Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 25

Եհովան կ’օրհնէ զանոնք, որոնք կը ներեն

Եհովան կ’օրհնէ զանոնք, որոնք կը ներեն

«Ինչպէս Աստուած. . . ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (ԿՈՂ. 3։13, ՆԹ

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Եհովան ի՞նչ կը խոստանայ զղջացող մեղաւորներուն։

 ԹԷԵՒ Եհովան մեր Ստեղծիչը, Օրէնսդիրն ու Դատաւորն է, բայց ան նաեւ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրն է (Սաղ. 100։3. Եսա. 33։22)։ Անոր համար, երբ իրեն դէմ մեղք գործենք եւ անկեղծօրէն զղջանք, ան ոչ միայն կրնայ, հապա նաեւ շատ կ’ուզէ մեզի ներել (Սաղ. 86։5)։ Եսայի մարգարէին միջոցով Եհովան ջերմօրէն վստահեցուց. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան» (Եսա. 1։18

2. Եթէ կ’ուզենք ուրիշներու հետ խաղաղութեան մէջ ըլլալ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

2 Որովհետեւ անկատար ենք, բոլորս կ’ըսենք ու կ’ընենք բաներ, որոնք ուրիշները կը վիրաւորեն (Յակ. 3։2)։ Սակայն կրնանք լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալ, եթէ ներող ենք (Առ. 17։9. 19։11. Մատ. 18։21, 22)։ Երբ կերպով մը իրար վիրաւորենք, Եհովան կ’ուզէ որ իրարու ներենք (Կող. 3։13, ՆԹ)։ Եւ մենք ասիկա ընելու լաւ պատճառ մը ունինք. Եհովան մեզի «առատապէս կը ներէ» (Եսա. 55։7

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ անկատար մարդիկը ինչպէ՛ս կրնան Եհովայի ներումը ընդօրինակել։ Ի՞նչ մեղքեր պէտք է երէցներուն ուշադրութեան յանձնենք։ Եհովան ինչո՞ւ մեզ կը քաջալերէ, որ ուրիշներուն ներենք։ Եւ ի՞նչ կրնանք սորվիլ կարգ մը հաւատակիցներէ, որոնք մեծապէս տառապեցան ուրիշներու մեղքերուն պատճառով։

ԵՐԲ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՄԸ ԼՈՒՐՋ ՄԵՂՔ ՄԸ ԿԸ ԳՈՐԾԷ

4. ա) Երբ քրիստոնեան լուրջ մեղք մը գործէ, ի՞նչ պէտք է ընէ։ բ) Ի՞նչ է երէցներուն դերը, երբ մեղաւորին հետ կը խօսին։

4 Լուրջ մեղքերը պէտք է երէցներուն ուշադրութեան յանձնուին։ Այդպիսի մեղքերու օրինակներ կը գտնենք Ա. Կորնթացիս 6։9, 10–ին մէջ։ Լուրջ մեղքերը Աստուծոյ օրէնքը մեծապէս կը կտրեն։ Եթէ քրիստոնեան լուրջ մեղք մը գործէ, պէտք է աղօթքով Եհովա Աստուծոյ մօտենայ, ինչպէս նաեւ պէտք է երէցներուն դիմէ (Սաղ. 32։5. Յակ. 5։14)։ Ի՞նչ է երէցներուն դերը։ Միայն Եհովան է, որ լիովին մեղքերը կը ներէ Յիսուսի զոհին հիման վրայ *։ Սակայն Եհովան երէցներուն վստահած է այն պատասխանատուութիւնը, որ Աստուածաշունչին համաձայն որոշեն, թէ մեղաւորը կրնա՛յ ժողովքին մէջ մնալ կամ ոչ (Ա. Կոր. 5։12)։ Անոնք պիտի ջանան կարգ մը հարցումներու պատասխանել. Անհատը ծրագրե՞ց մեղք գործելը։ Ան փորձե՞ց մեղքը գաղտնի պահել։ Ան երկար ժամանակ ու կրկին անգա՞մ մեղք գործեց։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, փաստ կա՞յ որ ան անկեղծօրէն զղջացած է։ Յստակ ապացոյց կա՞յ, որ Եհովան իրեն ներած է (Գործք 3։19, 20

5. Երէցներուն գործը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

5 Երբ երէցները յանցագործին հետ կը տեսնուին, իրենց նպատակն է՝ հասնիլ այն որոշումին, որ երկինքին մէջ արդէն առնուած է (Մատ. 18։18)։ Այս կարգադրութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգտէ ժողովքին։ Անիկա ժողովքը կը պաշտպանէ, վստահ ըլլալով որ անզեղջ մեղաւորները չմնան ժողովքին մէջ, որպէսզի չվնասեն Եհովայի թանկագին ոչխարներուն (Ա. Կոր. 5։6, 7, 11-13. Տիտ. 3։10, 11)։ Անիկա նաեւ կրնայ մեղաւորին օգնել, որ զղջայ եւ Եհովայի ներումէն օգտուի (Ղուկ. 5։32)։ Երէցները զղջացողին համար կ’աղօթեն եւ Եհովայէն կը խնդրեն, որ անոր օգնէ հոգեւորապէս առողջանալու (Յակ. 5։15

6. Եթէ անհատ մը վտարուի, ներումը տակաւին կարելի՞ է. բացատրէ։

6 Եթէ անհատը զղջում ցոյց չի տար, երբ երէցները իրեն հետ հանդիպում ունենան, ժողովքէն կը վտարուի։ Եթէ ան երկրին օրէնքը կտրած է, երէցները իր ըրածին հետեւանքներէն զինք պիտի չպաշտպանեն։ Եհովան իշխանութիւններուն թոյլ կու տայ, որ դատեն ու պատժեն ոեւէ անհատ, որ երկրին օրէնքը կը կտրէ, ըլլա՛յ ան զղջացած կամ ոչ (Հռով. 13։4)։ Եթէ անհատը յետագային անկեղծօրէն զղջայ եւ իր ընթացքը փոխէ, Եհովան պատրաստ է իրեն ներելու (Ղուկ. 15։17-24)։ Պարագան այսպէս է, նոյնիսկ եթէ անոր մեղքերը շատ լուրջ էին (Բ. Մն. 33։9, 12, 13. Ա. Տիմ. 1։15

7. Ի՞նչ առումով կրնանք ներել մէկու մը, որ մեզի դէմ մեղք գործած է։

7 Ի՜նչ աղուոր է գիտնալը, որ մենք պատասխանատուութիւնը չունինք որոշելու, թէ Եհովան մեղաւորին պիտի ներէ կամ ոչ։ Բայց կայ բան մը, որ պէտք է որոշենք։ Ի՞նչ է ատիկա։ Կարգ մը պարագաներու, անհատ մը մեզի դէմ լուրջ մեղք մը գործած կ’ըլլայ եւ թերեւս խնդրէ, որ իրեն ներենք։ Թերեւս ալ չխնդրէ։ Բայց կրնանք ընտրել իրեն ներել այն առումով, որ որոշենք իրեն հանդէպ մեր ունեցած բարկութենէն ու ոխէն ձերբազատուիլ։ Անշուշտ, ասիկա կրնայ ժամանակ ու ջանք պահանջել, մանաւանդ եթէ խորապէս վիրաւորուած ենք։ Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1994 թիւը կ’ըսէ. «Երբ մեղաւորի մը կը ներենք, ասիկա չի նշանակեր որ մեղքին աչք կը խփենք։ Քրիստոնեային համար, ներել կը նշանակէ հարցը վստահութեամբ Եհովայի ձեռքերուն մէջ դնել։ Ան ամբողջ տիեզերքի արդար Դատաւորն է եւ ճիշդ ժամանակին արդարութիւն պիտի ընէ»։ Եհովան ինչո՞ւ մեզ կը քաջալերէ, որ ներենք եւ վստահինք, որ ինք հարցը արդարութեամբ պիտի դատէ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵԶ ԿԸ ՔԱՋԱԼԵՐԷ ՈՐ ՆԵՐԵՆՔ

8. Ներող ըլլալը ինչպէ՞ս կը յայտնէ, որ Եհովայի ողորմութիւնը կը գնահատենք։

8 Երբ կը ներենք, ցոյց կու տանք որ Եհովայի ողորմութիւնը կը գնահատենք։ Առակի մը մէջ, Յիսուս Եհովան նմանցուց տիրոջ մը, որ իր ծառաներէն մէկուն մեծ պարտքը իրեն շնորհեց։ Բայց ծառան ողորմութեամբ չվարուեցաւ ծառայակիցի մը հետ, որ իրեն չնչին գումար մը պարտական էր (Մատ. 18։23-35)։ Այսպէս Յիսուս մեզի սորվեցուց, որ եթէ իրապէս կը գնահատենք մեզի հանդէպ Եհովայի ցոյց տուած մեծ ողորմութիւնը, պիտի մղուինք ուրիշներուն ներելու (Սաղ. 103։9)։ Տարիներ առաջ, Դիտարան–ը ըսաւ. «Մեր ընկեր արարածին որքա՛ն ալ շատ ներենք, պիտի չհասնինք Աստուծոյ ներումին տարողութեան, որ մեզի հանդէպ ցոյց տուաւ Քրիստոսի զոհին հիման վրայ»։

9. Եհովան որո՞ւն կ’ողորմի (Մատթէոս 6։14, 15

9 Ներողները պիտի ներուին։ Եհովան կ’ողորմի անոնց, որոնք ողորմութիւն ցոյց կու տան (Մատ. 5։7. Յակ. 2։13)։ Յիսուս ատիկա յստակ դարձուց, երբ աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէս աղօթել (կարդա՛ Մատթէոս 6։14, 15)։ Նոյն կէտը կը սորվինք Յոբին ըսուած Եհովայի խօսքէն։ Եղիփազ, Բաղդատ եւ Սոփար իրենց սուր խօսքերով խորապէս վիրաւորած էին հաւատարիմ Յոբը։ Եհովան Յոբին ըսաւ, որ իրենց համար աղօթէ։ Յոբ աղօթելէ ետք, Եհովան զինք օրհնեց (Յոբ 42։8-10

10. Բարկացած մնալը ինչո՞ւ վնասակար է (Եփեսացիս 4։31, 32

10 Բարկացած մնալը կը վնասէ։ Բարկանալը ծանր բեռի մը պէս է, եւ Եհովան կ’ուզէ որ հանգստանանք՝ այդ բեռէն ձերբազատուելով (կարդա՛ Եփեսացիս 4։31, 32)։ Ան կը խրատէ. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր» (Սաղ. 37։8)։ Այդ խրատին հետեւիլը իմաստութիւն է, քանի որ բարկանալը կրնայ մեր ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վնասել (Առ. 14։30)։ Մեր բարկանալը մեզ վիրաւորողին չ’ազդեր, ճիշդ ինչպէս որ մեր թոյն խմելը իրեն չի վնասեր։ Ուրեմն, ուրիշներուն ներելով մենք մեզի նուէր կու տանք (Առ. 11։17)։ Մտքի ու սրտի խաղաղութիւն կը գտնենք եւ կը կարողանանք Եհովայի ծառայութիւնը շարունակել։

11. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ վրէժ առնելուն մասին (Հռովմայեցիս 12։19-21

11 Վրէժխնդրութիւնը Եհովային կը պատկանի։ Եհովան մեզի իրաւունք չէ տուած, որ մեզի դէմ մեղք գործողէն վրէժ առնենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։19-21)։ Որովհետեւ մեր տեսակէտը սահմանափակ ու անկատար է, բնականաբար չենք կրնար Աստուծոյ պէս հարցերը ճիշդ կերպով դատել (Եբ. 4։13)։ Եւ երբեմն թոյլ կու տանք, որ մեր զգացումները ազդեն մեր դատողութեան։ Եհովան Յակոբոսը ներշնչեց, որ գրէ. «Մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր» (Յակ. 1։20)։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան ճիշդ բանը պիտի ընէ եւ պիտի ձգէ, որ ի վերջոյ կատարեալ արդարութիւն ըլլայ։

Բարկութիւնը մէկդի ձգէ։ Հարցերը Աստուծոյ յանձնէ։ Ան մեղքին պատճառած բոլոր վնասները պիտի ջնջէ (տե՛ս պարբ. 12)

12. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ Եհովայի արդարութեան կը վստահինք։

12 Ներելը ցոյց կու տայ, որ Եհովայի արդարութեան կը վստահինք։ Երբ հարցերը Եհովայի ձեռքերուն մէջ կը դնենք, ցոյց կու տանք թէ վստահ ենք, որ մեղքի պատճառած բոլոր վնասները պիտի վերցնէ։ Իր խոստացած նոր աշխարհին մէջ, զգացական վէրքերը բնաւ «պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսա. 65։17)։ Բայց երբ մէկը մեզ խորապէս վիրաւորէ, արդեօք կարելի՞ է որ մեր սրտէն բարկութիւնը ամբողջովին հանենք։ Նկատի առնենք թէ ոմանք ինչպէ՛ս կրցած են այդ մէկը ընել։

ՆԵՐԵԼՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

13-14. Թոնիի եւ Խոսէի փորձառութենէն ի՞նչ սորվեցար ներելու մասին։

13 Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր որոշեցին ներել, երբ ուրիշներ զիրենք խորապէս վիրաւորեցին։ Անոնք ի՞նչ օրհնութիւններ քաղեցին։

14 Ճշմարտութիւնը սորվելէ երկար ժամանակ առաջ, Թոնին *, որ Ֆիլիփիններու մէջ կ’ապրի, գիտցաւ որ իր մեծ եղբայրը սպաննողը Խոսէ անունով մէկն է։ Այդ ատեն, Թոնին վայրագ անձ մըն էր եւ կ’ուզէր վրէժ առնել։ Խոսէն ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ։ Յետագային, երբ Խոսէն բանտէն ազատ արձակուեցաւ, Թոնին երդում ըրաւ զինք գտնել ու սպաննել։ Այդ նպատակով, ատրճանակ մը գնեց։ Մինչ այդ, ան սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ան կ’ըսէ. «Ուսումնասիրութեանս միջոցաւ գիտցայ, որ պէտք է անձնաւորութեանս մէջ փոփոխութիւններ մտցնեմ, մէջը ըլլալով՝ բարկութենէս վազ անցնիլ»։ Թոնին մկրտուեցաւ եւ ժամանակի ընթացքին՝ երէց նշանակուեցաւ։ Ան շա՜տ անակնկալի եկաւ, երբ իմացաւ որ Խոսէն ալ մկրտուած Վկայ եղած է։ Երբ իրարու հանդիպեցան, ջերմօրէն իրարու փաթթուեցան եւ Թոնին ըսաւ Խոսէին, որ իրեն ներած է։ Թոնին կ’ըսէ, որ այսպէս ներելը իրեն այնքան մեծ ուրախութիւն բերաւ, որ չի կրնար նկարագրել։ Այո, Եհովան օրհնեց Թոնիին յօժարիլը, որ ներէ։

Փիթըրի եւ Սուի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ կրնա՛նք բարկութիւնը մեր ետին ձգել (տե՛ս պարբ. 15-16)

15-16. Փիթըրի եւ Սուի փորձառութենէն ի՞նչ սորվեցար ներելու մասին։

15 1985–ին, Փիթըրը եւ Սուն Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովի մը ներկայ էին, երբ յանկարծ մեծ պայթում մը եղաւ։ Մէկը Թագաւորութեան սրահին մէջ ռումբ դրած էր։ Սուն ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ իր տեսողութիւնն ու լսողութիւնը մնայուն կերպով վնասուեցան։ Ան նաեւ իր հոտառութիւնը կորսնցուց *։ Փիթըրը եւ Սուն յաճախ հարց կու տային. ‘Ի՞նչ տեսակ անձ մըն է, որ ասանկ չար բան մը ըրաւ’։ Տարիներ ետք, ռումբ դնողը, որ Եհովայի վկայ չէր, ձերբակալուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան։ Երբ Փիթըրին եւ Սուին հարցուցին, եթէ այդ մարդուն ներած են, անոնք ըսին. «Եհովան մեզի կը սորվեցնէ, որ բարկութիւն պահելը կրնայ մեզի վնասել ֆիզիքական, զգացական եւ մտային գետնի վրայ։ Անոր համար, սկիզբէն իսկ Եհովայէն խնդրեցինք, որ մեզի օգնէ բարկութիւնը մէկ կողմ դնելու եւ մեր կեանքը շարունակելու»։

16 Անոնց համար ներելը դիւրի՞ն էր։ Անոնք կ’ըսեն. «Ատեն–ատեն, երբ Սուին վնասները մեր կեանքին կ’ազդեն, բարկութիւնը մեր մէջ կ’եռայ։ Բայց հարցին վրայ չենք կեդրոնանար, եւ այսպէս՝ բարկութիւնը շուտով կը մարի։ Իրականութեան մէջ, կրնանք անկեղծօրէն ըսել, որ եթէ օրին մէկը ռումբ դնողը մեր եղբայրը դառնայ, զինք սիրով պիտի ընդունինք։ Այս փորձառութիւնը մեզի սորվեցուցած է, թէ սուրբգրային սկզբունքները իրապէս կ’ազատեն։ Անոնք մեր երեւակայածէն շատ աւելի կերպերով մեզ ազատած են։ Մենք նաեւ մխիթարուած ենք, քանի որ գիտենք որ Եհովան մօտ օրէն ամբողջ վնասը պիտի ջնջէ»։

17. Մայռայի փորձառութենէն ի՞նչ սորվեցար ներելու մասին։

17 Մայռան ճշմարտութիւնը սորվեցաւ, երբ արդէն ամուսնացած էր եւ երկու պզտիկներ ունէր։ Իր ամուսինը ճշմարտութիւնը չընդունեց։ Ժամանակ մը ետք, ան շնութիւն ըրաւ եւ ընտանիքը լքեց։ Մայռան կ’ըսէ. «Երբ ամուսինս զիս եւ մեր երկու պզտիկները ձգեց, զգացի ինչ որ շատեր կը զգան, երբ կը դաւաճանուին. ցնցուիլ, չհաւատալ, վշտանալ, ափսոսալ, ինքզինք մեղադրել եւ բարկանալ»։ Թէեւ ամուսնութիւնը վերջ գտաւ, բայց դաւաճանութեան պատճառած ցաւը մնաց։ Մայռան կը պատմէ. «Այս զգացումները երկա՜ր ամիսներ զիս չարչարեցին եւ անդրադարձայ, որ անոնք Եհովայի եւ ուրիշներու հետ իմ փոխյարաբերութեանս կ’ազդէին»։ Մայռան հիմա կ’ըսէ, որ իր բարկութենէն ձերբազատուած է եւ իր նախկին ամուսինին հանդէպ ատելութիւն չունի։ Նոյնիսկ կը յուսայ, որ օր մը ան Եհովային պիտի մօտենայ։ Մայռան կարող է ապագային վրայ կեդրոնանալ։ Ան իր երկու զաւակներուն օգնեց, որ Եհովայի ծառաները ըլլան։ Ներկայիս, ան ուրախ է Եհովային ծառայելով իր երկու զաւակներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

18. Ի՞նչ վստահութիւն կրնանք ունենալ Եհովայի հանդէպ որպէս Գերագոյն Դատաւորը։

18 Մեզ շատ կը հանգստացնէ գիտնալը, որ մենք չենք որոշողը թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պէտք է դատուին։ Գերագոյն Դատաւորը ըլլալով, Եհովա՛ն հոգ պիտի տանի այս կարեւոր գործին (Հռով. 14։10-12)։ Կրնանք լիովին վստահ ըլլալ, որ Եհովան մի՛շտ ճիշդի ու սխալի իր կատարեալ չափանիշներուն համաձայն պիտի դատէ (Ծն. 18։25. Գ. Թագ. 8։32)։ Ան բնա՛ւ անարդար բան մը պիտի չընէ։

19. Եհովայի կատարեալ արդարութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։

19 Անհամբեր կը սպասենք այն ժամանակին, երբ Եհովան լիովին մէջտեղէն պիտի վերցնէ մարդկային անկատարութեան եւ մեղքին բոլոր գէշ ազդեցութիւնները։ Այդ ժամանակ, մեր բոլոր ֆիզիքական եւ զգացական վէրքերը վերջնականապէս պիտի բուժուին (Սաղ. 72։12-14. Յայտ. 21։3, 4)։ Անոնք բնա՛ւ մեր միտքը պիտի չգան։ Մինչ այդ, որքա՜ն շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ մեզի կարողութիւն տուած է, որ զինք ընդօրինակելով ներող ըլլանք։

ԵՐԳ 149 Փրկանքին համար երախտապարտ ենք

^ Եհովան շատ կ’ուզէ ներել զղջացող մեղաւորներուն։ Մենք՝ քրիստոնեաներս, կ’ուզենք զինք ընդօրինակել, երբ մէկը մեզ վիրաւորէ։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք մեղքեր, որոնք անձամբ կրնանք ներել եւ մեղքեր, որոնք երէցներուն ուշադրութեան պէտք է յանձնենք։ Նաեւ, նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան ինչո՛ւ կ’ուզէ որ իրարու ներենք, եւ թէ այդպէս ընելով ի՛նչ օրհնութիւններ պիտի ստանանք։

^ Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն», Դիտարան–ի 15 ապրիլ 1996 թիւին մէջ (արաբ.)։

^ Կարգ մը անուններ փոխուած են։