Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Քաղցրութեան օրէնք»ով առաջնորդուէ

«Քաղցրութեան օրէնք»ով առաջնորդուէ

«ԻՆԾԻ ամէնէն շատ ազդեց եղբայրներուն ու քոյրերուն ազնուութիւնը», ըսաւ Լիսան *։ Ան կը պատմէր թէ սկիզբը ի՛նչ բան զինք ճշմարտութեան քաշեց։ Էնն ալ նման բան մը ըսաւ. «Սկիզբը, Վկաներուն ազնուութիւնը ինծի աւելի ազդեց քան՝ իրենց սորվեցուցածները»։ Այժմ երկու քոյրերն ալ կը սիրեն Աստուածաշունչը կարդալ եւ ատոր շուրջ խոկալ, բայց ազնուութիւնն էր որ զիրենք մեծապէս տպաւորեց։

Ինչպէ՞ս կրնանք այնպիսի քաղցրութիւն կամ ազնուութիւն ցոյց տալ, որ մեր շուրջը եղողներուն սրտին կը դպչի։ Նկատի առնենք երկու կերպեր. մեր լեզուով եւ մեր գործերով։ Ետքը պիտի տեսնենք, թէ որո՛նց հանդէպ պէտք է ազնիւ գտնուինք։

ԼԵԶՈՒԻԴ ՎՐԱՅ ԹՈՂ «ՔԱՂՑՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔ»Ը ԸԼԼԱՅ

Առակաց գրքին 31–րդ գլուխին մէջ նկարագրուած առաքինի կինը իր լեզուին վրայ «քաղցրութեան օրէնք»ը ունի (Առ. 31։26)։ Ան կը ձգէ որ այս «օրէնք»ը որոշէ, թէ ի՛նչ ըսէ եւ ինչպէ՛ս ըսէ։ Լաւ կ’ըլլայ որ հայրերն ալ այս «օրէնք»ը ունենան իրենց լեզուին վրայ։ Ծնողներուն մեծամասնութիւնը շատ լաւ գիտէ, որ եթէ իրենց զաւակին հետ կոշտ ու պաղ կերպով խօսին, ասիկա անոր վրայ գէշ ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ շատ հաւանաբար իրենց ըսածը մտիկ պիտի չընէ։ Երբ ծնողները քաղցրութեամբ խօսին, զաւակին համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, որ իրենց մտիկ ընէ ու հնազանդի։

Ըլլա՛ս ծնողք կամ ոչ, ինչպէ՞ս կրնաս սորվիլ քաղցրութեամբ խօսիլ։ Մեզի կ’օգնէ այն ինչ որ գրուած է Առակաց 31։26–ին մէջ. «Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ»։ Ասիկա կը նշանակէ՝ իմաստութեամբ ընտրել մեր խօսքերը եւ ձայնին թոնը։ Ընդհանրապէս օգտակար կ’ըլլայ, որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Այն ինչ որ հիմա պիտի ըսեմ, դիմացինին բարկութիւնը պիտի գրգռէ՞, թէ ոչ՝ լարուած վիճակը պիտի հանդարտեցնէ’ (Առ. 15։1)։ Այո, խօսելէն առաջ մտածելը իմաստութիւն է։

Ուրիշ առակ մը կ’ըսէ. «Անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն» (Առ. 12։18)։ Երբ մտածենք, թէ մեր խօսքերը եւ թոնը ինչպէ՛ս կրնան ուրիշներուն ազդել, աւելի պիտի կարենանք մեր լեզուն զսպել։ Այո, «քաղցրութեան օրէնք»ը գործադրելը մեզի պիտի օգնէ, որ վիրաւորական խօսքեր չըսենք եւ կոշտ կերպով չխօսինք (Եփ. 4։31, 32)։ Ժխտական միտքեր արտայայտելու տեղ, ազնիւ խօսքեր պիտի ըսենք եւ մեր ձայնին թոնը ջերմ պիտի ըլլայ։ Այս մարզին մէջ, Եհովան օրինակ եղաւ մեզի, երբ մխիթարեց իր վախցած ծառան՝ Եղիան։ Զինք ներկայացնող հրեշտակը «մեղմ ու բարակ ձայն»ով խօսեցաւ (Գ. Թագ. 19։12)։ Սակայն, ազնիւ ըլլալու համար, չի բաւեր ազնիւ կերպով խօսիլ։ Պէտք է նաեւ ազնիւ գործեր ընենք։ Ինչպէ՞ս։

ԱԶՆԻՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԳՈՐԾԻ ԿԸ ՄՂԵՆ

Մենք Եհովան կ’ընդօրինակենք՝ ազնիւ խօսքեր ըսելով եւ ազնիւ գործեր ընելով (Եփ. 4։32. 5։1, 2)։ Նախապէս յիշուած Լիսան այսպէս նկարագրեց այն ազնուութիւնը, որ Վկաները ցոյց տուին. «Երբ մեր ընտանիքը անակնկալօրէն ստիպուեցաւ փոխադրուիլ, ժողովքէն երկու զոյգեր իրենց գործէն արձակուրդ առին, որպէսզի մեզի օգնեն։ Այդ ատեն, դեռ Աստուածաշունչը չէի սերտեր»։ Այդ ազնիւ գործերը մղեցին Լիսան, որ ճշմարտութիւնը մօտէն քննէ։

Յօդուածին սկիզբը յիշուած Էնը նոյնպէս գնահատեց այն ազնուութիւնը, որ Վկաները իրեն հանդէպ ցոյց տուին։ Ան ըսաւ. «Որովհետեւ մարդիկ ընդհանրապէս ինծի հետ լաւ կերպով չէին վարուեր, ինծի համար դժուար էր մարդոց վստահիլ»։ Ան շարունակեց. «Երբ Վկաներուն ծանօթացայ, անոնց շարժառիթները հարցականի տակ առի։ Հարց տուի. ‘Ինչո՞ւ ինձմով կը հետաքրքրուին’։ Բայց ինծի Աստուածաշունչը սորվեցնող կնոջ իսկական ազնուութիւնը զիս մղեց, որ իրեն վստահիմ»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Անկէ ետք, սկսայ կեդրոնանալ սորվածներուս վրայ»։

Նկատէ թէ Լիսան ու Էնը խորապէս ազդուեցան այն ազնիւ արարքներէն, որոնք ժողովքէն անհատներ ըրին, եւ ատիկա իրենց օգնեց, որ ուզեն ճշմարտութեան մասին գիտնալ։ Ժողովքին ցուցաբերած ազնուութիւնը իրենց օգնեց, որ սկսին Եհովային եւ իր ժողովուրդին վստահիլ։

ՍՈՐՎԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵԼՈՎ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ԱԶՆԻՒ ԸԼԼԱԼ

Ոմանց համար սովորական է քաղցր խօսքեր ըսել եւ ժպտիլ, իրենց դաստիարակութեան կամ միջավայրին պատճառով։ Ատիկա շատ լաւ բան է։ Բայց եթէ միայն մեր մշակոյթը կամ անձնաւորութիւնն է որ մեզ կը մղէ ազնիւ ըլլալու, ատիկա ինքնին ցոյց չի տար, թէ Աստուծոյ ազնուութիւնը կ’ընդօրինակենք (համեմատէ՛ Գործք 28։1, 2

Իսկական ազնուութիւնը կամ քաղցրութիւնը Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է (Գաղ. 5։22, 23)։ Անոր համար, իսկական ազնուութիւն զարգացնելու համար, պէտք է թոյլ տանք Աստուծոյ սուրբ հոգիին, որ ազդէ մեր մտածելակերպին եւ գործերուն։ Այդպէս ընելով, պիտի ընդօրինակենք Եհովան եւ Յիսուսը։ Նաեւ ուրիշներով անկեղծօրէն պիտի հետաքրքրուինք, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ։ Ուստի, թէ՛ Եհովա Աստուծոյ եւ թէ ընկերին հանդէպ սէրը մեզ պիտի մղէ, որ այս յատկութիւնը զարգացնենք։ Այն ատեն, ազնուութիւնը պիտի դառնայ մեր աչքառու յատկութիւններէն մէկը, որ մեր սրտէն կը բխի ու Աստուած կ’ուրախացնէ։

ՈՐՈ՞ՆՑ ՀԱՆԴԷՊ ՊԷՏՔ Է ԱԶՆԻՒ ԳՏՆՈՒԻՆՔ

Բնական է որ ազնուութիւն ցոյց տանք անոնց, որոնք մեզի հանդէպ ազնիւ գտնուած են կամ մեզի ծանօթ են (Բ. Թագ. 2։6)։ Ատիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ շնորհակալութիւն յայտնել (Կող. 3։15)։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ կը զգանք որ որոշ անձ մը արժանի չէ, որ իրեն հետ ազնուութեամբ վարուինք։

Նկատի առ Եհովային հոյակապ օրինակը։ Ան ազնուութիւն ցոյց կու տայ մարդոց, որոնք ատոր արժանի չեն։ Այս «շնորհքը» կը յիշուի բազմաթիւ անգամներ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, եւ այդ համարները մեզի կարեւոր դաս մը կը սորվեցնեն։ Տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի հանդէպ ազնիւ կը գտնուի։

Մտածէ այն միլիառաւոր մարդոց մասին, որոնց Եհովան ազնուութիւն ցոյց տուած է՝ իրենց տալով ամէն ինչ որ պէտք ունին ողջ մնալու համար (Մատ. 5։45)։ Իրականութեան մէջ, նոյնիսկ մարդիկ զինք ճանչնալէ առաջ, իրենց հանդէպ ազնիւ գտնուեցաւ (Եփ. 2։4, 5, 8)։ Օրինակ, ան ամբողջ մարդկութեան համար տուաւ իր լաւագոյնը՝ իր միածին Որդին։ Պօղոս առաքեալ գրեց, որ Եհովան փրկանքը հայթայթեց «իր շնորհքին ճոխութեան չափովը» (Եփ. 1։7)։ Ասկէ զատ, թէեւ մեղք կը գործենք եւ զինք յուսախաբ կ’ընենք, կը շարունակէ մեզ առաջնորդել եւ սորվեցնել։ Անոր ուղղութիւններն ու խօսքերը «մեղմ անձրեւ»ի պէս են (Բ. Օր. 32։2, ՆԱ)։ Վստահաբար, չենք կրնար որեւէ կերպով իրեն հատուցանել մեզի հանդէպ իր ցոյց տուած ազնուութեան փոխարէն։ Եւ իրականութիւնը այն է, որ եթէ Եհովան ազնիւ չգտնուէր, մենք ապագային համար յոյս պիտի չունենայինք (համեմատէ՛ Ա. Պետրոս 1։13

Անկասկած, Եհովայի ազնուութիւնը կը ձգէ որ զինք աւելի սիրենք եւ մղուինք գործելու։ Ուստի, փոխանակ միայն որոշ անձերու հանդէպ ազնիւ գտնուելու, պէտք է ջանանք Եհովան ընդօրինակել՝ ամէն օր ուրիշներուն հետ ազնուութեամբ վարուելով (Ա. Թես. 5։15)։ Երբ յարատեւ ազնուութիւն ցոյց կու տանք, կը նմանինք ջերմ կրակի, ցուրտ օրով։ Մխիթարութիւն կ’ըլլանք մեր ընտանիքի անդամներուն, հաւատակիցներուն, գործակիցներուն, դասընկերներուն եւ դրացիներուն։

Մտածէ թէ ընտանիքիդ կամ ժողովքիդ մէջ որո՛նց կրնաս օգտել քու ազնիւ խօսքերովդ եւ գործերովդ։ Թերեւս ժողովքիդ մէջ կայ մէկը, որ մասնաւորաբար պէտք ունի, որ իրեն օգնես տունին եւ պարտէզին մէջ աշխատելու կամ առօրեայ գործունէութիւն մը ընելու, ինչպէս՝ գնում ընել։ Ասկէ զատ, եթէ ծառայութեան մէջ կը հանդիպիս մէկու մը, որ օգնութեան պէտք ունի, կրնա՞ս ձեռք տալ։

Եհովան ընդօրինակելով, թող մեր խօսքերն ու գործերը միշտ «քաղցրութեան օրէնք»ով առաջնորդուին։

^ Անունները փոխուած են։