Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 2

«Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք»

«Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք»

«Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (ՀՌՈՎ. 12։2

ԵՐԳ 69 Ճամբաներդ ցուցուր ինծի

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. Մկրտուելէն ետք, ի՞նչ պէտք է շարունակենք ընել. բացատրէ։

 ՏՈՒՆԴ որքա՞ն յաճախ կը մաքրես։ Թերեւս առաջ որ փոխադրուիս, զայն ծայրէ ծայր մաքրեցիր։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ անկէ ետք անգամ մըն ալ տունդ չմաքրես։ Շուտով ամէն տեղ ետ փոշի պիտի ըլլայ։ Ուրեմն, որպէսզի տունդ շարունակ աչքի հաճելի ըլլայ, պէտք է որ զայն կանոնաւորաբար մաքրես։

2 Նոյնպէս պէտք է շարունակ ջանք թափենք մեր մտածելակերպին եւ անձնաւորութեան նկատմամբ։ Անշուշտ, մկրտուելէ առաջ շատ ջանք ըրինք որ մեր կեանքին մէջ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք՝ ‘մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրելու համար’ (Բ. Կոր. 7։1)։ Բայց հիմա պէտք է հետեւինք Պօղոս առաքեալի խրատին, որ ‘շարունակենք մեր տիրապետող մտածելակերպը նորոգել’ (Եփ. 4։23, ՆԱ)։ Ինչո՞ւ պէտք է շարունակ ջանք թափենք։ Քանի որ այս աշխարհի «փոշին» կրնայ դիւրաւ մեր վրայ հաւաքուիլ։ Որպէսզի այդպէս չըլլայ եւ որպէսզի Եհովային աչքին հաճելի մնանք, պէտք է որ կանոնաւորաբար քննենք մեր մտածելակերպը, անձնաւորութիւնը եւ ցանկութիւնները։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ‘ՄԻՏՔԴ ՆՈՐՈԳԵԼ’

3. Ի՞նչ կը նշանակէ միտքդ նորոգել (Հռովմայեցիս 12։2

3 Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի մեր միտքը նորոգենք, այսինքն՝ մեր մտածելակերպը փոխենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։2)։ Չենք կրնար պարզապէս մեր կեանքը զարդարել միայն քանի մը բարի գործերով։ Փոխարէնը, պէտք է քննենք մեր ներքին անձնաւորութիւնը եւ ընենք պէտք եղած փոփոխութիւնները, որպէսզի կարելի եղածին չափ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրինք։ Եւ ատիկա պէտք է ընենք՝ ոչ թէ մէկ անգամ, հապա շարունակաբար։

Ուսումի եւ գործի վերաբերեալ առած որոշումներդ ցոյց կու տա՞ն որ Թագաւորութեան շահերը կեանքիդ մէջ առաջին տեղը կը դնես (տե՛ս պարբ. 4-5) c

4. Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ չտալ, որ այս աշխարհը կաղապարէ մեր մտածելակերպը։

4 Երբ կատարելութեան հասնինք, միշտ պիտի կարենանք Եհովան հաճեցնել ամէն բանի մէջ։ Մինչ այդ, պէտք է շարունակենք ջանք թափել որ այդ նպատակակէտին հասնինք։ Նկատէ թէ Հռովմայեցիս 12։2–ին մէջ Պօղոս ինչպէ՛ս մեր միտքը նորոգելը կապեց Աստուծոյ կամքը հասկնալուն հետ։ Փոխանակ թոյլ տալու որ այս աշխարհը մեզ կաղապարէ, պէտք է նա՛խ մենք մեզ քննենք, տեսնելու թէ որքա՛ն թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ մտածելակերպը, եւ ոչ թէ աշխարհի մտածելակերպը, ազդէ մեր նպատակակէտերուն եւ որոշումներուն։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, եթէ Եհովային օրը մօտ կը նկատե՛նք կամ ոչ (տե՛ս նկարը)։

5 Նկատի առ օրինակ մը։ Աստուած կ’ուզէ որ ‘մեր մտքին մէջ վար պահենք Եհովայի օրուան ներկայութիւնը’ (Բ. Պետ. 3։12, ՆԱ)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ապրելակերպս ցոյց կու տա՞յ որ կը հասկնամ թէ վերջը մօտ է։ Ուսումի եւ գործի վերաբերեալ որոշումներս ցոյց կու տա՞ն որ Եհովային ծառայելը կեանքիս մէջ ամէնէն կարեւոր բանն է։ Կը հաւատա՞մ թէ Եհովան իմ եւ ընտանիքիս պէտքերը պիտի հոգայ, թէ ոչ միշտ նիւթական բաներու հոգը կ’ընեմ’։ Մտածէ թէ Եհովան որքա՜ն կ’ուրախանայ, երբ կը տեսնէ որ կը ջանանք ամէն բանի մէջ իր կամքը ընել (Մատ. 6։25-27, 33. Փլպ. 4։12, 13

6. Ի՞նչ բան պէտք է շարունակ ընենք։

6 Պէտք է միշտ մեր մտածելակերպը քննենք եւ ատոր հիման վրայ պէտք եղած որեւէ փոփոխութիւն ընենք։ Պօղոս կորնթացիներուն ըսաւ. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը» (Բ. Կոր. 13։5)։ «Հաւատքին մէջ» ըլլալը կը նշանակէ աւելին քան ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ ատեն–ատեն ծառայել։ Նաեւ պէտք ունինք քննելու մեր մտածելակերպը, փափաքներն ու մղումները։ Անոր համար պէտք է շարունակ մեր միտքը նորոգենք՝ Աստուծոյ Խօսքը կարդալով, սորվելով իրեն պէս մտածել, եւ ընելով պէտք եղածը, որպէսզի Եհովան հաճեցնենք (Ա. Կոր. 2։14-16

‘ՆՈՐ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԳԻՐ’

7. Եփեսացիս 4։31, 32–ի համաձայն, ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք, եւ ատիկա ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։

7 Կարդա՛ Եփեսացիս 4։31, 32։ Մեր մտածելակերպին մէջ փոփոխութիւններ ընելէ զատ, պէտք է ‘նոր անձնաւորութիւնը հագնինք’ (Եփ. 4։24)։ Ատիկա ընելու համար, պէտք է շատ ջանք թափենք։ Պէտք է շատ մը բնաւորութիւններ փոխենք, մէջը ըլլալով՝ ‘դառնութիւնը, բարկութիւնը եւ սրտմտութիւնը’, կամ ջղայնութիւնը։ Ատիկա ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ։ Քանի որ կարգ մը բնաւորութիւններ կրնան խորապէս արմատացած ըլլալ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ կարգ մը մարդիկ «բարկասիրտ» եւ «ցասկոտ» են, այսինքն՝ ջղայնանալու պատրաստ (Առ. 29։22)։ Որպէսզի անհատ մը կարենայ արմատացած բնաւորութիւններ զսպել, հաւանաբար պէտք է շարունակ ջանք թափէ նոյնիսկ մկրտութենէն ետք, ինչպէս որ այս փորձառութիւնը ցոյց կու տայ։

8-9. Ինչպէ՞ս Սթիվընի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ պէտք է շարունակենք հին անձնաւորութիւնը մէկդի դնել։

8 Սթիվըն անունով եղբօր մը համար դժուար էր իր բարկութիւնը զսպել։ Ան կ’ըսէ. «Նոյնիսկ մկրտուելէս ետք, պէտք էր շարունակ աշխատէի ատիկա ընելու համար։ Անգամ մը երբ տունէ տուն կը քարոզէի, գողի մը ետեւէն վազեցի, որ ինքնաշարժիս ռատիոն գողցած էր։ Երբ իրեն մօտեցայ, ան ռատիոն ձգեց ու փախաւ։ Միւսներուն պատմած ատենս, թէ ինչպէ՛ս ռատիոս ետ առի, երէց մը ինծի հարցուց. ‘Սթիվըն, ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ գողը բռնէիր’։ Այդ հարցումը ձգեց որ մտածեմ եւ մղուիմ շարունակել աշխատիլ որ խաղաղարար ըլլամ» b։

9 Ինչպէս որ Սթիվընի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, գէշ բնաւորութիւն մը կրնայ անակնկալօրէն ետ մէջտեղ ելլել, նոյնիսկ երբ կը կարծէինք որ կրցած ենք զայն զսպել։ Եթէ հետդ այդպէս պատահի, մի՛ ընկճուիր եւ մի՛ եզրակացներ, որ ձախողած ես որպէս քրիստոնեայ։ Նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ խոստովանեցաւ. «Երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ» (Հռով. 7։21-23)։ Բոլոր անկատար քրիստոնեաները ունին ժխտական բնաւորութիւններ, որոնք շարունակ ետ կու գան, ինչպէս որ տան մը մէջ փոշին շարունակ կը հաւաքուի։ Պէտք է շարունակ աշխատինք որ մաքուր մնանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք ատիկա ընել։

10. Ինչպէ՞ս կրնանք գէշ բնաւորութիւններու դէմ պայքարիլ (Ա. Յովհաննէս 5։14, 15

10 Եհովային աղօթէ այն բնաւորութեան մասին, որուն նկատմամբ կը պայքարիս, եւ վստահ եղիր որ քեզի մտիկ պիտի ընէ եւ պիտի օգնէ (կարդա՛ Յովհաննէս 5։14, 15)։ Ճիշդ է որ Եհովան հրաշքով այդ բնաւորութիւնը պիտի չվերցնէ, բայց քեզի զօրութիւնը պիտի տայ, որ ատոր դէմ պայքարիս (Ա. Պետ. 5։10)։ Միեւնոյն ատեն, աղօթքներուդ համաձայն վարուէ՝ չընելով բաներ, որոնք հին անձնաւորութեան գիծերը ետ մէջտեղ պիտի հանեն։ Օրինակ, զգոյշ եղիր որ չդիտես ֆիլմեր, հեռատեսիլի յայտագիրներ կամ չկարդաս պատմութիւններ, որոնք այդ բնաւորութիւնները լաւ կերպով կը ներկայացնեն։ Եւ մի՛ ձգեր որ միտքդ սխալ ցանկութիւններու վրայ կեդրոնանայ (Փլպ. 4։8. Կող. 3։2

11. Ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել, որպէսզի շարունակենք նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ։

11 Չի բաւեր, որ հին անձնաւորութիւնը մէկդի դնես, հապա կարեւոր է որ նոր անձնաւորութիւնը հագնիս։ Ատիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Երբ Եհովայի յատկութիւններուն մասին կը սորվիս, նպատակակէտ դիր որ զինք ընդօրինակես (Եփ. 5։1, 2)։ Օրինակ, երբ Աստուածաշունչէն կը կարդաս Եհովայի ներողամտութեան մասին, դուն քեզի հարցուր. ‘Ես ուրիշներուն կը ներե՞մ’։ Երբ կը կարդաս աղքատներուն հանդէպ Եհովայի կարեկցութեան մասին, դուն քեզի հարցուր. ‘Ես ալ նոյնպէս հետաքրքրուա՞ծ եմ հաւատակիցներովս, որոնք նիւթական օգնութեան պէտք ունին, եւ ատիկա գործերովս ցոյց կու տա՞մ’։ Շարունակէ միտքդ նորոգել՝ նոր անձնաւորութիւնը հագնելով, եւ մինչ այդպէս կ’ընես, քու անձիդ հետ համբերող եղիր։

12. Սթիվըն ինչպէ՞ս փորձառաբար տեսաւ, թէ Աստուածաշունչը զօրութիւնը ունի մարդիկը փոխելու։

12 Նախապէս նշուած Սթիվընը կրցած է աստիճանաբար նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ։ Ան կ’ըսէ. «Մկրտութենէս ի վեր, շատ մը պարագաներու մէջ եղած եմ, երբ ջղայնութենէս պիտի պայթէի։ Ես սորված եմ կա՛մ ձգել–քալել, երբ անհատներ փորձած են զիս շապիկէս հանել եւ կամ ուրիշ կերպերով պարագան հանդարտեցնել։ Շատեր, մէջը ըլլալով կինս, զիս գոված են, քանի որ կրցած եմ այդ պարագաներուն հետ գլուխ ելլել։ Նոյնիսկ ե՛ս զարմացած եմ թէ ինչպէ՛ս կրցայ գլուխ ելլել։ Անձնաւորութեանս մէջ եղած այս փոփոխութիւններուն համար, փառքը ինծի չ’երթար, հապա ատոնք կը փաստեն թէ Աստուածաշունչը զօրութիւնը ունի մարդիկը փոխելու»։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍԽԱԼ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻԼ

13. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ճիշդը ընենք (Գաղատացիս 5։16

13 Կարդա՛ Գաղատացիս 5։16։ Մեզի օգնելու համար որ յաջողինք ճիշդը ընելու, Եհովան առատաձեռնօրէն իր սուրբ հոգին կու տայ մեզի։ Երբ իր Խօսքը կը սերտենք, թոյլ կու տանք որ իր հոգին մեզի ազդէ։ Սուրբ հոգին նաեւ կը ստանանք, երբ ժողովներու ներկայ կը գտնուինք։ Հոն կրնանք ժամանակ անցընել եղբայրներու ու քոյրերու հետ, որոնք մեզի պէս շատ ջանք կ’ընեն որ ճիշդը ընեն, եւ ատիկա մեզ կը քաջալերէ (Եբ. 10։24, 25. 13։7)։ Իսկ երբ Եհովային անկեղծօրէն կ’աղօթենք եւ իրմէ կը խնդրենք որ մեզի օգնէ որոշ տկարութիւն մը յաղթահարելու, ան մեզի պիտի տայ իր սուրբ հոգին, որպէսզի կարենանք շարունակել ատոր դէմ պայքարիլ։ Ճիշդ է որ այս բաները ընելը սխալ ցանկութիւնները մէջտեղէն պիտի չվերցնէ, բայց անիկա մեզի պիտի օգնէ որ ատոնց ետեւէն չերթանք։ Ինչպէս որ Գաղատացիս 5։16–ը կ’ըսէ, անոնք որոնք հոգիին համաձայն կը քալեն, ‘մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարեն’։

14. Ինչո՞ւ կարեւոր է շարունակել ճիշդը ընելու փափաքը զարգացնել։

14 Երբ հոգեւոր գործունէութիւններու ռութին ունինք, կարեւոր է որ զայն պահենք եւ շարունակենք զարգացնել ճիշդը ընելու փափաքը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ունինք թշնամի մը, որ բնաւ չի քնանար, որ է՝ սխալը ընելու փորձութիւնը։ Նոյնիսկ մկրտուելէն ետք, թերեւս մեզ քաշեն այն նոյն բաները, որոնցմէ պէտք է հեռու մնանք, ինչպէս՝ բախտախաղը, խմիչքի սխալ գործածութիւնը կամ պոռնկագրութիւնը (Եփ. 5։3, 4)։ Երիտասարդ եղբայր մը կ’ըսէ. «Ամէնէն դժուար բաներէն մէկը, որուն դէմ պայքարած եմ՝ հակառակ սեռի հանդէպ զգացումներս եղած են։ Ես կը կարծէի որ այս զգացումները ի վերջոյ պիտի երթային։ Բայց տակաւին ունիմ այդպիսի զգացումներ»։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, եթէ սխալ ցանկութիւն մը մէջդ շատ զօրաւոր է։

Եթէ սխալ ցանկութիւն մը ունիս, վիճակդ անյոյս չէ։ Ուրիշներ նոյն պայքարը մղած են եւ յաղթական դուրս եկած են (տե՛ս պարբ. 15-16)

15. Ինչո՞ւ կը քաջալերուինք գիտնալով որ սխալ ցանկութիւնները «մարդկային» են (տե՛ս նկարը)։

15 Երբ կը պայքարիս սխալ ցանկութեան մը դէմ, որ մէջդ շատ զօրաւոր է, յիշէ որ մինակդ չես։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած» (Ա. Կոր. 10։13ա)։ Ուրիշ թարգմանութիւն մը այս խօսքը այս կերպով կ’ըսէ. «Չկայ փորձութիւն մը, որ մարդ արարածին համար օտար է»։ Այդ խօսքը ուղղուեցաւ Կորնթոսի մէջ ապրող քրիստոնեայ դարձած տղամարդոց եւ կիներու։ Անոնցմէ ոմանք նախապէս շնացողներ, միասեռականներ եւ գինովներ էին (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Քու կարծիքովդ, արդեօք մկրտուելէն ետք անոնք բնաւ սխալ ցանկութիւններու դէմ չպայքարեցա՞ն։ Անշո՛ւշտ պայքարեցան։ Ճիշդ է որ անոնք բոլորն ալ օծեալ քրիստոնեաներ էին, բայց տակաւին անկատար մարդիկ էին։ Անոր համար, անկասկած ատեն–ատեն սխալ ցանկութիւններու դէմ պէտք էր պայքարէին։ Ասիկա մեզ պէտք է քաջալերէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ ալ ըլլայ այն սխալ ցանկութիւնը, որուն դէմ կը պայքարինք, կայ մեզմէ զատ ուրիշ մէկը որ անոր դէմ դրած է։ Իրապէս դուն կրնաս ‘հաւատքով հաստատուիլ, գիտնալով որ եղբայրներդ ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն’ (Ա. Պետ. 5։9

16. Ի՞նչ ծուղակի մէջ պէտք չէ իյնանք, եւ ինչո՞ւ։

16 Զգոյշ եղիր այն ծուղակէն, որ մտածես թէ մէ՛կը չի հասկնար այն դժուարութիւնը որմէ կ’անցնիս։ Այդպէս մտածելը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ կարծես թէ պարագադ անյոյս է եւ թէ զօրութիւնը չունիս սխալ ցանկութիւններու դէմ դնելու։ Աստուածաշունչը ատանկ չ’ըսեր։ Անիկա կ’ըսէ. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել» (Ա. Կոր. 10։13բ)։ Ուրեմն, նոյնիսկ երբ սխալ ցանկութիւն մը մեր մէջ զօրաւոր է, մենք կրնանք յաջողիլ հաւատարիմ մնալ Եհովային։ Եհովայի օգնութեամբ, մենք կրնանք սխալ ցանկութեան տեղի չտալ։

17. Թէեւ մենք չենք կրնար արգելք ըլլալ որ սխալ ցանկութիւններ արթննան, բայց ի՞նչ բան մեր ձեռքն է։

17 Միշտ ասիկա յիշէ. մենք անկատար ըլլալով, չենք կրնար արգելք ըլլալ որ սխալ ցանկութիւններ արթննան մեր մէջ։ Բայց երբ սխալ ցանկութիւն մը ունենաս, կրնաս անմիջապէս զայն մերժել, ինչպէս որ Յովսէփ ըրաւ, երբ անմիջապէս փախաւ Պետափրէսի կնոջմէն (Ծն. 39։12)։ Սխալ ցանկութիւններու համաձայն մի՛ վարուիր։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՋԱՆՔ ԹԱՓԵԼ

18-19. Ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի հարցնել, մինչ ջանք կ’ընենք որ մեր միտքը նորոգենք։

18 Մեր միտքը նորոգելու համար, պէտք է շարունակ ջանք թափենք, որպէսզի մեր մտածումներն ու ըրածները Եհովային կամքին հետ համաձայն ըլլան։ Անոր համար, միշտ դուն քեզ քննէ եւ հարց տուր. ‘Վարուելակերպովս ցոյց կու տա՞մ, որ կը գիտակցիմ թէ վերջը շատ մօտ է։ Կը յաջողի՞մ ա՛լ աւելի նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ։ Թոյլ կու տա՞մ որ Եհովայի հոգին կեանքս առաջնորդէ, որպէսզի կարենամ մարմնաւոր ցանկութիւններուն տեղի չտալ’։

19 Երբ անձդ կը քննես, դուն քեզմէ կատարելութիւն մի՛ ակնկալեր, հապա ուրախ եղիր ըրած յառաջդիմութիւնովդ։ Եթէ տեսնես որ կարգ մը բաներու մէջ պէտք է բարելաւուիս, մի՛ ընկճուիր, հապա հետեւէ Փիլիպպեցիս 3։16–ի խրատին. «Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք»։ Երբ այդպէս կ’ընես, վստահ եղիր որ Եհովան շարունակ միտքդ նորոգելու համար ըրած ջանքերդ պիտի օրհնէ։

ԵՐԳ 52 Սիրտդ պահպանէ

a Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները քաջալերեց, որ թոյլ չտան որ այս աշխարհը զիրենք կաղապարէ։ Ատիկա մեզի համար ալ աղուոր խրատ մըն է։ Մենք պէտք է ամէն բան ընենք, որ այս աշխարհը որեւէ մէկ գէշ կերպով չազդէ մեզի։ Անոր համար, պէտք է մեր մտածելակերպը սրբագրենք, երբ կը զգանք որ Աստուծոյ կամքին համաձայն չէ։ Յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ասիկա ինչպէ՛ս կրնանք ընել։

b Տե՛ս «Կեանքս երթալով կը վատթարանար» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 1 յուլիս 2015 թիւին մէջ։

c ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Պատանի եղբայր մը կը մտածէ, թէ ուսանի՛ թէ ոչ լիաժամ ծառայէ։