Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 37

Կրնա՛ս եղբայրներուդ վստահիլ

Կրնա՛ս եղբայրներուդ վստահիլ

«Սէրը. . . ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ» (Ա. ԿՈՐ. 13։4, 7

ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչո՞ւ չենք զարմանար տեսնելով, որ աշխարհին մէջ վստահութիւն չկայ։

 ՍԱՏԱՆԱՅԻ աշխարհին մէջ ապրող մարդիկը չեն գիտեր, թէ որո՛ւն կրնան վստահիլ։ Անոնք միշտ յուսախաբ կ’ըլլան առեւտրականներու եւ քաղաքական ու կրօնական առաջնորդներու վարքէն։ Շատեր կը զգան, որ չեն կրնար վստահիլ իրենց բարեկամներուն, դրացիներուն եւ նոյնիսկ ընտանիքի անդամներուն։ Բայց ասիկա մեզ պէտք չէ զարմացնէ, քանի որ Աստուածաշունչը մարգարէացած էր, որ ‘վերջին օրերուն, մարդիկ անսուրբ, բանսարկու, մատնիչ պիտի ըլլային’։ Մարդիկ ունին այն նոյն յատկութիւնները, որոնք ունի այս աշխարհի աստուածը, որ բնաւ վստահելի մէկը չէ (Բ. Տիմ. 3։1-4. Բ. Կոր. 4։4

2. ա) Որո՞նց կրնանք լիովին վստահիլ։ բ) Թերեւս ոմանք ի՞նչ հարց տան։

2 Սակայն մենք՝ քրիստոնեաներս, գիտենք որ կրնանք Եհովային լիովին վստահիլ (Եր. 17։7, 8)։ Համոզուած ենք, որ ան մեզ կը սիրէ եւ իր բարեկամները բնաւ ‘երեսէ պիտի չձգէ’ (Սաղ. 9։10)։ Նաեւ, կրնանք վստահիլ Յիսուս Քրիստոսին, քանի որ ան իր կեանքը տուաւ մեզի համար (Ա. Պետ. 3։18)։ Ասկէ զատ, մեր անձնական փորձառութենէն գիտենք, որ Աստուածաշունչը վստահելի առաջնորդութիւն կու տայ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Մենք համոզուած ենք, որ կրնանք վստահիլ Եհովային, Յիսուսին եւ Աստուածաշունչին։ Բայց թերեւս ոմանք հարց տան, թէ արդեօք կրնա՞ն միշտ վստահիլ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Եթէ այո, ինչո՞ւ կրնանք իրենց վստահիլ։

ՄԵՆՔ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ

Աշխարհի շուրջ, վստահելի եղբայրներ ու քոյրեր ունինք, որոնք մեզի պէս՝ Եհովան կը սիրեն (տե՛ս պարբ. 3)

3. Ինչպիսի՞ հոյակապ առանձնաշնորհում մը ունինք (Մարկոս 10։29, 30

3 Եհովան մեզ զատած է, որ զինք պաշտողներու համաշխարհային ընտանիքին մէկ մասը ըլլանք։ Պահ մը մտածէ, թէ ատիկա ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է եւ ի՜նչ օգուտներ կը բերէ (կարդա՛ Մարկոս 10։29, 30)։ Աշխարհին չորս կողմը, ունինք եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք մեզի պէս Եհովան կը սիրեն եւ իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, որ իր չափանիշներուն համաձայն ապրին։ Եւ թէեւ լեզուով, մշակոյթով ու հագուելակերպով կրնանք իրարմէ տարբեր ըլլալ, բայց անոնց մօտիկ կը զգանք, նոյնիսկ երբ առաջին անգամ ըլլալով իրենց կը հանդիպինք։ Մենք մանաւանդ կը սիրենք այն պահերը, երբ միասնաբար մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը կը փառաբանենք ու կը պաշտենք (Սաղ. 133։1

4. Ինչո՞ւ պէտք ունինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։

4 Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է, որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միացած ըլլանք։ Երբեմն, անոնք մեզի կ’օգնեն որ մեր բեռները կրենք (Հռով. 15։1. Գաղ. 6։2)։ Անոնք նաեւ մեզ կը քաջալերեն, որ Եհովայի ծառայութեան մէջ գործունեայ մնանք եւ շարունակենք հոգեւորապէս զօրանալ (Ա. Թես. 5։11. Եբ. 10։23-25)։ Մտածէ թէ ի՛նչ պիտի զգայինք, եթէ չունենայինք այն պաշտպանութիւնը, որ ժողովքը կու տայ՝ մեզի օգնելու որ մեր թշնամիներուն՝ Բանսարկու Սատանային, եւ իր չար աշխարհին դէմ կենանք։ Սատանան եւ իր հետեւորդները մօտ ատենէն Աստուծոյ ծառաներուն վրայ պիտի յարձակին։ Երեւակայէ, թէ այն ատեն որքա՜ն շնորհակալ պիտի ըլլանք, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեզի թիկունք կը կանգնին։

5. Ինչո՞ւ ոմանց համար դժուար է եղբայրներուն ու քոյրերուն վստահիլ։

5 Սակայն, ոմանց համար դժուար է եղբայրներուն ու քոյրերուն վստահիլ, թերեւս քանի որ հաւատակիցի մը բան մը վստահած են, իսկ ան ուրիշներուն պատմած է։ Կամ կրնայ ըլլալ որ մէկը իր խոստումը չէ պահած։ Կամ ալ թերեւս ժողովքին մէջ մէկը բան մը ըսած կամ ըրած է, որ զիրենք խորապէս վիրաւորած է։ Այսպիսի պարագաներ ուրիշներուն վստահիլը կը դժուարացնեն։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատակիցներուն հանդէպ վստահութիւն ունենալ։

ՍԷՐԸ ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱՆՔ

6. Սէրը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ վստահութիւն ունենանք (Ա. Կորնթացիս 13։4-8

6 Վստահութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Առաջին Կորնթացիս նամակին 13–րդ գլուխը կը խօսի սիրոյ շատ մը երեսակներուն մասին, որոնք կրնան մեզի օգնել, որ ուրիշներուն հանդէպ վստահութիւն ունենանք կամ այդ վստահութիւնը ետ հաստատենք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 13։4-8)։ Օրինակ, 4–րդ համարը կ’ըսէ որ «սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է»։ Եհովան մեզի կը համբերէ, նոյնիսկ երբ իրեն դէմ մեղք կը գործենք։ Ուրեմն, պէտք է որ մենք ալ համբերենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, եթէ անոնք իրենց գործերով կամ խօսքերով մեզ ջղայնացնեն կամ վիրաւորեն։ Իսկ 5–րդ համարը կ’ըսէ. «[Սէրը] բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր [«վիրաւորանքները չի հաշուեր», ՆԱ]»։ Մենք չենք ուզեր վիրաւորանքները հաշուել, շարունակ մեր միտքը բերելով այն բոլոր սխալները, որոնք մեր եղբայրը մեզի դէմ ըրած է՝ ապագային իրեն յիշեցնելու համար։ Ժողովող 7։9–ն (ՆԱ) կ’ըսէ, որ պէտք չէ ‘արագ ըլլանք վիրաւորուելու մէջ’։ Որքա՜ն աւելի լաւ է, եթէ գործադրենք Եփեսացիս 4։26–ի խօսքը. «Արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ»։

7. Ինչպէ՞ս Մատթէոս 7։1-5–ի սկզբունքները մեզի պիտի օգնեն որ վստահութիւն ունենանք։

7 Մենք կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն աւելի վստահիլ, եթէ անոնց հանդէպ զգանք այն ինչ որ Եհովան կը զգայ։ Ան զիրենք կը սիրէ եւ իրենց մեղքերը «տետրակի մը մէջ չի գրեր»։ Մենք ալ պէտք չէ ատանկ ընենք (Սաղ. 130։3)։ Փոխանակ կեդրոնանալու անոնց սխալներուն վրայ, ջանք ընենք անոնց լաւ յատկութիւնները նկատելու եւ մտածելու այն բոլոր լաւ բաներուն մասին, որ անոնք կրնան ընել (կարդա՛ Մատթէոս 7։1-5)։ Մենք կը հաւատանք, որ անոնք կ’ուզեն լաւ կերպով վարուիլ եւ բնաւ նպատակ չունին մեզ վիրաւորելու, քանի որ սէրը «ամէն բանի կը հաւատայ» (Ա. Կոր. 13։7)։ Այս խօսքը չի նշանակեր թէ Եհովան կ’ուզէ, որ մենք կուրօրէն ուրիշներուն վստահինք։ Փոխարէնը, Եհովան կ’ակնկալէ որ անոնց վստահինք, քանի որ մեր վստահութիւնը շահած են *։

8. Ինչպէ՞ս կրնաս վստահութիւն զարգացնել եղբայրներուդ հանդէպ։

8 Յարգանքին պէս, վստահութիւնը պէտք է շահուի, ինչ որ ժամանակ կ’առնէ։ Ինչպէ՞ս կրնաս եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հանդէպ վստահութիւն զարգացնել։ Զանոնք լաւ ճանչցիր։ Իրենց հետ խօսէ ժողովներուն ատեն։ Կարգադրութիւններ ըրէ, որ իրենց հետ ծառայես։ Անոնց հանդէպ համբերող եղիր եւ առիթ տուր, որ ցոյց տան թէ վստահելի են։ Սկիզբը թերեւս որոշես անձնական կեանքիդ մասին ամէն բան չպատմել մէկու մը, որ նոր կը ճանչնաս։ Երբ ձեր կապը զօրանայ, թերեւս աւելի հանգիստ զգաս խոր զգացումներդ արտայայտելու եւ անձնական տեղեկութիւններ տալու (Ղուկ. 16։10)։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ եղբայր մը վստահութիւնդ չարաչար գործածէ։ Իրեն հետ բարեկամութիւնդ արագօրէն մի՛ դադրեցներ։ Փոխարէնը, ձգէ որ ժամանակ անցնի։ Եւ թոյլ մի՛ տար որ մէկ–երկու անհատներու սխալները արգելք ըլլան, որ միւս եղբայրներուդ վստահիս։ Ասոր նկատմամբ, նկատի պիտի առնենք Եհովայի կարգ մը հաւատարիմ ծառաներու օրինակները, որոնք թէեւ յուսախաբ եղան կարգ մը անհատներէ, բայց ուրիշներու հանդէպ իրենց վստահութիւնը չկորսնցուցին։

ՍՈՐՎԷ ԱՆՈՆՑՄԷ, ՈՐՈՆՔ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԻՆ ՎՍՏԱՀԻԼ

Հակառակ Հեղիի հակազդեցութեան, Աննան չկորսնցուց իր վստահութիւնը Եհովայի կարգադրութեան հանդէպ (տե՛ս պարբ. 9)

9. ա) Աննան ինչպէ՞ս շարունակեց Եհովայի կարգադրութեան վստահիլ, հակառակ Եհովայի ներկայացուցիչներէն ոմանց սխալներուն։ բ) Աննայի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվիս Եհովայի կարգադրութեան վստահելուն մասին (տե՛ս նկարը)։

9 Օրին մէկը պատասխանատու եղբօր մը վարքէն յուսախաբ եղա՞ծ ես։ Եթէ այո, կրնաս օգտուիլ նկատի առնելով Աննայի օրինակը։ Իր ապրած ատենը, Իսրայէլի մէջ ամէնէն բարձր հոգեւոր դիրքը ունեցող անձը Հեղի քահանայապետն էր։ Բայց իր ընտանիքը օրինակելի չէր։ Իր տղաները, որոնք քահանաներ էին, շարունակ ամօթալի եւ անբարոյ վարք կը ցուցաբերէին։ Բայց անոնց հայրը մասնաւոր բան մը չէր ըներ, որ զիրենք սրբագրէր։ Եհովան Հեղին իր պաշտօնէն անմիջապէս չհեռացուց։ Հակառակ ասոր, Աննան չորոշեց որ այնքան ատեն որ Հեղին քահանայապետ էր, խորան պիտի չերթար Եհովան պաշտելու համար։ Ատկէ զատ, երբ Հեղին տեսաւ Աննան, որ մեծ վիշտով կ’աղօթէր, սխալմամբ կարծեց թէ ան գինով էր։ Եւ առանց բոլոր իրողութիւնները նկատի առնելու, ան այս տառապող կինը այպանեց (Ա. Թագ. 1։12-16)։ Բայց Աննան խոստում տուած էր, որ եթէ տղայ զաւակ մը ունենար, զինք Եհովային պիտի նուիրէր։ Եւ ան պատրաստ էր իր խոստումը պահելու, հակառակ անոր որ իր զաւակը խորանին մէջ Հեղիին հոգատարութեան տակ պիտի ըլլար (Ա. Թագ. 1։11)։ Իսկ Հեղիի որդիներուն հարցը պէ՞տք էր սրբագրուէր։ Այո՛, եւ Եհովան ճիշդ ժամանակին զիրենք պատժեց (Ա. Թագ. 4։17)։ Մինչ այդ, Եհովան Աննան վարձատրեց, իրեն տալով տղայ զաւակ մը՝ Սամուէլը (Ա. Թագ. 1։17-20

10. Թէեւ ոմանք Դաւիթ թագաւորին դաւաճանեցին, ան ինչպէ՞ս չդադրեցաւ ուրիշներուն վստահելէ։

10 Երբեք դաւաճանուած զգացա՞ծ ես մտերիմ բարեկամի մը կողմէ։ Եթէ այո, նկատի առ Դաւիթ թագաւորին փորձառութիւնը։ Ան Աքիտոփէլ անունով բարեկամ մը ունէր։ Բայց երբ Դաւիթի որդին՝ Աբիսողոմը, փորձեց թագաւորութիւնը իր հօր ձեռքէն խլել, Աքիտոփէլ անոր ապստամբութեան միացաւ։ Հաւանաբար, Դաւիթ խորապէս վիրաւորուեցաւ թէ՛ իր որդիին եւ թէ իր բարեկամ սեպած անհատին դաւաճանութենէն։ Բայց ան չձգեց, որ այս դաւաճանութիւնը արգելք ըլլայ որ ուրիշներուն վստահի։ Ան շարունակեց վստահիլ ուրիշ հաւատարիմ բարեկամի մը՝ Քուսիին, որ չուզեց ապստամբութեան միանալ։ Եւ այդ վստահութիւնը տեղին էր, քանի որ Քուսին փաստեց որ լաւ բարեկամ մըն էր, նոյնիսկ իր կեանքը վտանգի տակ դնելով, որպէսզի Դաւիթին օգնէ (Բ. Թագ. 17։1-16

11. Նաբաղի ծառաներէն մէկը ի՞նչ կերպով վստահութիւն ցոյց տուաւ։

11 Նաեւ նկատի առնենք Նաբաղի ծառաներէն մէկուն օրինակը։ Դաւիթ եւ իր մարդիկը ազնիւ գտնուելով պաշտպանած էին Նաբաղ անունով իսրայէլացիի մը ծառաները։ Որոշ ժամանակ ետք, Դաւիթ իր մարդոց համար ուտելիք խնդրեց հարուստ Նաբաղէն,– որեւէ բան որ Նաբաղ կրնար իրենց տալ։ Երբ Նաբաղ մերժեց այս պզտիկ խնդրանքը, Դաւիթ այնքա՛ն բարկացաւ, որ որոշեց անոր տան բոլոր տղամարդիկը մեռցնել։ Նաբաղի ծառաներէն մէկը եղածը պատմեց Նաբաղի կնոջ՝ Աբիգիային։ Տան անդամը ըլլալով, ծառան գիտէր որ Աբիգիան կրնար իր կեանքը ազատել եւ վստահեցաւ որ կրնար պարագան շտկել։ Անոր համար չփախաւ։ Ան այս վստահութիւնը ցոյց տուաւ, քանի որ Աբիգիան ճանչցուած էր որպէս իմաստուն կին մը։ Եւ ինչպէս մէջտեղ ելաւ, իր վստահութիւնը տեղին էր։ Աբիգիան քաջութեամբ վարուեցաւ, Դաւիթը համոզելով որ իր միտքը դրածը չընէ (Ա. Թագ. 25։2-35)։ Աբիգիան վստահութիւն ունէր, որ Դաւիթ տրամաբանական կերպով պիտի վարուէր։

12. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ իր աշակերտներուն կը վստահէր, հակառակ անոնց սխալներուն։

12 Յիսուս իր աշակերտներուն վստահեցաւ, հակառակ անոնց սխալներուն (Յովհ. 15։15, 16)։ Երբ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը Յիսուսէն խնդրեցին, որ Թագաւորութեան մէջ իրենց յատուկ դիրք մը տայ, Յիսուս չմտածեց որ անոնք սխալ մղումով Եհովային կը ծառայէին, ոչ ալ իրենց առաքեալ ըլլալը չեղեալ ըրաւ (Մար. 10։35-40)։ Ետքը, այն գիշերը որ Յիսուս ձերբակալուեցաւ, իր բոլոր աշակերտները զինք լքեցին (Մատ. 26։56)։ Բայց Յիսուս բնաւ իր յոյսը չկտրեց անոնցմէ։ Ան շատ լաւ գիտէր անոնց անկատարութիւնները, բայց եւ այնպէս զիրենք մինչեւ վերջ սիրեց (Յովհ. 13։1)։ Յարութիւն առնելէ ետք, ան նոյնիսկ իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն լուրջ պատասխանատուութիւն մը տուաւ, որ էր՝ աշակերտելու գործին մէջ առաջնորդութիւն առնել եւ իր թանկագին ոչխարներուն հոգ տանիլ (Մատ. 28։19, 20. Յովհ. 21։15-17)։ Այս անկատար մարդոց հանդէպ իր վստահութիւնը տեղին էր։ Անոնք բոլորն ալ հաւատարմօրէն ծառայեցին մինչեւ իրենց մահը։ Ուրեմն ինչպէս տեսանք, Աննան, Դաւիթը, Նաբաղի ծառան, Աբիգիան եւ Յիսուսը մեզի համար շատ լաւ օրինակ են անկատար մարդոց վստահելու նկատմամբ։

ԵՏ ՎՍՏԱՀԻԼ

13. Ի՞նչը կրնայ դժուարացնել ուրիշներուն վստահիլը։

13 Օրին մէկը, պատասխանատու եղբօր մը բան մը վստահա՞ծ ես եւ ետքը ան ուրիշ մէկու մը ատոր մասին պատմած է։ Ասիկա կրնայ շատ նեղացուցիչ ըլլալ։ Անգամ մը, քոյր մը իր անձնական հարցը երէցի մը պատմեց։ Յաջորդ օրը, երէցին կինը քրոջ հեռաձայնեց զինք քաջալերելու համար, ինչ որ ցոյց տուաւ թէ երէցը քրոջ գաղտնիքը իր կնոջ պատմած էր։ Հասկնալի է, որ քոյրը այդ երէցին հանդէպ իր վստահութիւնը կորսնցուց։ Բայց ան ետքը շիտակ բան մը ըրաւ։ Ան օգնութիւն խնդրեց ուրիշ երէցէ մը, որ իր կարգին երէցներուն հանդէպ իր վստահութիւնը ետ վերադարձուց։

14. Ի՞նչ բան եղբօր մը օգնեց, որ ետ վստահի ուրիշներուն։

14 Եղբայր մը շատ երկար ժամանակ նեղուած էր երկու երէցներէ եւ կը զգար որ չէր կրնար իրենց վստահիլ։ Սակայն, ան սկսաւ մտածել խօսքի մը շուրջ, որ ըսաւ եղբայր մը, որ ինք շատ կը յարգէր։ Այդ պարզ եւ միեւնոյն ատեն զօրաւոր խօսքն էր. «Սատանա՛ն է մեր թշնամին, եւ ո՛չ թէ մեր եղբայրները»։ Եղբայրը այդ խօսքին շուրջ բաւական մտածեց, անոր մասին աղօթեց եւ ժամանակի ընթացքին կրցաւ խաղաղութիւն ունենալ այդ երկու երէցներուն հետ։

15. Ինչո՞ւ մէկու մը ետ վստահիլը կրնայ ժամանակ առնել. օրինակ մը տուր։

15 Հետդ պատահա՞ծ է, որ առանձնաշնորհում մը կորսնցուցած ես։ Ատիկա կրնայ մե՜ծ ցաւ պատճառել։ Կրեթէ անունով քոյր մը եւ իր մայրը 1930–ականներուն հաւատարիմ Վկաներ էին նացի Գերմանիոյ մէջ։ Այն ատեն, մեր գործը արգելքի տակ էր։ Կրեթէն առանձնաշնորհումը ունէր իր հաւատակիցներուն համար Դիտարան պարբերաթերթը գրամեքենայով ընդօրինակելու։ Բայց երբ եղբայրները գիտցան, որ իր հայրը ճշմարտութեան հակառակ էր, իրմէ առին այդ առանձնաշնորհումը՝ վախնալով որ հայրը կրնար ժողովքը մատնել հակառակորդներուն։ Եւ ասիկա չէր բաւեր, Համաշխարհային Բ. պատերազմի ամբողջ ընթացքին, եղբայրները Կրեթէին եւ իր մօր պարբերաթերթեր չէին տար եւ փողոցը հանդիպած ատեն, հետերնին չէին խօսեր։ Այս մէկը այնքա՛ն վիրաւորական էր, որ ժամանակ առաւ մինչեւ որ Կրեթէն այս եղբայրներուն ներէ եւ սկսի անոնց ետ վստահիլ։ Բայց ժամանակի ընթացքին, ան անդրադարձաւ որ Եհովան անոնց ներած ըլլալու էր, անոր համար մտածեց որ ինքն ալ պէտք էր ներէր *։

«Սատանա՛ն է մեր թշնամին, եւ ո՛չ թէ մեր եղբայրները»

16. Ինչո՞ւ պէտք չէ ձգենք, որ որեւէ բան արգելք ըլլայ որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վստահինք։

16 Եթէ նման նեղացուցիչ փորձառութիւն մը ունեցած ես, ջանք ըրէ որ անհատներու հանդէպ վստահութիւնդ ետ բերես։ Թերեւս հետդ ժամանակ առնէ, բայց կ’արժէ ջանք ընել։ Օրինակով մը բացատրենք։ Եթէ ուտելիքէ մը թունաւորուինք, թերեւս անկէ ետք աւելի ուշադիր ըլլանք, թէ ի՛նչ կ’ուտենք։ Սակայն, մէկ աւրուած ուտելիքը պատճառ պիտի չըլլայ, որ ուտելը լման կերպով կեցնենք։ Նոյնպէս, պէտք չէ ձգենք որ մէկ գէշ փորձառութիւն պատճառ ըլլայ, որ մեր բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր վստահութիւնը տկարանայ։ Մենք գիտենք, որ անոնք անկատար ծնած են։ Երբ ետ սկսինք անհատներուն վստահիլ, աւելի ուրախ պիտի ըլլանք։ Եւ աւելի պիտի կարենանք գիտնալ թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի ժողովքին մէջ անհատներու միջեւ եղած վստահութիւնը աւելցնենք։

17. Ինչո՞ւ վստահութիւնը շատ կարեւոր է, եւ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

17 Սատանայի աշխարհին մէջ, դժուար է վստահելի մէկը գտնել։ Բայց մենք կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վստահիլ, քանի որ զիրենք կը սիրենք, իրենք ալ մեզ կը սիրեն։ Այդպիսի վստահութիւն մեզի ուրախութիւն եւ միութիւն կու տայ հիմա, եւ մեզ պիտի պաշտպանէ գալիք դժուար ժամանակներուն մէջ։ Իսկ եթէ մեծ ցաւ զգալով վստահութիւնդ կորսնցուցած ես ուրիշներու հանդէպ, ջանք ըրէ որ հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտես, Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրես, եղբայրներուդ հանդէպ սէր մշակես եւ Աստուածաշունչի օրինակներէն դասեր սորվիս։ Մենք կրնա՛նք մեր վիրաւորուած զգացումները յաղթահարել եւ ուրիշներուն ետ վստահիլ։ Այդպէս ընելով պիտի օրհնուինք բազմաթիւ բարեկամներով, որոնք «եղբօրմէն աւելի մտերիմ» են (Առ. 18։24)։ Բայց բաւարար չէ որ մենք ուրիշներուն վստահինք. անոնք ալ պէտք է կարենան մեզի վստահիլ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր եղբայրներուն վստահութեան արժանի ըլլալ։

ԵՐԳ 122 Միլիոնաւոր եղբայրներ

^ Պէտք է մեր եղբայրներուն վստահինք, ինչ որ միշտ դիւրին չէ, քանի որ ատեններ անոնք մեզ յուսախաբ կ’ընեն։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս աստուածաշնչական սկզբունքներ գործադրելը եւ անցեալի օրինակներուն վրայ խոկալը կրնան մեզի օգնել, որ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ վստահութիւն ունենանք կամ ետ վստահութիւն հաստատենք, եթէ անոնք մեր սպասածին պէս չվարուին։

^ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ, որ կրնայ ըլլալ որ ժողովքին մէջ ոմանք արժանի չըլլան մեր վստահութեան (Յդ. 4)։ Երբեմն կրնայ այնպէս պատահիլ, որ սուտ եղբայրներ ըլլան, որոնք փորձեն ուրիշները մոլորեցնել՝ «ծուռ բաներ» խօսելով (Գործք 20։30)։ Մենք կ’ընտրենք այդպիսի անհատներու ո՛չ վստահիլ, ոչ ալ մտիկ ընել։

^ Կրեթէի փորձառութեան մասին աւելի մանրամասնութիւններ գիտնալու համար, տե՛ս 1974–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը, էջ 129-131 (անգլ.)։