Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 1

Համոզուէ որ Աստուծոյ ‘խօսքը ճշմարտութիւն է’

Համոզուէ որ Աստուծոյ ‘խօսքը ճշմարտութիւն է’

2023–Ի ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐԸ. «Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է» (ՍԱՂ. 119։160

ԵՐԳ 114 Աստուածաշունչը գանձ է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ներկայիս ինչո՞ւ շատեր չեն վստահիր Աստուածաշունչին։

 ԱՅՍՕՐ շատեր չեն գիտեր որո՛ւն վստահիլ։ Անոնք չեն գիտեր, թէ հեղինակութիւն ունեցող մարդիկ, ինչպէս՝ քաղաքագէտներ, գիտնականներ եւ առեւտրականներ, իրենցմով իրապէս հետաքրքուա՛ծ են կամ ոչ։ Ասկէ զատ, անոնք յարգանք չունին կրօնական առաջնորդներուն հանդէպ։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ անոնք չեն վստահիր Աստուածաշունչին՝ այն գիրքին, որուն իբր թէ այդ առաջնորդները կը հետեւին։

2. Սաղմոս 119։160–ի համաձայն, ի՞նչ բանի պէտք է համոզուած ըլլանք։

2 Եհովային ծառաները ըլլալով, համոզուած ենք թէ ի՛նքն է ‘ճշմարտութեան Աստուածը’ եւ թէ միշտ լաւագոյնը կ’ուզէ մեզի համար (Սաղ. 31։5. Եսա. 48։17)։ Մենք գիտենք որ կրնա՛նք վստահիլ Աստուածաշունչին մէջ մեր կարդացածին. կը հաւատանք որ Աստուծոյ ‘խօսքին սկիզբը ճշմարտութիւն է’ (կարդա՛ Սաղմոս 119։160) b։ Մենք կը համաձայնինք Աստուածաշունչի ուսումնականի մը գրածին հետ։ Ան ըսաւ որ ‘Աստուծոյ ըսածներուն մէջ, բա՛ն մը չկայ որ սուտ է եւ իր բոլոր ըսածները անպայման պիտի կատարուին։ Եւ Աստուծոյ ժողովուրդը կրնա՛յ իր ըսածներուն վստահիլ, քանի որ իրե՛ն կը վստահի’։

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ մեզի պէս Աստուծոյ Խօսքին վստահին։ Նկատի առնենք երեք պատճառներ, թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ։ Պիտի տեսնենք, որ Աստուածաշունչին մէջ գրուածները չեն փոխուած, որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կատարուած են եւ որ Աստուածաշունչը զօրութիւնը ունի կեանքեր փոխելու։

ՈՉ ՄԷԿԸ ԿՐՑԱԾ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՓՈԽԵԼ

4. Ինչո՞ւ կարգ մը մարդիկ կը մտածեն որ Աստուածաշունչը փոխուած է։

4 Եհովա Աստուած շուրջ 40 հաւատարիմ տղամարդիկ գործածեց Աստուածաշունչի գիրքերը գրելու համար։ Բայց ներկայիս բուն ձեռագիրներէն ոչ մէկը գոյութիւն ունի։ Ինչ որ ունինք անոնց օրինակներուն օրինակներն են։ Այս պատճառով կարգ մը մարդիկ հարց կու տան, թէ արդեօք ներկայիս Աստուածաշունչին մէջ մեր կարդացածը նո՞յնն է ինչ որ այդ տղամարդիկը գրեցին։ Երբեք հետաքրքրուա՞ծ ես, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ատկէ վստահ ըլլալ։

Եբրայերէն Գրութիւններու վարպետ ընդօրինակողներ շատ ջանք թափեցին, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ օրինակներ պատրաստեն (տե՛ս պարբ. 5)

5. Եբրայերէն գրութիւնները ինչպէ՞ս ընդօրինակուեցան (տե՛ս կողքին նկարը)։

5 Իր ներշնչեալ Խօսքը պահպանելու համար, Եհովան պատուիրեց որ զայն ընդօրինակեն։ Ան Իսրայէլի թագաւորներուն ըսաւ որ Օրէնքը իրենց համար ընդօրինակէին, իսկ ղեւտացիներ նշանակեց, որպէսզի զայն ժողովուրդին սորվեցնէին (Բ. Օր. 17։18. 31։24-26. Նէ. 8։7)։ Հրեաները Բաբելոնի գերութենէն վերադառնալէն ետք, խումբ մը վարպետ ընդօրինակողներ (դպիրներ) սկսան Եբրայերէն Գրութիւններու բազմաթիւ օրինակներ պատրաստել (Եզր. 7։6)։ Անոնք ուշադիր էին։ Ի վերջոյ դպիրները սկսան համրել ոչ միայն բառերը, հապա նաեւ տառերը, համոզուելու որ ամէն բան ճիշդ ընդօրինակուած է։ Հակառակ ասոր, անկատարութեան պատճառով, եղա՛ծ են կարգ մը պզտիկ սխալներ։ Բայց քանի որ նոյն գրութիւններէն շատ մը օրինակներ պատրաստուած են, այդ սխալները ետքը կրցած են գտնել։ Ինչպէ՞ս։

6. Աստուածաշունչի օրինակներուն մէջ եղած սխալները ինչպէ՞ս կարելի եղած է գտնել։

6 Մեր օրերուն, ուսումնականներ վստահելի կերպեր ունին գիտնալու, թէ ի՛նչ սխալներ եղած են Աստուածաշունչը ընդօրինակուելու ատեն։ Օրինակով մը բացատրենք։ Սեպենք թէ 100 անհատներու ըսուած է որ էջ մը ընդօրինակեն։ Անհատներէն մէկը ընդօրինակած ատեն պզտիկ սխալ մը կ’ընէ։ Այդ սխալը գտնելու կերպ մըն է իր օրինակը բաղդատել միւսներուն օրինակներուն հետ։ Նոյնպէս, Աստուածաշունչի շատ մը ձեռագիրներ իրարու հետ բաղդատելով ուսումնականներ կրցած են գտնել այն սխալները, որոնք թերեւս ընդօրինակող մը ըրած է։

7. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ շատ մը Աստուածաշունչի ընդօրինակողներ շատ ուշադիր եղած են։

7 Աստուածաշունչի ձեռագիրներ ընդօրինակողները ջանք չեն խնայած որ ատիկա ճշգրտօրէն ընեն։ Նկատի առ օրինակ մը, որ այդ մէկը կը փաստէ։ Ամբողջ Եբրայերէն Գրութիւններուն ամէնէն հին ձեռագիրը պատրաստուած է Ք.Ե. 1008–ին կամ 1009–ին։ Անիկա կը կոչուի Լենինկրատի ձեռագիր մատեան։ Աստուածաշունչի շատ մը ձեռագիրներ եւ ձեռագիրներու հատուածներ գտնուած են, որոնք Լենինկրատի ձեռագիր մատեանէն շուրջ 1000 տարի աւելի հին են։ Թերեւս մէկը մտածէ, որ քանի որ աւելի քան 1000 տարիներու ընթացքին այդ ձեռագիրները կրկին ու կրկին անգամ ընդօրինակուած են, Լենինկրատի ձեռագիր մատեանը պէտք է որ շատ տարբեր ըլլայ այդ աւելի հին ձեռագիրներէն։ Բայց պարագան այդպէս չէ։ Ուսումնականներ, որոնք աւելի նոր ձեռագիրները բաղդատած են հին ձեռագիրներուն հետ, տեսած են որ թէեւ կա՛ն կարգ մը պզտիկ տարբերութիւններ, բայց Աստուածաշունչի բուն պատգամը չէ փոխուած։

8. Ի՞նչ է տարբերութիւնը քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու եւ աշխարհիկ հին գիրքերու միջեւ։

8 Առաջին դարու քրիստոնեաներ ալ Սուրբ Գրութիւնները ընդօրինակեցին։ Անոնք ուշադրութեամբ ընդօրինակեցին Յունարէն Գրութիւններուն 27 գիրքերը, որոնք կը գործածէին իրենց ժողովներուն եւ քարոզչութեան մէջ։ Ուսումնական մը, որ Յունարէն Գրութիւններուն ձեռագիրները բաղդատեց այդ ժամանակուան ուրիշ գիրքերու հետ, Աստուածաշունչի ձեռագիրներուն մասին ըսաւ. «Ընդհանուր առմամբ [Յունարէն Գրութիւններու] աւելի օրինակներ կան... եւ անոնք ամբողջական են»։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Կրնանք վստահ ըլլալ, որ ի՛նչ որ կը կարդանք [Յունարէն Գրութիւններու] վստահելի թարգմանութեան մը մէջ, ունի այն նոյն պատգամը, որ հին ժամանակներու գրողները գրեցին»։

9. Եսայի 40։8–ի համաձայն, ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուածաշունչի պատգամին նկատմամբ։

9 Ինչպէս կը տեսնենք, հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին շատ մը ընդօրինակողներ բաւական ջանք թափած են, որ ուշադրութեամբ ընդօրինակեն Աստուածաշունչը c։ Անոր համար է որ այսօր ունինք ճշգրիտ Աստուածաշունչ մը, որ կրնանք կարդալ ու սերտել։ Անկասկած, Եհովան էր որ ամէն բան ըրաւ, որ իր պատգամը ճշգրտութեամբ մարդոց հասնի (կարդա՛ Եսայի 40։8)։ Անշուշտ թերեւս ոմանք ըսեն, որ Աստուածաշունչին պատգամին չփոխուիլը չի փաստեր, որ Աստուծմէ ներշնչուած է։ Ուրեմն, հիմա նկատի առնենք երկու ուրիշ փաստեր, որ Աստուածաշունչը ներշնչուած է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԵՆ

Left: C. Sappa/​DeAgostini/​Getty Images; right: Image © Homo Cosmicos/​Shutterstock

Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կատարուած են եւ կը կատարուին (տե՛ս պարբ. 10-11) e

10. Օրինակ մը տուր, թէ ինչպէ՛ս կատարուած մարգարէութիւն մը կը հաստատէ Բ. Պետրոս 1։21–ին ճիշդ ըլլալը (տե՛ս նկարները)։

10 Աստուածաշունչին մէջ կան շատ մը մարգարէութիւններ, որոնք կատարուեցան։ Այս մարգարէութիւններէն ոմանք գրուեցան իրենց կատարուելէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ։ Եւ աշխարհիկ պատմութիւնը ատիկա կը փաստէ։ Ասիկա մեզ չի զարմացներ, քանի որ գիտենք թէ մարգարէութիւններ տուողը Եհովան է (կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։21)։ Մտածէ հին Բաբելոն քաղաքի գրաւուելուն վերաբերեալ մարգարէութիւններուն մասին։ Ք.Ա. ութերորդ դարուն, Եսայի մարգարէն ներշնչուեցաւ գրելու, որ այն ատենուան հզօր Բաբելոն քաղաքը պիտի գրաւուէր։ Ան նոյնիսկ տուաւ այն անհատին անունը, որուն ձեռքով քաղաքը պիտի գրաւուէր։ Եւ մանրամասնութիւններ տուաւ, թէ քաղաքը ճիշդ ինչպէ՛ս պիտի գրաւուէր (Եսա. 44։27–45։2)։ Եսային նաեւ մարգարէացաւ, որ Բաբելոն ի վերջոյ պիտի կործանուէր եւ ամբողջովին ամայի դառնար (Եսա. 13։19, 20)։ Եւ ճիշդ ասիկա պատահեցաւ։ Բաբելոն մարերուն եւ պարսիկներուն ձեռքը ինկաւ Ք.Ա. 539–ին, եւ հիմա այդ անցեալի մեծ քաղաքը աւերակներու դէզ է (տե՛ս Աստուածաշունչը մարգարէացած էր որ Բաբելոն թշնամիներուն ձեռքը պիտի իյնար վիտէոն՝ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին ելեկտրոնային տարբերակին մէջ, դաս 3 կէտ 5

11. Բացատրէ թէ Դանիէլ 2։41-43–ը ներկայիս ինչպէ՛ս կը կատարուի։

11 Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները միայն անցեալին չէ որ կատարուեցան, հապա այսօր ալ կը տեսնենք մարգարէութիւններու կատարում։ Օրինակ, նկատի առ թէ անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին մասին Դանիէլի մարգարէութիւնը ի՛նչ աչքառու կերպով կատարուեցաւ (կարդա՛ Դանիէլ 2։41-43)։ Այդ մարգարէութիւնը ճշգրտութեամբ նախատեսած էր, որ այդ աշխարհակալ ուժին «մէկ մասը ամուր» պիտի ըլլար՝ երկաթի պէս եւ «մէկ մասը դիւրաբեկ», այսինքն տկար՝ կաւի պէս։ Եւ ճիշդ այդպէս եղած է։ Բրիտանիան եւ Ամերիկան երկու համաշխարհային պատերազմներուն մէջ երկաթի պէս զօրութիւն ցոյց տուած են եւ կը շարունակեն զինուորական մեծ ոյժ մը ըլլալ։ Բայց միեւնոյն ատեն իրենց իսկ քաղաքացիները իրենց ուժը տկարացուցած են, պահանջելով իրենց իրաւունքները՝ աշխատաւորական միութիւններու, քաղաքացիական իրաւունքներու համար մղուած արշաւներու եւ անկախութեան շարժումներու միջոցաւ։ Քաղաքական մասնագէտ մը վերջերս ըսաւ, որ ‘աշխարհի մէջ քաղաքական գետնի վրայ ամէնէն բաժնուած ժողովրդավարական երկիրը Միացեալ Նահանգներն է’։ Իսկ այդ աշխարհակալ ուժին միւս մասը՝ Բրիտանիան, մանաւանդ վերջին տարիներուն բաժնուած է, քանի որ հոն ապրող մարդիկը չեն կրնար որոշել թէ Եւրոպական միութեան երկիրներուն հետ ինչպիսի՛ փոխյարաբերութիւն պէտք է ունենան։ Այս բաժանումներուն պատճառով, անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը գրեթէ չէ կրցած վճռական քայլեր առնել։

12. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ի՞նչ բանի նկատմամբ մեզ կը համոզեն։

12 Աստուածաշունչի շատ մը մարգարէութիւններ, որոնք արդէն կատարուած են, մեր վստահութիւնը կ’աւելցնեն որ ապագայի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներն ալ պիտի կատարուին։ Կը զգանք Սաղմոս գրողին պէս, որ Եհովային աղօթեց. «Իմ անձս քու փրկութեանդ կը կարօտի ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ» (Սաղ. 119։81)։ Աստուածաշունչին միջոցաւ Եհովան ազնուօրէն մեզի տուած է «ապագայ մը եւ յոյս մը» (Եր. 29։11)։ Մենք ապագային նկատմամբ յոյս կ’առնենք Եհովայի խոստումներէն եւ ոչ թէ մարդոց ջանքերէն։ Անոր համար, շարունակենք Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ մեր վստահութիւնը աւելցնել՝ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ուշի–ուշով սերտելով։

ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ԽՐԱՏՆԵՐԸ ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ Կ’ՕԳՆԵՆ

13. Սաղմոս 119։66 եւ 138–ի համաձայն, ուրիշ ի՞նչ փաստ կայ, թէ Աստուածաշունչը վստահելի է։

13 Երրորդ պատճառ մը թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ, այն է որ մարդոց կ’օգնէ, երբ ատոր խրատներուն հետեւին (կարդա՛ Սաղմոս 119։66, 138)։ Ամուսնական զոյգեր, որոնք բաժնուելու վրայ էին, այժմ ուրախութեամբ միասին կ’ապրին, քանի որ Աստուածաշունչի խրատները կը գործադրեն։ Անոնց զաւակները ուրախ են որ ընտանիքի մը մէջ են, ուր սիրուած եւ ապահով կը զգան (Եփ. 5։22-29

14. Պատմէ օրինակ մը, որ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները գործադրելով մարդոց կեանքը կը բարելաւուի։

14 Աստուածաշունչի իմաստուն խրատները գործադրելով, նոյնիսկ վտանգաւոր ոճրագործներ կրցած են աւելի լաւ անհատներ դառնալ։ Նկատի առ թէ անոր խրատները ինչպէ՛ս Ճէք d անունով բանտարկեալի մը օգտեցին։ Ան վայրագ ոճրագործ մըն էր, որ մահապատիժի ենթարկուող ոճրագործներէն ամէնէն վտանգաւոր բանտարկեալն էր։ Բայց օր մը Ճէք ուրիշ բանտարկեալի մը դասին ներկայ եղաւ։ Ան շատ տպաւորուեցաւ եղբայրներուն ազնուութեամբ եւ այսպիսով ինքն ալ սկսաւ սերտել։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը իր կեանքին մէջ գործադրելով, իր վարուելակերպը եւ նոյնիսկ անձնաւորութիւնը սկսան բարելաւուիլ։ Ժամանակի ընթացքին ան չմկրտուած հրատարակիչ դարձաւ եւ մկրտուեցաւ։ Ան նախանձախնդրութեամբ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզեց ուրիշ բանտարկեալներու եւ անոնցմէ առնուազն չորսին օգնեց որ ճշմարտութիւնը գիտնան։ Երբ Ճէքին մահապատիժի օրը հասաւ, ան տարբեր անձ մըն էր։ Իր փաստաբաններէն մէկը ըսաւ. «Ճէքը այն նոյն անձը չէ, որուն 20 տարի առաջ ծանօթացայ։ Եհովայի վկաներուն սորվեցուցածները իր կեանքը փոխած են»։ Թէեւ Ճէք մահապատիժի ենթարկուեցաւ, բայց վստահաբար իր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ կրնա՛նք Աստուծոյ Խօսքին վստահիլ եւ թէ անիկա զօրութիւնը ունի մարդոց կեանքերը բարելաւելու (Եսա. 11։6-9

Աստուածաշունչի խրատները շատ–շատերու կեանքերը բարելաւած են (տե՛ս պարբ. 15) f

15. Աստուածաշունչի ճշմարտութեան համաձայն ապրելով, Եհովայի ծառաները ինչո՞վ տարբեր են ուրիշներէն։

15 Եհովային ծառաները միացած են, քանի որ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան համաձայն կ’ապրին (Յովհ. 13։35. Ա. Կոր. 1։10)։ Մեր մէջ եղող խաղաղութիւնն ու միութիւնը տպաւորիչ են, մանաւանդ երբ կը տեսնենք աշխարհի քաղաքական, ցեղային եւ ընկերային բաժանումները։ Եհովայի ժողովուրդին մէջ եղած միութիւնը տեսնելը խորապէս ազդեց Ժան անունով երիտասարդի մը։ Ան մեծցաւ ափրիկեան երկրի մը մէջ։ Երբ քաղաքացիական պատերազմ սկսաւ, ան բանակին միացաւ, բայց ետքը դրացի երկիր մը փախաւ։ Հոն Եհովայի վկաներուն ծանօթացաւ։ Ժան ըսաւ. «Ես գիտցայ որ ճշմարիտ կրօնքին հետեւորդները քաղաքականութեան չեն խառնուիր եւ բաժնուած չեն։ Փոխարէնը, իրար կը սիրեն»։ Ան կը շարունակէ. «Ես կեանքս նուիրած էի երկիր մը պաշտպանելուն։ Բայց երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գիտցայ, մղուեցայ կեանքս նուիրելու Եհովային»։ Ժան ամբողջովին փոխուեցաւ։ Փոխանակ իրմէ տարբեր եղող մարդոց դէմ կռուելու, ան հիմա Աստուածաշունչի խաղաղ պատգամը կը պատմէ բոլոր մարդոց, որոնց կը հանդիպի։ Այն իրողութիւնը, որ Աստուածաշունչի խրատները տարբեր ազգերէ եղող մարդոց կ’օգնեն, զօրաւոր փաստ մըն է որ մենք կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՎՍՏԱՀԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃՇՄԱՐԻՏ ԽՕՍՔԻՆ

16. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնենք։

16 Մինչ այս աշխարհին վիճակը աւելի գէշ կ’ըլլայ, ճշմարտութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը փորձի տակ պիտի դրուի։ Թերեւս մարդիկ փորձեն մեր մտքին մէջ կասկածներ ցանել, թէ արդեօք Աստուածաշունչը ճշմարի՞տ է, կամ թէ արդեօք Եհովան հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան նշանակա՞ծ է ներկայիս իր ծառաները առաջնորդելու համար։ Բայց եթէ համոզուած ենք որ Եհովային Խօսքը միշտ ճշմարիտ է, պիտի կարենանք մեր հաւատքին վրայ եղող յարձակումներուն դէմ դնել։ Պիտի վճռենք Եհովային ‘կանոնները կատարել յաւիտեան՝ մինչեւ վերջ’ (Սաղ. 119։112)։ ‘Պիտի չամչնանք’ ուրիշներուն խօսելու ճշմարտութեան մասին եւ զանոնք քաջալերելու որ անոր համաձայն ապրին (Սաղ. 119։46)։ Եւ պիտի կարենանք համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ տոկալ ամէնէն դժուար պարագաներուն, ինչպէս՝ հալածանքը (Կող. 1։11. Սաղ. 119։143, 157

17. Տարուան համարը մեզի ի՞նչ պիտի յիշեցնէ։

17 Որքա՜ն շնորհակալ ենք, որ Եհովան մեզի յայտնած է ճշմարտութիւնը։ Ճշմարտութիւնը մեզի կ’օգնէ որ հանդարտ եւ վստահ ըլլանք, եւ մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ապրիլ այս աշխարհին մէջ, որ երթալով աւելի խռոված ու տակնուվրայ կը դառնայ։ Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը մեզի յոյս կու տայ, որ աւելի լաւ ապագայ պիտի ունենանք Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ։ 2023–ի տարուան համարը մեզի պիտի օգնէ, որ համոզուած մնանք որ ամբողջ Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութիւն է (Սաղ. 119։160

ԵՐԳ 113 Երախտապարտ ենք Աստուծոյ Խօսքին համար

a 2023–ի համար հաւատք զօրացնող տարուան համար մը ընտրուած է. «Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է» (Սաղ. 119։160)։ Անշուշտ կը համաձայնի՛ս այս խօսքին հետ։ Բայց շատեր չեն հաւատար, որ Աստուածաշունչը ճշմարիտ է եւ թէ կրնայ վստահելի ուղղութիւն տալ մեզի։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք երեք ապացոյցներ, որոնք կրնանք գործածել անկեղծ սիրտ ունեցող մարդիկը համոզելու, որ կրնա՛ն վստահիլ Աստուածաշունչին եւ անոր տուած խրատներուն։

b ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. «Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է» թարգմանուած եբրայերէն արտայայտութիւնը կը նշանակէ որ Աստուծոյ ամբողջ խօսքը ճշմարիտ է։

c Աստուածաշունչին պահպանուելուն մասին աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, բաց jw.org/hyw եւ փնտռելու տուփիկին մէջ գրէ «Պատմութիւնը եւ Աստուածաշունչը»։

d Կարգ մը անուններ փոխուած են։

e ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Աստուծոյ հրամանով, փառաւոր հին Բաբելոն քաղաքը ի վերջոյ աւերակ դարձաւ։

f ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Կռուելու փոխարէն, երիտասարդ մը Աստուածաշունչէն կը սորվի խաղաղութեամբ ապրիլ եւ ուրիշներուն օգնել որ նոյնը ընեն։