Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սերտելու համար առաջարկ

Սերտելու համար առաջարկ

Կը սիրե՞ս եղբայրներու եւ քոյրերու կենսագրութիւնները կարդալ

Զոյգ մը, որ ամէն առտու կենսագրութիւն մը կը կարդայ, կ’ըսէ. «Այս պատմութիւնները մեզի մեծ ուրախութիւն եւ քաջալերութիւն տուած են։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ մենք ալ կրնանք հաւատարիմ ըլլալ ամէն պարագայի տակ»։ Քոյր մը, որ նոյն զգացումները ունի, գրեց. «Այդ կենսագրութիւնները մեզ կը մխիթարեն ու կը քաջալերեն եւ շատ ազդեցիկ են։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը նպատակով եւ իմաստով լեցուն կեանք կ’ապրին։ Անոնց պատմութիւնները զիս կը մղեն որ ծառայութեան մէջ աւելին ընեմ եւ ինծի կ’օգնեն որ զաւակներս քաջալերեմ որ լիաժամ ծառայութիւնը ընտրեն»։

Կենսագրութիւնները կրնան քեզ մղել, որ կարեւոր նպատակակէտեր դնես, տկարութիւններ յաղթահարես եւ խիստ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլես՝ ուրախութեամբ եւ արժանապատուութեամբ։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս կենսագրութիւնները գտնել։

  • Բա՛ց «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքը՝ jw.org կայքին կամ JW Library® էփին մէջ։

  • Փնտռէ «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ»՝ Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–ին կամ Դիտարանի գրադարան–ին մէջ։