Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Որո՞նք երկրի վրայ յարութիւն պիտի առնեն, եւ ի՞նչ տեսակ յարութիւն պիտի ունենան

Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը պատասխանէ այս հարցումներուն։

Գործք 24։15–ը մեզի կ’ըսէ, որ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ Արդարները անոնք են, որոնք մեռնելէն առաջ Աստուծոյ հնազանդեցան, այդ պատճառով իրենց անունները կեանքի գիրքին մէջ գրուած են (Մաղ. 3։16)։ Մեղաւորներուն մէջ կան անոնք, որոնք մեռան առանց բաւարար առիթ ունենալու, որ Եհովային մասին սորվին, եւ այդ պատճառով անոնց անունները չեն գրուած կեանքի գիրքին մէջ։

Յովհաննէս 5։28, 29–ն կը խօսի այն նոյն երկու խումբերուն մասին, որոնք յիշուած են Գործք 24։15–ին մէջ։ Յիսուս ըսաւ որ «անոնք որ բարի գործեր են» դուրս պիտի գան «կեանքի յարութեան համար», իսկ «անոնք որ չար գործեր են»՝ «դատաստանի յարութեան համար (ՆԱ)»։ Արդարները մեռնելէն առաջ բարի գործեր ըրին։ Անոնք դուրս պիտի գան կեանքի յարութեան համար, քանի որ անոնց անունները գրուած են կեանքի գիրքին մէջ։ Բայց մեղաւորները մեռնելէն առաջ չար գործեր ըրին։ Անոնք դուրս պիտի գան դատաստանի յարութեան համար։ Անոնց անունները տակաւին գրուած չեն կեանքի գիրքին մէջ։ Անոնք որոշ ժամանակ մը դատաստանի, այսինքն՝ փորձի, պիտի ենթարկուին։ Այդ ժամանակուան մէջ անոնք առիթը պիտի ունենան, որ Եհովան ճանչնան եւ որ իրենց անունները գրուին կեանքի գիրքին մէջ։

Յայտնութիւն 20։12, 13–ը կը բացատրէ, թէ բոլոր յարութիւն առնողները պէտք է հնազանդին «գիրքերուն մէջ գրուածներուն» (ԱԾ), այսինքն՝ այն նոր օրէնքներուն, որոնք մեզի պիտի տրուին նոր աշխարհին մէջ։ Չհնազանդողները պիտի բնաջնջուին (Եսա. 65։20

Դանիէլ 12։2–ը կը մարգարէանայ, որ մեռելներէն ոմանք պիտի արթննան «յաւիտենական կեանքի համար, ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար»։ Այս համարը կը խօսի յարութիւն առնողներուն վերջնական դատավճիռին մասին. անոնք կա՛մ «յաւիտենական կեանք» պիտի ստանան կամ՝ «յաւիտենական անարգանք»։ Ուրեմն, 1000 տարուան վերջաւորութեան, ոմանք յաւիտենական կեանք պիտի ստանան, իսկ ուրիշներ յաւիտեան պիտի բնաջնջուին (Յայտ. 20։15. 21։3, 4

Նկատի առ օրինակ մը։ Յարութիւն առնող այս երկու խումբերուն պարագան կարելի է նմանցնել օտարերկրացիներու պարագային, որոնք կ’ուզեն ուրիշ երկրի մը մէջ ապրիլ։ Արդարները կը նմանին անոնց, որոնք կը ստանան աշխատանքի վիզա կամ կեցութեան վիզա, որ իրենց որոշ չափով իրաւունքներ եւ ազատութիւն կու տայ։ Մինչդեռ մեղաւորները կը նմանին օտարներու, որոնք թերեւս ստանան ժամանակաւոր վիզա, այսինքն՝ այցելուի վիզա։ Որպէսզի անոնց թոյլ տրուի, որ նոր երկրին մէջ շարունակեն ապրիլ, անոնք պէտք է այդ երկրին օրէնքները յարգեն եւ անոնց հնազանդին։ Նոյնպէս, որպէսզի յարութիւն առնող մեղաւորները Դրախտին մէջ մնան, պէտք է Եհովայի օրէնքներուն հնազանդին եւ գործերով ցոյց տան, որ արդար են։ Եւ չնայած թէ սկիզբը օտարները ի՛նչ վիզա առած են, անոնցմէ ոմանք ի վերջոյ այդ երկրին քաղաքացիները կ’ըլլան, մինչ ուրիշներ երկրէն դուրս կը դրուին։ Ատիկա կախեալ է նոր երկրին մէջ իրենց կեցուածքէն ու վարքէն։ Նոյնպէս բոլոր յարութիւն առնողներուն նկատմամբ վերջնական որոշումը կախեալ պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ անոնց ցոյց տուած հաւատքէն ու վարքէն։

Եհովան ոչ միայն ողորմութեան Աստուածն է, հապա նաեւ՝ արդարութեան (Բ. Օր. 32։4. Սաղ. 33։5)։ Ան իր սէրը ցոյց պիտի տայ յարութիւն տալով թէ՛ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն։ Բայց ան պիտի ակնկալէ, որ բոլորն ալ հնազանդին ճիշդի ու սխալի իր բարձր չափանիշներուն։ Միայն անոնք, որոնք զինք կը սիրեն եւ իր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին, արտօնութիւն պիտի ունենան շարունակելու նոր աշխարհին մէջ ապրիլ։