻՐ

15. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ տուաւ, որ կրնայ մեզի օգնել որ Եհովայի ծառայութեան մէջ շարունակենք ուրախ ըլլալ։

15 Ժողովքին մէջ խաղաղութիւն եւ միութիւն ըլլալու համար, ամէն մէկս պէտք է իր լաւագոյնը ընէ։ Նկատի առ առաջին դարու քրիստոնեաները։ Անոնք զանազան պարգեւներ ու նշանակումներ ունէին (Ա. Կոր. 12։4, 7-11)։ Բայց ասիկա պատճառ չեղաւ, որ անոնք մրցակցին կամ անհամաձայնութիւններ ունենան։ Փոխարէնը, Պօղոս իւրաքանչիւր անհատ քաջալերեց, որ պէտք եղածը ընէ «Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար»։ Ան բացատրեց, որ երբ իւրաքանչիւր անդամ պէտք եղածին պէս կը գործէ՝ մարմինը կ’աճի եւ կը զօրանայ սիրոյ մէջ (Եփ. 4։1-3, 11, 12, 16)։ Անոնք, որոնք այդպէս ըրին, օգնեցին որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն եւ միութիւն ըլլայ, եւ այս յատկութիւնները կը տեսնենք այսօր մեր ժողովքներուն մէջ։

16. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել (Եբրայեցիս 6։10

16 Վճռէ դուն քեզ ուրիշներու հետ չբաղդատել։ Փոխարէնը, Յիսուսէն սորվէ եւ ջանք ըրէ, որ իր յատկութիւնները ընդօրինակես։ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած եւ մեր օրերուն ապրող հաւատարիմ անհատներու օրինակներէն օգտուէ։ Մինչ կը շարունակես լաւագոյնդ ընել, վստահ եղիր որ Եհովան «անիրաւ չէ, որ [գործդ] մոռնայ» (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։10)։ Շարունակէ Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնել, գիտնալով որ ան կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ լաւագոյնդ կ’ընես։

ԵՐԳ 45 Օ՛ն յառաջ

^ պարբ. 5 Բոլորս կրնանք ուրիշներու օրինակէն օգտուիլ։ Բայց պէտք չէ մենք մեզ ուրիշներու հետ բաղդատենք։ Յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ ուրախ մնանք եւ չհպարտանանք կամ չընկճուինք, երբ նկատի կ’առնենք ուրիշներու ըրածները։

^ պարբ. 49 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը, երբ երիտասարդ էր, Բեթէլի մէջ կը ծառայէր։ Ետքը, ամուսնացաւ եւ իր կնոջ հետ ռահվիրայութեան սկսաւ։ Երբ պզտիկներ ունեցաւ, զիրենք ծառայութեան մէջ մարզեց։ Հիմա, որ տարիքը առած է, կը շարունակէ իր լաւագոյնը ընել՝ նամակներով վկայութիւն տալով։