Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 6

Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կը ցուցնէ իր Հեղինակին մասին

Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կը ցուցնէ իր Հեղինակին մասին

«Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գրքի մը մէջ գրէ՛» (ԵՐ. 30։2

ԵՐԳ 114 Աստուածաշունչը գանձ է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ինչո՞ւ շնորհակալ ես Սուրբ Գիրքին համար։

 ՄԵՆՔ Եհովային շատ շնորհակալ ենք Սուրբ Գիրքին համար։ Անոր միջոցաւ ան մեզի կու տայ իմաստուն խրատներ, որոնք կրնան մեզի օգնել, որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք։ Ան նաեւ մեզի հոյակապ յոյս կու տայ ապագային նկատմամբ։ Բայց ամէնէն կարեւորը, Եհովան Սուրբ Գիրքին միջոցաւ կը յայտնէ իր անձնաւորութիւնը։ Երբ Եհովային գեղեցիկ յատկութիւններուն վրայ կը խոկանք, շա՜տ կ’ազդուինք եւ կ’ուզենք իր մտերիմ բարեկամը ըլլալ (Սաղ. 25։14

2. Ի՞նչ տարբեր կերպերով Եհովան ինքզինք ճանչցուցած է մարդոց։

2 Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ իրեն ծանօթանան եւ ճանչնան։ Օրինակ, անցեալին Աստուած ինքզինք ճանչցուց երազներու, տեսիլքներու եւ նոյնիսկ հրեշտակներու միջոցաւ (Թւ. 12։6. Գործք 10։3, 4)։ Բայց մենք այս բոլորին մասին պիտի չգիտնայինք, եթէ անոնք գրուած չըլլային։ Անոր համար, Աստուած մարդոց ըսաւ, որ ‘գրքի մը մէջ գրեն’ այն ինչ որ կ’ուզէ որ սորվինք (Եր. 30։2)։ Մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ մեզի հետ կապի մէջ մնալու իր այս կերպը շատ լաւ եւ օգտակար կերպ է, քանի որ «Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է» (Սաղ. 18։30

3. Եհովան ինչպէ՞ս վստահ եղաւ որ Սուրբ Գիրքը մեր ձեռքը հասնի (Եսայի 40։8

3 Կարդա՛ Եսայի 40։8։ Հազարաւոր տարիներ, Աստուծոյ Խօսքը ուղղութիւն տուած է հաւատարիմ մարդոց եւ կիներու։ Բայց մենք գիտենք որ Սուրբ Գրութիւնները երկար տարիներ առաջ գրուեցան փճացող նիւթերու վրայ եւ անոնց բուն ձեռագիրները այսօր չկան։ Լաւ, Եհովան ինչպէ՞ս Սուրբ Գրութիւններու մէջի ուղղութիւնները պահեց մինչեւ օրս։ Ան յարմար տեսաւ որ մարդիկ Սուրբ Գրութիւններէն օրինակներ ընեն։ Հակառակ որ ընդօրինակողները անկատար էին, բայց անոնք շատ բծախնդիր էին։ Օրինակ, Սուրբ Գրութիւններուն նկատմամբ, ուսումնական մը գրեց. «Կրնանք ըսել, որ Սուրբ Գիրքէն զատ ուրիշ հին գիրք մը չկայ, որ այսքան ճշգրիտ օրինակներ ունի»։ Ուրեմն, հակառակ անոր որ ատոր գրուելուն վրայ երկար ժամանակ անցած է, փճացող նիւթերու վրայ գրուած է, եւ անկատար մարդոց կողմէ ընդօրինակուած է, կրնանք վստահ ըլլալ, որ այն ինչ որ այսօր Սուրբ Գիրքէն կը կարդանք, բուն Հեղինակին՝ Եհովային միտքերը կը փոխանցէ։

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Եհովան կու տայ «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» (Յակ. 1։17)։ Եւ իր տուած ամէնէն աղուոր նուէրներէն մէկն է Սուրբ Գիրքը։ Ընդհանրապէս նուէրը մեզի գաղափար մը կու տայ, թէ նուիրողը մեզ որքա՛ն լաւ կը ճանչնայ եւ մեր պէտքերը որքա՛ն լաւ գիտէ։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ Սուրբ Գիրքը տուողին մասին։ Երբ այս նուէրը կը քննենք, կը գիտնանք որ Եհովան մեզ որքա՛ն լաւ կը ճանչնայ եւ մեր պէտքերը որքա՛ն լաւ գիտէ։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք որ Աստուածաշունչէն ի՛նչ կը սորվինք Եհովայի յատկութիւններէն երեքին մասին. իմաստութիւն, արդարութիւն եւ սէր։ Բայց նա՛խ նկատի առնենք, թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս ցոյց կու տայ Աստուծոյ իմաստութիւնը։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

5. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կերպով մը ցոյց կու տայ Աստուծոյ իմաստութիւնը։

5 Եհովան գիտէ որ մենք իր իմաստուն խրատներուն պէտք ունինք։ Եւ իր տուած նուէրը՝ Սուրբ Գիրքը, լեցուն է իր իմաստուն խրատներով, որոնք կրնան մարդոց կեանքը փոխել։ Երբ Մովսէս Աստուածաշունչին առաջին գիրքերը գրեց, իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է» (Բ. Օր. 32։47)։ Անոնք որոնք Սուրբ Գրութիւններուն հնազանդեցան, յաջող եւ ուրախ կեանք ունեցան (Սաղ. 1։2, 3)։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը գրուեցաւ երկար ժամանակ առաջ, բայց ատիկա նոյնիսկ մեր օրերուն տակաւին կարողութիւնը ունի մարդոց կեանքերը փոխելու։ Օրինակ, jw.org կայքին վրայ «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքին մէջ, պիտի գտնես շատ մը իրական պատմութիւններ, որոնք ցոյց կու տան որ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս իրեն հաւատացողներուն կեանքին մէջ «կը ներգործէ», կամ՝ անոնց կեանքին կ’ազդէ (Ա. Թես. 2։13

6. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Սուրբ Գիրքը ուրիշ գիրքերու չի նմանիր։

6 Սուրբ Գիրքը ուրիշ գիրքերու չի նմանիր։ Որովհետեւ այս գիրքին հեղինակը՝ Եհովա Աստուածը, ամենակալ ու յաւիտենական է եւ իրեն պէս իմաստուն մէկը չկայ։ Շատ մը ուրիշ գիրքերու գրողները կը մեռնին, եւ այդ գիրքերուն տուած խրատները ժամանակի ընթացքին անօգուտ կը դառնան, բայց Սուրբ Գիրքին մէջի խրատները պատմութեան ընթացքին միշտ օգտակար եղած են։ Մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք եւ անոր վրայ կը խոկանք, Եհովան մեզի իր սուրբ հոգին պիտի տայ, որպէսզի մեր սորվածը կարենանք մեր կեանքին մէջ գործադրել (Սաղ. 119։27. Մաղ. 3։16. Եբ. 4։12)։ Յստակ է որ Եհովան կ’ուզէ սրտանց մեզի օգնել, անոր համար պէտք է միշտ Սուրբ Գիրքը կարդանք։

Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս Եհովային ժողովուրդը միացուցած է թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր (տե՛ս պարբ. 7-8)

7. Անցեալին, Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս միացուց Աստուծոյ ժողովուրդը։

7 Ուրիշ բան մըն ալ ցոյց կու տայ, որ Սուրբ Գիրքին մէջ կայ Աստուծոյ իմաստութիւնը։ Սուրբ Գիրքը կը միացնէ Աստուծոյ ժողովուրդը։ Երբ իսրայէլացիները աւետեաց երկիրը մտան, անոնք տարբեր շրջաններու մէջ տարածուեցան։ Ոմանք ձկնորսներ եղան, ուրիշներ հօտեր արածեցին, ուրիշներ ալ հողագործներ եղան։ Անոր համար, շատ դիւրին էր որ մէկ շրջանի մէջ ապրող իսրայէլացիներ սկսէին չհետաքրքրուիլ ուրիշ շրջաններու մէջ ապրող իսրայէլացիներով։ Բայց Եհովան կարգադրութիւն ըրաւ, որ անոնք քանի մը առիթներով իրարու հետ հաւաքուին իր Խօսքը եւ անոր բացատրութիւնը լսելու համար (Բ. Օր. 31։10-13. Նէ. 8։2, 8, 18)։ Պահ մը երեւակայէ որ հաւատարիմ իսրայէլացի մը ի՛նչ կը զգար, երբ Երուսաղէմ կը հասնէր եւ կը տեսնէր միլիոնաւոր ուրիշ հաւատակիցներ, որոնք երկրին չորս կողմէն եկած էին։ Ասանկով Եհովան միացուց իր ժողովուրդը։ Դարեր ետք, երբ քրիստոնէական ժողովքը կազմուեցաւ, անոր մէջ կային տղամարդիկ ու կիներ, որոնք տարբեր լեզուներ կը խօսէին։ Ասկէ զատ, անոնցմէ ոմանք իրենց շրջանակին մէջ յայտնի մարդիկ էին, իսկ ուրիշներ՝ սովորական։ Ոմանք հարուստ էին, իսկ ուրիշներ՝ աղքատ։ Բայց քանի որ անոնք Սուրբ Գրութիւնները կը սիրէին, միութեամբ կը պաշտէին ճշմարիտ Աստուածը։ Իսկ որպէսզի նոր հաւատացեալները Աստուծոյ Խօսքը հասկնային, պէտք էր իրենց հաւատակիցներուն հետ մէկտեղ հաւաքուէին (Գործք 2։42. 8։30, 31

8. Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս այսօր կը միացնէ Եհովային ժողովուրդը։

8 Մեր իմաստուն Աստուածը կը շարունակէ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ իր ժողովուրդին սորվեցնել եւ զանոնք միացնել։ Մենք Սուրբ Գիրքին միջոցաւ հոգեւոր սնունդ կ’առնենք եւ ատով կ’ուրախանանք։ Եւ կանոնաւորաբար կը հաւաքուինք ժողովներուն ու համաժողովներուն, որպէսզի լսենք Աստուծոյ Խօսքը եւ ատոր բացատրութիւնը։ Այսպիսով, Սուրբ Գիրքը իրագործած կ’ըլլայ Աստուծոյ նպատակը, որ իր ժողովուրդը ‘մէկ սրտով իրեն ծառայութիւն ընէ’ (Սոփ. 3։9

9. Սուրբ Գիրքը հասկնալու համար, ո՞ր յատկութեան պէտք ունինք (Ղուկաս 10։21

9 Եհովային իմաստութիւնը ուրիշ կերպով մըն ալ յայտնի կ’ըլլայ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Եհովան Սուրբ Գիրքը այնպէս մը գրել տուած է, որ միայն խոնարհները կարենան ատիկա հասկնալ (կարդա՛ Ղուկաս 10։21)։ Ուսումնական մը ըսաւ որ «Սուրբ Գիրքը ոչ միայն ամէնէն շատ կարդացուած գիրքն է, հապա նաեւ ամէնէն ուշադրութեամբ կարդացուած գիրքն է»։ Ճիշդ է որ աշխարհին մէջ ամէն տեղ մարդիկ Սուրբ Գիրքը կը կարդան, բայց միայն խոնարհներն են որ ատիկա իրապէս կը հասկնան եւ ատոր ըսածները կը գործադրեն (Բ. Կոր. 3։15, 16

10. Ուրիշ ի՞նչ կերպով ալ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ Եհովային իմաստութիւնը։

10 Սուրբ Գիրքը ուրիշ կերպով մըն ալ կը ցուցնէ Եհովային իմաստութիւնը։ Եհովան Սուրբ Գիրքը կը գործածէ, ոչ միայն որպէս խումբ մեզի սորվեցնելու, հապա նաեւ անձամբ մեզի սորվեցնելու եւ մխիթարելու։ Երբ որ Եհովային Խօսքը կարդանք, կրնանք զգալ որ ան ամէն մէկովս հետաքրքրուած է (Եսա. 30։21)։ Հետդ եղա՞ծ է որ երբ խնդիր մը ունեցած ես, եւ Սուրբ Գիրքէն համար մը կարդացած ես, զգացած ես որ ատիկա ուղղակի քեզի համար գրուած է։ Բայց Սուրբ Գիրքը այնպէս մը գրուած է, որ միլիոնաւորներ կարենան ատիկա հասկնալ։ Լաւ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ ատոր մէջի տեղեկութիւնները երբեմն կարծես ճիշդ քեզի համար գրուած կ’ըլլան։ Ասիկա կարելի է, միայն քանի որ ատիկա գրել տուողը Տիեզերքի ամէնէն իմաստուն Անձնաւորութիւնն է (Բ. Տիմ. 3։16, 17

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

11. Երբ Սուրբ Գիրքը կը գրուէր, Եհովան ինչպէ՞ս լեզուներուն միջեւ զատողութիւն չդրաւ։

11 Եհովային ուրիշ յատկութիւններէն մէկն է արդարութիւնը (Բ. Օր. 32։4)։ Անիկա կապ ունի անաչառութեան հետ, եւ Եհովան անաչառ է՝ զատողութիւն չի դներ (Գործք 10։34, 35. Հռով. 2։11)։ Եւ ասիկա յայտնի կ’ըլլայ, երբ նկատի կ’առնենք թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ լեզուներով գրուեցաւ։ Առաջին 39 գիրքերուն մեծամասնութիւնը եբրայերէն լեզուով գրուեցաւ, քանի որ այդ ատեն Աստուծոյ ժողովուրդը շատ լաւ կը հասկնար այդ լեզուն։ Բայց Ք.Ե. առաջին դարուն, յունարէն լեզուն շատ տարածուած էր։ Անոր համար, Սուրբ Գիրքին վերջին 27 գիրքերը մեծաւ մասամբ յունարէնով գրուեցան։ Եհովան իր միտքը չէր դրած որ միայն մէկ լեզուով իր Խօսքը հասցնէ։ Լաւ հիմա աշխարհի վրայ գրեթէ ութ միլիառ անհատներ շատ մը լեզուներ կը խօսին։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան Եհովային մասին սորվիլ։

12. Այս վերջին օրերուն մէջ, Դանիէլ 12։4–ը ինչպէ՞ս կը կատարուի։

12 Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ, Եհովան խոստացաւ որ վերջին օրերուն, Սուրբ Գիրքին մէջի ճշմարիտ «գիտութիւնը պիտի շատնար»։ Շատեր ատիկա պիտի հասկնային (կարդա՛ Դանիէլ 12։4)։ Ասիկա կարելի դարձած է, քանի որ Սուրբ Գիրքը եւ Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները թարգմանուած են, հրատարակուած են եւ մարդոց հասած են։ Սուրբ Գիրքը աշխարհի վրայ ամէնէն շատ թարգմանուած եւ բաժնուած գիրքն է։ Առեւտրական ընկերութիւններուն արտադրած Աստուածաշունչերը ատեններ շատ սուղ են։ Բայց Եհովային ժողովուրդը մինչեւ օրս Աստուծոյ Խօսքը ամբողջութեամբ կամ մասամբ թարգմանած է աւելի քան 240 լեզուներով։ Եւ ոեւէ մէկը կրնայ ձրիօրէն ատիկա ունենալ։ Ասանկով, բոլոր ազգերէն մարդիկ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին կը սորվին առաջ որ վերջը գայ (Մատ. 24։14)։ Արդարութեան Աստուածը կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ զինք ճանչնան՝ իր Խօսքը կարդալով։ Քանի որ ան բոլորս շատ կը սիրէ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ

13. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ Աստուծոյ սէրը (Յովհաննէս 21։25

13 Սուրբ Գիրքը մեզի կ’օգնէ հասկնալու որ Եհովային գլխաւոր յատկութիւնը սէրն է (Ա. Յովհ. 4։8)։ Նկատի առ որ ան Սուրբ Գիրքին մէջ ի՛նչ գրել տուած է եւ ի՛նչ ոչ։ Ան գրել տուած է ամէն ինչ որ պէտք ունինք իրեն հետ մտերիմ ըլլալու համար, հիմա ուրախ ըլլալու համար, եւ յաւիտենական կեանք ունենալու համար։ Բայց քանի որ մեզ կը սիրէ, ան գրել չէ տուած այն մանրամասնութիւնները, որոնց պէտք չկայ իրեն ծառայելու համար (կարդա՛ Յովհաննէս 21։25

14. Ուրիշ ի՞նչ կերպով Սուրբ Գիրքին մէջ գրուածը ցոյց կու տայ որ Աստուած մեզ կը սիրէ։

14 Ասկէ զատ, Եհովային մօտեցումն ալ մեզի ցոյց կու տայ որ մեզ կը սիրէ եւ կը պատուէ։ Ան Սուրբ Գիրքին մէջ, երկար–բարակ օրէնքներու ցանկ մը չէ տուած։ Եւ ամէն մէկ մանրամասնութիւն չէ յիշած, ըսելով որ ճիշդ ի՛նչ պէտք է ընենք եւ ի՛նչ պէտք չէ ընենք։ Հապա, իրական պատմութիւններու, հետաքրքրական մարգարէութիւններու եւ գործնական խրատներու միջոցաւ մեզի կ’օգնէ որ լաւ որոշումներ առնենք։ Այսպիսով, իր այս մօտեցումը զինք կը սիրցնէ մեզի եւ կը ձգէ որ սրտանց իրեն հնազանդինք։

Ինչո՞ւ պէտք է խոկանք Եհովային վարուելակերպին վրայ՝ անցեալի իր ծառաներուն հետ (տե՛ս պարբ. 15)

15. ա) Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, որ Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է։ բ) Նկարին մէջի պզտիկ աղջիկը, երիտասարդը եւ տարեց քոյրը Աստուածաշունչի ո՞ր անձնաւորութիւններուն վրայ կը խոկան (Ծն. 39։1, 10-12. Դ. Թագ. 5։1-3. Ղուկ. 2։25-38

15 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որքա՛ն Եհովան մեզմով հետաքրքրուած է։ Ինչպէ՞ս։ Իր Խօսքը լեցուն է պատմութիւններով, որոնք ցոյց կու տան մարդոց զգացումները։ Մենք կրնանք այդ պատմութիւններուն անձնաւորութիւններուն հետ զգալ, քանի որ անոնք ‘մեզի պէս զգացումներ ունէին’ (Յակ. 5։17, ՆԱ)։ Աւելի կարեւորը, երբ կը տեսնենք որ ան ինչպէ՛ս վարուած է մեզի պէս մարդոց հետ, աւելի լաւ կը հասկնանք որ Եհովան «բազմագութ ու ողորմած է» (Յակ. 5։11

16. Եհովային մասին ի՞նչ կը սորվինք, երբ Սուրբ Գիրքին մէջ կարդանք անհատներու մասին, որոնք սխալներ ըրին (Եսայի 55։7

16 Սուրբ Գիրքին մէջ ուրիշ կերպով մըն ալ կը տեսնենք Եհովային սէրը։ Սուրբ Գիրքը յստակ կը դարձնէ որ Եհովան մեզ երեսի վրայ պիտի չձգէ երբ սխալներ ընենք։ Օրինակ, իսրայէլացիները շատ անգամ սխալներ ըրին։ Բայց երբ որ զղջացին, Աստուած իրենց ներեց (կարդա՛ Եսայի 55։7)։ Առաջին դարու քրիստոնեաներն ալ գիտէին, որ Եհովան զիրենք կը սիրէ։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ Եհովային Խօսքը փոխանցեց քրիստոնեաներուն եւ անոնց ըսաւ որ ‘ներեն եւ մխիթարեն’ այն անհատը, որ լուրջ մեղք մը գործած էր, բայց ետքը՝ զղջացած (Բ. Կոր. 2։6, 7. Ա. Կոր. 5։1-5)։ Ի՜նչ աղուոր բան է որ Եհովան չմերժեց իրեն ծառայողները, պարզապէս քանի որ սխալներ ըրին։ Հապա, սիրով անոնց օգնեց, սրբագրեց եւ ուզեց որ ետ իր բարեկամները ըլլան։ Եհովան այսօր ալ կը խոստանայ որ պիտի ներէ բոլոր զղջացող մեղաւորներուն (Յակ. 4։8-10

ԱՐԺԵՒՈՐԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ՝ ‘ԲԱՐԻ ՆՈՒԷՐԸ’

17. Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ այսքան արժէքաւոր նուէր է։

17 Եհովան մեզի շատ աղուոր նուէր տուած է։ Ինչո՞ւ իր այս Խօսքը այսքա՛ն արժէքաւոր է։ Ինչպէս որ սորվեցանք, Սուրբ Գիրքը կը յայտնէ Աստուծոյ իմաստութիւնը, արդարութիւնը եւ սէրը։ Անիկա կը փաստէ որ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն ծանօթանանք եւ իր ընկերները դառնանք։

18. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ կը գնահատենք Եհովային ‘բարի նուէրը’՝ Սուրբ Գիրքը։

18 Մենք չենք ուզեր թեթեւի առնել ‘բարի նուէրը’՝ Աստուծոյ Խօսքը (Յակ. 1։17, ՆԱ)։ Ուրեմն, շարունակենք գնահատանք ունենալ Սուրբ Գիրքին հանդէպ։ Ասիկա կ’ընենք, երբ ատիկա կարդանք եւ ատոր Խօսքերուն վրայ խոկանք։ Ասանկով կրնանք վստահ ըլլալ, որ Սուրբ Գիրքին Հեղինակը մեր ջանքերը պիտի օրհնէ եւ մենք ‘Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնենք’ (Առ. 2։5

ԵՐԳ 37 Սուրբ Գրութիւնները Աստուծմէ ներշնչուած են

a Սուրբ Գիրքը մեզի կ’օգնէ որ Եհովային մօտենանք։ Այս գիրքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուծոյ իմաստութեան, արդարութեան եւ սիրոյն մասին։ Ինչ որ պիտի սորվինք կրնայ մեզի օգնել, որ Աստուծոյ Խօսքը աւելի գնահատենք եւ հասկնանք, որ անիկա մեր երկնաւոր Հօր կողմէն նուէր է։